Քշել Պէյրութի մէջ՝ կռի՞ւ, թէ՞ գոյատեւումի ուղեցոյց

Նատա Պաքրի

Հետագայ յօդուածը լոյս տեսած է «The Chaos of Driving in Lebanon Tells a Story of a Country Unraveled» խորագրով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի 4 հոկտեմբեր 2025-ի թիւին մէջ, հեղինակ՝ Նատա Պաքրի: Զայն կու տանք թարգմանաբար:

Տարէ մը առաջ Լիբանանի մէջ լայնօրէն տարածուած տեսագրութիւն մը ցոյց կու տայ մարդ մը՝ ինքնաշարժի ղեկին առջեւ նստած, երկու դերերով միաժամանակ՝ վարորդական ուսուցիչ եւ աշակերտ։ Անոր անտարբեր եւ անհոգ պատումը այս երեւոյթին ծաղրական ակնարկ մըն է Լիբանանի երթեւեկութեան քաոսին — կամ, ուրիշ դիտանկիւնէ նայելով, ժողովուրդի մը պատկերը, որ ձեւաւորուած է իր ինքնկործանումով։

«Ինչպէ՞ս պէտք է քշել մայրուղիին վրայ», կը հարցնէ ուսուցիչը։

«Դանդաղ», կը պատասխանէ աշակերտը։

«Պրաւօ՛», կ՛ըսէ ուսուցիչը եւ նշան մը կը դնէ թուղթին վրայ։

«Եթէ մէկը ետեւէդ գա՞յ»։

«Կը զարնե՛մ արգելակին»։

Ուսուցիչը գոհ կ՛ըլլայ, գլուխը կը շարժէ։

«Եթէ մէկը քովդ գա՞յ»։

«Կը կտրե՛մ անոր վրայ»։

«Շա՛տ լաւ»։

«Եթէ մէկը փորձէ մտնել քու գիծիդ մէջ»։

«Կը փակե՛մ անոր ճամբան»։

«Կը սիրեմ ա՛յդ»։

«Փորձի պիտի սկսի՞նք հիմա», կը հարցնէ աշակերտը։

«Աւարտեցինք», կը պատասխանէ ուսուցիչը՝ բանալիները տալով։

«Շնորհաւորութիւններ, կը ստանաս տետրակդ»։

Այս սեւ հիւմորով տեսարանը անմիջապէս կը դպչի իւրաքանչիւրին, որ երբեւէ ինքնաշարժ վարած է Պէյրութի մէջ։ Քաղաքին ճամբաները կը յիշեցնեն մեղուներու փեթակ մը, որ նորերս խանգարուած է․ ամէն մարդ կը սուրայ, կը խոտորի, վայարգօրէն կը կտրէ աջուձախ։ Ես՝ ծնունդով պէյրութցի, բայց այժմ Քէյմպրիճի մէջ ապրող, երբեմն կը փորձեմ դիմադրել այս քաոսին, բայց Լիբանան այցելած ատենս դարձեալ կը դառնամ փեթակին մէկ մեղուն, որովհետեւ ճամբան կը ստիպէ քեզ այդպէս վարուիլ։ Երթեւեկութեան կանոնները հոն կը փոխուին ամէն վայրկեան։ Թաքսիի վարորդ մը կը կանգնի ճամբուն կիսուն՝ յաճախորդին հետ գին սակարկելու, մինչ ետեւէն շարասիւն մը կը սպասէ անշարժ։ Շրջանաձեւ խաչմերուկները կը վերածուին թատերաբեմ քաոսային մենամարտերու։ Անցորդները, երբ կը փորձեն փողոցը կտրել, յաճախ կը դառնան թիրախ վարորդներու զայրոյթին։

Պէյրութի մէջ քշել՝ առօրեայ երեւոյթ մըն է, բայց նաեւ խորհրդանիշ մը, թէ մենք՝ լիբանանցիներս, այլեւս չենք հաւատար, թէ պարտական ենք մէկս միւսին կամ մեր քանդուող հայրենիքին։ Ճամբու քաոսին տրամաբանութիւնը նոյնն է ինչպէս քաղաքական համակարգին՝ ընտրուած պաշտօնատարները կը շարժին իւրաքանչիւրը իր կողմը՝ առանց ուղղութեան։ Համակարգին հանդէպ հաւատք չունինք․ հաւատքը փոխարինուած է խուսափելու կարողութեամբ։ Սրտաբեկութիւնը դարձած է մեր էութեան մէկ մասը։

