Featured - Page 15

Զրոյց մը ապագայի համար

Հաւասարում նորոգ՝ Հայկական Սփիւռքի արտացոլում մը։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը յուլիսին Լիզպոնի մէջ հիւրընկալեց շրջադարձային ձեռնարկ մը՝ մէկտեղելով Հայկական Սփիւռքի մէջ մեծ յարգանք վայելող կարգ մը մտաւորականներ։ Հաւասարում նորոգ․ սերունդներու զրոյց մը վերնագիրով եռօրեայ հանդիպումը վերարժեւորեց Սփիւռքի մտաւորական հարուստ ժառանգութիւնը, միաժամանակ խթանելով աշխոյժ զրոյց մը սերունդներու միջեւ։

15-17 յուլիս 2024-ին, Հիմնարկութեան կեդրոնական շէնքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը լրումն էր երկու տարուան բծախնդիր ծրագրումի։ Իր տեսակին մէջ աննախընթաց հանդիպումը ընդգրկեց 14 երկիրներէ 36 մասնակիցներ, որոնք կը ներկայացնէին սփիւռքահայ մտաւորականութեան երեք տարբեր սերունդներ։ Վերնագիրը կ՚ակնարկէր Յարութիւն Քիւրքճեանի (1943-2024) Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով 1968-ի հիմնարար փորձագրութեան, որմէ ներշնչուած էր։

Համախմբումը հազուադէպ առիթ մը ընձեռեց քննելու այսօր հայութեան դիմաց ծառացած կարգ մը գլխաւոր հարցեր՝ Սփիւռքը դնելով առաջնային գիծի վրայ։ Հանդիպումը նաեւ այն վայրն էր, ուր մտածումի եւ արտայայտութեան միջոցը հայերէնն էր։ Վեթերան դէմքերու եւ միջին սերունդի ազդեցիկ մտաւորականներու առընթեր՝ խոստմնալից եւ կայացած երիտասարդներու ուժեղ խմբաւորում մը իր նպաստը բերաւ հանդիպումին։

Ձեռնարկը կը բաղկանար քանի մը մասերէ։ Նախ` լուսարձակները կեդրոնացան եօթը հարցազրոյցներու վրայ, որոնց ընթացքին երիտասարդ եւ միջին սերունդի մասնակիցներ համադրուած զրոյցներ ունեցան Սփիւռքի առաջատար տեսաբաններու հետ, ինչպէս` Գրիգոր Պըլտեան, Ժիրայր Լիպարիտեան, Խաչիկ Թէօլօլեան, Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Սիլվա Գույումճեան եւ Վեհանոյշ Թէքեան։ Զրոյցները լուսաբանեցին այս վաստակաւոր գործիչներուն կտրած անձնական ճանապարհը եւ մտաւորական ներդրումները, խորաթափանց դիտարկումներ առաջադրելով 1960-ականներէն սկսեալ Սփիւռքի փորձառութեան զարգացումին մասին։Աշխարհի տարածքին հայ գաղութներու մտաւորական հիւսուածքը ձեւաւորած անհատներու յարգանքի տուրք մը մատուցելու կողքին՝ Հաւասարում նորոգը կլոր սեղանի շուրջ վեց խորքային քննարկումներով ծառայեց իբրեւ կենսական հարթակ սերունդներու մէջ եւ սերունդներու միջեւ խօսակցութեան։ Իւրաքանչիւր քննարկում կեդրոնացաւ առանցքային բնաբանի մը վրայ. մշակոյթ-գրականութիւն, կրթութիւն, Սփիւռքի քաղաքականութիւն, Սփիւռքի գոյավիճակ, Սփիւռքը՝ երիտասարդներու աչքով եւ Սփիւռք՝ ժառանգութիւն եւ փոխանցում։ Նաեւ ներկայացուեցաւ Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ ծրագիրը։ Ամբողջ ձեռնարկը միաժամանակ խորհրդածութիւն մը եղաւ անցեալի մասին եւ զրոյց մը՝ ապագայի համար։

Շուտով հանրութեան տրամադրելի պիտի ըլլայ տեսագրութիւններու շարք մը Արա Մածունեանի հեղինակութեամբ, որ պիտի ընդգրկէ «Լուսարձակ» հարցազրոյցները եւ այս իւրայատուկ համախմբումին էութիւնը արտացոլող վաւերագրական ժապաւէն մը։ Նաեւ պիտի հրատարակուի վերլուծական զեկոյց մը Վիգէն Չեթերեանի կողմէ, որ պիտի ընդգծէ քննարկումներուն բանալի կէտերը։

Հաւասարում նորոգը գիտաժողովէ մը աւելին էր. անիկա առիթ մըն էր ուսումնասիրելու Հայկական Սփիւռքի ներուժը եւ իւրայատուկ կարելիութիւնները։ Մասնակիցները Լիզպոնէն մեկնեցան բաժնելով այն համոզումը որ նման համախմբումներ կենսական են իբրեւ ինքնուրոյն միաւորում Հայկական Սփիւռքի մտաւորական զարգացումին եւ երկարաժամկէտ ինքնագոյատեւումին համար։

Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ ներկաներ նշեցին բացակայութիւնը խորքային քննարկումներ ծաւալող հարթակներու, որոնք պիտի խրախուսէին սերունդներու միջեւ իմաստալից կապերը եւ գիտելիքներու փոխանցումը։ Յստակ էր որ հայկական գաղութներու մէջ աւելի մեծ թիւով անհատներ կամ կազմակերպութիւններ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն եւ նախաձեռնեն այս կենսական կապերու ամրապնդումին եւ զարկ տան ներսփիւռքեան զրոյցներու։ 

Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը ծրագիրին մասնակիցներն էին՝

Անահիտ Տօնապետեան

Ծաւի Պիլալեան

Շուշան Քէշիշեան

Արա Վասիլեան

Կարէն Ջալլաթեան

Ռուբէն Ճանպազեան

Արմէն Իւրնէշլեան

Հայկ Օշական

Սալբի Ղազարեան

Գառնիկ Գոյունեան

Հուրի Պէրպէրեան

Սեսիլ Արթուչ

Գէորգ Լազարեան

Հրաչ Չիլինկիրեան

Սիլվա Գույումճեան

Գրիգոր Պըլտեան

Մարկ Նշանեան

Սոնիա Սանան Քիլեճեան

Դալար Շահինեան

Մարտիկ Չոլաքեան

Վահագն Քէշիշեան

Թալին Սուճեան

Մովսէս Տէր Գէորգեան

Վահէ Պէրպէրեան

Ժիրայր Լիպարիտեան

Յակոբ Կիւլլիւճեան

Վարագ Գեթսեմանեան

Լիսա Կիւլէսերեան

Յարութիւն Քիւրքճեան

Վէհանոյշ Թէքեան

Խաչիկ Թէօլօլեան

Շուշան Կարապետեան

Րաֆֆի Աճէմեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Շուշան Ղազարեան

Քրիստիան Բատիկեան

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն մասնակցեցան՝
Ռազմիկ Փանոսեան, Շողեր Մարկոսեան, Գայիանէ Մածունեան, Անի Կարմիրեան։

Ձեռնարկին ծրագիրը կարելի է տեսնել այստե՛ղ։

(Քաղուածաբար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի հարթակէն)

Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Է. մաս եւ վերջ)

«Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածին հետագայ վերջին մասով, Յարութիւն Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքի մէջ հայ ըլլալու մարտահրաւէրներուն՝ նշելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ըմբռնել ու ընդունիլ հայկական ինքնութիւնը՝ միաժամանակ զայն պատշաճեցնելով աւելի ընդհանրական, համամարդկային արժէքներու: Ինչպէս յօդուածին նախորդ բաժնով (Զ.) տեսանք, թէ Քիւրքճեան որքա՛ն կարեւոր կը նկատէ ֆրանսահայ երիտասարդներու ապրած փորձառութիւնը 1968-ի մայիսեան ուսանողական շարժման ատեն՝ ընդգծելով, որ անոնց յանձնառութիւնը համամարդկային արժէքներու հանդէպ, նպաստեց աւելի նրբերանգ եւ մտածուած հայկական ինքնութեան մը ձեւաւորումին:

Ապա Քիւրքճեան կը բաղդատէ Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր «հաւասարումները»՝ մատնանշելով, որ թէեւ անոնք ունին պատմական եւ մշակութային նոյն հիմքերը, սակայն այս երկու հաւասարումները կ’ընթանան տարբեր ուղղութիւններով: Փոխարէնը, իւրաքանչիւրը զարգացուցած է իր անկախ գոյութիւնը՝ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական, մշակութային եւ ընկերային տարբեր հանգամանքներով: Հակառակ իրենց հասարակաց ժառանգութեան, Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր իրականութիւնները առաջնորդած են փոխադարձ թիւրիմացութեան եւ զիրար ճանչնալու դժուարութեան: Այսպիսով, Քիւրքճեան աւելի նպատակայարմար կը նկատէ, որ առայժմ այս երկու հաւասարումները գործեն անջատաբար՝ իւրաքանչիւրը իր ձեւով դիմակալելու առկայ առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Քիւրքճեան չի բաժներ հայկական ինքնութեան մասին նախորդ սերունդի պարզունակ հայեացքները, որոնք կը կեդրոնանան լոկ հայապահպանման եւ նահանջի վրայ: Փոխարէնը, ան կ’առաջադրէ աւելի ճկուն սահմանում մը՝ հիմնուած ներկային վրայ, որ կ’ընդգրկէ թէ՛ հայկական, եւ թէ՛ համամարդկային մարտահրաւէրները՝ իբրեւ ինքնութիւնը հարստացնող ազդակներ: Քիւրքճեան կ’ընդգծէ իսկական յանձնառութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ հայութիւնը պէտք չէ յամառօրէն սահմանուի միայն աւանդութիւններով, այլ ըլլա՛յ դիւրահաղորդ փոփոխութիւններու եւ բարդութիւններու: Ի վերջոյ, ան կոչ կ’ուղղէ մարդկայնական մօտեցում ցուցաբերելու հայկական ինքնութեան նկատմամբ, ուր թէ՛ որպէս հա՛յ եւ թէ՛ որպէս մա՛րդ լիարժէք ապրելու ուղին կը ձեւաւորուի անհատական համոզումով ու ճիգով:

Հուսկ, այս վերջին մասը՝ յօդուածին կեդրոնական թեման կը կապէ անոր մէջ քննարկուած տարբեր գաղափարներուն ու տեսակէտներուն՝ ինքնութեան հասկացողութիւնը ներկայացնելով որպես բարդ, անդադար զարգացող «հաւասարում» մը, զոր կարելի չէ լուծել պարզեցուած միջոցներով, այլ յարատեւ յանձնառութեամբ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համամարդկային արժէքներու նկատմամբ:

Վ. Թ.

 Արդէն մութը իջած էր Էտմոն Ռոսթան հրապարակին վրայ, մինչ ինը փարիզցի ուսանողներ ու պէյրութցի ուսանող մը մը լռեր էին ա՛լ։ Հայեր էին անոնք: Թերեւս նոր տեսակի հայեր։ Իրենց հայրերու սերունդին պէս, եկեր նստեր էին անոնք Լիւքսամպուրկի քառուղիին, պայմաններու որոշ տարբերութիւններով, ի հարկէ, բայց էապէս նոյն կացութիւնն էր իրենց դիմագրաւածը։ Սերունդէ սերունդ՝ կեցուածքները կը տարբերէին այդ նոյն կացութեան դէմ։ Միւսներուն համար պարզ եղած էր ամեն բան, ու սա քաֆէներու հրապարակը, Լիւքսամպուրկի քառուղին՝ անել նահանջի մը վերածուած էր շուտով։ Իսկ ասոնք, այդ նահանջին ծնունդները, ճիշդ է՛, եղեր էին որոշ չափով «օտար՝ մտածումով, խօսքով ու գործով»: Բայց ուշ չէր հաւանաբար, ՈՒՇ ՉԷ հաւանաբար ըսելու, թելադրելու, ներշնչելո՛ւ համար անոնց, որ հայութիւնը վիճակի մը յաւերժական պահպանումը չէ, որ այդ հայութիւնը պէտք է վերստեղծել տեւաբար, հիներուն վրայ աւելցնելով նոր տուեալներ, որ անխուսափելիօրէ՛ն, եւ բարեբախտաբա՛ր, բա՛րդ, շատ բարդ հաւասարում մըն է այդ հայութիւնը, բազմաթիւ անյայտներով մաթեմաթիքական հաւասարում մը։ Որ՝ Լիւքսամպուրկի քառուղին կրնայ զիրենք նո՛ր, մտածուած հայութեան մը տանիլ համադրուա՛ծ, տեւաբար համադրուող հայութեան մը, որ ստանձնումի հիանալի դպրոց մը կը դառնայ անհատի կեանքին մէջ։

Մութը կոխած էր Լիւքսամպուրկի քառուղիին վրայ։ Տասնեակ հազարաւոր ուսանողներու բազմութիւնը, Սէն-Միշէլէն ի վար, կը լեցնէր պողոտան մինչեւ Սէն գետ: Տենդը, որմով կը թրթռար մթնոլորտը՝ հսկայ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման ու երկունքին տենդն էր։ Բայց չէ՛ր հակադրուէր ան՝ Մոնրուժ, Ժանթիյի կամ Ալֆորվիլ ծնած ու ապրած ֆրանսախօս Փաթրիքի, Փօլի կամ Ժոսլինի հայածնութեան երկունքին. իրենց մէջ միաժամանակ կը ծնէին ստանձնող մարդը ե՛ւ գիտակից հայը, կը լրացնէին իրար, կը հարստանային իրարմով…

Չերթամ, իմ կարգիս, քնարականութեան: Հարցը լաւատեսութեան կամ յոռետսութեան հարց չէ։ Հարցը կը վերաբերի Սփիւռքի տարածքին հայութիւնը ըմբռնելու եւ կիրարկելու կարելիութեան։ Այսինքն նախ գոյութենական, ապա դաստիարակչական հարց է։ Ապրելու եւ ապրեցնելու հարց: Իսկ վերջին սա քանի մը հատուածներուն մէջ` փորձարկումի մը կարելի առարկայականութամբ ներկայացումի հարցը։ Մեր թուարկութհան 1968 տարուան Մայիսին, քսանեակ մը ֆրանսահայ երիտասարդներ հայութեան նոր որակի մը գիւտը ըրին իրենց մէջ, շնորհիւ ֆրանսական ուսանողական շարժումէն իրենց թելադրուած ստանձնումի ոգիին: Լիւքսամպուրկի քառուղին իրենց բացաւ նոր ճամբայ, ներշնչեց նոր, բարդ, մտածուած հայութեան մը ըմբռնումը։ Վերը պատմուած երեկոյէն ետք այդ ուսանողները, անոնք մանաւանդ՝ որոնք «առաջին անգամ» եկեր էին քանի մը ամիս առաջ, հակեցան հայ իրականութեան, հայ մշակոյթի ու հայ դատի զանազան երեւոյթներուն վրայ։ Դադրելով հակադրուելէ առօրեայ արժէքներուն, միջազգային արժէքներուն, ուսանողական շարաժումներու հսկայ փորձանօթին մէջ՝ Հայութիւնը իրենց համար դարձաւ այդ արժէքներու հաւասարազօր դաշնակիցը։ Այս կարելիութիւնը կ’արժէր որ տեղ մը արձանագրուէր, Սփիւռքի վաղուան տեսաբանին, կամ անոր ապագայ պատմագրին համար։

Ես շատ հեռացայ քեզմէ, Վարդգէս Պետրոսեան: Բայց չէ՞ որ սպասելի էր ատիկա։ Որքա՜ն տարբեր են յաճախ իրարմէ հաւասարումները, որոնց լուծումը նոյն անյայտներուն կը տանի: Նոյն անյայտնրուն…անշուշտ ա՛յդ ալ բացայայտ չէ դեռ: Այնքա՛ն մեծ է տարբերութիւնը՝ աշխարհագրական–քաղաքական, մշակութային ու առօրեայ տուեալներու՝ մեր երկու հաւասարումներուն միջեւ։ Ժոսլին Սարգիսեանի եւ Արեւիկ Շաւոյեանի հաւասարումնրուն միջեւ։ Փարիզի ու Երեւանի, Քարթի Լաթէնի ու Նոր Զէյթունի, Պուրճ Համուտի ու Աջափնեակի հաւասարումներուն միջեւ։ Մեծ են տարբերութիւնները, հակառակ բոլոր «կապ»երուն, բոլոր «օրգան»ներուն, բոլոր «անսամպլ»ներուն ու բոլոր հաղորդումներուն: Երեւանը ու Սփիւռքը գոյութիւն ունին ի հարկէ իրարու համար, մանաւանդ տասնամեակէ մը ի վեր, բայց պարզ է որ սահմանափակ է այդ փոխադարձ ճանաչումը։ Երեւանը սփիւռքցիին գոյութեան մաս չի կազմեր, ինչպէս Սփիւռքը՝ երեւանցիին։

Պարզ հաստատում է սա. գոյութենական այս երկու հաւասարումները այսօր անկախ են իրարմէ, ու դժբախտաբար բնական է ատիկա: Պատճառները վերլուծել հոս՝ շատ հեռու պիտի տանէր: Իսկ գոյութենական, վաւերական կապ մը ո՛չ շրջաբերականով կը ստեղծուի, ո՛չ բաժակաճառով, ո՛չ ալ, մանաւանդ, Սփիւռքէն փոխ առնելով շահնուրեան պաթոս մը… Եւ զայն վերստին Սփիւռքին հրամցնելով (տարագիր, թափառական, եւ այլն…) ինչպէս կ’ընէ որոշ Երեւան մը, սկսելով «պաշտօնական» Երեւանէն: Ատո՛ր համար ինծի երիտասարդ սփիւռքցիիս աւելի դրական կը թուի՝ ինքզինք ու իր Ներկան փնտռող Երեւան մը, քան այն միւսը, որ իր յաճախ անշահախնդիր ու սրտցաւ կեցուածքը կը վրիպեցնէ նպատակէն՝ Սփիւռքի երիտասարդութեան այլեւս անհասկնալի լեզու մը գործածելով։ Աւելի դրական կը թուին՝ մաթեմաթիկական բարդ հաւասարումի ոճով ապրող ռատիոֆիզիկոս օրիորդը հւ արագացուցիչի երիտասարդ գիտնականները: Որովհետեւ կը բաւէ, գոյութենական առաջին վաւերական հաղորդութիւնը ստեղծելու համար՝ որ լուծենք դուք եւ մենք, ամեն մէկս ի՛ր տախտակին վրայ։ Լուծենք՝ իւրաքանչիւրս իր բարդ հաւասարումը։ Եւ արդէն արհամարհելի չէ ատիկա: Դեռ երէկ՝ նուազ վստահ էի իմ սփիւռքեան հաւասարումիս. բարդ էր, անյայտները՝ բազմաթիւ ու խճճուած: Մինչ այնքան պարզ էր միւսը՝ Շահնուրի՛նը, հօրս սերունդինը – Հայապահպանում առաւել Նահանջ՝ հաւասար է Սփիւռք։ Պարզ՝ իր ամլութեան, իր անյուսութեան գինով:

Բայց այսօր – այսօր գիտեմ, ճանչնալէ ետք Քեզ՝ Պետրոսեան, ու քու սերնդակիցներդ – Սիմոնեանը, Արշակեանը, միւսները -, որ դուք ալ կը մերժէք պարզ հաւասարումները, Աւանդութիւն եւ Ներկայ հակադրող, հում տուեալին մէջ ապաստան փնտռող, պարզացուած բանաձեւերը: Եւ արդէն հաւանաբար ա՛յդ է հիմնականը ա՛յն՝ որ յաւերժական ինքնապահպանման ձգտող համակարգերէն անդին, տրուած բաներէն անդին – փնտռենք նոյն Ներկան, կենդանի, բարդ, մարդկային Ներկան: Այդ ճամբուն վրայ հաւանաբար իրարու մօտենան կարէնը, Փաթրիքը, Արեւիկը, Ժոսլինը, – Մարդկային նոր եզր մը տալով իրենց հայութեան։ Հայութեան՝ որ մարդկայնօրէն ապրելու ձեւերէն մէկն է, կամ կրնայ ըլլալ: Ատիկա ալ, ի վերջոյ, մեզմէ ամեն մէկէն ու բոլորէս կախում ունի:

(վերջ)

Նախորդ բաժինը (Զ. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Զ. մաս)

Նախ նշենք, որ Յ. Քիւքճեանի յօդուածը «Ահեկան»ի մէջ տրուած է մէկ ամբողջութեամբ, զոր մենք գործնական նպատակներով բաժնեցինք մասերու: Հետագայ վեցերորդ մասով, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ խումբ մը ֆրանսահայ երիտասարդներ, որոնք այս կամ այն ձեւով կ’ապրին ինքնութեան, մշակոյթի եւ քաղաքականութեան կապուած տագնապներ: Փօլ միացած է խումբին հայ ընկեր գտնելու յոյսով: Զինք աւելի կը հետաքրքրեն ժամանակակից հարցերը, ապրուած ներկան, քան հնամենի պատմութիւնները, ինչպէս, օրինակ, 1863-ի Ազգային Սահմանադրութիւնը: Փաթրիք կը մերժէ հայկական աւանդական քաղաքական մտահոգութիւնները: Պէտք է կեդրոնանալ այժմէական հարցերու վրայ, քան, օրինակ, մտածել թրքական դեսպանատան մը վրայ ռումբ նետելու մասին: Խումբին միանալէ ետք, ան աստիճանաբար կը սկսի ներգրաւուիլ խումբին քննարկումներով՝ անդրադառնալով, որ ընդհանրական մտահոգութիւններ բաժնելն ալ կարեւոր է: Ժոսլին եւ միւսները, բոլորը յուսախափ են հայկական Սփիւռքի մաշած մտասեւեռումներէն՝ զանոնք նկատելով անջատուած իրենց առօրեայէն:

Վահէն, Ֆրանսահայ անշուշտ, այլ մօտեցում ունի: Ան հայկական ինքնութիւնը կը նկատէ գիտակցօրէն ընտրուած եւ փորձով ձեւաւորուած՝ քան ժառանգուած ըմբռնում մը: Քիւրքճեան դիտել կու տայ, որ Վահէին ինքնութիւնը կը համատեղէ աւանդականը՝ ֆրանսական ժամանակակից արժէքներու հետ, եւ կը քննադատէ այն նեղ աշխարհայեացքը, որ հայկականութիւնը կը սահմանէ միայն անցեալով:

1968-ին, երբ Փարիզի մէջ կը բռնկի մայիսեան ուսանողական շարժումը, ֆրանսահայ այս երիտասարդները կը սկսին լրջօրէն մտածել իրենց դերին մասին ապագայի կերտումին մէջ, թէ՛ իբրեւ անհատներ, թէ՛ ալ որպէս համայնքի մը պատկանող անդամներ: Այս առիթով, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ ժամանակի քաղաքական եւ մտաւորական աշխարհահայեացքը, մասնաւորաբար Սէն-Միշել պողոտայի բողոքի ցոյցի ժամանակ, ուր մեր ուսանողները կը քննարկեն յեղափոխական շարժումները, մարդկային արժէքները եւ քաղաքական յանձնառութիւնը: Քիւրքճեանի Փարիզի ընկերները՝ Ժոսլինը, Փօլը, Փաթրիքը եւ Վահէն, իւրաքանիւրը տարբեր տեսակէտ ունի յանձնառութեան եւ ինքնութեան մասին: Ժոսլինը կասկածի տակ կ’առնէ քաղաքական նեղ եւ սահմանափակ մօտեցումները, Փօլը մտահոգ է ուսանողական շարժումի քաղաքական շահագործումով, իսկ Փաթրիք համոզուած է, որ գաղափարական հարցերը աւելի կարեւոր են, քան քաղաքականը:

Քննարկման մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ յանձնառութեան սահմանումը ոչ միայն որպէս քաղաքական վարքագիծ, այլ իբրեւ աւելի մեծ պարտաւորութիւն կեանքի՝ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի նկատմամբ: Վահէն կ’ընդգծէ, որ իսկական յանձնառութիւնը կ’ենթադրէ ընդունիլ սեփական գոյութեան բարդութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ազգային ինքնութիւնը: Ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս մարդկային արժէքներու պահպանութեան ի խնդիր ծաւալած մայիսեան շարժումը եւ անոր հանդէպ իր յանձնառութիւնը զինք աւելի կը կապեն իր հայկական ժառանգութեան՝ ընդգծելով սեփական ինքնութեան եւ համամարդկային արժէքներու սերտ առնչութինը:

Վ. Թ.

Միւսները. Ժոսլինին պէս առեւելագիտութհան մասին ալ չխօսեցան անոնք, երբ խօսք առին առաջին հանդիպումին: Կար Փօլը, որ միացած էր մեզի՝ հայ քոփէններ գտնելու յոյսով, ու անոնց հետ առօրեայ մը բաժնելու: Հայ քոփէններ բնաւ չէր ունեցած, ու կասկածելի կը թուէր իրեն, որ խումբ մը ուսանողներ, d’origine arménienne», կարենան քով-քովի գալ, եւ խօսակցիլ, միասին ժամանակ անցընել, ճիշդ ինչպէս մարդ պիտի ընէր ֆաքի իր «գաղիացի» ընկերներուն հետ: Comme tout le monde, quoi! պէտք էր, սակայն, մեր մէջէն վերցնէինք ամեն պաշտօնականութիւն. օրուան դասախօս, նիստի նախագահ՝ աւելորդ բաներ էին: Մշակոյթ՝ շատ լաւ, բայց կարծես մենք ալ «ծերերուն պէս» կը հասկնայինք զայն. կենդանի, այժմէական բաներու շուրջ պէտք է դառնային մեր հանդիպումները: 1863ի Ազգային Սահմանադրութիւնը անկաժէ չէր ըներ Փօլը…

Փաթրիքը՝ ուրիշ պատմութիւն. կ’ենթադրէր, որ մենք քաղաքական բաներով կը զբաղինք, ու ատիկա սխալ կը գտնէր: Քաղաքականութիւնը, après tout, on s’en fout! թրքական դեսպանատան վրայ ռումբ նետելը մեր գործը չէ, վերջին հաշուով: Յետոյ, ծիծաղելի ալ է։ Փաթրիքը կը մտածէր, որ Փօլը իրաւունք ունէր. պէտք է մեր առօրեայ հոգերով զբաղէինք, ֆաքի մէջ իրար գտնէինք, կարծիքներու փոխանակում ունենայինք: Իսկ Ժոսլինը, խօսք առնելով, անգամ մը եւս շեշտեց, որ «հայկական խնդիրները դժբախտաբար այժմէական կողմ մը չեն ներկայացներ, որ այդ կողմէն մօտենանք»։ Ուրիշ տեղի հայերուն համար կրնար տարբեր ըլլալ, Հայաստան կրնար «ուրիշ տեսակ» ըլլալ, բայց «մեր գաղութին մէջ…»

Սփիւռքի անհեթեթ, յիմար վերացականութիւնը ոչ մէկ ատեն այդքան դառնօրէն զգալի եղած էր ինծի։ Խուճապահար, ինքնանպատակ պահպանումի գաղափարաբանութեան մը ծնունդներն էին այս աղջիկները, այս տղաքը։ Իրենց ծնունդէն տարիներ, տարիներ առաջ, վճռուած էր արդէն, աներեւակայելի, անըմբռնելի ճակատագրապաշտութեամբ մը, որ անոնք «պիտի ըլլան օտար, մտածումով ու գործով»։ Եւ, աւելի ցնցիչ դարձնելու համար կարծես ժամանակներու շփոթը, ահաւոր կուտակումը՝ պատի նկարները շարժում կ՛առնէին, դուրս կը ժայթքէին իրենց շրջանակէն: Ժոսլինի կիսադէմքին կանոնաւոր ուրուագիծը կը գծագրուէր խաղա՜ղ Արարատեան Դաշտի մը բնանկարին վրայ, Փօլի աջին՝ զինք սեւեռել կը թուէր Ժան Ժոռէսի ակնարկը, մինչ Քրիստափոր Միքայէլեանի գլուխը թառեր էր «ապաքաղաքական» Փաթրիքի ուսին: Քաֆքայեան բեմայարդարում մը…: Դժուար էր բերանը բանալ, բա՛ռ մը արտասանել ծանր այդ մթնոլորտին մէջ, ուր պատմական սխալ մը, քառասնամեայ վրիպանք մը այնքան ցնցող ու անգութ, կը զգացնէր իր ներկայութիւնը։

Վահէին ձայնն ալ մեղմ էր, ու ծանր՝ երբ սկսաւ խօսիլ։ Վահէն, մէկը՝ ֆրանսահայ յետպատերազմեան երիտասարդութեան փոքրաթիւ այն ներկայացուցիչներէն, որոնք, փարիզեան կորսուած թաղերու կամ հեռաւոր արուարձաններու անապատին մէջ (պէյրութահային դժուա՛ր է հասկնալ տեղագրական այս նշումներուն տարողութիւնը…), իրագործած են հրաշքը նոր տիպի հայու մը: Հայ մը, որ հայ չէ ի ծնէ, բնականօրէն, ինչպէս Պուրճ Համուտի կամ Թհրանի հայը որ եղած է հայ, ընտրած, համադրած է իր հայութիւնը, օրերն ու տարիներն ի վեր: Ես տասնեակներով ճանչցայ այս տղաքը, որոնց ֆրանսախօսութիւնը ու ֆրանսական առօրեայէն կամ մշակոյթէն եկող գիծերը կարծէք թարմացուցած , հարստացուցած, աւելի բուռն ու միաժամանակ գիտակից են դարձուցած իրենց հայութիւնը: Մի հարցնէք թէ ինչպէ՛ս իրագործուած է այս հրաշքը։ Որոշ կենսունակութիւն պահող Կազմակերպութիւն մը, մտաւոր կամ պարզապէս բարոյական շեշտ անհատականութիւն ունեցող ծնողներ, ընտանեկան դաստիարակութեան որոշ արեւելում մը՝ կը բաւեն, որ ծնի նոր այս տիպարը հայու, եւ ապա, ժամանակն ի վեր, ինքզինք ստեղծէ։ Եւ որ ունենանք, Փարիզի տասնեակ հազար ու աւելի երիտասսարդութեան մէջ, քանի մը հարիւր, կամ հազար մը՝ պատուաստուած այս սերունդէն: Եւ հայաստեղծումի այս պատկերին առջեւ, մարդ ալ աւելի կը ցաւի, կ’ափսոսայ՝ ի տես կորուստին: Սերունդի մը մեծ զանգուածին, որու փրկութիւնը ճակատագրէն կախուած չէ, այլ մեզմէ։ Այդ պայծառ գիտակցութեամբ ալ կը բարձրանար կամաց- կամաց՝ ֆրանսահայ ընկերոջս` Վահէին ձայնը։ Ուժական, ինքնաստեղծ հայու, Աւանդութեան ու Ներկային հաւասարապէս տիրապետող հայու ձայն մըն էր, որ այդ իրիկուն պատասխանեց միւսներուն, Աւանդութիւնը կորսնցուցած ու Ներկայի մէջ կորսուած իր սերնդակիցներուն: Սխալ էր, գոնէ չափազանցութիւն էր ըսել, որ հայութիւնը միայն անցեալի արժէքներով, միայն Աւանդութեամբ կը սահմանուի։ Մեր տգիտութիւնը միայն մեզ կը մղէր հայ քաղաքակրթական արժէքները ամփիրիք, խեղճ տուեալներու կապելու, ու ատիկա մտաւորական, գիտական կեցուածք չէ։ Հայոց պատմութիւնը, նորագոյնը մանաւանդ, հարուստ է դէմքերով, որոնք խորապէս ապրած են իրենց ժամանակակից համամարդկային արժէքները, մասնակցած անոնց ստեղծումին, կամ՝ զանոնք հայացուցած։ Սխալ էր քաղաքականութիւնը առնել անձուկ իմաստով։ Սխալ էր մշակութայինը հակադրել քաղաքականին, իսկ առօրեան մշակութայինին։ Սխալ էր նաեւ, անշուշտ, հեռու մնալ առօրեայէն։

Վահէն լաւ քոփէն մը եղաւ Փօլին. Sciences Poի նօթեր փոխ կու տային իրարու: Խումբի դասախօսութիւններէն ետք անկիւնի քաֆէն իրարանցում էր ու աղմուկ՝ մինչեւ վերջին մեթրօն: Իսկ Ժոսլինը պօուլինկի վրայ ասորերէնի ու միջնադարեան հայերէնի հնչական ձեւերու մասին դարերու փոշիէն հանուած օրինակ մը կը բացատրէր ինծի:

Բայց շուտով ուրիշ բաներ պատահեցան։ Մայիսը եկաւ, ու Փարիզը բռնկեցաւ ուսանողական շարժումով։ Լաւագոյն ընկերութեան մը, լաւագոյն մարդկութեան մը տեսլականով գրաւուած երիտասարդութիւն մը մէկ օրէն միւսը ըրաւ գիւտը այն շլացուցիչ ու բացայայտ ճշմարտութեան՝ թէ իր ներկան լեցուն է կարելիութիւններով, թէ իր ապագան, մարդկութեան ապագան, նոյնինքն պատմութիւնը՝ իր ձեռքերուն մէջ ձեւաւորելի կաւ է ու նախանիւթ: Գիւտը՝ լրիւ ու լեցուն ներկայութեան մը իր մէջ, զինքը բաղկացնող իւրաքանչիւր անհատին մէջ։ Գաղափարներու՝ պատմութեան մէջ մարմնաւորման բացառիկ պահերուն տիրող մթնոլորտ էր այդ շաբաթներու, ամիսներու մթնոլորտը Ձախ Ափին, ապա ամբողջ քաղաքին, ամբողջ երկրին վերեւ։ Ընթացիկ առօրեան, ընկերային-քաղաքական առօրեան, կայունութեամբ, լճացումով, անփոփոխ ինքնակրկնումով յատկանշուող, կանգ առած էր։ Բոլոր տարբերութիւնները, մասնաւորութիւնները, կողմնակի հարցերը ջնջուած էին պահու մը համար։ Կային անհատներ՝ իրենց ներկային, իրենց կացութեան հետ ճակատ ճակատի, անոր յեղափոխումի հրամայականին ունկնդիր։ Եւրոպական ընկերվարական յեղափոխութեան մը խորտակուած միթոսը կեանք կ՛առնէր նորէն՝ նո՛ր տարազի մը մէջ, մեկնելով այս անգամ նո՛ր գործօնէ մը՝ մտածող երիտասարդութենէ մը։ Ծառանալով գոց, համակարգային ամբողջատիրութեան ձգտող վարչակարգի մը դէմ։ Պարզ հաստատումներ՝ ասոնք, ապրուած բաներ, որոնցմէ անդին մասնագէտներուն եւ իմաստուններուն կը մնայ հոգը՝ դատումներ բանաձեւելու, քաղաքական, գաղափարաբանական ու այլ հարցեր յուզելու, սխալներ մատնանշելու ու վճիռներ արձակելու: Բայց անոնք չեն ապրած խիտ ու լեցուն այդ Ներկան, որ ներկաներու, վկա՛ներու ներկան եղաւ։ Անդին պատնէշներու, հեղձուցիչ կազերու եւ պայթումներու անշուշտ աժան, բայց անխուսափելի եւ այլապէս դաստիարակիչ արկածախնդրութենէն, չեն ապրած անոնք ստանձնումի գիտակցութիւնը, գաղափար մը մարմնաւորելու, իր իսկ արարումով զայն պատմութեան մէջ իրագործելու համոզումը ։ Վճռականութիւնը՝ սեփական ծանրութեամբ կշռելու սեփական գործունէութեան մը ծիրին մէջ։ Չեն կրնար վկայել անոնք, մանաւա՛նդ, այն տարօրինակ, ցնցիչ աղգային հոգեփոխութեան մասին, որ ապրեցան քսանեակ մը փարիզցի ուսանողներ, Մայիսի այդ էապէս միջազգային, գերազգային օրերուն: Որովհետեւ փարիզցի այդ ուսանողները, որոնց կ’ակնարկեմ՝ հայ էին: Կամ հայ եղան: Փորձարկումի այն հիանալի կեդրոնին մէջ, մարդկային այն լապոռաթուարին՝ որ Փարիզը դարձած էր։

– Գոհ եմ. առաջին անգամն է, որ բոլորս միասին իսկապէ՛ս բան մը կը բաժնենք. շօշափելի, ապրուա՛ծ բան մր։ Լա՛ւ է։

Ժոսլինն էր. ըսաւ, եւ առանց այլեւայլի նստաւ գետին: Պուլվառ Սէն—Միշէլի սալարկի փոշին գրկած էր արդէն տաբատին գիծերը։ Եւ իր ընդհանրապէս ծանը, քիչ մը մտահոգ դէմքը՝ լուսաւոր փայլ մը հագած էր, գրաւիչ, ցանկալի ընելով զինքը:

Պուլ–Միշը, աչքի կտրածին չափ, ծածկուած էր տասնեակ հազարաւոր գլուխներով, որոնց շշուկը կը բարձրանար, կը սաւառնէր Սորպոնի, Պանթէոնի եւ հինգերորդ քաղաքամասի միւս գմբէթներուն վերեւ: Նոր լրացած էր պայքարի քայլերգը, եւ քսաներեսուն հազար հոգի՝ լռեր ու նստեր էին գետին, սալարկին վրայ, մայթերուն վրայ, շէնքերու սեմին։ Եւ կը խօսակցէին։ Հազար-հազար խմբակով, հազար–հազար շրջանակ կազմած՝ կը խօսակցէին: Եւ Բանը, Մտածումը՝ իրենց երիտասարդ շրթունքներուն բառ եւ հաղորդութիւն դարձած կը դրսեւորուէր, յայտնութեան պէս լուսաւոր, բանականութեան պէս բացայայտ: Այժմէութիւնը՝ յեղափոխական գաղափար եւ յեղափոխական կամեցողութիւն՝ կ՛անցնէր միտքէ միտք եւ այդ անցումին ու վերադարձին մէջ կը հարստանար, կը խորանար:

– Շատ լաւ է, Փօլն էր: Բայց չե՞ս կարծեր որ այս ամբողջը պիտի շահագործուի քաղաքագէտներուն կողմէ։ Տասնեակ մըն էինք, Էտմոն Ռոսթան հրապարակին եզերքին. դիմացը՝ Լիւքսամպուրկի մութ կանաչ զանգուածն էր. աջին՝ հրապարակի քաֆէները։ 

– Չէ, սիրելի՛ս, – Փաթրիքն էր։ Խնդիրը այնպիսի տեղ մը հասած է որ ալ իրաւունք չունինք այդ բաներու մասին մտածելու։ Արդէն բոլորն ալ մեր գլխուն ձգած են մեզ. «Հիւմանիթէ»ի ու «Ֆիկարոյ»ի գրածները իրարու կը նմանին։ Երկուքն ալ քաղաքական պլոքներէ կու գան։ Մինչ մեր շարժումը… 

– Tiens, Փաթրիք, անցեալ ամսուընէ ի վեր բան մը փոխուած է, ինչի՞ մասին կը խօսիս . . . —. Սոնիային չար–բարի ժպիտն էր։ 

Լա՜ւ, կը բաւէ, երկար սրունքները ծալեց Փաթրիքը։ Ո՞վ, դո՞ւն չես փոխուած անցեսլ ամսուընէ ի վեր։ Ուսանողական շարժումը, շարունակեց ապա, իր բնոյթով գաղափարաբանական է, եւ իր այս հանգրուանին չի գործեր քաղաքական ուժերու հետ նոյն մակարդակի վրայ, թէեւ… Իսկ այդ ըսած շահագործումդ . . . 

Փաթրիքը, «փոխուած» Փաթրիքը, նորադարձի խանդավառութեամբ, կը շարունակէր խօսիլ: Ընկերաբանութեան սկսնակի իր բառապաշարին մէջ կը խճճուէր երբեմն, բայց գաղափարները, առողջ ու ամբողջ, կը վերածուէին ի վերջոյ բառի՝ իր հետզհետէ տաքցող շունչին մէջ։ Հեղինակները, ընկերաբանական ու քաղաքական մտածողներ, կը տողանցէին իր մէջբերումներէն: Մէկը անցեալ շաբաթ վերջացուցեր էր, միւսը՝ Երէկ գիշեր. երրորդը ձեռքն էր։

– Քաղաքական անկաժըմանը, ուրեմն, կը կարծես որ անհրաժե՞շտ է մեր ժամանակը ապրող մարդուն համար:

– Համոզուած եմ որ այդպէս է։

Ժոսլինը շարժեցաւ տեղէն, անհանգիստ. 

Փօլին «քաղաքական»ը շատ սահմանափակ է։ Անկաժըմանը ընդհանուր կեցուածք է կեանքին հանդէպ, անցեալի տուեալներուն հանդէպ, ներկայի եւ ապագայի կարելիութիւններուն հանդէպ։ Դրական, ընկալուչ կեցուածքն է… 

Յանկարծ կեցաւ. ու դարձաւ իր պէյրութահայ ընկերոջ. 

– Բայց դուն, Յարո՛ւթ, դո՛ւն ինչպէ՞ս կ՛ապրիս այս բոլորը… դժուար է հասկնալ, ըմբռնել կացութիւնդ։ Մինչ պարզ էր այնքա՜ն: Հոս ջնջուած էին տարբերութիւնները: Զուտ մարդկային կացութեան մը դէմ էինք բոլորս ալ: Յետոյ, առհասարակ, գոյութիւն չունէին ֆրանսացի մարդեր ու հայ մարդեր. ֆրանսական ու լիբանանեան քաղաքացիութիւններ. մարդկային արժէքներու դէմ գոյութիւն կրնային ունենալ միայն անկաժէ մարդիկ եւ միւսները, իրենք զիրենք այդ արժէքներուն մերժողները։

– Ստանձնումի կեցուածքը կիսամիջոց չի ճանչնար, խօսքս ամբողջացուց Վահէն: Երբ կը ստանձնէք՝ կը ստանձնէք ամբողջական կացութիւն մը, իր բարդութհամբ, իր հարստութեամբ, նաեւ իր հակասութիւններով, իր ներկայով, նաւեւ իր անցեալով։

– Բայց դուն ֆրանսական քաղաքացի ես, Վահէ, պնդեց Ժոսլինը: 

Վահէն ֆրանսական քաղաքացի է, ճիշդ էր։ Ատոր համար հոս էր հիմա ու այս սալաքարը ունէր ձեռքը։ Ատոր հմար քիչ ետք կրնար կազի մէջ աչքերը այրել։ Բայց եթէ անկաժէ մարդ է՝ չէր կրնար չստանձնել նախ իր ծագումը։ Հիմնական տուեալն է ան իր գոյութեան։ Եւ, – պիտի խնդաք թերեւս, բայց ամենալուրջ իրականութիւնն է – երբ երէկ կանգնած էր պատնէշի մը ետեւ, «parmi tout ces գաղիացի», կը մտածէր, որ իր ներկայութիւնը հոն՝ զինքը նոյն ատեն ներկայ կը դարձնէր իբր հայ մարդ իր մղելիք կարելի պայքարներուն: Կ՛ուզէր սալաքար մը «ուտել» գլխուն նուազագոյն չափով գոնէ իրագործելու համար ազգային պատմութենէ մը իրեն վերացականօրէն հասածը, հեռաւոր կամ անմիջական անցեալի մը հետ հաղորդուհլու ու ապագայ պայքարներու տենդին մէջ արդէն մխրճունլու համար։ Առանց մոռնալու, անշուշտ, որ այդ վայրկեանին կը պայքարէր այժմէական, մարդկային արժէքներու համար, յանուն լաւագոյն ընկերութեան մը, լաւագոյն մարդկութեան մը…

(Յաջորդիւ՝ վերջին մասը)

Նախորդ բաժինը (Ե. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Ե. մաս)

Հետագայ հինգերորդ մասով, Քիւրքճեան խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ առկայ մշակութային օտարումին մասին՝ օրինակ առնելով Պուրճ Համուտը, ուր ցայտուն է հայ ժամանակակից գրականութեան մը բացակայութիւնը, որ կ’արտայայտէ համայնքին ներկայ կեանքն ու անոր հարուստ ու խայտաբղէտ առօրեան: Իսկ եղած գրական գործերը կա՛մ չափազանցօրէն կ’անդրադառնան անցեալին, կա՛մ չեն կարողանար առնչուելու ժամանակակից հարցերու՝ մշակութային զգալի պարապ մը ձգելով:
Քիւրքճեան կը ձաղկէ գրականութեան մէջ Պուրճ Համուտի ժողովուրդին պայքարները, խօսած լեզուն՝ փողոցինը՝ «արկոն», մշակոյթները եւ իւրայատուկ մթնոլորտը ներկայացնելու այս ձախողութիւնը: Հայկական սփիւռքի անցեալ տասնամեակներու կեանքը՝ իր բոլոր մարտահրաւէրներով, փոփոխութիւններով ու զարգացումներով, փաստօրէն անցած է առանց գրաւոր արձանագրութեան կամ խեղաթիւրուած գրականութեամբ: Գրական այս պարապը, կը վիճարկէ Քիւրքճեան, զրկուածութեան ձեւ մըն է, որ սփիւռքահայ հասարակութիւնը կը հեռացնէ իր սեփական ինքնութենէն եւ կը խզէ ներկայ իրականութիւններէն: Ան կոչ կ’ուղղէ նոր տեսակի գրականութեան մը ստեղծումին, որ հում է, բարդ եւ հաւատարիմ հայկական սփիւռքի ներկային՝ դուրս գալով հնամաշ աւանդութիւններէն եւ ամբողջովին նուիրուած այսօրուայ, թերեւս քաոսային, բայց կենսունակ կեանքին: Նորարարութիւնը աւանդութեան հակադրելու փոխարէն՝ Քիւրքեան կ’ընդգծէ, թէ ինչպէ՛ս իսկական նորարարութիւնը յաճախ կը յառաջանայ նոյնինքն աւանդութեան խոր ըմբռնումէն: Աւանդութեան ենթադրեալ պաշտպանները, սակայն, կը մերժեն փոփոխութիւնները՝ կրկնելով նոյն սխալները՝ դատապարտելով օտար ազդեցութիւնները՝ միաժամանակ անտեսելով իրենց շրջապատին մէջ զարգացող նոր իրականութիւնները:
Տակաւին, ի՞նչ սփիւռքի մասին է խօսքը, երբ մէկ գաղութը չի ճանչնար միւսը։ Հակառակ երբեմն սփիւռքը մշակութային ու ազգային մէկ պարունակի մէջ ընդգրկող խօսոյթներուն, նոյնիքն Պուրճ Համուտի հայութիւնը օտարացած եւ անջատուած է աշխարհի միւս հայ գաղութներէն, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի: Այս օտարումը աւելի կը շեշտուի նոր սերունդի մը բացակայութեամբ, որ ունակ է ընդունելու թէ՛ տեղական իրականութիւնները, եւ թէ՛ բացուելու եւ կապուելու աւելի լայն աշխարհին ու հայաշխարհին: Նոր սերունդ մը ընկերաբաններու, մտաւորականներու եւ գրողներու, որոնք կ’ուսումնասիրեն սփիւռքի բարդութիւնները՝ ոչ թէ հայկականութիւնը պահպանելու միտումով, այլ ստեղծելու անոր նոր տարբերակը՝ որակայինը: Պէտք է կեդրոնանալ նորարարութեա՛ն, ստեղծագործութեա՛ն վրայ, եւ ոչ թէ՝ պահպանումի:
Ապա, Քիւրքճեան ֆրանսահայ գաղութը կ’առնէ որպէս կենդանի օրինակ, թէ ինչպէ՛ս հայերը կրնան ձուլուիլ՝ առա՛նց կորսցնելու իրենց ինքնութիւնը։ Հիմնուելով Ֆրանսայի մէջ իր սեփական փորձառութեան վրայ, ան ցոյց կու տայ, թէ ֆրանսահայը ինչպէ՞ս կրցած է նորաստեղծ ինքնութիւն մը զարգացնել՝ աւանդութիւնը միաձուլելով արդիականութեան: Ֆրանսահայերը յարմարած են իրականութեան եւ պահպանած իրենց մշակութային արմատները՝ հակադրուելով անխուսափելի ձուլման առասպելին: Քիւրքճեան կը հաւատայ, որ ինքնութեան պահպանումը կը կատարուի նորարարութեամբ եւ ստեղծագործական յարմարեցումով, եւ ոչ թէ ինքնանպատակ հայապահպանումով:
Այս բոլորին լոյին տակ, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ ֆրանսահայ Ժոսլինը՝ արեւելեան գիտութիւններու հետեւող ուսանողուհին, որ ներքին տագնապ մը կ’ապրի իր ինքնութեան շուրջ: Ժոսլին ինքզինք կտրուած կը զգայ իր հայկական արմատներէն՝ բռնուած ժառանգուած աւանդութիւններու եւ արդիականութեան միջեւ: Անոր պատմութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքահայերու առջեւ ծառացած աւելի մեծ մարտահրաւէր մը. լարումը վերացական անցեալին եւ մշակութային նորարութենէ զուրկ ներկային միջեւ: Քիւրքճեան դիտել կու տայ, որ սփիւռքի գոյատեւումը ոչ թէ կախեալ է հայկականութեան պահպանումէն, այլ անոր նորաստեղծումէն՝ աւանդութիւնը միաձուլելով ժամանակակից գաղափարներու։

Վ. Թ.

Աղաղակող դրսեւորումներէն մէկն ալ օտարումի այս ընդհանուր վիճակին, սոսկական պահպանումի պարզացնող, հաշմող ազդեցութեան մշակութային զանազան վերնակառոյցներու՝ superstructureներու չգոյութիւնն է մեր գաղութին մէջ: Առաջին հերթին չգոյութիւնը իսկապէս այժմէական, այսինքն մեր այժմէութենէն բխող գրականութեան մը։ Չեմ գիտեր անցած էք իմ քաղաքիս՝ Պուրճ Համուտի փողոցներէն։ Անդրադարձա՞ծ էք որ «հայկական» այս քաղաքը չունի իր սեփական գրականութիւնը: Իր փողոցներուն մէջ ձիու սայլերն ու Ռոլզ–Ոոյսերը իրարու կը հանդիպին, իր մթնոլորտին մէջ ալիքները Պիթըլներ, Սապահ ու Պատալեան կը փոխադրեն, հազարաւոր հայ մանուկներ հայերէն ու արաբերէն եւ անգլերէն կը սորվին իր 3-4 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան վրայ, – ու Պուրճ Համուտը չունի իր իսկական առօրեայէն բխած գրականութիւն, իր տիպարներով, իր արկոյով, իրեն դրուող ընկերային, մարդկային խնդիրներու հարցադրումով։ Ես չեմ խօսիր պահպանում-ձուլում բեւեռներուն միջեւ տեղաւորուող էջերու կամ տաքուկ պատմուածքներու մասին, որոնք տարեց հերոսներու կամ տարիքէ ու ժամանակէ դուրս ապրող տիպարներու բերնով Աւանդութիւնը կը կրկնեն – անցեալի ոգեկոչում, անցեալէն վերապրող բարքերու սեւեռում. նոյնիսկ ներկայէն վերցուած նիւթերու պարագային, գրողի ոչ միայն գրական թեքնիքը, այլեւ ընդհանուր աշխարհիմացութիւնը կը պատկանին անցեալին: Քաղաքաբնակ մարդու, մեքենաներու շղթայի մը մէջ օրը ու կեանքը անցընող մարդու քիչ մը կարծր, անողոք, շարժանկարային առարկայականութիւնը բացակայ է այդ գործերէն: Այլ հարց, որ իսկական ենթակայականութիւնը՝ subjectivitéն՝ նոյնպէս եւ նոյնքան բացակայ է Պէյրութ տպուող «գրականութենէն» անանուն ամբոխներէն ծնող մենակեացի ներասոյզ ենթակայականութիւնը։ Ի հարկէ, չի բաւեր ասոնg համար լիբանանեան կերակուրներու կամ գիւղերու անունները դնել հատորի մը էջերուն, ոչ ալ, երկրորդ պարագային, խորհրդածական քանի մը տող արտադրել մեր երկրի սա կամ նա բնանկարին առջեւ: Երեւոյթը աւելի խորը եւ աւելի հեռուն կ’երթայ: Ամբողջ խառնուածքի մը, զգայնութեան ու ժամանակաշրջանի ոգիի հարցեր կը դրուին: Նոյնիսկ 1968ին, Պուրճ Համուտցին, Սփիւռքցին առհասարակ՝ չեն ապրիր իրենց Ներկան, իրենց Այժմէութիւնը այնքան մը վաւերականութեամբ, որ կարենային զայն Երկրորդ աստիճանի վերապրումի նիւթ դարձնել նաեւ, այսինքն զայն ընկալել կամ մերժել գրականութեան մակարդակին։ Վաւերականութիւն մը, ուր համադրուած ըլլային վերի յարկի Մարաշցի մեծ մայրիկին ապրումներն ու Համրայի երթեւեկի խճողումները, Նոր Սիսի ցեխը ու օթօրութի եզերքին ջախջախուած օթոյէն ծաւալող անհեթեթը։ Սինեմա Արաքսի առջեւ խօսուող արաբաթրքահայերէն արկօն ու ճազ նուագող տղոց մոլուցքը Շաբաթ-գիշերուան, Ռաս- Պէյրութի տասնվեցերորդ յարկի մը պատուհանէն ներս։ «Պնակ մը կերակուր»ի մասին գրուած խմբագրականը, եւ Թիրոյի քէմփի դռներէն փայլփլող պաստառը հեռատեսիլի։ Որովհետեւ Պէյրութի հայը կ’ապրի այս բոլորը. խառնիխուռն, մէկը միւսին վրայ, ապօրինիի նեղացուցիչ ապրումով մը։ Կիսկատար, «փախստական» ձեւով։ Եւ, ահա, չի կրնար գրականութեան վաւերացումը շնորհել այդ կեանքին: Ահաւոր զրկանքի մը, Օտարումի մը գինով ։ Որովհետեւ ահաւոր, հրէշային – առանց բառերու հետ խաղալու – երեւոյթ է գրականութենէ զրկուած հաւաքականութիւն մը։ Փնտռեցէ՛ք դուք 1940ի, 1950ի, 1960ի Պուրճ Համուտները՝ հարիւր հազարը անցնող այս գաղութի մինչեւ այսօր մամուլի տակէ հանած բոլոր էջերուն վրայ։ Փնտռեցէք թաղականներու ու ցեխի Պուրճ Համուտը, ներգաղթի Պուրճ Համուտը, հեռատեսիլի Պուրճ Համուտը։ Էջ մը, ուր անոնցմէ մէկը կամ միւսը տրուած ըլլայ իր իսկական ցեխին, իր վաւերական տագնապանքներուն կնիքով։ Երկու, երեք լեզուով խօսող մարդու, քաղաքակրթութիւններու քառուղիի մը բերանը նետուած, եւ իր հետ բերած աւանդի փոխակերպման պատասխանատու մարդու երկունքին կնիքով: Այս բոլորի ենթադրած նոր մէկ զգայնութեամբ նաեւ. քիչ մը կարծր, անգութ, բայց մանաւա՛նդ բարդ։ Եւ ո՛չ 1890ական միամակարդակ «իրապաշտութեամբ» մը։ Հաւանաբար չէք գտներ դուք այդպիսի էջ մը։ Եւ հաւանաբար բոլոր այդ Պուրճ Համուտներն ու Հալէպները, իրենց գաղտագողի, մաքսանենգուած, բռնօրէն պարզացուած բայց ի վերջոյ ապրուած գոյութիւններով՝ անմիջական գոյութեան մակարդակին – կորսուած գացած են։ Այս մտածումը, անվերադարձ կորուստի այս զգայութիւնը տաժանելի, տառապեցնող կը դառնայ՝ ամեն անգամ որ կ’անցնիմ 1968ի Պուրճ Համուտի, 1968ի «հայկական» Պէյրութի փողոցներէն։ Անվաւեր ու օտարեալ այդ կեանքը ի վերջոյ մեր կեանքն է, մեր միակ ու անփոխարինելի ներկան: Եւ մեր գրականութիւնը, մեր կարելի գրականութիւնը անկէ միայն կրնայ գալ։

Եւ չի կրնար օր մը չգալ այդ գրականութիւնը: Աւելորդ է հոս տուրք տալը գրական ամուլ բանավէճի, «հին»ի ու «նոր»ի խնդիր յարուցանել: Նորարարութիւնը արդէն ինք չի հակադրուիր աւանդության, առհասարակ: Նորարարական կեցուածքը բարդ է, ներադրութիւններով հարուստ, ու մեկնակէտի՛ն իսկ՝ աւանդութեամբ (չնոյնացնել աւանդապաշտության հետ) պատուաստուած։ Աւանդութեան կարծեցեալ պաշտպաննե՛րն են, որ ընդհակառակը պարզ, միամակարդակ ու ոչ-ճկուն վարդապետականութեամբ՝ dogmatismenվ իրենց դիրքերուն կը հակադրեն նորարարութիւնը։ Եւ շարքո՜վ կու գան բոլոր «դասական» դիտողութիւնները – «օտար» ազդեցութիւն, այս կամ այն -ismeի կապկում, անպարարութի՜ւն: Մարդ կը զարմանայ, կ՛ընդվզի՝ տեսնլով այն անգիտակից, մունջ համակերպութիւնը, որմով սերունդները կ’ընդունին… կրկնել նոյն դերերը, գրականութեան պատմութեան բեմին վրայ, նո՛յն յամառութեամբ, նո՛յն սին կիրքով. զոհ դառնալով նոյն անբովանդակ, կե՛ղծ հակադրումներուն։

Հակառակ ամեն բանի՝ չի կրնար օր մը չգալ այդ գրականութիւնը։ Տալու Սփիւռքի մեր Պուրճ Համուտները՝ իրենց այլազանութեամբ, իրենց ֆոլքլորային ապայժմէութեան ու նոյնքան ֆոլքլորային արդիականութեանը մէջ, իրենց ապրած օտարումով ՝ պահպանումի եւ ձուլումի առասպելներով, եւ վերջապէս՝ իրենց ակնկալած, սպասած Հայաստեղծութեան հոր ստորոգութեամբը, catégorieով։

Եւ այս գաղութներն են, այս գաղութն է, որ ամենէն աւելի ինքն իրեն իրաւունք կու տայ այսօր խօսելու… Սփիւռքի անունով – իր բոլոր ճառերով, բոլոր յօդուածներով ազգային-մշակութային իր գործունէութեանը մէջ, իր մամուլին մէջ: Բայց Լիբանահայը. օտարեալ, ինքզինք չճանչցող լիբանահայը ո՞ր չափով կը ճանչնայ Ալֆորվիլը, Ուոթըրթաունը, Ֆրէզնօն, Քորտոպան. առանց խօսելու Սկիւտարի, Հելիոպոլսոյ, Նոր Գիւղի կամ Նոր Ջուղայի մասին: Կա՞յ աւելի մեծ հակասութիւն, աւելի մեծ ինքնախաբութիւն ու կեղծիք, քան խօսիլ Սփիւռքի անունով, երբ այդ Սփիւռքը վերացականութիւն է միայն ձեզի համար, հեռուն անորոշ տեղ մը ձուլուող անանուն զանգուած մը։ Երբ չէ ան՝ առիթ հաղորդութեան, փոխադարձ ճանաչումի եւ փոխանակութիւններու: Պուրճ Համուտը, Պէյրութը ե՞րբ պիտի տան ամբողջ Սփիւռքը ստանձնելու ատակ սերունդ – սերունդ, որ բազմատարր, բազմորակ, բազմամակարդակ այս հաւաքականութեան ընդմէջէն փնտռէ ինքզինք եւ հայութեան նոր որակ մը։ Դուք կը տեսնէ՞ք այդ սերունդը, կոչումով ժողովրդարաններու, ընկերաբաններու այդ սերունդը, որ առաքելութեամբ պիտի մեկնի դէպի Արեւմուտքի երկիրները, ճանչնալու եւ վերապրող խմբաւորումները հայ զանգուածներու, գիտնականի անխառն կիրքով ու անկաժէ մարդու շահախնդրութեամբ միաժամանակ։ Եւ այդ ուսմունքը պիտի վերածէ տեսութեան ։ Արգասաբեր տեսութիւն, որուն փրաքսիսը՝ կիրարկումը՝ ըլլայ Հայաստեղծում մը, ո՛չ հայապահպանում, երբե՛ք հայապահպանում:

Հապա ձուլո՞ւմը, պիտի հարցուի։ Իմ ճանչցածս, ուսումնասիրածս, ըսի՝ Ֆրանսան եղաւ: Գաղութ մը, որուն ընդմէջէն կարելի է հասկնալ այն երեւոյթը, որ մենք Արեւելքի մէջ սովոր ենք ողբերգութիւն, սպիտակ ջարդ եւ դեռ չգիտեմ ի՛նչ կոչել, բայց որ առարկայականօրէն Սփիւռքահայու կացութիւն կը կոչուի պարզապէս:

Սխալ չհասկցուիմ, դարձեալ։ Այդ կացութեան անժխտելի իրողութիւնը չէ՛ որ կ’ուզեմ ժխտել։ Բայց հարցը այն է, թէ ո՛ր չափով այդ կացութիւնը մեր ստեղծագործութիւնը չէ, մեր կեցուածքին եւ ընտրութեան արդիւնքը չէ։ Դեռ մինչեւ է՞րբ հաւատալ ճակատագրի առասպելին: Որովհետեւ, այո՛, «ձուլում»ը Ֆրանսայի մէջ արդիւնքն է ո՛չ ֆրանսական մշակոյթի կլանող ուժին, ոչ ալ… մեր ճակատագրին, այլ պահպանումի միթոսին, առասպելին, խուճապին: Եւ ճանաչումի, ինքնաճանաչումի չգոյութեան: Այս վերջին հաստատումը նոր փաստեր պահանջելու չափ ծանրակշիռ է հաւանաբար։ Փորձեմ պատմել ու հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛ապրին, ինչպէս կ՛ապրին խումբ մը սփիւռքահայ ուսանողներ, մեր թուարկութեան 1968 տարուան ընթացքին «արեւմտեան կողմն» Սփիւռքի։

– Այժմէական հետաքրքրութի՞ւն. չէ: Հոս կու գամ, որովհետեւ լսած եմ թէ ձեր Միութիւնը իր հանդիպումներուն հայ մշակոյթի շուրջ ուսումնասիրութիւններ կը ներկայացնէ, իսկ կը հետաքրքրուիմ հայ մշակոյթով, որովհետեւ արեւելագիտութեան կը հետեւիմ:

Փարիզի մէջ, ուսանողական միութեան մը հանդիպումը. հայկական ակումբի մը մէջ: Քանի մը պէյրութահայ ուսանող, մէկ պոլսահայ, մէկ–երկու պարսկահայ…: Առաւել՝ քանի մը ֆրանսահայ տղաք, գիտակից հայկականութեան մթնոլորտի մը մէջ կազմաւորուած. բացառութիւններ: Ասիկա՝ խումբի կորիզը։ Որուն վրայ ահա կու գան աւելնալու «նոր»եր։ «Ձուլուած» աղջիկներ ու տղաք: Հրաւիրած ենք զիրենք, եւ ահա կը ծանօթանամ «արեւելագէտ» այս աղջկան. կը հանդիպիմ իր առողջ, անողոք անկեղծութեան:

Ուրեմն բնաւ չես գտնուած հայկական շրջանակի մէջ:

— Չէ՛: Անշուշտ ընտանիքս կայ, բայց… բայց հոն ալ տարբե՛ր է. չեմ գիտեր՝ պիտի հասկնա՞ք զիս, բայց ըսեմ, որ ընտանիքիս մէջ հայկական խնդիրները ոչ մէկ ատեն այժմէական ու անմիջական նշանակութիւն են ունեցած: Ըսել չեմ ուզեր, որ չէ խօսուած, ընդհակառակը, միայն խօսուած է։ Իսկ ընտանիքը անմիջական գործնական նշանակութիւն ունեցած է միայն իբր տնտեսական ազդակ, կամ ընթացիկ առօրեայ, ուր միւս խօսքերը ոչ մէկ ձեւով չէին իրագործուեր։ Ոչ ոք կար ինծի ցոյց տալու անոնց այժմէական արժէքը, անշուշտ եթէ ունէին այժմէական արժէք…

– Վերացականութեան մէջ ապրած ես։ 

– Այո՛, ու ամբողջ պատանեկութիւնս պայքար մը էղած է այդ վերացականութեան դէմ: Հետեւանք՝ կեանքէս դուրս քշած եմ, կամ քշել փորձած, այն բոլոր բաները, որ սխալ ու վանողական կը գտնէի ծնողներուս աշխարհին մէջ։ Բառերէն կը խորշիմ…

– Իսկ արեւելազիտութի՞ւնը… 

Առաջին Ժպիտը՝ պրկուած դէմքին վրայ. պզտիկ աղջկան ժպիտ մը։ 

–  Կ’ընդունիմ, յանցանքի վրայ բռնեցիր զիս: Ընդհանրապէս կ՛ըսեմ, որ արեւելագիտութիւնը դրական գիտութիւն մըն է, միւս բոլոր գիտութիւններուն պէս: Քեզի չեմ համարձակիր ճիշդ նոյնը ըսել միւս խոստովանութիւններէս ետք, բայց ճշմարտութիւնը շատ ալ հեռու չէ։ Այո՛, գիտութիւն մը, որքան ալ հայերէնի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնս միայն գիտական եղած չըլլայ մեկնակէտին։ Հայերէնին հայերէն ըլլալը չէ որ գրաւած է զիս – արդէն մոռցած եմ գիտցած քանի մը բառ խօսակցական հայերէնս։ Այլ, այս գիտակա՛ն կալուածին մէջ, իր դրակա՛ն ըլլալը, այժմէական ըլլալը…

– Գիտական առարկայի՞ այժմէականութիւն… 

Ինչո՞ւ չէ։ 

– Եւ հաւատացէ՛ք, որ Ժոսլինը միակը չէ այս պայքարին մէջ. անցեալէն ժառանգ մնացած բառերու հեւքոտ ներկայի մը միջեւ առկախ։ Իր աւանդութիւնը նորելու անատակ հաւաքականութեան մը, եւ գլխապտոյտ տուող այժմէականութեան մը միջեւ։ Ժոսլինը միակը չէ. տասը հազար են անոնք, քսան տարեկանէն քիչ մը վար ու քիչ մը վեր, Փարիզի շրջանին մէջ ատոր եռապատիկն են՝ ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին: Ատոր հնգապատիկը, եօթնապատիկը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Վիճակագրութիւն չունիմ անշուշտ ձեռքս։ Սփիւռքը, իր միջնադարին մէջ, վիճակագրութիւն չի ճանչնար: Եւ թող կորսուին ձեռնածալ ողբասացները, ասպարէզով յոռետեսները, (ասպարէզով լաւատեսները գերադասելի չեն անշուշտ…), ազգային աւանդութեան գանձապահները։ Ես չեմ խօսիր ձեռքի մը մատներու վրայ համրուող այն երկուքին, երեքին մասին, որոնք հոս կամ հոն գիտցեր են ստեղծել հայութեան նոր որակ. որակ՝ որ միայն աւանդութեան ու նոր պայմաններու կրկնակ տիրապետումէն կը ծնի։ Ստեղծել, ու ո՛չ պահպանել. ստեղծումը արդէն կը պահպանէ, իսկ պահպանումը… բա՛ն մըն ալ չի պահպաներ պահպանումը. ո՛չ իսկ ինքզինք: Բայց ես չանցնիմ անդին՝ պատմիչի իմ դերէս: Վերադառնամ Ժոսլինին եւ միւսներուն:

Նախորդ բաժինը (Դ. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Դ. մաս)

«Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածի այսօրուայ բաժինով (թիւ 4), Քիւրքճեան կը քննարկէ այլուրութեան զգացումը, զոր կ’ապրին ափիւռքահայերը՝ օտար մշակոյթներու բացուելու եւ աւանդական հայկական ինքնութիւնը պահպանելու ուղղութիւններուն միջեւ յառաջացած ներքին պայքարին պատճառով: Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ, թէ ինչպէ՞ս առօրեայ կեանքին մէջ գերակշռող դարձած են պարզունակութիւնն ու միօրինակութիւնը՝ օտարուած թէ՛ աւանդականէն, եւ թէ՛ ժամանակակից իրականութիւններէն: Քիւրքճեան կը վիճարկէ, օրինակ, որ թէեւ տնտեսական անհատական յաջողութիւնները արմատացած են լիբանանեան առօրեային մէջ, անդին հաւաքական արժէքները կը մնան իրականութենէն կտրուած՝ այս բեւեռները կամրջելու տեսական ըմբռնողութեան մը բացակայութեան լոյսին տակ: Մարդիկ կորսուած են ուծացման եւ պահպանումի առասպելներուն միջեւ:

Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքեան տարբեր փորձառութիւններու, օրինակ՝ հայերը Ֆրանսայի կամ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր անոնք մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն երբ միաժանակ կը փորձեն թէ՛ իրենց ինքնութիւնը պահպանել եւ թէ՛ օտար մշակոյթներու բացուիլ: Ան հարցականի տակ կ’առնէ ձուլուողներու եւ պահպանութեան ձգտողներու միջեւ ստեղծուած խրամատը՝ կենդանի օրինակներով: Քիւրքճեան կը քննադատէ Սփիւռքի մէջ տարածուած ինքնապահպանման պահպանողական գաղափարախօսութիւնը՝ նշելով, որ ան ձախողած գաղափարախօսութիւն մըն է եւ նկատի չ’առներ ժամանակակից հայկական գոյութեան իրականութիւնները, մասնաւորաբար հայկական պետականութեան եւ հաստատութիւններու բացակայութեան լոյսին տակ մէջ:

Քիւրքճեան կը քննադատէ նաեւ սփիւռքեան կեանքի պարզեցուած տրամաբանութիւնը, որ օտար արժէքները կը դիտէ որպէս սպառնալիք, եւ ոչ թէ հարստացման հնարաւորութիւն: Նոր մշակոյթի բացուելու եւ սեփական մշակոյթը պահպանելու միջեւ ընտրութիւն կատարելու անճկուն մտածողութիւնը կը ստեղծէ լճացած եւ իրականութենէն անջատուած ապրելակերպ մը: Հետեւանքը՝ երիտասարդ սերունդները իրենք զիրենք կորսուած ու կտրուած կը զգան իրենց մշակութային արմատներէն՝ պայքարելով գտնելու իրենց ինքնութիւնը շրջագիծի մը մէջ, ուր անոնք բզկտուած են երկու մշակոյթներու միջեւ: Ի վերջոյ, Քիւրքճեան կը թելադրէ հեռու մնալ հին, պարզունակ ստորոգութիւններէ (օրինակ` «ձուլում» ընդդէմ «պահպանում») եւ որդեգրել բարդ եւ յարմարուող՝ հայ ըլլալը սահմանող մտածողութիւն մը, որ կը ճանչնայ եւ կը ներառէ արտաքին ազդեցութիւններն ու իրականութիւնները՝ միաժամանակ անաղարտ պահելով հայկական ինքնութեան կարեւոր երեսները:

Վ. Թ.

Դարձեալ պիտի չուզէի հեռանալ անմիջական նիւթէս, երթալ նոյն փութկոտ ընդհանրացումներուն։ Բայց կեանքս, մեր կեանքը խճողուած է տուեալով, ամփիրիզմով։ Ճզմուած՝ պարզութեան ու միամակարդակութեան մէջ։ Մեր առօրեան օտարած է մեր աւանդութենէն, եւ դեռ օտար՝ մեր այժմէականութեան, ներկային: Տնտեսական մեր իրագործումները միայն, անհատականները մանաւանդ, լայնօրէն արմատ ձգած են համալիբանանեան առօրեային մէջ, մինչ մեր հաւաքական արժէքները կը մնան օտար այդ առօրեային։ Հում աւանդութիւն եւ հում առօրեայ, անգամ մը եւս, կը խճողեն մեր Ներկան, եւ Տեսականը ցաւագինօրէն բացակայ է։ Վերլուծող, համադրող, պայծառալոյս Տեսականը։ Մեզի պատմականօրէն պարտադրուած տուեալներէն, անոնց խեղճ պարզութենէն մեզի նո՛ր, բա՛րդ, բազմեզր (multidimensionnel) գոյութիւն մը համադրող, ստեղծող Տեսականը։

Օտարեալ կեանք մը կ’ապրիմ ես։ Օտարեալ կեանք մը կ’ապրիս դուն: Օտարում, aliénation կ’ապրինք մենք. օտարած ենք ամեն մէկս իր անհատական գոյութենէն, կարելիութիւններէն։ Բոլորս հաւաքաբար օտարած ենք մեր հաւաքական կացութենէն։ Թակարդի մէջ բռնուածի պէս, բռնուած Ձուլումի ու Պահպանումի միթոսներուն, երեւակայական ստորոգութիւններուն միջեւ։ Ըսէ՛ք ինծի՝ ո՞վ է ձուլուածը, ո՞վ է պահպանուածը։ Պահպանուածը Հա՞յկն է, կամ Դանի՞էլը, որոնք նոյն անորոշութիւնները, գոյութենական նոյն խակութիւնը, նոյն պաթոսը եւ դերի վերածուած նոյն դժգոհութիւնը խաղցան նաեւ երկրորդական վարժարանէն ետք, ինչպէս կը խաղայ մեծամասնութիւնը իմ սերնդակիցներուս: Նաւաբեկելու համար ապա՝ Հիւսիսային Ամերիկայի ափերուն վրայ։ Եւ ձուլուածը ալֆորվիլցի Ժա՞նն է, որ փարիզեան արուարձանի իր տունէն մինչեւ գործատեղի եւ գործատեղիէն մինչեւ ակումբ՝ փաստօրէն ֆրանսերէն լեզուի, ֆրանսական առօրեայի ու ֆրանսական մշակոյթի մէջ ընկղմած դրական ու յստակ կերպով գիտէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ ու հայութեան հանդէպ յանձնառութիւններ ունենալ։ Ի՜նչ փոյթ իր ֆրանսախօսութիւնը, իր քարթէզիէն մտածելակերպը կամ սիրած soupe à l’oignonը: Ինչո՞վ չափել իր հայութիւնը, թէ ոչ իր պայծառ մտքով եւ նոյնքան պայծառ հաւատքով։ Մէկ խօսքով` ճանաչումի, ինքնաճանաչումի իր որակով ։ Ձուլուա՞ծ է Շարլին, որ պատրաստութեան ու «մտայնութեան» բերումով անկարող է ընդունելու Ահարոնեանով կամ Շահնուրով (իրարմէ այնքա՜ն տարբեր, անշուշտ) բնորոշուող հայկական մասնաւոր, որոշ ժամանակաշրջանի պատկանող զգայնութիւններ. ու այդ անհաղորդութիւնը բնական է պարզապէս: Բայց գիտակից է ան իր գոյութեան բարդ տուեալներուն, որոնց մէկ մասը բնականաբար ֆրանսական է, կամ ֆրանսականէն եկող, – եւ կը փորձէ անձնական համադրութիւն մը իրագործել, մեկնելով հայկական ու ոչ- հայկական այդ տուեալներէն:

Ո՞վ է դարձեալ «հայ պահուածը»։ Հայապահպանման քարոզներով յորդելու չափ լեցուած Միջին Արեւելքի հայ երիտասարդութեան զանգուա՞ծը, որ իր մէջ կը յաւերժացնէ կրկնակ ու ամուլ տագնապը տեղական քաղաքացիութեան ու «արեւելքցիութեան»: Որ, աւելի պարզօրէն, չի կրնար ամբողջապէս հայ ըլլալ, որովհետեւ լիբանանցի է կամ սուրիացի. բայց որ չի ալ կրնար ըլլալ լիբանանցի կամ սուրիացի, ո՛չ միայն որովհետեւ «աւանդաբար» հայ է, այլ որովհետեւ այդ երկիրները իրենք ալ կ’ապրին քաղաքակրթական լինելութեան սուր տագնապ: Արտագաղթելու, աշխարհի չորս ծագերուն ցրուելու ախտագին, սպանիչ տենդէն վարակուած, Արեւմուտքի դէմ (եւ անոր աժան, առօրեայ արժէքներուն դէմ մանաւանդ) իր «արեւելքցի» ըլլալէն ամչցող, տառապող, «ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն» ստացած երիտասարդութի՞ւնը, որ եւրոպական, ամերիկեան կենցաղի հետ առաջին շփումին իսկ պատրաստ է լուացուելու ազգապահպանման բոլոր չափանիշներով իրեն ջամբուած «ազգային» դաստիարակութենէն, կամ դատապարտուած քաշքշուելու, նուաճուած միշտ՝ ոչ-հայ բաներու արգելումէն եւ անխուսափելի ձգողութենէն: Հարցը չի վերաբերիր բաղդատութեան մը` լիբանանեան տիպի ու ֆրանսական տիպի գաղութներու միջեւ։ Հարցը այն է, որ Սփիւռքի տարածքին, հայ պետականութեան ու ամբողջովին հայ հիմնարկութիւններու բացակայութեան, ճակատագրական սխալ է հայութիւնը կապել պահպանումի գաղափարաբանութեան մը։ Իսկ վերը կատարուած դիտողութիւնները՝ պարզապէս փաստեր են, այս էական դրոյթը (thèse) լուսաբանող։ Այս տեսակի գաղափարաբանութենէ մը ծնած է իմ սերունդս: Երէցները զայն կը դատափետեն, իրենց գիտնալիքն է. Ես պիտի չըլլամ սերունդս «պաշտպանող»ը։ Որովհետեւ պատճառները փաստօրէն աւելի անդին կը գտնուին եւ մէկուն, ու միւսին հասողութենէն։ Ամբաստանեալի ու դատախազի դերերը զանցուած են, ի յառաջագունէ. Եւ երեւոյթներու մակերեսէն սահիլ կը նշանակէ՝ ամբաստանել մէկուն «նեղմտութիւնը», միւսին ամուլ դժգոհութիւնը։ Շուշանեանական մելամաղձութիւնը յաւերժացնող երիտասարդ ասպետները ու իրենց դաս տուող ծեր խմբագիրները արտադրութիւններն են միեւնոյն աշխարհայեցողութեան: Իսկ գոյութիւնը, Ֆրանսայի թէ Ամերիկայի մէջ, սերունդի մը (կամ սերունդի մը փոքր մէկ հատուածին, հոգ չէ, փաստը չի դադրիր փաստ ըլլալէ), սերունդի մը՝ որ, ի հեճուկս պահպանումի այդ գաղափարաբանութժան, ստեղծած է կամ ստեղծելու վրայ՝ հայութեան նո՛ր, անտիպ որակ մը՝ սա ալ առաջինի զուգահեռ նոյնքան փայլուն փաստ մըն է պահպանումի «վարդապետութեան» սնանկութեանը։

Եւ, ի վերջոյ, ի՞նչ է հայը Սփիւռքի տարածքին: Տուեալ ժառանգութեան մը բրածոյ պահա՞կը, նոր ու «արտաքին» բաներու հանդէպ անպայման ժխտականօրէն դիրքորոշուող մարդ-մեքենա՞ն։ Պիտի պատասխանուի, անշուշտ որ օտար արժէքները պէտք է հայացնել, եւ այլն, եւ այլն։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ինչպէ՞ս հայացնել օտար արժէքը, երբ նախ անոր մասնակցիլը վերածուած է թապուի։ Անկէ անդին՝ օտար արժէքները հայացնելու հրաւէրը բառ է միայն, «պաշտպանողական» կեղծի՛ք: Անկէ անդին միամիտ հակադրում է, դարձեալ ձուլումի ու պահպանումի ցնորական, հրէշային հակադրումը։ Արուեստականօրէն պարզացուած, հաշմուած, ինքիրմէ օտարացած հաւաքական կացութիւն մըն է անկէ անդին։ Գոյութիւն մը, որուն կը պակսի մեծ մշակոյթներու նպաստն ու պատուաստումը չէ՞ որ այդ բաները ձուլումի եւ կորուսման նշանին տակ են տեղաւորուած։ Գոյութիւն՝ որուն կը պակսին նաեւ քաղաքացիական կեանքի կաղապարները – չէ՞ որ բնակութեան երկիրներուն մէջ «տեղացի» զգալու տրամադրութիւնն ալ ձուլումի միթոսին նշանը կը կրէ…: Այս բոլորը՝ սփիւռքեան երկբեւեռ ու պարզ, պարզացուած տրամաբանութեան: Եւ այս բոլորը՝ իրենց հետեւանքներով. այսինքն աճող սերունդներուն յաճախ տժգոյն, աննկարագիր դէմքը, անոնց անպատրաստութիւնը` դիմագրաւելու եւ նուաճելու աւանդականի ծիրէն դուրս որեւէ նորութիւն, որեւէ արժէք (որոնց հետ սակայն օր մը անխուսափելիօրէն դէմ առ դէմ պիտի գտնուին, յաճախ… նուաճուելու համար անոնցմէ): Ուրիշ հետւանք՝ այդ սերունդներուն արմատախիլ վիճակը. Պէյրութէն մինչեւ Փարիզ, մինչեւ Աւստրալիա, մինչեւ… Երեւան՝ իրենք զիրենք գաղթական զգալու եւ իրենց գաղթականութիւնը յաւերժացնելու տրամադրութիւնը: Դրական, խիտ ներկայութեան, աշխատանքի ու ստանձնումի (engagement) ոգիի բացակայութիւն:

 Ի՞նչ են, դարձեալ, հայը, հայութիւնը՝ Սփիւռքի տարածքին։ Միանգամ ընդմիշտ սահմանուած էութի՞ւն մը, գաղափա՞ր մը, թէ՝ գոյութենական կացութիւն, ամեն վայրկեան ճշդելի արժէք։ Ի՞նչ պիտի ընենք սա հայութիւնը. պիտի պահենք-պահպանե՞նք, թէ՞ պիտի ապրինք զայն։ Ի վերջոյ, ինչպէս պիտի ըսէր Ժէռարը, կարելի բան է թէ չէ՞ հայ ըլլալը այսօր…

Այս էական հարցերը կը դրուին այսօր մեզի, մինչ Հալէպի կամ Պէյրութի մէջ զանազան տեղեր՝ տժգոյն պատանիներ կամ տարտամ դժգոհութիւններէ տառապող հրիտասարդներ՝ Շուշանեաններու հիւանդագին պաթոսը կը պտտցնեն իրենց ջղային ցանցի ու սեռականության արմատին (ներէ, գաղափարախօս, առողջ, մի՛ւս Շուշանեան…), ու իրենց սնարին կը պահեն Շահնուրի «Նահանջ»ը։ Կը խօսին անոնք ինչ որ վերացական վայրերու մէջ ձուլուող հայութեան մը մասին, եւ կը կրկնեն, ահաւոր անգիտակցութեամբ ու մազոխականութեամբ, ապայժմէ ահազանգը.

– Կը նահանջեն…, կը ձուլուին . . .: 

Յետոյ տարտամօրէն կ’երազեն Փարիզի մասին, Նիւ Եորքի կամ Մելպուռնի մասին: Նուաճուած անոնցմէ ծաւալող հաճոյքի ու չարիքի երկդիմի թապու մթնոլորտէն: Հին, շահնուրեան մազոխականութենէն դեռ կրծուած։  

Կը դրուին այս էական հարցերը, մինչ Արեւելքի գաղութներուն հայը, ե՛ւ իբր անհատ, ե՛ւ իբր հիմնարկութիւն, կը շարունակէ ապրիլ նոյն այլուրութիւնը, գրեթէ նոյն անշեղ յամառությամբ. վերջին տասնամեակի կարգ մը երեւոյթները տեղական լեզուներու ուսուցում, բարձրագոյն ուսման ընդհանրացում – մակերեսային են միայն, ոչ իսկ կիսամիջոցներ, ու կը ծառայեն միայն ծածկելու, քօղարկելու մտային հիմնական ենթակառոյցը, արժէքներու նոյն երկբեւեռ, պարզ աստիճանաչափը, որ քիչ մը վեր փորձեցի սահմանել։ Որովհետեւ համալսարանի ուսանողը մշակութային դիմագծի, յաճախ ու անհատականութեան նոյն տարտամութենէն կը տառապի, մտաւորական գծով ինքնաճանաչումի ու նախաձեռնութեան նոյն պակասէն։ Ինքնատպութեան պակասէն: Տեսական մտքի ու կազմակերպուած, համակարգեալ աշխարհայեացքի նոյն ահաւոր բացակայութենէն:

(շարունակելի)

Նախորդ բաժինը (Գ. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Տգիտութիւնը միայն կրնայ դէմ ըլլալ մշակոյթի, արուեստի եւ պատմութեան

Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը ամիսով Լոնտոնէն Հայաստան բերուած է Անահիտ դիցուհիին պրոնզէ արձանին պահպանուած հատուածը` գլուխը, թեւը: Եւ ինչպէս միշտ, խնդիրները սկսան: Անահիտ աստուածուհիի արձանին Հայաստան գտնուիլը երկու խնդիր յառաջացուցած է: Երկուքն էլ յիմար բաներ են, բայց կա՛ն, հետեւաբար զանոնք պարզապէս անտեսելը այնքան ալ ճիշդ պիտի չ’ըլլար:

Առաջին խնդիրը այն է, որ իրենք զիրենք քրիստոնեայ համարող մարդոց մէկ մասը իսկական խաչակրաց արշաւանք սկսած է արձանին ու անոր ցուցադրութեան դէմ: Անոնց հիմնական առարկութիւնը այն է, որ պէտք է մերժել այդ արձանը, որովհետեւ այդ մէկը կռապաշտութիւն է, իսկ մենք քրիստոնեայ ենք: Չես գիտեր ինչպէս, բայց մարդիկ կրօնը կը շփոթեն մշակոյթի հետ եւ յառաջացած է բաւական պարզունակ, բայց գոյութիւն ունեցող հակասութիւն մը: Բոլորը շատ կը սիրեն հպարտանալ Տիգրան Մեծով, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի Տիգրան Մեծի ժամանակուայ աստուածուհիին, ապա մարդոց մէկ մասը կը մերժէ զայն: Այսինքն Տիգրան Մեծը պատմութիւն է, իսկ Անահիտ աստուածուհին՝ կռապաշտութիւն: Այդ մարդիկը, որոնք դէմ են արձանին ու ցուցադրութեան՝ կը նշեն, որ Անահիտ ընդամէնը կուռք մըն է եւ քրիստոնեան պէտք չէ այցելութեան երթայ կուռքին, քանի որ․․․ու կը մէջբերեն Աստուածաշնչէն տողեր առ այն, որ «․․․քեզի համար կուռքեր մի շիներ երկրի վրայ»: Մարդոց մէկ մասին այս մերժումը այնքան անհեթեթ է թուի, որ պարզապէս կը ծիծաղին ու կ’անցնին, իսկ Անահիտին դէմ կանգնողներուն կը թուի, թէ իրենք ինչ որ կարեւոր բան մը կը փրկեն: Աւելին, անոնց կարծիքով, Քրիստոս մեզ պիտի պատժէ, որովհետեւ իրական աստուածը ձգած կ’երթանք կուռքին մօտ:

Դատելով Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններու կարգավիճակէն ու տարածաշրջանի աներեւակայելի անկայունութենէն, բոլորովին զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ օր մը Ատրպէյճան յարձակի, կամ, իր թեքթոնիք բնոյթով ծանօթ լեռնաշխարհին մէջ երկրաշարժ պատահի, այդ ատեն բոլոր մերժողները պիտի մեղադրեն «կռապաշտները», որ կուռքին այցելութեան գացին ու Տիրոջ զայրոյթը շարժեցին մեր վրայ: Իրօք, որ այս տեսակէտը քննադատութեան չի դիմանար, ըստ էութեան քննադատութիւն ալ չկայ, բայց խնդիր մը կայ: Մարդոց մէկ մասը իրօք հաւատացած է, որ Անահիտին արձանը տեսնելը կռապաշտութիւն է: Այսինքն մարդոց մէկ կարեւոր մասը ոչ միայն տեղեակ չէ իր ազգին պատմութեան ու մշակոյթին, ոչ միայն պատրաստ է սեւցնելու ու մէկ կողմ նետելու զայն, այլեւ պատրաստ է պայքարելու անոր դէմ: Անահիտի արձանին մերժումը նոյնիքն այդ պայքարն է սեփական պատմութեան ու մշակոյթին դէմ:  Իսկ այդ կը նշանակէ, որ մեր հասարակութեան մէկ մասը վտանգ կը ներկայացնէ ինք նիրեն: Եթէ այս անգամ այդ կ’արտայայտուի Անահիտի արձանին ձեւով, ապա ան միշտ կրնայ արտայայտուիլ նաեւ այլ ձեւերով:

Մեր մօտ սովորական դարձած դարերու պատմութիւն ունեցող եկեղեցիներու պատերը այլանդակելը, վրան տառեր փորագրելը, այլ խօսքով՝ պղծելը: Անոր մէկ այլ արտայայտութիւնն էր Երեւանի Էրեբունիի հնարավայր-ամրոցի պատերուն գարշելի տարբեր մակագրութիւններ ձգելու եղկելի սովորութիւնը: Անահիտի արձանը միայն մէկ փոքր արտացոլանքն է այս ամբողջ ախտին: Եւ այս ոչ թէ պայքար է յանուն քրիստոնէութեան, այլ պայքար յանուն տգիտութեան, որովհետեւ միայն տգիտութիւնը կրնայ պայքարիլ մշակոյթի եւ արուեստի, այս պարագային նաեւ պատմութեան դէմ, որովհետեւ Անահիտը նաեւ մեր պատմութիւնն է: Անահիտը մեր քանդակագործութեան, մշակոյթի, կրօնի պատմութեան մէկ մասն է: Կարելի չէ հիանալ պատմութեան միայն մէկ երեսով, կարելի չէ փառաբանել Տիգրան Մեծը ու մերժել Անահիտը: Ու այն ինչ որ կը կատարուի այսօր հասարակական որոշ խումբերի մօտ, սարսափելի է, որովհետեւ Անահիտի դիւականացումը ու անոր արձանը պատմական-մշակութային դաշտէն կրօնական անիմաստ կռիւի ներքաշելը կ’արժէզրկէ թէ՛ քրիստոնէական մեր ըմբռնումը, թէ՛ սեփական մշակոյթի ու պատմութեան հանդէպ մեր յարգանքը: Ալ ինչպէ՞ս թուրքերէն պատմութիւն եւ մշակոյթ պահպանել պահանջես, եթէ դուն ինքդ զանոնք առաջին մերժողն ես ու դիւականացնողը: Անահիտի արձանին դէմ խօսողները գոնէ գիտե՞ն, որ հայերը մինչեւ քրիստոնէութիւն ընդունիլը, նաեւ երկու հազար տարի եւ աւելի ապրած, ստեղծագործած ու քաղաքակրթական սեփական նուաճումներ արձանագրած են: Մոռնա՞նք մենք զմեզ: Դէպի միջնադա՞ր կ’ուղղուինք: Դէպի հաւատաքննութի՞ւն: Այլակարծութեան մերժումի ամենէն այլանդակ ձեւը, որ ուղղուած է նոյնիքն մեր դէմ: Ընդ որում այս անհեթեթ մոլեկրօնութեամբ, «քրիստոնեաները» լեզու կը դնեն ընդդէմ տարատեսակ խումբերու, որոնք շատ լաւ պտուղներ կը քաղեն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ իրենց պայքարին մէջ:

Անահիտի արձանին կապուած երկրորդ հարցը անոր ցուցադրութեան գինն է՝ 5000 հազար դրամ՝ շուրջ 13 ամերիկեան տոլար: Մուտքի այս գինը առանձինն առած կը թուի մեծ չըլլալ, բայց, նկատի առնելով հայկական դրամի արժեզրկումն ու սղութեան մնայուն աճը, ամէն մարդ չի կրնար այդ գումարը վճարել եւ մտնել թանգարան: 5000 դրամը որոշ հայ ընտանիքներու համար մէկ-երկու օրուայ համեստ սնունդի գումար է, յատկապէս, երբ նկատի առնենք նուազագոյն աշխատավարձը՝ 75 հազար դրամ: Այսինքն եթէ միջին թիւով ընտանիք մը ուզէ երթալ Անահիտին արձանը տեսնելու, պիտի վճարէ 15 կամ 20 հազար դրամ: Այս մէկը իսկապէս վրդովեցուցիչ է: Պատմութեան թանգարանը իրաւունք չունի Անահիտի արձանը «վարձու տալու» այցելուներուն: Ոչ բոլորը կրնան այդ գումարը վճարել, իսկ եթէ ան բոլորին հասու չէ, ուրեմն ի՞նչ՝ միայն ունեւորներու համա՞ր է: Անահիտը միայն հարուստի՞ն պատմութիւնն ու մշակոյթն է: Աւելի գռեհիկ է այն, որ միայն Անահիտի արձանին համար պիտի վճարես 5000 դրամ: Եթէ տոմս գնած ես միւս սրահները այցելելու, ապա իրաւունք չունիս Անահիտի արձանը տեսնելու. առանձին պիտի վճարես անոր համար: Այն զեղչերն ու արտօնութիւնները որ կան դպրոցականներու ու թոշակառուների համար՝ չեն գործադրուիր: Անահիտի արձանը տեսնելու համար պէտք է վճարել այդ 5000 դրամը:

Այս մէկը ինքնըստինքեան խայտառակութիւն է: Այսինքն հայոց պատմութեան որոշ հատուածներ աժան են, որոշ հատուածներ՝ ոչ: Աշխարհի հնագոյն կօշիկը, որ յայտնաբերուած է Հայստանի մէջ, Լեւոն 2-րդ Մեծագործ արքայի դաշոյնը, Տիգրան Մեծի դրամները եւ ընդհանրապէս ամբողջ պատմութիւնն աւելի «աժան է», քան Անահիտին արձանը, որ Հայաստան բերուած ընդամէնը քանի մը ամիսով: Ու հետաքրքրական է, թէ որքան գումար «կը հաւաքէ Անահիտը»:

Այս ծաղրա՞նք է, թէ՞ չարչիութիւն: Որո՞ւ մտքէն անցած է ընդհանրապէս գումար սահմանելը: Անահիտին արձանը Երեւանի մէջ միայն քանի մը ամիս պիտի մնայ: Անոր հետագայ պահպանութիւնն ալ ստանձնած են բրիտանացիները: Ուրեմն ո՞վ թոյլ տուած է առանձին գումար սահմանելու: Թերեւս արդարացնեն, որ բրիտանացիներէն զայն վերցնելը որոշ ծախս կ’ենթադրէ կամ արձանին նկատմամբ պատասխանատուութիւնը այնքան մեծ է, որ ան յատուկ պայմաններով պէտք է պահուի: Յետոյ ի՞նչ: Այդ զո՞վ կը հետաքրքրէ: Բերած էք, ուրեմն թոյլ տուէք, որ ան բոլորին հասանելի ըլլայ: Ի վերջոյ, ան մեր բոլորին պատմութիւնն է՝ թէ՛ մեծահարուստ պիզնեսմենին, թէ՛ անտուն թափառականին: Եւ մանաւանդ հիմա, երբ մշակոյթի ու պատմութեան նկատմամբ շատերը նուազ հետաքրքրութիւն ունին ու նման արժէքաւոր ցուցանմուշը առիթ պէտք է հանդիսանար, որ բոլորը, յատկապէս դպրոցականները պարտադիր բերեն տեսնելու, հիանալու, սեփական պատմութեան մէկ այլ կտորին ծանօթացնելու:

Արդէն իսկ կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք վճռականօրէն կը յայտարարեն, որ պիտի չերթան արձանը տեսնելու՝ «սկզբունքային որոշում», որովհետեւ չեն ուզեր յիմարի տեղ դրուիլ ու չարչիական մանրավաճառութիւնը քաջալերել: Լաւ կ’ըլլայ, որ այս բոլորին պատասխանատուները ուշքի գան ու թէկուզ ուշացումով, բայց հանեն այդ ամօթալի 5000-ները: Անահիտը պիզնես-ծրագիր չէ, զայն ոչ թէ պէտք է վերավաճառել, այլ՝ քարոզել, ցուցադրել, հասանելի դարձնել:

Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Գ. մաս)

Այս երրորդ մասով, Քիւրքճեան կը ներկայացնէ 1950-ականներուն հասակ առած երիտասարդ հայ սերունդին դիմագրաւած զգացական եւ մշակութային բարդ մարտահրաւէրները սփիւռքի տարբեր գաղութներու, մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ: Բազմաթիւ լեզուներու եւ մշակոյթներու ազդեցութեան տակ, անոնք կը պայքարէին իրենց ժառանգած հայկական ինքնութիւնը պատշաճեցնելու ժամանակակից կեանքի իրականութիւններուն: Ներքին տագնապ մը՝ որ աւելի կը խորանար աւանդական արժէքներու պահպանման վրայ կեդրոնացած «ազգային» կրթութեան բերումով՝ ընդհանրապէս հակադրուած այդ իրականութիւններուն: Հետեւանքը՝ ինքնամեկուսացում, անորոշութիւն եւ ներքին տագնապ ազգային արժանապատուութեան եւ շրջապատին բացուելու ճնշումներուն միջեւ: Քիւրքճեան լուսարձակի տակ կ’առնէ այս սերունդին հաւաքական հոգեկան վիճակը, որ կը յատկանշուի «այլուրութեան» զգացումով եւ հեռաւոր անցեալն ու զարգացող ներկան հաշտեցնելու շարունակական ճիգով: Գրական որոշ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս է պարագան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»ին, պարզապէս սրած են այդ տագնապը՝ հակառակ ուղղութեամբ տանելով հոսանքը…

Վ. Թ.

Տասներեք–տասնչորս տարեկան էինք։ Հայերէնի ուսուցիչին Վարդանանցի կամ Ապրիլ 24ի մասին տուած շարադրութիւնը յանձնելէ ետք, կ՛իջնէինք Քափիթոլ կամ Ալ–Համրա՝ Ալէն Տըլոնը կամ Մարլին Մոնրոն տեսնելու պաստառին վրայ: Հայերէնը կը խժար մեր ուղեղին մէջ, մինչ սրահին բարձրախօսները անգլերէն կամ ֆրանսերէն կը խօսէին ու կը ճչային ու կը համբուրուէին։ Քովի աթոռներուն վրայ մեզի կիսով հասկնալի արաբերէն մը կը խօսուէր։ Եւ մենք կորսուած էինք այս բոլորին մէջ եւ քիչ մը յանցաւոր՝ մեր տարբերութեամբը։ Ապօրինի բան մըն էր մեր հայութիւնը, կէս բան մը, որմով երբեմն կը յաջողէինք «հպարտ ըլլալ» անշուշտ, ինչպէս պատգամուեր էր մեզի բառերու յամառ մրճահարումով տարիներու երկայնքին, սկսած մանկապարտէզէն։ Բայց չէ՞ որ վերացական կը մնային այդ բոլորը։ Չէ՞ որ առօրեան, մեր տնտեսական գոյութիւնը եւ շրջապատի մշակութային–քաղաքակրթական ներկայութիւնները կը հակադրուէին, մեզ դաստիարակողներո՛ւ իսկ կողմէ – բայց նաեւ առարկա՛յօրէն – մեզի վերացականօրէն եւ խախուտ խանդավառութեան մը խողովակով փոխանցուած արժէքներուն: Անցեր էին որբանոցային ժամանակները առերեւոյթ, եւ մենք «շփացուած», «լիացած» սերունդ էինք, նոյնիսկ յաւելեալ խղճահարութիւն մը շալկած մեր «վայելած առաւելութիւններուն», տաք կերակուրին, ուսումին, սինեմայի ու պտոյտներու պերաճանքին հաշոյն։ Եւ ատիկա ա՛լ աւելի խառնաշփոթ կը դարձնէր մեր զգացական աշխարհը, աւելի կը հեռացնէր մեզ մեր ներքին իրականութենէն։ Որովհետեւ որբեր էինք մենք ալ, ներանձնացեալ որբութեամբ մը, ու չէինք գիտեր ատիկա: Չէին գիտեր մեր ծնողները, որոնք, ճի՛շդ է, անցեր էին այդ որբութեան մէկ աւելի բացայայտ, աւելի աղաղակող վիճակէն: Բայց մեզի կը մերժուէր իրաւացիութիւնը մեր տագնապանքին. կը դրուէին մեր առջեւ՝ տնտեսական համեմատական բարօրութիւն մը, իրական գործունէութեան նուաճում, եւ միւս կողմէ՝ այդ իրականութեան անհաղորդ վերացական աւանդութիւն մը, որ կը պարտադրուէր մեզի՝ անհաւատալի այլուրութիւն ապրող հաւաքականութեան մը ծիրին մէջ։ Մենք աւելի կամ նուազ իւրացուցած էինք այդ աւանդութիւնը, ապրելով միւս կողմէ մեր առօրեան, բնակութեան մեր երկիրներով պայմանաւորուած մեր տնտեսական գոյութիւնը: Տարտամօրէն կը զգայինք արդէն կարիքը օրինականացնելու մեր մէջ անցեալի մը եւ ներկայի մը այդ համակեցութիւնը, իրաւական հիմք մը տալու անոր։ Բայց չէինք գիտեր: Եւ այդ անհաշտ տարրերու անհրաժեշտ, անխուսափելի գոյակցութիւնը մեր մէջ՝ մեզ կ’ընէր վարանոտ, կասկածով լեցուն՝ հանդէպ մեր ուժերուն, մեր կարելիութիւններուն։ Հաշմուած կեանք մը, ո՛չ այլեւս ֆիզիքապէս կամ տնտեսապէս, այլ մշակութային —քաղաքակրթական հաշմումով։ Կեանք մը՝ ուր հում տուեալներ – հում աւանդութիւն մը եւ հում այժմէականութիւն մը՝ կը գոյակցէին, նախնական պարզութեան մը մէջ օտարելով մեզ։ Օտարում ՝ որուն մէջ հաւասարապէս խորթ կը մնային մեզի Ահարոնեանը եւ սինեման, Վարդանանքը եւ արաբերէնի քերականութիւնը։ Որովհետեւ մեր ուսուցիչները, վաստակաւոր վարժապետներ ազգային վարժարանի, կամ երիտասարդ, «խանդավառ տղաք», աւանդական «ջերմ» մթնոլորտի մէջ եւ մեծերու «շունչին տակ» պատրաստուած, ինչպէս կ՛ըսեն, կը փորձէին նոյն տուեալները փոխանցել մեր զգացական աշխարհին – ու հազուադէպօրէն միայն մեր ուղեղին։ Որովհետեւ մեր դաստիարակութեան մէջ հայ աւանդական արժէքները կը տրուէին հակադրուած այժմէականութեան արժէքներուն, մեր շրջապատի իրականութիւններուն: Մահուան եւ կենսապահպանումի մղումները իրենք զիրենք կը կրկնէին Սուրիոյ անապատներէն մինչեւ ազգային վարժարանի մեր դասարանը, այդ «հայկազեան աւանդատուն»ը – երկդիմի՛ բառ բանաստեղծի… —. կը կրկնէին իրենք զիրենք՝ ուսուցիչի բերնին մէջ, բազմապատկուած, կենսաբանականէն անցած մտայինին, կլանած ամբողջ անգիտակից սարքը սերունդի մը միտքին, եւ սպառնալով անցնիլ երրորդ սերունդի մը, աշակերտներու սերունդին, մերինի՛ն — ձուլումի սարսափն ու պահպանումի խուճապը, այժմէականի մերժումը եւ անցեալի ապօրինի, գրեթէ ամօթահար պահպանումը։

Մտային այս կաղապարները պտտցուցած ենք մեր հետ, 1950ի եւ 1960ի միջեւ գիտակցութեան բացուած սերունդ, ինչպէս ըրած էին նախորդող տասնամեակներուն պատանութենէ անցնող սերունդները, ինչպէս ընեն դեռ հաւանաբար որոշ չափով ՝ որոշ թիւով սերունդներ։ Պտտցուցած Պէյրութի փողոցներու երկայնքին, Պուրճ Համուտի քէմփերուն քովն ի վեր՝ հայ ըլլալու ու ամբողջովին հայ չըլլալու տագնապը։ Անգիտակից, խա՛կ տագնապ, հում տուեալներու հում գոյակցութիւն, որ մեծամասնութեան մը պարագային հասունութեան ալ չի հասնիր, չի հասնիր գիտակցութեան լոյսին, եւ կը պահէ ենթական տեւական անչափահասութեան վիճակի մը մէջ:

Հաւաքական կենցաղի ու մտային կառոյցներու այս ձեւաւորումը կը բացատրէ բաւարար չափով այն արձագանգը, որ 1930ի Շահնուրը կամ Շուշանեանը կը գտնէին…1950ին, Պէյրութի, Հալէպի, Գահիրէի Երիտասարդութեան մօտ։ «Նահանջը Առանց Երգի»ն, «Սիրոյ եւ Արկածի Տղաքը» պաշտօնական գաղափարաբանութեան պէս բաներ էին 1955ին: Նոյնը՝ Շուշանեանի Օրագիրը, որ Պէյրութի չգիտեմ ո՛ր թերթը լայն փողահարութեամբ կը հրամցնէր «գրասէր հասարակութեան», ինչպէս կըսեն: Եւ չեմ մոռնար երբեք հանդիպումը, որ 1958ին ունեցանք, Պէյրութի հայկական արուարձաններէն քանի մը տղաք, Շահնուրի «Նահանջ»ին հետ։

Հայկը Դամասկոսէն էր, կ՛ուսանէր մեր հետը Պէյրութ։ Գիտէր, որ օր մը Ամերիկա պիտի երթայ: Պարզապէ՛ս: Բանը գրեթէ ինքնիրեն որոշուած էր։ Ամերիկա երթալ, ընտանեօ՛ք: Եւ Հայկը պիտի երթար։ Դանիէլը՝ ուրիշ պարագայ։ Հալէպէն էր։ Յուզումնահար տղայ մը, Շուշանեան կարդացած ու դէմքին բշտիկներ կրող: Իսկ Տիգրանը ու ես՝ Պուրճ Համուտէն: Ամենօրեայ հանդիպավայր մեր տան բարձր կտուրին դէմ փռուող՝ նեղ փողոցներով, փոքր գորշ տուներով քաղաքէն։ Ծանօթ էինք հայկական այս ոստանի երբեմնի պատկերին, ճահիճներուն ու ցեխին. ապրած էինք ձմեռ գիշերներու բուռն, յուսահատական տեղատ տարափներուն յարձակումը՝ 1945—50 տարիներու թիթեղեայ տանիքներուն վրայ։ Մեր ենթագիտակցութեան մէջ արքեթիփալ ներկայութիւններու վերածուած էին սեւ ու մռայլ մամիկները, Մարաշի կամ Այնթապի գաւառներէն անլուր թրքերէն մը փոխադրած նիհար, խիստ ծերունիները։ Մինչեւ տասը տարեկան հայերէն խօսած Էինք միայն, հայաբնակ մեր փողոցներու երկայնքին. դրացի արաբը «տեղացի» էր, «այլազգի» էր մանաւանդ. երբեմն նոյնիսկ… «թուրք»: Յատկանշական զուգորդում։

Չորս տղայ էինք այսպէս, 1958ի ամառը, նման՝ հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր մեր տարեկիցներուն, Արեւելքի տարածքին. տանիքի մը մերկութեան կեդրոնին, ուրիշ քաղաքակրթութեան մը մարմինին բուսած հայկական ջերմանոցի մը արուեստական մթնոլորտին մէջ մխրճուած, հակասութիւններով եւ mauvaise foiով լեցուն: Եւ կը կարդայինք Շահնուրի «Նահանջ»ը։ Կը կարդայինք՝ ինչպէս մարդ կը վարակուի հիւանդութեամբ մը, որուն հանդէպ դրական նախատրամադրութիւն ունի։ «Խանդավառ», «տաք» ու «հայրենասէր» պատանիներ էինք չորսս ալ, աւելի կամ նուազ «ազգային կրթութեան» եւ հայկական «աւանդութեան» զտարիւն արտադրութիւններ։ Եւ երեսուն տարի ետք Շահնուրի «մեղա»ներէն, նահանջը ահա իր ճամբան կ՛ընէր մեր մէջէն:

– Շուշանեանն ալ նոյն ահազանգը հնչեցուցած է, կ՛ըսէր Դանիէլը: Ֆրանսայի մէջ, Ամերիկայի մէջ հայութիւնը կը ձուլուի, օտար արժէքներու ետեւէն կ’երթայ:

– Ֆրանսացի աղջիկները շատ վտանգաւոր են, կը ճշդէր Հայկը։ Հայ տղաքը հայութենէ կը հրաժարին անոնց համար: Անոնք ալ Արեւելքէն գացող տղոց ետեւէն կ’իյնան. եղբայրս Դամասկոս կօշկակար ընկեր մը ունի, Ֆրանսա գացած է, անիկա ըսեր է իրեն: Հայերէնի պարոնս ալ կ՛ըսէր:

Եւ մենք կը մտածէինք հեռաւոր այս «վտանգ»ներուն մասին։ Կը մտածէինք՝ փախուստի բայց նաեւ քաշողութեան բարդ, հակասական մղումներու մէջէն: Այդպէս էր մեզի համար Նահանջի վտանգը։ Մեզի համար՝ ինչպէս ամբողջ այն սերունդին, որուն դաստիարակութեան տնտեսութիւնը գոց տնտեսութիւն մը եղաւ։ Կիրարկուած՝ մանկավարժներու կողմէ, որոնց աչքին անհրաժեշտ էր «մեր նոր սերունդները պահել աւանդական, տոհմիկ մթնոլորտի մէջ, հեռու՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան արժէքներէն» կամ նոյնիսկ չտալ անոնց բարձրագոյն կրթութիւն, որովհետեւ «բարձրագոյն կրթութիւնը կը քանդէ առհաւական, աւանդական մեր նկարագիրը»։ Այս գաղափարներուն դուք կրնաք հանդիպիլ, ա՛յս բառերով բանաձեւուած, Հալէպի, Պէյրութի մեր մամուլի 1940—50ական թիւերուն մէջ, իսկ անոնցմէ բխող ընդհանուր տրամադրութիւններուն՝ քիչ մը ամեն տեղ: Զարմանալ այլեւս, որ «օտար»ը մեզի համար ունենար անծանօթի ամբողջ ձգողութիւնը, եւ Նահանջը՝ կորուսումին երկդիմի հրապոյր–վանողականութիւնը։ Մեր շնչած մթնոլորտը, ինչպէս 1930ի փարիզեան սերունդինը, խուճապային ինքնապահպանումի եւ խուճապային ինքնակորուսումի մազոխական երկդիմութիւնը ունէր: Եւ մեզի տրուած միակ զէնքը, գոյութենական կացութիւն մը ըմբըռնելու ու փոխակերպելու համար – նախնական պաթոս մը: Պաթոս մը…մտաւոր գործիքի տեղ, վերլուծումի եւ համադրումի տեսական զէնքի տեղ…

(շարունակելի)

Նախորդ բաժինը (Բ. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Բ. մաս)

Յարութիւն Քիւրքճեան կը շարունակէ պեղել հայկական ինքնութեան տարբեր դրսեւորումները հետագայ երկրորդ մասով՝ կեդրոնանալով հայկական սփիւռքի «արեւելեան» գաղութներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վրայ՝ մասնաւորաբար ձուլուելու կամ նահանջելու ծանր ճնշումներուն: Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ թէ ինչպէ՛ս, օրինակ Պուրճ Համուտի, Թեհրանի եւ Գահիրէի հայերը կը պաքարին իրենց մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու, ուր խոր արմատներ նետած է 1915-ի ողբերգութեան նման հոգեցնցումը (trauma)՝ առաջնորդելով մեկուսացման եւ պահպանողական միտումներու: Քիւրքճեան այս միտումները կը հակադրէ Փարիզի տարբեր սերունդներու ինքնութեան պայքարին, ուր գոյութենական մարտահրաւէրներուն տարբեր լուծումներ առաջադրուած են: Քիւրքճեան համամիտ չէ «արեւելեան» գաղութներու պարտուողական այս միտումներուն: Այս գաղութները, ըստ իրեն, կտրուած են ժամանակակից կեանքի իրականութիւններէն՝ փոխարէնը կեդրոնանալով ինքնապահպանման եւ նահանջի շերտերուն վրայ, հետեւաբար սահմանափակելով ժամանակակից ինքնութեան հետ քայլ պահելու իրենց կարողութիւնը:

Վ. Թ.

Ահա, իրենց պարզագոյն բանաձեւումին մէջ, հայկական Սփիւռքին դրուող հարցերը աւելի ճիշդ՝ այլազան երեսները նոյն հարցադրումին: Վերացական, անհեթեթ այդ երկրին բնակիչը, ըլլա՛յ ան լոս անճելըսցի Ռիչարտը, ըլլայ Փարիզի արուարձաններէն եկող Քրիսթիանը, ըլլայ պուրճ համուտցի կարապետը կամ թեհրանցի Վարդանը՝ ենթակայ է նոյն հարցադրումին: Աւելի կամ նուազ ստիպուած՝ պատասխանելու անոր։ Եւ Լիւքսամպուրկի քառուղիէն մեկնող առաջին ուղղութիւնը խուճապի կամ ապիկար լռութեա՛ն պատասխան մըն է միայն։ Նահանջի պողոտանրէն անցնող, ձուլումի բայց նաեւ ինքնամեկուսացման նոյնարժէք անելներուն յանգող ։ Մեր թուարկութեան 1968 տարին Փարիզի մէջ կամ այլուր հայութեան մասին մտածող հայածին երիտասարդը չի հասկնար եւ դժուար է հասկնալ, որ ամբողջ սերունդ մը, քառասուն տարիէ ի վեր, Փարիզէն մինչեւ Պէյրութ, Պոսթընէն մինչեւ Թեհրան ճօճած ըլլայ այս երկու հում տուեալներուն միջեւ – պահպանումի խուճապին եւ նահանջի խուճապին. ապրած ըլլայ պարզ տուեալով։ 

Անարդար ընդհանրացում մը կը կատարեմ, անշուշտ, միակտուր կեցուածք եւ աշխարհայեացք վերագրելով ամբողջ սերունդի մը։ Խօսքս Սփիւռքի մեր հիմնարկութիւններուն ու անոնց իրագործումներուն չի վերաբերիր։ Առանց ժխտելու այդ իրագործումները, պէտք է շեշտել որ չունին անոնք ստեղծագործական բնոյթ, այլ պահպանողական, նախ՝ բառի ստուգաբանական իմաստով։ Զիս հետաքըրքրողը, այս պարագային, սերունդի հոգեմտաւոր արտադրութիւնն է։ Եւ կարելի չէ վերը ենթադրած միատարրութիւնս վերագրել, օրինակ, 1930ի «Փարիզի տղոց» — Յ. Օշականի բառով – ամբողջ խումբին: Նիկողոս Սարաֆեանի մը անջրպետի «գրաւում»ները, մակընթաց շարժումներու կամեցողութիւնը՝ ժխտումն իսկ են այդ միատարրութեան.

«Նոր է, նոր, նոր, որ անհիմ
այս հողերէն, թօթուելով մեր կեղծիքները բոլոր
այս քաոսէն կը ծնիմ»:

Ժխտումն է այդ միատարրութեան՝ նաեւ մէկը Շուշանեանի Երկու դէմքերէն միտք—Շուշանեանը, տեսաբան-Շուշանեանը։ Եւ ո՛չ միւսը՝ երբեմն թացիկութեան հասնող յուզումնահեղձ Շուշանեանը, վիպապաշտության, զգացապաշտութեան, պաթոսի մէջ խրած մինչեւ կոկորդը։ (Յստակ ըլլայ միանգամ ընդմիշտ . այս ախտաճանաչումները… դատապարտութիւններ չեն, այլ հաստատումներ. հետեւաբար ի յառաջագունէ կը մերժեն ամեն «պաշտպանողական», ամեն «մեղմացուցիչ դէպք»ի փաստաբանում. հոս մեզ չի հետաքրքրեր՝ ինչո’ւ Շուշանեան կը պարզէ սա կամ նա երեւոյթը։ Ուրիշ հիւթ է ատիկա): Նարդունին՝ այլ հակասութիւն: Առանց խօսելու նոյնինքն Շահնուրի հարուստ երկւութիւններուն մասին։ Ուրեմն, կը մնայ կցել որոշ վերապահումներ: Բայց ինչ որ բնորոշ է՝ է՛ ու կը մնայ այն, որ 1930ի Սփիւռքը ընկալեց գլխաւորաբար պա՛րզը, դիւրինը, խուճապայինը այս արտադրության մէջ: Խուճապ նահանջի, կամ խուճապ պահպանումի։ «Նահանջը Առանց Երգի»ն Շահնուրի կարելի դրականութիւնը կը խեղդէ պոլսական որոշ քաղքենիութենէ մը բխող պարտւողականութեան եւ պաթոսի ծովերու մէջ։ Շուշանեանի միտինէթները, մայթային տռամները, նոյնիսկ «չափահաս որբ»ի այլապէ՛ս յարգելի իր տագնապը՝ կ՛աղօտեն երբեմն «Մենք»ի, «Դրօշակ»ի գաղափարախօս, ստեղծումի ձգտող Շուշանեանը։ Այդ տեսակի ուսումնասիրութեան մը համար ընկերաբանական ու հոգեբանական վերլուծական հսկայ նիւթ կուտակուած է «որբանոցային» շրջանէն եկող գրականյուշագրական էջերու մէջ, իսկ 1926–27էն սկսած՝ մեր ամբողջ մամուլին, կամ զուգահեռաբար լոյս տսել սկսող գրական երկերու մէջ ։ Այդ ծաւալուն, անհրաժեշտ աշխատանքը, որմով հաւանաբար լոյսին պիտի գային, քօղազերծուէին՝ ձուլումի եւ պահպանումի զոյգ միթոսները՝ առասպելները, առերեւոյթ հակադրուող բայց խորքին մէջ միայն լրացընո՛ղ զիրար, իրենց ծննդաբանութեամբը՝ ուր կը մտնեն 1915ը, անոր առընչուող հաւաքաբար ապրուած թրոմաթիզան վիճակները, անկէ բխող բարդութային համակարգերը – այդ աշխատանքը, ուրեմն, դուրս է իմ հետաքրքրութեան, նաեւ յաւակնութիւններու անմիջական ծիրէն: Ինչ որ կը հետաքրքրէ զիս՝ սկիզբի գոյութենական հարցադրումին գծով՝ տեսնելն էր, թէ Սփիւռքի երկրորդ-երրորդ սերունդները, «արեւելեան» գաղութներու մէջ մասնաւորաբար, ի՛նչ ստորոգութիւններու (catégories) ընդմէջէն կը տեսնեն ու կը ճանչնան իրենք զիրենք: Յղումը (réference) Փարիզի առաջին սերունդին հետաքրքրական է անով, որ «արեւելեան» գաղութներուն մէջ պահպանումի ու ձուլումի ստորոգութիւնները իրենց ճամբան կը շարունակեն զանազան ձեւերու տակ, իրենց քշած բերած բոլոր միսթիֆիքասիոններով: Գոյութենական օտարումով (aliénation):

Պիտի չուզէի հեռանալ անմիջական նիւթէս, երթալ վերեւի ընդհանրացումներուն : Եւ պիտի չուզեմ ահա շարունակել զանոնք: Հարկ է վերադառնալ մեր գաղութներու, մեր գաղութի ապրուած կեանքին, անոր մէջ փնտռելու համար ստորոգութիւնները, որոնցմով կը ճանչնանք մենք մեզ ու մեր հաւաքական կացութիւնը : Ստորոգութիւններ, որոնք նոյնը ըլլալու են կամ նոյնանման՝ Պուրճ Համուտէն Թեհրան, կամ Գահիրէէն Պոլիս, անդին՝ տեղական բոլոր տարբերութիւններէն։ 

Ապրա՞ծ էք դուք, ուրեմն, Լիբանանի, Իրանի, Թուրքիոյ մայրաքաղաքներուն մէջ կամ շուրջ, ձեր մանկութիւնը: Հայ մանուկի ձեր մանկութիւնը Միջին Արեւելքի Երկիրնրէն մէկուն տագնապահար, ինքզինք ու իր մշակոյթը փնտռող մթնոլորտին մէջ: Պէյրութն ու Պուրճ Համուտն են եղած իմ սերունդիս մանկութեան բեմանկարը։ Սերունդի մը, որ ո՛չ «դուրսէն» եկողներուն ողբերգութեանը ալիպին ունի ո՛չ ալ քէմփի թիթեղներու ու ցեխի սրտաճմլիկ ֆոլքլորին մէջ աչք բացածներուն երկրորդ աստիճանի արդարացումը։ Ճիշդ է, «մանկութիւն չունեցող»ներու սերունդի ֆիզիքական–հոգեկան ահաւոր բզկտումին, կամ անոր անմիջապէս յաջորդողներու վրանաքաղաքային թշուառութեան, իրական չքաւորութեան ու զրկանքին քով՝ ոմանց անտեղի նրբամոլութիւն կրնայ թուիլ խօսուիլը՝ երրորդ սերունդի մարդկային – մշակութային կամ զուտ հոգեբանական մակարդակին դրսեւորուող տագնապանքին մասին: Տակաւին մեր հետ է 1915ի սերունդը. եւ երբեմն մօտ կը թուի արուեստական խաղաղութեան այս ծովափներուն՝ 53 տարիներու ու քանի մը հարիւր քիլոմեթր աւազներու ետին կորսուած հեռաւոր այդ Տէր–Զօրը, արքեթիփալ իր տիրապետութեամբը՝ մեր հաւաքական ենթագիտակցութեան վրայ։ Ֆիզիքական բնաջնջումի եւ ֆիզիքական զրկանքի ամբողջ պատմութենէ մը ետք, ի հարկէ, պիտի ըսուի թէ համեմատաբար դիւրին է Սփիւռքի անհեթեթ բնակիչին՝ ապրիլ հակասական, օտարեալ (aliéné) գոյութիւն մը, բաժնուած՝ լեզուներու, մշակոյթներու եւ հայրենիքներու միջեւ։ Բայց տարբեր բան պիտի ըսէր որոշ ժողովրդաբանութիւն մը (ethnologie): Կորուսման եւ պահպանման բեւեռներուն միջեւ բաժնուած, բնախօսականի մօտեցող ահաւոր պարզութեամբ մը՝ կորուսման եւ պահպանման նոյն զոյգ միթոսները շալկած իր ենթագիտակից մտքի սարքին, 1950–55էն ասդին գիտակցութեան բացուած սերունդը նոյն խօլ փախուստն է որ կը շարունակէ – լեռնաշխարհէն անապատ եւ անապատէն տարաշխարհ, նոյն վազքը՝ ուր մահուան ու փրկութեան խելագար ճիչերը ներանձնացուած են միայն, եւ կ’ապրուին ծածուկ, մակերեսային պատշաճեցումի մը խաւին տակ։

1950ական թուականներու Պէյրութը, Պուրճ Համուտը: Իրենց արուարձանային ցեխերով ու համայնքային կազմակերպութԽամբ, իրենց ազգային վարժարանի պաթեթիք ուսուցիչներով ու արաբերէնի տգիտութեամբ, թաղականի– տնտեսի իրենց հարցերով եւ երկրի առօրեայէն առասպելական անտեղեակությամբ։ Իրենց աղաներով եւ հայրենի կեանքը տեսածի պէս ոգեկոչող «խոստմնալից երիտասարդ մտաւորական»ներով։

(շարունակելի)

Նախորդ բաժինը (Ա. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով:

Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով (Ա. մաս)

23 սեպտեմբերին, հրապարակեցինք Ռազմիկ Փանոսեանի՝ «Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին. մտաւորական հսկայ մը» խորագրեալ յօդուածը, ուր Փանոսեան յարգանքի տուրք կը մատուցէր Քիւրքճեանի հսկայական ներդրումին սփիւռքահայ նորարար մտքի զարգացման մէջ: Հեղինակը կ’ընդգծէր նաեւ անոր 1968-ին գրուած «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածին կարեւորութիւնը, որ կոչ մըն էր ուղղուած հայկական սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը՝ բացուելով աշխարհին, այլ ոչ թէ նահանջելով ու մեկուսանալով «կեթոյին» մէջ:

Այսօր, կը սկսինք մաս առ մաս հրատարակել Յարութիւն Քիւրքճեանի այդ անժամանցելի՝ «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը՝ քաղուածաբար «Ահեկան»էն (1968, թիւ 3-4), որուն ոչ-ընդօրինակելի PDF տարբերակը կը գտնուէր մեր տրամադրութեան տակ:

Հետագայ առաջին մասով, Քիւրքճեան կը սկսի լուսարձակի տակ առնել հայ ինքնութեան բարդութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ՝ մեկնելով «Գարուն» (1968) ամսագրին մէջ լոյս տեսած Վարգէս Պետրոսեանի գրութենէն, ուր այս վերջինը կ’անդրադառնայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերափոխութեան վերջին 40-50 տարիներուն՝ ընդգծելով հայ ժողովուրդի անցումը գիւղական կեանքէ քաղաքային կեանքի, եւ կը նշէ անոր գիտական ու ճարտարարուեստական յառաջդիմութիւնը եւ դերը որպէս ժամանակակից աշխարհին մէկ մասը: Պետրոսեան կը շեշտէ, որ հայկական խառնուածքը (ինքնութիւնը) կը զարգանայ ու կը ձեւաւորուի նոր գաղափարներով եւ ազդեցութիւններով եւ պէտք չէ սահմանափակուի անցեալի աւանդոյթներով: Հայրենի գրողները, ներառեալ՝ ինքը, կանգնած են այս բազմաշերտ ինքնութիւնը մեկնաբանելու մարտահրաւէրին առջեւ, որ աւելի կը բարդանայ, երբ կը փոխուի նաեւ աշխարհը:

Քիւրքճեան կը ձայնակցի Պետրոսեանին՝ բաղդատելով Սփիւռքի հայկական ինքնութեան մասին սերունդներու տարբեր ու երբեմն հակասական տեսակէտները: Ան կը պատմէ Փարիզի մէջ իր հայ ընկերոջը՝ Շարլիի հետ ունեցած զրոյցը, ուր անոնք կը քննարկեն սփիւռքի հայկական ինքնութեան իրենց օրերու վիճակը, մասնաւորաբար աւանդապաշտութեան եւ շրջապատին յարմարուելու (ձուլումի) ստեղծած երկուութիւնը: Ի տարբերութիւն նախկին սերունդին, որ շրջապատին բացուիլը կը համարէր օտարացում եւ կորուստ ու զայն կը տեսնէր որպէս ողբերգութիւն, Շարլին եւ անոր ժամանակակիցները իրենց իրավիճակը կը նկատեն շատ աւելի բարդ եւ շերտաւոր: Անոնք կը մերժեն աւանդապաշտութեան եւ ձուլման միջեւ չափազանց պարզեցուած բաժանումը՝ ընդունելով, որ իրենց ինքնութիւնը ազդուած է ժամանակակից կեանքէն: Երիտասարդ ֆրանսահայերու հետ իր զրոյցին մէջ, Քիւրքճեան կը նկատէ, որ շատերը իրենք զիրենք կտրուած կը զգան նախորդ սերունդի հոգերէն, մասնաւորաբար՝ անոնց յոռետեսութենէն, ինչ կը վերաբերի մշակոյթի պահպանումին:

Ըստ էութեան, թէ՛ Վարդգէս Պետրոսեան եւ թէ՛ Յարութիւն Քիւրքճեան կը քննարկեն հայկական ինքնութեան սահմանումի շարունակական գործընթացը տեւաբար փոխուող այս աշխարհին մէջ:

Վ. Թ.

Հատուածներ` Վ. Պետրոսեանի «Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» Էն 

«Մասնաւորապէս վերջին 40-50 տարում, երր հարիւրամեակներից յետոյ առաջին անգամ Հայ ժողովուրդը իր պետականութիւնն ունի, մենք ապրում ենք ազգային խառնուածքի վերանորոգման բարդ պրոցես: Այդ պրոցեսին նպաստում են բազմաթիւ երեւոյթներ՝ սոցիալական, տնտեսական վիթխարի փոոխութիւնները (…), այն, որ համատարած գիւ- ղերի երկրից Հայաստանը դառնում է քաղաքների տեխնիկական ինտելիգենցիայի, գիտութեան, ամենաժամանակակից արդիւնաբերութեան երկիր:

… Հայաստանը ժամանակակից աշխարհի բջիջներից է եւ նրանում էլ՝ տեղի են ունենում ժամանակակից կեանքի բոլոր պրոցեսները։ Այնտեղ ոչ միայն շարունակւում են աւանդները, այլեւ ծնւում են նոր աւանդներ, նոր պատկերացումներ, նոր կերպարներ (…) Մենք իրաւունք չունենք տյդ պրոցեսի հին, երբեմն մեռնող մասը համարելու մեր ազգային կեանքին յատուկ, իսկ նորը, գուցէ առայժմ դեռ անհասկանալին՝ մերժենք: (…)

Այսօրուան հայ ժողովրդի ազգային խորքը շատ աւելի լայն է, բարդ, բազմածալ, շատ աւելի համամարդկային: Ցաւն այն է, որ մեր գրողների շատ գործերում այդ բարդութիւնն էլ պարզեցւում է։

… իմ հաւասարքան մէջ, որի լուծումն իբր պատասխան պիտի տար, թէ ինչ է մեր օրերում ազգային կերպար հասկացողութիւնը, շատ են անյայտնել: Բայց ես, ինչպէս նաեւ իմ սերնդակից շատ հայ գրողներ, ամեն օր պարտաւոր ենք լուծել այդ հաւասարումը, երբ նստում ենք գրասեղանի առաջ։ Իսկ կեանքը շարունակւում է, հաւասարման մէջ (…) աւելանում են նոր անյայտներ, գնալով բարդանում է մեր օրերի հայ մարդու բնութագիրը, քանի որ նա ապրում է իրրեւ քսաներորդ դարի երկրորդ կէսի մարդ՝ իր մարդկային, ազգային եւ համամարդկային հոգսերով (…)»:

(«Գարուն» ամսագիր, թիւ 3, 1968)

ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒՄ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԱՆՅԱՅՏՆԵՐՈՎ

Վարդգէս Պետրոսեանին` 
Յարութիւն Քիւրքճեան

  • Անն տը Պրըթանեի արձանին տակ էր, Լիւքսամպուրկի մեծ աւազանէն ոչ հեռու, որ կարդացի Պետրոսեանի «Հաւասարում»ին վերջին տողերը: Շէնքերով փակուած հորիզոնին՝ Պանթէոնի գմբէթն էր, իսկ դիմացի դարպասէն կը գուշակուէր Պուլ–Միշի խճողուած երթեւեկը, Էտմոն Ռոսթան հրապարակին վրայ:

Դարձայ Շարլիին.

Պիտի տեսնես, mon vieux, որ խորքին մէջ որոշ նմանութիւն կայ. կարդամ քեզի սա հատուածը։

Շարլին փարիզահայ ընկեր մըն է, ֆաքիւլթէի տղոցմէ ։ Ուրեմն «mon vieux»ն տեղական գոյնի բաժինը չէ, ոչ ալ… նորարարական արտայայտութիւն: Մեր խօսակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ ֆրանսերէնով, գրեթէ ամբողջութեամբ։ Ֆրանսերէնով՝ որովհետեւ Լիւքսամպուրկի պարտէզն ենք, եւ ընկերս նոյն քաղաքի տուներէն մէկուն մէջ ծնած է, քսան եւ մի քանի տարի առաջ։ Ֆրանսերէնով՝ որովհետեւ ակադեմական ֆրանսերէնը, մեր միտքերը ձեւի կու գան այս պահուն, աւելի հեշտ կը թուի ոչ միայն ֆրանսախօս Շարլիին, այլեւ ինծի՛. այնքա՛ն յաճախ զլացուած է մեր լեզուին՝ արեւմտահայերէնին ակադեմական այդ գործածութիւնը, իր «պաշտպան»ներուն իսկ կողմէ. – չէ՞ որ պէտք է «պարզ», «դիւրամատչելի» ըլլալ, «բոլորին հասկնալի» հայերէն մը գործածել… —։ Բայց հիմնականը, բովանդակութի՛ւնը մեր խօսակցութեան, որ կը շարունակուի ահա ամիսներէ ի վեր՝ Սփիւռքահայու կարելիութեան հարցն է, անոր կացութեան (Condition) սահմանումը, անոր եզրերը (dimensions):

  • Չելլէք հիմա մտածելու, որ շահնուրեան ոճի ահազանգ մը պիտի հնչեցնեմ. «կը նահանջե՜ն…, կը նահանջե՜ն…», եւ այլն։ Բեմայարդարումը` Լիւքսամպուրկ, Էտմոն Ռոսթան հրապարակ, քաֆէները – հաւատացէ՛ք որ պատահական է։ Պատահականութեան արդիւնք է, որ այդ օրը Շարլին եւ ես որոշեցինք հոն հանդիպիլ, եւ ո՛չ ուսանողական քաղաքամասի ուրիշ մէկ անկիւնը ։ Սակայն ինչ որ պատահական չէ, ինծի կը թուի, մեր մօտեցումն էր, խօսակցութեան մեր շեշտը· բոլորովին ոչ-պատահական, եւ նշանակալից: Քառասուն տարի մը առաջ, փարիզեան նոյն բեմանկարի գրկին, Լիւքսամպուրկի նոյն ծառերու ստուերին, սերունդ մը ապրած էր գոյութենական այս կացութիւնը, փորձած էր մտածել զայն. բայց խեղդուած էր անկէ ժայթքող պաթոսին մէջ։ Եւ ամեն բան ահա եղեր էր ահաւոր կերպով պարզ: 

—  Կը նահանջեն աւանդութիւն, ընտանիք. կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն…
… Ձուլուեցէք, ձուլուեցէք, ձուլուեցէք… 

Պարզ, եւ ողբերգական՝ իր պարզութեամբը. կացութիւն մը, գոյութենական վիճակ մը, որ երկու եզր միայն ունի. Աւանդութիւնը, որ կը մեռնի… եւ Նահանջը, որ «իր անունը կոռնայ բոլոր քառուղիներէն»: 

Մինչ այսօր

… Մինչ այսօր, Անն տը Պրըթանեի արձանին տակ, չորս տասնամեակ ետք նահանջի օրհասական ճիչէն, փարիզահայ Շարլին, լիբանահայ ուսանող իր ընկերոջ հետ, գոյութենական նոյն վիճակին առջեւ, կը մտածէ։ Կը մտածէ, եւ կը մերժէ։ Կը մերժէ պաթոսը. կը մերժէ իր նախորդներուն անել պարզութիւնը: Կը մերժէ միամիտ հակադրումը աւանդապաշտութեան ու ձուլումի. 

–  Շատ աւելի բարդ է մեր կացութիւնը. չե՞ս կարծեր։ Որոշ չափով ալ նոյնը չէ՞ ձեր քով, Արեւելքի մէջ։ Աւանդութիւն եւ ձուլում, d’accord. բայց չէ՞ որ պարզ տուեալներ են այդ երկուքը. չէ՞ որ չապրուիր պարզ տուեալներով . . . 

 Յետոյ, ահա այս հանդիպումը՝ Վարդգէս Պետրոսեանի հետ: Ահա սերունդ մը, որ, շատ յստակօրէն՝ հնգամեակէ մը ի վեր, մօտիկ բայց այնքա՜ն հեռաւոր Երեւան մայրաքաղաքի պողոտաներուն վրայ, անոր օրէ օր արագացող, մեքենայացող կշռոյթին ընկալուչ, կը մտածէ իր կարգին իր գոյութենական կացութիւնը, անոր մէկ նոր սահմանումը ։

Պիտի տեսնես, mon vieux, որ բաւական նմանութիւն կայ: 

Եւ փարիզահայ Շարլին, չորս տասնամեակ ետք Փիեռ– Պետրոսի «ֆրանսերէն Հայր-Մեր»էն, կը հետեւի Երեւանցի Վարդգէսի նախադասութիւններուն, անոնցմէ ծաւալող Երիտասարդ, պայծառատես բանականութեան եւ ուժին. «… Իսկ եթէ (…) քննենք այսօրուան Հայաստանի 30000 քառակուսի կիլոմետրը, պատկերը կը դառնայ աւելի լրիւ եւ աւելի խայտաբղէտ, բարդ եւ ծայրայեղութիւններով հարուստ։ Կենցաղի, սովորութիւնների, զարգացման մակարդակի, մարդկային խառնուածքների, հնի եւ նորի, հակասութիւնների այս կոկտէյլն է, որ այսօր կոչւում է հայ եւ Հայաստան: (…) Մենք ապրում ենք նաեւ ազգային խառնուածքի վերանորոգման բարդ պրոցես։ Այս պրոցեսին նպաստում են բազմաթիւ երեւոյթներ՝ սոցիալական, տնտեսական վիթխարի փոփոխութիւնները, մեր հիւանդագին ու անհանդիստ դարաշրջանը…»

Վերջաւորութեան՝

— Անշուշտ. հսկայ տարբերութիւններ կան, բայց խորքին մէջ··· խորքին մէջ նոյն տեսակի հարցեր իրենց ալ կը դրուին: Իրաւունք ունի՛ս… 

  • Այսպէս, քառուղի մըն է Լիւքսամպուրկի պարտէզը: Փարիզեան առօրեայի այս ցուցահանդէսէն կը մեկնին զանազան ուղղութիւններ։ Եւ այդ ուղղութիւնները նոյնիմաստ են փարիզահայ ընկերոջս եւ իմ՝ պէյրութահայ ուսանողի ակնարկներուն տակ։ Փարիզեան առօրեայ: Պահակը որ կու գայ իր մետաղեայ աթոռներուն վարձքը պահանջելու։ Պրըթոն գինով բանուորներ, որոնք կ՛անցնին, եւ ոչ-գրական բառերով կ՛ողջունեն Անն դքսուհիին արձանը: Պառաւները եւ իրենց շուները։ Թափթփած կամ վայելուչ աղջիկներ, որոնց կարճ փէշերը աւելի կը կարճնան զիստերուն վրայ, մինչ երկարած սրունքները կը հանգչին մեծ աւազանի եզերքին: Բայց իգական իրենց ընթացիկ ներկայութենէն անդին, անոնք չունին մեզի համար՝ սեռային այն ծանր ճակատագրականութիւնը, որ 1930ական թուականներու վէպերուն կու տայ իրենց յուզումնահեղձ, եւ վերջին հաշուով քիչ մը միամիտ նկարագիրը : Ֆրանսացին, փարիզցին, առհասարակ զուրկ են մեր աչքին այդ ճակատագրականութենէն, խորհուրդէն։ Առանց մտերիմ ըլլալու, ընտանի են անոնք մեզի. մեր հետ կը բաժնեն նոյն առօրյան, մարդկային նոյն ընթացիկ մտահոգութիւնները։ Որոշ չափով՝ մշակութային նոյն ներկան: Իսկ Շարլիի պարագային՝ քաղաքացիական նոյն կեցուածքը ։ Առօրեան մեզ բնականօրէն կը մօտեցնէ ֆրանսացիին, կ՛ընտելացնէ անոր՝ առանց նոյնացնելու։

Եւ հասարակաց այս առօրեայէն անդին, Լիւքսամպուրկի պարտէզ–քառուղիէն անդին՝ իրմէ մեկնող ուղղութիւններ։ Անոնցմէ առաջինը, ըսի արդէն, 1930ական թուականներու քաֆէներէն կ՛անցնի. տագնապահար սերունդէ մը մեզի գէշ կտակուած սա հայութենէն։ – Ճի՛շդ է, լուծուելիք հարց մը կայ հոս. երկւութիւն մը՝ որմէ մեկնելով պէտք է համադրել. բայց այդ մարդիկը չե՛մ հասկնար . . . 

Եւ միայն Շարլին չէ՛ որ չի հասկնար: Քսանեակ մը աղջիկներ ու տղաք, բոլո՛րը ֆրանսահայ, բոլորը քսանհինգէն վար՝ խմբուած էինք առիթով մը, քանի մը ամիս առաջ: Պիտի խօսէինք հայկական ժամանակակից գրականության մասին ։ Ծանօթ չէին 1930ի փարիզահայ դպրոցին ։ Ներկայացուցի Շահնուրը, Սարաֆեանը, Շուշանեանը, Որբունին, միւսները։ Կեցայ առաջին երկուքին վրայ, սպասելով իրենց հակազդեցութեան՝ մասնաւորաբար Շահնուրէն։ Թարգմանեցի ծանօթ հատուածը. «… որովհետեւ ան՝ որ պիտի գայ մեզմէ ետք, պիտի ըլլայ օտար…»: Յետպատերազմեան այս աղջիկներն ու տղաքը, սակայն, անթափանց մնացին Շահնուրի ճնշող, ջախջախող պաթոսին. 

— Չեմ հասկնար, ըսաւ Ալէնը. Եւ իր ֆրանսերէնը՝ ֆրանսերէն ըլլալէ առաջ՝ յստակատես բանականութեան լեզուն էր, լուացուած բոլոր մակաբոյծ յուզականութիւններէն ։ Il est d’un fatalisme! չե՛մ հասկնար ։ 

Տղաքը բռնուած էին: Ո՛չ իրենց յուզականութենէն. իրենց միտքէն միայն, հասկնալու հետաքրքրութենէն. գիտէի՛ն որ հարցը իրենց կը վերաբերէր. որ խուճապահար սերունդ մը, քիչ մը շատ փութկոտ, թաղած էր իրենց հայեցիութիւնը իրենց ծնունդէն իսկ առաջ: Ընդվզեցուցիչ էր. բայց տղաքը կը փորձէին հասկնալ: 

– Ի՞նչ է հայութիւնը այս մարդուն համար, հարցուց Անին ։ Ինչո՞ւ հայութիւնը անցեալին կը կապէ, արձագանգեց Ժէռարը. այդ հաշուով կարելի չէ այսօր հայ ըլլալ: 

– Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, այս défaitiste վէպերը գրելու տեղ դպրոց մը բանային եւ պզտիկներուն հայերէն սորվեցնէին, Ժանն էր, միշտ գործնական: 

— Անհրաժե՞շտ է լեզուն լաւ գիտնալ՝ լաւ հայ ըլլալու համար: Ես quand même կը կարծեմ որ լաւ հայ եմ, — Սիլվին էր։ 

– Մենք լաւ հայեր չենք, Սիլվի, հայկական դաստիարակութիւն չենք ստացած, վճռեց մաքրակրօն Ժան-Ժաքը։ 

(շարունակելի)

Լորտ Պայրըն եւ հայերը

«Ես հայերու լեզուն  սորվեցայ՝ հասկնալու համար, թէ  ինչպէ՛ս եւ  ո՛ր լեզուով Աստուածները[1] խօսած են, վասնզի հայոց լեզուն Աստուածներու լեզուն է, եւ Հայաստան Աստուածներու հայրենիքն է, եւ Աստուածները կը սերին Արարատեան հովիտէն: Աշխարհի վրայ չկայ ուրիշ ոչ մէկ երկիր, որ այնքան լեցուն ըլլայ հրաշալիքներով, որքան Հայոց  հողը» (Լորտ Պայրըն):

*    *   *

            Լորտ պայրըն, 1816-ին՝ 28 տարեկան հասակին, սիրային ու սեռային անհամար գայթակղութիւններ իր ետին ձգած եւ  ամբողջ Անգլիոյ չարախօսութեան ու բամբասանքին առարկայ դարձած, կը յայտարարէր. «Եթէ այս բոլորը իրականութիւն են, ապա ես Անգլիոյ արժանի չեմ, իսկ եթէ սուտ են, ապա Անգլիան ինծի արժանի չէ»,— եւ ընդմիշտ կը հեռանար իր ծննդավայրէն:

            Այնուհետեւ անոր առաջին հանգրուանը կ’ըլլար Վենետիկը:

            Անոր՝ միշտ նորը փնտռող եւ անծանօթին ձգտող քայլերը  օր մըն ալ  պատահմամբ զինք կը տանէին Մխիթարեաններու կղզին՝ Սուրբ Ղազար, ուր ոտք կը դնէ 2 դեկտեմբեր 1816-ին. այստեղ ալ կ’որոշէ հայերէն սորվիլ:

            Սուրբ Ղազար կղզիի մենաստանի միաբաններու օգնութեամբ բանաստեղծը աշխուժօրէն կը ծանօթանայ   հայ-կական ձեռագրերուն եւ այնուհետեւ մեծ հիացումով  կը խօսէր  հայ մշակոյթի մասին: Այնտեղ հայր Յարութիւն Աւգերեան[2] իրեն հայերէն կը սորվեցնէ՝  գրաբար եւ աշխարհաբար,  եւ անոնք միասնաբար կը շարադրեն  «Հայերէն ու անգլերէն լեզուներու  միացեալ քերականութիւն»-ը:

            Աւելի ուշ Պայրըն իր լեզուական պարապմունքներն ու գրութիւնները մէկտեղեց «Լորտ Պայրընի հայերէն հրահանգներն ու ոտանաւորները» անուն հատորին մէջ:

            Ահա թէ ի՛նչ կը գրէր բանաստեղծը  հայերու եւ Հայաստանի մասին.

            «1816-ին հասնելով Վենետիկ, ես,— ինչպէս որեւէ այլ այցելու,— խորապէս ազդուած էի Սուրբ Ղազարի հայ միաբանութենէն, որ կը թուի համատեղել  վանական հաստա- տութեան մը բոլոր  առաւելութիւնները՝ առանց կրելու անոր ախտերէն ոչ մէկը. ասպնջականութիւն, խոնարհութիւն, մաքրութիւն, անկեղծ ջերմեռանդութիւն: Ուխտի միաբաններու տաղանդն ու առաքինութիւնը կարող են համոզելու աշխարհիկ այցելուն, թէ գոյութիւն ունի ուրիշ՝ աւելի գեղեցիկ աշխարհ մը նոյնիսկ երկրային կեանքին մէջ»:           

            «Այս մարդիկ հոգեւոր զաւակներն  են ստրկացած, սակայն ազնուական ազգի մը, որ   դատապարտուած է հալածանքի ու գաղթի, ինչպէս հրեաներն ու յոյները՝ առանց կրելու այս երկուքէն առաջինին դառնութիւնն ու երկրորդին ստրկամտութիւնը: Այս ազգը տիրացած է հարստութեան  առանց վաշխառութեան, եւ այն բոլոր պատիւներուն, որոնք կրնան շնորհուիլ  անոր, որ գերութեան մէջ  է, սակայն չի դաւադրեր»: 

            «Դժուար պիտի ըլլար, թերեւս,  գտնել պատմութիւնը այնպիսի ժողովուրդներու, որոնք նուազ արատաւոր ըլլային իրենց ոճիրներով, որքան  պատմութիւնը հայ ազգին, որ առաքինի էր խաղաղութեան մէջ, եւ որուն յանցանքները  հետեւանք էին հալածանքի: Ինչ ալ եղած ըլլայ հայոց ճակատագիրը,—որ տխուր է,— ինչ ալ տնօրինէ ապագան իրենց համար, անոնց երկիրը պիտի մնայ աշխարհի ամենահետաքրքրականներէն մէկը»:

            «Եթէ ճիշդ մեկնաբանենք Աստուածաշունչը, ապա դրախտը տեղադրուած էր Հայաստանի մէջ, որուն համար  ան այնքան սուղ վճարեց, որքան վճարեցին Ադամի սերունդները ընդհանրապէս, երբ անոնք զրկուեցան այդ դրախտէն, որու փոշիներէն  ծնունդ առաւ իրենց նախահայրը:

             «Հայաստանի մէջ էր որ ջուրը սկսաւ նուազիլ ջրհեղեղեէն ետք եւ անկէ է որ խաղաղութեան աղաւնին բաց թողնուեցաւ  Նոյեան տապանէն»:

            «Բայց դրախտի կորուստին հետեւեցաւ անոր դժբախտութիւնը, որովհետեւ, թէկուզ երկար ժամանակ հզօր թագաւորութիւն մը ըլլար, այսուհանդերձ հազուա-դէպ անկախացաւ ան. պարսիկ կառավարիչները եւ թուրք փաշաները   հաւասա-րապէս օժանդակեցին կորուստին այն վայրին, ուր Աստուած ստեղծեց մարդը “ի պատկերի եւ ի նմանութեան իւրում”»:                                       

Պայրընի  մուտքը  Սուրբ  Ղազար
Գործ՝ Յովհաննէս Այվազովսկիի
Ի յիշատակ  անգլիացի բանաստեղծ Պայրընի՝ Հայ ժողովուրդի բարեկամին.Մեռած՝ Յունաստանի ազատագրութեան համար:

 

 

 

[email protected]                

Արմենակ Եղիայեան

[1] Բնագրին մէջ գլխագրուած է:

[2] Չշփոթել «Նոր հայկազեան բառաարան»-ի հեղինակին՝ Մկրտիչ Աւգերեանի հետ:

Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին. մտաւորական հսկայ մը

Ստորեւ, թարգմանաբար կու տանք Ռազմիկ Փանոսեանի` «Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին. մտաւորական հսկայ մը» խորագրեալ յօդուածը, որ վերջերս լոյս տեսաւ անգլիատառ հայ մամուլին մէջ, ուղղուած՝ անգլիախօս սփիւռքին: Փանոսեան յարգանքի տուրք կը մատուցէ Յարութիւն Քիւրքճեանի հսկայական ներդրումին սփիւռքահայ նորարար մտքի զարգացման մէջ: Ինչպէս կ’ընդգծէ հեղինակը, Քիւրքճեանի աշխատանքը, մասնաւորաբար անոր 1968-ին գրուած «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, կոչ մըն էր ուղղուած հայկական սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը՝ բացուելով աշխարհին, այլ ոչ թէ նահանջելով ու մեկուսանալով «կեթոյին» մէջ:

Այս ամառ հայկական սփիւռքը կորսնցուց իր մեծագոյն մտաւորականներէն մէկը: 8 Օգոստոսին, Աթէնքի մէջ, 81 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ Յարութիւն Քիւրքճեանը:Թէեւ անոր անունը կրնայ լայնօրէն ճանչցուած չըլլալ Միացեալ Նահանգներու եւ անգլիախօս այլ երկիրներու մէջ, (ան երբեք չէ ձգտած անգլերէն գրելու), Քիւրքճեան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է սփիւռքեան մտածողութեան վրայ: Այսօր, կայացած սփիւռքը ինքզինք այդպիսին կը նկատէ մասամբ անոր աշխատանքին շնորհիւ, յատկապէս 1960-1970-ական թուականներուն: Իրեն սերնդակից քանի մը այլ երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու հետ, Քիւրքճեան լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքի ինքնութիւնը ձեւաւորող հիմնական որոշ հարցեր, որոնք այժմէկան կը մնան նաեւ այսօր:

68-ի (1968) այս հայ սերունդը կոչ ուղղեց վերիմաստաւորելու մեր ինքնութիւնը՝ որպէս սփիւռքահայեր, նաեւ՝ ինչպէ՞ս առնչուելու աշխարհին, մեր անցեալին, ներկային ու ապագային, եւ հայրենիքի գաղափարին: Այս սերունդին մաս կը կազմէին Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան, Վեհանոյշ Թեքեան, Խաչիկ Թէօլէօլեան, Ժիրայր Լիպարիտեան եւ ուրիշներ, որոնք հետագային իրենց ասպարէզը շարունակեցին այլ մարզերու մէջ: Քիւրքճեան աւելի մնաց «տան» մօտ՝ ծառայելով Լիբանանի եւ Յունաստանի համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ դպրոցներուն մէջ:

Յարութիւն Քիւրքճեանի 1968-ի առանցքային անդրադարձ-յօդուածը՝ «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» առաջին անգամ հրատարակուած «Ահեկան»ի մէջ (1968, թիւ 3-4, Պէյրութ), կատարեալ գլուխգործոց մըն է: Այն կոչ կ’ուղղէ վերագնահատելու մեր յարաբերութիւնները օտարին հետ: Մենք պէտք է խուսափինք «կեթթոյի» ընձեռած հանգստաւէտութենէն, կը պնդէ Քիւրքճեան, եւ բացուինք աշխարհին. մենք պէտք է վերարժեւորենք եւ վերաձեւակերպենք սփիւռքեան մեր ինքնութիւնը համաշխարհային շրջագիծի մը մէջ, այլ ոչ թէ ներս նայինք ու նահանջենք դէպի մեր սովորական հանգստաւէտ սահմանները: Այս մէկը իսկապէս ըմբոստ կեցուածք մըն էր 1960-ականներու ոգիով: Պահպանողական միջավայրի մը մէջ, Քիւրքճեան կը պնդէր, որ աշխարհին բացուիլը էական է հայկական ինքնութեան արդիականացման համար եւ կարեւոր` երիտասարդութիւնը ներգրաւուած պահելու սփիւռքեան պայմաններուն մէջ:

Դժբախտաբար, Քիւրքճեանի յեղափոխական մօտեցումը (ինք երբեք չէ օգտագործած «յեղափոխական» բառը) մնաց անարձագանգ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ 68-ի սերունդին ցրւումը պատճառ դարձան նորարարութեան եւ վերաձեւակերպման ճիգերու կասեցումին: Պէտք էր «կեթթոն» ֆիզիքապէս եւ մտաւորապէս պաշտպանուէր: Պահպանողականութիւնը իր տիրական թաթը տարածեց սփիւռքեան մտքին ու գործելակերպին վրայ: 1988-ի Ղարաբաղեան շարժումին պատճառով Սփիւռքը դադրեցուց վերիմաստաւորելու կամ իր ինքնութեան մասին ինքնուրոյն մտածելու ջանքերը, որովհետեւ բոլոր հայեացքները ուղղուած էին դէպի Երեւան ու Ստեփանակերտ: Սփիւռքը դադրեցաւ պատկերացնելէ իր ապագան, կամ առնուազն իր երեւակայութիւնը տեղադրեց Երեւան: Ինքը՝ Քիւրքճեանը, կը գիտակցէր, որ սփիւռքի յառաջադէմ փոփոխութիւններու կարելիութիւնները ցամքած են եւ առ այդ՝ նահանջեց համայնքի մտաւորական սահմաններէն ներս:

Այսուհանդերձ, այլախոհ որոշ ձայներ տոկացին, թէեւ անոնք յաճախ կը մնային անծանօթ ու չհրապարակուած (բացի Փարիզի «Յառաջ» թերթի էջերէն): 1988-էն երկու տասնամեակ ետք, Քիւրքճեան հրապարակեց իր 1968-ի յօդուածին շարունակութիւնը՝ «Զորս Տասնամեակ Ետք» խորագրով: 2008-ին, ան հարց կու տար, թէ ի՞նչ իրագործեցինք մենք (68-ի սերունդը) վերջին 40 տարին՝ փոխելով սփիւռքի հասկացողութիւնը՝ զայն աւելի բաց եւ համաշխարհային ուղղութիւններու համապատասխան դարձնելու համար: Ան հարցումը կը թողուր անպատասխան, բայց յստակօրէն կոչ կ’ուղղէր վերադառնալու աշխարհին հետ սփիւռքի յարաբերութիւնները սահմանելու հիմնական հարցին՝ ընդգծելով անոր հետ շփուելու անհրաժեշտութիւնը, անկէ մեկուսանալու փոխարէն:

Այս տարուայ յուլիսին, մենք՝ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան մէջ կազմակերպեցինք եռօրեայ հանդիպում մը՝ մասամբ պատուելու 68-ի սերունդը, մասամբ երկխօսակցութիւն խթանելու տարբեր սերունդներու մէջ ու միջեւ, եւ մասամբ վերակենսաւորելու սփիւռքահայ մտածողութեան աւանդոյթը, այլ խօսքով՝ սփիւռքի ներկայ կացութեան ու ապագային մասին մտածելու սովորութիւնը: Մեր այս նախաձեռնութիւնը որոշ չափով ներշնչուած էր Քիւրքճեանէն: Հանդիպումին վերնագիրը՝ «Հաւասարում Նորոգ», յառաջ բերած էինք անոր 1968-ի յօդուածի վերնագրի բառերուն հետ խաղալով: Առաջին հրաւէր նամակը ուղարկեցի Յարութիւն Քիւրքճեանին: Շատ ուրախացանք, որ ան ընդունեց հրաւէրը: Ճիշդ էր զինք հոն ունենալ թէ՛ յարգանքի տուրք մատուցելու իրեն, եւ թէ՛ ներշնչուելու իրմէ: Քիւրքճեան անդրադարձաւ, թէ որքա՛ն մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր յօդուածը հրապարակումէն 55 տարի ետք, եւ որքա՛ն այժմէական կը մնայ ան: Կարծես դեռ անցեալ շաբաթ գրուած է:

Քիւրքճեան համեստութիւն կը բուրէր, հաճելի ընկերակից էր եւ առատաձեռն անձնաւորութիւն: Որպէս ուսուցիչ ոգեշնչեց ուսանողական բազմաթիւ սերունդներ, խթանեց մեր մտածողութիւնը եւ ծիծաղաշարժ իր պատմութիւններով խանդավառեց մեզ: Լիզպոնի մէջ, մենք խօսեցինք ապագայ ծրագիրներու մասին: Երեք շաբաթ ետք, Covid-ը խլեց անոր կեանքը՝ մեծ պարապ մը ձգելով մեր հոգիներուն ու մտքերուն մէջ: Անոր աւանդը հսկայական է հայախօս աշխարհին մէջ՝ իր բազմաթիւ գրութիւններով, լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերով, հայերէնէ-ֆրանսերէն բառարաններով եւ իբրեւ ուսուցիչ: Լիբանանի եւ Յունաստանի մէջ, հազարաւոր աշակերտներ իրենց մտաւոր զարգացումը կը պարտին իրեն: Անոր նորարարական դասագիրքերուն ծանօթ են հայ լեզուի ուսուցիչները:

Քիւրքճեան մասնագէտ խմբագիր էր: Դաշնակցական մտաւորական շրջանակները լաւ գիտեն, որ 1980–ական թուականներուն կէսերուն, ան կը հրաւիրուի Աթէնք՝ մաս կազմելու «Դրօշակ»ի (կուսակցութեան պաշտօնաթերթ) խմբագրութեան, կուսակցութեան պատմութեան մասին հրապարակումներու զուգահեռ: Շուրջ չորս տարի առաջ, ան ինքզինքնին տուաւ Յակոբ Օշականի հրատարակուած ստեղծագործութիւններուն խմբագրական եւ տպագրական սխալները շտկելու պարտականութիւնը: Երբ ես հարց տուի իրեն, թէ ինչո՞ւ կ’ուզէր ձեռնարկել նման յոգնեցուցիչ աշխատանքի մը, որ իր ժամանակէն պիտի խլէր շուրջ մէկ տարի, ան պարզապէս պատասխանեց իրեն բնորոշ հեզութեամբ. «ես պարտական եմ իրեն, այդ իմ մտաւոր պարտքս է 20-րդ դարու հայ մեծագոյն վիպասանին»: Եւ ան այդ գործը կատարեց ամենայն բծախնդրութեամբ:

Յարութիւն Քիւրքճեանի վերջին խօսքը, որ հնչեց մեր յուլիսեան հաւաքին, անոր կոչն էր «ինքնութեան մնայուն վերանայումի»: 68-ի ըմբոստութեան ոգին տակաւին կը մնար բոցավառ իր հոգւոյն մէջ. մենք չենք կրնար մեր ինքնութիւնը առնել որպէս անշարժ կամ անփոփոխ արժէք. մենք պէտք է անընդհատ թարմացնենք զայն՝ համահունչ համաշխարհային ներկայ պայմաններուն: Իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է կատարէ այդ մէկը նկատի առնելով թէ՛ անցեալը, եւ թէ՛ ապագան՝ միաժամանակ կեդրոնանալով ոչ միայն իր՝ ներքին, այլեւ զինք շրջապատող աշխարհին վրայ: Քիւրքճեան սիրեց մեր մշակոյթը, լեզուն ու հաւաքականութիւնը, սակայն ան միաժամանակ բաց էր աշխարհին, նորին ու անծանօթին: Ան այսպէս էր, որովհետեւ յաջողած էր Ճեմարանական իր կրթութիւնը համադրել Սորպոնի մէջ ստացած փիլիսոփայութեան բարձրագոյն ուսման հետ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Յարութիւն: Մենք պիտի շարունակենք առաջնորդուիլ իմաստութեամբդ եւ ներշնչուիլ բարութենէդ:

Ռազմիկ Փանոսեան
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն, Լիզպոն, Փորթուկալ

Թարգմանեց՝ Վ. Թէնպէլեան

Կրթական մարտահրաւէրներ. կեղծ իրականութիւնը եւ անոր հետեւանքները

Շուրջ 20 օրէ ի վեր, Հայաստանի մէջ մեկնարկած է ուսումնական տարին, եւ արդէն իսկ ամբողջ փունջ մը խնդիրներ ի յայտ եկած են՝ հին ու նոր: Անցեալ գրութեամբ, քիչ թէ շատ ընդհանուր առումով շօշափած էինք կրթական տագնապը՝ մասնաւորաբար համալսարաններու մէջ (բուհեր), այսօր կ’ուզենք ուշադրութիւնը կեդոնացնել դպրոցներու մէջ դրսեւորուող քանի մը հարցերու վրայ:

Առաջին կարեւոր խնդիրը, զոր արդէն իսկ կ’արծարծեն բազմաթիւ ուսուցիչներ՝ դասաւանդման գործընթացի բարդացումն ու դիւանակալացումն է (bureaucratization): Կրթութեան գերատսեչութեան կողմէ կազմուած բազմաթիւ թեմաթիք աշխատանքներ եւ անոնց մասին ուսուցիչներուն պարտադրուող զեկուցումները բաւական մեծ ժամանակ կը խլեն. ուսուցիչները աւելի զբաղած են թուղթեր լեցնելով, քան թէ դաս սովորեցնելով: Հետեւա՞նքը: Թուղթերով ամէն ինչ լաւ կ’երեւի, իսկ իրականութեան մէջ՝ ոչ: Խորքին մէջ, թուղթեր լեցնող ուսուցիչը, որ աւելի վարչական աշխատանքով զբաղած է, քան դաս սովորեցնելով, մեծ ցանկութիւն ունենալով հանդերձ, չի կարողանար առաւելապէս դասի վրայ կեդրոնանալ, որովհետեւ բաւարար ժամանակ չունի․ հարկաւոր է տարատեսակ թուղթեր լեցնել: Կարեւորը թուղթերով ամէն ինչ բնական կը թուի: Եւ ինչպէս միշտ՝ ձեւը կուլ կու տայ բովանդակութիւնը: Տեղին է նշել վրացի բանաստեղծ Պուլատ Օգուջաւայի (մօր կողմէ հայ) հետագայ տողերը՝

«Անկման շրջանի Հռոմէական կայսրութիւնում
Կեանքն ընթանում էր իր հունով,
Կայսրը տեղում էր, զինակիցները՝ կողքը,
Կեանքը հրաշալի էր ըստ զեկուցումների»: 

Յաջորդ մեծ խնդիրը, որ առկայ է Հայաստանի կրթական կեանքին մէջ, կրկնուսոյցներու (tutor, անձնական ուսուցիչ) հիմնարկն է: Այս մէկը նոր երեւոյթ չէ: Գոյութիւն ունեցած է նաեւ Խորհրդային Միութեան շրջանին, բայց անկախութենէն ետք, ան (կրկնուսոյցը) դարձաւ բազմաթիւ ուսուցիչներու ապրելու ձեւը՝ նկատի առնելով, որ պետական աշխատավարձը (նաեւ այժմ) շատ ցած էր: Մէկ կողմ ձգելով այն հարցը, թէ որքանո՞վ ճիշդ է կրկնուսոյց պահելը, երբ դպրոց կայ, ուր ըստ էութեան երեխան պիտի սորվի, պէտք է նշել, որ բազմաթիւ երեխաներ պարզապէս ի վիճակի չեն առանց կրկնուսոյցներու սորվելու: Տարիներ առաջ, կրկնուսոյցները նոյնինք իրենք՝ ուսուցիչներն էին, որ յաճախ կը դառնար կաշառքի ձեւ մը, եւ այն երեխան, որ դպրոցէն ետք կ’երթար նոյն առարկան նոյն ուսուցիչին մօտ սորվելու, կ’արժանանար ուսուցիչին բարեհաճութեան: Այդ մէկը ոչ միայն կը խթանէր ընկերային ահնաւասարութեան դրսեւորումը, այլեւ կը խաթարէր ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը՝ զայն վերածելով տեսակ մը առեւտրական յարաբերութեան: Բնականաբար կ’առաջանար այլ ծնողներու եւ աշակերտներու դժգոհութիւնը՝ համարելով, որ այդ ուսուցիչը աւելի լաւ աչքով կը նայի իր մօտ առանձին դաս առնող աշակերտին, քան միւսներուն: Հասկնալի է, որ այս երեւոյթը ուղղակիօրէն կը հարուածէր կրթութեան որակը: Միւս կողմէ, դպրոցէն դուրս՝ կրկնուսոյցի մօտ դասի հետեւիլը կը նկատուէր  ընկերային բարձր կարգավիճակ եւ «խելացութեան» աստիճան: Գրեթէ նոյն ձեւով, ինչպէս արեւմտեան հասարակութիւններու մէջ հոգեբանի մօտ երթալը անհրաժեշտութենէն վերածուեցաւ «մոտայի»:

Այժմ կրկնուսոյցները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը անհատական կամ գրանցուած ուսումնական կեդրոններու տեսքով: Բազմաթիւ կրկնուսոյցներ բաւական մեծ աշխատանք կը կատարեն եւ անոնք եւս ունին դպրոցի մասին իրենց կարծիքը: Իսկ տարածուած կարծիքը այն է, որ դպրոցներու մէջ լաւ չեն սորվեցներ, նախակրթարանի աշակերտներուն մէկ մասը անհրաժեշտ չափով գրել ու կարդալ չի գիտեր, բարձր դասարանի աշակերտները կը դժուարանան յատկապէս պատմողական առարկաներու պարագային: Անոնց համար դժուար է ճշգրիտ եւ երկար նախադասութիւններ կազմել, դժուար է գեղարուեստական բարդ նախադասութիւններ կարդալ: Հիմնական պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ ներկայիս շատ քիչ գիրք կը կարդան: Իսկ երբ քիչ կը կարդան, ապա, բնականաբար չեն կրնար նաեւ հարուստ միտք ունենալ, չեն կրնար հեզասահ կարդալ ու պատկերաւոր միտք արտայայտել: Միւս կողմէ ալ աշակերտներու ճնշող մեծամասնութիւնը ամբողջ օրը համացանցով կը զբաղի, ուր կը գերակշռեն օտար բառերն ու հայերէնի օտարաշունչ արտասանութիւնները: Համացանցին մէջ բոլորը ճիգ կը թափեն կարճ գրելու, խուսափելու երկար ու բարդ բառերէն: Սունկի պէս աճող շուկայ եւ վաճառք զարգացնողներու (marketers) եւ անոնց մաս կազմող ընկերային ցանցերու պաշտօնակիցները (SMM) կը խրախուսեն կարճ նախադասութիւններն ու բառակապակցութիւնները, որոնք յարմար կը նկատուին առեւտուրի համար: Բայց չէ՞ որ երեխաներու կրթութիւնը պէտք չէ նոյն ձեւով կատարուի: Տակաւին, կարճ տեսահոլովակները 1 վայրկեանի սահմանը չեն անցնիր: Հոն կը խօսին արագ ու կարճ՝ յաճախ օտար բառերով: Իսկ այդ մէկը կ’ազդէ խօսելու եւ յիշելու կարողութեան վրայ: Անընդմէջ աղաւաղուած համացանցային կիսաանգլերէն, կիսառուսերէն խօսքով ապրող աշակերտներուն համար դժոխային կը դառնայ քանի մը պարզ եզրոյթներու գոց սորվիլը, Րաֆֆի կարդալը:

Խօսիլն անգամ աւելորդ է արեւմտահայերէնի մասին. անոնց համար գրեթէ օտար լեզու է, որմէ ոչինչ կը հասկնան: Այս բոլորը կը յանգեցնեն մէկ վայրկեաննոց յիշողութեան՝ պարզունակ բառապաշարով: Երեխաներու յիշողութիւնը կը փոքրանայ, իսկ դասերու ծաւալը կը մնայ մեծ: Հասկնալի է, որ մէկ էջ պատմութիւն կարդալ-պատմելը արդէն բաւական բարդ է: Աշակերտները կը դժուարանան բնականօրէն ճիշդ խօսելու, կարդալու, արտայայտուելու: Իսկ ի՞նչ մակարդակ կ’ունենան աշակերտները այդ պարագային: Խիստ ցած: Նոյնն է պարագան նաեւ ուսողութեան եւ վերլուծական առարկաներու: Ուսուցիչն ու կրկնուսոյցները հաւանաբար իրաւամբ կը փորձեն իրենց կարելին ընել, բայց պէտք է նշել, որ քիչ չեն նաեւ ոչ-մասնագէտները թէ՛ որպէս ուսուցիչ, թէ՛ որպէս կրկնուսոյց: Ի վերջոյ, նման եղանակով դպրոց «աւարտելէ» ետք, աշակերտը վերջին մէկ երկու տարին լրացուցիչ դասընթաքներու կը հետեւի համալսարան ընդունուելու անհրաժեշտ առարկաները ամբողջացնելու համար:

Մենք կը հասկնա՞նք արդեօք, թէ ընդհանրապէս ինչ կ’ընենք մեր ապագային ու մեր երեխաներուն հետ: Մենք կը հասկնա՞նք, որ անոնք մեր իսկ ձեռքով կը վերածուին ծոյլ, փոքր յիշողութեամբ, վերլուծական բութ մտքով եւ նոյնիսկ բնական ճշգրիտ խօսք կառուցել չկարողացող խառնախօսի: Մենք կը հասկնա՞նք, թէ ինչ կը նշանակէ, որ դպրոցականներու մեծ մասը ի վիճակի չէ նոյնիսկ բարբառային որեւէ բան կարդալու, ուր մնաց Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող մեր հին հայրենիքի տարբեր նահանգներու հայերէնով: Մենք կը հասկնա՞նք, որ նոյնիսկ մեր գրական հայերէնը, մեր ոսկեղենիկ եւ մաքուր, հզօր հայերէնը հայերու համար սկսած դառնալ խորթ բեռ մը, երբ գրագէտ ու մաքուր հայերէն խօսող երեխան ծաղրի կ’ենթարկուի: Մենք կը հասկնա՞նք, թէ ինչ հրէշաւոր ռումբ կը զետեղենք մեր երեխաներու կեանքին մէջ, երբ անոնց կ’արտօնենք առանց փորձառութիւն կուտակելու շփուիլ ամէն տեսակ տեղեկութեան հետ ու կը համարենք, թէ ինչ որ չէ սորված դպրոցին մէջ, թող ամբողջացնէ անձնական ուսուցիչին մօտ:

Իսկ ո՞վ այդ աշակերտին կեանքի դասերը պիտի սորվեցնէ: Ո՞ր կրկնուսոյցը անոր պիտի սորվեցնէ կեանքի բարդ ճանապարհը: Մի՞թէ մենք այնքան անհոգ ենք, որ կրնանք մենք մեզի թոյլ տալ «անտէր» ձգելու աշակերտ-երեխան ու համարել, որ քանի դպրոց կայ, ուրեմն դպրոցն ալ պատասխանատու է աշակերտին համար: Մի՞թէ մենք կը բաւարարուինք այն թուանշաններով, որ աշակերտ-երեխան տուն կը բերէ: Մեզ կը բաւարարէ՞ այդ: Իսկ իրե՞ն: Ուրեմն մենք կրնանք երրրորդ դասարանի աշակերտը մեղադրել, որ գրեթէ գրել-կարդալ չի գիտեր: Արդեօք կրնա՞նք զինք պարզապէս բութ համարել, մեղադրել ուսուցիչը, իսկ յետոյ՝ անձնական ուսուցիչին ըսենք, թէ «դրամ կը վճարենք, ուրեմն թող այնպէս ընէ, որ երեխան վաղը դպրոցին մէջ բարձր նիշ բերէ»:

Իսկ ի՞նչ հասարակութիւն պիտի յառաջանայ հազարաւոր ու տասնեակ հազարաւոր այդ աշակերտներէն, որոնք միշտ պիտի վազեն այլոց փորձառութեան ետեւէն եւ պիտի փորձեն ձեւով մը ստանալ պաշտօնական վկայականը եւ ձեւով մը տեղաւորուիլ սահմանուած «չափանիշերուն» մէջ:

Մենք կրնանք մեղադրել դպրոցը, ուսուցիչը, կրկնուսոյցը, անձնական ուսուցիչը, պետութիւնը, որ քիչ աշխատավարձ կու տայ, կրթական ծրագիրներ պատրաստողները, որոնք կտրուած են իրականութենէն, ծնողները, որոնք անտարբեր են․․․բայց կը հասկնանք, որ այդ ընդամէնը անվերջանալի շղթայ մըն է, ուր մեղաւոր-անմեղի փնտռտուքով տարիներ կը կորսնցնենք, իսկ այդ միջոցին, աշակերտը կը դառնայ մեր փորձերուն, անտարբերութեան, ագահութեան ու անհեռատեսութեան զոհը:

Աւելին, ապշեցուցիչ է մայրաքաղաքին մէջ անվերջ պտըտող գրական խմբակներու, փառատօններու, մրցանակներու եւ նմանատիպ այլ երեւոյթներու շքերթը: Որո՞ւ համար կը գրէք, որո՞նք են ձեր ընթերցողները, որո՞նք են ձեր քննադատները: Ո՞վ պիտի կարդայ ձեզ վաղը, երբ այսօր նոյնիսկ կը դժուարանան մէկ էջ պատմութիւն կարդալու, իսկ ուսանողը կը դժուարանայ իր իսկ դասերը սորվելու: Դուք որո՞ւ համար կը գրէք եւ կը հառաչէք. ձեր ընկերներո՞ւն թէ՞ կողմնակիցներուն: Չնչին փոքրամասնութեա՞ն մը: Դուք, որ իբրեւ թէ կը կարեւորէք մարդն ու անոր աշխարհը եւ յոյզերը եւ կը բողոքէք, որ ձեզի լաւ չեն հասկնար, արդեօք գէթ մէկ անգամ փորձա՞ծ էք դուք ձեզի հասկնալ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս երեխաները կայուն քայերով կը կորսնցնեն իրենց յարգանքն ու սէրը կրթութեան, պատմութեան, գրականութեան նկատմամբ ու միաժամանակ կը կորսնցնեն սորվելու եզակի հնարաւորութիւնը: Անոնք որ նոյնիսկ Վարուժան, Սիամանթօ չեն կարդար (Ալիշանի ու ըսենք Վահէ Հայկի մասին խօսիլն աւելորդ է) ինչպէ՞ս ձեզի պիտի կարդան: Չըլլայ թէ դուք ուրախ էք, որ մակարդակը երթարով կ’իջնէ ու այլեւս մրցակից չէք ունենար:

Աշակերտները այլասերելով մենք անոնցմէ կը պատրաստենք լարուած ռումբեր, որոնք պիտի պայթեցնեն մեր իրականութեան կեղծիքը: Ապագային անոնք պիտի չունենան վճարովի դայեակներ ու երբ անգամ մը եւս հայոց պետութեան ապագայ ղեկավարները տապալին, պէտք է յիշել որ այդ լրջադէմ մարդուն մէջ տակաւին նստած է յանուն թուանշանի տառապող, կրկնուսոյցը կրկնող ու թղթաբանութեան զոհ դարձած փոքրիկ անուշադիր աշակերտը, որ սորվեցաւ միայն մէկ բան՝ խուսափիլ եւ կրկնել: 

Հոն էի…Արարատի գագաթը…

Անհամբեր ամիսներ էին մինչեւ Արարատ լեռան գագաթը հասնելու Լուսի Մանկասարեանի փայփայած երազը իրականութիւն կը դառնար: Այս նպատակով, Լուսի կապ հաստատած էր Ռուբէն Ճամպազեանի եւ իր սիրալիր կնոջ Արազին հետ, որոնք արդէն Արարատ լեռան գագաթը նուաճած էին: Անոնք իրենց փորձառութեան մանրամասնութիւնները կը փոխանցէին Լուսիին, յատկապէս Արազը՝ յստակ ու մանրակրկիտ խորհուրդներով եւ իր գոյքերէն մաս մը Լուսիին տալով: Անգնահատելի էր Արազին ու Ռուբէնին  անշահախնդիր վերաբերումը:

Լուսի Մանկասարեան, 17 տարիէ ի վեր, որպէս 4-րդ դասարանի արեւմտահայերէն լեզուի ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէ Թորոնթոյի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ՝ Թորոնթոյի ամենահին հայալեզու դպրոցը, հիմնուած 1956-ին՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ։ Լուսին Հալէպի ազգային Հայկազեան վարժարանի եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտ է: Աւարտած է Հալէպի համալսարանի անգլերէն լեզուի բաժանմունքը:

Վերջապէս կը հասնի Արարատի գագաթը բարձրանալու ուղեւորութեան օրը:

Արշաւը կը սկսի 7 օգոստոս 2024-ին վաղ առաւօտեան ժամը 4:30-ին. 18 Արարատ լեռ մագլցողներ հաւաքուած էին Երեւանի հրապարակը Armenian Geographic կազմակերպութեան անձնակազմին հետ: 

Լուսիին կը միանամ Երեւանի մէջ եւ մեկնումի օրը ես ալ կը ծանօթանամ մնացեալ մասնակիցներուն: Պայուսակները կը տեղաւորուին հանրակառքին մէջ եւ խումբը ճամբայ կ’ելլէ դէպէ…Արարատ:

Ձգենք որ Լուսին ինք պատմէ իր երազին իրականացման մանրամասնութիւնները:

«Միշտ ցանկութիւնը ունէի Արարատ լեռ բարձրանալու, բայց ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս իրականացնել զայն: Քրոջս՝ Շաքէին հետ համադրելով ճամբորդութեան թուականները, որոշեցի ամռան արձակուրդիս երթալ Տուպայ եւ Հայաստան:

«Մինչ այդ, 18 օգոստոս 2023-էն սկսած էի կապ հաստատել Armenian Geographic կազմակերպութեան հետ եւ հետաքրքրուիլ 2024-ին ծրագրուած ուղեւորութեանց թուականներուն մասին: 23 հոկտեմբեր  2023-ին տուի որոշումս եւ արձանագրուեցայ 7-էն 13 օգոստոս 2024-ին նախատեսուած արշաւին:

«Իմանլով որ Թորոնթոյէն Ռուբէն Ճամպազեանն ու կինը՝ Արազը արդէն բարձրացած էին Արարատ լեռ, ուզեցի իրենց փորձառութենէն օգտուիլ, եւ այդպէս ալ եղաւ՝ նախ հեռակայ, ապա Երեւանի մէջ անոնց հետ ունեցայ հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ:

«Արդեօ՞ք պատրաստ էի Արարատ հսկայ լեռը բարձրանալու: Սովորական առօրեայ մարզանքներ կ’ընեմ, բայց միթէ բաւարա՞ր էին:

«Սկսայ մագլցելու յատուկ գոյքերը ապահովելու աշխատանքին:  Մինչ այդ քրոջս ամուսինէն՝ Մարքէն նուէր ստացած էի ուսապարկ մը (Hiking Bag), որ կարծես իրականութեան դէմ յանդիման դրաւ զիս…ու հիմա ալ կը ծիծաղիմ…ահա՛ Լուսի, միտքդ փոխելու կամ հրաժարելու առիթ չմնաց..:

«Ամռան արձակուրդս սկսաւ եւ Յուլիս 9-ին մեկնեցայ Տուպայ, ապա Կիպրոս: Ինչպէս միշտ հաճելի եւ յիշատակելի  պտոյտներով լեցուն օրագիր ունենալով: Նոյն ժամանակ,  միտքերով կը թռչէի Արարատ լեռան գագաթը հասնելու հարցական մտմտուքներով:

«Օգոստոս 2-ին արդէն Հայաստան էի: Անհամբեր էի յաւելեալ մանրամասնութիւններ իմանալու Արազէն եւ Ռուբենէն: Հանդիպումը սիրալիր էր անկասկած: Արազ մեծ սիրով փոխ տուաւ որոշ առարկաներ, որոնց մասին նախօրոք համաձայնած էինք: Բնականաբար, Արարատ բարձրանալու համար անհրաժեշտ է ունենալ ճիշդ հանդերձանքը, գերշնչող նիւթերէ պատրաստուած յատուկ շապիկ, տաբատ, արշաւային կօշիկ եւ այլն, ու քիչ մըն ալ  արշաւային փորձ: https://www.armgeo.am/everything-about-hiking/

«7 Օգոստոսին, ամբողջ գիշեր գրեթէ չեմ քնացած. արթնցայ առաւօտեան ժամը 2-ը քիչ անց պայուսակներու վերջնական կարգադրութիւնները ընելու՝ անշուշտ քրոջս Շաքէին օգնութեամբ: Դուրս եկանք ու քալեցինք դէպի Երեւանի հրապարակ ժամը առաւօտեան 3:40-ին՝ ուսապարկը շալկած: Հասանք Երեւանի հրապարակը, որ մեր հաւաքման վայրն էր,  ծանօթացանք խումբին, որ կը բաղկանար 18 հոգիէ:

Օր առաջին, 7 օգոստոս

«Երեւանի հրապարակէն հանրակառքը շարժեցաւ առաւօտեան Ժամը 4:30-ին: 7:40-ին հասանք Վրաստանի սահման, ապա ժամը 9 քիչ անց ուղղուեցանք դէպի թրքական սահման: Անցանք Կարզախ գիւղ[1] Ջավախք, Ախալքալաք եւ մտանք Արեւմտեան Հայաստան: Նշենք որ Կարզախի մէջ ծնած է աշուղ Ջիվանին (Սերոբ Ստեփան Բենկոյեան): Այցելեցինք Ծովակ Հիւսիսօ լիճը, որ կը գտնուի Արտահան նահանգին մէջ[2]

