«Մարդը Աթլանթիսէն». Գեղարուեստական գեղեցկութիւն մը «աղբանոցին» մէջ

Բեմադրիչ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեան
Բեմադրիչի օգնական եւ բեմավար՝ Փաթիլ Գուլաճեան
Տարազի ձեւաւորում՝ Անի Յովսէփեան
Երաժշտութեան ընտրութիւն՝ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան

 

Ներկայացումը աւարտելէ ետք, յարգելի բարեկամ մը արդարօրէն ըսաւ. «Գեղարուեստական երեկոյ մըն էր»:

Այս պարզ արտայայտութիւնը լաւագոյնս կ’արտայայտէ այն ամբողջ ոգին, զոր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը փոխանցէր Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ Վաչէ Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղի ներկայացման առիթով։ Գեղարուեստական էր ամէն ինչ՝ բեմայարդարումը, խաղարկութիւնը, երաժշտութեան ընտրութիւնը, լոյսի խաղերը եւ ներկայացման ամբողջ կշռոյթը։

Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան յաջողած էր Վաչէ Ատրունիի գործը վերածելու բեմական տեսիլքի, ուր պատրանքն ու իրականութիւնը կը խառնուէին, ծիծաղն ու ողբերգութիւնը կը միաձուլուէին՝ փոխանցելով ներքին լարուածութեամբ յագեցած հոգեմտաւոր աշխարհ մը։

Ներկայացումը բացուեցաւ խորհրդանշական ու բացատրական նախաբանով մը։ Թովմաս (Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, յետոյ՝ Զաւէն Պաաքլինի) բեմէն հանդիսականներուն ուղղելով իր խօսքը՝ audio-visual պատկերներով ներկաները ծանօթացուց կերպարներուն՝ ստեղծելով բեմ-հանդիսատես մտերմիկ կապ մը։ Այսպէս, ան հանդիսատեսը պատրաստեց մուտք գործելու ապսուրտի աշխարհէն ներս, որ քիչ ետք պիտի բացուէր մեր առջեւ։

Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն»-ը տեղի կ’ունենայ մոռցուած ու մերժուած վայրի մը՝ Էլ-Տօրատօ կոչուած աղբանոցին մէջ։ Հոն համախմբուած են զանազան պատճառներով ընկերութենէն շպրտուած եւ լքուած ու ճնշուած կերպարներ. իւրաքանչիւրը կ’ապրի իր իսկ ստեղծած պատրանքին մէջ:

Բեմայարդարումը այս մթնոլորտին հարազատ ցոլացումն է։ Հսկայ աղբանոցը՝ կազմուած կերպընկալ տոպրակներէ, տուփերէ, մետաղ աւելցուքներէ եւ գունաւոր կտաւներէ, վերածուած էր կէս իրական, կէս երազային տարածքի։ Այս խճողուած բեմը կը խորհրդանշէր մերժուածութեան աշխարհ մը, ուր մարդոց կեանքը խառնուած է իրենց թափած իրերուն։ Աղբանոցը միաժամանակ ապականութիւն է եւ ապաստան՝ խառնուրդ մը փլուզման ու գոյատեւման։ Լոյսերու նուրբ խաղով եւ բեմադրիչի սիւրիալիսթական հպումով՝ այդ աւերակներուն մէջ ծնունդ կ’առնէր խորհրդանշական գեղեցկութիւն մը, ուր անհեթեթը կը դառնար բանաստեղծական իրականութիւն։

Թովմասը՝ տարեց գիտնական մը, ինքզինք նոյնիսկ Նոպէլեան մրցանակակիր կը կարծէ, փախած է խենթանոցէն եւ կը փորձէ գիւտ մը ամբողջացնել՝ թռչող մեքենայ մը։ Գլարան (Դալար Արսլանեան), վաթսուն տարեկան կին մը, նախկին հաւաքարար, կը հաւատայ, թէ դերասանուհի մըն է եւ որ իր սիրելի Լորանս Օլիվիէն պիտի վերադառնայ։ Փասկալը (Մելիք Պետրոսեան), նախկին բռնցքամարտիկ մը, որ մրցակից մը սպանած է, քաւութիւն կը կը փնտռէ ինքզինք աղբանոցային կեանքի յանձնելով։ Պուզիկը (Անի Պարիկեան), երեսուներեք տարեկան աղջիկ մը՝ դեռ մանուկ հոգիով, կը հաւատայ, թէ իր հայրը թագաւոր մըն է, որ օր մը պիտի վերադառնայ։ Սօլօմանը (Ժան Պէքէրէճեան), կրկէսի մէջ թնդանօթէն արձակուող մարդ մը, որ դժբախտ պատահարով կորսնցուցած է գանկին վերի մասը, կը հաւատայ թէ Աթլանթիսէն է եւ պէտք է վերադառնայ իր կորուսեալ քաղաքը։

Այս բոլոր կերպարները կը բնակին աղբանոցին մէջ, որ իր երկակի իմաստով՝ իբրեւ ֆիզիքական տարածք եւ իբրեւ հոգեբանական խորհրդանիշ, դարձած է անդունդի եզրին գտնուող սահմանային վայր մը, ուր բնակիչները կը հանդիպին ոչ թէ ուրիշին, այլ իրենց մոռցուած եսին։

