Երա՞զ, թէ՞ իրականութիւն. Երեք հեքիաթ խաղին կանոնները գրողներու մասին

Ինծի ծանօթ կարեւոր ազգային գործիչ մը (ան խեղճ հայրենասէր մարդ մըն է, որու միակ նպատակը ազգային միասնականութիւնն է եւ ազգին փրկութիւնը, թէեւ իրեն յիմարի տեղ կը դնեն, նոյնիսկ այնպիսի յիմարի, որ նաեւ բանավէճերու կը հրաւիրեն, իսկ անգամ մըն ալ պատուոյ գիր տուեր են) պատմեց, որ երէկ, ծանր աշխատանքային օրուայ աւարտէն յետոյ, երբ վերջապէս նստելով հեռատեսիլին առջեւ յոյս ունէր հանգստանալու, իսկ հանգստանալ պէտք էր, քանի որ ազգային միասնականութեան ուղղուած իր աշխատանքը շատ կը յոգնեցնէր, յանկարծ հեռատեսիլին պաստառը մեծցաւ, կարծես կուլ տուաւ իրեն ու ինքը յայտնուեցաւ սեւ դատարկութեան մը մէջ, ուր եռանկիւն սեղանի մօտ նսած կը զրուցէին երեք նկարուած ուրուական մարդուկներ։

—Հոս արդէն ամէն ինչ պարզ է, զէրոյ ես, զէրոյ ալ կը մնաս, եթէ չխաղաս: Կանոնները չափազանց պարզ են․ վերցո՛ւր այն ինչ, կու տան, տո՛ւր այնքան որքան կ’ուզեն, իսկ մնացածը՝ քեզի։ Հարցը այն է, թէ այդ որու համար ա՛յդ «մնացածը» որքա՛ն է,- ըսաւ Առաջինը

—իսկ դո՛ւն իսկապէ՞ս քու ըսածիդ կը հաւատաս,- արձագանգեց Երկրորդը։

Իսկ ինչու՞ ոչ։ Նմաններս շատ են։ Մենք նոյնիքն խաղցողներն ենք։ Նայի՛ր, մէկ կողմէ այն յիմար ամբոխն է, որուն փոխարէն կը մտածեն հեռատեսիլը, TikTok-ն ու Instagram-ը, միւս կողմէ՝ այն ուժը, որ մեզ կեղտ ու փոշի կը համարէ։ Մարդիկ կ’ուզեն, որ մենք իրենց հոգ տանինք, բայց իրենք շատոնց իրենց վրայ խաչ քաշած են ու իրենց մատն անգամ չեն շարժեր։ Իսկ անոնք, որոնք իրական իշխանութիւն ունին, շատոնց այնքան բարձր են դարձած, որ մեր մէջ ո՛չ լուրջ թշնամի կը տեսնեն, ոչ էլ՝ յուսալի ընկեր։ Անոնք միայն մէկ խնդիր ունին՝ անմահ չեն։ Կը մնանք մենք։ Երբեմն ես քեզի պէտքի կու գամ, երբեմն՝ դուն ինծի։ Ամէն մէկը իր խաղը կը խաղայ։

-Ախ՜խ, հա-հա-հա՜, դուն կը կարծես, թէ դուն իրօ՞ք խաղցող ես։

-Ի հարկէ։ Նայիր իշխանութիւններուն։ Անոնք առանձնապէս ցուցամոլութիւն չեն կատարեր։ Ժողովուրդին քանի մը փայլփլուն ներկայացումներ ցոյց կու տան, քանի մը հանդարտեցնող հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն՝ ԱԺ ընտրութիւններ, ֆութպոլ, ապագայի կառուցման սենարիոներ, ամանորի շնորհաւորանքներ ու մարդիկ գոհ են։ Բայց երբ ժողովուրդին գրպանները ծակ են եւ ուտելու ոչինչ չկայ, ո՞վ է մեղաւոր,- գոռաց ան հզօր ձայնով,- այստեղ այլեւս Հիւսիսային  Իրլանտայի ու Անտորրայի հաւաքականներուն յաղթելը չ’օգներ, այստեղ արդէն զոհ պէտք է։ Ու հաւատա՛, իշխանութիւնը այդ զոհը ժողովուրդին կու տայ․ իմ ու քու գլուխները։ Կը հասկնա՞ս։ Մէկ կողմէ ամբոխն է, որ թքած ունի ինքն իր վրայ, միւս կողմէ իշխանութիւնն է, որ թքած ունի ամբոխին վրայ։ Արանքին՝ մենք ենք, որ տեղ մը պէտք է բան մը ընենք, բայց թէ ի՞նչ,- ան ըսաւ նողկալի քմծիծաղով մը։

