Ընկերային ցանցերը թէեւ սովորաբար առեւտրական նպատակներու ծառայող եւ երբեմն ալ ժխտական ու թունաւոր մթնոլորտ ստեղծող հարթակներու վերածուած են, անդին կան՝ որոնք այդ ճամբով գիր ու գրականութեան տարածման կը սատարեն: Իսկ երբեմն ալ կը հանդիպինք իմաստուն խօսքերու, ինչպէս վերջերս կարդացինք հետեւեալը. «If I were a doctor, I’d prescribe books. They can be just as powerful as drugs»՝ «Եթէ բժիշկ ըլլայի, գիրքեր կը յանձնարարէի իբրեւ դեղ։ Անոնք կրնան նոյնքա՛ն զօրաւոր ըլլալ, որքա՛ն դեղերը»։
Այս խօսքը կը բացայայտէ պարզ բայց խոր ճշմարտութիւն մը, որ մարդու հոգին ու միտքը նոյնքա՛ն բուժումի կարիք ունին, որքա՛ն մարմինը։ Գիրքը չի նուազեցներ տաքութիւնը, չի սպիացներ իսկական վէրքը, բայց կրնայ մեղմացնել հոգեկան տառապանքը, զարգացնել քննական միտքը, հրահրել հարցադրումներ եւ իմաստներու փնտռտուքին ճամբուն վրայ՝ յայտնաբերել ճշմարտութիւններ՝ այնքա՜ն կենսական, որքա՛ն որեւէ քիմիական դեղամիջոց։
Գիրքերը լուռ բժիշկներ են․ անոնք կը քննեն առանց հարցնելու, կը մխիթարեն առանց միջամտելու եւ մեր մէջ կը բանան փակ դռներ ու կը պեղեն մութ ծալքեր։ Միայն մէկ պարբերութեան մէջ կրնանք գտնել կարեկցանք, պատմութեան մը մէջ՝ պատկանելութեան զգացում։ Գրականութիւնը մեզի կը սորվեցնէ ուրիշին աչքով տեսնել աշխարհը՝ անոր ցաւերը, յոյզերը, յոյսերը, ամբողջ կեանք մը, եւ զանոնք ճանչնալով՝ մենք մեզ կը նորոգենք, կը վերաթարմանանք:
Գիրքը իբրեւ դեղամիջոց յանձնարարելը հաճելի թուալու համար չէ, այլ անկեղծ հոգատարութեան արտայայտութիւն։ Ճիշդ գիրքը, ճիշդ ժամանակին, կրնայ վերակենդանացնել տկարացող կամքը, մեղմացնել դառնութիւնը կամ՝ տոկունութիւն սորվեցնել։ Եւ ի տարբերութիւն քիմիադեղերու՝ անոր ազդեցութիւնը ժամանակաւոր չէ, ընհակառակը՝ կը խորանայ, եւ կը շարունակէ լուռ արձագանգել տարիներ շարունակ։
Այս իմաստով՝ ընթերցողը կը դառնայ թէ՛ հիւանդ, թէ՛ բժիշկ։ Կարդալով՝ կը դարմանենք մեր ընկալումներուն մէջ բացուած ճեղքերը, իսկ կիսելով մեր կարդացածը՝ լոյս կը բաժնենք ուրիշներուն։


