Հրաւէր մը խորանալու ժամանակակից մարդու ներաշխարհին մէջ՝ «Մարդը Աթլանթիսէն»

Վաչէ Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատերախաղին գործողութիւնները տեղի կ’ունենան մոռցուած ու մերժուած վայրի մը՝ Էլ-Տօրատօ կոչուած հսկայական աղբանոցին մէջ։ Ահա այս սոսկալի, բայց նաեւ խորհրդանշական բեմին վրայ կը հանդիպին լքուած ու ճնշուած կերպարներ, որոնք տարբեր պատճառներով դուրս մղուած են արտաքին աշխարհէն եւ այժմ կ’ապրին ապականութեան ու պատրանքի մէջ:

Գլխաւոր կերպարները կը պատկանին այս խճանկարին։ Թովմասը, տարեց գիտնական մը, իր ըսելով՝ նոյնիսկ Նոպէլեան մրցանակակիր մը, փախած է խենթանոցէն եւ հիմա տանջահար կը փորձէ գիւտ մը ամբողջացնել՝ թռչող մեքենայ մը։ Իր գիտական ճառերը ժամանակի եւ տարածութեան մասին կիսատ-պռատ իմաստութիւններ են, որոնք աւելի կը բացայայտեն անոր խելագարութեան չափը։ Գլարան, վաթսուն տարեկան կին մը, ժամանակին թատրոնի հաւաքարար, կը շարունակէ ապրիլ այն պատրանքը, թէ ինք դերասանուհի մըն է եւ իր մեծ սիրոյն նուիրեալը՝ Լորանս Օլիվիէն, իր կողքին պիտի կանգնի։ Անոր մենախօսութիւնները երբեմն կ՚առաջացնեն ողբերգական տպաւորութիւն, երբեմն ծիծաղելի։ Փասկալը՝ նախկին բռնցքամարտիկ մը, որուն ձեռքով ակամայ սպանուած է մրցակիցը, իր մեղքը կը փորձէ ծածկել աղբանոցային գոյութեամբ։ Պուզիկը կ’ապրի Փասկալին հետ՝ երեսուն երեք տարեկանի հասած, բայց դեռ տասնըերեք տարեկան մանուկի նման աղջիկ մը, որուն Փասկալ հաւատացուցած է, թէ իր հայրը թագաւոր է եւ օր մը պիտի վերադառնայ։ Իսկ Սօլօմանը՝ կրկէսի մէջ թնդանօթէն արձակուող մարդ մը, որ դժբախտաբար զարնուած է կրկէսի սիւներէն մէկուն եւ կորսնցուցած գանկին վերեւի կափարիչը, կը հաւատայ թէ ինք Աթլանթիսէն է եւ պէտք է վերադառնայ այդ կորուսեալ քաղաքը։

Այս կերպարները, իւրաքանչիւրը իր ցնորքով, կ՚ապրին աղբանոցին մէջ, որ կը դառնայ ոչ միայն ֆիզիքական միջավայր, այլ նաեւ խորհրդանիշ մը՝ ընկերութեան կողմէ մերժուած ու մոռցուած մարդոց։ Յիշողութեան խարխափումները, երազային պատրանքները եւ անհեթեթ երկխօսութիւնները կը ստեղծեն տժգոյն, բայց նաեւ գեղարուեստական մթնոլորտ մը, ուր ծիծաղն ու ողբերգութիւնը կը միաձուլուին։

Ատրունիի թատերախաղը լուսարձակի տակ կ’առնէ պատրանքին եւ իրականութեան բախումը։ Հիմնուելով նորարարական-փորձարարական (avant-garde) եւ անհեթեթի (absurdist) թատրոնի սկզբունքներուն վրայ, Ատրունի կը ներկայացնէ կերպարներ, որոնք կ’ապաւինին խաբկանքներու՝ իրենց գոյութիւնը տանելի դարձնելու համար։ Իւրաքանչիւր կերպար որոնող մըն է․ Թովմասը գիտական ճշմարտութեան, Գլարան՝ փառքի եւ սիրոյ, Փասկալը՝ մեղքի քաւութեան, Պուզիկը՝ մանկական երազի, իսկ Սօլօմանը՝ անհաս Աթլանթիսի։ Այդ փնտռտուքը սակայն կը բացայայտէ աւելի խոր ճշմարտութիւն մը՝ մարդուն կեանքը ինքնին կ’անցնի կորսուած յոյսերու ու անիրագործելի երազներու ընդմէջէն։

Այսպիսով, «Մարդը Աթլանթիսէն» կը դառնայ երգիծական, բայց նաեւ՝ ողբերգական վկայութիւն մը մեր ժամանակներուն մասին։ Անեթեթի եւ հեգնանքի միջոցով, Վաչէ Ատրունի ոչ միայն կ՚արտացոլէ ճակատագրով մերժուած անհատներու հոգեվիճակը, այլ նաեւ ամբողջ ընկերութեան հոգնածութիւնն ու հոգեմտաւոր դատարկութիւնը։

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի այս ներկայացումը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, բացառիկ առիթ մըն է տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս անհեթեթն ու ողբերգութիւնը, ծիծաղն ու ցաւը կը միանան կենդանի բեմին վրայ։

«Մարդը Աթլանթիսէն» չի բաւարարուիր միայն պատմութիւն պատմելով․ ան կը փոխանցէ փորձառութիւն մը, որ միաժամանակ մտային է ու զգացական։ Թատերախաղը  նաեւ ժամանակակից մարդու հոգեվիճակին դրսեւորումն է: Մեր օրերուն եւս, մարդիկ կ’ապաւինին պատրանքներու՝ առօրեայ ճնշումները դիմագրաւելու, ընկերային մերժումները յաղթահարելու կամ կորսուած երազները վերագտնելու յոյսով։ Այս կերպարներուն խաբկանքները կը դառնան հայելին ժամանակակից մարդուն, որ նոյնպէս կը տառապի ապակողմնորոշումէ ու կը փնտռէ ապագայի նոր իմաստ մը։ Ներկայացումը հանդիսատեսը կը մղէ խորանալու կերպարներու ներաշխարհին մէջ, կիսելու անոնց խաբկանքներն ու տագնապները, բայց նաեւ վերապրելու այն բացառիկ ուժը, որ միայն թատրոնը կը փոխանցէ՝ իր անմիջականութեան եւ կենդանի շունչին ու ուժին շնորհիւ։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x