Խորովածի եւ ճաշկերոյթի հայրենասիրութիւն՝ Հայաստանէն սփիւռք

Ընդունուած իրողութիւն է, որ «սէր» եւ «ճշմարտութիւն» բառերը շատ անորոշ են ու ենթակայ նենգափոխման։ Շատ անգամ «սէր» կրնայ նշանակել ամէն ինչ, եւ շատ պարագաներու մէջ ամէն ինչ կրնայ ներկայացուիլ իբրեւ «ճշմարտութիւն»։ Խնդիրը մեկնաբանութեան հարց է։ Բայց, մեկնաբանութենէ անկախ՝ կեղծը կը մնայ կեղծ, իսկ սուտը իրական չի դառնար, թէեւ կայ վտանգը որոշ ժամանակ տռփանքը ներկայացնելու որպէս սէր եւ կեղծիքը՝ ճշմարտութիւն։

Հայաստանի մէջ հայրենասիրութիւնը այդ մակարդակը ունի։ Արդէն ամբողջովին հասկնալի չէ, թէ ի՞նչ է հայրենասիրութիւնը ու ինչ հասկնալ անով։ Մէկուն համար հայրենասիրութիւնը միայն սահմանին վրայ կռուիլն է, միւսին համար՝ զինուորական զգեստներով լուսանկարուիլը։ Ոմանք ալ կրնան որոշ աղբահաւաքութեան աշխատանքներ կատարել ու լուտանքներ նետել միւս բոլորին հասցէին, որ նման բան չեն ըներ։ Մարդոց տեսակ մըն ալ կայ, որ հայրենասիրութիւնը ողբի ու բանաստեղծութեան, երգի ու պարի առիթ է։ Նոյն այդ վերջին տեսակն է ամենէն տարածուածն ու ամէնէն անհեթեթը։

Քանի որ նորագոյն արհեստագիտութիւնները այժմ առիթ կու տան արագ համբաւ ու ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու, ապա հայրենասիրութիւնն ալ դարձած է անոր համար կիրառուող անփոխարինելի գործիք մը։ Մարդիկ բանաստեղծութիւններ կը գրեն հայրենասիրական թեմաներով, կ’երգեն, տեսագրութիւններ կը նկարեն, կամ ալ կը հայհոյեն միւս բոլորին՝ հայրենասիրական մղումներով՝ բնականաբար։ Այդ բոլորին անպակաս ընկերն է ամէն յիմարութիւն որպէս ազգային արժէք ներկայացնելն ու պահպանելը։ Յատկապէս երգ-երաժշտական տեսահոլովակներու կամ ներկայացումներու մէջ, երբ այդ մէկը պատրաստողին եւ կատարողին մօտ հասած է գագաթնակէտին, անոնք կ’որոշեն իրենց երգն ու տեսահոլովակը դարձնել «Ազգագրական Հանդէս», բայց փոխարէնը կը ստանան անհասկնալի բան մը։ Տեսահոլովակներու ճնշող մեծամասնութեան մէջ, Հայաստանն ու ազգագրական տարրերը ուտել-խմելէ եւ իբրեւ թէ Քոչարի պարելէ անդին չեն երթար։

Կարելի է ենթադրել, թէ հայ ազգը իւրայատուկ ազգ մըն է, որուն գլխաւոր արժէքները խորովածը, դուդուկը, կաթն ու մածունն են՝ լաւաշով եւ այդ ազգին գլխաւոր հերոսները մատի վրայ կը հաշուըուին՝ անվերջ կուժերով ջուր բերող աղջիկը, մշտապէս եզներով հողը հերկող երիտասարդը եւ անդուլ իմաստութեան տէր մէկ-երկու ծերունի-նահապետներ, քանի մը չախմախաւոր հրացանով երիտասարդ, որոնք ծոպերով գօտիներ ունին ու անպայման՝ ճակատի փաթթոց, որ արդէն հասկնալի չէ, թէ ինչ բանի համար է։ Զգեստաւորումն ալ համահունչ է․ անհասկնալի որեւէ նախշեր կը հագուին որպէս «ազգային տարազ»՝ նոյնիսկ չպատկերացնելով, թէ ինչ է տարազը, յատկապէս ո՞ր տարածաշրջանի ու ժամանակաշրջանի տարազն է:

Ազգը դարձուցած են խեղկատակ ու կը վաճառեն պլոկներու եւ տեսահոլովակներու մէջ:

Այս «կաթ-մածուն» հայրենասիրութեան ու հայրենաճանաչութեան ողբալի հետեւանքներէն մէկը այն ազդեցութիւնն է, որ կը ձգեն իրենց շրջապատին վրայ։ Հայերը չճանչցող որեւէ մէկը կը կարծէ, թէ անոնք ոչ թէ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն են, այլ ամենալաւ խորոված պատրաստողները, ջուր բերողն ու քոչարի պարողները։ Ի դէպ, քրիստոնէութիւնն ալ մեր ներկայացումներուն ու տեսահոլովակներուն մէջ ընդամէնը մէկ այլ հետաքրքական երանգ է, ոչ աւելին։

Այս բոլոր անմտութեան գլխաւոր պատճառը հայրենիքն ու սեփական ազգը չճանչնալն է, անոր պատմութիւնը չգիտնալը։ Չգիտնալը, թէ ո՞վ է հայը ու որո՞նք են անոր արժէքները։ Ու այդ պարագային միայն ճաշը, մէկ երկու կիսատ-պռատ «տարազները» ու ի հարկէ քոչարին։ Մնացածը՝ զէրոյ։ Ոչ թէ ազգային երգ ու պար, այլ նորաբաց ուտելիքի կրպակի համար է կարծես։ Ոչ մէկ խորք, ոչ մէկ ոգեշնչում, չես հանդիպիր Վարուժանի այն ոգեղէն բոցաշունչ հայրենասիրութեան, չես հանդիպիր Սիամանթոյի ըմբոստութեան կամ Պեշիկթաշլեանի կոչերուն։ Ընդամէնը աժան վարձքով հագուստներ, ուտել-խմել ու վերջ։ Ինչի մասին կը խօսէին անոնք, ու ինչի մասին կը խօսին մերօրեայ պնակալէզերը։

Հայրենասիրական ամբողջ պարտականութիւնը կատարուած է։ Ու հիմա արդէն ամէն ինչ հայրենասիրութիւն է, ամէն ինչ, ներառեալ՝ անտաղանդ չափածոներ գրելն ու տարածելը։ Հայրենասիրութիւն է նաեւ մուղամն (արեւելեան ժողովրդական տխուր մեղեդին) ու բայաթին (ողբերգական բանաստեղծութեան տեսակ մը)։ Կարեւորը հայ զինուորի նկար կայ, նախընտրելի է զինուորական պանթէոնի նկարներով։ Այդ արդէն հաստատ երաշխիք է, որ քեզ չեն քննադատեր, որովհետեւ եթէ քննադատեն, ուրեմն զինուորին կերպարը՜ չեն հաւնած։ Իսկ այդ մէկը արդէն ազգային դաւաճանութիւն է։

Վերջերս, սեպտեմբերի 27-ն էր՝ 44-օրեայ պատերազմի սկսման օրը։ Մեր լէշակերն ու դիավաճառները մօտ ամիս ու կէս ժամանակ ունին նահատակուած զինուորիներու նկարներով յիմար ողբ գրելն ու տարածելը, մեկնաբանութիւններուն մէջ ալ՝ «ապրի՛ս հայրենասէր» ոճի արձագանգ ստանալով։ Հայրենասիրութեան անուան տակ սեփական ֆեյսպուքի, ինսթակրամի էջերու զարգացումն ու YouTube-ի ալիքներու աճն ալ արդէն հաստատուած գործարարութիւն է։ Պատերազմի օրերուն ալ շատերը նման ձեւերով կարողացան հետեւորդներ հաւաքել։ Պատերազմը աւարտեցաւ, հետեւորդները մնացին։

Ահա այսպէս։

Չկայ յարգանք անցեալի ու ներկայի հանդէպ, չկայ յարգանք ապագայի նկատմամբ։ Կայ մեծ ընգծուած գռեհկութիւն մը ու խոհանոցային հայրենասիրութիւն մը։ Եթէ կը սիրես հայրենիքը, ապա խմէ՛։ Դեռ վերջերս էր կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հայաստանի պատուին չխմելը ծեծկռտուքի ու սպանութեան պատճառ դարձած էր հայերու միջեւ։

Այս ցանցային քաղցր-մեղցր հայրենասիրութեան միջավայրին մէջ, ու՞ր է Հայաստանը։ Ու՞ր է հայոց պատմութիւնն ու ապագայէն-անցեալ երկարող թելը, որ կը բարակնայ օրէ օր։ Մեզի կը բաւարարէ՞ այս բոլորը։ Մենք գո՞հ ենք, որ մեր բանաստեղծ-երգիչ(ուհի)ներու եւ մնացեալներուն ձեռքով ժողովուրդին մեծ մասը պատերազմէն, քեպապէն ու սխտոր-մածունէն անդին ոչինչ կը տեսնէ։ Մենք գո՞հ ենք, որ մեր իսկ ձեռքերով մեր ժողովուրդը կը վերածենք լեռնային ինչ որ ցեղի մը ու դեռ ալ ներողամտօրէն թոյլ կու տան մենք զմեզ գովելու մեր այս անսահման հայրենասիրութեան համար։

