Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» poscast-ի հիւրն է մաեսթրօ խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանը: Այնճար ծնած մուսալեռցի մաեսթրօն տարիներու ընթացքին ղեկավարած է բազմաթիւ երգչախումբեր Լիբանանի մէջ եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ներկայիս կը ղեկավարէ Թրիփոլիի «ֆայհա» երգչախումբը: Վերջերս ան պատրաստած է ոչ-հայ, ոչ-հայախօս լիբանանցի շուրջ 100 կատարողներէ բաղկացած երգչախումբ մը, որ համերգներ կու տայ միայն հայկական երգացանկով…. եզակի, աննախընթաց համերգներ անպայմա՛ն: Լսե՛նք զինք:
Քանի մը օր առաջ առիթը ունեցանք ներկայ գտնուելու «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան «ԱՐԵԳ» պարախումբի ելոյթին, որ մշակութային ձեռնարկէ մը աւելի՝ տօնակատարութիւն մըն էր նուիրուած հայ ժողովուրդի գոյատեւելու կամքին, մանաւանդ այս կողմն աշխարհի:
Երեկոն սկսաւ Արա Գէորգեանի «Արցախ» խորագրեալ ցաւառիթ բայց խրոխտ բացման պարով, որմէ ետք Անի Եփրեմեան հանդէս եկաւ սրտաբուխ բարի գալուստի խօսքով՝ ընդգծելով հայ պարին ու մշակոյթին կարեւորութիւնը հայապահպանութեան գործին մէջ, որուն դրօշակիրներէն է «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը:
Պարացանկը հարուստ էր այլազանութեամբ՝ իւրաքանչիւրը բեմ բերելով տարբեր համ ու կշիռ: «Մեծերու» խումբը նախ ներկայացուց հայկական աւանդական ժողովրդական պար մը՝ արտայայտելով հայկական խրոխտ ու ինքնավստահ շարժումներ: Ապա հանդիսատեսը հմայուեցաւ «փոքրերու» աշխոյժ եւ եռանդուն գնչուական պարով, որ կը ճառագայթէր պատանեկան շքեղութեամբ ու նրբութեամբ:
Տալիտա Սալպաշեան, Կասիա Նորշահեան եւ Մէյրի Խոխագլեան բեմը զարդարեցին «Ճեյրանի»ի իրենց նրբագեղ կատարումով, իսկ փոքրերու խումբը հմայեց բոլորը «Kiss Me» պարով, որ զեղուն էր խանդավառութեամբ ու անմեղութեամբ: «Մեծերու» «Ճութա» վրացական պարը, մենակատարութեամբ՝ Գարլօ Մթրպեանի եւ Վագօ Սարգիսեանի, գեղարուեստական հմտութեան եւ ներշնչումի ներկայացում մըն էր՝ հիացնելով բոլորը:

«Միջակներու» խումբը յարգանքի գեղեցիկ տուրք մը մատուցեց հայրենի համբաւաւոր քոմբոզիթոր Խաչատուր Աւետիսեանին՝ պարային գեղեցիկ կշռոյթով մը ներկայցնելով անոր «Սիրուս կը Սպասեմ» կտորը, որուն յաջորդեց Սիրուշոյի «Գոզալ»ին տպաւորիչ մեկնաբանութիւնը՝ կատարողութեամբ Կասիա Նորշահեանի, Լիւսի Ղարիպեանի, Տեսիլ Քէշիշեանի, Կալիա Նորշահեանի եւ Մէյրի Խոխագլեանի: Մենապարողներ Տալիտա Սալպաշեան, Գարլօ Մթրըպեան, Վագօ Սարգիսեան եւ Յովիկ Օհաքեան ցուցաբերեցին կատարողական բարձր կարողութիւններ: Ապա միջակներու խումբը ներկայացուց Վանոյշ Խանամիրեանի «Կատակ պար»ը՝ ծիծաղով ու խինդով պարուրելով երեկոն:
«Մեծերուն» կատարած յունական «Զեյպէքիքօ»ն` երեկոյին ամենէն գրաւիչ պարերէն մէկն էր: Անոնց նրբագեղ շարժումները եւ սրտագին կատարումը ո՛չ միայն դրսեւորեցին յունական մշակոյթի էութիւնը, այլեւ արտայայտեցին միջմշակութային գործակցութեան գեղեցկութիւնը եւ պարարուեստի լեզուին համաշխարհային խորքը:
Կամրջելով հայկական եւ լիբանանեան մշակոյթները, «մեծերը» ցուցադրեցին իրենց վարպետութիւնը հանդէս գալով լիբանանեան աւանդական տապքէով՝ Հիպա Թաուաճիի «Զաման» երգին ընկերակցութեամբ: Ապա «միջակները» իրենց «Չաչա» պարով ստեղծեցին աշխոյժ եւ զուարճալի մթնոլորտ մը: Երեկոյին յիշարժան պահերէն էր նաեւ յարգանքի արտայայտութիւնը Մայքլ Ճեքսընի նկատմամբ, երբ «մեծերը» հետաքրքրական պարադրութեամբ մեկնաբանեցին փոփի թագաւորին «Bad» եւ «Smooth Criminal» երգերը: «Միջակները» հետեւեցան եռանդուն ու ստեղծագործական «Zorba Fusion»ով: Պարացանկի նախավերջին պարով «մեծերը» հանդէս եկան հայկական «Նինօ» ժողովրդական պարով: Երեկոն հասաւ իր գագաթնակէտին «Արեգ» պարախումբի եզրափակիչ տպաւորիչ պարով:
Այս բոլորը կը վկայեն Լիբանանահայ համայնքի տոկունութեան եւ ստեղծագործական ոգիի վերանորոգման մասին: Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական բազում մարտահրաւէրներուն, «ԱՐԵԳ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Գարլօ Մթրըպեանի եւ պատանիներու ու փոքրերու պարուսոյց Գոհար Տէմիրճեան Գասպարեանի, փաստեց, որ հայ մշակոյթն ու անոր սպասարկուները կը մնան կենսունակ ու խոստմնալից:
Ակնառու էր պարողներուն ու կազմակերպիչներուն նուիրումը իւրաքանչիւր շարժումի ու քայլի մէջ:

«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «ԱՐԵԳ» պարախումբը ունեցաւ յիշատակելի ելոյթ մը, ուր աւանդականը գեղեցիկ կերպով միահիւսած էր ժամանակակիցին՝ նոր թարմութիւն տալով լիբանանահայ համայնքի մշակութային կենսունակութեան:
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
Դոկտ. Ալին Եագուպեան՝ bullying-ի պատճառներուն եւ լուծումներուն մասին
Մեր podcast-ին հիւրն դոկտ. Ալին Եագուպեան, որ վերջերս մեծ նուաճում արձանագրեց իր ակադեմական ասպարէզին մէջ՝ պաշտպանելով իր խիստ հետաքրքրական եւ աննախընթաց թեզը՝ WORKPLACE BULLYING OR MOBBING: THE CASE OF HEALTH WORKERS IN LEBANON նիւթով: Ալինին հետ կը խօսինք շատ կարեւոր եւ յաճախ դժուար նկատուող թեմայի մը` bullying-ի մասին, իր բազմաթիւ ձեւերով եւ միջավայրերով՝ կեդրոնանանլով նաեւ դպրոցներուն վրայ: Ծանօթ է, որ Bullying-ը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ անհատներու, մանաւանդ աշակերտներու վրայ:
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Մենք մեզի թոյլ կու տանք զբաղելու մանրախնդրութեամբ ու յիմարութիւններով
28 մայիսին, Առաջին Հանրապետութեան ծննդեան օրը Երեւանի մէջ անցաւ ոչ-տօնական մթնոլորտի մէջ: Քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով է, որ համազգային նշանակութիւն ուեցող այս օրը կը փոքրացուի ու կը հաւասարեցուի ներքին քաղաքական բանավէճի մակարդակին: Բայց եկէք մէկ կողմ ձգենք այդ բոլորը եւ խօսինք Մայիս 28-ի մասին: Հասկնանք, թէ այդ ի՞նչ էր որ կատարուեցաւ այն ատեն եւ արդեօք մենք կը գիտակցի՞նք տեղի ունեցածին կարեւորութեան:
Առանց խորանալու թիւերու եւ փաստերու մէջ (համացանցը լեցուն է արժանահաւատ տեղեկութեամբ), նախ նշենք, որ Մայիսի 28-ն պարզապէս պետականութեան վերականգնումը չէր, այլ Զաքարեան Հայաստանի կործանումէն ետք՝ շուրջ 1360-ին, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կը ստեղծուէր լիովին անկախ պետութիւն մը: Ընդ որում անկախութիւնը ոչ թէ նուէր տրուեցաւ, ինչպէս էր պարագան վրացիներուն եւ հարաւային կովկասեան թաթարներուն (ատրպէյճանցիներուն), այլ՝ արեամբ նուաճուած արժէք: 1917 փետրուարին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն մը, որմէ ետք ձեւաւորուած ժամանակաւոր կառավարութիւնը չյաջողեցաւ գոյատեւել եւ արդէն հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն Ռուսիոյ իշխանութիւնը անցաւ բոլշեւիկներուն, որոնք ալ 1918 մարտի երեքին Պրեսթ-Լիթովսքի մէջ կնքուած պայմանագրով հրաժարեցան ռուսական կայսրութեան շարք մը տարածքներէն: Թուրքիա ստիպեց, որ ռուսերը հրաժարին նաեւ Անդրկովկասէն, որ դարձաւ դաշնակցային հանրապետութիւն մը (1918, ապրիլ 22-մայիս 28) եւ փուլ եկաւ, երբ այդ դաշնակցային հանրապետութեան փոխարէն հռչակուեցան Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները:
Բայց եթէ վրացիները կը հովանաւորէին գերմանացիները, իսկ ատրպէյճանցիները՝ թուրքերը, ապա Հայաստան ստիպուած էր կենաց-մահու պայքարի մէջ մտել թուրքերուն դէմ՝ նախ եւ առաջ ֆիզիքապէս չոչնչանալու համար, եւ ապրելու կամքն ալ թոյլ տուաւ ստեղծելու հանրապետութիւնը: Այն ինչի մասին, որ կ’երազէին դարեր շարունակ, այն ինչի համար, որ պայքարած էին դարերով, զոհուած ու յուսախաբ եղած, վերջապէս իրականութիւն դարձաւ: Ի վերջոյ, հայ քաղաքական, ռազմական ու մտաւորական ուժը երկրագունդին վրայ տեղ մը կ’ունենար կեդրոնանալու, ուր պիտի չհալածուէր, չբանտարկուէր ու ճնշումի պիտի չենթարկուէր: Ան Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր: Հանրապետութիւնը փրկութիւն էր, ապագայի երաշխիք, յոյս, ուր հետագային նաեւ հայերը իրենց տեղն ու դերը պիտի ունենան:
Բայց դարեր շարունակ այլոց լուծին տակ ապրած ու ձեւաւորուած հասարակական-քաղաքական միտքը այդ պահուն պատրատ չէր հասկնալու պետութեան գոյութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը: Թուրքերու դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը կ’ըմբռնէին բոլորը, բայց պետութեան լրջութիւնը` քիչերը: Անկէ զատ, Հանրապետութիւնը օղակուած էր բոլոր կողմերէն: Վրացական երկերեսանց հարեւանութիւնը շատ յաճախ թշնամութեան կը հասնէր, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը մշտապէս զինուորական վտանգ կը ներկայացնէին եւ միայն Պարսկաստանն էր, որ սուր չէր ճօճեր հայերու գլխին, այն էլ գուցէ ոչ թէ բարեկամութենէ դրդուած, այլ պարզապէս ուժ չունէր այդ օրերուն:
Ստեղծուած ռազմաքաղաքական դժոխքին մէջ պետական այրերէն շատ քիչերը, ինչպէս օրինակ Արամ Մանուկեանն ու Յովհաննէս Քաջազնունին, կրնային հասկնալ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միակ գրաւականն է հայ ժողովուրդի գոյատեւումին, չկայ Հանրապետութիւնը՝ վտանգուած է հայ ժողովուրդը: Բայց ծանրագոյն պայմանները, նաեւ պետութիւն, սեփական պետութիւն ունենալու եւ անոր պատասխանատուութիւնը վերցնելու վախը, հմուտ չըլլալը պատճառ դարձան ծանր վրիպումներու: Խնդիրները աւելի շատ էին, քան զանոնք լուծելու հնարաւորութիւնները եւ ռուս-թրքական դաշինքը, ինչպէս նաեւ՝ Անթանթի (Դաշնակիցներու) անգործութիւնը հանդիսացան Առաջին Հանրապետութեան գերեզմանափորները:
Հարց է, թէ արդեօք հայ ժողովուրդը իրօ՞ք այդքան անվարժ էր ինքնակառավարման: Արդեօ՞ք Հանրապետութեան փլուզման մէջ աւելի ներքին խնդիրները տիրող էին, քան՝ արտաքին: Թէ՛ այո, թէ՛ ոչ: Այն ատեն ալ խորհրդարանի նիստերը կ’անցնէին գրեթէ նոյն հռետորաբանութեամբ, ինչ որ հիմա, հոս` վերջին տարիներուն: Այն ատեն ալ ամէն ինչ կը կատարուէր շատ դանդաղ, անվերջ մեղադրանքներ, տուր ու դմբոց, առաջարկներ, մերժումներ ու թշնամանք` մէկը միւսին հանդէպ: Բայց այդ գոռգոռոցները, հայհոյանքները, բոլորը չեն յիշուիր, յաջող ու անյաջող ճառերը մենք չենք յիշեր, նոյնիսկ բազմաթիւ մանրուքներու մասին գաղափար ալ չունինք, որովհետեւ հանրապետութեան մահը ծածկեց այդ մանր-մունր կռիւները: Ի՞նչ կարեւոր էր, թէ որ պատգամաւորը ի՞նչ հայհոյանք կու տար իր պաշտօնակիցին, երբ չկար Հանրապետութիւնը: Ի՞նչ կարեւոր էին այդ բոլորը, երբ չկային անոնք, որոնց ստեղծման համար հայերը գրեթէ անհաւատալի պայքար մղած էին: Նոյնն է այսօր: Այսօր, երբ չնչին մեղադրանքները, կենցաղային գռեհիկ բառապաշարն ու օրուան թելադրանքով կատարուող իրարանցումները լուրջ գործունէութեան տպաւորութիւն կը թողուն, մենք կը մոռնանք, որ շարունակաբար սխալները մեզ կրնան հասցնել իրավիճակի մը, երբ այդ բոլորը լրիւ զէրոյ կը դառնան, որովհետեւ պետութեան փլուզումը իր ծանրութեամբ կը ծածկէ ամէն ինչ:
Ընդ որում, մենք հիմա ալ ունինք ռուս-թուրքական դաշնակցութեան դէմ պայքարի լրջութեան գիտակցութիւն, որ դեռ լիուլի հասկցուած չէ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, երբ պետական դաւաճանները դարձան ղեկավարներ, երբ արիւնկզակ թուրքերը հռչակուեցան բարեկամ, իսկ ատրպէյճանցիները՝ եղբայր, երբ մարդկայնութեան գաղափարներով եկած մսագործ-բոլշեւիկները սկսան քանդել անկախութեան մտքի բոլոր սիւները, անոնք փորձեցին լուալ մեր յիշողութիւնը, հարթել զայն ու դարձնել մոմի պէս ճկուող, որ կարելի է ծռել որեւէ ուղղութեամբ: Բոլշեւիկները յայտարարուեցան որպէս փրկիչներ ու հայ ժողովուրդի զաւակները՝ յատկապէս 30-ականներուն ծնածները երբեք ալ չիմացան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը քանդած են ռուսերը ու թուրքերը միասնաբար, չիմացան, որ 1919-ին, երբ ռուսերը բաւականաչափ հեռու էին, իսկ Քեմալը` դեռ թոյլ, կարելիութիւն կար յարձակելու Թուրքիոյ վրայ, որ կը խեղդուէր իր վէրքերուն մէջ ու յոյներուն առջեւ անկանոն կը նահանջէր: Չիմացան, որ կարելի էր Թուրքիան հարուածել նաեւ արեւելքէն ու միանգամըդմիշտ վերացնել մարդասպաններու սուլթանութիւնը: Չիմացաւ, որ ամիսներ շարունակ Պաքուի մէջ արեւելքի ժողովուրդներու համագումար տեղի կ’ունենար, ուր հայերը կը ներկայացուէին որպէս նախայարձակ, իմբերիալիսթ, հակամարդկային:
Հայ ժողովուրդի մէկ մեծ հատուածը այդպէս ալ չիմացաւ ու չհասկցաւ, որ ժամանակի ընթացքին իրմէ կը խլեն իր յիշողութիւնը: Երբ 1967-ին, Հայաստանի մէջ սկսան կառուցուել Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը, իսկ 1968-ին` Սարդարապատը, հայերը ցնծութեան մէջ էին, որ վերջապէս Մոսկուա արտօնութիւն կու տայ յարգելու ազգային յուշերը, ու այդ ցնծութեան մէջ չնկատեցին, թէ ինչպէս Թուրքիոյ հետ Խորհրդային Միութեան յարաբերութիւնները կը վատթարանային, որ Թուրքիա 1958-ին անդամակցած էր ՆԱԹՕ-յի, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանով Մոսկուա իր վրայէն կը մաքրէր կայսրութեան ու բոլշեւիկեան մեղքը ու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը դնէր միայն թուրքերու վրայ, որ Սարդարապատի կառուցումը նուիրուած էր թուրքերու դէմ տարած յաղթանակին, բայց ոչ երբեք հայոց պետականութեան` Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումին: Շատերը նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ ինչ տեղի ունեցած էր 1917-1920 թուականներուն, այնպէս ինչպէս չէին գիտեր, որ Առաջին Հանրապետութեան տարածքները ռուսերն ու թուրքերը բաժնուած էին իրար մէջ 1921-ին: Պատմութիւնը կը լռէր, իսկ վկաները` մեռած էին:
Ու այսօր, մենք Առաջին Հանրապետութիւնը վերարժեւորելու պահանջ ունինք: Ոչ թէ ու ոչ միայն այն պատճառով, որ կարելի է յիշել, յուզուիլ եւ հպարտանալ, այլ, որ ոչ թէ երկնային հրաշք մըն էր տեղի ունեցածը, այլ ժողովուրդի մը գերագոյն ջանքերուն լարումով ստեղծուած իրական ու կարեւոր արժէք մը: Այն ինչ որ տասնամեակներով խոստացած էին ռուսերը, բայց երբեք չէին կատարած, ի վերջոյ իրականացուցած էինք մենք` հայերս, առանց որեւէ մէկուն օգնութեան: Մենք որոշած էինք ապրիլ, առանց որ մէկը յուշէ զայն: Այսօր, մենք, յիշելով Մայիսեան հերոսամարտերը, կը հպարտանանք, բայց բաւարար չափով չենք հասկնար, որ այդ հերոսամարտերն ու անկախութիւնը նոյն երեւոյթն էին, մէկ մետալին երկու երեսները: Անոնք առանձին չէին: Ու մենք այսօր ալ չենք հասկնար մեր այժմու Երրորդ Հանրապետութեան իսկական արժէքը: Մենք մեզի թոյլ կու տանք զբաղելու մանրախնդրութեամբ ու յիմարութիւններով, երբ հին «բարեկամներն» ու թշնամիները կը շարունակեն ակռայ սրել մեզի դէմ:
Առաջին Հանրապետութիւնը հրաշապատում հեքիաթ մը չէ, ոչ ալ քէֆերու ժամանակ հպարտանալու առիթ: Ան մեր ռազմական ու քաղաքական մտքի մեծագոյն իրագործումներէն մէկն է, զոր մենք պիտի յարգենք` հասկնալով, հպարտանանք` զգալով, այլապէս մենք չենք հասկնար Երրորդ Հանրապետութիւնը, ինչպէս չհասկցանք Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակին էութիւնն ու 44-օրեայի պարտութեան իրական պատճառները: Եւ եթէ չհասկնանք, ապա բացառուած չէ, որ ապագային պիտի չյիշեն մերօրեայ մանր-մունր վէճերն ու կռիւները, այլ միայն պիտի զարմանան, թէ այդ ինչպէ՞ս չնկատեցինք ակնյայտը եւ չկատարեցինք ամենէն կարեւորը: Այնպէս ինչպէս մենք կը զարմանանք, երբ յետադարձ ակնարկով կը նայինք Առաջին Հանրապետութեան յուշերուն ու կը զարմանանք, թէ ինչպէ՞ս չնկատեցին, ինչպէ՞ս չհասկցան:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
Զգո՛յշ, «փափուկ ամբողջատիրութիւնը» կը քանդէ հաւաքական մեր կեանքը
Ժամանակակից աշխարհին մէջ, գաղափարներու եւ կարծիքներու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը կը նկատուի ժողովրդավարութեան հիմնաքարներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը: Սակայն, քաղաքական կեանքի մէջ յաճախ կը նշմարենք «ազատական» երեւոյթներուն ետեւ թաքնուած վերահսկողութեան աւելի նուրբ ձեւ մը, զոր պիտի կոչենք «փափուկ ամբողջատիրութիւն»: Այս եզրը բնականօրէն նորութիւն մը չէ, այլ կը կիրարկուի քաղաքական օտար գրականութեան մէջ, բայց հայ իրականութեան մէջ գրեթէ ներկայ չէ ո՛չ իբրեւ եզր, ո՛չ ալ իբրեւ բացատրութիւն՝ թէեւ լայն կերպով կը կիրարկուի հեղինակութիւն ունեցող բոլոր շրջանակներուն կողմէ, պետական, կուսակցական, յաճախ միութենական ու թաղային իշխանութիւններու կողմէ:
Ի տարբերութիւն բացայայտ քաղաքական ճնշամիջոցներու կամ ահաբեկող ձեւերու, գերակայութիւն եւ տեսակէտ պարտադրելու այս ձեւը ի գործ կը դնէ բարոյական չափանիշներ` ընդհանրապէս պատմական կամ գաղափարական հիմքերով, զորս մարդիկ կը վախնան հատելէ: Այս նուրբ մօտեցումը կրնայ նո՛յնքան արդիւնաւէտ ըլլալ այլախոհութիւնը, այլակարծութիւնը ճնշելու եւ հանրային խօսոյթի վրայ ազդելու՝ շատերը առաջնորդելով ինքնագրաքննութեան եւ հեռու պահելով զանոնք իրենց իսկական մտածածը արտայայտելէ:
«Փափուկ ամբողջատիրութիւնը» կը ծաղկի բարոյական եւ գաղափարական սահմաններ ստեղծելով ու պարտադրելով զանոնք: Իշխանութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ որոշ հեղինակութիւն վայելող խմբակցութիւններ ու ազդեցիկ անձեր կը զեղծեն պատմութիւն եւ չափանիշեր, եւ կը թելադրեն այն, թէ ի՞նչ բան ընդունելի է ըսել… կամ նոյնիսկ մտածել: Այս բոլորը կը կատարուին ոչ թէ ուղղակի սպառնալիքներով կամ բռնութեամբ, այլ ընկերային հարկադրանքի եւ մշակութային գրաքննութեան միջոցով: Ընկերային պարտադրանքը կը վերաբերի գործադրուող ճնշումի ձեւերուն՝ շրջապատը որոշ համոզումներու կաղապարին մէջ պահելու միտումով:
Այս անուղղակի ճնշումները, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, յաճախ կը կիրարկուին նոյնիսկ բարեկամներու միջեւ, անհրաժեշտ պարագային կը դիմուին մշակութային արժէչափերու կամ կը ստեղծուի, կը պատրատուի կանխամտածուած հանրային կարծիք մը, որմէ շեղիլը կը դառնայ մեղքի համազօր: Այս անուղղակի ճնշումները կը ստիպեն շատերը գործելու այնպէս եւ որդեգրելու այնպիսի կեցուածքներ, զորս այլապէս պիտի մերժէին՝ պարազապէս խուսափելու շրջապատի դժգոհութենէն, հանրային ամօթանքէ, օտարուելէ՝ «ծուռ աչքով» նայուելէ, ինչպէս կ’ըսեն: Անհատներ որոնք կը համարձակին դուրս գալու այս գիծերէն, վտանգի տակ կը դնեն իրենց ընկերային դիրքը, եթէ մտահոգ են անոր պահպանումով. կրնան նոյնիսկ ասպարէզային վնասներու ենթարկուիլ՝ պաշտօն կամ յաճախորդ կորսնցնելով: Հետեւա՞նքը, շատեր այս անտեսանելի գիծերը անցնելու վտանգներուն փոխարէն` կ’ընտրեն լռութիւնը:
«Փափուկ ամբողջատիրութեան» կիրարկումի եղանակները ընդհանրապէս հիւսուած կ’ըլլան հասարակական կառոյցներու հետ: Լրատուամիջոցներ, կրթական հաստատութիւնները եւ ընկերային ցանցերը յաճախ հիմնական դեր կը խաղան յաւէրժացնելու բարոյական այս շինածոները: Ընտրովի ու կողմնակալ լրատւութեան եւ գաղափարական զատուած կարգախօսերու միջոցով այս հաստատութիւնները կը պարտադրեն նախաձեւուած եւ ընդուելիի վերածուած այս նորմերը: Ընկերային ցանցերը կը բազմապատկեն անոնց ներգործութիւնը, ուր ամբոխային մտածելակերպը արագօրէն կը դառնայ տիրական, եւ այլախոհ ձայները կը խեղդուին դատապարտումի ալիքի մը մէջ:
Այս երեւոյթը յատկապէս մտահոգիչ է, որովհետեւ ան կը գործէ բարոյականութեան եւ ընդհանրական բարիքի քօղին տակ: Ենթարկուածութիւն ստեղծելու այս ճնշումը չի ներկայացուիր իբրեւ քաղաքական խաղ, այլ իբրեւ հասարակական որոշ արժէքներ պահպանելու հրամայական մը: Այս հնարամտութիւնը կը դժուարացնէ խաղին բացայայտումը եւ անոր ընդդիմանալը, որովհետեւ որեւէ ընդդիմութիւն կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ յարձակում լայնօրէն ընդունուած սկզբունքներու դէմ: Հետեւաբար, զանգուածները, իրենց դրածոյ տրամաբանութեամբ, կը դառնան պարտադրուած իրավիճակի մը պահպանման մեղսակիցները, ընդհանրապէս անգիտակցաբար:
«Փափուկ ամբողջատիրութեան» ազդեցութիւնը շատ մեծ է: Երբ մարդիկ կը վախնան արտայայտելէ իրենց իսկական կարծիքը, հանրային քննարկումը ո՛չ միայն կը դառնայ աղքատ, այլեւ թունաւոր ու հայհոյաքներով լեցուն, գերազանցօրէն յետադիմական: Նորարարութիւնն ու յառաջդիմութիւնը, որոնք կը զարգանան տարբեր գաղափարներու ազատ փոխանակումով, կը խեղդուին: Կարեւոր եւ վիճելի հարցերը կը մնան անլոյծ, որովհետեւ պարտադրուած բարոյական արուեստական կանոնները իրե՛նք կ’որոշեն, թէ ո՞ր հարցերը արժանի են քննարկումի: Աւելին, ընկերային-հասարակակակ հետեւանքներու վախը կրնայ առաջնորդել ինքնագրաքննութեան, երբ անհատներ կ’իւրացնեն այդ սահմանափակումները եւ այլեւս չեն ալ մտածեր այլընտրանքային տեսակէտներու մասին:
«Փափուկ ամբողջատիրութեան» երեւութապէս կիրարկած նուրբ միջամտութիւններուն եւ անոր գործած աւերներուն ճանաչումն ու դիմակալումը կենսական նշանակութիւն ունի հաւաքականութիւններու յառաջդիմութեան համար: Անոր դիմաց, քննական մտածողութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան յարմար ենթահողի, միջավայրի ստեղծումը, ուր տարբեր կարծիքներ կը հանդիպին ու քննականօրէն կ’արծարծուին, շատ կարեւոր է հանրային առողջ խօսոյթ յառաջացնելու: Լրատուամիջոցները պէտք է առաջնահերթութիւն տան անաչառութեան եւ խուսափին գաղափարական միակերպութիւն պարտադրելէ: Ընկերային հարթակները պէտք է խթանեն յարգալից խօսակցութիւններ եւ պաշտպանեն օգտատէրերը, բոլորը օգտատէրերը՝ նախատինքներէ եւ հայհոյանքներէ. արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել: Տակաւին, անհատներ իրե՛նք կրնան պայքարիլ եւ հակազդել «փափուկ ամբողջատիրութեան» լուռ բռնադատութեան՝ կասկածի տակ առնելով պարտադրուած բարոյական նորմերը եւ ստեղծելով ազատ եւ յարգալիր արտայայտուելու տարածքներ:
Անհեթեթ է ժողովրդավարութեան, ոչ ալ միասնականութեան մասին խօսիլ, երբ «փափուկ ամբողջատիրութիւն» կը կիրարկուի մեր իրականութեան մէջ:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
Երկու աշխարհներու միջեւ՝ Սիլվային հետ
Տարբերակ21-ի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի զրուցակիցն է Սիլվա Իսկիկեան Մահրսերէճեանը: Հարազատ լիբանանահայ, բայց նաեւ պարտադրաբար Լոս Անճելըսի մէջ, Սիլվան կը բնորոշէ տարբեր աշխարհներու մէջ տուայտող հայու Իրավիճակը: Օգտագործելով գրելու իր տաղանդը, Facebook-ի մէջ իր գրառումներով, ան արդէն դարձած է հանրածանօթ դէմք մը՝ արծարծելով հայ սփիւռքի, հայ մշակոյթի եւ հայ ինքնութեան մասին իր մտորումները՝ ստեղծագործական իրեն յատուկ ոճով:
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու

Մայք Յակոբեան՝ տաղանդաւոր արուեստագէտ մըն է եւ մօրս կողմէ երկրորդ զարմիկ մը։ Ան իր կարեւոր հետքը ձգած է գեղանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան եւ բանաստեղծութեան աշխարհին մէջ։ Անոր մեծհայրը՝ «Աշըք (աշուղ) Խաչերը», մեծհօրս՝ «Հաննէս աղբար»ին (Յովհաննէս Պոյաճեան) եղբայրն էր։ Մինչեւ Մայքին արտագաղթը Լիբանանէն՝ 1983-ին, քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, յաճախ կը հանդիպէինք ընտանեօք:
Մայք խորապէս ազդած է երաժշտութեան հանդէպ իմ ունեցած սիրոյս վրայ: Կարօտով կը յիշեմ այն օրերը, երբ կ’այցելէինք իրենց բնակարանը Պէյրութի Խալիլ Պատաուի թաղամասին մէջ՝ ուր կ’ունկնդրէինք հայկական ու արեւմտեան «փոփ» երգ ու երաժշտութիւն։ Ձայնապնակներու 33 եւ 45 «թուր»երու օրերն էին:
Այդ օրերուն Ատիս Հարմանտեան սկսած էր տիրական դէմք դառնալ Պէյրութի մշակութային կեանքին եւ հայ երիտասարդ սերունդին մէջ։ Հասմիկ Մանասէրեանն ալ նոյնպէս ծանօթ անուն մը դարձած էր, ինչպէս նաեւ՝ Ժագ Գոճեանը, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է սփիւռքի արդի հայկական «էսթրատային» երաժշտութեան ու անոր զարգացման եւ տարածման ջանքերուն մէջ: Առաջին անգամ Մայքէն լսած եմ այս անունները: Դեռ չեմ խօսիր աննման «Պիթըլզին» մասին, որուն երկրպագուն դարձայ հետագային եւ մինչեւ վերջ:
Մայքին ջերմ, ընկերասէր եւ սիրառատ բնաւորութիւնը անմոռանալի դարձուցած են այդ պահերը: Կը յիշեմ նաեւ անոր վաղ շրջանի գեղանկարները, որոնք կը զարդարէին իրենց տան պատերը՝ իբրեւ վկաները անոր զարգացող տաղանդին:
Այս յօդուածով պիտի փորձենք քննարկել Մայք Յակոբեանի հարուստ կենսագրութիւնը՝ խորանալով անոր կեանքին, կրթութեան եւ աշխատանքի ու արուեստի տարբեր աշխարհներէ քաղած կենսափորձին մէջ, որոնք զինք ձեւաւորած են իբրեւ արուեստագէտ:
Պիտի փորձենք նաեւ թափանցել անոր գեղարուեստական անհատականութեան մէջ՝ վեր հանելով իր ստեղծագործական առանձնայատկութիւններն ու կրած ազդեցութիւնները: Վերջապէս, կ’անդրադառնանք երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան հանդէպ Մայքի ունեցած խոր սիրոյն, եւ թէ ինչպէս այդ յոյզերը կը միահիւսուին եւ կ’ամրապնդեն իր նկարչական արուեստը ու զինք կը վերածեն ամբողջական արուեստագէտի մը:
* * *
Գոյներու եւ յոյզերու երգիչը, ահա այսպէս կը բնութագրեմ Մայք Յակոբեան արուեստագետն ու երգահանը։ Անոր գեղարուեստական նկարագիրը հիւսուած է անկեղծութէամբ, խոնարհութէամբ եւ իր արուեստին նկատմամբ աներեր յանձնառութեամբ: Մայքի գործերուն հետեւողը կը հիանայ անոր ջերմ, հոգեհարազատ գոյներու, գիծերու եւ ձեւաւորումերու նրբագեղցկութեամբ:
Պէյրութ ծնած, Մայք նկարելու իր ձիրքը յայտնաբերած է ՀԲԸՄ-ի Յովամիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, ուր տնօրէն Արա Թօփճեանի եւ արուեստի ուսուցիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանի դաստիարակութիւնը առանցքային դեր ուեցած է իր զարգացման մէջ: Հակառակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառած արհաւիրքներուն, Մայքի նուիրումը արուեստի հանդէպ երբեք չէ ցնցուած, բայց պարտադրած է իրեն հեռանալու իր պաշտած երկրէն։ Աշխատանքային երկար թափառումներէ ետք, ան հաստատուած է Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը, ուր շարունակած է ու կը շարունակէ ստեղծագործել՝ միշտ անսալով իր ներքին ձայնին:
Մայքի պաստառները կը բնութագրուին իրենց վառ գոյներով եւ համարձակ գիծերով, որոնք կը դրսեւորեն իր ներքին խորաթափանց զգացումները եւ կեանքի նկատմամբ լաւատես աշխարհայեացքը: Ան իր ներշնչումը առած է համաշխարհային համբաւի տիրացած տպաւորապաշտ եւ ֆովիսթ (impressionist եւ fauvist) արուեստագէտներէ, ինչպէս՝ Վասիլի Քանտինսքի, Փոլ Կոկէն, Վինսընթ վան Կոխ եւ Հանրի Մաթիս: Այս ազդեցութիւնները ակնյայտ են իր ստեղծագործութիւններուն արտայայտած աշխուժութեան եւ կենդանութեան մէջ, որոնք ընդհանրապէս ուրախութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծեն իրենց շուրջ: Ան կ’ուզէ լոյսով եւ երջանկութեամբ ողողել դիտողին հոգին:
Փոքր տարիքէն իսկ Մայք կը դրսեւորէ անհատականութեան լուրջ, խելացի եւ աշխատասէր յատկութիւններ, որոնք ոչ միայն նշմարելի են իր անձնական կեանքին, այլեւ՝ գեղարուեստական գործերուն մէջ: Անոր նկարները միաձուլուած են իւրայատուկ գիծերու, ձեւերու եւ գոյներու ներդաշնակութեամբ՝ ստեղծելով հրաշալի խորհրդաւորութեամբ, խաղաղութեամբ եւ լոյսով յագեցած միջավայր մը: Անոր բոլոր աշխատանքները ուշագրաւ ձեռքբերումներ են իրենց ոգիով եւ բանականութեամբ։ 
Մայք կը հաւատայ, որ արուեստը պէտք է ցոլացնէ արուեստագէտին հոգին եւ հանդիսանայ անոր ներքին յոյզերուն թարգմանը, եւ ոչ թէ պարզ վերարտադրողը իրականութեան: Այս աշխարհայեացքը խորապէս արմատաւորուած է անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ, ուր իւրաքանչիւր գեղանկար ունի իր պատմութիւնը՝ թէ՛ անձնական եւ թէ՛ մշակութային խորքով:
Ան յաջողած է կերտել գեղարուեստական եւ կենսունակ աշխարհի մը իր սեփական տեսլականը: Անոր ինքնատպութիւնը, նուիրուածութիւնն ու խանդավառութիւնը կ’արդիւնաւորուին արուեստի լուսաւոր գործերով: Չմոռնանք, որ հոն ներդաշնակութիւնն է որ կը տիրէ, եւ այս համադրութիւնը կ’արտացոլայ նիւթերու գիծերուն եւ գոյներուն մէջ: Մայք խոր հետազօտող մըն է բնութիւնը, ու ինքզինք կ’արտայատէ ինքնավստահօրէն, հետեւողական կշռոյթով, իմացական ոգիով եւ մշտադալար կորովով՝ ստեղծելով կենսայորդ աշխարհ մը, որ միայն հիացմունք կը պատճառէ դիտողին:
Ազդուելով իր ժամանակի մշակոյթներէն, Մայքին արուեստը կը թափանցէ այն միջավայրերու իւրայատկութեանց մէջ, ուր ան ապրած է, ինչպէս՝ Լիբանան, Ափրիկէ, Լոնտոն, Ֆրանսա եւ այլուր: Անոր գեղանկաները դրոշմուած են այս վայրերու յուշերով եւ տպաւորութիւններով` կտաւի վրայ փոխադրելով իր գտնուած վայրերուն եզակի գեղեցկութիւններն ու փորձառութիւնները: Անոր ստեղծագործութիւններուն վառ գոյներն ու համարձակ գիծերը կը դրսեւորեն ապստամբութիւն մը արուեստի մութ, միջնադարեան ըմբռնումներուն դէմ, ինչպէս զինք ոգեշնչած առաջին տպաւորապաշտները՝ իր իսկ խոստովանութեամբ:
Շատեր Մայքի գործերը կը համեմատեն հայրենի մեծ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի վառ գոյներուն, սակայն ան կը մերժէ այս բաղդատականը ու կը հաստատէ թէ Սարեանի գործերը տեսնելէ շատ առաջ, ինք հմայուած էր Քանտինսքիի, Կոկենի, Վան Կոխի եւ Մաթիսի տպաւորապաշտ գործերով ու ազդուած անոնցմէ: Անոր հիացումը այս արուեստագէտներուն հանդէպ սկսած է դպրոոցական տարիներէն, երբ երկրորդական վարժարանի աշակերտական տարիներուն ան կ’այցելէր Պէյրութի «Librarie Du Liban» գրախանութը, ուր հանդիպած էր վերը յիշուած արուեստագետներու մասին գրուած գիրքերու, գնած զանոնք ու խորասուզուած անոնց արուեստի գաղտնիքներուն մէջ: 
Այս գեղանկարիչներուն համարձակ եւ արտայայտիչ ոճերու, վառ գոյներու ծալքերուն բացայայտումը ձեւաւորած է Մայքին գեղարուեստական աշխարհահայեացքը: Ան կը հաւատայ որ արուեստը պէտք է ոգեշնչէ եւ վերացնէ` ստեղծելով հեքիաթային գեղեցիկ ու խորհրդաւոր աշխարհ մը՝ գիծերու, ձեւերու եւ գոյներու ներդաշնականութեամբ: Գեղագիտական այս մօտեցումը հիմնական տեղ կը գրաւէ Մայք արուեստագէտի ինքնութեան մէջ՝ զինք մղելով ստեղծագործելու գործեր, որոնք ո՛չ միայն գեղեցիկ են արտաքնապէս, այլեւ՝ խորապէս իմաստալից:
* * *
Մայք Յակոբեան բազմատաղանդ արուեստագէտ մըն է։ Անոր ստեղծագործական ոգին չ’արտայայտուիր միայն գեղանկարչութեամբ, այլ նաեւ՝ երաժշտութեամբ եւ բանաստեղծութեամբ: Ան խոր սէր ունի արուեստի այս սեռերուն հանդէպ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սնուցանէ եւ կը հարստացնէ միւսը՝ ստեղծելով ուրոյն եւ գեղարուեստական վառ ինքնութիւն մը, որ կը կոչուի «Մայք Յակոբեանի պայծառ արուեստ»:
Երաժշտութեան հանդէպ Մայքին սէրը կը ծաղկի երբ տակաւին պատանի աշակերտ էր Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, ուր նաեւ արմատաւորուած է իր նուիրումը բանաստեղծութեան նկատմամբ: Ոգեշնչուած 1960-ական թուականներու անգլիական «փոփ» (էսդրատային) խումբերէն, մասնաւորաբար «Beatles»էն, Մայք կ’երազէր ստեղծել իր սեփական էսդրատային խումբը: Ան կը սկսի երգեր գրել եւ կը խնդրէ իր դասընկերէն՝ Յարութ Սարգոյեանէն, որ կիթառ կը նուագէր դպրոցի HOVMANS նուագախումբէն՝ երաժշտութիւն յօրինել այդ խօսքերուն համար: Անոնք միասին կը պատրաստեն բազմաթիւ երգեր, որոնք եթէ հրապարակուէին, շատ հաւանաբար մեծ ժողովրդականութիւն վայելէին այդ օրերուն: Յովակիմեան-Մանուկեանը աւարտելէ ետք, Մայք կը մասնագիտանայ ճարտարագիտութեան մէջ իբրեւ senior highway civil draftsman ու այսպէս կը սկսի իր ճամբորդութիւններու եկար շարանը: Առաջին ճամբորդութիւններէն մէկուն՝ Ճետտայէն Պէյրութ վերադարձին, ան կը գնէ երգեհոն (organ) մը ու կը նուիրուի նաեւ երաժշտութեան՝ նոյնիսկ երկրին քաոսային պայմաններուն մէջ:
Մայքի համար երաժշտութիւնը պարզապէս ականջին հաճելի տարր մը չէ: Ան կը բխի ներքին պահանջէ մը, որ կը հետեւի իր գեղարուեստական տարերքին: Ան յաճախ կը գծէ ունկնդրելով թէ՛ արեւմտեան եւ թէ՛ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն՝ անձնատուր ըլլալով մեղեդիներուն, որոնք թեւ ու թռիչք կու տան, կը ոգեշնչեն ու եռանդ կը հաղորդեն իր հոգիին: Երաժշտութեան եւ նկարչութեան այս միասնութիւնը ակնյայտ է Մայքի ստեղծագործութիւններու կշռութաւոր բնոյթին ու որակին մէջ, ուր գիծերը, ձեւերը եւ գոյները կը միաձուլուին՝ ստեղծելով տեսողական համանուագ մը, որ կ’արձագանգէ դիտողներու հոգիներուն մէջ:
Բացի երաժշտութենէն, գրականութիւնը եւ մասնաւորաբար բանաստեղծութիւնը նշանակալից դեր կը խաղան Մայքի գեղարուեստական կեանքին մէջ: Աշակերտութեան շրջանին, ան գրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մէկ քանին հրատարակուած են դպրոցի «Նուիրում» պարբերականին մէջ: Անոր ոտանաւորները, յաճախ միաձուլուած են արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն արտայայտութիւններով, ընդհանրապէս կը խօսին սիրոյ, հայրենասիրութեան, միասնականութեամբ պայքարի, ցեղասպանութեան եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին: Մայք հեղինակ է արուեստի մէկ քանի հատորներու, ուր պատկերուած են իր ապրած, զինք տպաւորած ու ոգեշնչած դէպքերն ու բնութեան տեսարանները: Այս բանաստեղծութիւնները պարզ են, բայց հարուստ՝ յոյզերով եւ պատկերներով: «Յոյսի համար» գործը, օրինակ, կ’արտայայտէ Մայքին տոկունութիւնը եւ կառչածութիւնը լաւատեսութեան՝ տառապանքի եւ տուայտանքի պայմաններու մէջ:
* * *
Մայք Յակոբեան բազմատաղանդ արուեստգետի սէրն ու նուիրումը գեղանկարչական արուեստին հանդէպ՝ զուգորդուած երաժշտութեան, գրականութեան եւ բանաստեղծութեան հետ, ցոյց կու տայ բազմազանութիւնը իր ստեղծագործական տաղանդին: Իր պաստառներուն, երգերուն եւ բանաստեղծութիւններուն միջոցով, ան իր ուրոյն ներաշխարհն ու աշխարհահայեացքը կը դարձնէ սեփականութիւնը իր լայն շրջապատին` բոլորը հրաւիրելով զգալու իր գեղարուեստական հոգիին գեղեցկութիւնն ու խորութիւնը:
Յարակից բովանդակութիւն
Դու քո սիրոյ բոյրը տուր ինձ,
Որ ծաղկունքով լիանամ,
Ծոցիդ բոյրը անուշ, անբիծ,
Կեանքի սիրով արբենամ:
Որ վայելեմ սեր ու խնդում,
Աստուածային սուրբ պարգեւ․
Սիրահարի սրտի
Երբ այցելեցի warsinlebanon.com կայքը՝ ստուգելու համար թէ կեանքիս քանի տոկոսը պատերազմի մէջ անցուցած եմ, տեսայ, որ 57.1 տոկոս անցուցած եմ
Պատրանքաթափուելու, մշակութային եւ քաղաքական շրջահայեացութիւն ունենալու, կամ իրապաշտ ու իրատես ծրագրեր մշակելու փորձ մը ընելու փոխարէն, կը բաւարարուինք թաղային ձեռնարկներով
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Երկնի վրայ ես գրում եմ`
Հայրենիք,
Բայց թխպում է,
Ամպն է պատում երկինքը․․․
Ամպի վրայ ես գրում եմ`
Հայրենիք,
Անձրեւում է
Ու ցնդում է թուխ ամպը․․․
Ես գրում եմ հողի վրայ`
Հայրենիք․
Բայց մնում է այն անհաղորդ,
Անբարիք:
Պայքարում եմ դարձնելու այն իմ տունը,
Մարտնչում եմ,
Քրտինք թափում,
Նոյնիսկ ոթում արիւնս,
Բայց մնում է նա անհաղորդ, անտարբեր,
Լոկ գրաւուած, արիւնլուիկ մի տարածք,
Չի բաբախում իմ սրտի հետ անձնուէր․․․
Ես կանգնում եմ հողի վրայ անսասան,
Տէր եմ կանգնում կեանք ու ցաւին զանազան,
Եսից դառնում մենք,
Դառնում ենք համակ ազգ,
Լեզու տալիս,
Ծաղկեցնում ենք մշակոյթ,
Քաղաքակրթութիւն հիմնում մերանձնեա․․․
Եւ ահա,
Հողը հաղորդւում է ինձնով ու մենքով,
Ջերմանում է մեր ազգութեամբ ու ոգով,
Վերաբերւում մեր արեանը ու գոյին,
Եւ դառնում է Հայրենիք:
Ո՛վ աշխարհ, ո՛վ երկիր, ո՛վ Հայաստան:
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
Երիտասարդ ժողովրդապետը՝ երիտասարդութեան մասին
Տարբերակ21-ի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի զրուցակիցն է Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սահակ Քէշիշեանը: Հայր Սահակին հետ կը զրուցենք այս օրերու հայ երիտասարդին հոգեւոր եւ եկեղեցական ըմբռնումներուն մասին: Նաեւ՝ իր առաքելութեան մասին իբրեւ ժողովրդապետ ու ուսուցիչ: Հաճելի ունկնդրութիւն:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Լոյս է հարկաւոր հայ ժողովուրդին. խաւարէն միայն աղէտ կը ծնի
Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց (Ծննդոց 1):
Աւետիք Իսահակեանի «Ամենապիտանի բանը» գործին մէջ, արեւելքցի թագաւոր մը իր երեք որդիներուն կը յայտնէ, թէ գահը պիտի կտակէ անոր, որ իր կառուցած մեծ շտեմարանը կը լեցնէ այնպիսի պիտանի բանով մը, որով երկիրը կը ծաղկի եւ ժողովուրդը կ’երջանկանայ: Անդրանիկ որդին բուռ մը ցորեն կը հանէ գրպանէն եւ կ’ըսէ, թէ հացով կը լեցնէ այդ շտեմարանը, քանի որ հացն է ամենէն պիտանի բանը: Միջնեկ որդին բուռ մը հող կը հանէ եւ կ’ըսէ, թէ հողով կը լեցնէ շտեմարանը, քանի որ հողն է ամենէն պիտանին․ առանց հողի հաց չկայ: Կրտսեր որդին մոմ կը հանէ գրպանէն, կը վառէ զայն եւ կ’ըսէ․
«լոյսով կը լեցնեմ այս ահագին շտեմարանը, իմաստուն հայր, լոյսով միայն: Շատ թափառեցայ, շա՛տ աշխարհներ տեսայ, բայց լոյսէն աւելի անհրաժեշտ ո՛չ մէկ բան գտայ: Լոյսն է ամենապիտանի բանը աշխարհի մէջ: Առանց լոյսի հողը հաց չի ծնիր, առանց լոյսի հողին վրայ կեանք չէր ըլլլար: Շա՛տ թափառեցայ, շա՛տ աշխարհներ տեսայ եւ գտայ, որ գիտութեան լոյսն է ամենապիտանի բանը, եւ միայն գիտութեան լոյսով կարելի է կառավարել աշխարհը»:
Եւ հայրը գահը կը կտակէ կրտսեր որդիին:
Այսօր մենք բոլորս լոյսի կարիք ունինք: Գիտութեան եւ կրթութեան լոյսի իրաւունք, քանի որ նոյնիքն այդ լոյսին բացակայութիւնն ու խաւարը մեզ կը նետեն յետամնացութեան անդունդը, ուր ոչ մէկ միտք կը ծնի, ոչինչ կը զարգանայ: Եւ յետամնացութեան խաւարը աւելի սարսափելի է, քան ամենէն մութ ճահիճը: Մենք, առանց չափազանցութեան, նման ճահիճի մը մէջ ենք` լճացած մեր խաւարին մէջ, ուր երբեմն միայն լոյսի ինչ որ արտացոլումներ կ’երեւին միայն, ուր խաւարը կ’արձագանգէ միայն խաւարին: Եւ այս կաթիլ մը չափազանցութիւն չէ: Ես երջանիկ կ’ըլլայի, եթէ չափազանցութիւն ըլլար, բայց ցաւով կը նշեմ, թէ մենք այսօր դատարկ շտեմարան մըն ենք, որ առայժմ լեցուած է դատարկութեամբ:
Մենք լոյսի կարիք ունենք այնպէս, ինչպէս կէսգիշերին իր սեփական տան մէջ խարխափող մարդը, որ, թէեւ անգիր գիտէ սենեակին չափը, գիտէ ուր ինչ դրուած է, բայց միեւնոյնն է, ոտքերը ձեւով մը առաջ կը շարժէ, կիսակռացած, վիզը` ձգած, ձեռքերը առջեւ պարզած ու միշտ վախով, որ հոն` մութին մէջ միշտ ինչ որ բան մը կայ: Ու երբ մութին մէջ որեւէ բան կը չխկայ, ապա իր իսկ սեփական տան մէջ գտնուող մարդը պատրաստ է նոյնիսկ հաւատալու, որ իր տան մէջ վիշապ կայ: Բայց ահա երբ կը միացնէ լոյսը, ամբողջ սարսափը կ’անհետանայ նոյն պահուն, ամէն ինչ կ’երեւի պարզ ու վախն ալ՝ անհեթեթ :
Բայց եթէ մարդը կրնայ վախնալ կամ ոտքը զարնել որեւէ աթոռի եւ պահարանի նոյնիսկ երբ գիտէ, թէ ուր կը գտնուի լոյսը, ապա տգիտութեան խաւարին մէջ սողացող ժողովուրդը չի գիտեր, թէ յաջորդ քայլին իր ոտքը ինչի՞ կը հանդիպի: Չի գիտեր, թէ արդեօ՞ք փոքր փոս մըն է իր առջեւը, թէ՞ գահավէժ անդունդ մը: Եւ իւրաքանչիւր քայլը կրնայ վերջինը ըլլալ, որովհետեւ մթութեան մէջ չես գիտեր, թէ ուր կ’երթաս: Ժողովուրդը կրնայ կործանիլ իր այդ տեւական մթութեան պատճառով: Եթէ չկործանի ալ, ապա թերեւս դառնայ խաւարասէր, գիշերային որեւէ միջատ կամ կենդանի, որ արդէն կ’ուզէ լոյսէն փախչիլ, որովհետեւ ինք արդէն վարժ է խաւարին:
Նկատա՞ծ էք, որ նոյնիսկ քանի մը վայրկեան զանոնք փակ պահելէ ետք, երբ կը բանանք ձեր աչքերը, ապա դժուար կը յարմարիք լոյսին: Նոյնն է պարագան ժողովուրդին: Երկար ժամանակ խաւարի մէջ մնացած ժողովուրդը կրնայ չյարմարիլ լոյսին, մերժել զայն, փախչիլ անկէ: Խաւարի մէջ ոչինչ կը ծաղկի, ոչինչ կ’ապրի, ոչինչ կը զարգանայ: Խաւարի մէջ չեն ապրիր՝ կը մահանան:
Մենք լոյսի կարիք ունինք, որովհետեւ միայն լոյսի մէջ կրնանք տեսնել մենք զմեզ ու մեր ճանապարհը, մեր աշխարհը: Տեսնել, ուր կը գտնուինք: Միայն լոյսով կրնանք տեսնել ճամբան ու չգահավիժիլ անդունդ: Լոյսը կեանքի գրաւականն է: Եւ այդ լոյսը ժողովուրդին համար` կրթութիւնն ու գիտութիւնն է: Միայն կրթութիւնն է, որ անօրէն ամբոխը կը վերածէ գիտակից ժողովուրդի, այնպէս, ինչպէս, որ խաւարը կրնայ ամենէն բարեպաշտ ժողովուրդը վերածել սատանայապաշտի:
Եւ այսօր մենք բոլորս լոյսի կարիք ունինք որեւէ ժամանակէ աւելի: Եւ այդ լոյսը միայն տառերը ճանչնալը չէ, այլ սկզբունքայնօրէն կիրթ ու գիտակից ըլլալը: Հիմա խաւարը կ’արտայայտուի կիսագրագիտութեամբ, կենցաղային իմաստակութեամբ, գռեհկութեամբ, սինիզմով, այլամերժութեամբ, պատեհապաշտութեամբ եւ այլն: Հիմա մարդիկ կարդալ գիտեն, ի տարբերութիւն անցեալ դարերու: Բայց ի՞նչ պէտք է կարդան անոնք: Եւ հայոց մտաւորականները կամ անոնք, որ իրաւունք ունին այդ անուամբ հպարտանալու, արդեօք կը գիտակցի՞ն, որ ճիշդ այս պահուն իրենց դիմաց կը կործանի սերունդ մը եւս: Արդեօք կը գիտակցի՞ն, որ պարզապէս գիրք գրել ու մէկ կողմ քաշուիլը բաւարար չէ: Որովհետեւ միայն լոյսը այլեւս բաւարար չէ, լոյսը պէտք է մեծցնել, շատցնել, բազմապատկել: Որովհետեւ մարդիկ իրենք իրենց պարզ չեն երթար լաւին ետեւէն, եթէ անոնց այդ լաւը չսորվեցնեն, չուսուցանեն: Բոլորն են կը հասկնան, որ մանուկներուն Քանթ չեն դասաւանդեր: Մանուկներուն համար նոյնն են Քանթն ու Խիկար Իմաստունը: Կը նշանակէ, թէ Քանթ կը կարդայ ան, որ այդքա՛ն իմաստուն է դարձած: Բայց ո՞վ պիտի կրթէ, ո՞վ լոյսի մասին պիտի խօսի: Ո՞վ, ո՞ր մտաւորականը այնքա՛ն քաջ է, որ նաեւ ուսուցանելու խիզախութիւն ունի: Որովհետեւ, եթէ իր ժողովուրդը անգէտ մնայ, ապա պիտի չհասկնայ զինք, նոյնիսկ եթէ ան նոր «Ֆաուսթ» մը ստեղծած է:
Յիսուս Քրիստոս մարդիկ փրկելու եկաւ Ուսուցիչի եւ ոչ թէ պարզապէս իմաստունի կերպարով: Ան եկաւ իր վարդապետութեամբ, եկաւ սորվեցնելու, եկաւ ցոյց տալու չարն ու բարին: Ան եկաւ ո՛չ միայն մեր մեղքերը քաւելու, այլ ընտրութեան իրաւունքէն բացի, ճանչնալու հնարաւորութիւն տալու մեզի. որ մարդը հասկնայ լոյսի ու խաւարի տարբերութիւնը: Եւ ճիշդ մեր մեծ Ուսուցիչը մեզի սորվեցուց եւ սորվեցնելէն բացի, պատգամեց, որ միւսներն ալ երթան, քարոզեն լոյսը, ճշմարիտը, որովհետեւ իր աստուածային մեծութեանը յատուկ բարութեամբ գիտէր, որ չի կրնար դատել մէկը, որ ծանօթ չէ լոյսին:
Եւ այժմ, մենք կրնա՞նք պնդել, որ հիմա բոլորը կը ճանչնան լոյսը ու սիրեն զայն: Արտաքուստ, ծիսական առումով՝ թերեւս: Բայց այս ի՞նչ դժբախտութիւններ կը պատուհասեն մեզ ու մեր հայրենիքը: Կրնա՞յ ըլլալ որ լոյսը ճանչցող ժողովուրդ մը ինքնակամ իր ճակատագիրը կը վերածէ սարսափի ձորի: Եւ ինչո՞ւ չի ճանչնար: Ո՞ւր են անոր ուսուցիչները:
Եւ այս բոլորին միակ պատճառը այն է, որ մենք այսօր ականակիր խաւարի մատնուած ենք: Ու չկան անոնք, որոնք ոչ թէ կը գրեն ու կը ստեղծագործեն իրենք իրենց համար, այլ անտէր չեն թողուր իրենց ժողովուրդը, կը կրթեն զայն, կը դաստիարակեն: Երիտասարդներն ու պատանիները ի սկզբանէ չեն համարեր անիծուած այլասերածներ, որոնց կը հետաքրքրէ միայն սեռային այլանդակ կեանքն ու դրամին գայթակղիչ ճամբան, որուն հասնելու համար բազմաթիւ արժանապատւութիւններ կը խորտակուին: Արդեօ՞ք դեռ մեր մէջ կան անոնք, որոնք կը փորձեն իրենց ժողովուրդը կրթել, գիտութեան լոյսով լուսաւորել անոնց վաղուան ճանապարհը, որ վաղը մենք հասկնանք, թէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը ուր կը տանինք: Կը տանինք դարուփոս ճամբաներո՞վ, թէ՞ արդէն հասած ենք անդունդի եզրին:
Եւ, վաղը, հերթական սարսափի մը շեմին, մեզմէ քանի՞ հոգին ինքզինք պատասխանատու պիտի նկատէ այն աղէտին համար, որ իր գլխին շարունակաբար կը բերէ խաւարի մէջ մնացած մեր ժողովուրդը: Եւ դեռ քանի՞ անգամ մեր ժողովուրդը պիտի տառապի սխալելով ու տապալելով, մինչեւ որ իր իմաստունները զայն ալ յիշեն ու մեռելները յիշելու ժամանակ՝ ողջերը չմոռնան:
Լեհ գրող Հենրիք Սենքեւիչի «Յո՞ երթաս» (“Quo Vadis” – 1896) գիրքին մէջ (լեհերէնէ թարգմանած է ազգագրագրէտ Ստեփան Լիսիցեան), երբ Պետրոս առաքեալ մահէն պրծելու համար խոյս կու տայ Հռոմէն, անոր կ’երեւի Քրիստոսը, որ դէպի Հռոմ կ’ուղղուէր: Պետրոս ապշահար կը հարցնէ․ «յո՞ երթաս (ո՞ւր կ’երթաս) Տէ՛ր» եւ Պետրոսի ականջին կը հասնի տխուր ու քաղցր ձայն մը, որ կ’ըսէր.
– «Կ’երթամ Հռոմ երկրորդ անգամ խաչուելու»:
Պետրոս կը հասկնայ Քրիստոսի անուղղակի թելադրանքը ու կը վերադառնայ Հռոմ՝ ընդուելով, որ իրաւունք չունի թողելու իր ժողովուրդը, որովհետեւ Քրիստոսն ալ զիրենք չէր լքած: Եւ արդեօ՞ք մեր մէջ կ’արթնանան անոնք, որոնք կը հասկնան, թէ իրաւունք չունին թողելու իրենց ժողովուրդը, որովհետեւ ան կրնայ կորչիլ տգիտութեան խաւարին մէջ:
Եւ կ’արթննա՞ն արդեօք:
Եւ դեռ քանի՞ անգամ պիտի խաչուի Քրիստոսը:
Յարակից բովանդակութիւն
ԱԻ-ն ալկորիթմներու փունջ մըն է՝ տեղաւորուած համակարգչային մեծ միջավայրի մը մէջ։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ յղացած։ Անիկա յղացուած է մարդոց
Մարդը միակ կենդանին է, որ կրնայ բարոյական հիմնաւորում ստեղծել իր ագահութեան, վրէժի, վախի կամ իշխանասիրութեան համար։ Կենդանին կը սպանէ, որովհետեւ
Ազատ ընտրութիւնները ինքն ըստ ինքեան կայուն պետութիւն մը չեն ստեղծեր։ Քուէատուփը կրնայ ընտրել ղեկավարներ, բայց չի կրնար ինքնաբերաբար դատարաններ, համալսարաններ,
Հանրային առողջապահութիւնը՝ հետազօտող, դոկտ. Թամար Գապագեան-Հաշէօլեանի հետ
Մեր podcast-ի հիւրն է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի (AUB) Առողջապահական գիտութիւններու հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի փրոֆեսոր, հետազօտող, դոկտ. Թամար Գապագեան-Հաշէօլեանը: Թամարը մայրական, նորածիներու եւ երեխաներու առողջութեան մասնագէտ է, ունի հարուստ փորձառութիւն եւ մեծ ներդրում այս մարզին մէջ: Բազում այլ համագումարներու կողքին, ան իր մասնակցութիւնը բերած է ու կը շարունակէ բերել Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (WHO) կարեւոր համագումարներու՝ ներկայացնելով Միջին Արեւելքը: Կ’անդրադառնանք նաեւ AUB-ի մէջ Թամարին գործունէութեան՝ կեդրոնանալով հանրային առողջապահութեան մասին իր հետազօտութիւններուն վրայ:

Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Քաղաքական մշակոյթը եւ ժողովրդավարական կենսափորձը փաստօրէն առանցքային դեր ունին ազգի մը ներքին միասնականութեան ձեւաւորման մէջ: Հայաստանի պարագային, այս վճռորոշ տարրերուն բացակայութիւնը կամ կենսափորձին պակասը խոր հետեւանքներ կ’ունենայ` խափանելով ընդհանուր հասարակաց արժէքներու զարգացումը, խախտելով վստահութիւնը հաստատութիւններու նկատմամբ եւ յաւերժացնելով պառակտումի երեւոյթը հասարակութեան մէջ: Այս գրութեամբ պիտի փորձենք ցոյց տալ թէ ինչպէ՞ս քաղաքական մշակոյթի եւ ժողովրդավարական փորձառութեան բացակայութիւնը բացասաբար կ’ազդէ հայ ժողովուրդի միասնականութեան վրայ` յանգելով բեւեռացումներու, հասարակութեան մասնատումին եւ ազգային ինքնութեան թուլացման:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Հայաստան ունեցաւ անցումային դժուարին շրջան մը, որուն ընթացքին քաղաքական մշակոյթի մը զարգացումը չապրեցաւ բնական հոլովոյթ մը: Ինքզինք պարտադրած քաղաքական մշակոյթի մը բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ որ համախոհութիւն չգոյանայ հիմնական սկզբունքներու եւ նպատակներու շուրջ: Տարբեր խմբաւորումներ՝ կուսակցութիւններու կամ այլ համախմբումներու անուան տակ ունին տարբեր տեսակէտներ արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական քաղաքականութեան ու զարգացումին, Արցախի հարցին, ցեղասպանութեան եւ ընդհանարապէս ազգային ինքնութեան շուրջ: Ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները միութեան առաջնորդելու փոխարէն՝ պառակտումներ կը ստեղծեն զանգուածներուն մէջ եւ մինչեւ այսօր կը խափանեն ընդհանուր նպատակներու շուրջ համագործակցելու կարելիութիւնները:
Վստահութեան խախտում
Վերանկախացումէն ետք, Հայաստան դէմ յանդիման գտնուեցաւ զգալի մարտահրաւէրներու ժողովրդավարական կենսունակ եւ առողջ դրութեան մը հաստատման առնչութեամբ, որ կը բնութագրուի թափանցիկ կառավարմամբ, հասարակութեան բոլոր շերտերուն համապարփակ մասնակցութեամբ եւ իշխանութեան խաղաղ անցումներով: Ընտրական խախտումներու եւ փտածութեան դէպքերը ընդհանրապէս խախտեցին ժողովուրդին վստահութիւնը քաղաքական հաստատութիւններու եւ ղեկավարներու նկատմամբ: Ժողովրդավարական իսկական փորձառութեան բացակայութիւնը յուսալքեց քաղաքացիները, որոնք սկսան թերահաւատութեամբ վերաբերիլ քաղաքական հաստատութիւններու եւ ղեկավարներու նկատմամբ` տկարացնելով անոնց վստահութիւնը ընդհանրապէս ժողովրդավարական համակարգին նկատմամբ:
Հաւաքական ինքնութեան զգացումի տկարացում
Քաղաքական մշակոյթը եւ ժողովրդավարական կենսափորձը վճռորոշ նշանակութիւն ունին ընդհանուր ազգային ինքնութեան զարգացման ու ամրապնդման համար: Հայաստանի մէջ այս տարրերուն բացակայութիւնը տկարացուցած է հաւաքական ինքնութեան զգացումը: Քաղաքացիներու որոշ տոկոս մը կարծես կտրուած կը զգայ աւելի լայն հասարակութենէն, անջատուած քաղաքացիական կեանքէն եւ անտարբեր ազգի ապագային կերտման գործին մէջ իր սեփական դերակատարութեան նկատմամբ: Հաւաքական ինքնութեան այս զգացումի թուլացումը յաւելեալ խոչընդոտներ կը ստեղծէ միասնականութեան դիմաց, որովհետեւ ինքնութեան զօրաւոր հաւաքական գիտակցութիւնը կը ծառայէ որպէս միացնող ազդակ` վերացնելով տարբերութիւնները եւ ժողովուրդը մղելով դէպի հասարակաց նպատակներու հետապնդում:
Արդարեւ, Հայաստանի մէջ քաղաքական մշակոյթի եւ ժողովրդավարական կենսափորձի բացակայութիւնը զգալի հետեւանքներ կ’ունենայ ազգային միասնականութեան վրայ: Ընդհանուր արժէքներու բացակայութիւնը, վստահութեան կորուստը, ընկերային մասնատուածութիւնը եւ հաւաքական ինքնութեան զգացումի թուլացումը կը խափանեն համագործակցութեան ոգին: Միասնականութիւն խթանելու համար շատ կարեւոր է զարգացնել քաղաքական առողջ մշակոյթ մը, որ կը խրախուսէ քաղաքացիներու մասնակցութիւնը, կը պաշտպանէ ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կը նպաստէ համապարփակ ու ընդհանրական երկխօսութեան: Այս ձեւով Հայաստան կրնայ յաղթահարել պառակտումները, ամրապնդել ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ ուժերը լարել դէպի ընդհանուր ապագայ, ուր բոլոր քաղաքացիներն կը զգան իրարմով զօրացած եւ իրարու կապուած:
Ինչպէ՞ս կարելի է շրջել իրավիճակը եւ ժողովրդավարական ամուր կենսափորձի ճամբով հասնիլ ազգային միասնականութեան բաղձալի մակարդակի: Մեր կարծիքով դժուար թէ կարենանք նման նպատակ իրագործել առանց քննական մտածողութեան մշակոյթի մը զարգացման մեր իրականութեան մէջ: Թէ ինչպէ՞ս:
Նախ՝ ի՞նչ է քննական մտածողութիւնը: Տարբեր սահմանումներու ամփոփումով կարելի է եզրակացնել, թէ քննական մտածողութիւնը կացութիւններու, տեղեկութեան եւ գաղափարներու համակարգուած եւ առարկայական վերլուծումի, գնահատման եւ համադրումի մտային գործընթաց մըն է: Ան կ’ենթադրէ կասկածի տակ առնել ենթադրութիւնները, բացայայտել տրամաբանական սխալները, հարցադրել ապացոյցները եւ յանգիլ լաւ կշռադատուած եզրակացութիւններու: Քննականօրէն մտածողը գործնապէս կը ձգտի հասկնալու դժուարութիւններն ու անոնց բարդութիւնները, կ’ընդունի տարբեր տեսակէտներու առկայութիւնը եւ կը ցուցաբերէ առողջ դատողութիւն՝ վերահասու որոշումներ կայացնելու եւ հարցերը արդիւնաւէտ կերպով լուծելու համար:
Այժմ փորձենք ցոյց տալ, թէ ինչպէ՞ս քննական մտածողութիւնն ու ժողովրդավարական առողջ կենսափորձը առնչուած են իրարու, եւ հետեւաբար այս երկուքը՝ ազգային միասնականութեան մշակոյթ կերտելու մարտահրաւէրին:
Կ’օգնէ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու
Ինչպէս տեսանք, քննական մտածողութիւնը կ’ընդգրկէ կացութիւններու առարկայական եւ տրամաբանական վերլուծութիւնն ու արժեւորումը: Ժողովրդավարական դրութեան մէջ, քաղաքացիները կոչուած են վերահասու որոշումներ կայացնելու քուէարկութեան եւ հանրային քննարկման մասնակցելու միջոցով: Քննական մտածողութիւնը առիթ կ’ընծայէ անհատներուն գնահատելու աղբիւրներու հաւաստիութիւնը, կշռադատելու տարբեր հեռանկարները եւ լաւ պատճառաբանուած ընտրութիւն կատարելու թեկնածուներու եւ քաղաքական ուղղութիւններու միջեւ:
Կը պաշտպանէ ապատեղեկատուութեան դէմ
Ժողովրդավարական առողջ կենսափորձը հիմնուած կ’ըլլայ վերահասու եւ յանձնառու քաղաքացիներու գիտակցութեան վրայ: Քննական մտածողութիւնը կ’օգնէ զատորոշելու վստահելի տեղեկատուութիւնը ապատեղեկատուութենէն կամ փրոփականտէն: Աշխարհի մը մէջ, ուր ապատեղեկատուութիւնը կրնայ արագ տարածուիլ ընկերային ցանցերու եւ այլ միջոցներով, քննականօրէն մտածելու կարողութիւնը վճռորոշ դեր կրնայ խաղալ ժողովրդավարական գործընթացի առողջ դիմագիծը պահպանելու համար:
Միջոց՝ հանրային առողջ քննարկումներու եւ բանավէճի
Ժողովրդավար հասարակութիւնները կը զարգանան բաց եւ կառուցողական հանրային քննարկումներով եւ բանավէճով: Քննական մտածողութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ անհատներու արդիւնաւէտ կերպով արտայայտելու իրենց գաղափարները, կասկածի տակ առնելու ենթադրութիւնները եւ յարգալիր երկխօսութեան մէջ մտնելու ուրիշներու հետ: Ան կը նպաստէ այնպիսի միջավայրի մը ստեղծումին, ուր կարելի է լսել եւ նկատի առնել տարբեր տեսակէտներ` նպաստելով որոշումներ որդեգրելու աւելի ընդգրկուն եւ համապարփակ գործընթացներու զարգացման:
Հաշուետուողականութիւնը կը դառնայ պայման
Ժողովրդավարական առողջ պայմաններու մէջ քաղաքացիները պէտք է իրենց ընտրած ներկայացուցիչները ենթարկեն հաշուետուութեան: Քննական մտածողութիւնը առիթ կը ստեղծէ առարկայականօրէն ուսումնասիրելու պետութեան եւ կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնները, արարքներն ու կեցուածքները՝ բացայայտելով անհամապատասխանութիւնները, արժեւորելով կատարուածը եւ պահանջելով թափանցիկութիւն ու հաշուետուողականութիւն:
Կը խթանէ յարմարելու ճկունութիւնը
Ժողովրդավարական առողջ համակարգերը անհրաժեշտ կը դարձնեն յարմարելու եւ յառաջդիմութեան հետ քայլ պահելու կարողութիւն մինչ ժամանակի ընթացքին կը զարգանան մարտահրաւէրները: Քննական մտածողութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ քաղաքացիներուն եւ որոշում կայացնող մարմիններուն վերլուծելու փոխուող հանգամանքները, կասկածի տակ առնելու աւանդական մօտեցումները եւ մշակելու բարդ խնդիրներու յարմարող նորարարական լուծումներ:
Եզրափակելով` ազգային միասնականութեան, քաղաքական մշակոյթի եւ քննական մտածողութեան այս եռեակը վճռորոշ դեր կը խաղայ երկրի մը ապահովութեան եւ բարգաւաճման մէջ՝ բանակը ունենալով իբրեւ յենարան ու պաշտպան: Ազգային միասնականութիւնը իրարու կը շաղկապէ քաղաքացիները` զարգացնելով բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու դիմադրական ոգին եւ ուժը: Ազգային միասնականութիւնը կը խթանէ ընդհանուր ինքնութեան եւ նպատակի զգացումը, թափ կու տայ միասին աշխատելու գաղափարին՝ հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն: Քաղաքական առողջ մշակոյթը կը խթանէ ժողովրդավարական արժէքները եւ կ’երաշխաւորէ զանգուածներու գործօն մասնակցութիւնը` զանոնք խմբելով ապագայակերտ ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ: Քննական մտածողութիւնը եւ՛ զանգուածներուն, եւ՛ բանակայիններուն առիթ կ’ընծայէ վերահասու որոշումներ կայացնելու՝ երաշխաւորելով ազատութեան եւ ազգային ապահովութեան պահպանումը: Իբրեւ երկրին պահապանները, նաեւ բանակին հաւատարմութիւնը այս սկզբունքներուն՝ կ’ամրապնդէ զօրաւոր եւ ապահով պետութեան մը հիմքը:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
«Հայրս ո՞վ է» Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ
ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ Ռէյ Գունիի «Հայրս ո՞վ է» կատակերգութիւնը (զաւեշտախաղ, ֆարս), բեմադրութեամբ՝ Վաչէ Տօնէրեանի:
Ներկայացումները տեղի կ’ունենան ուրբաթ 10, շաբաթ 11 (կալա), կիրակի 12, եւ ուրբաթ 17, շաբաթ 18, կիրակի 19 մայիս 2024 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:
Ռէյ Գունիի «Հայրս ո՞վ է» (բնագիրը՝ «It Runs in the Family», Ray Cooney) զաւեշտախաղին պատմութիւնը կը պատահի հիւանդանոցի մը մէջ եւ գլխաւորաբար կը դառնայ տոքթ. Տէյվիտ Մորթիմորի շուրջ՝ յարգուած բժիշկ մը, որ կը գտնուի նոր իրագործումներու սեմին եւ այս իմաստով կարեւոր դասախօսութիւն մը պատրաստելու վրայ է, երբ անսպասելիօրէն կը յայտնուի իր հին բարեկամուհիներէն՝ Ճեյն Թէյթը: Ան կը բացայայտէ, թէ տարիներ առաջ իրենց սիրային արկածախնդրութենէն ծնած է աղջնակ մը, որ այժմ կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ եւ կ’ուզէ իր հօրը հանդիպիլ: Մորթիմօր կը փորձէ ամէն գնով արգիլել, որ այս գաղտնիքը հրապարակուի: Խառնաշփոթ վիճակ մը, քաոս կը յառաջանայ, երբ ան կը դիմէ իր պաշտօնակիցին` տոքթ. Հիւպըրթ Պոննիի օգնութեան:
Կը սկսի տողանցել թիւրիմացութիւններու շարան մը այն անձերուն մասին, որոնք ելումուտք կ’ունենան բեմին վրայ: Տոքթ. Մորթիմըրի սուտերը իրարու կը յաջորդեն, մեղսակցութեամբ՝ Տոքթ. Պոննին եւ օրիորդ Թէյթի: Մուտքերով եւ ելքերով հարուստ այս թատերախաղին խելագարներու խումբը, միշտ թիւրիմացութեամբ զուարճալի վայրկեաններ կը ստեղծէ՝ իր տարօրինակ եւ փոփոխամիտ կերպարներով:
Այս թատերախաղը անընդհատ խնդուք պատճառող ներկայացում մըն է, առիթ մը՝ հանդիսատեսը դուրս բերելու իր ճնշող առօրեայէն:
Թէեւ հիմնականօրէն կատակերգութիւն մը, սակայն այս փիեսը կը շօշափէ պատասխանատւութեան եւ անցեալի արարքներու հետեւանքները կրելու պարտաւորութեան թեմաները, ու կ’արծարծէ այն ծայրայեղ միջոցները, որոնց կը դիմեն մարդիկ պահելու եւ պաշտպանելու իրենց հանրային դիմագիծը, երբ մանաւանդ անոր խոցելիութիւնը երեւան գայ:
«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի այս ներկայացումներուն առիթով դիմեցինք բեմադրիչ Վաչէ Տօնէրեանին՝ հարց տալով, թէ ինչո՞ւ այս ընտրութիւնը: «Այս օրերուն չեմ ուզեր աւելի ծանր թեմաներով գործեր հրամցնել հանդիսատեսին: Այս ստեղծագործութիւնը երկար տարիներ ներկայացուած է համաշխարհային բեմերու վրայ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ: Ի վերջոյ, կատակերգութիւնն ալ թատերգութեան ժանր է: Նոյնիսկ ամենէն լուրջ թատերախաղերու պարագային, թատրոնին գլխաւոր նպատակներէն մէկը ժամանցն է հանդիսատեսին մարդկային բարդ վիճակներ հրամցնելու ճամբով՝ յուզում, պոռթկում կամ խնդուք ու ծիծաղ պատճառելով: Ես անգամ մը եւս խնդուքը ընտրեցի», ըսաւ Տօնէրեան՝ աւելցնելով. «Այսօր շատ դժուար աշխատանք է ներկայացում պատրաստելը, բոլորէն մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ, թէ՛ դերակատարներ եւ թէ՛ վարչական ու օժանդակ մարմիններ: Շնորհակալ եմ բոլորին»:
Մենք ալ մեր կարգին յաջողութիւն կը մաղթենք բեմադրիչ Վաչէ Տօնէրեանին ու «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բոլոր անդամներուն:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
