Հակառակ անոր, որ Հայաստանի ներքին կեանքը մշտապէս կ’եռայ ու այս անգամ ալ ան հիմնականօրէն կ’արտայատուի մէկ կողմէ «եկեղեցի մաքրողներու», իսկ միւս կողմէ՝ «եկեղեցի փրկողներու» հայհոյախառն բանավէճերով ու սպառնալիքներով, մենք նաեւ ուշադրութիւն կը դարձնենք այլ հարցերու, ինչպէս օրինակ՝ ռոք երաժշտութեան դէմ պայքարին։ Մօտերս, ինչ-որ ֆինլանտական մեթըլ խումբ մը համերգ պիտի տայ Երեւանի մէջ ու այդ առիթով արդէն իսկ ոմանք հասած են ֆեյսպուքի մէջ անէծքախեղդ աղօթքներ բարձրացնելու առ այն, որ «թոյլ պիտի չտան որ անոնք գան ու պղծեն մեր քրիստոնեայ հողը»։
Առհասարակ այս նորութիւն մը չէ։ Երբ որոշ ժամանակ առաջ Անահիտ աստուածուհիի արձանը բերուեցաւ Երեւան, նորէն աղմուկ բարձրացաւ, որ պէտք է պոյքոթի ենթարկել ու մերժել այդ հեթանոսական պղծութիւնը, յետոյ սկսան Երեւանի որոշ պատերուն վրայ զետեղուած Անահիտի նկարներուն դէմ բողոքել՝ կրկին քրիստոնէական արժէքներու պահպանման, ու ամէն անգամ այդ «քրիստոնէական պայքարին» կ’ուղեկցէր զարմանալի ու անտրամաբանական հիսթերիա մը:
Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կը վերածուի ինքնութեան վրայ յարձակումի, անկախ անկէ, թէ ան ռոք համերգ մըն է, թէ տօն մը, ինչպէս օրինակ Հալոուինը կամ որեւէ այլ ոչ ընթացիկ նորութիւն։ Ի հարկէ, շատ աւելի փափաքելի է, որ Հայաստանի մէջ տիրապետողը ըլլայ սեփականը, ազգայինը, այլ ոչ թէ արտասահմանեանը ու ոչ միշտ մաքուր եւ հասկնալի այլընտրանք մը, բայց անհրաժեշտ է հասկնալ քանի մը բան։
Առաջինը այն է, որ աշխարհը շատ վաղուց փոքրացած է, այլեւս ան անյայտ ու մեծ անորոշութիւնը չէ ու կարելի չէ սահմանները փակել, ոչ ոքի հետ շփուիլ ու ոչ ոքի մշակոյթին ծանօթանալ։
Երկրորդը՝ «պղծութիւններու» դէմ պայքարը հիմնականօրէն կը տարուի շատ միակողմանի կեղծաւորութեամբ՝ ինչպէս օրինակ Անահիտի արձանին կամ, արդէն նշուած ֆինլանտական մեթըլ խումբի համերգին պարագային։ Կեղծաւորութիւնը այն է, որ երբ ամէն անգամ կը յայտարարես, որ քու քրիստոնէական արժէքներուն դէմ է այդ հեթանոսական չաստուածուհին կամ «սատանայապաշտ» մեթըլ խումբը, բայց քու հեթանոսական ապրելակերպէդ ոչինչ կը զիջիս, այդ մէկը արդէն յստակ փարիսեցիութիւն է։ Ինչպէ՞ս կարելի է քրիստոնէական արժէք պահպանել բողոքելով ֆինլանտական մեթըլին դէմ, բայց ընտանեկան կեղտոտ դաւաճանութիւնը, հայհոյանքն ու պղծախօսութիւնը, գողութիւնը, խաղամոլութիւնը եւ առհասարակ անամօթութիւնը պահել ու պահպանել։ Ինչպէ՞ս կարելի է բողոքել ռոքի դէմ, բայց լսել օրինակ ռուսական gangsterկան-կիսաքրէական երգեր, կամ ալ տեղական՝ սեռային կիրքեր բորբոքող պարզունակ ռեփն ու ռապիսը, արաբական պորտպարն ու տասնեակ մը այլ երեւոյթներ։