Երթեւեկութիւնը արտացոլումն է մեր հասարակութեան մէջ տիրող մշտական անելին՝ եւ աւելին՝ անոր ներքին փտումին։ Ան կը բացայայտէ, որ մենք կորսնցուցած ենք այն թելը, որ մեզ կը կապէր իրարու, եւ այժմ միակ ձեւը յառաջ երթալու՝ ուրիշին ճամբան կտրելն է։

Ինչպէ՞ս հոս հասանք

Քաղաքական ձախողութիւնները եւ խաթարուած հաստատութիւնները մասամբ պատասխանատու են։ Լիբանանի պետական կառոյցները երբե՛ք չկարողացան ամբողջովին վերականգնիլ քաղաքացիական պատերազմէն ետք (1975–1990), որ խլեց շուրջ 150.000 հոգիի կեանքը։ 2019-ի տնտեսական փլուզումի ժամանակ, դրամատուները սառեցուցին քաղաքացիներու դրամական հաշիւները՝ խլելով անոնց խնայողութիւնները եւ աղքատութեան ալիք մը ստեղծելով երկրին մէջ։ Իսկ 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը՝ պատմութեան մեծագոյն ոչ-կորիզային պայթումներէն մէկը, որ սպանեց առնուազն 235 հոգի, վիրաւորեց հազարաւորներ եւ կործանեց մաս մը մայրաքաղաքէն։

Բայց այդ աղէտներուն զուգահեռ, տարիներու ընթացքին տեղի ունեցաւ վստահութեան, հաշուետուութեան եւ պետական գործունէութեան աւելի խոր եւ անընդհատ քայքայում մը։ Հանրային ծառայութիւնները գրեթէ վերացած են։ ATM-ները հազիւ կը գործեն։ Դատարանները կը մնան տարիներով ծանրաբեռնուած, իսկ կառավարական գրասենեակները կը գործեն առանց պիւտճէի կամ վերահսկողութեան։ Այժմ մնացած է երկիր մը, ուր անգործունակութիւնը դարձած է սովորական, եւ գոյատեւումը՝ հնարամտութեան հարց։

Ազգական մը, որ Միացեալ Նահանգներէն այցելած էր, զարմանքով հարցուց ինծի.

– «Ինչո՞ւ շէնքերուն առջեւ ջրատար բեռնատարեր կան»:

Ես նայեցայ եւ ուսերս շարժեցի։

– «Ջուր կը հասցնեն», ըսի անտարբերութեամբ։

Ան ապշած նայեցաւ։ Լիբանանի մէջ, ջուրը յաճախ չի հոսիր ծորակներէն, եթէ չվճարես ջուր ծախողին։ Բեռնատարեր կ՛երթան շէնք առ շէնք, խողովակները կը բարձրացնեն աստիճաններէն վեր եւ կը լեցնեն տանիքի տակառները։ Նոյնն է պարագան ելեկտրականութեան. ամէն տուն միացած է անձնական անձական ելեկտրածիներու:

Փոփոխութեան պատրանքը

Ժամանակ մը կարծէք փոփոխութեան հաւանականութիւն մը ստեղծուած էր։ Երբ 2023-ի հոկտեմբեր 7-ին «Համաս» յարձակեցաւ Իսրայէլի վրայ, «Հըզպալլան» ալ մտաւ պատերազմին մէջ։ Իսրայէլ ծանր հարուածներ հասցուց կազմակերպութեան ու անոր հովանաւոր Իրանին։ Տարածաշրջանը կարծես կը շեղէր իր հին ուղիէն. Սուրիա սկսաւ դէպի Արեւմուտք թեքիլ, Իրան կը տկարանար, Լիբանան կ’ընտրէր յարգուած նախագահ մը եւ վարչապետ մը, եւ կը խօսուէր «Հըզպալլայի» զինաթափման մասին։ Պահ մը կարծուեցաւ, թէ փոփոխութիւնը պիտի գար։

Բայց ամիսներ ետք, գրեթէ ոչինչ փոխուած է։ «Հըզպալլա» կը շարունակէ զինուած մնալ, Իսրայէլ կը գրաւէ մեր հողերուն մէկ մասը հարաւի մէջ եւ կը շարունակէ ռմբակոծել երկիրը՝ սպանելով աւելի քան 300 քաղաքացի վերջին տասը ամսուան ընթացքին (ըստ ՄԱԿ-ի)։ Միջազգային նուիրատուեր տակաւին իրենց աջակցութիւնը կը կապեն «Հըզպալլա»-ի զինաթափման եւ պետական լիազօրութիւններու ամբողջական վերականգնման պայմանին, բայց լիբանանցի առաջնորդները չեն կարողանար իրականացնելու զայն։ Մենք շատ փորձառու ենք գոյատեւելու մէջ, որ հաւատանք թէ փոփոխութիւնը իսկապէս մեզի կը պատկանի։

Մենք այլեւս սանձարձակ անկումի մէջ չենք, բայց ամէն բան կը մնայ խաթարուած։ Փտածութեամբ ծանօթ պաշտօնատարներ տակաւին կը մնան իրենց դիրքերուն վրայ։ Մենք կը գտնուինք փլատակներուն մէջ, բայց կը ձեւացնենք թէ այդպէս չէ։ Այստեղ փլուզումը չի նշանակեր փոփոխութիւն․ կը նշանակէ աւելի վատ պայմաններու յարմարեցում։ Մենք զայն կը կոչենք դիմադրողականութիւն, բայց որո՞նք են անոր սահմանները։ Այն ե՞րբ է որ դիմանալը կը դադրի արժանիք ըլլալէ եւ կը դառնայ ծուղակ։

Անհեթեթութեան առօրեայ երեւոյթը

Անհեթեթութիւնը կը ծաղկի երկրին մէջ, ուր փոքրամասնութիւն մը կ՛ապրի փարթամ կեանք մը, իսկ մնացեալը՝ կը գոյատեւէ։ Եթէ կը փափաքիք տեսնել, թէ ինչ տեսք ունի այս հակադրութիւնը, բաւ է մտնել Պէյրութի կեդրոնական շուկաներու «Em Sherif Deli» ճաշարանը։ Այս ճաշարանը կը գտնուի Պէյրութի նոր, փայլուն կեդրոնական շուկաներուն մէջ՝ իր լայն պողոտաներով, խնամքով մշակուած միջնագիծերով եւ շքեղ շէնքերով. ուրիշ քաղաք մը կարծէք։

Այդ վայրը բնաւ ամերիկեան «deli»-ի չի նմանիր: Սպիտակ շապիկներով սպասարկողներ կը մատուցեն քսան տոլար արժողութեամբ մինի սենտուիչներ։ Մակնիշաւոր (signé) պայուսակներ հանգիստ կը դրուին սեղանին վրայ։ Դուրսը՝ վալէ վարորդներ կը տեղաւորեն SUV-ներ, որոնց գինը իրենց տարիներու աշխատավարձը կը գերազանցէ։ Իսկ անդին՝ մանուկներ՝ բոբիկ, փոշոտ, երեք տարեկանի չափ, կը դառնան ինքնշարժերուն շուրջ՝ կտոր մը հացի դրամ խնդրելու։

Այս երկու «երկիրները» կ’ապրին միմեանց վրայ, մէկը՝ ելեկտրածիներով, վարորդներով եւ ներածուած ամէն ինչով, միւսը՝ լքուած՝ գոյատեւման յոյսով: Ամենէն նեղացուցիչը ոչ թէ անոնց ցնցիչ զգացողութիւնն է, այլ` սովորական նկատուիլը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք արագօրէն կը կտրենք  խաչմերուկները՝ առանց նայելու:

Ամառ օր մը, երբ կը քշէի ծովեզերքի ճամբով, իմ տասնհինգ տարեկան տղուս հետ, անցանք նաւահանգիստի պայթումին վայրէն. աղբերուն մեծ մասը մաքրուած էր, բայց ոչինչ վերաշինուած։ Անցանք նաեւ այն տեղէն, ուր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպանուեցաւ 2005ին՝ բեռնատարի պայթումով։

Տղաս հանդարտ ձայնով հարցուց․

– «Անոնք, որ այս բոլորը ըրած են, բա՞նտն են»։

Ես չգիտցայ, թէ ո՞ր ողբերգութեան մասին կը խօսէր։ Թեթեւ մը ծիծաղեցայ՝ ոչ թէ որովհետեւ հարցումը ծիծաղելի էր, այլ որովհետեւ այդ հարց տալը իսկապէս անհաւատալի կը թուէր։ Եւ այն ատեն միայն հասկցայ՝ իրական անհեթեթը իմ հակազդեցութիւս էր։ Երբ մարդ կը դադրի պատասխան փնտռելէ, յարմարիլը կը դառնայ թակարդ։ Այդ պահուն կը հասկնաս, որ ոչինչ իսկապէս կը փոխուի, բացի մեր ակնկալութիւններու նուազումէն։

Թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»-ի

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x