ՌՈՒՍՏԱՄ ՌԱԶԱ. Նափոլէոնի հայ թիկնապահը
Բուն անունով՝ Ռոստոմ Յովնանի Խաչատուրեան:
Ծնած է Թիֆլիս, 1782-ին, շուշեցի հայ վաճառականի ընտանիքի մէջ:
Ռոստոմ 11 տարեկան էր, երբ հայրը, գործը ընդարձակելու նպատակով, երկու մեծ որդիներուն հետ կը մեկնի Թիֆլիս՝ Ղարաբաղի մէջ ձգելով կինը, երկու աղջիկներն ու Ռոստոմը: Գործերը յաջող ընթացք ունենալնուն՝ տարի մը ետք ան քովը կը կանչէ ընտանիքին մնացեալ անդամները: Ճամբան թաթարներ կ’առեւանգեն Ռոստոմը, որ այնուհետեւ ձեռքէ-ձեռք կը վաճառուի եօթը անգամ՝ ի վերջոյ յայտնուելու համար Պոլսոյ ապարանքներէն մէկուն մէջ:
1797-ին նոր տէրը կը նուիրէ զայն եգիպտոսի կառավարիչին՝ իբրեւ անոր մամլուքը[1] (مملوك): Այս վերջինի մահով՝ զայն ձեռք կ’անցընէ ինչ-որ շեյխ էլ-Պաքրի մը, որ իր կարգին 1799-ին զայն, գեղեցիկ ձիու մը հետ, կը նուիրէ Եգիպտոսը տարի մը առաջ նուաճած Նափոլէոն Պոնափարթին:
Այն օրէն ետք եւ ամբողջ 16 տարի Ռոստոմ շուքի մը պէս պիտի հետեւի իր նոր տիրոջը ու անձնուիրաբար պիտի ծառայէ անոր՝ մինչեւ այս վերջինին Էլպա կղզի աքսորը՝ 1814-ին:
* * *
Նափոլէոն արտասովոր համակրանք եւ վստահութիւն կը տածէ Ռոստոմի հանդէպ, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր հաւատարիմ արբանեակը կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն մէջ:
Փարիզ վերադարձին՝ իր հետ կը բերէ զայն եւ կը նշանակէ իր առաջին թիկնապահը ի շարս այլոց: Կը թոյլատրէ, որ հանդիսաւոր առիթներու ան կրէ իր եգիպտական տարազը (տեսնել նկարը), ինչպէս նաեւ անոր կը յատկացնէ իր յարկաբաժնին նրբանցքին մէջ մահճակալ մը, ուրկէ Ռոստոմ անխափան կրնար հսկել տիրոջ ապահովութեան վրայ:
Նուազագոյն վտանգի մը շշուկներուն ի լուր՝ ան չէր վարաներ մահճակալը փոխադրելու Նափոլէոնի ննջասենեակի սեմին, որպէսզի դաւադիրները նախ եւ առաջ զի՛նք դիմակայէին՝ տիրոջը հասնելէ առաջ:
Նափոլէոն այս բոլորին տեղեակ էր, կը նկատէր այս բոլորը եւ ըստ այնմ ալ կը գնահատէր զայն թէ՛ իր յատուկ վերաբերումով, թէ՛այլազան նուէրներով:
Ան գիտէր, որ պատերազմի ամենաթէժ պահերուն իր կողքին ունէր Ռոստոմը, որ արթուն կը հսկէր իր ապահովութեան վրայ, ինչպէս եւ կերուխումի պահերուն, ուր մէկ առ մէկ կը քննէր Նափոլէոնի իւրաքանչիւր պնակը, գաւաթը, ուտելիքն ու խմիչքը՝ առաջինը ի՛նք համտեսելով ու ապա դնելով զանոնք տիրոջ տրամադրութեան տակ:
Ռոստոմ մասնակցեցաւ Նափոլէոնի բոլոր պատերազմներուն անխտիր՝ միշտ յիշելով իր ծագումն ու ազգութիւնը եւ յաջողեցաւ օգտագործել իր վարկը մէյ մը Իտալիոյ մէջ, երբ Նափոլէոն փակել կու տար բոլոր իտալական վանքերը, սակայն կը խնայէր Մխիթարեաններու Սուրբ Ղազարին՝ յատուկ հրամանագիրով մը «գիտական ակադմիա» հռչակելով զայն, որուն ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար: Ան իր ազգային պարտականութիւնը կատարեց նաեւ Մոսկուայի արշաւանքի առթիւ. երբ Նափոլէոն այստեղ հրամայեց այրել ամբողջ քաղաքը, ապա Ռոստոմի միջնորդութեամբ խնայուեցաւ Հայոց թաղամասին, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. Նափոլէոն պահակներ կարգեց անոր, որպէսզի կանխուի ամէն վտանգ:
* * *
Մոսկուայի անյաջող արշաւանքէն ետք, երբ Եւրոպական միացեալ բանակները արշաւեցին Ֆրանսա՝ պատժելու համար Նափոլէոնը, ան թակարդուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Fontainebleau ապարանքին մէջ, ուր եւ որոշեց անձնասպան ըլլալ. առ այս՝ հարկ եղած զէնքը խնդրեց Ռոստոմէն, որ, ոչ միայն չհայթայթեց զայն, այլեւ փախուստ տուաւ դէպի Փարիզ, ու ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Տուրտան գաւառակը:
Տասնվեց տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ռոստոմ կը լքէր իր տէրը այն մտավախութեամբ, որ յաղթական տէրութիւնները կրնային զինք տիրասպանութեամբ ամբաստանել:
Նափոլէոն ձերբակալուեցաւ ու 1814-ին աքսորուեցաւ իտալական Էլպա կղզին, ուրկէ 300 օր ետք փախուստին ու վերադարձին Փարիզ՝ ան այլեւս չուզեց տեսնել Ռոստոմը:
Չուշացաւ նափոլէոնի վերջնական աքսորը, Վաթերլոյի պարտութենէն ետք 1815-ին՝ դէպի Սուրբ Հեղինէ կղզին, ուր Ռոստոմ նմանապէս չընկերացաւ անոր, այլ հարց թէ նման արտօնութիւն մը կրնա՞ր ունենալ:
* * *
Շուրջ տասը տարուան նստակեաց կեանքէ մը ետք Ռոստոմ, հաւանաբար 1826-ին, այցելեց Թեհրան, ասկէ Թիֆլիս, ուր ան ընդունուեցաւ Կովկասի ռուս կառավարիչ Երմոլովի կողմէ: Իբրեւ ջոկատի հրամանատար մասնակցեցաւ ռուս-պարսկական պատերազմին եւ Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք՝ 1828-ին, հաստտաուեցաւ հայրենի Շուշի քաղաքին մէջ, ուր մնաց երկու տարի: Որմէ ետք վերադեարձաւ Փարիզ՝ ընտանիքին քով:
Ռոստոմ վերջին անգամ հանդիպեցաւ Նափոլէոնին 1840-ին, երբ անոր աճիւնները Ֆրանսա բերուեցան ու տեղի ունեցաւ պատշաճ յուղարկաւորութիւնը: Ան գլխահակ մասնակցեցաւ թափօրին՝ քալելով առաջին շարքէն:
Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստտաուեցաւ Տուրտան, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն 1845-ին:
Մահէն կարճ ժամանակ առաջ ան գրեց իր յուշերը՝ «Նափոլէոն Ա.-ի մամլուք Ռուստամի յուշերը», որոնք հրատարակուեցան 1866-ին եւ այնուհետեւ թարգմանուեցան բազմաթիւ լեզուներու, ինչպէս անգլերէնի, իտալերէնի, ռուսերէնի, վրացերէնի ու հայերէնի: 
Ռոստոմի պատկերը գծած են բազմազթիւ նկարիչներ, եւ բազմաթիւ գրագէտներ ակնարկած են անոր գործունէութեան, ինչպէս Պալզաք, Ստենդալ, Տոլստոյ, Դոստոեւսկի եւ ուրիշներ:
Անոր շիրիմը կանգուն կը մնայ Տուրտանի մէջ՝ արժանանալով պատշաճ գուրգուրանքի ու յիշատակութ-եան: Իսկ տան մուտքին զետեղած են ցուցանակ մը:
Անձնական կեանքը
Նափոլէոն, անձնապէս շահագրգռուած ըլլլաով Ռոստոմի բարօրութեամբ, խրախուսած էր զայն, որ ամուսնանայ իր կնոջը՝ Joséphine Beauharnais-ի մէկ մերձաւորին հետ, որ կը կոչուէր Douville. այդպէս ալ ըրաւ: Ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ 1806-ին. բոլոր ծախսերը ստանձնեց Նափոլէոն ինքը:
Ռոստոմ ունեցաւ մանչ մը եւ աղջիկ մը: Մանչը հետագային դարձաւ ֆրանսայի լիազօր ներկայացուցիչը Թունուզի մէջ: Ունեցած է Edmond Rosdam անունը կրող թոռ մըն ալ, որուն ճակատագիրը անյայտ է. ոմանք, ինչպէս Wikipedia-ն, այս Ռոստամը կը շփոթեն ֆրանսացի համբաւաւոր թատերագիր Edmond Rostand-ով՝ Cyrano de Bergerac-ի հեղինակով, ինչ-որ մեծ թիւրիմացութիւն է եւ ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ:
Ան պետական որեւէ հատուցումի չարժանացաւ նոր իշխանութեան կողմէ, փոխարէնը օրուան թագաւորը՝ Louis Philippe, անոր կնոջը վստահեցաւ քաղաքի թղթատարական ծառայութեան տնօրէնութիւնը, որ իրենց պարգեւեց տնտեսական համեստ ինքնաբաւութիւն մը:
Յաւելուած
Հետեւեալը կը կցեմ՝ առնելով Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ի 12/10/2013-ի թիւէն.
«Նափոլէոնի մամլուք թիկնապահի՝ Ռուստամ Ռազայի յիշատակը այս տարի եւս նշուեցաւ Փարիզեան շրջանի մօտակայ քաղաքներէն Տուրտանի գերեզմանատան մէջ, ուր կը գտնուի անոր շիրիմը:
2007-էն ի վեր Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան կողմէ կազմա-կերպուող արարողութեան այս տարի ներկայ էին շուրջ 100 հոգի: Հոն էին ֆրան-սահայ նախկին ռազմիկներ՝ իրենց դրօշներով, որոնց մէջ «Մանուշեան»-ի խումբէն՝ 96-ամեայ Արսէն Չաքարեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նորա-նշանակ զինուորական կցորդ Գարեգին Մարգարեան, ինչպէս նաեւ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով «Նափոլէոնեան յիշատակ»-ի ֆրանսական միութեան անունով՝ Ժաք Մասէ:
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 3, ժամը 11-ին, Ռուստամի շիրիմին առջեւ սկսաւ արարողութիւնը: Ճառեր արտասանեցին Տուրտանի քաղաքա-պետ Օլիվիէ Լըկուա, որ յայտարարեց, թէ գալ տարի գերեզմանատան մուտքին պիտի զետեղուի Ռուստամի յուշարձանը, Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան, որ շեշտեց Ռուստամ Ռազայի անգնահատելի կարեւորութիւնը Ֆրանսահայութեան եւ ի մասնաւորի՝ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան համար, որ զինք կ’ընդունի իբրեւ այն առաջին հայ ռազմիկը, որ պատերազմած է Ֆրանսայի դրօշի ներքոյ 1799-էն ի վեր։ Ան յիշեցուց Ռուստամ հերոսի այժմէականութիւնը, որ, ծառայելէ ետք Նափոլէնի, վերադարձած է Թիֆլիս, միանալով զօրավար ռուսական բանակին՝ պատերազմած է Ղարաբաղի անկախութեան համար:
Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շաւիլի եկեղեցւոյ հովիւ Գուրգէն վ. Աղապապեանի կողմէ :
Այս տարի քաղաքապետը առաջին անգամ ըլլալով ներկաները հրաւիրեց քաղաքապետարան՝ բաժակ բարձրացնելու Ռուստամի յիշատակին, որմէ ետք ցերեկոյթը շարունակուեցաւ տեղւոյն գողտրիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ՝ առիթ ընծայելով Ռուստամ Ռազայի անձին եւ հայ–ֆրանսական կապերուն անոր ներդրումին անդրադառնալու: Հոն խօսք առաւ նաեւ Լուսինեաններու գերդաստա-նի ներկայացուցիչ մը: Ընթերցուեցան Ռուստամի նուիրուած հրատարակութիւննե-րէ խորհրդանշական էջեր՝ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով»:
Այդ նո՛յն օրուան անդրադարձած է նաեւ «Արմէնպրես»-ը.
«Ֆրանսիայի Դուրդան քաղաքում հոկտեմբերի 3-ին կայացել է Նապոլէոն Բոնապարտի թիկնապահ, հայազգի մամլուք Ռուստամ Ռազայի յիշատակին նուիրուած միջոցառում: Ինչպես հաղորդում է «Արմենպրես»-ը` ֆրանսահայ նախկին ռազմիկների եւ դիմադրողականների միութեան նախաձեռնությամբ յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութեանը մասնակցել են Դուրդանի քաղաքապետ Օլիվիէ Լըգուան, տեղական կառավարման մարմինների ներկայացուցիչներ, ֆրանսիացի եւ ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներ, հայ հոգեւոր սպասաւորներ եւ այլ հրաւիրեալներ: Միջոցառմանը ներկայ են եղել նաեւ Ֆրանսիայում ՀՀ դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդ Գարեգին Մարգարեանը եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ: Ներկաները ծաղկեպսակներ են զետեղել Դուրդանի գերեզմանատանը գտնուող Ռուստամ Ռազայի շիրմաքարին, այնուհետեւ հնչել են Ֆրանսիայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգերը»:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Բառացի կը նշանակէ սեփականութիւն: Զինուորական դաս Հին Եգիպտոսի մէջ, որ կը բաղկանար քրիստոնեաներէ խլուած ու իբրեւ իսլամ կրթուած ու մարզուած զինուոներէ եւ անոնց սերունդ-ներէն: Համազօրն է թրքական «ենիչերի»-ներուն:
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
Ժան Տէր Գէորգեան. «ԲԱՐԵՒ ՀԱԼԷՊ»-ն ու անմոռ յուշեր
Հետաքրքրական է այս գրութեանս պատմութիւնը, որովհետեւ 2023 փետրուարին, Տաուտիէի մասին պատրաստած հաղորդումս ու տեսագրութիւնը, անցեալ ամսուան մէջ, երբ Վազգէն Քէլխաչերեան կ’այցելէ Ժան Տէր Գէորգեանին՝ իր բջիջայինով անոր ցոյց կու տայ յիշեալ տեսագրութիւնը, եւ Ժան Տէր Գէորգեան, որ Տաուտիէ ծնած է, դիտելով Տաուտիէի մասին տեսագրութիւնը՝ գոհունակութեամբ շնորհակալ կ’ըլլայ, որ այս հաղորդումն ու տեսագրութիւնը պատրաստած եմ: Վազգէն Քէլխաչերեան whatsApp-ով զիս տեղեակ պահեց իր հանդիպիպումին եւ տեղի ունեցած խօսակցութեան մասին: Իրա՛ւ որ ուրախացայ. անմիջապէս հեռաձայնեցի Վազգէնին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու: Զրոյցին ընթացքին, Վազգէնէն խնդրեցի, որ իր յաջորդ այցելութեան տեղեկութիւններ քաղէ Ժան Տէր Գէորգեանի մասին՝ անոր կենսագրութեան առնչուող հարցումներ ուղարկելով: Սիրայօժար, Վազգէն ճիգ չխնայեց եւ Ժան Տէր Գէորգեանին այցելութիւններ տալով քաղեց այն ինչ որ կարելի էր նօթագրել՝ նկատի ունենալով Ժան Տէր Գէորգեանի յիշելու դժուարութիւնը՝ մոռացկոտութիւնը: Բայց տեսէք ինչ պատահեցաւ: Նախ աննկատ, բայց երբ Վագգէն կը բացատրէ Ժանին, որ Շաքէ Մանկասարեանը նպատակ ունի յօդուած մը գրելու իր մասին, այդ միջոցին, Ժան Տէր Գէորգեան կը յիշէ ու կ’ըսէ. «ինծի ծանօթ է այս անուն-մականունը, ո՞ւր կարդացած եմ» կը մտմտայ ու ահա կը պատահի անակնկալը. գրադարանէն կը բերէ Գէորգ Պետիկեանի գիրքը՝ ԲԱՐԵՒ ՀԱԼԷՊ,
հրատարակուած 2007-ին, Համազգայինի Սուրիոյ Վարչութեան հրատարակութեամբ, ուր գրուած է մեկենասներ Շաքէ Մանկասարեան եւ Մարք Կրոկըն…: Ժան հարց կու տայ Վազգէնին, թէ նո՞յն Շաքէն է, որ իմ մասիս պիտի գրէ: Այո՜..
Ժան Տէր Գէորգեան զաւակն է ծագումով Այնթապցի Նազարէթ Տէր Գէորգեանի եւ Ալիս Նալպանտեանի: Հայրը՝ Նազարէթ իր մօր հետ գաղթած է Այնթապէն Հալէպ, 1920-ին:
1931-ին, Նազարէթ Տէր Գէորգեան կ’ամուսնանայ Ալիս Նալպանտեանի հետ: 1936-ին, բնակութիւն կը հաստատեն Տաուիտիէ արուարձանը, ուր Վարդանեան վարժարանին եւ հոգաբարձութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Նազարէթ Տէր Գէորգեան, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն Ս.Վարդան եկեղեցւոյ խնամակալութեան: Նազարէթ եւ Ալիս կը բախտաւորուին 7 զաւակներով՝ 5 մանչ եւ 2 աղջիկ: Ժան չորրորդ զաւակն է: Նազարէթ հմուտ ձուլագործ էր:

Ժան Տէր Գէորգեան ծնած է 1938-ին, Հալէպ, Տաուտիէ արուարձան: Ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1950-1951 տարեշրջանին՝ գնահատելի յաջողութեամբ: Հակառակ իր ջերմ ցանկութեան, ան հնարաւորութիւն չէ ունեցած ուսումը շարունակելու եւ նետուած է կեանքի ասպարէզ ու դարձած՝ առեւտրական: Ինքնաշարժերու ռատիո-ժապաւէնի նորոգութեան եւ վաճառքի ասպարէզին մէջ հմտանալով, իր սեփական գործատեղին հիմնած է 1960-ին եւ նոյն ասպարէզին մէջ աշխատած մինչեւ 1999:

Ան կանուխէն իր ներդրումը ունեցած է ազգային–հասարակական կեանքին մէջ։ Եղած է Ն.Ս.Մ.Մ.–ի վարչութեան անդամ 1962–1966, Հ.Մ.Մ.–ի վարչութեան ատենապետ՝ 1967–1971 եւ Ֆութպոլի Պետական համադաշնակցութեան անդամ: Ան մաս կազմած է Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ Մարմնին, 1967-1971։
Մարզական կեանք
1960-1970 տարիներուն, Ժան Տէր Գէորգեան ատենապետն էր Հալէպի Հ.Մ.Մ. ակումբին: Տեղին է նշել, որ Ժան եղած է միակ հայ անդամը Հալէպի ֆութպոլի Ֆետերասիոնին 1961-1969 տարիներուն եւ Հալէպի ֆութպոլի հաւաքական խումբերուն: 60-70-ական թուականներուն, ան Լիբանան հրատարակուող «Արարատ» թերթի մարզական բաժնի թղթակիցն էր Հալէպի մէջ:
Ժան ուրախութեամբ կը վերյիշէ այդ տարիները ու կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի ֆետերասիոնին հետ համատեղ ջանքերով կը հրաւիրեն Արարատ խումբը: Հ.Մ.Ը.Մ-ի օրուան վարչութիւնը ընթրիքի երեկոյ մը կը սարքէ ի պատիւ «Արարատ» խումբին: Ժան կը պատմէ, թէ հրաւիրած են նաեւ Հայաստանի պասքէթպոլի խումբը, որ հանդիպումներ կ’ունենայ Հալէպի պասքէթպոլի հաւաքականին հետ, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ-ի եւ Հ.Մ.Մ խումբերուն հետ: :
Առ ի հետաքրքրութիւն «ԱՐԱՐԱՏ» խումբին մասին, հոս նշեմ, որ պեղումներուս շնորհիւ, «Ազդակ» օրաթերթի 24 դեկտեմբեր 1964-ի թիւէն (էջ 2) քաղած տեղեկութեանս համաձայն, 1964-ին, Հայաստանի Ֆութպոլի ախոյեան «Արարատ» խումբը իր շրջապտոյտը աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ՝ կ’անցնի Դամասկոս, ապա Հալէպի մէջ կ’ունենայ երեք հանդիպում:
Ա. հանդիպում՝ Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Բ. հանդիպում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Գ. հանդիպում՝ Արարատ ընդդէմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի:
Ա. հանդիպում. կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի կ’ունենայ հանդիպումը «Արարատ»-ի եւ Հալէպի Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբերուն միջեւ, իրաւարարութեամբ պրն. Տէշշէնի: Մրցումը վերջ կը գտնէ 2-1, ի նպաստ Հայաստանի ախոյանին:
Բ. հանդիպում . չորեքշաբթի 16 դեկտեմբերին տեղի կ’ունենայ Արարատ – Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ մրցումը, կ’աւարտի 2-1, դարձեալ ի նպաստ Արարատին:
Գ. հանդիպում . կիրակի, 20 դեկտեմբերին նոյնպէս Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, շուրջ 20.000 հոգիի ներկայութեան տեղի կ’ունենայ «Արարատ» – Հ.Մ.Ը.Մ. հանդիպումը, բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ն.Վ. զօրավար Մամտուհ Էլ Ճապիի: Խաղը վերջ կը գտնէ 2-1, դարձեալ ի նպաստ «Արարատ»ի (Ազդակի Թղթակից, Հալէպ, Ճանօ):

60-ական թուականներու ֆութպոլի մարզիկներէն կը յիշէ Անդրանիկ Մալեան (Հ.Մ.Ը.Մ. –ի եւ Հալէպի հաւաքականէն), Աւետիս Գաւլաքեան (Վասպուրական եւ Հալէպի հաւաքականէն), Միհրան Կոստանեան ( Հ.Մ.Մ.), Հալէպի հաւաքականէն Ապտել Քատեր Մճուեզ եւ եղբայրը՝ իրաւարար Մուսթաֆա Մճուեզ:
60-ականներուն Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան ակումբը նախ գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ. ակումբի դէմի թաղը, Թիլել փողոց: 70-ականներուն սկիզբը, ակումբը տեղափոխուած է կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանի դէմի շէնքը, Թիլել փողոց: Ներկայիս, Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ն.Ս.Մ.Մ. ակումբը կը գտնուի Ազիզէի շրջանը:
Ժան Տէր Գէորգեան կը յիշէ նաեւ տաներէց քահանաները՝ Տէր Շահէ քնհյ. Մասոյեանը, Տէր Հայկազ քնհյ. Մասոյեանը, Տէր Գառնիկ քնհյ. Չափանեանը: Նաեւ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդները՝ Գերշ. Տաթեւ Սրբազան Սարգիսեանը (1968-1977), Սուրէն Սրբազան Քաթարոյեանը (1977-2004):
Ժան Տէր Գէորգեան ուրախութեամբ կը յիշէ նաեւ իր բնակարանին մէջ հանդիպումը լիբանանահայ հանրայայտ մտաւորական, գրագէտ ու գրականագէտ Պէպօ Սիմոնեանի ու անոր կնոջ գրող Ազատուհի Սիմոնեանի հետ, ներկայութեամբ՝ իր դրացիներէն Պատուելի Պարգեւ Աբարթեանի ու անոր կնոջ՝ դաշնակահարուհի Սիւզանին: Այս հանդիպումին մասին խօսեցաւ նաեւ տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան ինծի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Թատերական կեանք
Ժան Տէր Գէորգեան 70-ական թուականներուն մաս կազմած է 1923-ին հիմնուած Հալէպի «Անդրանիկ» թատերախումբին՝ ստանձնելով պատասխանատու դերեր, մասնաւորաբար Համլէթ, Օթելլո, Վերաքննիչ եւ Վարդանանք թատերախաղերուն մէջ: Տարիներ շարունակ ստանձնած է Վարդան Մամիկոնեանի դերը «Վարդանանք» թատերախաղի մէջ, զոր բեմադրիչ Աւետիս Էքմէքճեան կոչած էր «Ազգային Պատարագ»: Նոյն ներկայացումին մէջ դերեր վերցուցած են նաեւ Ճորճ Թիւֆէնքճեան, Աւետիս Էքմէքճեան, Ղեւոնդ Գաւլաքեան, Արա Տէմիրճեան, Զաւէն Հաճեան, Յարութիւն Գարամանուկեան՝ Յազկերտի դերով, Դանիէլ Գարամանուկեան՝ Յովսէփ կաթողիկոսի դերով, կը նշէ Ժան Տէր Գէորգեան:



Ժան Տէր Գէորգեան եղած է ընթերցասէր ու կը շարունակէ կարդալ: 1960-ականներուն, Հալէպի, Թիլելի վրայ գտնուող «Հոգետուն»-ի մուտքէն դէպի բակի աջ կողմի աստիճաններով տասնեակ անգամներ բարձրացած է Հ.Մ.Ը.Մ-ի «Քրիստափոր Գրադարան» ու փոխ առնելով կարդացած է գրադարանին գիրքերուն մեծ մասը: Ժան ո՛չ միայն անյագօրէն կարդացած է գիրքեր, այլեւ գիրքեր գնելով ու երբեմն ալ նուէր ստանալով պահած է իր շատ սիրելի գրադարանին մէջ: Եւ ահա՛ վաստակաշատ գրող Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» գիրքը նուէր ստանալու Ժանին պատմութիւնը:
Գէորգ Պետիկեանի սրտակից ընկեր-բարեկամ հանգուցեալ Տիգրան Թիւֆէնքճեանի կինը Սոնան, որ Ժան Տէր Գէորգեանի ազգականն է, հեղինակ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ», «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է» գիրքերը բերած է Ժանին եւ խոստացած միւս գիրքերն ալ բերել:
Ժան Տէր Գէորգեան բազմաթիւ առիթներով հրաւիրուած է հայրենիք եւ մեծապէս նպաստած սփիւռք-հայրենիք մշակութային կապերու ամրապնդման: Այդ տարիներուն, հանդիպումներ ունեցած է հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապերու նախագահութեան անդամ ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանի հետ (ծնած Վան, 1909 –մահացած Երեւան, 2008՝ 98 տարեկանին):
1970-ին, Հայաստան տարած է RUBY էսթրատային ճազ նուագախումբը, որ 9 ելոյթներով հանդէս եկած է Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ եւ ամէն անգամ ալ լեփ-լեցուն՝ ոգեւորելով Հալէպէն եւ յատկապէս Տաուտիէն ներգաղթած հայերը: Նուագախումբը հանդէս եկած է նաեւ Գիւմրիի մէջ (Լենինական այդ օրերուն): Այդ ելոյթներուն խօսնակը եղած է Ժան Տէր Գէորգեան: RUBY ճազ նուագախումբին ղեկավարն էր յայտնի ջութակահար Սուրէն Գահուէճեան (ծնեալ՝ Հալէպ, 1923 -մահացած՝ Լոս Անճելըս, 2016), անդամներ՝ Ճազմէն եւ երգիչ Մարտօ ու դաշնակահար Սագօ Սրապոնեան: Սուրէն Գահուէճեանի ջութակի դասընթացքին հետեւած է Վազգէն Քէլխաչերեան, 1968-ին:

Ժան Տէր Գէորգեան ամուսնացած է Սոնա Պէրպէրեանին հետ, 1971-ին: Բախտաւորուած են երկու դուստրով՝ Ալինա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժանմունքը: 1995-1996 տարեշրջանին, Ալինա դասաւանդած է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանին մէջ: Ալինա ամուսնացած է Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Ս.Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ խմբավար, երաժիշտ ու երգեհոնահար՝ Բրշ. Կարօ Կիսրկ. Պարտաքճեանի հետ եւ կը պաշտօնավարէ Աթէնքի Սոֆի Յակոբեան վարժարանին մէջ, որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութիւն ուսուցչուհի: Ունին 2 զաւակ, Սուլա՝ քիմիագէտ եւ Ժանօ՝ տնտեսագէտ: Կասիա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի Ճարտարապետական բաժինը եւ համալսարանական 4 տարիներուն արժանացած է Սուրիոյ հանրապետութեան նախկին նախագահի ողբացեալ զաւկին՝ Պէսէլ Ասատի անուան բարձր մրցանակին: Կասիա ամուսնացած է մանկաբարձ, կանանց վիրաբոյժ Մելքոն Գալայճեանի հետ եւ ունին 2 զաւակ՝ ճարտարապետ Կարին եւ ատամնաբոյժ Ճորճ:
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
«Արարատ» օրաթերթը եւ ասմունքի արուեստը Անիին հետ
Մեր այսօրուան podcast-ին հիւրն է «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն եւ հանրածանօթ ասմունքող Անի Եփրեմեանը: Անիին հետ կը քննարկենք հիմնական երկու կարեւոր ու հետաքրքրական նիւթեր. նախ՝ «Արարատ» օրաթերթը տպագիր տարբերակէն թուայնացած օրինակի վերածելու որոշումը, ապա կը ներկայացնենք Անի Եփրեմեան արուեստագէտը: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Հայ ժողովուրդը պատրաստ չէ խաղաղութեան
Ենթադրենք որ հրաշքով մը Հայաստան առնուազն ժամանակաւորապէս փրկուեցաւ զինուորական վտանգի տակ ապրելու իր դարաւոր անէծքէն ու առկախուեցաւ անոր սթրեսային առօրեան: Վերջապէս ժամանեց խաղաղութիւնը: Այլեւս գոյութիւն չունի սահմաններու ու հողերու որեւէ տագնապ, ու վերջապէս Հայաստանի համար կարելիութիւն կը ստեղծուի խաղաղ ապրելու:
Ուրկէ՞ պիտի սկսինք:
Վստահ չեմ, որ մենք պատրաստ ենք խաղաղութեան: Մենք այնքա՛ն երկար պատերազմի հոտ շնչած ենք, որ նոյնիսկ վարդերը մեզի համար վառօդ կը բուրեն, իսկ կակաչները կը նոյնանան արեան հետ: Մենք պատրաստ չենք խաղաղութեան` այն առումով, որ եթէ վաղը յանկարծ խաղաղութիւն հաստատուի, կրնայ պատահիլ, որ մենք արագօրէն փուլ գանք՝ աւելի արագ, քան պատերազմներու ժամանակ: Որքան ալ անտրամաբանական հնչեն այս բոլորը, բայց խաղաղութիւնն ալ իր վտանգները ունի, այնպէս ինչպէս ազատութիւնը, անիշխանութիւնը եւ որեւէ բացարձակ երեւոյթ: Հանրապետութեան գոյութեան երեք տասնամեակները զուգահեռ ընթացան Արցախի համար մղուած պայքարով ու Արցախի անունով կատարուած գռեհիկ ոճիրներով: Հիմա ալ խեղդող ու ճնշող ազդեցութիւն ունեցող սահմանազատման գործընթացն է, որ կրկին կ’ընկալուի հակադիր ծայրայեղականութեամբ` դրախտային խաղաղութիւն կամ դժոխային տանջանք համեմատութիւններով:
Բայց եթէ կէս-խաղաղութիւն, կէս-պատերազմ իրավիճակին մէջ, մենք ընդհանուր թշնամիին եւ ընդհանուր վտանգին դէմ առնուազն բնազդային մակարդակով ու ենթագիտակցական մօտեցումներով համախմբուեցանք (շատ խաբուսիկ բառ մը, որուն պէտք է վերապահութեամբ մօտենալ), ապա խաղաղութեան պարագային, մենք իրարու հետ ըլլալու եւ հայկականը պահելու առիթ ընդհանրապէս չունինք:
Մեր քաղաքական ու հասարակական միտքը շատոնց պետականութիւն չի շնչեր: Մենք միայն դադարներ կու տանք ճակատամարտերու միջեւ, իսկ պատերազմը անվերջ կը թուի: Մեր քաղաքական միտքը մնայուն փրկութեան դուռ փնտռելու ու չկործանուելու մղումներ որդեգրած է: Հայերը պարզապէս չեն գիտեր, թէ արդեօ՞ք գոյութիւն ունի աշխարհի ու կեանքի մէջ այնպիսի տարածք ու ժամանակ, երբ պատերազմ չկայ, երբ կոտորած չկայ ու փրկութիւն փնտռելու պատճառ նաեւ չկայ: Արդեօք մենք «ազգ-բանակ» ըսուածը պիտի շարունակե՞նք պահել: Եթէ այո՛, ապա որո՞ւ դէմ, եթէ ո՛չ, ապա ինչո՞վ պիտի փոխարինենք զայն:
Մենք նոյնիսկ կէս-պատերազմ, կէս-խաղաղութիւն վիճակին մէջ, չենք զլացած այլասերելու ու փտածութիւն դրսեւորելու որքան որ կարելի է, ապա ի՞նչ պիտի ընենք խաղաղութեան պարագային: Կը թուի, թէ խաղաղութիւնը այնքա՛ն անիրապաշտ ու անհասանելի երազանք մըն է, որ մենք կը պայքարինք պայքարելու համար: Խաղաղութեան փնտռտուքը դարձած է ուրուականի որս մը, վազք մը ծիածանի ետեւէն, որուն ոչ մէկ ձեւով կարելի է հասնիլ: Անգլիացի գրող Քրիսթոֆըր Փրիսթ իր «Շրջուած աշխարհ» (Inverted World, 1974) գիրքին մէջ կը նկարագրէ հասարակութիւն մը, որուն միակ նպատակը կարելի լաւագոյն, իտէալական կէտին հասնիլն է: Եւ անոնք վիթխարի երկաթուղիներու վրայ դրուած իրենց քաղաքը անվերջ առաջ կը շարժեն, որ հասնին այդ իտէալական կէտին, եւ որքան արագ կը շարժեն քաղաքը, այնքան աւելի անհասանելի կը դառնայ այդ իտէալական կէտը: Ի վերջոյ հասկնալի կը դառնայ, թէ ան պայքար է պայքարի համար, որ վերջակէտ չունի: Բայց խելագարած այդ վազքը դադրեցնելը կարելի չէ, ուրեմն պիտի վազես, մինչեւ շունչդ փչելը, որովհետեւ վազելէն բացի, ուրիշ բան չես գիտեր: 1994-ին, Robert Zemeckis իր «Ֆորեսթ Կամփ» (Forrest Gump) ֆիլմին մէջ լաւապէս ցոյց կու տայ այդ իրավիճակը, երբ կը վազես վազելու սիրոյն:
Ցաւալի է, բայց մինչեւ հիմա մեզ քիչ թէ շատ սթափ պահած է վտանգի զգացումը: Իսկ խաղաղութիւնը շատ իւղոտ ուտելիք է մեզի համար:
Օրինակ, ի՞նչ պիտի առաջադրեն, ինչպէ՞ս պիտի ապրին քաղաքական կուսակցութիւնները: Ի տարբերութիւն Եւրոպայի, ուր կուսակցութիւններ յառաջացան որպէս ընկերային սկզբունքներ առաջադրող երեւոյթներ, հայ իրականութեան մէջ երեք կուսակցութիւններն ալ ստեղծուեցան հայ ժողովուրդի փրկութեան համար՝ թէեւ միահիւսուած ընկերային գաղափարներով: Ու 1991-ին ալ հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն խօսոյթը Հայ Դատն էր, Թուրքիա-Ազրպէյճան, պատերազմ եւ այլն: Կուսակցութիւնները ի՞նչ պիտի առաջադրեն երբ խաղաղութիւն ըլլայ: Հայոց պետութիւնը ի՞նչ նպատակներով ու առաջնահերթութիւններով պիտի ապրի, եթէ ստիպուած չըլլայ ամենօրեայ մաքառումներով զբաղիլ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ազգային, պետական հայեցակարգը: Ի՞նչ պիտի առաջարկենք աշխարհին, ի՞նչ պիտի պահանջենք աշխարհէն, ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւններ պիտի մշակենք ուրիշներու հետ: Ինչպէ՞ս պիտի զարգանայ մեր գրականութիւնն ու արուեստը, եթէ անկէ դուրս գայ պատերազմական ու հայրենակործան երանգը: Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր տեղը աշխարհի մէջ: Արդեօ՞ք այդ խաղաղութիւնը պիտի չարագացնէ մեր կազմակերպական ճգնաժամը: Ի դէպ, ոչ այնքան անծանօթ տեսակէտ մը գոյութիւն ունի, որ Խորհրդային միութիւնը կարողացաւ դիմանալ ու շուտ չփլուզուիլ այն պատճառով, որ երկրորդ աշխարհամարտին ստիպուած էր համախմբել իր ուժերը՝ չմեռնելու համար, իսկ յաղթանակը անոր կեանքին նոր փայլք տուաւ: Բայց Խորհրդային միութիւնը կործանեցաւ խաղաղութեան ժամանակ, ոչ թէ պատերազմի: Կործանեցաւ՝ թէեւ ունէր աշխարհի մեծագոյն զինանոցը, մեծագոյն բանակներէն մէկը, ամենամեծ տարածութիւնը, ահագին հարստութիւններ: Բայց կործանեցաւ, որովհետեւ ներքուստ դատարկ էր: Գուցէ նաեւ մենք:
Համաձայն եմ, որ որոշ առումով, այս բոլորը կրնան անհեթեթ թուիլ, արծարծուած հարցերը` եւս: Բայց նայէցէք մեր իրականութեան: Արդեօ՞ք ան ամբողջովին հասկնալի ու տրամաբանական է: Արդեօ՞ք այն բոլորը, զորս կատարած ենք մինչեւ հիմա լրիւ արդարացուած եղած են ու գիտակցուած անհրաժեշտութեամբ: Մենք, որ չենք հասկցած ո՛չ յաղթանակին ու ո՛չ ալ պարտութեան արժէքը, ինչպէ՞ս պիտի հասկնանք խաղաղութեան իմաստը:
Մենք պիտի զարգանանա՞նք խաղաղութեան ժամանակ, թէ՞ արմատացած կաշառակերութիւնն ու ու անմակարդակ կենցաղավարութիւնը այլեւս թոյլ պիտի չտան, որ մենք դուրս գանք մեր ներքին այլանդակուած ներաշխարհէն: Թերեւս այդ ժամանակ մենք այլեւս այսքան հայ ըլլալու պահանջ պիտի չունենանք: Երբ վտանգի զգացումը անցնի, թերեւս մենք այլեւս չհասկնանք ալ, թէ ինչը պահենք, իսկ ինչը` ոչ: Չէ որ այդ մէկը գոնէ վերջին երեսուն տարին մենք չհասկցանք: Մենք չենք հասկցած, թէ խաղաղութիւնը մեր ինչին է պէտք, մեզի հաճելի սկսած է թուիլ այս կիսաբանտային ու կիսապատերազմական վիճակը: Եթէ մենք հասկնայինք խաղաղութեան իմաստն ու արժէքը, մենք շատոնց այնպէս կ’ընէինք, որ պատրաստուինք խաղաղութեան: Խաղաղութեան, ոչ թէ զիջումներու ու հող յանձնելու: Մենք նման անամօթութիւն չէինք դրսեւորեր եւ Հանրապետութիւնը չէր փուլ գալ այսօր` պարտուած ու թուլցած: Որովհետեւ կը գիտակցէինք, թէ ինչո՞ւ խաղաղութիւն կը ցանկանք ու ինչ պիտի ընենք խաղաղութեան ժամանակ: Բայց ո՛չ: Մենք մեզի շատ լաւ կը զգանք այս իրավիճակին մէջ: Մենք յարմարած ենք այս վիճակին: Մենք խաղաղութիւն չենք ուզեր, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ան ինչ է: Մեր տեսած միակ խաղաղութիւնը ուրիշին պարտադրած շղթան է. խաղաղութեան հայկական ձեւը գոյութիւն չունի:
Ուրեմն ի՞նչ: Ուրախանա՞նք, որ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ ու մենք դեռ պիտի շարունակենք անվերջ թշնամիներ ընդունիլ ու ճամբել: Որ մենք մի՛շտ պիտի ապրինք զինուորի գիտակցմամբ: Որ մեր հայրենիքը մի՛շտ պիտի գտնուի յարձակման վտանգի տակ, իսկ հայ տղամարդը` զէնքի հետ պիտի քնանայ:
Քաւ լիցի, այս բոլորը որեւէ մէկը իբրեւ ծաղրանք չառնէ կամ զիջումային քողարկուած տրամադրութիւն: Այլ պահանջ մը, որ մենք վաղուընէ առաջ հասկնանք, թէ ո՞վ ենք եւ ի՞նչ կ’ուզենք: Որպէսզի նաեւ մե՛նք պարտադրենք մեր ուզածը թշնամիին, որպեզի ան մեզի համար օրակարգ չթելադրէ, որպէսզի մեր առաքելութիւնը մեր թշնամին չորոշէ, այլ՝ մե՛նք: Մենք մեզի հասկնանք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք եւ ինչպէ՞ս: Որովհետեւ քանի դեռ մենք չենք հասկնար այդ ամենէն կարեւորը, թշնամիները պիտի շարունակեն մեզի համար վաղուան փլանը գծել, թէ որու դէմ պայքարինք ու որքա՛ն: Որ իրենք որոշեն, թէ մենք ե՞րբ կռուինք, ե՞րբ չկռուինք: Ի վերջոյ, հայ ազգը միայն զինուոր չէ: Նաեւ փիլիսոփայ է, գիտնական է ու մշակոյթ: Քաղաքակրթութիւն է հայ ազգը, երեւոյթ է: Եւ այդ բոլորը մենք պիտի չկորսցնենք, որովհետեւ մեր գլխուն, այդ ալ քանի հազար տարիէ ի վեր, տարատեսակ «դամոկլեան սուրեր» կախուած են:
Խաղաղութիւնը զօրաւորին մենաշնորհն է: Դիտեցէք աշխարհը: Զօրաւոր եւ ինքնավստահ երկիրներուն մէջ խաղաղութիւն կայ: Անոնք կրնան պատերազմիլ, յաղթել, պարտուիլ, բայց ուրիշին հողին վրայ, ուրիշին հաշւոյն, մինչդեռ մենք կը շարունակենք մնալ տարածաշրջանի սուսերամարտիկը (gladiator), որ արդէն քանի մը հազար տարիէ ի վեր անվերջ կը կռուի, թշնամիները կը փոխուին, կռիւը կը մնայ:
Կը մնայ միայն յուսալ, որ ի վերջոյ Հայոց աշխարհին մէջ խաղաղութիւնը կը հաստատուի որպէս հայութեան ձեռքբերում մը ու ոչ թէ օտարի պարտադրանք, որ խաղաղութիւնը կ’ըլլայ կարելիութիւն մը եւ ոչ թէ ակամայ հետեւանք, որ խաղաղութիւնը մենք պիտի նուաճենք, որովհետեւ կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ համար խաղաղութիւն կ’ուզենք եւ ի՞նչ պիտի ընենք խաղաղութեան պարագային: Մենք այդ բոլորը պիտի ընենք վաղուընէ առաջ, ու այսօր պիտի որոշենք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք վաղուան համար: Վաղուընէ անդին՝ այլեւս ընելիք չունինք:
Յարակից բովանդակութիւն
ԱԻ-ն ալկորիթմներու փունջ մըն է՝ տեղաւորուած համակարգչային մեծ միջավայրի մը մէջ։ ԱԻ-ն ինքն իրեն չէ՛ յղացած։ Անիկա յղացուած է մարդոց
Մարդը միակ կենդանին է, որ կրնայ բարոյական հիմնաւորում ստեղծել իր ագահութեան, վրէժի, վախի կամ իշխանասիրութեան համար։ Կենդանին կը սպանէ, որովհետեւ
Ազատ ընտրութիւնները ինքն ըստ ինքեան կայուն պետութիւն մը չեն ստեղծեր։ Քուէատուփը կրնայ ընտրել ղեկավարներ, բայց չի կրնար ինքնաբերաբար դատարաններ, համալսարաններ,
«Եկո՛ւր սուրճ խմենք»
«Առտուան սուրճը ուրիշ է, մինչեւ չխմեմ՝ աչքերս չեմ կրնար բանալ»: Այս արտայատութիւնը յաճախ կը լսենք: Այդ փոքր գաւաթ մը սուրճին ազդեցութիւնը որքա՛ն մեծ է եղեր, որ առանց անոր մեր աչքերը չենք կրնար բանալ: Միթէ այդ գաւաթ մը սո՞ւրճն է, որ մեր դիմաց նոր հորիզոններ կը բանայ ու կը դառնայ խթանող օրուան մեր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Մոգական այս գաւաթ մը սուրճը մեր օրուան առաջին բարեկամը կը դառնայ, սակայն լուռ բարեկամ մը, որ նախ իր հրապուրիչ բուրմունքով կը սթափեցնէ մեզ գիշերուան երկար հանգիստէ մը ետք, ու կարծես պտըտելով մեր զգայարանքներուն մէջ՝ կը յաջողի սթափեցնել մեզ ու եռանդ փոխադրել մեր երակներուն:
Զարմանալի մեր այս բարեկամը իր առաւօտեան գաղտնիքը կը պարտի իր լռութեան՝ լուռ սակայն լաւ մտիկ ընող, եւ այդ է պատճառը որ դուն ինքդ պէտք է պատրաստես զայն ու հիւրասիրես դուն քեզ, որովհետեւ եթէ ուրիշը բերէ՝ իր հետ պիտի բերէ իր խօսակցութիւնները, ու սուրճը պիտի կորսնցնէ կախարդական անձայն երկխօսութիւն ստեղծող իր յատկութիւնը՝ առօրեայ խթանող խորհուրդը:
Վրայ կը հասնի կէսօրը: Ճաշեն ետք պայման է գաւաթ մը սուրճ խմել, եւ հոս կը բացայայտուի անոր մէկ այլ յատկութիւնը՝ մարսողութիւնը (թերեւս միայն համոզում): Հապա եթէ պատահի, թէ փառաւոր ճաշով մը հիւրասիրուեցար բայց սուրճով չաւարտեցաւ այդ հանդիպումը, անաւարտ կամ թերի կը համարուի այդ սիրալիր հանդիպումը ու այն ատեն կը լսենք. «գաւաթ մը սուրճ ալ չխմեցինք»:
Բարեկամներ մէկտեղելու յատկութիւն ալ ունի սուրճը, երբ հին ու նոր ընկերներ, հարազատներ ու նաեւ դրացիներ քով-քովի կու գան գաւաթ մը սուրճ խմելու, ու սուրճը ըմպելէ, ետք հոն ծայր կ’առնեն կարօտալի տրամադրութիւններ, հաճելի խօսակցութիւններ ու յիշատակներ (քաղաքական մեկնաբանութիւններն ու բամբասանքները զանց կ’առնենք առայժմ):
Մանկութեան ու պատանեկութեան օրերէս միշտ ալ կը լսէի մօրս մէկ հռչակաւոր արտայատութիւնը. «դրացուհին գաւաթ մը սուրճի հրաւիրեց զիս, շատ չեմ ուշանար, շուտով կու գամ»: Մենք՝ տնեցիները բոլորս վարժ էինք այս նախադասութեան, իսկ «շուտով կու գամ»ին անմիջական պատասխանը հայրիկս ունէր, երբ ան քմծիծաղով մը կ’ըսէր. «այո՛, շուտով կու գաս»: Մենք լաւ գիտէինք, որ երբ դրացիները մայրիկս գաւաթ մը սուրճի հրաւիրած են, ըսել է հարցը լուրջ է եւ թաղին կամ շէնքին մէջ նորութիւն մը կար: Երբ բաւական չափահաս եղանք, մայրիկս իր խօսքը չաւարտած, մենք կը պատասխանէինք հօրս տեղը ու կը խնդայինք:
Հետաքրքրական էր դրացիներու կամ կիներու այս հաւաքը գաւաթ մը սուրճի շուրջ, որ երեք փուլերէ կը բաղկանար. նախ՝ քանի մը հոգի սպասել, իրարու բարեւել ու որպիսութիւն հարցնել, ապա սուրճի պատրաստութիւնն ու խմելու արարողութիւնը, իսկ հիմնականը՝ «գաւաթի նայիլ»ն է. բախտագուշակութիւններ կամ ապագան կարդալ: Գաւաթին մէջ սուրճի հետքերով գծուած պատկերաւոր տարօրինակ ձեւերը յաճախ կը նմանցուէին անասուններու, առարկաներու, կէտերու, որոնք կը մեկնաբանուէին թիւերով, գիծերով ու ճամբաներով՝ երկար ու կարճ:
Մեր դրացիները անհամբեր կը սպասէին այդ կնոջ, որ գաւաթ կարդալու «հիւնէր» ունէր, որպէս նախագահ դրացիներու այս հաւաքոյթին: Զինք կը նստեցնէին հւրասենեակին մէջտեղ եւ իւրաքանչիւր կին աշակերտի մը պէս կարմրելով կը մօտենար ու իր գաւաթը կ’երկարէր անոր: Անոր բերնէն կախուած՝ կը սպասէին լուրերու տարափին (ընդհանրապէս բարի), ապա մերթ ընդ մերթ չորս կողմ կը նայէին ստուգելու, թէ բոլոր ներկաները ականջալո՞ւր էին պատմութեան: Եթէ մէկը ճամբորդ ունէր, անպայման անոր գաւաթին մէջ երկար ճամբայ մը պիտի ելլէր, իսկ եթէ անգործ էր, դռներ պիտի ելլէին, եթէ ամուրի զաւակներ ունէր՝ մատանի ու սեղան. իւրաքանչիւրը իր փափաքին համեմատ: Բայց երբեմն գաւաթին մէջ սուրճի հաւաքուած գունդերը չարագուշակ կ’ըլլային, այդ պարագային, «մասնագէտ կարդացողը» կը դիմէր դիւանագիտութեան ու կ’ըսէր. «սուրճը լաւ չէ խառնուած»: Յանցաաւորը կ’ըլլար սուրճը: Անոնք լաւ կը ճանչնային զիրար, ի վերջոյ դրացիներ էին, ոչ այսօրուան դրացիները, այլ հարազատ հայ դրացիներ:
Ամենէն հետաքրքրականը այն էր, թէ մէկ ժամ յետոյ, բոլորն ալ մոռցած կ’ըլլային իրենց սուրճի գաւաթին պատմութիւնը:
Վա՜յ այս սուրճը, այս ամենակարող ու ամենագէտ սուրճը: Ես ալ իմ կարգիս, իբրեւ հետաքրքիր պատանի, սուրճի գաւաթները լուալու պահուս մէկիկ-մէկիկ կը զննէի սուրճի գաւաթները ու փորձ կը կատարէի հասկնալու հոն պահուած պատմութիւնը, բայց ապարդիւն…
Գաւաթ կարդալը մասնագիտութիւն է… Նաեւ՝ արուե՞ստ…
Այսօր, երբ կը յիշեմ այս բոլորը, այդ մասնագէտ կիները կը նմանցնեմ արուեստագէտներու, որոնք իրենց լայն երեւակայութեամբ սուրճի հետքերուն մէջ կեանք կը դնէին եւ իմաստ կու տային անոնց: Կը մնար մտիկ ընել կամ ոչ, հաւատալ թէ ոչ:
Իբրեւ արեւելքցի ժողովուրդ, մենք սուրճը մէկ մասը դարձուցած ենք մեր սովորութիւններուն եւ ամենուրէք կը փնտռենք զայն, մանաւանդ՝ հւրասիրուիլը. «եկէ՛ք սրճենք»:
Արեւելքցիի ջերմութեան ու մտերմութեան խորհրդանիշ դարձած է ան:
Պահե՛նք ու չմոչնա՛նք յաճախ յիշեցնել. «հրամմեցէ՛ք սուրճի», «եկո՛ւր սուրճ խմենք»:
Յարակից բովանդակութիւն
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի
Հանդիպում երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանի հետ
Այսօրուան Podcast-ի մեր հիւրն է բազմատաղանդ երիտասարդ մը՝ Սէրուժ Պաղտասարեանը: Սէրուժը ծանօթ է իր երաժշտական մշակումներով, ինչպէս նաեւ՝ կայքէջերու ստեղծման մասնագիտութեանբ: Սէրուժը, որ արուետի աշխարհին մէջ ծանօթ է նաեւ C-rouge անունով, ուրոյն ճամբայ մը բացած է երաժշտական արտադրութեան աշխարհին մէջ: Սէրուժին հետ կը խօսինք կայքէջերու մշակման իր մասնագիտութեան մասին, բայց աւելի կը լսենք զինք իբրեւ երաժիշտ ու երաժշտութիւն մշակող:
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Հայ որբերու եւ որբախնամի պատմութիւնը Լիբանանի մէջ
Այսօրուան մեր podcast-ին հիւրն է ցեղասպանութենէն վերապրած հայ որբերու պատմութեան մասին փաստաթուղթեր ու նկարներ հաւաքող եւ ուսումնասիրող Կարօ Տէրունեանը: Կարոյին հետ կը խօսինք իր աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս հայկական ժառանգութեան ու հայկական յիշողութեան պահպանման կարեւորութեան մասին: Նշենք, որ Կարոն եղած է նաեւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու Ժիպէյլի «Արամ Պեզիքեան» թանգարանի հիմնադիր յանձնախումբի անդամներէն մէկը: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու
Արցախի պաշարումը ցեղասպանութիւն էր, կ’ըսէ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով, այս օրերուն Լիբանան կը գտնուի Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ (2003 – 2012) Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, որ ուրբաթ, 19 ապրիլի երեկոյան, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ ընդհանրապէս Միջազգային քրէական դատարանի աշխատանքներուն, Արցախ հարցին, Հայաստանի նկատմամբ Ալիեւի ներկայացուցած ցեղասպանական մնայուն վտանգին մասին, մասնաւորաբար կեդրոնանալով, թէ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան հռչակագրի որդեգրումէն (9 դեկտեմբեր 1948) աւելի քան 75 տարի ետք, ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը ձախողած է արձագանգելու անոր հրամայականներուն:

