
Ուրբաթ, 7 նոյեմբերին, «ԳՈՀԱՐ» ցուցասրահը իր յարկին տակ հիւրընկալեց բացառիկ մշակութային ձեռնարկ մը՝ նուիրուած երկու պատմական արժէք ունեցող գրքոյկներու վերահրատարակութեան. «Ձեռաց Տետրակ Հայ Գեղջուկ Համերգի՝ ղեկավարութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի» եւ Յովհաննէս Թումանեանի «Փնջիկ» երգարանը՝ նախաձեռնութեամբ սրտաբան եւ բանաստեղծ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի, որ հաւատքով, նուիրումով եւ նիւթական զոհողութեամբ կը փորձէ կենսաւորել հայ մշակոյթի մոռցուած էջերը։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Նազելի Էպէյեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց երկու գրքոյքները, տոքթ. Այնթապլեանը եւ այս առիթով Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած երգիչ Արսէն Զաքարեանը։
Առաջին ներկայացուած գրքոյկը՝ «Ձեռաց Տետրակ Հայ Գեղջուկ Համերգի՝ ղեկավարութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի», յատուկ համերգային տոմսակ-երգարան մըն է, որու հիմամբ 1911-ին, Պոլսոյ մէջ, տեղի ունեցած է հսկայական համերգ մը՝ մասնակցութեամբ 300 հոգիէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբին։ Համերգ մը, որ կազմակերպուած էր Ատանայի կոտորածէն հազիւ երկու տարի ետք՝ ժամանակ մը, երբ ժողովուրդին վերքերը տակաւին թարմ էին ու չէին սպիացած:
Երկրորդ վերահրատարակուած գիրքը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Փնջիկ» երգարանը, տպուած է 1947-ին Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքը՝ համաշխարհային պատերազմի աւերներուն մէջ, այն ատեն երբ Եւրոպան ամբողջովին դարձած էր փլատակ։ Հայը, սակայն, ստեղծած էր տպարան եւ գրքոյկ կը հրատարակէր՝ ապացուցելով, որ մշակոյթը կը հանդիսանայ մեր գոյատեւման գլխաւոր ուղիներէն մէկը։

Նազելի Էպէյեան ապա ներկայացուց տոքթ. Այնթապլեանի անձն ու գործունէութիւնը՝ հակիրճ ձեւով անդրադառնալով անոր կենսագրութեան, գրական վաստակին, հայ մարդուն, մասնագէտ փրոֆէսոր բժիշկին, քնարական բանաստեղծին, բարեգութ ծառայութիւններուն եւ վերջապէս հայ գիրին ու երգին նուիրուած հայուն:
Ծնած է Հալէպ 1939-ին: Ուսումը ստացած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին եւ ապա Հռոմի բժշկական համալսարանին մէջ՝ զայն աւարտելով իբրեւ սրտաբան: Ան տարիներ շարունակ սրտաբանի իր ծառայութիւնները մատուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ միաժամանակ անվճար բուժելով կարօտեալներ, հայեր եւ ոչ-հայեր։ Ան արժանացած է գիտական բազմաթիւ մրցանակներու եւ մասնակցած միջազգային համագումարներու, սակայն ան իր հոգիին հանգիստը գտած է գրականութեան եւ հայրենասիրութեան մէջ։ Բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու եւ երգերու հեղինակ, ան բազմիցս այցելած է Հայաստան եւ բազմաթիւ գաղութներ՝ հայ գիրքի եւ երգի տարածման նպատակով։
