Չարլի Քըրքի սպանութիւնը զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ գաղափարախօսական բեւեռացումի նշան

Արթիւր Սվազ

Լիբանանի փոթորկաշունչ քաղաքական կեանքը, մեր մտաւոր մոլորութիւնը՝ առօրեայի տաղտուկին ու վազքին միաձուլուած, յաճախ մեզ կը բաժնէ քաղաքական ՄԵԾ թատերաշխարհէն։ Կ’ենթադրեմ, թէ գիտէք կամ լսած էք Չարլի Քըրքի մասին, ամերիկացի քաղաքական գործիչ եւ հանրային դէմք մը, հիմնադիրը Turning Point USA անունով կազմակերպութեան, որուն նպատակը պահպանողական գաղափարներ տարածել էր համալսարաններու մէջ։

Իմ խելախօսիս մէջ, երբ երբեմն ժամեր կ’անցընէի Instagram-ի ռիլերը (Reels) դիտելով, պատահաբար կը հանդիպէի Չարլի Քըրքի քարոզներուն։ Ռիլ ռիլի ետեւէ, քանի մը վայրկեանները կը վերածուէին կէս ժամի՝ անիմաստ բանավէճերով լեցուն։ Իր չափազանց համոզիչ խօսելաձեւով, իր պահպանողական տափակ բարոյագիտութեամբ, իր աշխարհէն դուրս փիլիսոփայութեամբ եւ մշտական հեգնական ժպիտով՝ ան կը բանավիճէր ազատական երիտասարդ ուսանողներու հետ, զանոնք կը զայրացնէր եւ կը գրաւէր բոլորին ուշադրութիւնը՝ թէ՛ համալսարաններու մէջ եւ թէ՛ ընկերային ցանցերով։

Դժուար էր համաձայնիլ Չարլիի հետ, կամ տրամաբանելու ճիգ ընել զինք հասկնալու։ Ան կը քննադատէր պետական միջամտութիւնը տնտեսութեան մէջ։ Կը հաւատար, թէ երիտասարդ սերունդը պէտք է թրծել պահպանողական արժէքներով, կրօնական համոզումներով, ազգային պատկանելիութեամբ եւ աւանդական ընտանիքի գաղափարներով։ Ան կը շեշտէր ամերիկեան համալսարանական կրթութեան բացասական կողմերը՝ պնդելով, թէ անոնք վերածուած են գաղափարախօսական կեդրոններու, ուր ուսանողները հիմնականօրէն կ՚առաջնորդուին «ազատական» կամ «յառաջադիմական» ուղղութիւններով։

Վերջին տարիներուն, ան կը կարեւորէր քրիստոնէական ազգայնականութեան գաղափարները՝ բացատրելով, թէ Միացեալ Նահանգները հիմնուած է քրիստոնէական արժէքներու վրայ, եւ թէ երկրի հասարակական ու քաղաքական կեանքը պէտք է շարունակէ առաջնորդուիլ Սուրբ Գիրքի սկզբունքներով։ Ճառեր կ’արտասանէր թէ ինչու վիժումը (abortion) ծանր յանցանք մըն է, աններելի բան մը։

Տնտեսական դիտանկիւնէն, ան կը հաւատար, թէ դրամատիրութիւնը մարդուն կու տայ ազատութիւն, անձնական պատասխանատուութիւն, եւ զայն կը նետէ ինքնաճանաչման ասպարէզի մէջ, ուր իւրաքանչիւր անձ իր սեփական ջանքերով եւ շնորհքով կրնայ որոնել ու գտնել իր յաջողութիւնը։

Ան ծայրայեղօրէն կողմանակից էր իսրայէլի՝ յաճախ պնդելով, թէ պաղեստինեան պետութիւն գոյութիւն չունի եւ երիտասարդները կը հրաւիրէր ապացոյցներով փոխելու իրենց կարծիքը։ Որպէս հաւատարիմ կողմնակից Թրամփի՝ ան Իսրայէլը կը ներկայացնէր իբրեւ բարութեան եւ սիրոյ դեսպան, իսկ Պաղեստինի մէջ կատարուող կոտորածներու եւ արիւնահեղութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը բեռցնէր Համասի վրայ։

Կը կազմակերպէր բանավէճեր միասեռականութեան, ցեղապաշտութեան եւ զէնքի սեփականութեան խնդիրներու շուրջ։ Շատ ուրիշ թեմաներ եւ գաղափարախօսութիւններ կը վերածէր բանավէճի առարկայ, «ամերիկեան արժէքներ»ը աւետարանելու, տարածելու նպատակով։

Չարլին, ծայրայեղ աջակողմեան քաղաքական գործիչ մը, սպանուեցաւ 10 սեպտեմբեր 2025-ին Եութա նահանգի Utah Valley համալսարանին մէջ բանավէճի մը ընթացքին։ Գործիչ մը՝ որ կը պայքարէր զէնքի սեփականութեան իրաւունքի եւ գործածելու ազատութեան ի խնդիր, իր մահուամբ կարծէք մարմնաւորեց իր սեփական գաղափարախօսութիւնը։ Երեւոյթ մը՝ որ որոշ ենթադրութիւններու առիթ կը ստեղծէ։ Հանրապետականները, պահպանողականները եւ անոնց կազմակերպութիւնները  անոր սպանութիւնը կը տեսնեն որպէս քաղաքական բռնութիւն եւ ազատ խօսքի դէմ աքթ մը։

Շատեր, որոնք նոյնիսկ թունդ դէմ էին եւ ատելութեամբ լեցուած անոր հանդէպ, մերժեցին սպանութիւնը համարել դրական՝ նշելով, որ վերջապէս ան մարդ է եւ ընտանիքի հայր, եւ արժանի չէ մեռնելու՝ ծայրայեղ կարծիքներ ունենալու պատճառով։ Իսկ ուրիշներ սպանութիւնը վերածեցին խրախճանքի՝ մտածելով թէ Չարլին արժանի էր այս տեսակ ճակատագրի։ Անոր սպանութիւնը վերածուեցաւ խորհրդանշական դէպքի մը, որու շուրջ տարբեր տեսակի բարոյական եւ քաղաքական կարծիքներու տէր մարդիկ դէպքը մեկնաբանեցին ըստ իրենց համոզումներուն եւ գաղափարներուն։

Չարլի Քըրքի յիշատակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2025-ին, State Farm Studio-ին մէջ, Glendale, Արիզոնա։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան աւելի քան 90.000 հոգի, որոնց շարքին նախագահ Տոնալտ Թրամփ, փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանս, Չարլիի կինը՝ Էրիքա Քըրք։ «Չարլի Քըրք քաջ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, ան ճշմարիտ գործ կատարեց»։ Այս տողերը արտասանեց Տոնալտ Թրամփ, յիշատակի արարողութեան ընթացքին։

Երբեք չէի պատկերացներ, որ մէկը՝ որուն շաբաթը քանի մը անգամ Instagram-ի մէջ կը հանդիպէի եւ կը համարէի աննշան մարդ մը, կրնայ այսքան աղմուկ եւ լարուածութիւն յառաջացնել։ Այս սպանութիւնը կա՛մ պիտի մոռացուի շատ շուտով, կա՛մ ալ դուռ պիտի բանայ երկարատեւ բանավէճերու՝ հակադիր խումբերուն միջեւ։

Պէտք է սպասել եւ տեսնել։

Արթիւր Սվազ

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x