Այս առիթով, կը վերահրատարակենք Արցախի պաշարման մասին Օքամպոյի՝ օգոստոս 2023-ին հրապարակած զեկոյց-տեղեկագրին մեր անդրադարձը՝ 4 հոկտեմբեր 2023-ին:
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, 7 օգոստոս 2023-ին հրապարակած է զեկոյց-տեղեկագիր մը, ուր միջազգային օրէնքի փաստերով կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) (կը պահենք տեղեկագրին մէջ նշուած անունումը) շրջափակումը «ցեղասպանութիւն» է: Այսինքն՝ գրեթէ մէկ ամիս առաջ կատարուած դաւադրական յարձակումէն եւ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութենէն, Ալիեւ եւ Ազրպէյճան արդէն կը գտնուէին ցեղասպանական արարքի մէջ, ենթակայ՝ դատի եւ վճիռի:
Այս զեկոյց-տեղեկագիրը կը խորանայ պատմական կնճռոտ հարցերու, իրաւական քայլերու, միջազգային կառոյցներու արտայայտած մտահոգութիւններուն եւ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի փակման ու Արցախի շրջափակման պայմաններուն՝ ի վերջոյ յանգելու այն հարցադրում-հաստատումին, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ցեղասպանական արա՞րք մը չէ արդեօք:
Տեղեկագիր-փաստաթուղթը հիմնուելով պատմական տուեալներու, իրաւական հիմքերու եւ միջազգային նախընթացներու վրայ` կը յանգի համոզիչ ու փաստարուած եզրակացութեան մը, թէ առարկայական ու ենթակայական բոլոր տուեալները առկայ են Արցախի շրջափակումը որակելու ցեղասպանութիւն: Տեղեկագիրը յղումներ կը կատարէ նաեւ միջազգային օրէնսգիտութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եզրակացութիւններուն՝ Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան բացած դատին, որուն վճիչռը կը պահանջէր Լաչինի (Բերձոր) անցքին անյապաղ վերաբացումը:
Ի լրումն ցեղասպանութեան առարկայական եւ ենթակայական տարրերու վերլուծութեան, տեղեկագիրը կ’ուսումնասիրէ Ալիեւի մտադրութիւնները` ուշադրութիւն հրաւիրելով անոր արարքներուն, յայտարարութիւններու եւ միջազգային իրաւական կանոններու խախտումներուն՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ ցեղասպանական մտադրութիւն դրսեւորող վարքագիծ մը:
Այս տեղեկագիրը կ’անդրադառնայ նաեւ շրջափակման մասնակից հաւանական մեղսակիցներուն եւ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ նախագահ Ալիեւը դատական հետապնդումի ենթարկելու կարելիութեան, անշուշտ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդը նման որոշում ընդունի:
Ինչպէս նշեցինք, այս տեղեկագիրը հրապարակուած է շուրջ ամիս մը առաջ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութենէն:
Արդարեւ, տեղեկագիրը կ’ընդգծէ կանխարգիլման հրատապութիւնը` կոչ ընելով ազդեցիկ երկրիներուն եւ հայկական սփիւռքին արագ գործելու եւ դադարեցնելու աւերումը Արցախի եւ տառապանքները անոր բնակիչներուն: Ան կ’ընդգծէ նաեւ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին վերաբացման եւ մինչեւ 2025-ի մայիսը, այսինքն՝ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան աւարտը, տարածքային պահանջներու լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հետագայ բռնութիւնները եւ մարդկային կորուստները կանխելու նպատակով: Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ բնականաբար չէր կրնար պատկերացնել, թէ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը պիտի աւարտէր շուտով (անծանօթ-ծանօթ պատճառներով) եւ բռնութիւններ ու մարդկային կորուստներ պիտի արձանագրուէին…
Արցախը պիտի բռնագրաւուէր եւ արցախցիները պիտի տարագրուէին…
Այժմ լուսարձակի տակ կ’առնենք տեղեկագրին այն կէտերը, որոնք Ալիեւը կ’ամբաստանեն ու կը դատապարտեն իբրեւ ցեղապան:
Ալիեւի մտադրութիւններուն վերլուծումը իբրեւ ցեղասպանական արարքի նախաքայլ՝ ըստ տեղեկագրին
- Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, որ նախագահ Ալիեւի գիտակցուած, կամաւոր եւ թշնամական որոշումները, որոնք կ’անտեսէին Միջազգային քրական դատարանի որոշումները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերէր Լաչինի անցքի անմիջական վեարբացումին, կ’ենթադրէ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հայերը ոչնչացնելու անոր մտադրութիւնը:
- Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւ ի սկզբանէ ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի ինքնավարութիւնը, սակայն հետագային փոխած է այդ դիրքորոշումը` ցոյց տալով տարածաշրջանին մէջ հայերը ոչնչացնելու իր միտումները:
- Ան առիթ տուած քաղաքայիններու խափանելու Լաչինի (Բերձոր) միջանցքը, ապա Հայաստանի հետ սահմանային անցարգել ստեղծած եւ, ի վերջոյ, փակած միջանցքը` ծանօթ ըլլալով հանդերձ հետեւանքներուն, զորս Միջազգային քրէական դատարանը նախազգուշացուցած էր:
Նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւնը 1 օգոստոս 2023-ին
- Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ հարցազրոյցի մը մէջ նախագահ Ալիեւի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան կը խոստովանէր, որ շրջափակումը մաս կը կազմէ իր պաշտօնական քաղաքականութեան՝ իբրեւ հիմնաւորում նշելով ապրանքներու ենթադրեալ մաքսանենգութեան պարագաներ:
- Նախագահ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը, ըստ տեղեկագրին, կը բացայայտէ անոր ցեղասպանական հաստատ մտադրութիւնը, եւ ան բացայայտօրէն կը մերժէ Միջազգային քրական դատարանի միջանցքը վերաբանալու պարտաւորեցնող որոշումը:
- Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւի շարժառիթները պէտք է տարբերել անոր մտադրութենէն, մինչ իր արարքները կը դրսւորեն ցեղասպանական յստակ մտադրութիւն մը:
Մեկնելով այս տուեալներէն, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դասախազը իր տեղեկագրին մէջ կ’առաջադրէ նախագահ Ալիեւը դատի կանչել ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ, որովհետեւ ան կը գտնուի պետական համակարգի մը գլուխը, որ կը հակաշռէ քաղաքական, զինուորական եւ դիւանագիտական բոլոր որոշումները: Շրջափակումին մանակցած այլ անձեր նոյնպէս կրնան դատի կանչուիլ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ամբաստանութեամբ:
Տեղեկագիրը կարելի ներբեռնել այս կապով:
Յարակից բովանդակութիւն
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ
ՈՒՍՈՒՑԻ՞Չ ես, թէ՞ ուսուցիչ…
Երբ հարց տրուի ուսուցիչի մը, թէ ան գլխագի՞ր ուսուցիչ է, առանց խորը թափանցելու, անոր պատասխանը կ’ըլլայ այո՛: Բայց երբ գրաւոր հարցուի, ան վայրկեան մը կանգ կ’առնէ հարցումին առջեւ ու տարակուսանքով կը մտածէ…
Այսօր ո՞վ է արդեօք ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ եւ ո՞վ է ուսուցիչը:
Նոր ուսուցչութեան ասպարէզ նետուած էի, երբ ինքզինքս գտայ այս հարցումին դիմաց: Առաջին կարդալովս աշակերտի մը նման ըսի՝ անպայման տպագրական սխալ մը կայ, յետոյ շուրջս նայելով տեսայ բոլորը լուրջ-լուրջ կը մտածէին ու այն ատեն մտածեցի. «աս անպայման լուրջ բան մը ըլլալու է: Ապա ճիշդ նոր ուսուցիչի մը խանդավառութեամբ ոտքի ելլելով հարցուցի՝ «ի՞նչ է տարբերութիւնը»: Քովս գտնուող պաշտօնակիցներս, աւելի փորձառու, ըսին «նստէ՛, կը գիտնաս շուտով»: Այդ պահուն, քիչ մը ամօթխած տեղս նստայ, երբ շուրջիններս լուռ ակնարկներով զիս կը դիտէին: Արդեօք յանցանք մը գործա՞ծ էի, չհասկցայ:
Այսօր տարիներ անցած են եւ տակաւին կը մտածեմ այդ հարցումին մասին, թէ ո՞վ է ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ, ո՞վ ուսուցիչը:
Մեզմէ շատերուն երբ հարց տան իրենց մանկութեան յիշատակներուն մասին կամ պատահար մը, զոր մինչեւ այսօր կը յիշենք ու տակաւին թարմ է մեր մտքին ու հոգիին մէջ, պատասխանը կ’ըլլայ «կարծես երէկ էր»: Անմիջապէս կը մտաբերենք դրուագ մը, որ կապուած է դպրոցական օրերու, դասընկերոջ մը կամ շատ անգամ ուսուցիչի մը. մանրամասն կը յիշենք դէպքը, հոն արտասանուած խօսքերը ու անոր ձգած տպաւորութիւնն ու արձագանգը, կրկնելով՝ «կարծես երէկ էր»:
Ուսուցիչները, ուր ալ գտնուին, առաքելութիւն մը ունին կատարելիք: Հայ ուսուցչին դերը, սակայն, կը տարբերի մեր աւանդոյթներն ու մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու պարտաւորութեամբ: Այս դերը մանաւանդ կը շեշտուի, երբ մեր առջեւ նոր մարտահրաւէրները կը ցցուին 21-րդ դարուն, որոնք կը սնուցուին համացանցով, արուեստական բանականութեամբ եւ համաշխարհայնացումով: Ժամանակակից այս սպառնալիքները ճարտարօրէն կը թափանցեն ու կը փորձեն ձեւաւորել մեր նոր սերունդին մտքերն ու աշխարհահայացքը: Երբ մէկ կողմէ հայկական դպրոցներ կը փակուին, իսկ միւս կողմէ մեր զաւակները ոչ հայկական դպրոցներ ուղարկելու միտումը երթալով կը շեշտուի, կարեւոր է իմաստալից ներդրումներ կատարել հայկական դպրոցներու հզօրացման գործին մէջ՝ կարեւորելով մեր գլխագիր ուսուցիչներու արդիւնաւէտ դերակատարութիւնը:
Հայ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ աշակերտներուն կը փոխանցեն մաս մը իրենց անձէն՝ դասաւանդութեան շաղախելով իրենց ինքնութիւնը, համոզումներն ու սկզբունքները, ինքնութիւն մը՝ որ իր կարգին կերտուած է հայկական վարժարաններու մէջ, ձեռամբ նուիրեալ մանկավարժներու եւ դաստիրակող ծնողներու: Գլխաւոր հարցը որ կը ծագի այսօր. որո՞ւ կ’ուզէք յանձնել ձեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը:
Ուսուցիչներուն համար կարեւոր է իւրաքանչիւր աշակերտ ընկալել իբրեւ եզակի անձ մը, զոր իրեն վստահած են ծնողները, եւ աշակերտները պէտք է իրենց ուսուցիչները ընդունին իբրեւ հարազատ անձնաւորութիւններ: Չմոռնանք գնահատել եւ յարգել կրթութեան սրբութիւնը եւ ուսուցիչին դերը գիտելիքներու եւ մարդկային ու ազգային արժէքներու փոխանցման մէջ: Ուսուցիչ եւ ծնողք պէտք միշտ ի մտի ունենան Աստուածաշունչի հետեւեալ խօսքը. «Սուրբ բանը մի՛ տաք շուներուն, ու ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ, եւ դառնալով չբզքտեն ձեզ» (Մատթէոս 7:6):
Ոչ-հայկական սերտարանի մը մէջ դասաւանդելու ատեն, ես հայ աշակերտները կը ճանչնայի իրենց մականուններով: Իմ մականունս գիտնալէ ետք, անոնք մեծ ոգեւորութեամբ ինծի կը յայտնէին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Դասերէն յետոյ, ես յաճախ անոնց կը սորվեցնէի հայերէնով գրել իրենց անունները, նախնական գիտելիք մը, որ ցաւօք զլացուած էր անոնց՝ յաճախելով ոչ-հայկական վարժարաններ:
Հայկական դպրոցներուն մէջ, մենք նաեւ կը սորվեցնենք քննական մտածողութիւն՝ գրական վերլուծումներով, պատմութիւն քննարկելով եւ ուշադիր մտիկ ընելու կարողութիւնները խթանելով: Մանկավարժական ուսումնասիրութիւնները կ’ընդգծեն փաստերու վրայ հիմնուած մօտեցումներու կարեւորութիւնը քննական մտածողութեան հմտութիւններու ուսուցման մէջ: Հայ իրականութեան մէջ, կարեւոր է նաեւ ընդգծել այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիան կը գտնուին հայ ուսուցիչները կրթական արդի մեթոտներուն մէջ, երբ կը փորձեն ազգային ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներու ուսուցումը համատեղել քննական մտածողութեան հետ:
Նոր չէ քննական մտածողութեան կարեւորութեան նշումը հայ իրականութեան մէջ: Լեւոն Շանթի, Հինդիլեանի եւ Արծրունիի նման հայ մանկավարժներ, գրեթէ մէկ դար առաջ, առաջադրած են քննական մտածողութեան մասին յառաջադէմ գաղափարներ: Իսկ Յակոբ Ա. Եագուպեանի «Քննադատական մտածողութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ» թեմայով հետազօտութիւնը կ’ընդգծէ մերօրեայ ուսուցիչներու կարեւոր դերը քննական մտածողութեան զարգացման մէջ:
Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագրի մը ընթացքին, ես որոշ ընդդիմութեան հանդիպեցայ, երբ առաջարկեցի պատմական դէպքերու դասաւանդման ժամանակ քննական մտածողութեան կիրարկել: Հակառակ որոշ պաշտօնակիցներու սկզբնական դժգոհութեան, որոնք կը վախնային, որ այս մեթոդները կը խաթարեն հայրենասիրական զգացումները, ես պնդեցի, որ քննական մտածողութեան միջոցով հայրենասիրութեան հիմնաւորուած խթանումը կը հարստացնէ աշակերտներուն ըմբռնումն ու գնահատումը իրենց ժառանգութեան նկատմամբ:
Կրթական մեթոտաբանութիւններու զարգացման զուգահեռ, կարեւոր է ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումները համատեղել աւանդական գիտելիքներուն հետ:
Մեր դպրոցները կը շարունակեն ծաղկիլ շնորհիւ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ տոկունութեան եւ յանձնառութեան՝ ի խնդիր մեր հաւաքական ապագայի կերտումին:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
«Տեսակ մը թատրոն», տեսակ մը յաջողութիւն եւ տեսակ մը կարծիքներ…
5, 6 եւ 7 ապրիլին, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահի բեմին վրայ ներկայացուց փունջ մը կարճ թատերախաղեր՝ թիւով 5, «Տեսակ մը թատրոն» խորագրին տակ, բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Առաջին փիեսը Օ. Հենրիի «Մինչ ինքնաշարժը (կամ կառքը) կը սպասէ» (While the Auto Waits) գործն է, զոր բեմական պատշաճեցումի ենթարկած է Ուոլթըր Ուայքս (Walter Wykes):

