ԿԵԱՆՔԸ՝ Ծնունդ է…
Արեւ մը կ՛ելլէ հոգիին մէջ,
անտեսանելի ձեռքեր կը բացուին,
մարդը կը ծնի մարդ։
Տէրը շունչ կու տայ, օրհնութիւն կը սփռէ։
Առանց հոգիի՝ հող է ու մարմին,
հոգիով՝ կը բաբախէ ԿԵԱՆՔ անմահ ։
ԿԵԱՆՔԸ՝ Ապրում է…
Ապրիլ է պէտք կեանքը՝
ինչպէս աղբիւրը առատ,
ինչպէս ծառը կենարար,
ինչպէս անձրեւը օրհնաբեր։
Ապրիլ ուրախութեամբ,
ապրիլ գոհունակութեամբ,
ապրիլ անձնուէր՝
որ ճշմարիտ ապրինք ԿԵԱՆՔԸ մեր։
ԿԵԱՆՔԸ՝ Հնազանդութիւն է…
Հնազանդիլ –
ոչ թէ կապանքով,
այլ լոյսին՝ յաւիտենական։
Հնազանդիլ՝ ընկալելով,
ընդունելով, համոզուելով։
Երբ սիրտդ խաղաղի, կը վստահիս Տիրոջը,
ու կեանքդ կ՛ըլլայ վստահութիւն։
ԿԵԱՆՔԸ՝ Հաւատք է…
Հաւատալ՝ ինչպէս արմատները հողին,
հաստատօրէն, խորապէս։
Հաւատալ՝ ինչպէս ծովը իր ափերուն,
ամբողջութեամբ, անվերջ։
Հաւատալ սիրով, սպասումով, գործով,
հաւատալ՝ քայլ առ քայլ Տիրոջ ճամբով։
ԿԵԱՆՔԸ՝ Ծառայութիւն է…
Ծառայել՝ որպէս ճրագ մութին մէջ։
Ծառայել սրտով՝ գթութեան աղբիւր։
Ծառայել մտքով՝ խաղաղութեան ուղի։
Ծառայել հոգիով՝ անսպառ հաց։
Ծառայել սիրով՝ եւ կը դառնաս լեցուն։
ԿԵԱՆՔԸ՝ Սէր է…
Սէր՝ որ կը բաբախէ սրտիդ մէջ,
սէր՝ որ կը բոցավառէ հոգիդ։
Սէր՝ որ կը գրկէ բարեկամն ու թշնամին։
Սէր՝ որովհետեւ ամէն ինչ կը բխի Տիրոջմէ։
Սէր՝ այնպէս, ինչպէս կը սիրես զինք։
Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան



