Այսօրուայ հայը չի ճանչնար իր ժողովուրդը

Շատ անգամ, ազգային ինքնութեան կամ ընդհանրապէս «ազգային» թեմաներով մտահոգ անձերու մօտ տարրական անծանօթութիւն կամ խորթութիւն կը նկատուի սեփական ժողովուրդին նկատմամբ: Այդ վերլուծաբաններուն եւ քաղաքական գուշակներուն ճանչցած «ժողովուրդը» արմատապէս տարբեր է այն իրական ժողովուրդէն, որ կ’ապրի հոն, բայց եկուր տե՛ս, որ Երեւանի մէջ կեդրոնացած փոքրաթիւ մարդիկ առաւօտէն իրիկուն քաղաքակրթական մակարդակի վերլուծութիւններ կ’ընեն, թէ քաղաքական ո՞ր ապագան աւելի համարժէք է հայ ժողովուրդի «նախնական էութեան» եւ այլն։ Անկախ այն հանգամանքէն, որ անոնք ժողովուրդը կը դիտեն իբրեւ չափուած խմորի կտոր մը, ուր կրնան իրենց ուզածը ներարկել, զարմացնող ու զայրացնող է այն, որ ժողովուրդին քաղաքական ապագան, անոր քաղաքակրթական յենարան ու ապաստան կը պարտադրեն մարդիկ, որոնք նուազագոյնն իսկ  չեն ճանչնար հայ ժողովրդը։ Չեն ճանչնար անոր ապրելակերպը, սովորոյթներէն սկսեալ, մինչեւ անոր մտահորիզոնն ու այնտեղ կուտակուած ամպերը։

Շատ արագ եւրոպական քոսթիւմներու յարմարած պարոնները չունին ազգագրագէտի խորութիւն ու համբերութիւն եւ ժողովուրդին կենցաղը, վարքն ու բարքը, իրենց համար անհասկնալի ամէն երեւոյթ կ’որակեն՝ «ռուսական», «թրքական», «պարսկական» ու կ’աւելցնեն, որ դարերով պետութիւն չունենալը ազդա՛ծ է հայ ժողվուրդին վրայ ու վե՛րջ։

Էհ, այդպէս ժողովու՞րդ կը ճանչնաս։

Հասկնալի է, որ ինչպէս հայ ժողովուրդը չեն ճանչնար, այնպէս էլ նոյն արեւմտեան կամ ռուսական հասարակութիւնները, քանի որ ճանչնալու պարագային կը հասկնան, որ ժողովուրդները քաղաքական կամ տնտեսական նոյն ժապաւէնով փաթաթելը դիւրին գործ չէ եւ ժողովուրդը շատ աւելի խոր ու բարդ է, քան իրենց քաղաքական լսարանը։

Այս առումով թերեւս կ’արժէ յիշել այն մարդիկը, որոնք ոչ միայն իրենց անձնական փորձով ճանչցած են հայ ժողովուրդը, այլեւ իրենց աշխատանքով փրկած են անոր յիշողութիւնը, որ ցաւօք սրտի այսօր ալ կէս-մերժուած, կէս-մոռցուած վիճակի մէջ կը գտնուի։ Մինչդեռ, եթէ չըլլային այդ մարդիկը, եթէ չըլլար անոնց կատարած գործը, ապա մեծ հարց կը ծագի, թէ այսօր մենք առհասարակ գոյութիւն կ’ունենայի՞նք այնպէս, ինչպէս կանք (եթէ ոչ խորքային գիտակցութեամբ, ապա գոնէ մակերեսային ընկալումով)։

Խօսքը ի հարկէ կը վերաբերի հայ ազգագրագէտներու ու գիւղագիրներու։ Կոչումներով չծանրաբեռնուած ու հասարակ մարդոց կողմէ մոռցուած այդ մարդիկը, որ գրեթէ ամբողջ 1800-ականներուն, հատ-հատ հաւաքեցին հայ ժողովուրդի կենցաղի, տօներու, սովորութիւններու հազարաւոր նմուշներ, գոյութիւն չունեցողը վերածեցին յստակ գիտակարգի, եւ ցոյց տուին աշխարհին, որ հայ ժողովուրդը պարզապէս կիսալեռնային ինչ-որ խաշնարած ցեղ մը չէ, ինչպէս տրամադրուած էին կարծելու բազմաթիւ եւրոպացիներ։ Եւ այդ մարդոց անմիջական ջանքերով ստեղծուեցաւ ու կայացաւ հայ ազգագրութիւնը ու նաեւ փրկուեցաւ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մեծ ու կարեւոր մէկ շրջանը։ Փրկուեցաւ, որ նորէն մոռցուի․․․․այս անգամ կամաւոր։

