1993 դպրոցական տարեշրջանն էր. մեր աւարտական տարին: Այդ ժամանակ 11-րդ դասարանը երկրորդականի վերջին տարին էր. ունէինք երկու բաժանում՝ արուեստից եւ գիտական: Երկու բաժինները միասին ամավերջի հանդէս կ’ունենային, որմէ ետք արուեստից բաժնի մեր դասընկեր- դասընկերուհիները կը բաժնուէին մեզմէ ու դպրոցէն: Իսկ գիտական բաժնի աշակերտները, ինչպէս էր մեր պարագային, սովորաբար բոլորը կ’անցնէին 12-րդ դասարան: Սակայն կը պատահէր որ մեր դասընկերներէն ալ հեռացողներ ըլլային ճամբորդութեան կամ դպրոց փոխելու պատճառով: Երբեմն ալ ուրիշ դպրոցներէ նոր աշակերտներ կը միանային մեր խումբին: Այս երկրորդը աւելի կը պատահէր:
Ամավերջի հանդէսը մեզի համար ցնծութեան օր էր, որովհետեւ գիտէինք որ յաջորդ տարին դարձեալ պիտի հաւաքուէինք մեր նոյն, ջերմ ու մտերմիկ բոյնին մէջ, բայց միւս բաժինի աշակերտներուն համար՝ անոնց ուրախութեան հետ տխրութիւն եւ յուզմունք կը խառնուէր ու անոնց աչքերուն մէջ մերթ ընդ մերթ կը փայլէին արցունքի անմեղ կաթիլներ:
Վերջին զանգը շատոնց արդէն հնչած էր, անմեղ ու զարդարուն երազները հասած էին իրենց աւարտին: Սթափելու ժամն էր եւ ուրախ կանչերը դադրած էին: Պահն էր բաժանումի եւ հեռանալու սրտի ամենամօտ օճախէն՝ մեր մանկութեան թաղի դպրոցէն:
Այսպէս մենք անցանք 12-րդ դասարան: Հոն մեզի միացան չորս նոր աշակերտներ, ու այդպէս մեզի տուին ամենամեծ դասարանը, որ սովորական սենեակ մը չէր. ձմեռը սառնամանիք եւ երբեմն ալ տանիքէն անձրեւին ջուրը կը մտնէր ներս, ու գրատախտակին վրայէն վազելով կը ջնջէր հոն գրուածը. միայն արագ գրի առնողը կը յաջողէր ընդրօրինակել հոն գրուածը եւ բոլոր դասարանին կացութիւնը կը փրկէր: Ամառը ոչ մէկ հովի անցք կար. տաքէն կը թմրէինք եւ երբեմն ալ ուսուցիչին ժամանակին յարմարելու համար՝ ստիպուած տուն մեկնելու ժամը կ’երկարաձգէինք: Մեր խոշոր դասարանը դպրոցի շէնքին վերջին յարկին վրայ էր՝ հաւանօրէն հետագային աւելցուած…
Բայց մեր դասարանը միայն տարբեր չէր սառնամանիքով, անձրեւով եւ տաքով…
Տարբեր էր նաեւ, որովհետեւ այդ պատերէն անդին կար աներեւոյթ կապ մը, որ ագուցած էր մեր հոգիները իրարու ու վերածած հանգոյցի՝ իր մէջ պարփակելով սէր, հաւատարմութիւն եւ բարեկամութիւն: Դարձած էինք մեծ ընտանիք մը, որ հաստաբուն կաղնիի մը նման ուժեղ էր եւ իր արմատները ամուր մխրճած հողին մէջ՝ մեր շատ սիրելի թաղին հայ վարժարանը: Մեր դասարանին իւրաքանչիւր գրասեղանը ունէր իր տէրը, մէկը միւսին տեղը չէր նստեր. բացակայ դասընկերոջ գրասեղանը ազատ կը մնար եւ իր բացակայութեան գրի առնուած նոթերը հոն կը դրուէր: Իւրաքանչիւր գրասեղանի ետեւ նստողը ունէր իր յատուկ փափաքները, ձգտումներն ու ապագայի երազները, իր անձնական պատմութիւնը: Մեր երազները առանձին չէին թէեւ. իւրաքանչիւրս տունէն շալկած դասարան կը բերէր իր ծնողքին փափաքներն ու երազները եւ յաճախ անոնց մտահոգութիւններն ու դժուար պարագաները: Բայց հոն, այդ չորս պատերուն մէջ երբ հաւաքուէինք, ձեւով մը կը յաջողէինք մոռնալ մեր մտահոգութիւնները, կը վստահէինք իրարու եւ կը փարատէին մեր վախերը:
Մենք զիրար լաւ կը ճանչնայինք որքան ալ փորձէինք ծածկել: Կը զգայինք մեր ընկերոջ ցաւը, վախը եւ երբեմն ալ յուսահատութիւնը: Գիտէինք որ Կարոն տունը ձգած է հիւանդ հայրը, Մանուշակը իր որբացած եղբայր-քոյրերուն բեռը, Սեւակը ճամբորդած հօրը կարօտը, Մանոն իր անգործ ծնողքը, իսկ Բիւզանդը իր կորսնցուցած եղբօր սուգը եւ շարքը կ’երկարի:
Բայց ինչպէ՞ս վարուիլ երեւակայական վախերուն հետ:
Կար մեր մանկութեան հռչակաւոր վախը՝ մուկերու սենեակը, որով ոչ միայն մեր մանկութեան ուսուցիչները մեզ կը սպառնային, այլ նաեւ մեր մեծերը, երբեմն ալ դժբախտաբար մեր ծնողները: Բոլորս ալ անցած էինք այդ փորձառութենէն եւ կարծես մեր ենթագիտակցութեան մէջ իր արմատը դրած էր ան. երեւակայական վախերու աղբիւրը՝ ֆոպիաներու սկիզբը: Այո՛, բաւական մեծցած էինք եւ հաստատ գիտէինք, որ այդ երեւակայական մուկերու սենեակ կոչուածը գոյութիւն չունի, բայց ըլլալիքը եղած էր եւ երեւակայական այդ վախը կը հալածէր մեզ ամէն տեղ, ի դէպ առանց ընդհանրացնելու:
Կը կարծէին, թէ այս անհիմն մօտեցումով՝ վախով կարելի է դաստիարակել մանուկը, բայց անոնք կը քանդէին մեծ թիւով պատանիներու ազատ ու անվախ մտածելու ոգին ու զանոնք կը դարձնէին երեւակայական վախերու ստրուկը՝ մօտեցում մը, որ կը քանդէր շատերու փայլուն ապագան:
Այսօր 33 տարի ետք մեր 12-րդ դասարանի աւարտական օրերէն, բախտը բերաւ որ մեծ թիւով մեր դասընկեր-դասընկերուհիներէն զիրար գտնենք ու հանդիպինք, թէեւ մեծաւ մասամբ հեռակայ: Սկսանք վայելել մեր աշակերտական օրերու քաղցր յուշերը՝ նկարներ փոխանակելով, վայրեր եւ ուսուցիչներ յիշելով, սակայն յատկանշական էր երբ վերյիշեցինք մուկերու սենեակը, այդ անիծեալ վայրը, որ մինչեւ այսօր կը հալածէ մեզ:
Դասընկերներէս մէկը պատմեց. «օր մը դպրոց ուշ հասայ եւ չէի ուզեր որ հսկիչը զիս տեսնէ, սակայն իմ չար բախտէս դիմացս ելաւ, իսկ ես պահուըտելու ճիգիս մէջ մտայ «մուկերու սենեակը»՝ այդ դուռէն ներս, որուն բռնակին դպչելու կը վախնայի, սակայն ստիպուած հոն ապաստանեցայ մինչեւ հսկիչին հեռանալը: Սենեակը գրեթէ դատարկ էր, ուր քանի մը աւելորդ ու կոտրուած գրասեղաններ նետուած էին եւ լոյսէ զուրկ: Այդ տասը վայրկեանը կեանքիս ամենէն երկար ժամանակը դարձաւ, կարծես ժամերէ ի վեր հոն եմ, դուրսը օդը ցուրտ էր, բայց ես քրտնած էի կարծես ամռան շոգ օր մըն էր: Շատ լաւ կը յիշեմ որ Հայր Մերը թերեւս յիսուն անգամ աղօթեցի եւ բոլոր մեղքերս խոստովանեցայ: Գիտէր որ այդպիսի սենեակ մը գոյութիւն չունի, բայց եւ այնպէս վախի զգացումը փորագրուած էր էութեանս մէջ»:
Ուրիշ դասընկերուհի մը պատմեց. «ամէն անգամ որ թոռներով մեծհօրս տունը կը հաւաքուէինք եւ աղմուկ բարձրանար, մեծ հայրիկս ու մեծ մայրիկս մեզ հանդարտ պահելու ձեւը գտած էին. անոնք անմիջապէս ցոյց կու տային տան մէջ փակ սենեակի մը դուռը, որ միշտ կղպուած կը մնար, եւ կը սպառնային ըսելով թէ այդ սենեակը մուկերով լեցուն է եւ չարն ու անհնազանդը այդ սենեակը կը դրուին եւ անօթի մուկերուն կեր կը դառնան: Այս լսելով տան մէջ քար լռութիւն կը տիրէր ու ամէն մէկս անկիւն մը կը քաշուէինք, երբեմն ալ քունի կ’անցնէինք մեր նստած տեղերը գամուած ու մեր երազներով կը ճամբորդէինք մուկերու աշխարհը: Նոյնիսկ մեր երազներուն մէջ մուկերը կը տիրապետէին: Տարիներ ետք երբ այդ սենեակը պարպեցինք ու նորոգեցինք տակաւին կասկածով եւ զգուշութեամբ կը մտնէի հոն»:
Այսօր կը ծիծաղինք երբ կը յիշենք այս բոլորը, բայց ուր որ եղած ենք եւ ուր որ չենք կրցած ըլլալ, պատճառը այն վախերն էին, որոնք կը յամենային մեր երեւակայական բանտերուն մէջ՝ ոչ մուկերը, ոչ սենեակները, այլ այն վախը, որ իր շղթաներով կապած էր մեր ազատ հոգիները եւ կործանած շատերու ստեղծագործական ոգին։
Բարեբախտաբար այդ «մուկերու սենեակները» գոցուած են այսօր, բայց երեւակայական բանտերը կան տակաւին ուրիշ ձեւերով` bullying-ով, կարծրատիպերով, խելախօսելու մոլութեամբ եւ…չկայ այլեւս այն ընկերային տաքուկ մթնոլորտը, փոխադարձ վստահութիւնը, զոր ունէինք մեր 12-րդ դասարանի օրերուն…
Իմ դասընկերներուս՝ ԼԱՒ ՄՆԱՑԷ՛Ք…
Լենա Պօղոսեան
Ծանօթ: Հոս նշուած անձերու անունները փոխուած են:



