«Ayp to Zed». Սիրոյ, համբերութեան եւ արուեստի 20-ամեայ պատմութիւն մը

Այս տարի կը լրանայ «Ayp to Zed» արուեստից վարժարանին 20-ամեակը՝ հաստատութիւն մը, որ դարձած է ստեղծագործութեան, երեւակայութեան եւ կրթական նուիրումի խորհրդանիշ։ «Ayp to Zed» հիմնուած է 2006-ին՝ քոյր-եղբայր արուեստագէտեր Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու կողմէ, որոնք երկու տասնամեակէ ի վեր ուղղութիւն կու տան հարիւրաւոր աշակերտներու՝ փոքրերէն մինչեւ մեծեր, ներշնչելով զանոնք տեսնելու արուեստը ոչ միայն որպէս ժամանց կամ դաս, այլ որպէս հոգեւոր եւ մարդկային փորձառութիւն։ Շուտով տեղի կ’ունենայ 20-ամեակին նուիրուած յոբելենական ցուցահանդէս մը, որ կը ներառէ 46 շրջանաւարտներու գործերը: Այս առիթով կը խօսինք Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններուն հետ՝ անդրադառնալով «Ayp to Zed»-ի ծնունդին, ուսուցման փիլիսոփայութեան եւ 20-ամեակի ցուցահանդէսին:
Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x