Սարսափելի է, բայց եթէ 1800-ականներու յատկապէս երկրորդ կէսին արեւմտահայ ու արեւելահայ բազմաթիւ գործիչներ ջանք ու եռանդ չէին խնայած բանահաւաքութեան համար, նաեւ ենթարկուելով ցարական Ռուսիոյ գրաքննութեանն ու Օսմանեան Թուրքիոյ բիրտ հալածանքներուն, եթէ հայ ազգագրութեան երախտաւոր «Ազգագրական Հանդէսի» հիմնադիր Երուանդ Լալայեանը նոյնիսկ 1915-ին, նոյնիքն Ցեղասպանութեան ժամանակ զբաղած էր հնագիտական ու ազգագրական գործունէութեամբ՝ շատ լաւ հասկնալով, որ այս սարսափելի աղէտը օր մը պիտի վերջանայ, բայց մեռնողները իրենց հետ պիտի տանին նաեւ իրենց յուշերը, գրի առաւ հնարաւոր ամէն ինչ ու հայրենիքը կորսնցուցած ժողովուրդին օգնեց չկորսնցնելու նաեւ այդ հայրենիքին յիշողութիւնները, ապա այսօր մեծամասնութիւնը թքած ունին Լալայեանի վրայ ալ, անոր կատարած աշխատանքին վրայ ալ։ Ազգագրութիւնը այսօր մնացած է միայն հիմնարկներու ու համալսարաններու գիտական գործիք, որուն նկատմամբ հասարակութիւնը որպէս այդպիսին հետաքրքրութիւն չունի։ Այսօրուայ միջին վիճակագրական հայը ոչ միայն չի գիտեր իր յիշողութեան պահապաններուն մասին, ան նաեւ արագօրէն կ’ընկղմի էրոթիք-վաճառքային, ժամանցային արագութեան զուարճանքի մէջ՝ մոռնլով ինքզինք ու իր անցեալը որպէս ազգ ու ժողովուրդ։

Եւ ոչ միայն ան։ Ժողովուրդը առաջնորդելու կոչուածները եւս այնքա՛ն անգրագէտ են, որ չեն գիտեր իրենց ժողովուրդը խորքային առումով, չեն գիտեր ու չեն ալ ուզեր իմանալ։ Անոնք կ’ուզեն արագ «ռուսանալ» ու «եւրոպանալ»։ Անոնք կը շարունակեն ժողովուրդը դիտել ինչ որ ամպային զանգուած մը, որուն տակ թաքնուած է իրենց երազանքներուն ընտրազանգուածը, կամ առնուազն աջակիցը։ Իսկ ժողովուրդին իրական զգացումները կը խեղդուին մոռացութեան մէջ։

Խօսելով ազգագրագէտներու ու գիւղագիրներու մասին, հարկ է նշել առնուազն քանի մը անուն, որոնց շարքին՝ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամները՝ Ալիշանի գլխաւորութեամբ, Խաչատուր Աբովեանը, Պերճ Պռօշեանը, Ալեքսանդր Արարատեանը, Արշակ Ագապեանը, Նիկողայոս Մամիկոնեանը, Գաբրիէլ Տէր-Յովհաննիսեանը, Գաբրել Տէր-Մնացականեանը, Ազարիա Ադելեանը, Խրիմեան Հայրիկը, Յարութիւն քահանայ Ճիւղուրեանը, Րաֆֆին, Լէոն, Յովհաննէս Մալխասեանը, Խաչիկ Դաշտենցը, Թոթովենցը, Ստեփան Զօրեանը, Սարգիս Հայկունին, Ս․ Փիլոյեանը, Գարեգին Սրուանձտեանը, Եր․ Լալայեանը, Ստ․ Լիսիցեանը, Գր. Խալաթեանը, Աղայեանը, Թումանեանը եւ բազմաթիւ այլ երախտաւորներ, որոնք իրենց աշխատանքներով տուած են հայ ժողովուրդին նկարագիրը, փրկած են, մաքրած են անոր կերպարը, թոյլ չեն տուած, որ ան տարրալուծուի «թրքական, ռուսական, պարսկական» լուծոյթի մէջ։

