ԱՇՆԱՆ ԹԱԽԻԾ

Արաքս

Օրօրալէն, շորորալէն
Նախշուն թերթը
Աշնան ծովէն
Թելիկ-մելիկ
Դողաց հովէն։
Լուռ արտասուեց
Դալուկ գոյնէն,
Վախցաւ անկումէն,
Մինակ մեռնելէն։
Ափս տաքուկ աշնան,
Գրկեց տերեւն ալուան,
Սիրտս թփռտաց,
Հոգիս շշնջաց,
Երգեցի տերեւին մահը,
Լուռ թրթռաց արցունքիս տակը։

⁂ 

Հերարձակ աշնան քամին
դարձեալ կը թակէ
հոգւոյս դռները։

Տխրամած աշուն է։
Քամին կը ծուատէ սիրտս,
աչքերէս ծորող արցունքները
կը միախառնուին
դալուկ տերեւներուն։

Ծառերը կը յօրինեն
տամուկ մեղեդիներ
լացակումած հոգւոյս աշնան։

Ծառերէն հոսող
յուսահատ տերեւները
կ’ուրուագծեն
ցաւատանջ դէմքդ…

Թախիծ է,
աշունը նախշուն է։
Մռայլ է,
լուռ է,
գունագեղ շրշիւն է։

Ծրարուած յուշերը
աշնանային քամին
տերեւաթափ կը ցրուէ։

Յիշողութիւններու բեռը
կը ծանրանայ
հոգիներու խորախորհուրդ մեհեանին մէջ,
մերթ կը բոցավառի
որպէս կիզող հուր,
մերթ կը խամրի
զերթ մխացող խունկ։

Յուշե՜ր, յուշե՜ր…

Խռովայոյզ ալեակներ
կը շառաչէք
հոգիներու շառագունած
ու տժգոյն հորիզոններուն վրայ,
կը կամարուիք
կաթիլ առ կաթիլ
ծորող արցունքներու շատրուանով…

Յաւերժի ճամբորդներ էք…
Թէ՛ ոգեշնչող
եւ թէ՛ զինաթափող։

Արաքս

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x