-Այո՜,- արձագանգեց Երկրորդը,- ճիշդ կ’ըսես, մենք կարծես երշիկի փոքրիկ շերտ մը ըլլանք՝ ճզմուած երկու կտոր հացի արանքին։ Դուն ինծի հեքիաթ մը յիշեցուցիր։ Կար ու չկար գայլ մը կար, որ սովէն ակռաները կը կրճտացնէր ու կար աղուէս մը, որ միշտ կուշտ էր։ Օր մը գայլը կ’երթայ աղուէսին քով եւ կ’ըսէ․ «Լսէ՛ աղուէս, յոգնած եմ անվերջ տանջուելէն ու քաղցած մնալէն, եկամուտերս բացայայտնելն ալ օգուտ չի բերեր, խնդրե՛մ օգնէ ինծի, ես ալ կ’ուզեմ քեզի նման կուշտ ապրիլ, ըսէ՛ թէ ինչպէ՛ս կ’ընես»։ Աղուէսն ալ անոր կ’ըսէ, որ յարմար աշխատանք մը կայ, ու գայլին դառնալով․ «նստի՛ր այս սառոյցին վրայ, պոչդ կախէ՛ ու սառոյցէն ձուկ հանէ՛։ Մեծ, թէ փոքր, կապ չունի, հանէ՛, մի՛ թպրտար, ինչ որ գայ՝ վերցո՛ւր»,- ապա սպառնալից ձայնով կ’աւելացնէ,- «չմոռնա՛ս իմ բաժինս»։ Գայլը կը նայի իր շուրջը․ բոլորը այդպէս կ’ընեն ու ինքն ալ կը յաջողի։ Ան կը սկսի կարգով ձուկերը հանել սառոյցէն եւ շատ գոհ է, նոյնիսկ յաջողակ պլոկ մը կը ստեղծէ՝ «պիզնեսի 100 կանոններ» վերնագրով, ինչպէս նաեւ ներշնչող գիրք մը գրէ, թէ ինչպէս կարելի է հասնիլ յաջողութեան։ Օր մըն ալ, երբ աղուէսը կու գայ իր բաժինը վերցնելու, գայլը կ’ըսէ․ «կը ներես, պոչս տեսակ մը կպչած է սառոյցին, քարացեր է, չեմ կրնար հանել»։ Աղուէսը անմիջապէս կը վերցնէ կացինը ու արմատէն կը կտրէ գայլին պոչը,- եւ ծիծաղելով,- ահա՛ թէ ինչ կը պատահի, երբ ուրիշին կանոններով կը խաղաս։

-Ին՞չ հեքիաթներ կը պատմես այստեղ,- բարկացաւ Առաջինը,- թէ այնքան խելացի ես ու ելքը գիտե՞ս։

-Իսկ ելքը, բարեկամս, -հանգիստ ըսաւ Երկրորդը,- ելքը այնտեղ է, ուր մուտքն է։ Խաղէն պէտք է դուրս գալ, խաղէ՛ն, որովհետեւ այստեղ ընելու այլեւս ոչինչ կայ։ Այստեղ յիմարները աւելի շատ են, քան երբեւէ, այստեղ այլեւս ոչինչ կայ ու չէ մնացած։ Խաղէն պէտք է դուրս գալ։

