Reuters լրատու գործակալութիւնը վերջերս հրապարակեց յօդուած մը, որ կ’անդրադառնայ Լիբանանի ելեւմտական ու տնտեսական տագնապին եւ անկէ դուրս գալու գալու նպատակով պատրաստուող ծրագրին, որ «քանի մը շաբաթէն» կրնայ օրակարգի վրայ դրուիլ կառավարութեան ժողովին։ Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, թէ դեռ բաւական հարցեր կը մնան առկախ, եւ թէ որոշ կէտեր կրնան բարդացնել Միջազգային դրամական ֆոնտէն (IMF) վարկ մը ապահովելու կարելիութիւնը։
Երկար սպասուած ծրագիրը, որուն նպատակն է կարգաւորել երկրին պարտքերն ու տագնապին հետեւանքները, ըստ երեւոյթին, պատրաստ է ներկայացուելու նախարարաց խորհուրդին։ Սակայն որոշ տնտեսագէտներ կասկածի տակ կ՛առնեն, թէ արդեօք այդ քայլը բաւարար պիտի ըլլա՞յ ապահովելու կենսական կարեւորութիւն ունեցող IMF-ի օժանդակութիւնը։
2019-ի ելեւմտական փլուզումէն ետք, որուն հետեւանքով դրամատուներու մէջ հաշուետէրերու մուտքը իրենց հաշիւներուն եւ խնայողութեան խափանուեցաւ եւ պարտքերով ծանրաբեռնուած դրամատուները քաոսային վիճակի մատնուեցան, Լիբանան տակաւին կը տառապի շուրջ 70 միլիառ տոլարի կորուստէ։ Վեց տարուան ընթացքին այդ թիւը աւելի մեծցած է, իսկ անցեալ տարուան պատերազմը աւելի խորացուցած է տագնապը, կը նշէ Ռըյթըրզ:
Ծրագրին ամենազգայուն մասը կը վերաբերի հաշուետէրերու հատուցումին։ Ըստ Ռոյթըրզի, քննարկուած ծրագիրը կ’առաջադրէ հետեւեալ կարգադրութիւնները․
- 2019-ի սկիզբը 100.000 տոլարէն նուազ գումար ունեցող հաշուետէրերուն (շուրջ 85%) գումարները պիտի վերադարձուին կանխիկ, երեքէն հինգ տարուան ընթացքին։
- 100.000 տոլարէն աւելի մեծ գումար ունեցողներուն հատուցումը պիտի կատարուի աւելի երկար ժամանակի վրայ։
- Ծրագիրը կը քննարկէ նաեւ ոսկիի պահեստներու օգտագործումը (ներկայ արժէքով՝ շուրջ 30,28 միլիառ տոլար) որպէս պարտքի երաշխաւորութիւն:
- Վերջնական որոշում տակաւին տրուած չէ, թէ փոքր հաշուետէրերը պիտի ենթարկու՞ին նախկին տարիներուն ստացած տոկոսները կամ գումարները վերադարձնելու պարտադրանքի (clawbacks)։
Տնտեսագէտներու համաձայն, ոսկիի պահեստներու օգտագործումը կը հակասէ IMF-ի պահանջներուն եւ կրնայ խափանել նոր վարկի մը հաւանականութիւնը։ Ռոյթըրզ կը մէջբերէ մասնագէտի մը՝ Թիմոթի Քալտասի կարծիքը, որ կը զգուշացնէ, թէ նման ձեւաչափ մը կը ձերբազատէ դրամատուները իրենց պատասխանատուութենէն՝ ծանրաբեռնելով պարզ ժողովուրդը։
Միջազգային չափանիշներու համաձայն՝ փոքր հաշուետէրերու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ։ Սակայն քննարկուած ծրագրին մէջ տակաւին այս կէտը կը մնայ անորոշ:
Քաղաքական կացութիւնը կը մնայ նոյնքա՛ն բարդ։ Իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին Հարաւի վրայ: Հըզպալլա կը մերժէ զինաթափուիլ՝ հակառակ կառավարութեան որոշումներուն, իսկ 2026-ի մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան երեսփոխանները դարձնել պահպանողական ու զգոյշ անհրաժեշտ բարեփոխումները որդեգրելու։
Թէեւ վերջին ամիսներուն օրէնսդրական որոշ քայլեր առնուեցան, ինչպէս դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքի փոփոխութիւնը եւ դրամատուներու վերակազմակերպման նոր օրինագիծը, IMF մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ այս նախաձեռնութիւնները չեն համընկնիր միջազգային ընդունուած կիրառութիւններու եւ չեն ապահովեր շահերու հակադրութիւնները կանխելու անհրաժեշտ միջոցները։
Լիբանանի ապագան պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, թէ արդեօք նոր ծրագիրը պիտի յաջողի՞ վերածուիլ համապարփակ տնտեսական փրկութեան եւ ծառայել որպէս երկարաժամկէտ կայունութեան հիմք, թէ՞ քաղաքական շահերը դարձեալ պիտի խոչընդոտեն ժողովուրդին սպասած լուծումները։
Վ.Թ.