Յակոբ Տէր Ղուկասեանի թատերական մեկնաբանութիւնը այս գործին՝ նոր շունչ մը տուած էր անոր: Ան թատերախաղի ապսուրտ կառուցուածքին խառնած է սիւրրիալ երանգաւորումներ՝ աւելցնելով երազային խորք մը, որ կը հարստացնէր գործողութեան իմաստային տարածքը։ Երազային պատկերները, անսպասելի լռութիւնները եւ հեգնական շարժումները կը միանային իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ ստեղծելով մթնոլորտ մը, որ միաժամանակ ծիծաղելի է եւ վախազդու է։ Այս սիւրրիալիսթ շունչն էր, որ հանդիսատեսը կը մղէր կասկածի տակ առնելու իրականութիւնը եւ վերարժեւորելու կերպարներուն խենթութիւնը՝ որպէս գոյատեւելու միակ միջոց։

Ատրունիի այս թատերախաղին բոլոր կերպարները իրենց փրկութիւնը կը փնտռէին խաբկանքներու մէջ․ Թովմասը գիտական ճշմարտութեան, Գլարան փառքի եւ սիրոյ, Փասկալը մեղքի քաւութեան, Պուզիկը մանկական անմեղութեան, իսկ Սօլօմանը՝ կորուսեալ Աթլանթիսի։ Այս փնտռտուքը, անհեթեթիի լեզուով, կը վերածուի համամարդկային ողբերգութեան՝ ցոյց տալով, որ մարդը արարծը յաճախ կը կորսուի անիրագործելի երազներու եւ անկարելի յոյսերու հոլովոյթին մէջ։

Բեմադրութիւնը յատկապէս հարստացած էր երաժշտական ​​կտորներու գեղեցիկ ու տեղին ընտրութեամբ՝ շեշտելով ներկայացման գեղարուեստականութիւնը: Piazzolla-ի Oblivion-ի մելամաղձոտութիւնը եւ Chopin-ի Prelude No. 4-ի խոր ներհայեցողութիւնը կը բանային կարօտի եւ յուզումի շերտ մը։ Prokofiev-ի Dance of the Knights-ը կը բնութագրուէր իր տրամաթիք կշռոյթով մը, որ կ’ընդգծէր ցայտուն հակասութիւն մը, Verdi-ի Requiem-ը կը հնչէր որպէս ներքին ողբերգութեան արձագանգ, իսկ Yann Tiersen-ի La valse d’Amélie-ն կը բերէր քնքշութեան շունչ մը։ John Williams-ի Duel of the Fates-ը կ’եզրափակէր համանուագը հնչիւնային յագեցումով մը, որ կը բարձրացնէր ներկայացման ընդհանրական լարուածութիւնը։ Երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրութիւնը ոչ միայն կը զարդարէր, այլեւ կը մեկնաբանէր գործողութիւնը՝ թատերախաղը վերածելով հոգեմտաւոր համանուագի մը։

Դերակատարները ամբողջովին կը գործէին որպէս մէկ ներդաշնակ միաւոր՝ սիմֆոնիք նուագախումբի նման, թէեւ իւրաքանչիւր կերպար իր էութեամբ անջատ հերոս (գործիք) էր։ Դալար Արսլանեան Գլարայի կերպարին տուած էր ազնիւ տխրութիւն եւ տրամաթիկ ճշմարտութիւն։ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան (իր նախաբանով) եւ Զաւէն Պաաքլինի (կերպարին հոգեմտաւոր զարգացումով) ստեղծած էին երկու տարբեր, բայց համահունչ Թովմասներ՝ խենթ գիտնականներ, որոնք միաժամանակ ծիծաղելի են եւ ցաւալի։ Մելիք Պետրոսեան եւ Անի Պարիկեան մարմնաւորած էին Փասկալն ու Պուզիկը՝ սիրոյ եւ մեղքի խառնաշփոթ մը, իսկ Ժան Պէքէրէճեան Սօլօմանին մէջ յաջողած է համադրել մանկական անմեղութիւնը եւ խենթ հաւատքը։ Բոլոր դերակատաները լաւապէս կ’օգտագործէին մայմը՝ դէմքի արտայայտութիւններ եւ ձեռքի շարժումներ, բայց Ժան Պէքէրէճեան յաճախ միայն այդ միջոցով կ’արտայայտէր իր ներքին զգացումները ու կը գրաւէր հանդիսատեսը:

Լոյսի խաղերը նրբօրէն կը շեշտէին կերպարներու հոգեվիճակները, իսկ շարժումներն ու լռութիւնները կը հետեւէին բեմադրիչի խստօրէն կարգաւորուած կշռոյթին։ Գործողութեան բոլոր տարրերը՝ ձայնէն մինչեւ լոյս, համադրուած էին իբրեւ ամբողջական համանուագ մը։

«Մարդը Աթլանթիսէն» միայն թատերական ներկայացում մը չէր․ ան նոր փորձառութիւն մըն էր, որ կը մղէր հանդիսատեսը ոչ միայն դիտելու, այլեւ ունկնդրելու եւ ապրելու՝ գեղարուեստականօրէն հաճոյանալու՝ թատերասէրին պարգեւելով «գեղարուեստական գեղեցիկ երեկոյ մը»:

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x