Աւելի դատարկուած ու բռնաբարուած բառ հայերէնի մէջ տակաւին չէ եղած։ Հայրենասիրութիւնը այսօր դիմացինին հայհոյելու մեթոդ է նաեւ, բայց ոչ լուռ աշխատանք, կրթութիւն, գիտութիւն, արտադրութիւն  եւ այլն։ «Հերիք եղաւ» պիտի առարկեն շատեր, -«ամէն բանէ պէտք չէ դժգոհիլ, ժողովուրդին երգ ու պար նաեւ պէտք է, ուրախութիւն»։ Այո՛, բայց խորովածի մասի՞ն։ Նայեցէք մեր բանաստեղծութիւններու ու տեսահոլովակներու թեմաներուն՝ կարծես խոհանոցային հաղորդում ըլլան։ Չեմ ըսեր խորհրդային ոճով քառեակներ ձօնել գործարաններուն (թէեւ գործարան ալ չունինք), բայց երգն ու պարը այն ոգեղէնի մարմնացումն է, որ սիրտէն կը բխի, ոչ թէ ստամոքսէն կամ այլ տեղէ։ Երգը մարդու վիշտերուն, ուրախութեան մարմնացումն է, եւ արժէք է այնքանով, որ իր մէջ ունի հիմքային պատճառ կամ հետեւանք, այլ ոչ թէ ծափ-ծիծաղ։ Ու պէտք չէ ամէն աղբ մատուցել որպէս «ժողովրդական երգ» եւ ամէն երգող կոչել «աշուղ»։ Կոմիտասի մօտ երբեք չես գտներ երգ մը, որուն իմաստը զուտ թարմ ուտելիքի մասին ըլլայ։ Ուտելիքը կարելի է նշել երգի մէջ, ակնարկ մը, ուղեկցող, բայց ո՜չ իմաստն ու հիմնական ըսելիքը։ Եւ այդ մէկը ոչ մէկ ձեւով պէտք է ծախել որպէս հայրենասիրութիւն։ Այդ երբուընէ՞ ազգային ինքնագիտակցութիւնը սահմանափակուեցաւ շուկայական չափանիշներով։

Մոլլայ Նասրետտինի ու Լէնկ-Թիմուրի մասին դրուագ մը կը պատմուի, որ երբ Թիմուրը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ սարսափելի պատիժ կրնաս յօրինել բամբասողներու համար, Նասրետտին կ’առաջարկէ կտրել անոնց բամբասանքը լսողներու ականջները։ Աւելի լաւ առաջարկ պարզապէս կարելի չէ ընել։ Որովհետեւ այս հայրենասիրական աղբանոցին հետագայ աճը միայն ու միայն անոնց լսողներով ու խրախուսանքով թելադրուած է ու ոչ ոք այլեւս իր ծափ-ծափիկը կամ էրոթիք տարազը կամ ալ հողագործ-ռանչպարի կերպարը չի կրնար անվերջ ծախել մարդոց որպէս ազգագրական նիւթ։

Բայց միայն մակարդակի բարելաւման պարագային։ Քանի դեռ այսքան վար կ’ուզենք տեսնել մենք զմեզ, կ’ուզենք անխելք ու անմիտ մնալ, քանի դեռ գաղափարը մեր մէջ չէ զարգացած, քանի դեռ հայրենիքը այսքան վատ կը ճանչնանք, քանի դեռ գոհ ենք այս բոլորէն, հայրենասիրական այս լաւաշն ու տոլման տակաւին պիտի ծաղկին մեր մէջ, որովհետեւ երբ կ’ապրիս փորի համար, միակ մտածող օրկանը կը դառնայ ստամոքսը։

Յ․գ․ Երեւանի մէջ նոր թանգարաններ, դպրոցներ չեն բացուիր, փոխարէնը քաղաքը իսկական ուտելիքի ցանց կը յիշեցնէ՝ անվերջ ճաշարաններով, խորովածանոցներով ու այլ նման բաներով, որոնց վրայ մեծահոգաբար կը զետեղեն Արեւմտեան Հայաստանի կամ Արցախի որեւէ վայրի անուն։

Երեւան, սեպտեմբեր 2025

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x