Սիրելի՛ բարեկամներ, ոճաբանական նոր գլուխ մը սկսելէ առաջ՝ փափաքեցայ ձեր կիրակին արժեւորել Երուխանէն մէկ ուրիշ գոհարով մը, որ «Գերագաոյն ներում»-ն է:
Համոզուած եմ, որ շատ պիտի գնահատէք զայն: Բարի վայելում:
Արմենակ Եղիայեան
Գերագոյն ներումը
Ա.
-Ծխախո՜տ, սիկարեթի թուղթե՜ր, լուցկի՜…
Հիմա հազիւ տասներկու տարեկան կար Ռափիկ: Երկու տարի առաջ մեծ հայրը բռներ էր թեւէն ու հաներ դպրոցէն դուրս՝ սապէս տրամաբանելով.
-Ծօ՛, ուսմունքը դրամ չի վաստկիր, հացերնուս փարան հանելու նայինք. ա՛ռ սա տուփը:
Ու Ռափիկ կէս մեթր երկայնութեամբ, քառորդ մեթր լայնութեամբ եւ հինգ մատ բարձրութեամբ տուփ մըն էր կախեր ճիտէն[1] վար, որուն մէջ կային ծխախոտի զանազան մեծութեամբ տուփեր, սիկարեթի թուղթեր, լուցկիի տուփեր, զոր պարտաւոր էր ամառ թէ ձմեռ՝ փողոցէ-փողոց պտտցնել, իր մանկային սուր, կերկերահունչ[2] ձայնովը.
-Ծխախո՜տ, սիկարեթի թուղթե՜ր, լուցկի՜…
Բ.
Մեծ հայր ու թոռ կ’ապրէին խարխուլ ու խոնաւ սենեակի մը մէջ, որ փլփլած տունի մը գետնայարկն էր, աղտոտ, գիշեր թէ ցերէկ՝ կէս մը մութ:
Մութը կը կոխէր, նոյեմբերի մութը: Հաճի Մարտիրոս հաներ էր ակնոցը ու փողոցը կը դիտէր, երբեմն քիթին տակէն մռմռալով.
-Աս լակոտը ո՞ւր մնաց. ա՜խ, այս անգամ ալ եթէ պակա՜ս ելլէ… Ու ձեռքը տարաւ անթացուպին[3]:
Երբ Ռափիկ ներս մտաւ վախվխելով, ծերունին սկսաւ համրել տուփերը:
-Ծախածներուդ փարա՜ն,- ըսաւ ան:
Ռափիկ տուաւ գրպանին մէջ ունեցած բոլոր դրամը: Ծերունին հաշուեց: Յանկարծ սոսկալի շարժում մը տեղի ունեցաւ, անգութ ու սրտաճմլիկ բան մը: Հաճի Մարտիրոս տեղը չէր: Հիմա անոր բարձր հասակը կը ցցուէր սենեակի մէջտեղ: Աչքերը կրակ էին կտրեր եւ ահարկու անթացուպը կ’ելլէր, կ’իջնէր անխնայ՝ ամէն էջքին չոր աղմուկ մը եւ սրտակտուր ճիչ մը հանելով:
Հաճի Մարտիրոս կը ծեծէր իր թոռը: Կը պակսէին տուփ մը լուցկի եւ տուփ մը ծխախոտ: Չարաճճի ստահակը զանոնք ծախած ու պտուղ գնած ըլլալու էր: Առաջին անգամ չէր ասիկա: Երկու-երեք օրը անգամ մը Ռափիկ կը գործէր այս յանցանքը եւ բնաւ չէր ուղղուեր կերած ծեծերէն:
Յետոյ խոնջէնքը[4] կու գար կասեցնելու Հաճի Մարտիրոսին ձեռքերը: Իսկ Ռափիկ, հարուածներէն խորտակուած, կը պառկէր երեսի վրայ՝ ցաւագին հծծիւններ արձակելով:
Գ
Տարիներ անցան:
Մեռած էր մեծ հայրը, ու հիմա Ռափիկ ձուկ կը ծախէր: Շէնշող երիտասարդ մըն էր դարձեր՝ գործը շտկած, քսակը լեցուն: Բայց երբեմն, առանձին գտնուած ատենը կը յիշէր իր մանկութեան զարհուրելի օրերը, աչքին առջեւ կու գար մեծ հայրիկին դաժան, ահարկու դէմքը եւ մանաւանդ այն հրէ՛շ անթացուպը, որ կը կործանէր իր մարմինը: Կը մտածէր թէ ինչո՛ւ կը պակսէին իր տուփին լուցկիները: Իր կարշնեղ [5]ձեռքերը մոլեգին կը գոցէր ու կ’ուզէր իր դիմացը տեսնել վատ արարածը, որ այդ անգթութիւնը կ’ընէր իրեն: Պիտի բզկտէր զայն:
Պիտի բզկտէ՜ր…
Դ
Ցերեկ մըն էր, աշնան սկիզբը: Ռափիկ ետ կը դառնար ձուկերուն մեծ մասը ծախած, սիրտը գոհ եւ ուրախ: Փողոցէ մը անցած պահուն, տունէ մը կանչեցին զինք: Կեցաւ: Արցունքոտ աչքերով կին մը, գլուխը պատուհանէն երկարելով, ըսաւ.
-Ռափիկ, տղա՛ս, քիչ մը վեր կու գա՞ս, զաւակս կ’ուզէ քեզ:
-Շա՛տ աղէկ, գամ,- հաւանեցաւ Ռափիկ:
Երբ վերնայարկը բարձրացաւ, տխուր պատկեր մը պարզուեցաւ իր աչքերուն: Մահճակալի վրայ պառկած էր կմախացած, մահամերձ երիտասարդ մը: Սնարին կողմը, աթոռի մը վրայ նստած էր քահանայ մը, որ կը մռլտար հոգեվարքներուն աղօթքը:
-Գարեգի՛ն, տղա՛ս, ահա՛ Ռափիկը,- ըսաւ կինը:
Հիւանդը ցնցուեցաւ ամբողջ մարմնով: Սփոփանքի լայն հառաչ մը արձակեց կոկորդէն. գլխով նշան մը ըրաւ ձկնորսին, որ մօտենայ: Ռափիկ մօտեցաւ զարմացած:
-Ռափի՛կ, ճանչցա՞ր զիս,- շշնջաց հիւանդը:
-Չէ՛:
-Սա… գիտե՞ս… պզտիկութեանդ լուցկի կը ծախէիր… ցերեկները մէկտեղ կը խաղայինք…
-Ծօ՜, հա՛, Գարեգինը… վա՜յ խեղճ տղայ… այդ ի՞նչ ես եղեր:
-Պիտի մեռնիմ… բայց մեռնելէս առաջ ներէ՛ ինծի… ներէ՛…
-Ի՞նչ ես ըրեր որ ներեմ:
-Տուփին մէջէն ծխախոտ… թուղթ… լուցկի գողցողը ե՛ս էի:
Մռնչիւն մը արձակելով ետ նետուեցաւ Ռափիկ՝ դէմքն ահռելի կերպով այլայլած, տժգոյն, դողահար:
-Վա՜յ, դուն էիր հա՞… անօրէ՜ն…
Ու փայլակի արագութեամբ յիշեց իր ամբողջ տառապագին մանկութիւնը, թշուառութիւնը, չարչարանքները, ծեծերը, վերջապէս ամէն բան, որոնց միակ պատճառը այդ մահամերձ հիւանդն էր: Ռափիկ վեր առաւ իր ահարկու բռունցքը՝ մէկ հարուածով ջախջախելու համար այդ անխիղճ արարածը: Բայց սպիտակամօրուս քահանան պաղատական շարժումով մը արգիլեց զինք:
Հիւծախտաւորը, մահճակալին վրայ իր կռնակին փռուած, կը շարժէր կզակը.
-Ներէ՜… ներէ՜… ներէ՜…
Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ զգաց Ռափիկ:
Վար ինկան իր հուժկու բազուկները, դէմքին ահարկու արտայայտութիւնը փոխուեցաւ արգահատանքի[6], թացութիւն մը շողաց աչքերուն մէջ:
-Ներեցի՛, աղբա՛րս, ներեցի՛,- ըսաւ ու խենթի պէս դուրս վազեց սենեակին դուռնէն, արագաբար վար իջաւ, փողոց նետուեցաւ՝ իր ահռելի տագնապին մէջ սա հին, վաղեմի բացագանչութիւնը արձակելով.
-Ծխախո՜տ, սիկարէթի թուղթե՜ր, լուցկի՜…
Դրացիները, որոնք պատուհանն էին, շատ խնդացին Ռափիկի այս անուշ կատակին վրայ:
Երուխան
[1] Վիզէն
[2] Կոկորդային, խռպոտ
[3] Յենացուպ, որ կը դրուի անութին՝ թեւին տակ՝ դիւրին քալելու համար:
[4] Յոգնութիւնը
[5] Հուժկու, պնդակազմ
[6] Գութ, կարեկցութիւն