Երբեք չէ պատահած, որ քրիստոնէական արժէքներու ու հայ ազգի ինքնութեան այդ պահապանները դէմ խօսին կենցաղային ռապիսին, ճարպակալած անամօթութեան, ռուսական gangster երգերուն, քրէական ֆիլմաշարերուն, կամ ալ հերթական կիսամերկ հայուհիին, որ շատ արագ կը դառնայ դերասանուհի-երգչուհի։ Կամ ըսենք նոյն ոգեւորութեամբ անոնք պայքարին Մարվըլի նկարահանած Թոր աստուծոյ կերպարին դէմ, ինչպէս Անահիտին։ Փաստօրէն ի՞նչ կը ստացուի․ Աստուած ֆինլանտական ռոքը չ’ընդունիր, բայց ռուսական աւազակախումերու (gangster) երգերուն դէմ ոչինչ ունի, կամ ալ անգրագիտութիւն արտայայտող «սիրեմ, համՓյուրեմ»-ը լրիւ քրիստոնէական է։
Երեւանի մէջ քանի՞ գիշերային ակումբ կայ։ Քանի՞ աժանագոյն մոթել ու հոթել, ուր մեր թունդ քրիստոնեաները մարմնավաճառի կամ ալ ուղղակի սիրուհիի մը հետ կը զուարճանան։ Քանի՞ խաղատուն կայ, ուր այդ նոյն քրիստոնեաները կը խաղան։ Ու առհասարակ որքանո՞վ են մեր քրիստոնեաները քրիստոնեայ։ Մենք չենք գարշիր մեր կեղտոտ կենցաղէն ու մտածելակերպէն, բայց հպարտօրէն դէմ կ’արտայայտուինք ինչ որ ֆինանլատական խումբի մը համերգին կամ ալ կ’անիծենք Անահիտ չաստուածուհին։
Ամէնէն զայրացնողը այն է, որ հիմա, երբ Արցախը այլեւս մերը չէ, 100 հազարէ աւել մարդ բռնի տեղահանութեան է ենթարկուած, երբ հազարաւոր երիտասարդներ զոհուած են, երբ երկրին մէջ հասարակական սթրեսը, սպանութիւններն ու բռնութիւնները, անտարբերութիւնն ու միայն սեփական շահի համար մտածելը մեզ կանգնեցուցած է սարսափելի անդունդի մը առջեւ, յանկարծ ինչ որ մէկը կ’որոշէ, որ ֆինլանտական ռոքի դէմ պայքարը ամենէն արդիւնաւէտն է, որ կարելի է ընել։
Ու այդ գլխաւորապէս ոչ միայն սեփական անգրագիտութեան պատճառով, այլ որովհետեւ ան դիւրին է ու պատասխանատուութիւն չ’ենթադրեր։ Կու գան ֆինլանտացիները թէ ոչ, այդ որեւէ բան չի փոխեր։ Ֆեյսպուքով քանի մը հայհոյանք գրել ու ամէն նկարի տակ «ամէն» մեկնաբանելը ամենէն հեշտն է, անպատասխանատու, ու որ կարեւոր է՝ համայնքային աջակցութիւն ունիս։ Ու քու ինքնութեան պայքարիդ հերոսը պատրաստ է՝ անկիրթ, անտեղեակ, անպատասխանատու, ակրեսիւ։
Եթէ մեր հասարակութիւնը իրօք կը մտածէ, որ ընկերային ցանցերով ռոքի (կամ որեւէ այլ բանի, հարցը ռոքը չէ) դէմ պայքարը պիտի փրկէ մեր հողն ու կրօնը, ապա մենք ոչ թէ մեռած ենք, այլ նոյնիսկ չենք գիտեր, որ մեռած ենք։
Ի հարկէ կարելի էր այս բոլորին փոխարէն երկար-բարակ գրել ռոքի պատմութիւնն ու բացատրութիւնը, բայց աւելի լաւ է նաեւ համեմատենք, թէ այդ «սատանայապաշտերը» ինչ տեսակ երկրէ կու գան մեր «սուրբ հողը պղծելու»։
Ֆինլանտան (ու առհասարակ Սկանտինաւեան ու Հիւսիսային Եւրոպան) ունին աշխարհի ամենէն բարեկեցիկ հասարակական պայմանները, ռազմարդիւնաբերութիւնը, կրթական համակարգը եւ այլն։ Այդ երկիրներուն մէջ յանցագործութեան մակարդակը շատ ցած է, յանցագործութիւններու մէկ մասն ալ կը կատարեն գաղթականները։ Ու որ ամենէն կարեւորն է, մեր այս «ինքնութեան պահապաններուն» մէկ մասը ամէն տարի ամերիկեան կրին քարտ կը խաղայ՝ յոյսով, որ թերեւս բախտը բերէ ու ինքն ալ ամերիկեան քաղաքացիութեան հնարաւորութիւն ստանայ։ Այ թէ ինչ կեղծ ենք մենք, կեղծ ենք մենք մեզի հանդէպ։
Մենք նոյնիսկ մենք մեզի հարց չենք տար, թէ ի վերջոյ այդ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ սատանայապաշտ Ֆինլանտան, այդ պիղծ ու հեթանոս սրիկաները ինչպէ՞ս կարողացած են երազանքներու երկիր մը կառուցել, իսկ մեր առաջին քրիստոնեայ երկիրը այդպէս ալ չի կարողանար փտածութենէ հրաժարիլ, այդպէս ալ չի կարողանար նորմալ կրթական համակարգ կառուցել, իր ծեր տարիքի մարդոց մէկ մասը թերի սնած է ու դեռ հարիւրաւոր խնդիրներ։
Մենք նոյնիսկ չենք յաջողիր մէկ կողմ դնելու «լաւ տղայ, վատ տղայ» քրէական բարքերն ու մշակոյթը։ Երկու հայ երիտասարդ կրնան զիրար սպանել փոքր ինչ բաձր կամ կոշտ թօնի պատաճառով, միմեանց նկատողութիւն ընելու համար։ Այսինքն ոչ թէ կրնան այլ անընդհատ կը տեսնենք այդ մէկը։ Ինչպիսի՞ քրիստոնէական սէր ու հանդուրժողականութիւն է այս։ Ու այս բոլորին մէջ, յանկարծ պայքա՛ր ֆինլանտական ռոքի դէմ՝ յանուն Աստուծոյ ու հայրենիքի։ Լա՞ս, թէ՞ խնդաս։ Այս տեսակ անգիտութիւնը, որ կը պաշտպանուի հայրենիքով ու հաւատքով, մարդասպաններ ու բռնարարքներ կը ծնի, յանցագործներ ու չներող, խտրական մոլագար ամբոխ մը, որ ոչ թէ այլ մշակոյթի, այլ նոյնիսկ փողոցով անցնող շան հանդէպ անբացատրելիօրէն դաժան է։
Հայե՛ր, միթէ՞ դուք իրաւմամբ կը կարծէք, թէ ռոք-մեթըլը կը «պղծէ» մեզ։
Մեզ կը պղծէ մեր կեղծաւորութիւնը, անգրագիտութիւնը, շահամոլութիւնն ու երկերեսանիութիւնը։ Կը պղծէ այնպէս, որ մեր աչքին առջեւ մեր 100 հազարէ աւելի հայրենակիցները կը վռնտուին իրենց հայրենիքէն։ Կը պղծէ այնպէս, որ մեր աչքին առջեւ մեր պատանի տղաներն ու աղջիկները կը միանան թմրամոլերու եւ մարմնավաճառներու շարքերուն: Կը պղծէ այնպէս, որ մեր Հայաստանը կը շարունակէ մնալ երկիր մը, որ նոյնիսկ բաւարար չափով ցամաք հաց չի կրնար ստեղծել ու բոլոր յոյսը ներածումներն են։
Յ․գ․ «սատանայապաշտ» Ֆինլանտան 2023-ին մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր մեր արցախցի հայերուն, երբ մեր քրիստոնեաները զբաղած էին իրարու միս ուտելով։ Ֆինլանտան նաեւ օգնած էր 1988-ի երկրաշարժին ժամանակ։ Ու առհասարակ կարելի էր փոքր ինչ աւելի երախտագէտ գտնուիլ երկրէ մը ժամանող հիւրերուն նկատմամբ, որ քեզի երբե՛ք չէ վնասած, երբեմն օգնած է ու հիմա ալ խումբ մը մարդիկ կու գան ու կ’ուզեն իրենց ֆինլանտական մշակոյթը ներկայացնել։ Ընդա՛մէնը։