Եւ այսօր, երբ բոլոր պայմանները կան այս ամբողջ ժառանգութիւնը շարունակաբար զարգացնելու, մեր յիշողութեան պահապանները հրապարակաւ մեծարելու եւ անոնց օրինակով ժողովուրդը յիրաւի ճանչնալու, մենք մէկ կողմ դրած ենք ամէն ինչ։ Մնացած են միայն որոշ երեւոյթներ, որոշ տօներու ու ծէսերու կապուած, կիսատ պռատ ինչ որ բաներ, զորս մենք իսկ կը կատարենք, առանց հասկնալու անոնց իմաստն ու նշանակութիւնը, եւ վերջ։ Շատերու համար նոյնիսկ այնքան խորթ են, որ քամահրանքով մէկ կողմ կը նետեն այդ «հինցած ու անճաշակ» երեւոյթները ու կը ձգտին դէպի ազատութիւն ու Եւրոպա՝ կարծելով, թէ Եւրոպան միշտ եղած է այսքան քաղաքակիրթ, հանդուրժող ու փափուկ։

Ի տարբերութիւն պատմաբաններու, որոնք պահպանած ու փրկած են մեր հաւաքական յիշողութիւնն ու կերպարը, ազգագրագէտները ցոյց տուած են հասարակ մարդուն, ոչ միայն թագաւորին, այն ալ հազար տարի առաջ, անոնք ցոյց տուած են սովորական մարդու առաւօտն ու երեկոն, անոր երգը, օրհնանքը, հայհոյանքը, ուրախութիւնն ու վիշտը, անոր հիացումն ու ապշանքը, ախտերն ու առաւելութիւնը, անոնք հաւաքած են այն ազգային մատնահետքը, որ հայը կը նոյնականացնէ հայուն հետ։

է, այնքա՛ն ցաւալի, որ մենք դիմացանք պատմական ամենէն սարսափելի փորձութիւններուն ու կոտրուեցանք, երբ լուսաւորութեան ու հնարաւորութիւններու դարդաշրջան հասանք։ Ու ամէն անգամ, երբ ազգային որեւէ առանձնայատկութիւն զարմանք կը յառաջացնէ նոյնիքն հայերու մօտ, կը հասկնաս, որ այդ պարզապէս անծանօթութեան զարմանք է, չիմացութեան, անտեղեակութեան։ Հայերը կ’ուզեն աշխարհի ամենէն հին ազգը ըլլալ, ամէն ինչի առաջինը ըլլալ, ապացուցել, որ մենք արդէն որպէս ազգ կայինք դեռ այն ժամանակ, երբ միւս բոլոր ազգերը դեռ ծառերու վրայ էին, բայց չեն ուզեր ճանչնալ իրենց իսկ ժողովուրդին իրականութիւնը՝ ընդամէնը 50–100 տարի առաջ։ Մեր հայերը, որ «անգիր գիտեն», որ հայերը արշաւած են Քաթալոնիա ու սպանացիները հայերէ առաջացած են, որ Նոյը հայ էր, բայց չի գիտեր, թէ իրենց իսկ պապերը ինչպէ՛ս ուրախացած կամ տխրած են ընդամէնը քանի մը սերունդ առաջ։ Չե՛ն գիտեր։ Փա՛ստ է, որ չեն գիտեր։ Չեն գիտեր, թէ հարսնիքին «ականջ կտրելը» ի՛նչ կը նշանակէ, ինչո՞ւ մեղր կը հիւրասիրեն կամ լաւաշ կը փռեն, ինչո՞ւ կը կրակեն, չեն գիտեր, թէ հայը ի՛նչ երգած է աշխատելու ատեն, ինչո՞ւ նոյն այդ երգը երգած է։ Չեն գիտեր ու չեն ալ ուզեր իմանալ։ Որովհետեւ ան նորոյթ չէ, ան այլեւս հետաքրքրական չէ։ Ան չեն կրնար ծախել, ան չեն կրնար ուրիշին մատուցել, չեն կրնար անով դուր գալ ուրիշին, յարմարիլ անոր։ Սեփական դիմագիծը մէկ կողմ դրած ու դարձած են ութոտնիկի նման լպրծուն անորոշութիւն մը, որ թափանցիկ է ու ինչի վրայ որ դնես, ան ալ ցոյց կու տայ։

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x