Երբ էջերը այլեւս չեն շշնջար

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Կիրակի առաւօտներու մեր սովորութիւնը երկար տարիներէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած…քալել բնութեան մէջ։ Քիչ մը մաքուր օդ կը շնչես, քիչ մըն ալ կը կազդուրուիս շաբթուան տաղտուկներէն եւ «կ՛ընկղմիս» բնութեան գիրկը։ Առաւօտեան արեւուն թեթեւ ջերմութիւնն ու թարմ օդը նոր թափ մը կը հաղորդեն զգացումներուդ եւ լաւատեսութեան ու գոհունակութեան ծիլեր կ՛արձակեն մտքիդ մէջ։ Գեղեցիկ մտածումներու շարք մը՝ պատահական անցորդներու պէս կ՛անցնի միտքիդ առջեւէն։ Կը խորհրդածես եւ կ՛ըմբոշխնես բնութեան գրաւչութիւնը, որ հոգիիդ խաղաղութիւն կը պարգեւէ եւ կը լիանաս բնութեան յատուկ երաժշտութեամբ, որուն կը միանայ ներքին ձայնդ եւ հոգեպարար համերգ մը կը ստեղծուի։

Երկու-երեք շաբաթ առաջ, պայծառ կիրակի առաւօտ մը, երբ ես ու կողակիցս դարձեալ կը քալէինք, ուշադրութիւնս գրաւեց երկաթեայ սիւն մը, որուն վրայ հաստատուած էր գրադարանի ձեւով փայտեայ տուփ մը։ Տասնեակ մը գիրքեր շարուած էին հոն․․․ինչ որ փոքրիկ գրադարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր եւ ուր գրուած էր «Գիրք մը վերցո՛ւր եւ կարդա՛»։ Ի՜նչ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն․․․մտածեցի։ Այս գիրքերուն տէրերը տակաւին բարեացակամ գտնուած են եւ զանոնք տեղաւորած արժանավայել տեղ մը։ Թէեւ փոքր, բայց գնահատելի արարք մըն է եւ ներկայ օրերուն համար հազուագիւտ երեւոյթ մը։ Նոյնիսկ անոնց պաշտպանութիւնը նկատի առնուած էր։ Յանկարծ մտածումներու շարան մը սկսաւ տողանցել մտքիս մէջ։ Բնութեան չափ ալ թովիչ եւ առինքնող է գիրքերու աշխարհը, ուր  նոր յոյսեր կը շօշափես եւ պահ մը «կը կորսուիս» պատմութեան ծալքերուն մէջ, ապա ինքզինքդ կը վերագտնես աւելի կենսաւորուած եւ նոր զգացումներով տոգորուած։

Արդեօք մէկը պիտի հետաքրքրուէ՞ր այս գիրքերով․․․թէ՞ տնանկ մարդու մը պէս խե՜ղճ եւ միայնակ պիտի մնային։ Արեւը, փոշին, անձրեւը, լքուածութիւնը առաւել հնամաշ պիտի դարձնէին զանոնք։ Հաւանաբար օրեր անցնէին, շաբաթներ եւ սպասումը վերածուէր երկարատեւ համբերութեան ճամբու մը։ Ո՞վ գիտէր․․․թէ ինչ պիտի ըլլար անոնց ճակատագիրը։ Անցորդները պիտի տեսնէին, շատեր խանդավառուէին, ուրիշներ անտարբեր գտնուէին, ապա կարճ ժամանակի մը մէջ մոռնային։ Շատ մը հետաքրքրութիւններ, որոնք աւելի ժամանակակից կը թուին ըլլալ եւ որոնք խորաթափանց հիմք մը չունին, մարդոց ուշադրութիւնը կը վրիպեն դէպի այլ ոլորտներ։ Մակերեսային եւ արտաքուստ երեւոյթներ սկսած են ուշագրաւ դառնալ։ Մարմնական սնուցումի կողքին, հոգիի սնունդն ալ նոյնքան կարեւոր չէ՞․․․բայց ցաւօք սրտի «Ո՞վ պիտի կարդայ»-ն խորապէս մուտք գործած է շատերու մտքերուն մէջ։

Խաչատուր Աբովեան ըսած է. «Գրքի միջոցով մարդը ազատւում է խաւարից եւ մտնում լուսաւոր աշխարհ»։ Մարդ «հարուստ» է իր գիտելիքներով, որոնք կ՛ամբարուին իր մէջ գիրք կարդալով։ Չկարդացողին միտքը կարծես կանգ կ՛առնէ, իսկ կարդացողը չի դադրիր աճելէ եւ աշխարհը հասկնալէ։ Կարդալը՝ մտածողութիւնը եւ երեւակայութիւնը կը խթանէ եւ կը ձեւաւորէ։ Կը զարգացնէ մարդու մը խօսքը, բառապաշարը․ ընդհանուր գիտելիքներու աղբիւր ըլլալու կողքին, կը ծանօթացնէ տարբեր մշակոյթներու, տարբեր մարդոց փորձառութիւններուն։ Գիրքը լաւագոյն ընկերն է, որ ունի ոգեշնչող եւ հանգստացնող առաւելութիւն։ Վերջապէս, ունի նաեւ վերլուծական մտածողութիւնը ամրապնդելու յատկութիւն։

Գիրքերը մեր անխոնջ ուսուցիչներն են, որոնք մեզի քայլ առ քայլ կը մօտեցնեն մեր աւելի լաւ տարբերակին։ Գիրք կարդալը հոգիի զրոյցն է աշխարհին հետ, ուր ամէն մէկ բառ արտացոլումն է մեր մտածումներուն։ Երբ գիրք կը կարդանք, պատմութեան մասին այնքան չենք մտածեր, որքան մենք մեզի կը գտնենք՝ թաքնուած տողերու խորքերուն մէջ։ Կարդալով՝ մարդ ոչ միայն գիրքին էջերը կը բանայ, այլ իր ներաշխարհի դռները։ Ամէն մէկ պատմութիւն հայելի մըն է, ուր մենք կը տեսնենք մեր վախերն ու երազները՝ ուրիշներու բառերով արտասանուած։

Այսօրուայ թուային եւ արագընթաց աշխարհին մէջ, գիրք կարդալը կը մնայ այն հանգիստ անկիւնը, ուր մարդ կը վերագտնէ իր ներքին խաղաղութիւնը եւ ուր ամէն մէկ բառ հոգիի խորքերէն եկած ձայն մըն է։ Գիրքերը լուսաւոր ջահեր են, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի ինքնաճանաչում եւ մեր ճանապարհը կը լուսաւորեն իմաստութեամբ եւ գիտելիքներով։

Գիրքը պէ՞տք է նկատել անցեալի աւանդութիւն, թէ՞ մեր ապագայի լոյսը։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x