-Ախ, կ’ուզես խաղէ՜ն դուրս գալ,- ծիծաղեցաւ Առաջինը,- ու ինչպէ՞ս կ’ուզես դուրս գալ։ Դուն այս երազը երբե՛ք պիտի չմոռնաս, որովհետեւ երբե՛ք պիտի չարթննաս։ Կ’ըսես խաղէն դու՞րս գալ։ Իսկ քեզ ո՞վ կը ձգէ, որ դուրս գաս։ Դրամ ունի՞ս, ունիս։ Բայց այդ դրամը քո՞ւկդ է։ Դուն կրնա՞ս զայն տանիլ այստեղէն, ձգել երեխաներուդ։ Միամիտ մի՛ ըլլար, մի՛ նմանիր հասարակ ամբոխին։ Ամենաշատը, որ կրնանք ընել, կաշառք բաժնելն է, օրէնքները խախտել, ինքնաշարժի սուղ թիւեր պատուիրել ու վերջ։ Մնացեալ բոլորին մասին նոյնիսկ չերազես, դուրս գալու մասին՝ նոյնպէս։ Դուն ծուղակը ինկած ես ու այդ ծուղակը կը փակուի միայն այն ժամանակ, երբ դուն սատկիս,- ան քմծիծաղով շարունակեց,- եկուր հիմա հեքիաթ մը պատմեմ քեզի։ Ուրեմն, կար ու չկար, հանգստեան թոշակները միայն ոչ-կանխիկ եղանակով ծախսող պապիկ մը ու տատիկ մը կար։ Տատիկը օր մը կը հաւաքէ տան մէջ գտնուած օրինական ալիւրը եւ կլոր, կարմրաթուշ բոքոնիկ մը կը թխէ։ Բոքոնիկը այնքան լաւ կը ստացուի, որ տատիկն ու պապիկը զայն շատ կը սիրեն ու զինք դպրոց կ’ուղարկեն, յետոյ՝ համալսարան։ Բոքոնիկը շատ աշխատասէր է ու ամէն ինչ արագ կ’իւրացնէ։ Քանի ան կլոր էր, միշտ կը յաջողէր գլորուելով հասնիլ իր ուզած տեղը։ Զինք բարձր պաշտօնի կը նշանակեն, ան պիւտճէն կը կիսէ, յետոյ մէկ մասը կը յատկացնէ գործին, միւս մասը՝ իրեն։ Գիտես թէ պետական պատուէրները ինչպէս կ’ըլլան․ ինչու՞ ճամբաները նորոգել մէկ միլիոնով, եթէ կարելի է եօթը միլիոն ծախսել։ Ու ան այդպէս կը շարունակէր։ Երբ հարկային տեսուչը կը բռնէր զինք, ան անոր իր բաժինը կու տար ու կը գլորուէր առաջ։ Անգամ մը կը յաջողի կաշառքով դատաւորէն փախչիլ, անգամ մըն ալ՝ մաքսային քննիչէն։ Ու այդպէս շարունակ։ Վիլլա մը կը գնէ Ծաղկաձորի մէջ, կրթաթոշակներ կը բաժնէ, նոյնիսկ նիւթապէս կ’օգնէ որբերուն։ Ու օր մըն ալ կ’որոշէ, որ վե՛րջ, հերիք է որքան աշխատեցայ, յաւելեալ արկածախնդրութիւններ պէտք չեն, վերցնեմ դրամներս ու երթամ Գերմանիա բուժուելու։ Ես տատիկէս փախայ, ես պապիկէս փախայ, ոստիկանէն, հարկայինէն, դատաւորէն փախայ, իսկ քեզմէ՝ աղուէս, հաստատ կը փախչիմ․․․

-Ու ի՞նչ հարցուց Երկրորդը։

-Ինչը՞ ինչ։ Աղուէսին համար զայն ազատ ձգելը ուղղակի խայտառակութիւն էր ու վերջ։ Աղուէսը լպրծունները չի սիրեր, երբ արդէն համը փախի, ապա ֆութպոլէն մինչեւ հարկային ու դատարան, կը վերցնեն, կը փոշիացնեն ու աղբանոց կը նետեն։ Աղուէսը չի սիրեր անոնք, որոնք յանկարծ կ’որոշեն լքել խաղը, ընդ որում առանց արտօնութեան։ Ահա թէ ինչ բարեկամս։

Երկուքն ալ պահ մը լռեցին ու նայեցան առջեւ․

-Իսկ դու՞ն ինչու չես խօսիր,- հարցուց Առաջինը։

-Ազատ ձգէ զինք,- ըսաւ Երկրորդը,- ան կարծես քնացած է։

-Է՜հ ինչ խօսիմ, պատասխանեց Երրորդը,- դուք այստեղ ճիշդ բաներ կ’ըսէք, ես ալ չէի ուզեր խանգարել։ Հիմա դուք ի՞նչ կ’ուզէք, յաղթե՞լ, թէ՞ չպարտուիլ։

-Չպարտուի՛լ,- գոռացին երկուքն ալ միաժամանակ։

-Ա՜հ, կարեւոր չէ։ Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթել կամ չպարտուիլ խաղի մը մէջ, որուն կանոնները անընդհատ ուրիշները կը փոխեն․․․․ես ալ հեքիաթ մը յիշեցի․․․․կար ու չկար մեծ, սահմանները ամբողջովին յստակ գծուած բանջարանոց մը կար։ Բանաջարանոցին մէջ, որ կենսոլորտային մաքրութեան պայմանները կ’ամբողջացնէր, Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն համապատասխան, ազգային շաղգամ ցանուած էր՝ մեծ, շատ մեծ ու բոլորն ալ կ’ուզէին ուտել այդ քաղցր ու հիւթալի պտուղը։ Բայց շաղգամը շատ մեծ էր՝ ծանր ու հսկայական։ Ամէն մէկը կու գար ու կը փորձէր քաշել զայն իր կողմ, բայց չէր ստացուեր, շաղգամը տեղէն չէր շարժեր։ Մէկը հիմնադրամներու նուիրատուութիւններով կառուցած քաշաններով-թրաքթորով աջ կ’ուզէր քաշել, միւսը՝ համաշխարհային դրամատան ինքնաթիռով կապած վեր կ’ուզէր բարձրացնել, միւսը քաղաքացիական հասարակութեան նաւին կապած՝ կը փորձէր միւս կողմ տանիլ։ Բայց շաղգամը այնքան ամուր էր կպչած իր արմատներուն, որքան պատգամաւորն ու նախարարը իրենց աթոռներուն։ Ոչինչ չէր ստացուեր, յանձնաժողովի զեկոյցը եւս չէր օգներ ու այդպէս, մինչեւ յանկարծ խելացի մէկը Ազգային Ժողովի նիստին ըսաւ. «եկէք բոլորս քաշենք եւ մէկ ուղղութեամբ»։ Խորհրդակցեցան, համաձայնեցան ու բոլորով սկսան քաշել մէկ ուղղութեամբ, քաշեցին, քաշեցին ու վերջապէս պոկեցին․․․․կը շողա՜ր արեւի նման շաղգամը, քաղցր, հիւթալի․․․․քանի դեռ հողին մէջ էր, ոչ ոք բաժին վերցուցած էր, իսկ երբ քաշեցին-հանեցին՝ բոլորը կուշտ ու կուռ կերան։ Միակ ելքը այս է, միաւորել ուժերը, գործել մէկ ու միասնական, այդ պարագային ալ կը սկսի մեր՝ սեփական խաղը․․․

Ես դեռ չէի հասած նայելու այդ երեքին, երբ երեքն ալ սկսան օդին մէջ հալիլ ու թրթռալ, ապա հալեցան օդին մէջ՝ ձգելով միայն զարմանալի զգացում մը, որ չես գիտեր, թէ YouTube-ով իմ տեսած այդ ծաղրական Mr. Freeman շարժանկարային շարքին հետեւանքն էր, թէ այդ զարմանալի երազին թողած զգացողութիւնը․․․․

Է՜հ կարդացի՞ր հեքիաթները։ Ու ի՞նչ․․․

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x