Մեր հաւաքական կեանքի ժողովրդարավարացման եւ ժողովրդականացման հրամայականը

Պետրոս Մանուկեան

Թափանցիկութեան հրամայականը

Բաղդատելով տարբեր պետութիւններ, յատկապէս անոնք, որոնք կը ղեկավարուին ժողովրդավարական կառոյցներով՝ ընդդէմ ամբողջատարական երկիրներու, նոյնիսկ պարզ ակնարկ մը համոզիչ կը դարձնէ այն իրողութիւնը, որ որոշ պետութիւններ, աշխարհագրականօրէն փոքր ըլլալով հանդերձ, բարգաւաճած են եւ յառաջդիմած՝ շնորհիւ ժողովրդավարական սկզբունքներու որդեգրումին: Ժողովրդավարութիւնը անոնց տուած է յստակ առաւելութիւն մը՝ հնարաւորութիւն տալով մրցակցելու աշխարհագրականօրէն աւելի մեծ տարածութիւն ունեցող երկիրներու հետ:

20-րդ եւ 21-րդ դարերու պատմական ակնարկ մը բաւարար է նկատելու ժողովրդավար ընկերութիւններու եւ ամբողջատիրական վարչաձեւերու միջեւ հակադրութիւն մը՝ մասնաւորաբար բարգաւաճման առումով: Ամբողջատիրական ընկերութիւնները, որոնք կը յատկանշուին միանձնեայ կամ փոքր խումբերու ղեկավարութեամբ, հետեւողականօրէն չեն յաջողած յառաջդիմել մասնաւորաբար ընկերատնտեսական եւ արդիւնաբերական մարզերուն մէջ: Նման միջավայրերու մէջ, ուր այլախոհութիւնը արգիլուած է, նորարարութիւնը ճնշուած եւ անհատին ու հաւաքականութիւններու ինքնակատարելագործման ձգտումը խեղդուած, հասարակութիւնները ուշ կամ կանուխ քանդուած են: Կառուցողական քննադատութեան բացակայութիւնը եւ մտաւոր, հոգեւոր եւ բարոյական հնազանդութեան գերակայութիւնը կը խոչընդոտեն ստեղծագործականութեան, մրցակցութեան եւ յաջողատենջութեան (ambition) եռանդի զարգացումը:

Ընդհակառակն, ժողովրդավարութիւնները ծաղկած են ազատ եւ հանդուրժող հաւաքականութիւններու մէջ, ուր հնարաւորութիւն տրուած է մարդոց արտայայտելու իրենց ստեղծագործական կարողութիւնը, ուր քաջալերուած է նորարարութեան եւ նախաձեռնութիւն ոգին: Մրցակցութիւնը կը խթանէ որակներու յայտնաբերումը, նոյնիսկ եթէ թերութիւններ ալ յայտնուին: Ի տարբերութիւն տոկմաթիք վարդապետական համակարգերուն, ուր բացառապէս տիրող են մենաշնորհեալները, առողջ ժողովրդավարութիւնները պարարտ ենթահող կը տրամադրեն հաւաքական յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար:

Վերջերս, հայ համայնքներու մէջ շատ կը խօսուի սփիւռքը կազմակերպելու եւ մարդուժ ներգրաւելու կամ պատրաստելու մասին: Մինչ կը գնահատենք ու կը խոնարհինք նման նախաձեռնութիւններու առջեւ, սակայն բացառապէս կարգախօսերու եւ բարի ցանկութիւններու վրայ յոյս դնելը կը նկատենք անբաւարար: Ինչո՞ւ: Մեր կարծիքով, այնքան ատեն որ հայ համայնքները կը կառավարուին աւանդական կառոյցներու միանձեան եւ ընդհանրապէս այլամերժ միտումներով, չեն օժտուած նաեւ հաշուետուութեան համակարգով, իսկ անթափանցիկութիւնը տիրական է, կարելի չէ բարեփոխութիւններ ակնկալել սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, բացի եթէ խօսքը կը վերաբերի նոր կառոյցներու ստեղծումին: 

Հաւաքական մեր կառոյցները ընդհանրապէս կը գործեն կարճաժամկէտ ռազմավարութիւններով՝ անհատապաշտական մօտեցումներու ազդեցութեան տակ: Ուսումնասիրելով մեր հաւաքական մտածելակերպը` ակնյայտ կը դառնայ, որ մենք պէտք չէ խուսափինք սեղանի վրայ դնելէ հետեւեալ հարցումը. արդեօ՞ք տրամադիր ենք ընդօրինակելու ժողովրդավարական հաւաքականութիւնները, թէ՞ խօսքով ու երեւակայութեամբ միայն ժողովրդավար ենք: Կեդրոնաձիգ մոտելը, որ թերեւս ազգային առաջադրանքներով ժամանակին յարմար կը նկատուէր տարտղնուած բեկորները համախմբելու նպատակով, այսօր ձեւ փոխած է՝ ազգայինը փոխարինելով կուսակցականութեամբ:

Թէեւ կուսակցական հաւատարմութեան ու մրցակցութեան որոշ դերակատարութիւն մը վերապահուած էր պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու, անոնք սակայն, դարձած ժամանակավրէպ, այսօր կը մնան արմատացած հայկական սփիւռքի կառոյցներուն մէջ: Մտաւորականներ, ոչ պատեհապաշտները անշուշտ, որոնք նախապէս հաւատքով փարած էին այդ ուղղութեան, այսօր սկսած են հեռանալ՝ մերժելով միանձնութեան վարքագիծն ու ընհդհանրապէս այլամերժ կուսակցականութիւնը:

Երկաթեայ հաւատարմութիւն. չենք գիտեր ինչու ենթադրաբար «սփիւռքատէր» այս կազմակերպութիւնները կը պահանջեն իրենց անդամներէն, նոյնիսկ ազատ թռիչք ունեցող մտաւորականներէն: Ղեկավարութեան որոշումները քննարկելը կամ հարցականի տակ առնելը կը նկատուի՝ «ապստամբութիւն գաղափարախօսութեան դէմ»՝ խթանելով լոզունգներով գերակշռուած խաբուսիկ մթնոլորտ մը: Այս վերաբերումը ստեղծած է մտաւորականներու երեք դասակարգում. անոնք, որոնք չեն ուզեր սիսթեմէն դուրս մնալ եւ առնուազն արտայայտութեան բեմ ունենալ (որովհետեւ մետիան ընդհանրապէս կը գտնուի անոնց ձեռքը), անոնք, որոնք կը մնան սիսթեմին մէջ անկէ օգտուելու նպատակով (այս երկու տեսակները ներկայիս կը ներկայացնեն աննշան տոկոս մը), վերջապէս՝ անոնք, որոնք դժգոհ են, մեծամասնութիւն են, ու անյոյս նկատելով իրավիճակը կը հեռանան սիսթեմէն՝ նորը ստեղծելու լուրջ առաջադրութեամբ: Երկրորդ դասակարգին պատկանողները արդէն սկսած են բթանալ՝ յիշեցնելով խորհրդային նոմենկլատուրան, բայց կը շարունակեն օգտուիլ: Առաջինիններուն արգիլուած է յառաջադիմել, իսկ երրորդները կամ արդէն «դուրս» են կառոյցներէն կամ ենթարկուելով կարգապահական միջոցառումներու՝ «դուրս» կը դրուին:

Նոր սերունդը, որ կը մերժէ պատեհապաշտութիւնը, կոյր հնազանդութիւնը, ընտանեկան կապերն ու «ամիրայական» նշանակումները` իբրեւ որոշիչ գործօններ, կորցնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը նման խեղաթիւրուած միջավայրի մէջ ներգրաւուելու: Սփիւռքը կառավարել յաւակնող ղեկավարները դէմ յանդիման կը գտնուին կարեւոր հարցումի մը. պատրա՞ստ են անոնք ընդունելու քննադատութիւնը, խթանել հանդուրժողականութիւնը եւ ընդունիլ, որ մեր համայնքները կը պահանջեն թափանցիկութիւն, այլ ոչ թէ եսակեդրոն ու միանձնեայ քաղաքականութեան վրայ հիմնուած որոշումներ կամ հաւատարիմ աջակիցներ՝ զանոնք հասարակական գործիչներ հռչակելով:

Որպէսզի իսկական փոփոխութիւններ տեղի ունենան, առաջնորդները պէտք է պատրաստ ըլլան իրենց համար ցաւալի զոհողութիւններու եւ լուրջ փոխզիջումներու: Մեր հաւաքական կեանքի թերութիւնները խոր են եւ ոչ միայն կը պահանջեն մակերեսային փոփոխութիւններ, այլեւ փոխակերպող վիրահատութիւններ: Քննադատութիւնը կրնայ ցաւ պատճառել, բայց ան կը ծառայէ որպէս զարթնումի կոչ մեր թմրած գիտակցութեան: Երբ մենք կը քննարկենք մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը, եկէք չփնտռենք նոր դեղամիջոցներ կամ բժիշկներ. մենք անոնցմէ բաւականաչափ ունինք: Փոխարէնը, մեզի անհրաժեշտ են վճռական որոշումներ, որուն կը յաջորդեն վճռական քայլեր՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ տիրող ճգնաժամը լուծելու համար:

21 Յունուար 2024, Պէյրութ, Երեւան

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x