Դեղձենիէն մինչեւ ինքնութիւն՝ շարունակականութեան խորհուրդը

Փառանձեմ Ֆագրաճեան Տէմիրճեան

Ազգապահպանումը միայն գոյատեւման միջոց մը չէ․ ան ինքնութեան գիտակցութիւնն է եւ անոր հոգեմտաւոր ու ապրող շարունակութիւնը։ Այսօր, երբ համաշխարհայնացումը իր կնիքը սկսած է դնել մեր կենցաղին, մեր լեզուին ու մեր մտածողութեան վրայ, հայկական ինքնութեան պահպանումը դարձած է աւելի քան հրամայական. ինչպէ՞ս կարելի է մնալ ինքնուրոյն այսպէս բաց աշխարհի մը մէջ առանց կորսնցնելու մեր ինքնութիւնը։

Ազգապահպանումը չի սահմանափակուիր ազգանունով կամ ծագումով․ ան կ’ենթադրէ մշակոյթի, լեզուի եւ հաւատքի շարունակուող փոխանցում։ Ազգ մը կ’ապրի այնքան ատեն, որ իր լեզուն կը խօսուի եւ իր աւանդութիւններն ու հաւատքը կը պահպանուին։ Այսպէս ազգապահպանումը միաժամանակ կը դառնայ գիտակցութիւն եւ կիրարկում՝ ապրելու ձեւ մը, որ մարդը կը կապէ իր արմատներուն։

Հայը դարերէ ի վեր ապրած է տարբեր ժողովուրդներու շփման մէջ՝ ըլլա՛յ հայրենի հողին վրայ, ըլլա՛յ սփիւռքի տարածքներուն։ Երբ այս կապերը կը միտին բարեկամութեան եւ գործակցութեան՝ կը հարստացնեն։ Սխալ չէ ուրիշէն, շատեր օտարէն պիտի ըսեն, առնել ինչ որ բարի է ու օգտակար՝ առանց մերինը զոհելու։ Սակայն երբ օտար բարքերն ու տօները կը դառնան մերը փոխարինողը, կը սկսի ներքին խաթարումը։ Ազգապահպանումը այստեղ յստակ զանազանում կը պահանջէ՝ ընդունիլ եւ ոչ թէ կապկել։

Օրինակ՝ Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving), որ վերջերս նշուեցաւ, գեղեցիկ խորհրդանիշ մըն է շնորհակալութեան ու բարեգործութեան։ Սակայն հայը միշտ ունեցած է իր շնորհակալութեան խորհրդանիշը՝ Դեղձենիի աւանդութիւնը, որ կը միացնէ ընտանիքը, բնութիւնը եւ աստուածային շնորհքը։ Երբ օտարը մեզի կու տայ բարին՝ կրնանք զայն ընդունիլ առանց մոռնալու, թէ մեր մշակոյթին մէջ նոյն խորհուրդը վաղուց գոյութիւն ունի։ Եթէ կ’ուզենք Thanksgiving ա՛նպայման նշել, տօնենք, հարց չէ, բայց զուգահեռաբար մեր Դեղձենիի աւանդութեան եւ ոչ թէ փոխարինենք զայն։

Դեղձենին հայ հին ընտանիքի կեանքին խորհրդանիշն էր։ Կը պատմուի, թէ երբ տուն մը նորածին մը ունենար, գեղեցկութեան աստուածուհին՝ Աստղիկը, կը դնէր դեղձի կորիզ մը տան դռան առջեւ իբրեւ օրհնութիւն։ Հայրը կամ մեծ հայրը կը տնկէր այդ կորիզը, եւ երբ ան կը բուսնէր, մանուկը իր առաջին քայլերը կ’առնէր։ Ծառին աճն ու մանուկին խօսիլը զուգահեռ կ’ընթանային՝ տունը լեցնելով բուրմունք եւ լոյս։ Մարդիկ կը հաւատային, թէ դեղձենին եւ մանկան բարբառը նոյն շունչէն ծնած են։ Իսկ երբ մէկը մոռնար այդ աւանդութիւնը, կ’ըսէին՝ Հայաստանի մէջ պակսեցաւ բուրմունքի պճեղ մը, իսկ մեր լեզուէն՝ քաղցրահունչ բառ մը։

Այսպէս, դեղձենին դարձած է ոչ միայն ծառ, այլ ինքնութեան խորհրդանիշ՝ բնութեան ու խօսքի, հայ խօսքի միաձուլում։

Այսօր թերեւս այգիներ չունինք, բայց ունինք մեր մտքի եւ սրտի այգիները, որոնք պէտք է մշակուին մեր ոսկեղինիկ արքայական լեզուով։ Դեղձենին պէտք է ծաղկի մեր հոգիներուն մէջ՝ իբրեւ մեր լեզուի, հաւատքի եւ մշակոյթի կենդանի ծառը։ Ազգապահպանումը կը սկսի բառով, բայց կը հասնի գործին՝ ընտանիքի, կրթութեան, մշակոյթի ու հասարակական մասնակցութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր հայուն պարտականութիւնն է դառնալ իր լեզուի եւ աւանդութեան այգեպանը։

Ազգապահպանումը սիրոյ եւ պարտաւորութեան ընթացք մըն է։ Ան չի պարտադրուիր վերէն, այլ կը բուսնի ներքեւէն՝ խօսքէն, ընտանիքէն, դպրոցէն եւ մշակութային ստեղծագործութենէն։ Եթէ մեր մտքին եւ սրտին այգիները մշակուին, դեղձենին վերստին կը ծաղկի մեր լեզուին, յիշողութեան եւ մեր հաւատքին մէջ։ Այդ ատեն միայն կրնանք ըսել, թէ ազգապահպանման խորհուրդը վերածած ենք ապրող իրականութեան։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x