Տոքթ. Այնթապլեան իր առաջին «ԳՈՀԱՐ» գրադարան այցելութեան՝ 2024-ին, խորապէս յուզուած է այս երկու գիրքերու պատմութեամբ եւ որոշած է կրկին հրատարակելով զանոնք, ուշքի հրաւիրել մեր ժողովուրդը, որ հայը ամէն տեսակ արհաւիրքներ ապրած է, բայց անոր անկոտրում կամքը յաղթահարած է ամէն տեսակ դժուարութիւններ ու կը շարունակէ ապրիլ, այնքան ատեն, որ կառչած կը մնայ հայ գիրին, երգին, մշակոյթին… ԱԲԳ-ին, եզրափակեց Նազելի Էպէյեան:
Ապա խօսք առաւ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց գրքոյկները եւ Կոմիտա վարդապետն ու Յովհաննէս Թումանեանը: Տոքթ. Այնթապլեան նշեց որ Թումանեան գիւղացի տէրտէրի մը զաւակն էր, որ հետագային դարձաւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»: Ան ոչ միայն մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկն է, նաեւ ազգային եւ հասրակական գործիչ: Կոմիտաս թրքախօս որբ մանչ մըն էր, որ պատահմամբ տարուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ուր ուսանեցաւ եւ ուր յայտնաբերուեցաւ իր երաժշտական տաղանդը, զոր կատարելագործեց Պերլինի մէջ: Հայ ժողովուրդ երկու հպարտութիւնները, որոնք ծառայեցին իրենց ժողովուրդին, նպաստեցին անոր մշակոյթին զարգացման եւ վերելքին:
Տոքթ. Այնթապլեան դիտել տուաւ, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները կարելի է գտնել միջոցները՝ Թումանեանի եւ Կոմիտասի օրինակով ծառայելու ժողովուրդին եւ հայրենիքին՝ ընդգծելով, որ սփիւռքը հոմանիշ է կորսուտի եւ մեր ուշադրութեան կեդրոնը պէտք է հանդիսանայ Հայաստանի հանրապետութիւնը, ուր ինք նախաձեռնած է դպրոցի մը շինութեան, ուր կը դասաւանդուի նաեւ արեւմտահայերէն եւ սփիւռքի պատմութիւն:
Իր խօսքի աւարտին, Տոքթ. Այնթապլեան կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ ըմբռնելու այս զոյգ վերահրատարակութիւններու պատգամը. «Հայը կրնայ յառնիլ ամէն արհաւիրքէ, եթէ կառչի իր լեզուին, իր երգին ու գիրքին»։

Յայտագրի եզրափակիչ մասով բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած երգիչ Արսէն Զաքարեան, որ ներկաները հմայեց իր ազնուական ձայնով եւ բարձրորակ կատարումներով՝ մեկնաբանելով կտորներ Կոմիտասէն, Թումանեանէն, Սայաթ Նովայէն եւ տոքթ. Այնթապլեանէն. «Զուլո» (Կոմիտաս) «Ամպելա» (Կոմիտաս), «Ախ ինչ լաւ են սարի վրայ» (Յ. Թումանեան), «Դէպի ակունք» (խօսք՝ Յակոբ Այնթապլեան, երաժշտութիւն՝ Արսէն Զաքարեան), «Մայրս» (խօսք՝ Յակոբ Այնթապլեան, երաժշտութիւն՝ Մարգարիտ Սարգսեան), «Բրոյի, բրոյի» (Սայաթ Նովա), «Կանչում եմ արի»- ախ էնիմ (ժողովրդական), «Բինգյոլ» (ժողովրդական երգ , խօսք՝ Աւետիք Իսահակեան), «Գուլո» (ժողովրդական), «Հայաստան իմ չքնաղ» (Երաժշտութիւն` Արթուր Գրիգորեան, Խօսք` Մարիա Մինասեան):
Աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան վերցնելու օրինակներ հրատարակուած զոյգ գրքոյկներէն:
«ԳՈՀԱՐ» գրադարանը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ հայ գիրի եւ հայ երգի պահմանման ու տարածման կողքին, կը մնայ նաեւ հանդիպման վայր մը, կենդանի օճախ մը, ուր մարդիկ կը շնչեն ու կը կենսաւորեն հայ մշակոյթը։


