Լոնտոն գտնուող ապահովական, ռազմավարական եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու ՆԷՍԹ (NEST) կեդրոնը վերջերս հրապարակեց տեղեկագիր մը՝ «Ռուսիոյ ազդեցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագրով (Տեղեկագրին ամբողջութիւնը տեսնել յօդուածի աւարտին, PDF տարբերակով)։ Տեղեկագիրը պատրաստած է Ճոն Լաֆ (NEST-ի կողմէ), մասնակցութեամբ՝ վրացի փորձագէտեր Վալերի Չեչելաշվիլիի, Թէմուր Քեքելիձէի եւ Նոտար Խարշիլաձէի, որոնք փորձառու դիւանագէտեր եւ ապահովութեան մասնագէտներ են՝ երկարամեայ փորձառութեամբ արտաքին քաղաքականութեան, պաշտպանութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ու ԵՄ-ի հարցերու: Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղեկագրին հիմնական եզրակացութիւններն ու միտքերը։
Հարաւային Կովկասը երկար ատեն նկատուած է որպէս Ռուսիոյ «ազդեցութեան շրջանը»՝ տարածք մը, ուր Մոսկուա իր գերիշխանութիւնը կը պարտադրէր զինուորական ներկայութեամբ, տնտեսական ճնշումով եւ ապահովութեան երաշխաւորումներով, որոնք յաճախ չիրականացան։ Սակայն վերջին իրադարձութիւնները՝ 2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմը եւ 2022-ին Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա, խիստ տկարացուցին այդ հեղինակութիւնը։ Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, որ Ռուսիոյ հաւաստիութիւնը որպէս կայունութեան երաշխաւոր, խորապէս խախտած է։
Ամենէն ցայտուն օրինակը այսօր Հայաստանն է։ Միշտ տեղեկագրին համաձայն, Մոսկուայի ձախողութիւնը վճռականօրէն միջամտելու Արցախի պատերազմներուն, լքուածութեան զգացում մը ձգած է Երեւանի մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ գրեթէ ամբողջովին Ռուսիայէն կախեալ Հայաստանը, այսօր կը փորձէ վերանորոգել իր արտաքին քաղաքականութիւնը՝ խորացնելով կապերը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ։ Այս շրջադարձը, ըստ տեղեկագրին՝ թէեւ տակաւին խոցելի ու անփորձ, խորքային փոփոխութիւն մըն էր այն երկրին համար, որ երկար տարիներ Մոսկուայի արբանեակներէն կը նկատուէր։
Անհամեմատօրէն նուազ խոցելի կը նկատուի Ազրպէյճանը։ Ըստ տեղեկագրին, Պաքու ամուր կը զգայ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական իր դաշնակցութեամբ, զինուորական յաղթանակներով եւ որպէս Եւրոպայի ուժանիւթ մատակարարողի իր դերով։ Հեռու մնալով ՆԱԹՕ-ի կամ ԵՄ-ի անդամակցութեան ընտրանքներէն, Ազրպէյճան կրցած է պակսեցնել իր կախեալութիւնը Մոսկուայէն՝ միաժամանակ խորացնելով համագործակցութիւնը Անգարայի հետ։ Այս հաւասարակշռող քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանը դարձուցած է համեմատաբար կայուն եւ տոկուն։
Վրաստանի ուղեգիծը, սակայն, աւելի մտահոգիչ կը թուի։ Տեղեկագիրը կը մանրամասնէ, թէ ինչպէս ժողովրդավարութեան նահանջը «Վրացական երազանք» կուսակցութեան օրով՝ թուլցուցած է երկրին Եւրոատլանտեան ձգտումները՝ զայն աւելի խոցելի դարձնելով Ռուսիոյ միջամտութեան։ Ըստ տեղեկագրին, քաղաքացիական հասարակութիւնը տակաւին կը մնայ ամուր պատուար մը Մոսկուայի քարոզչական ոտնձգութիւններուն դէմ, սակայն պետական հաստատութիւնները սկսած են տկարանալ՝ կասկածի տակ առնելով Վրաստանի երկարաժամկէտ ուղղուածութիւնը։
Կարկինը լայն բանալով, տեղեկագիրը նաեւ կը քննարկէ այլ ուժերու ներգործութիւնը շրջանին մէջ։ Թուրքիա կը ներկայանայ որպէս ամենէն աշխուժ խաղցողը՝ ամրապնդելով իր դերը որպէս Ազրպէյճանի մօտիկ դաշնակիցը եւ Մոսկուան հակակշռողը։ Իրանը, ընդհակառակը, կը մնայ աննախատեսելի եւ զգուշաւոր գործակից մը Ռուսիոյ համար, որովհետեւ ազրպէյճանաթրքական համագործակցութիւնը կը սահմանափակէ անոր ձգտումները շրջանին մէջ։ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը, թէեւ անկայուն եւ հակասական, կը նկարագրուին որպէս վճռորոշ դերակատարներ, որոնց Թուրքիոյ հետ համակարգումը կրնայ Ռուսիոյ լծակները զգալիօրէն թուլացնել։ Չինաստանն ալ ներկայ է՝ ոչ թէ որպէս աշխարհաքաղաքական մրցակից, այլ որպէս գործնական տնտեսական գործընկեր՝ յատկապէս «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան միջոցով։
Կ’արժէ լուսարձակի տակ առնել այն կէտը, որ տեղեկագիրը վերջին պատերազմները կը դիտէ որպէս շրջադարձային պահեր։ Արցախեան պատերազմները եւ Ուքրանիոյ պատերազմը ներկայացուած են որպէս արագացուցիչներ՝ Ռուսիոյ տիրապետութեան քայքայման։ Տեղեկագրին հեղինակները կը պնդեն, որ Ուքրանիոյ պատերազմին ելքը վճռորոշ պիտի ըլլայ՝ գիտնալու թէ արդեօք Մոսկուա կրնա՞յ վերահաստատել իր վերահսկողութիւնը, թէ Հարաւային Կովկասը պիտի շարժի դէպի աւելի բազմակեդրոն աշխարհաքաղաքական կարգավիճակ մը։
Ուսումնասիրութեան ուշագրաւ կողմերէն են անոր լայն ծիրը եւ հեռանկարային վերլուծումները։ Տարածաշրջանային զարգացումները կապուած են Եւրոատլանտեան ապահովութեան ընդհանուր մտահոգութիւններուն՝ իր հիմաւորումները կառուցելով առեւտրական տուեալներու, զինուորական պայմաններու եւ քաղաքական միտումներու վրայ։ Ամէն պարագայի, տեղեկագիրը յստակ արեւմտամէտ թեքում ունի․ երբեմն կը չափազանցէ Հայաստանի արագ վերակողմնորոշման գործնականութիւնը, կամ նուազագոյնի կ’իջեցնէ Վրաստանի ժողովրդավարական անկումի չափը։ Բաց աստի, տեղական ժողովրդային ձայներն ու տեսակէտները շատ ներկայ չեն. առաջնահերթութիւն տրուած է քաղաքական եւ դիւանագիտական վերնախաւերուն։
Այսուհանդերձ, տեղեկագիրը կը յաջողի ցոյց տալու, որ Հարաւային Կովկասը կը մտնէ նոր շրջան մը։ Ռուսիոյ հեղինակութիւնը կը տկարանայ, Հայաստան կը փնտռէ այլընտրանքներ, Ազրպէյճան կը հաստատէ իր անկախութիւնը, իսկ Վրաստան կը տատանի։ Արեւմտեան շրջանակներու համար այս վերլուծութիւնը թէ՛ զգուշացումներ կը բովանդակէ եւ թէ՛ հնարաւորութիւններ․ մէկ կողմէ՝ Ռուսիոյ ռեվանշիզմի հաւանականութիւնը, Իրանի խոչընդոտները եւ Վրաստանի նահանջը, միւս կողմէ՝ ուժանիւթի աղբիւներու բազմազանումը, նոր գործընկերութիւններու կարելիութիւնը եւ շրջանը Մոսկուայէն հեռու պակելու հնարաւորութիւնը:
Արդարեւ, «Ռուսիոյ ազդեցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները Հարաւային Կովկասին մէջ» տեղեկագիրը ժամանակակից եւ խորաթափանց ուսումնասիրութիւն մըն է․ ան ցոյց կու տայ, որ տարածաշրջանը այլեւս միայն կրաւորական դերակատար մը չէ, այլ կը վերասահմանէ իր դերը աշխարհաքաղաքական համաշխարհային քարտէսին մէջ։
NEST-Centre-Challenges-to-Russias-influence-in-the-South-Caucasus-1