Թատերախաղին գործողութիւնը տեղի կ’ունենայ 1920-ականներուն հանրային պարտէզի մը մէկ հանգիստ անկիւնը: Փիեսը աղջկայ մը եւ տղամարդու մը պատահական հանդիպումին մասին է: Աղջիկը, որ երեւութապէս հարուստ միջավայրէ է, կը սկսի զրուցել երիտասարդին հետ, որ իր ըսելով, մօտակայ ճաշարանին հաշուապահն է: Մինչ անոնք կը զրուցեն, աղջիկը դժգոհութիւն կ’արտայայտէ հարստութեան եւ առանձնաշրհումներու մասին եւ աւելի պարզ կեանք ու իրական կապեր կը տենչայ: Սակայն, անոնց երեւութապէս զարգացող կապը անսպասելի ընթացք կ’առնէ, երբ կը ժամանէ մատուցողուհին եւ աղջկան հետ իբրեւ «Mary-Jane Parker» խօսելով, կ’ըսէ, թէ ուշացած է իր մատուցելու աշխատանքին մօտակայ ճաշարանին մէջ: Աղջիկը, շփոթած, կը հերքէ, որ չի ճանչնար մատուցողուհին եւ արագ մը կը հեռանայ: Երիտասարը շուարած ու առանձին՝ կը սկսի մտածել այս surreal հանդիպումին մասին, մինչեւ որ իր կառքին վարիչը զինք կը սթափեցնէ՝ յայտնելով թէ պատրաստ է մեկնելու:
«While the Auto Waits»-ը կը քննարկէ դասակարգային եւ ինքնութեան եւ իրաւ ու իրական յարաբերութեան փնտռտուքի հարցերը: Երկու հակադիր կերպարներու՝ (երեւութապէս) հարուստ երիտասարդ կնոջ եւ (երեւութապէս) աշխատաւոր դասակարգին պատկանող երիտասարդին անակնկալ զարգացող կապին միջոցով փիեսը կը խորանայ անոնց փորձառութիւններուն եւ ձգտումներուն բացայայտ տարբերութիւններու ընդգծումին մէջ: Սկիզբը որպէս առանձնաշնորհեալ եւ քաղքենի ընկալուելով` աղջկան եւ տղամարդուն երկխօսութիւնը կը բացայայտէ իսկական ըլլալու եւ իրական կապի անոնց ընդհանուր կարօտը: Երբ կը բացայայտուի աղջկան ինքնութիւնը` իբրեւ մատուցողուհի, փիեսը հարցականի տակ կ’առնէ ընկերային դասակարգումներու մասին համոզումները եւ ցոյց կու տայ, թէ ինքնութիւնը ինչպէս դիւրութեամբ կը փոխուի: Ի վերջոյ, «While the Auto Waits»-ը լուսարձակի տակ կ’առնէ մարդկային էութեան բարդութիւնները եւ շերտաւորուած հասարակութեան մէջ իսկական, հարազատ, ինքնութեան փնտռտուքը:
Դերակատարներն էին Անի Պարիկեան՝ աղջկան դերով, տղամարդը՝ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, մատուցողուհին՝ Հերմինէ Նիւրբեթլեան եւ վարորդը Հենրի՝ Յովսէփ “Եուսուֆ” Գափլանեան:
Երկրորդ ներկայացուած փիեսը Julianne Homokay-ի «Հարսանեկան պատմութիւնը» (The Wedding Story) կը դրսեւորէ երգիծական ընկալում մը աւանդական հեքիաթներու մասին՝ ներկայացնելով ծիծաղաշարժ եւ քիչ մը ալ անարգական մօտեցում մը ամուսնութեան ըմբռնումին եւ անկէ սպասուող ակնկալութիւններուն նկատմամբ:

Փիեսը կը բացուի հեքիաթասացով մը, որ կը կարդայ հեքիաթային քաղուածքներ՝ ներկայացնելով Հարսնցուն եւ Փեսան որպէս կատարեալ զոյգի մը մարմնացումը: Սակայն, երբ պատմութիւնը կը զարգանայ, Հարսն ու Փեսան կը սկսին միջամտել իրենց սեփական տեսակէտներով ` բացայայտելով հեքիաթային պատումին ետին գտնուող թերութիւններն ու բարդութիւնները: Հարսն ու փեսան հարցականի տակ կ’առնեն հեքիաթասացին փոխանցած իրենց յարաբերութիւններուն իտէալական տարբերակը՝ մատնանշելով պատմուածքին անհամապատասխանութիւնները: Անոնք կը բացայայտեն անհաճոյ ճշմարտութիւններ իրենց անցեալին, յարաբերութեան եւ ամուսնութեան մասին:
Մինչ հեքիաթասացը կը պայքարի պատմութիւնը իր հակակշռին տակ պահելու, Հարսնացուն եւ Փեսան կը խանգարեն հեքիաթային պատումը` պնդելով իրենց կեանքը ներկայացնել աւելի իրապաշտ եւ անկեղծ ձեւով: ի վերջոյ, փիեսը կը շրջէ աւանդական հեքիաթներու վերջաբանները՝ առաջադրելով հեգնական եւ ոչ աւանդական եզրակացութիւն մը, որ կը հակասէ հեքիաթէ մը սպասուած ակնկալութիւններուն:
Իր սրամիտ երկխօսութեան միջոցով, «Հարսանեկան պատմութիւնը» կը ծաղրէ հեքիաթի ժանրը` միաժամանակ քննարկելով թեմաներ՝ սիրոյ, ամուսնութեան եւ ընկերային նորմերուն ենթարկուելու ստիպողութեան առթած ճնշումին մասին: Ան կասկածի տակ կ’առնէ «երջանիկ ապրեցան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը» հասկացութիւնը եւ հանդիսատեսը կը հրաւիրէ կասկածի տակ առնելու սիրային վէպերու մէջ իտէալականացուած պատկերները, որոնք կը գտնուին միայն աւանդական հեքիաթներուն մէջ:
Դերակատարներն էին Սարին Պագգալեան՝ Հարս, Հրանդ Գալեմքերեան՝ Փեսան, եւ Վարդան Ազնաւուրեան՝ հեքիաթասացը:
Երրորդ փիեսը Nick Zagone-ի –The DMV One»ն էր, որ արդարացիօրէն նմանցուած էր լիբանանեան «Նեֆաա»ին: Այս թատերախաղը կատակերգութիւն մըն է, որ տեղի կ’ունենայ ինքնաշարժներու արձանագրութեան բաժանմունքին՝ «Նեֆաա»ի գրասենեակին մէջ: Փիեսը կը հետեւի մարդու մը, որ «Նեֆաա» կ’այցելէ իր վարորդական (քշելու) տետրակը նորոգելու: Ան կը հանդիպիի «Նեֆաա» աշխատող պաշտօնեան կնոջ մը, որ իրեն կու տայ շարք մը անսովոր եւ անձնական հարցումներ, որոնք առնչութիւն չունին քշելու տետրակին հետ: Այս հարցուփորձը կ’առաջնորդէ անոնց միջեւ անսպասելի եւ զաւեշտական կապի մը եւ սիւրռէալ աւարտի մը:

Փիեսը կ’ընդգծէ պիւրոքրաթական գործողութիւններու եւ ընկերային ըմբռնումներու անհեթեթութիւնը` միաժամանակ ուսումնասիրելով սիրոյ, յարաբերութիւններու եւ մարդկային կապակցութեան, մտերմութեան թեմաները: Ան կ’օգտագործէ humor եւ չափազանցութիւն՝ առօրեայ կեանքի երեւոյթներուն վրայ ծիծաղելու՝ զուարճալի մեկնաբանութիւն տալով մարդկային վիճակներու: Չափազանցուած եւ զաւեշտական վիճակներու ստեղծումով, Zagone կը շեղէ հանդիսատեսին ակնկալութիւնները եւ կը քննադատէ ժամանակակից առօրեայ կեանքի անհեթեթութիւնները:
Դերակատարներն էին Դալար Արսլանեան՝ պաշտօնեայ կինը, Ժան Պէքէրէճեան՝ «յաճախորդը» եւ Փաթիլ Գուլաճեան՝ «երկրորդ յաճախորդը»:
Չորրորդ փիեսն էր Greg Vovos-ի “Today’s Special” «Այսօրուան յատուկը». կատակերգութիւն մը՝ ուր Սթեն եւ Վելմա ապիկար զրոյց մը կ’ունենան եւ խոստովանութիւններ կը կատարեն ճաշարանի մը մէջ՝ իրենց առաջին հանդիպումին ընթացքին:

Սթան կ’առաջարկէ գինի ապսպրել, բայց Վելմա կը մերժէ: Սթեն երթալով աւելի իրար կ’անցնի՝ խոստովանելով, որ ամուսնացած է, բայց Վելմայ հետ կը տեսակցի կնոջը առաջարկով: Մինչ անոնք կը քննարկեն իրենց յարաբերութեան իրավիճակը, մատուցողը կ’ընդհատէ «օրուան յատուկ»ը ներկայացնելու: Սթեն աւելի ջղային կը դառնայ:
Հակառակ Սթենի ապիկարութեան, Վելմա կ’որոշէ մնալ ընթրիքի: Անոնք կը քննարկեն իրենց հաւանական յարաբերութիւնը: Մինչ խօսակցութիւնը կը շարունակուի, Սթեն իր համակրութիւնը կ’արտայայտէ Վելմային նկատմամբ, որ կը շարունակէ թերահաւատ մնալ:
Զրոյցը երթալով աւելի տարօրինակ կը դառնայ, երբ անոնք կը սկսին քննարկել Վելմային հաւանական յղութիւնը եւ Սթանի անորոշ զգացումները: Ի վերջոյ, անոնք կ’որոշեն միասին մեկնիլ, մինչ այդ մատուցողը նորէն կը յայտնուի՝ ընդգծելով անոնց կացութեան անհեթեթութիւնը:
Երբ անոնք կը հեռանան ճաշարանէն, Սթենի եւ Վելմայի իսկական կապը կը մնայ անորոշ` ձգելով հանդիսատեսը ինք խորհելու անոնց ոչ սովորական առաջին ժամադրութեան մասին: Անոնք կրնան իսկապէս այր ու կին ըլլալ՝ իրենց յարաբերութիւնը վերանորոգելու միտումով առաջին ժամադրութեան վիճակ ստեղծած, կամ խոստումներ կու տան ապագայի հեռանկարով:
Յամենայն դէպս, Greg Vovos-ի այս կատակերգութեան նպատակը զոյգին յարաբերութեան բնոյթը չէ, որքան առաջին ժամադրութեան մը ընթացքին ստեղծուած ապիկար վիճակները, խաբէութիւնները եւ չնախատեսուած բացայայտումները:
Դերակատարներն էին Հերմինէ Նիւրբեթլեան՝ Վելմայի դերով, Հրանդ Գալեմքերեան՝ Սթանի դերով եւ Յովսէփ “Եուսուֆ” Գափլանեան՝ մատուցողի դերով:
Հինգերորդ եւ վերջին՝ Eric Kaiser-ի «Weed Dreams» կամ «Մոլախոտի երազներ» փիեսը կը պատահի ամբողջատիրական հասարակութեան մը մէջ, ուր առաջնորդին, ղեկավարին, հնազանդիլը առաջնահերթ է եւ չհնազանդիլը՝ մահացու: Հերոսները՝ առաջին կին, երկրորդ կին եւ երրորդ կին, տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ տարբեր կեցուածքներ կ’արտայայտեն իշխանութիւններուն նկատմամբ:

Առաջինը աւելի հին եւ հնազանդ է, որ կը ներկայացնէ համակարգին նկատմամբ կոյր հաւատարմութիւնը: Երկրորդը աւելի երիտասարդ է եւ թերահաւատ` ցոյց տալով այլակարծութեան նշաններ եւ կասկածի տակ կ’առնէ առաջնորդին, ղեկավարին հեղինակութիւնը: Երրորդը ամենէն երիտասարդն ու եռանդունն է՝ խորհրդանշելով անմեղութիւնն ու միամտութիւնը:
Փիեսը կը զարգանայ երեւութապէս լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ (աթոռներ շարուած են), ուր հերոսները կը ձեւացնեն, թէ կը խօսին երեւակայական հանդիսատեսներու հետ` ստեղծելով լարուած մթնոլորտ մը, ուր ընդունուած նորմերէն որեւէ շեղում ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Լարուածութիւնը երթալով կը մեծնայ, եւ կը բացայայտուին հերոսներուն իրական զգացումները առաջնորդին եւ ընդհանրապէս համակարգին նկատմամբ: Առաջին կինը ի վերջոյ ինքզինք կը զոհաբերէ՝ պաշտպանելու երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչը, որ կը խորհրդանշէ փոփոխութիւններու յոյսը եւ ճնշումներէ զերծ նոր սերունդը:
Փիեսը կ’աւարտի թէ՛ մութ եւ կատաղի ելքով` մահուան ճիչերով, որոնք կը խլացնեն, անլսելի կը դարձնեն առաջնորդին ձայնը, թէ՛ ենթարկուածութեան մռայլ cycleով մը, երբ երկրորդ եւ երրորդ կիները կը վերսկսին իրենց ծափերուն՝ խորհրդանշելով ճնշող ռեժիմին յարատեւումը:
Ընդհանուր առմամբ, «The Weed Dreams»ը կը քննարկէ հնազանդութեան, ապստամբութեան եւ իշխանութեան հանդէպ կոյր հաւատարմութեան հետեւանքները գերճնշող (dystopian) միջավայրի մը մէջ:
Դերակատարներն էին մուտքի կարգով՝ Դալար Արսլանեան, Անի Պարիկեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան:
* * *
Այս հինգ փիեսներու համադրումով կ’ունենանք թեմաներու, ոճերու եւ ընկերային վիճակներու հարուստ հաւաքածոյ մը:
- Ընկերային դասակարգումի հարց եւ ինքնութեան փնտռտուք. Թէ՛ «While the Auto Waits» եւ թէ՛ «The Wedding Story»-ն կը քննարկեն ընկերային դասակարգումներու, կարծրատիպերու եւ ինքնութեան թեմաները: «While the Auto Waits»-ը լուսարձակի տակ կ’առնէ հարուստ վերնախաւին մասին կարծրատիպերը եւ կ’ընդգծէ ինքնութեան յարափոփոխ էութիւնը. ան ենթակայ է փոփոխութեան կամ յարմարեցումի: Մինչդեռ «Հարսանեկան պատմութիւնը» կը քանդէ հեքիաթներու աւանդական տարրերը ու կը բացայայտէ անոնց սահմանափակումները եւ հակասութիւնները:
- Յարաբերութիւններ եւ մարդկային մտերմութիւն. «The DMV One»-ը «Նեֆաան» զաւեշտը կ’օգտագործէ յարաբերութիւններու առնչուած ընկերային նորմերն ու ակնկալութիւնները քննադատելու համար, մինչդեռ «Today’s Special»-ն կը քննարկէ խաբէութեան եւ հաւատարմութեան թեմաները կատակերգական պարունակի մէջ: «Հարսանեկան պատմութիւնը» ամուսնութեան հարցերն ու ընկերային ճնշումները կ’ենթարկէ զաւեշտական քննադատութեան՝ հանդիսատեսը մղելով վերատեսութեան ենթարկելու իր համոզումները romanceի մասին:
- Դիւանակալական (bureaucratic) անհեթեթութիւններ եւ քաղաքական ճնշուածութիւն. «The DMV One»-ը եւ «The Weed Dreams»-ը երկուքն ալ կ’անդրադառնան դիւանակալական համակարգերու մէջ՝ ճնշուածութեան եւ անհեթեթութեան (absurd) թեմաներուն: «The DMV One»-ը կը հեգնէ «Նեֆաային» դիւանակալական էութիւնը` ընդգծելով նման հաստատութիւններու մէջ գործ լրացնելու ընթացքին պատահած սթրեսային վիճակներն ու անհեթեթութիւնները: Մինչ «The Weed Dreams»-ը կը ծառայէ իբրեւ միջոց քննադատելու ամբողջատիրութիւնն ու կոյր հնազանդութիւնը՝ նախազգուշացնելով սանձարձակ իշխանութեան եւ այլախոհութիւնը ճնշող վտանգներուն դէմ:
- Զոհաբերութիւն եւ ապստամբութիւն. «The Weed Dreams»ը ուշագրաւ է ճնշող համակարգերու դէմ զոհաբերելու եւ ապստամբելու թելադրանքով: Փիեսին հերոսները կը դրսեւորեն թեմաներ հնազանդութեան, անհատական ազատութեան եւ ճնշող համակարգի շրջող (cyclical) բնոյթին մասին՝ հանդիսատեսը մղելով մտածելու դիմադրութեան եւ ազատութեան ձգտելու մասին:
* * *

Ինչո՞ւ այս վերլուծումները:
Նախ՝ կը հաւատանք, որ առանց փիեսներու թեմաներուն մէջ խորանալու կարելի չէ քննարկել բեմադրութիւնն ու դերասաններու խաղարկութիւնը: Եւ այս առումով, մեր կարծիքով, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան յաջողած էր մեր վերը նշած մարդկային ապրումներն ու հոգեկան վիճակները փոխանցելու հանդիսատեսին: Ինչ կը վերաբերի խաղարկութեան, կրնանք հաստատել, որ դերակատարները սիրողական թատրոնէ աւելին կրցած էին տալ:
Աւելի՛ն չսպասենք:
Դրական էին նաեւ «Տեսակ մը թատրոն»ի գաղափարը եւ քանի մը կարճ թատերախաղեր մէկտեղելու ընտրութիւնը:
Մեծապէս գնահատելի էր հայերէնի թարգմանութեան որակը՝ իբրեւ լեզու ու բեմական պատշաճեցում:
Կը մնայ նշել երեւոյթ մը, որ իբրեւ թատերասէր կրնար չհետաքրքրել մեզ, սակայն մեր շրջապատին մէջ բաւական տարածուած ըլլալով, զայն կ’արծարծենք իբրեւ հարցադրում.
Արդօ՞ք փիեսներուն ընտրութիւնը ճիշդ կատարուած էր:
Թատրոնի առաքելութիւնն է զուարճացնել, կրթել, հարցադրումներ ու յոյզեր յառաջացնել եւ քննադատել՝ պատումի եւ խաղարկութեան միջոցով: Թատրոնը նաեւ համամարդկային խորք ունի եւ իբրեւ այդիպիսին, ան կ’անցնի մշակութայինի եւ ազգայինի սահմանները` անդրադառնալով համընդհանուր թեմաներու եւ յոյզերու, որոնք կ’արձագանգեն հանդիսատեսին ներաշխարհին մէջ:
Այս իմաստով, «Տեսակ մը թատրոն»ը, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ բեմադրիչի օգնական ու բեմավար Փաթիլ Գուլաճեան յաջողած էին իրենց առաքելութեան մէջ:
Սակայն, համամարդկայինին կողքին, թատրոնը կրնայ ունենալ նաեւ յստակ ազգային ինքնութիւն՝ ներկայացնելով մշակութային, պատմական եւ ընկերային նիւթեր:
Եւ հոս է, որ շատեր տարակուսանքով կը մօտենան «Տեսակ մը թատրոն»ի յաջողութեան, մասնաւորաբար երբ ան բեմ կը բարձրանար միութենական թատերախումբի մը ձեռամբ:
Բանավաէճի եւ քննարկումի հետաքրքրական նիւթ: Կը սպասե՛նք:
Յարակից բովանդակութիւն
Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ
Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական
Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն
Հայ երիտասարդն ու եկեղեցին
Այսօրուան մեր podcast-ին հիւրն է Ռըմէյլ թաղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշխաճեան: Տէր հօր հետ կը զրուցենք հայ երիտասարին հոգեւոր եւ եկեղեցական ըմբնումներուն մասին: Մեր երիտասարները որքանո՞վ մօտ կը զգան եկեղեցիին:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ
Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ երգելու հաճոյալի եւմթնոլորտ ստեղծելու, այլ նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ վերագտնելու կապը սփիւռքի մէջ հայերէն
Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու







