Կը ճանչնա՞ք Տիկին Արեւ Մուտեանի զարմիկը՝ Արեւ Ելյանը

«Տարբերակ»-ի խմբագրութիւնը ստացաւ հետագայ անստորագիր գրութիւնը, որ կ’անդրադառնայ Հրաչ Չիլինկիրեանի «Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ կը ճանչնա՞ք զինք» յօդուածին: Հեղինակը այս նոյն գրութիւնը զետեղած է նաեւ Չիլինկիրեանի յօդուածին տակ իբրեւ դիտարկում:
Այս դիտարկումը իր կարգին կ’անդրադառնայ կարեւոր հարցերու: Հետեւաբար, թէեւ անստորագիր, որոշեցինք զայն հրապարակել նաեւ առանձին: (Խմբգ.)

Հրաչ Չիլինկիրեանը մի քանի պարբերութեամբ շատ բան բացատրած է, հաճելի հիւմըրով: Կէտ մը եւս պիտի ուզէի աւելցնել յաւելեալ երեւոյթի մը անդրադառնալով:

Տիկին Արեւ Մուտեանը զարմիկ մը ունի, որ նաեւ Արեւ անունը կը կրէ, բայց մականունը Ելյան է: Ամուսնացած է ռուսահայ աւելի կայուն եւ հարուստ ընտանիքի մը մէջ: Առաջին օրէն ի վեր, երկու զարմիկներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելի խնդրայարոյց եղած են քան սիրալիր: Իրենց զաւակներուն եւ թոռերուն մէկ կարեւոր մասը սովորութիւնը ունի քէն պահելու, իրարու հետ չխօսելու եւ երբեմն նոյնիսկ՝ զիրար վիրաւորելու եւ իրարու դէմ պայքարելու: Տիկին Արեւ Ելյանին ընտանիքը աւելի մեծ եւ ուժով է, պետութեան հետ սերտ կապեր ունի, եւ Մուտեանները շատ լուրջի չ’առներ:

Կարելի է ըսել որ առհասարակ Ելյանները անհանդուրժողական են Մուտեաններուն հանդէպ. չեն սիրեր արտասահմանցի իրենց ազգականներուն աւելի դասական մօտեցումը մշակութային եւ լեզուական հարցերու շուրջ. նոյնիսկ չեն ուզեր հասկնալ: Դժբախտաբար Մուտեաններուն մէջն ալ կան անհանդուրժողական տարրեր, որ Ելյաններուն վրայ կը խնդան (բայց նաեւ՝ որոշ նախանձով): Անշուշտ որոշ զարմիկներ կան որ իրարու հետ կը գործակցին եւ նոյնիսկ զիրար կը սիրեն, միասնաբար՝ Տիկին Մուտեանին դարմանումով զբաղած են, ու միեւնոյն ժամանակ՝ մտահոգ Տիկին Ելյանին շատ օտարաբանութիւններ օգտագործելու «տենդենցիայով»: Բայց մեծ մասը՝ ոչ:

Այս իրականութիւնը կարեւոր դեր մը ունի թէ՛ Տիկին Մուտեանին խնամքին, եւ թէ՛ ալ անոր վատառողջութեան պատճառներուն մէջ: Խեղճ Տիկին Մուտեանը շրջապատուած է ընտանիքի անդամներով, որոնց մէկ մասը կը փափաքի իր առողջութեան բարելաւումը, իսկ միւս մասը՝ իր մահը: Ո՛ւր դառնալը չի գիտեր: Բարեբախտաբար, Լիզպոն տուն մը ունի (իր արեւելքէն արեւմուտք գաղթի ճամբուն վրայ), ուր թէ՛ եղանակը եւ թէ՛ խնամքը վատը չեն: Է՜հ, Տիկին Մուտեան, ինչպէս ռուսահայ զարմիկներդ պիտի ըսեն, «ցա՜ւդ տանեմ», ու սփիւռքահայ շառաւիղներդ պիտի մաղթեն՝ «բարի ապաքինում, սիրելի՛ մայրիկ»:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x