ԱՇՆԱՆ ԱՐԵՒ
Կը սպասեմ աշնան
Տերեւաթափի
Քնքուշ արեւին։
Քիչ-քիչ կը մարին
Հազար երանգով
Յոյզերս գինով։
Թէեւ դողահար
Բայց …
Բոցէ թեւերով
Կ՚երթամ յուշերուս
Գիրկը մենաւոր։
Երազներուս մէջ,
Ուր ցայգուն լոյս է
Եւ հնչերանգ է
Աշնան արեւը
Քաղցր ու քնքուշ
Հոգիս կ՚երգէ՜
Գուցէ եւ ուշ,
Բայց ոչ ուշացած
Սէրս ցնորած։
ԱՇՈՒՆ Է
Աշնան գինով են
Ծառաստանները,
Ովկեանն ու ծովը
Ու մեր խենթ սէրը.
Աշնան սիրուն է
Ողջ տիեզերքը,
Դողդոջ թուփերը
Գիշերուան երգը
Յուշերով յաւէտ…
Աշնան քնքուշ են
Իմ անուրջները,
Իղձերով լեցուն
Արշալոյսները,
Ու մեղմ բուրմունքը
Մեղրածաղիկին,
Չքնաղ համբոյրը
Իմ հեքիաթին…
ԱՇՆԱՆ ՀԵՏ
Այսօր նորէն
Կը յիշեմ
Ճամբաներէն,
Որ անցանք,
Երբ հրեղէն
Արեւը բացած
Թեւերը ոսկի,
Կը թափառէր
Հեռուն
Ծովափին վրայ
Աշնան երգը երգելով։
Իրիկունը
Անկոչ հիւրի պէս
Կը մօտենար
Խոնարհելով,
Մռայլ ու թախծոտ։
Ծառերուն տերեւները
Ծափ տալով
Կ՚ողջունէին աշունը
Կարօտով,
Իսկ ես սիրատարփ
Յոյզերով մոլոր,
Դեռ կը սպասեմ
Սէրս հեռաւոր…
Ազնիւ