«13:30-ին հասանք 1001 եկեղեցիներու ԱՆԻ քաղաքը. երկար շրջեցանք Բագրատունեաց մայրաքաղաքին մէջ: 

«Ժամը 15:00 անց ուղղուեցանք դէպի  Պայազիտ կամ Արշակաւան[3] քաղաքը, Արեւմտեան Հայաստանի Արարատի նահանգին մէջ։ Կը գտնուի Մասիսէն հարաւ-արեւմուտք, Ծաղկանց լեռներու Թոնդրակ լերան հիւսիսային լանջերուն։ Հասանք DOĞUŞ HOTEL ժամը 16:45-ին: Սենեակին մէջ երեք հոգի էինք: Ուրախ-ուրախ կազդուրուեցանք, որմէ ետք, ըստ նախատեսուած ծրագրին, խումբին հետ միասին ընթրեցինք պանդոկէն դուրս: Այդ գիշեր քնացանք պանդոկ:

Օր երկրորդ, 8 օգոստոս, 4-5 ժամ մագլցում 3200 մեթր

«ժամը 7-ին նախաճաշ, իսկ ժամը 9-ին մեկնեցանք հանրակառքով եւ 1 ժամէն Արարատի լանջը, որ կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2200 մեթր բարձրութեան վրայ:

«Այլեւս կատակ չէր, լրջօրէն պէտք էր հետեւիլ: Սկսանք բարձրանալ, բաւական դժուար, դադարներ առնելով եւ շուրջ 4–5 ժամէն հասանք 3200 մեթր բարձրութեան՝ մեր առաջին վրաններու կեդրոնը: Իսկ, մեր խոշոր ու ծանր պայուսակները բեռցուեցան ձիերով եւ բերուեցան մեր վրանները:

«Ամբողջ գեշերը չկրցայ քնանալ՝ վախնալով, որ պիտի չկարենամ հասնիլ Արարատի գագաթը:

«Արշաւին մասնակից ընկերուհիի մը հետ յաճախ կը կրկնէինք.- ի՞նչ խենթութիւն ըրինք ու որոշեցինք լեռ բարձրանալ…այսքան տանջանք քաշելո՞ւ… անշուշտ հիմա կը ծիծաղիմ յիշելով մեր այդ զրոյցը:

Օր երրորդ, 9 օգոստոսի առաւօտ, 4 ժամ մագլցում դէպի 4200 մեթր

«Արթնցայ ժամը 5-ին: Ժամը 8-ին՝ նախաճաշ եւ ժամը 9-ին սկսանք շարունակել դէպի երկրորդ վրաններուն կեդրոնը, 4200 մեթր բարձրութեան վրայ:

«Շատ մեծ դժուարութեամբ վերջապէս հասանք 4200 մեթր բարձրութեան, մօտաւորապէս ժամը 13:30-ին: Սաստիկ հով, մշուշ եւ վրաններուն վայրը՝ քարքարոտ: Առաջին վրաններուն կեդրոնը կոչեցինք «5 աստղանի պանդոկ, քանի wi-fi կար»՝ բաղդատելով երկրորդին:

«Ըսեմ որ երկու վրաններու կեդրոնները կային նաեւ ճաշելու յատուկ մեծ վրաններ, ուր խումբը կը հաւաքուէր համտեսելու քիւրտ խոհարար Մահմուտին պատրաստած ճաշերը: Ինծի համար ալ յատուկ ոսպով ապուր պատրաստեց. շատ համով էր:

Օր Չորրորդ, 10 օգոստոս, 1000 մեթր մագլցում դէպի Արարատի գագաթ

«9 օգոստոս 2024-ի կէս գիշերէն ետք, 10 օգոստոսի լուսաբացէն առաջ սկսանք բարձրանալ վերջին 1000 մեթրը դէպի Արարատ լեռան գագաթը: Մեր գլուխներուն վրայ դրած լոյսերով սկսանք կամաց- կամաց բարձրանալ: Ահռելի: Ես քիչ ըսեմ, դուք շատ հասկցէք, քարքարոտ եւ ծայր աստիճան չափազանց դժուար էր ճանապարհը: Օգոստոս 10-ի արեւածագին արդէն Մասիսը երեւցաւ:

«Վերջին 300-400 մեթրը մնացած էր, երբ սկսայ յուսահատիլ, թէ պիտի չկարենամ շարունակել. ոտքերս թուլցած էին եւ ուժ չունէի նոյնիսկ կէս քայլ առնելու: Ահռելի էին մարմնիս ցաւերը, բայց ցանկութիւնս աւելի զօրաւոր էր: Խումբիս անդամներէն ոմանք արդէն յառաջացած էին եւ գեղեցիկ էր տեսնել անոնց քայլերուն դրոշմը ձիւնածածկ Արարատ լեռան վրայ: 

«Մեր առաջնորդին քաջալերական խօսքերով եւ աղօթքներովս հասայ Արարատի գագաթը. առաւօտեան ժամը 8-էր: Ծունկի եկայ լալով թէ՛ ցաւէս եւ թէ՛ ուրախութենէս: Փռուեցայ Արարատի ձիւնին վրայ հանգիստ շունչ մը առնելով:

«35 վարկեան ետք պէտք էր իջնել դէպի 4200 բարձունքը: Անբացատրելի էին ցաւերս: Իջնելը՝ աւելի սարսափելի: Թէ քանի անգամ ինկայ…չհաշուեցի: Ի վերջոյ, հասանք 2-րդ վրաններու կեդրոնը: Շատ քիչ դադար եւ պէտք էր դարձեալ շարունակել դէպի 3200 մեթր բարձունքը:

«Ես եւ խումբին մասնակից ռուսահայ աղջիկը մտածեցինք լեռը իջնելու ուրիշ ձեւի մը մասին: Խումբի ղեկավարին հետ համաձայնեցանք, որ ձիեր վարձենք ու այդպէս ուղղուինք դէպի առաջին վրաններու կեդրոն: Պահ մը պատկերացուցէք ահռելի քարքարոտ լեռէն վար իջնել նստած ձիուն վրայ: Այո՛, որքա՜ն շատ աւելի վտանգաւոր էր զառիվայր ուղղուիլը ձիուն վրայ նստած, բայց գոնէ նստած էի ու չէի քալեր: Նստած էի, եւ մտովի ձիուն սմբակներուն իւրաքանչիւր դոփիւնին հետ կ՛աղօթէի միայն անվտանգ հասնիլ առանց թամբէն իյնալու:

Օր Հինգերորդ11 օգոստոս, դէպի Պայազիտ

«11 Օգոստոսին, ի վերջոյ հասանք Արարատի ստորոտը, որմէ ետք կէս ժամ ալ պէտք էր քալէինք, դարձեալ քարքարոտ ճամբաներով, մինչեւ մեզ փոխադրող ինքնաշարժներու կայանը: Վերադարձանք Պայազիտի մեր պանդոկը (DoguBayazit): 

«Հասանք պանդոկ ժամը 2-ին եւ կազդուրուելէ ետք, ժամը 5-ին ուղղուեցանք դէպի castle Ishak Pasha եւ հոնկէ ճաշարան «Արարատ»՝ ընթրիքի. հոն ստացանք նաեւ Արարատ Լեռ բարձրացած ըլլալու մեր վկայագիրները:

Օր Վեցերորդ, 12 օգոստոս, դէպի Ախթամար կղզի

«Արթնցայ առաւօտեան ժամը 5-էր: Նախաճաշէն ետք, ուղղուեցանք դէպի Վանի աւերակներն ու եկեղեցիները: Ճաշեցինք «Ախթամար» ճաշարանը եւ յետոյ նաւով շրջեցանք Վանայ լիճը, այցելեցինք Ախթամար կղզին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին, կառուցուած՝ 915-921 թուականներուն, ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ։ 1113-ին կը դառնայ Ախթամարի կաթողիկոսութեան կեդրոն, 14-րդ դարուն ունէր 2 թեմ՝ 302 եկեղեցիներով եւ 58 վանքերով։   

Օր Եօթներորդ, 13 օգոստոս, դէպի Կարս

«Արթնցայ առաւօտեան ժամը 5-ը անց. նախաճաշ եւ ճամբայ ելանք դէպի Կարս քաղաքը: Պտըտեցանք քաղաքը, ապա սկսաւ վերադարձի մեր ուղեւորութիւնը: Հայկական երգերով հասանք Վրաստան – Հայաստան սահմանը, զոր կտրեցինք ժամը 20:07-ին: Երեւան հասանք ժամը արդէն 12 էր, կէս գիշեր:

«Այդ օրերէն ասդին, նոյնիսկ հիմա Թորոնթոյի մէջ, ուր արդէն սովորական աշխատանքիս անցած եմ՝Արարատի նկարները դիտելով հարց կու տամ զարմացկոտ. հո՞ն էի…Արարատի գագա՞թը…»

[1] Կարծախ կամ Կարզախ, հայաբնակ գիւղ մը Ջավախքի մէջ, Վրաստանի Սամցխե մարզի Ախալքալաքի շրջանը: Ախալքալաք քաղաքէն 29 քմ հարաւ-արեւելք, Խոզապին լիճէն արեւմուտք։ Կը գտնուի ծովի մակերեսէն 1860 մեթր բարձրութեան վրայ։

[2] Հայկական լեռնաշխարհին մէջ մեծ տարածում ունին լավային արգելափակման լիճերը, որոնց մեծագոյնը ու ամենէն խորունկը Ծովակ Հիւսիսոն է։ Կը գտնուի հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսը: Մակերեսը՝ 84 քառ. քմ.: Կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1959 մեթր բարձրութեան վրայ: Առաւելագոյն խորութիւնը 42 մեթր է: Նախապէս եղած է խոր հովիտ մը, որ հետագային փակուած է լավային պատուարով: Ջուրը քաղցրահամ է: Լիճէն դուրս կու գայ  Չըլդըր գետը, որ ձմեռը կը սառի:

[3] Երեւանէն Պայազիտ կամ Արշակաւան քաղաքի հեռաւորութիւնը 533.5 քմ. էր, զոր կտրեցինք 7 ժամ 20 վայրկեանէն:

Ազնիւ Փոլատեան. Հոգեկան առողջութիւնը ֆիզիքականին չափ կարեւոր է

Տարբերակի «խoսինք ու լսենք» podacst-ի հիւրն է ընկերային հոգեբան Ազնիւ Փոլատեան: Ազնիւը վկայեալ է Լիբանանեան համալսրանէն՝ մասնագիտանալով ընկերային հոգեբանութեան մէջ, մագիստրոսի աստիճանով: Ան արտօնագրեալ coach է NLP-ի, Timeline Therapy-ի եւ Hypnotherapy-ի: Այս բոլորը ինք կը բացատրէ զրոյցին մէջ: Ան կը հաւատայ որ կարելի է փոխել մտածելու մեր եղանակը ու այդ ձեւով դարմանել մեր կարգ մը հոգեկան տագնապներն ու մոլութիւնները: Հոգեկան առողջութիւնը նոյնքա՛ն կարեւոր է, որքա՛ն ֆիզիքականը, կ’ըսէ ան:

Քաֆքա. «Մէկ տխմարը հաւասար է մէկ տխմարի, երկու տխմարը հաւասար է երկու տխմարի, տասը հազար տխմարը…»

Դիմատետրի յատկութիւններէն մէկը նաեւ այն է, որ երբեմն դիմացդ կ’ելլեն մեծերու խօսքերէն հետաքրքրական մէջբերումներ: Այս ծիրէն ներս, վերջերս հանդիպեցանք 20-րդ դարու մեծագոյն գրողներէն՝ չեխ ծագումով Ֆրանց Քաֆքայի հետեւեալ խօսքին. «One idiot is one idiot. Two idiots are two idiots. Ten thousand idiots are a political party»:  Բառացի թարգմանութեամբ, «մէկ տխմարը հաւասար է մէկ տխմարի, երկու տխմարը հաւասար է երկու տխմարի, տասը հազար տխմարը քաղաքական կուսակցութիւն մըն է»: Քաֆքայի այս խօսքը կրնայ անարգական ու լկտի թուիլ, բայց՝ արդեօ՞ք:

Մեր կարծիքով, Քաֆքայի այս նշումը աւելի կը վերաբերի հաւաքական տգիտութեան ու անոր վնասներուն: Երբ անհատներ չեն կրնար քննականօրէն մտածել կամ կը յանձնուին մոլորեցնող ու ապակողմնորոշիչ տեղեկութիւններու, թելադրանքներու, հասարակութեան մը հաւաքական որոշումներն ու վարքագիծը կրնան աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ: Այլ խօսքով, նոյնիսկ մեծամասնութեան մը կողմէ ընդունուած կարծիքներ եւ ընտրանքներ երբեմն կրնան սխալ դուրս գալ, յատկապէս, երբ աւելի առաջնորդուած են զգացումներով, քան տրամաբանութեամբ:

Ժամանակակից ընկերութեան մեծագոյն վտանգներէն մէկը կը հանդիսանայ հռետորական (արդի populism-ը մեծապէս կ’առնչուի հռետորաբանութեան) շարժումներու աճը (Հիթլէրի եւ Մուսոլինիի օրերէն սկսեալ), ուր գրաւչութիւն վայելող ազդեցիկ անձնաւորութիւններ աւելի կը փորձեն խօսիլ զանգուածներու յոյզերուն ու վախերուն, քան մտքին: Նման անձեր պարզ լուծումներ կ’առաջադրեն բարդ խնդիրներու, եւ անոնց գրաւչութիւնը կրնայ ձիւնակոյտի նման աճիլ եւ վերածուիլ զանգուածային շարժումի: Նման պարագաներու, խմբային միօրինակ մտածողութիւնը կը դառնայ տիրական, ուր անկախ կամ հարցադրող միտքը ընդհանրապէս բացակայ է: Հոս է որ յատկապէս տեղին կը դառնայ Քաֆքայի նախազգուշացումը: Խմբային միօրինակ մտածողութիւնը, որ համազօր է հաւաքական տգիտութեան, եւ անոր վրայ կառուցուած զանգուածային շարժումը՝ յաճախ կործանարար հետեւանքներ կ’ունենայ:

Պատմութենէն կրնանք նման շարժումներու բազմաթիւ օրինակներ քաղել, երբ զանգուածներ՝ երեւութապէս միացած ազնուական նպատակի մը շուրջ, փորձանք դարձած են մարդկութեան: Ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու աճը, սնուցուած փրոփականտով եւ անվերահսկելի ոգեշնչութեամբ, ցոյց կու տայ, թէ որքան արագ կարելի է հրաժարիլ տրամաբանութենէ, երբ մարդիկ կը համախմբուին հռետորաբան գործիչի մը կամ ենթադրեալ դատի մը շուրջ: Օրինակներ են Սթալինն ու խորհրդային համայնավարութիւնը, նացի Գերմանիան եւ Ատոլֆ Հիթլերի ազգայնամոլութիւնը, Մաօ Ցէ Թունկն ու Չինաստանի մշակութային յեղափոխութիւնը, որոնք համատարած հալածանքներու եւ միլիոնաւոր մարդոց մահուան պատճառ դարձած են, որովհետեւ մարդիկ որոշած են հրաժարիլ բանականութենէ եւ տրամաբանութենէ: Ամբոխային տրամաբանութեան պատճառած աւելի նոր ողբերգութիւններու շարքին կարելի է նշել Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը, որ նոյնպէս սնուցուած էր ուղեղալուացքով, «Տաէշ»ի ծնունդն ու վերելքը, որ կ’օգտագործէր ընկերային ցանցերը ծայրայեղական գաղափարախօսութիւն տարածելու նպատակով, տակաւին՝ Ռոհինկաներու ճգնաժամը Միանմարի մէջ, որ դրդուած է ազգայնական հռետորաբանութեամբ: Նոյնիսկ 2021-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի համակիրներուն Քափիթըլ Հիլ գրոհը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ապատեղեկատուութիւնը եւ կոյր կուսակցականութիւնը կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ:

Քաֆքայի մէջբերումը նաեւ կ’ընդգծէ անհատին պատասխանատուութիւնը հասարակութեան մէջ: Դիւրին է անտեսել անհատին դերը ընկերային նորմերու կամ որոշումներու ձեւաւորման մէջ՝ պատճառաբանելով, որ մէկ ձայնը կամ կարծիքը ի՞նչ կրնայ փոխել: Բայց երբ հազարաւոր անհատներ որդեգրեն ինքնավար մտածելու եղանակը, անոնք միասնաբար կը ստեղծեն հզօր ուժ մը որ, որ կրնայ նոյնիսկ ձեւաւորել հաւաքականութեան մը, մշակոյթի մը կամ նոյնիսկ ազգի մը արժէքային համակարգը: Ամէն պարագայի, ներդաշնակ հաւաքականութիւն մը կը ձեւաւորուի ոչ թէ կոյր համակերպութեամբ կամ հռետորական ​​մղումներով, այլ գիտակից, ինքնավար մտածող անհատներու կամաւոր համագործակցութեամբ, որոնք կը բաժնեն ընդհանուր արժէքները, բայց միաժամանակ կը յարգեն միմեանց մտքի ազատութիւնը: Ամբոխային միտումներով առաջնորդուելու փոխարէն, անհատները որոշումներ կը կայացնեն հիմնուելով անձնական պատասխանատուութեան, քննական ​​մտածողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի յանձնառութեան վրայ: Այսպիսով կը յառաջանայ հասարակութիւն մը, ուր ընդունուած է կարծիքներու բազմազանութիւնը, եւ համակարգը կը պահպանուի համաձայնուած օրէնքներու եւ բարոյական սկզբունքներու միջոցով, որոնք կը պաշտպանեն անհատին իրաւունքները՝ միաժամանակ խթանելով համագործակցութիւնն ու ներդաշնակութիւնը:

Ապատեղեկատուութեան եւ անուանարկումի նպատակով ստեղծուած ընկերային ցանցերու տխրահռչակ «մութ սենեակներու» այս դարաշրջանին, աւելի քան երբեք կարեւոր է ճշգրիտ տեղեկութեան որոնումը՝ քննական ու հարցադրող մօտեցումներով: Այս պարագային կարեւոր է անհատական ճիգը եւ նոյնիսկ սեփական համոզումները հարցականի տակ առնելու պատրաստակամութիւնը: Եւ այս միակ միջոցն է՝ կանխելու հաւաքական տգիտութեան վրայ կառուցուած շարժումներու կամ արեւելումներու ձեւաւորումը:

Ակնարկուած տգիտութիւնը անպայմանօրէն չի վերաբերիր ուսման պակասի կամ բացակայութեան: Ան կրնայ նաեւ յառաջանալ իբրեւ կոյր կուսակցականութիւն եւ ընկերային ճնշումի գործիք մը՝ կեղծ տեղեկութիւններու եւ հինցած գաղափարներու վրայ հիմնուած հաւաքական մտածողութիւն մը ստեղծելու միտումով: Երբ մարդիկ կը հետեւին հոսանքի մը պարզապէս այն պատճառով, որ ան ժողովրդականութիւն կը վայելէ կամ ընկերայնօրէն յարմարաւէտ է, անոնք նպաստած կ’ըլլան վտանգաւոր ենթահողի մը ստեղծման, ուր տգիտութիւնը կրնայ ծաղկիլ եւ տարածուիլ:

Կրթութիւնն ու դասիարակութիւնը առանցքային դեր կը խաղան գիտակից հաւաքականութեան մը գոյացման մէջ: Ընթերցասիրութիւնը, սորվելու եւ քննական միտք յառաջացնող գրականութեամբ զբաղելու մշակոյթի մը ստեղծումն ու անոր սատարումը կը նպաստեն անկախ եւ ինքնուրոյն մտածելու ունակութեան զարգացման: Այս ձեւով, մարդիկ հնարաւորութիւն կ’ունենան տեսնելու ամբոխային հռետորաբանութենէն անդին եւ անդրադառնլու զիրենք մոլորեցնող ճիգի մը առկայութեան:

Քաֆքայի խօսքերը մեզի կը յուշեն, որ հասարակութիւն մը որքա՛ն կրնայ փխրուն ըլլալ եւ որքա՛ն կարեւոր է ​​զգօնութիւնը: Բաւարար չէ պարզապէս մասնակից դառնալ ընկերային կամ մշակութային խօսոյթին, այլ՝ անոր մասնակցիլ գիտակցօրէն եւ քննականօրէն: Իբրեւ հաւաքականութեան մը անդամներ, մեր պատասխանատուութիւնն է երաշխաւորել, որ մեր հաւաքական արարքներն ու որոշումները աւելի դրսեւորեն իմաստութիւն եւ տրամաբանութիւն, քան տգիտութիւն ու հռետորաբանութիւն: Ի վերջոյ, որեւէ հաւաքականութեան մը ուժը ոչ թէ հաւաքական կեանքին մասնակցողներու քանակին, այլ անոնց կատարած ընտրանքներուն եւ մասնակցութեան եղանակի որակին մէջ կը կայանայ:

Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Գ. եւ վերջին մաս)

Լիբանան, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Շուէտ, Պելճիքա եւ Յունաստան ապրող շրջանաւարտները կը գրեն:

Լիբանան

Սոնա Մանասէրեան: Ծնած եմ Հալէպ, 19 ապրիլ 1969-ին: Արմատներով՝ պուրսացի: 1981-ին աւարտած եմ  6-րդ դասարանը Բեթէլ վարժարանին, որմէ ետք ուսումս շարունակած եմ աղջկանց «Տիմաշք» եւ Զաքի Արսուզի դպրոցը մինչեւ պաքալորիա, որմէ ետք սակայն համալսարան չեմ կրցած յաճախել: Ընտանեօք տեղափոխուած ենք Լիբանան: Ամուսնացած եմ եւ ունիմ 2 զաւակ՝ Հրակ եւ Վանա: Շնորհիւ Բէթէլի իմ նուիրական ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս, եղած եմ հայասէր, քրիստոնեայ մայր: Բեթէլի անմոռաց յիշատակներէս են մեր ամէնօրեայ առաւօտեան պաշտամունքը, որուն աւարտին մենք կը շարուէինք ու կը բարձրանայինք մեր դասարանները: Կը յիշեմ պրն. Վարդանը իր խիստ նկարագրով, անոր հայերէնի դասաւանդումը եւ երբեմն ալ դասարանին մէջ բարձրաձայն երգելը:

Գանատա

Թամար Այվազեան: Ծնած եմ Հալէպի, արմատներով՝ մարաշցի: Ամուսնացած եմ եւ ունիմ 19 տարեկան աղջիկ մը: 1981-ին, աւարտելէ ետք Բեթէլ վարժարանը, կեանքի պայմաններու բերումով, ապրած եմ Քուէյթ եւ աշխատած Քուէյթի հայկական դպրոցին մէջ իբրեւ մանկապարտէզի ուսուցչուհի եւ նոյն ատեն «Ռանանշ» ընկերութեան մէջ՝ որպէս տիզայնըր, ձեւաւորող եւ վերակացու հարսանեկան հագուստերու: Հալէպ վերադարձիս, Բեթէլ վարժարանին մէջ աշխատած եմ օթաքարի հսկիչ եւ 5-րդ դասարանի օգնական ուսուցչուհի եւ նոյն ատեն, այլ տեղ մը աշխատած եմ հանդէսի եւ գրասենեակի գործերով: Սուրիոյ պատերազմին պատճառով փոխադրուեցանք Լիբանան, ապա՝ Գանատա: Հիմա կ’ապրիմ Սէն Ճոնզ Նիւֆոնտլանտ քաղաքին մէջ, եւ հաւատալով ուսումի անսահմանութեան՝ կը յաճախեմ հիւանդապահութեան դպրոց մը ու կը հետեւիմ LPN Program-PCA դասընթացքին՝ միաժամանակ շարունակելով ձեւագիտութեան եւ կարի աշխատանքներս: 1981-ի խմբակը լեցուն է անմեղ յիշատակներով՝ մեր չարաճիճութիւններով, բայց Աստուծոյ շնորհքը կը վայելենք եւայս ալ մեծ պարգեւն է մեր Բեթէլ դպրոցի կրթութեան. առաւօտեան պաշտամունքներու դերը մեր մեծ է մեր կեանքին մէջ: Ինչպէս շատեր, ես ալ ուրախ ու վատ յիշատակներ ունիմ: Օրինակ, ուսուցիչ մը կար, որուն շուքէն կը վախնայի: Կային նաեւ ուսուցչուհիներ, որոնց շատ կը սիրէի: Անցեալի յիշողութիւնները երկարապատում են, անցնինք դէպի առաջ, ապրինք՝ այսօրը: Շնորհակալութիւն սիրելիներ:

Միացեալ Նահանգներ

Նորա Մինասեան: Ընտանիքս, հարազատներ ու մօտիկ բարեկամներ զիս կը ճանչնան որպէս Նուշիկ։ Հայրս նիկտեցի է, իսկ մայրս բնիկ մարաշցի։ 1981-ին, հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղած եմ։ 1988-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցայ ուսման համար։ Լավերն համալսարանէն շրջանաւարտ եղած եմ համակարգչային գիտութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ։ Ապա ստացած եմ Մագիստրոսի կոչումը խորհրդատուական հոգեբանութեան մէջ։ Սիլիգոնեան Հովիտին (Silicon Valley) մէջ երկար տարիներ աշխատած եմ որպէս ծրագրային որակի ապահովման ճարտարագէտ։ Երեք տարի մասնագիտանալէ ետք Ուոլտորֆեան մանկավարժական դասընթացքներուն մէջ, յաճախեցի Քրիստոնէական Համայնքի Աստուածաբանական ճեմարանը, որմէ ետք Պերլինի մէջ ձեռնադրուեցայ որպէս քահանայ՝ 2009-ին։ Ներկայիս կ՚ապրիմ ու կը ծառայեմ Գալիֆորնիոյ մայրաքաղաքին՝ Սագրամէնթոյի մօտ ՖէյրՕգս շրջանին մէջ։ Լաւագոյն յիշատակներէն մին այն է, որ իւրաքանչիւր դպրոցական օր կը սկսէր եկեղեցիին մէջ Տէրունական աղօթքով, ու կը շարունակուէր աղօթելով եւ երգեր ու սաղմոսներ սորվելով։ Սաղմոս 23-ը իմ նախասիրած սաղմոսն է։ Այս աղօթքն ու սաղմոսը ուղեկիցներս եղան կեանքի լաւ ու դժուար վիճակներուն։ Դպրոցը մեր մէջ ստեղծեց այն պարարտ հողը, ուր մեր ուսուցիչները մեր մէջ ցանեցին հաւատքի հունտեր, ինչպէս նաեւ՝ ուսման հանդէպ սէր նոյնիսկ այդ փոքր տարիքէն, որ ծիլ տուաւ, աճեցաւ ու ծաղկեցաւ տարիներու ընթացքին։ Իսկապէս սրտի մեծ ուրախութիւն է երկար տարիներ ետք, դասընկերներս գտնել եւ իսկապէս տեսնել ու զգալ այդ մանկական տարիներու անարատ անմեղութիւնը ամէն մէկուն ձայնին ընդմէջէն։ Երախտապարտ եմ կրկին զիրար գտնելու այս առիթին (հրաշալի վերամիացումին համար) եւ անհամբեր եմ ու յոյսով, որ աւելի առիթը կ՚ունենամ ճանչնալու աշխարհի մէջ տարածուած դասընկերներս։ Բեթէլ վարժարանը փոքրիկ արեւի նման է, որ իր աշակերտները ղրկած է ճառագայթներու նման ամենուրէք լոյս ու սէր տարածելու մարդկութեան։

Մկօ Պետրոսեան: Ծնած եմ Հալէպ, 25 յունիս 1966-ին: Արմատներով՝ տիգրանակերտցի: 1981-ին աւարտած եմ Բեթէլ վարժարանը եւ 1987-ին՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Այժմ կ՛ապրիմ Լոս Անճելըս: Աշխատանքս՝ ուսանող եւ աշխատող Լոս Անճելըսի Սիթի Քոլէճին մէջ իբրեւ Graphic Designer: Ամուսնացած եմ, ունիմ 2 դուստր՝ 8 եւ 11 տարեկան: Նախակրթարանի օրերուն,  ունեցած եմ շատ բարի ու հայրենասէր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք մեզ շատ լաւ դաստիարակեցին եւ մինչ այս այսօր, թէեւ 43 տարի անցած են Բեթէլ վարժարանը մեր աւարտելուն, ես ու դասընկերներս միշտ ու միշտ կը յիշենք մեր դաստիարակները: Կը յիշենք մեր սիրելի հայերէնի ուսուցիչը՝ պրն. Վարդան Սվաճեանը, անոր հաճելի կատակները, իմաստուն խօսքերը, երբեմն ալ անոր խստութիւնն ու պոռալը մեր վրայ, երբ կը թերանայինք դասարանային պարտականութիւններուն մէջ: Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր Բեթէլ վարժարանի ուսուցչական կազմին ջամբած հայրենասիրական եւ հոյակապ դաստիարակութեան շնորհիւ է, որ մենք այսօր 43 երկար տարիներ յետոյ այսպէս կը վերամիաւորուինք: Սիրելի՛ դասընկերներ-դասընկերուհիներ, տեսէ՛ք, թէ որքա՛ն մեր ուսուցիչները լաւագոյն զգացումներ՝ սէր եւ միութիւն ցանած են մեր մէջ: Երախտապարտ ենք անոնց:

Մարալ Չուխատարեան-Սվաճեան: Ծնած եմ Հալէպ, Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը, 1968-ին, զէյթունցի արմատներով: 1998-էն ի վեր հատատուած եմ Քալիֆորնիա: Ամուսնացած էեմ Բիէռ Սվաճեանին հետ 2003 ին, եւ կազմած հայ ընտանեկան տաքուկ բոյն մը: Ունիմ երկու մանչ զաւակներ: Կ’աշխատիմ անշարժ գոյքերու վաճառքով: Թէեւ տարիներու ընթացքին, բոլորս ալ տեղափոխուելով տարբեր երկիրներ՝ փնտռեցինք մեր ապագան, հալածեցինք մեր երազները, պայքարեցանք կեանքի դժուարութիւններուն դէմ, ուրախացանք եւ լացինք միասին, սակայն մեր մանկութեան անմեղ յուշերը մնացին անխախտ եւ արմատացած մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ: Ահա մեծագոյն փաստը մեր այս խումբին կազմութիւնն է 43 տարիներ ետք: Այս պատեհ առիթով, մենք կը փափաքինք վերիշել մեր մանկութեան ու դպրոցական օրերը, պատուելու համար մեր վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք սերմանեցին մեր մէջ սէր եւ յարգանք, հայեցի եւ քրիստոնեայ դաստիարակութիւն: Յաջողութիւն բոլորիս, մեծապէս կը գնահատեմ բոլորդ:

Հայկ Մալաքեան: Ծնած եմ Հալէպ, 29 հոկտեմբեր 1968-ին: Հայրս եւ մայրս մարաշցի եղած են։ Աւարտած եմ Բեթել դպրոցը, 1981-ին: Մ. Նահանգներ հաստատուած եմ 1996-ին: Ամուսնացած եմ Սիլվա Սալիպեանի հետ, Լոս Անճելըս, 1997-ին: Ունիմ մէկ աղջիկ զաւակ՝ Ալիք (2001): Դպրոցի յուշերէն՝ օր մը հայերէնի ուսուցիչ պրն․ Վարդան Սվաճեանը դասի պահուն ինծի հարցուց.—ընտանիքիդ անդամներուն անունները տուր: Ես ալ պատասխանեցի ըսելով՝ հայրս՝ Արտաշէս, եղբայրներս՝ Ստեփան, Խաչիկ եւ Արմէն: Պրն. Վարդանը դառնալով ըսաւ.—այս ինչ պատմական յիշատակելի անուններով ընտանիքի անդամներ ունիս՝ մատնանշելով, որ ծնողներս իմաստալից հայկական անուններով անուանած են իրենց զաւակները:

Շուէտ

Արտա Իւղաբերեան-Գրիգորեան: Ծնեալ Հալէպ՝ ուրֆացի: Ներկայիս կը բնակիմ Շուէտի Uppsala քաղաքը ամուսնոյս եւ երեք զաւակներուս հետ: Աւարտած եմ Հալէպի առեւտրական  եւ երաժշտական ուսումնական հիմնարկները: Ներկայիս կ’ուսանիմ եւ կ’աշխատիմ որպէս դաշնամուրի ուսուցչուհի եւ project manager for asylum groups, ուր շուէտերէն կը սորվեցնենք երգի միջոցով: Բեթէլ դպրոցի լաւ յիշատակներէս է առաւօտեան պաշտամունքը դպրոցի եկեղեցիին մէջ, մանաւանդ սաղմոսները, որոնք մինչ այսօր փորագրուած են ուղեղիս մէջ, եւ իմ կարգիս՝ փոխանցած եմ զաւակներուս: Նաեւ՝ մեր անմեղ մանկութիւնը, խաղերը, մեր սէրը իրարու հանդէպ, որուն շնորհիւ մեր այս  խումբին անհաւատալի կազմութիւնիը 43 տարի վերջ: Այս բոլորը կը պարտինք մեր դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, մանաւանդ օրիորդ Մարիէթ Սայէղին եւ տնօրէնուհի տիկին Ազնիւ Քիրիշեանին ու եւ պրն. Վարդան Սվաճեանին, որոնք մեր մէջ ցանած են միութեան եւ հայրենասիրութեան սերմերը: Վատ յիշատակներ ալ կան, բայց շատ չեն. Կարգ մը բաներ չեն մոռցուիր: Օրինակ՝ գաւազան գործածել, երբ պարտականութիւնդ չես ըրած կամ ուշացած ես դպրոցէն:

Պելճիքա

Լենա Գազանճի: Ծնած եմ 28 մարտ 1968-ին, Հալէպ: Հայրս անտիոքցի արաբախօս էր, մայրս՝ էյպէզցի հայ. անշուշտ տունը հայերէն կը խօսէինք։ Մանկապարտէզէն մինչեւ 6-րդ դասարան յաճախած եմ Բեթէլ վարժարանը եւ զայն աւարտած 1981-ին: 1996-էն ի վեր, ամուսնոյս՝ Տէր Արմէն Մելքոնեանի եւ ընտանիքիս հետ հաստատուած եմ Antwerp, Պելճիքա: 4 երեխայ ունիմ՝ 1 դուստր եւ 3 մանչ։ Աշխատած եմ պետական  նախակրթարանի մէջ որպէս քարտուղարութեան օգնական: 6 տարի՝ 2009-2015, ունեցած եւ վարած եմ սուրիական-լիբանանեան ճաշարան մը, որ ունէր երկու անուն՝ Փալմիրա եւ «Հըդ օնշխիւլտիխ ըշխաաբ» (թարգմանութիւն՝ Անմեղ ոչխար): 2013 էն ի վեր կ’աշխատիմ իբրեւ երախաներու խնամատար պետական մանկապարտեզի եւ նախակրթականի մէջ: Լաւագոյն յուշերս են դասէն առաջ եկեղեցւոյ մէջ առօրեայ Տէրունական աղօթքը, որ ինծի համար շատ տպաւորիչ էր. օրը սկսիլ աղօթքով եւ սաղմոսներով: Մենք դպրոցին մէջ սորվեցանք զիրար սիրել ու ներել եւ իրարու օգնել: Ունէինք հայերէնի բացառիկ ուսուցիչ մը, բայց յիրաւի՝ շատ խիստ: Օր մը, ընդօրինակութեան պարտականութիւն ստացանք, բայց ուրիշ մէկը գրած էր փոխարէնս: Երբ հարցաքննեց զիս, ըսի ես գրած եմ։ Պրն. Վարդանը շատ բարկացած՝ գաւազանով ափիս զարկաւ ու ըսաւ .- գիտես ինչո՞ւ զարկի։ Ըսի .- այո, որովհետեւ ես չէի գրողը։ Ըսաւ, ո՛չ, այլ որովհետեւ սուտ խօսեցար։ Ես այդ օրէն ի վեր սորվեցայ սուտ չխօսիլ: Պէտք է նաեւ ըսեմ, որ պրն. Վարդանը Հայաստանի մասին շատ գիտելիքներ կու տար: Երբ  2008-ին, Հայաստան գացի, ուր որ այցելէի՝ պրն. Վարդանը աչքիս առջեւ կը տեսնէի։ Կը յիշեմ Տիկին Վարդանուշը: Ան օր մը ինծի հարցուց մօրս ազգանունը, որովհետեւ ջարդին օրերէն ի վեր բաժնուած ու զիրար կորսնցուցած հարազատներ կը փնտռէր։ 4-րդ դասարանէն կը յիշեմ տիկին Վարդանուշը, որ կաւիճը ձեռքը գրատախտակին վրայ կը գրէր ամենօրեայ իմաստուն խօսք մը (الحكمة اليومية) եւ մինջեւ այսօր բոլորս կը յիշենք ու կը փորձենք կիրարկել այդ ոսկի իմաստուն խօսքերը։ Ես շատ ուրախ եմ, որ Բեթէլ յաճախած եմ: Շատ լաւ ուսուցիչներ ունեցեր եմ՝  օրիորդ Մարիէթը (գիտութիւն), պրն. Մարուանը (արաբերէն): Կը յիշեմ, երբ հիւանդութեան պատճառով բացակայած աշակերտներուն բարի ապաքինման մաղթանքով ու վարդերով այցելութեան կ’երթայինք ու սիրով կը փոխանցէինք բացակայած օրերու դասերը: Եւ այսօր, 43 տարի ետք, մենք վերամիացած ենք ու ամէն օր անցեալի հաճելի պահերը յիշելով՝ մեր օրը ուրախութեամբ կը լեցնենք։

Յունաստան

Ժագլին Քուլումեան: Ծնած եմ Հալէպ՝ տիարպեքիրցի։ Բեթէլ դպրոցէն ետք, ուսումս շարունակած եմ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի միջնակարգ տարիները։ Ապա աւարտած եմ Հալէպի պետական համալսարանի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հիմնարկի թուաբանութեան բաժինը։ Ուսուցչական ասպարէզով աշխատած եմ չորս տարի. երկու տարի՝ 1989-1990, դասաւանդած եմ թուաբանութիւն Աֆրինի մէջ՝ Ճալամէ գիւղը, իբրեւ ուսուցչական փորձառական պարտադիր շրջան: Իսկ, անկէ ետք՝ 1991-1992, Հալէպի արաբական مدرسة ابو بكر الرازي նախակրթարանը: Ամուսնացայ եւ 1993-ին տեղափոխուեցայ Յունաստան: Ունիմ երկու զաւակ՝ Յովիկ, 30 տարեկան, համակարգչային ծրագրաւորող, եւ Վերա՝ 27 տարեկան, ճարտարապետ-շինարար։ Երկուքն ալ յաճախած են տեղւոյն հայկական դպրոցը։ Ես յունարէնին տիրապետելէս ետք, աշխատանքի անցայ 2000-ին։ Ունինք սեփական վաճառատուն մը, ուր սուրիական, լիբանանեան եւ հայկական ապրանքներ կը ծախենք։ Շատ ուրախ եմ, որ արդէն միացած եմ իմ մանկութեան ընկերներուս, 43 տարի ետք։ Գեղեցիկ յիշատակներ ունիմ դասընկերներուս հետ, յատկապես իմ սիրելի Դանիային հետ։

 Իբրեւ եզրակացութիւն կը մէջբերեմ մեր զրոյցին մասնակից Փրոֆ. Արա Սայեղի հետագայ խօսքը.-

«Ներկայի լայնածաւալ թուային արդիական հաղորդամիջոցները, ընկերային ցանցերը շարունակական յառաջխաղացքով դասական հասարակութիւնները, ընկերութիւնները փոխակերպելու բազմազան եւ բազմօգուտ կարողութիւններ ունին։ Սփիւռքացած, երբեմն օտարացած հայ անհատներու, խմբակներու դիմաց հիմնական ցցուող մարտահրաւէրը համախմբումի կարօտն ու կարիքն է, ամրագրելու միատեղ ապրուած կեանքի եւ մանաւանդ հայ ինքնութեան մեր հաւաքական կենսապատումը, այդ ամրագրումը երաշխիքն է մեր գոյատեւութեան ամրապնդումին։

«Թող նման օգտաշատ քայլեր խրախուսիչ օրինակ դառնան այլ խմբաւորումներու համար, նոր օղակներ կազմելու, խմբաւորելու եւ հաւաքական անհրաժեշտ կապերը ամրապնդելու անյետաձգելի դիտաւորութեամբ»։

Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Բ. մաս)

Հալէպ

Գրիգոր Մերճանեան: Ծնած եմ Հալէպ, 8 փետրուար 1967-ին: Արմատներով՝ այնթապցի: Յաճախած եմ Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանը մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտելս, 1981-ին: Ջանիցի անդամ ըլլալով՝ հետեւած եմ Կիրակի օրերու պաշտանմունքին եւ պատուելի Յովհաննէս Սարմազեանի կրօնի սերտողութեան ժամերուն, որոնք ինծի համար ուրախ ժամեր կ՛ըլլային: Բեթէլ դպրոցի ուսուցիչներուն շնորհիւ, լաւ դաստիարակութիւն եւ ուսում ստացած ենք: Աւարտելէ ետք, իւրաքանչիւրս շարունակեց իր կեանքի ճանապարհը՝ ընտանիք կազմելով եւ այլն: Ես ներկայիս ամուսնալուծուած եմ, զաւակ չունիմ: Նոր Սերունդ մշակութային միութեամ ակումբի սրճարանը յանձն առած եմ: Ինծի համար անհաւատալի է, որ 43 տարի ետք ես կը միանամ իմ դասընկեր-դասընկերուհիներուս: Շնորհակալութիւն:

Ռիմոն Ղազի: Ծնած եմ Հալէպ, 2 օգոստոս 1968-ին: Արմատներով՝ Տիգրանակերտցի: 1981-ին աւարտելէս ետք՝ արհեստի անցայ: Փառք Աստուծոյ լաւ տեղ հասայ: Ընտանիք կազմեցի 2000-ին. ունիմ 3 զաւակ՝ 2 մանչ եւ մէկ դուստր: Լաւ դաստիարակութիւն ստացած եմ իմ լաւ ուսուցիչներէս: Շնորհակալ եմ Բեթէլի քոյր եւ եղբայրներուս:

Թալին Ապաճեան-Պարտաքճեան: Ծնած եմ  24 Փետրուար 1969-ին, Հալէպ: Արմատներով՝ մարաշցի: Ուսանած եմ մինչեւ պրեվէ: Ամուսնացած եմ 1990-ին. ունիմ մէկ դուստր եւ մէկ տղայ: Դպրոցի օրերէս չեմ մոռնար ձիւնով խաղալս, երբ 5-րդ դասարան էի, եւ այդ տարի Հալէպ շատ ձիւն եկաւ:

Սեդա ՊալԳէորգեան: Ծնած եմ Հալէպ, 21 դեկտեմբեր 1968-ին: Արմատներով՝ այնթապցի: Բեթէլ դպրոցը աւարտելէ ետք՝ յաճախած եմ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Ընտանեկան դժուար պայմաններու բերումով չեմ կրցած շարունակել ուսումս: Ամուսնացած եմ տէր Արշակ աւագ քհնյ. Ալաճաճեանին հետ՝ կազմելով իմ տաքուկ ընտանեկան օճախս: Եղած եմ օրինակելի տիպար մայր: Ունիմ 2 աղջիկ՝ Աննա Մարիա եւ Գայանէ Ալաճաճեաններ: Բեթէլ դպրոցին մէջ ստացած եմ հայեցի դաստիարակութիւն, սորված եմ Աստուծոյ վախը, մարդու յարգանքը: Անմոռանալի են ինծի համար, երբ նախքան դասարան բարձրանալը, Աստուած կը փառաբանէինք մեր աղօթքներով: Հպարտ եմ ձեզմով իմ սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներ եւ ուսուցիչներ:

Լենա Սազեան – Տաղլեան: Ծնած է Հալէպ, 4 Յունիս 1969-ին։ Ան ուսանած է Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանը մինչեւ 6րդ դասարան, ապա ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կենդրոնական վարժարանը մինչեւ 12րդ դասարան։ Աւարտած է Հալէպի պետական համալասարանի տնտեսագիութեան ճիւղը ու ապա նետուած կեանքի ասպարէզ՝ դառնալով Հայ Աւետարանական Բեթել վարժարանի յարգուած ուսուցչուհիներէն մին։ Ամուսնացած է Ռաֆֆի Տաղլեանին հետ եւ դարձած մայր երկու զաւակներու՝ բժշկուհի Անժելա Տաղլեան – Ֆըրնզլեան (մանկաբուժ)  եւ բժիշկ Յակոբ Տաղլեան (ոսկրաբուժ):  Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան, ան չէ հեռացած Հալէպէն՝ հաւատալով , որ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ իրեն համար սիրելի սուրիական հայրենիքը դարձեալ պիտի վերագտնէ իր երբեմնի փայլքն ու խաղաղութիւնը։ 2012-ին կը նահատակուի Տիկ. Լենայի եզբայրը՝ Մինաս Սազեանը, որուն կորուստը մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ իրեն։ Լենան եղած է սիրուած եւ յարգուած մէկ անդամը Հալէպի հայկական համայնքին՝ միշտ մնալով հաւատարիմ ուսուցչուհի եւ նուիրեալ, սիրելի ու զոհուող մայր։ Ան երկարատեւ պայքար կը մղէ հիւանդութեան դէմ, որուն հետեւանքով ալ յաւերժօրէն կը փակէ իր աչքերը 15 Օգոստոս 2023-ին։ Հանգուցեալ Տիկին Լենայի մահուան տխուր առթիւ, Բեթել վարժարանի պատասխանատու մարմինը կը հրապարակէ կարճ մահագրական մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կը գուժէ վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն՝ Տիկ. Լենա Սազեան-Տաղլեանի մահը, որ պատահեցաւ 15 Օգոստսոս 2023-ի երեկոյեան։ Յանուն Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ ողջ Բեթէլի ընտանիքին, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ պարագաներուն եւ Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք»:

Մարալ Էվրէճէքեան-Քզիրեան: Ծնած եմ 10 փետրուար 1968-ին: Արմատներով՝ մարաշցի: Բեթէլ վարժարան յաճախելով ունեցած եմ ուրախ մանկութիւն՝ իմ ընկեր-ընկերուհիներով: Չեմ մոռնար դասարան չի մտած մեր եկեղեցին ու մեր տէրունական աղօթքը: 1981-ին, Բեթէլ դպրոցը աւարտելէ ետք, յաճախած եմ Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանը: 18 տարեկանիս ամուսնացած եմ եւ ունիմ 3 զաւակ՝ 2 տղայ եւ 1 աղջիկ եւ շատ ուրախ ու տաքուկ ընտանիք: Անհաւատալի է, որ ես 43 տարիներ ետք կը միանամ Բեթէլ դպրոցի շրջանաւարտ իմ սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներուս:

Լուսին Գէորգ Անուշեան: Ծնած եմ Հալէպ, 14 փետրուար 1969-ին: Նախնական ուսումս՝ մանկարպարտէզէն մինեւ 3-րդ դասարան յաճախած եմ հալէպի Վարդանանց դպրոցը, ապա անցած եմ Բեթէլ վարժարան եւ հոն շրջանաւարտ եղած եմ 1981-ին: Անկէ ետք, յաճախած եմ Կիլիկեան ճեմարան մինչեւ 9-րդ դասարան եւ յաջողած, բայց ուսումս չեմ շարունակած եմ եւ լծուած գործի: Ինքնազարգացուցած եմ անձս զանազան գիտելիքներով՝ անգլերէն, վարսայարդարութիւն, կար, ձեւագիտութիւն ու նորոգութիւն եւ համակարգչի օգտագործում: Ամուսնացած եմ 22 դեկտեմբեր 2002-ին, Աբրահամ Անդրանիկ Պետրոսի հետ: Ունեցած եմ երկու դուստր՝ Արփինէ եւ Ալիսիա: Ներկայիս կ’աշխատիմ տան մէջ՝ նորոգութիւն ընելով:

 Շնորհակալ եմ Տիրոջ, որ Բեթէլ դպրոցին մէջ ստացայ կրթութիւնս, սիրեցի մայրենի լեզուն, մշակոյթս ու հարուստ գիտելիքներ ձեռք բերի Սուրբ Գիրքէն: Կը յիշեմ, որ ամէն օր դասապահէն առաջ կ’ուղղուէինք դէպի եկեղեցի՝ լսելու օրուան հոգեթով պատմուածքը եւ կարդալու սաղմոսը ապա անցնելու դասարան: Ես անձնապէս շատ հպարտ եմ, որ այս դպրոցին մէջ հայերէնը սիրած եմ, կարդալ ու գրել սորված եմ եւ մինչեւ օրս կը պահեմ իմ մայրենին:

Նորա Սապունճեան: Ծնած եմ Հալէպ, 1 Յունուար 1969-ին: Ամուսնացած չեմ: Մայրս՝ Ֆարիտա մարտինցի է, հայրս՝ Գէորգը անթապցի: Բեթէլ վարժարանէն ետք, պաքալորիա ուսումս աւարտեցի եւ աշխատեցայ Հալէպի ֆրանսական վարժարանին մէջ։ Այժմ, կ’ապրիմ տարիքոտ մօրս հետ՝ զինք խնամելով մեծ հոգատարութեամբ: Դպրոցական յիշատակներս շատ են՝ տարիներ պատմելով չի վերջանար։ Շատ բաներ սորվեցուց ինծի պրն. Վարդանը, սակայն, խիստ ըլլալուն համար չէի ուզեր մասնակցիլ հայերէնի դասերուն: Պրն. Վարդանին քաջալերանքով հայերէն դասերուն մասնակցութիւնս բերի։ Այսօր ալ իր խօսքերը կը յիշեմ երբ ըսաւ.—Աղջիկս այս քու մայր լեզուդ է եւ քեզի պէտք պիտի ըլլայ օր մը:

Մեր մանկութեան ժպիտները Բեթէլ դպրոցի պատերուն վրայ ներկայ են տակաւին։ Շատ շնորհակալ եմ Դանիային, Նուպարին ու Մկոյին, որ մեզ միացուցին այսքան երկար տարիներ ետք։ Շատ շնորհակալ եմ մեր ուսուցիչներուն եւ մեր Բեթէլ դպրոցին, ուր հայեցի իրաւ կրթութիւն։

Դասընկերներու հանդիպում Հալէպի մէջ, 15 օգոստոս 2024: Ձախէն աջ – Գրիգոր Մերճանեան, Ռիմօն Ղազի, Նորա Սապունճեան, Թալին Ապաճեան, Մարալ Էվրէճէքեան-Քզիրեան, Սեդա Պալգէորգեան-Ալաճաճեան:

Հայաստան

Աւետիս Օհանեան: Ծնած եմ Հալէպ, 6 յունուար 1969-ին: Քիլիսցի եմ: Հայրենադարձ եմ եւ ներկայիս կ’աշխատիմ ինքնաշարժի թեքնիք սպասարկման մէջ, Երեւան: Ամուսնացած եմ Արեւիկ Խուդիեանի հետ: Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ մեր ուսուցչական կազմին: Երազանքս է, որ բոլոր դասընկերներով հանդիպինք Հայաստան, հայոց աշխարհի մէջ: Սիրում եմ բոլորիդ:

Մարիա ճրճըրեան-Տէկիրմենճեան: Ծնած եմ Հալէպ, 1969-ին: Այնթապցի եմ: Բեթէլ վարժարանէն ետք շարունակած եմ ուսումս աղջկանց «Տիմաշք» դպրոցը: Դպրոցի տարիներուն, որպէս ուսանող եղած եմ տիպար եւ հոգատար իմ ընկերներուս եւ դպրոցիս հանդէպ: Ամուսնացած եմ եւ ունիմ երեք զաւակ. շատ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ ինծի  պարգեւած է այսպիսի ընտանիք: Միշտ կը փորձեմ զաւակներուս հանդէպ ըլլալ հոգատար եւ ընկերային: 1 ապրիլ 2023 էն ի վեր, ընտանիքիս հետ հաստատուած եմ Հայաստան: Իբրեւ յուշ Բեթէլէն, ես մեծ սիրով կը յաճախէի դպրոց եւ տպաւորուած եմ առաւօտեան պաշտամունքներով եւ սաղմոսներով: Մեծ ընտանիք մը ունեցած եմ դպրոցին մէջ՝ ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ, որոնք  մեր մէջ կը սերմանէին հոգատարութիւն, հայրենասիրութիւն եւ Աստուածավախութիւն: Տարիներ անց, ընկերային հարթակներու վրայ այսօր մենք վերստին կը միանանք՝ շնորհիւ Դանիային ստեղծած կապին:

Համեստուհի Ներսէսեան: Ծնած եմ Հալէպ, 29 հոկտեմբեր 1968-ին: Արմատներով՝ Ուրֆացի: Աւարտած եմ Հալէպի հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանը, 1981-ին: 1989-ին, ամուսնացած եմ Վահէ Թանկուգեանին հետ եւ ունիմ 2 մանչ եւ 1 դուստր: Տղաքս՝ 33 եւ 27 տարեկան են արդէն, իսկ աղջիկս՝ 30 տարեկան, ամուսնացած է եւ ունիմ մանչ թոռնիկ մը: 2014-ին, հաստատուած եմ Հայաստան: Կ’ապրիմ Երեւան եւ ունիմ իմ կայուն աշխատանքը՝ հրուշակեղէն «Patisserie Hamy’s Sweet»-ը:  Բեթէլ դպրոցի 1981-ի հանդէսի յուշերէս մէկը այն է, որ մենք ունեցանք պրն. Վարդան Սվաճեանի ղեկավարութեամբ խմբային արտասանութիւն մը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Մի Կաթիլ Մեղր» հեքիաթը, ուր իմ բաժինս էր բարձրաձայն ըսել.- «Հասէ՜ք, օգնեցէք…մեռած հօ չէք, սպանեցին մեր գուղացուն…»: Երբ իմ բաժինս հասնէր, պրն. Վարդան բարկանալով կ՛ըսէր.- «Ներսէսեա՛ն բարձրացուր ձայնդ…աւելի բարձր…»: Մանկութեան յուշերս խօսք առին ահա, ու մենք վերամիաւորուած սկսանք իրարու պատմել մէկիկ-մէկիկ մեր բոլոր յիշատակները: Շատ ուրախ եմ, որ աւարտած եմ Բեթէլ վարժարանը՝ իր աղօթքով եւ մեր սիրելի ուսուցիչներու ջամբած կրթութեամբ: Ուրախ եմ այսօր որ գտած եմ իմ մեծ ընտանիքը՝ դասընկեր-դասընկերուհիներս: Սիրում եմ բոլորիդ:

Արշալոյս Պոյաճեան: Ծնած եմ Հալէպ, 11 մարտ 1966-ին: Արմատներով՝ Ուրֆացի: 1981-ին, աւարտած եմ Բեթէլ: Ամուսնացած եմ 1966-ին, բախտաւորուած եմ 2 զաւակներով:  2019-էն ի վեր հաստատուած եմ Հայաստան:

Մարինա Այնթապլեան-Փալանճեան: Ծնած եմ 1 հոկտեմբեր  1968-ին: Աւարտած եմ Բեթէլ Վարժարանը, սակայն որոշ պատճառներով ուսումս չեմ շարունակած: Ամուսնացած եմ 1986-ին: Ունիմ 1

Դասընկերներու հանդիպում Երեւանի մէջ, 14 օգոստոս 2024: Ձախէն աջ – Աւետիս Օհանեան, Մարինա Այնթապլեան, Լենա Գազանճի, Համեստուհի Ներսէսեան, Արշալոյս Պոյաճեան, Մարիա Ճրճրեան:

դուստր եւ 2 մանչ: 2012-ին, ընտանեօք տեղափոխուած եմ Լիբանան, ուր բնակած եմ 8 տարի, որմէ ետք տեղափոխուած եմ Հայաստան, ուր արդէն 5 տարիէ կ’ապրիմ:  Դպրոցական օրերը անմոռանալի օրեր եղած են ինծի համար: Ի՜նչքան կը փափաքէի ուսուցչուհի ըլլալ…այդ երազս իրականացաւ տղուս

անգլերէնի ուսուցիչ ըլլալով: Զաւակներս ուսանեցան: Դպրոցի օրերէն չեմ կրնար մոռնալ այն խիստ ուսուցիչը, որմէ կը վախնայինք բոլորս: Եղբայրս, որ նոյն դասարանն էր ինծի հետ, արաբերէնի մէջ տկար էր եւ յաճախ կը մոռնար կէտերը դնելու, որուն հետեւանքով ալ բարկութիւն կամ ծեծ կ՛ուտէր, եւ այս դէպքը ինծի համար շատ ցաւալի էր: Կը հասկնամ. սորվեցնելու նպատակով յանդիմանութիւնը տանելի է, բայց զարնելը՝ սրտի ցաւ:

(շարունակելի)

Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Ա. մաս)

43 տարիներ անցած են այն թուականէն, երբ Հալէպի հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի 1981 տարեշրջանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն հունձքը հրաժեշտ տուաւ իր դասարանին, սակայն 43 տարիներու հեռաւորութիւնը չէ յաջողած մոռցնել հաճելի եւ լուսաւոր անցեալը: Վերամիացած, այդ տարուան շրջանաւարտները այսօր կազմած են «1981-ի խմբակը»: Սակայն, ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ վերամիաւորման գաղափարը, ո՞վ էր նախաձեռնողը եւ որո՞նք գործակցեցան այս խմբակի կազմութեան աշխատանքներուն, եւ տակաւին ի՞նչ ջանքեր թափուեցան յաջողութեամբ պսակելու 1981-ի 32 շրջանաւարտներուն փնտռտուքը. աւարտական դասարանի խմբային նկարը կը մնար զիրար յիշելու եւ գտնելու գլխաւոր միջոցը:

Խիստ գովելի նախաձեռնութիւն մը եւ յատկապէս վերամիաւորումը երբեմնի 12 տարեկան աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք արդէն ծնողք դարձած են իրենց  25-30 տարեկան զաւակներուն:

Հոս կը մէջբերեմ մեր զրոյցին մասնակից Փրոֆ. Արա Սայեղի խօսքը.- «Նման համացանցային համախմբում մը, նոյնիսկ իր պարզութեամբ, հայապահպանումի գործնական թիրախը մը ունի՝ մեր կենսապատումի համայնապատկերը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու, շարունակականութիւնը ամրապնդելու նպատակով։

Համխմբումի, միաւորումի հիմնական ու ներգործող համոզումը միասնական ըլլալու կամքն է։ Այս համեստ խմբակի՝ Հալէպի հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի 1981 տարեշրջանը աւարտած աշակերտները երկար տասնամեակներէ ետք կարողացան այդ կամքը գործնականացնել»։

 * * *

Ալօ՜… բարեւ … Դանիան է խօսողը… ու միայն կարելի է ըսել, թէ ի՜նչ ուրախութիւն կար անոր խօսքին մէջ. մէկ շունչով կարծես կ՛ուզէր պատմել…Յաջորդող տողերուն ընդմէջէն դո՛ւք նոյնպէս սիրելի ընթերցող պիտի ապրիք խմբակին ստեղծման պատմութիւնը՝ Դանիային ոգեւորիչ խօսքերով: Ան կը պատմէ. –

«Յունիսի սկիզբը մտքիս մէջ ծնաւ Հայ աւետարանական Բեթէլ դպրոցի 1981 թուականի մեր դասարանի դասընկերներուն հետ կապ հաստատելու գաղափարը՝ նուազագոյնը առցանց համախմբուելու եւ վերյիշելու մեր անմեղ մանկութեան անդարձ օրերը։ Բայց անպայման օժանդակութեան կարիքը ունէի գտնելու եւ համախմբելու դասընկերներս ու գործնականացնելու ծրագիրս:

Անմիջապէս կապ հաստատեցի Բեթէլ դպրոցի դասընկերներէս՝ Նուպարին եւ Մկոյին, որոնք ֆէսպուքի ընկերներս էին:  Երկուքն ալ խանդավառուած, քաջալերեցին գաղափարը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին զայն իրականութիւն դարձնելու։ Երախտապարտ եմ անոնց քաջալերանքին: Պէտք է ըսեմ, որ Մկոն քայլ առ քայլ մինչեւ օրս իր մեծ  ներդրումը ունեցաւ այս համախմբումը կեանքի կոչելու եւ յաջողեցնելու։ Կարելի չէ մոռնալ Գոգոյին օգտակար դերը յատկապէս ՖՊ-ի վրայ սեփական էջ չունեցող դասընկերները գտնելու Հալէպի մէջ։ Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ իւրաքանչիւր  դասընկեր իր զգալի մասնակցութիւնը ունեցաւ ուրիշ դասընկեր մը գտնելու եւ այս խմբակին միացնելու: Այս ձեւով ընթացք առաւ մեր դասընկերներու փնտռտուքը: Խմբակին առաջին միացողները եղան Սեդան, Մարիա Ճրճըրեանը, Յակոբը եւ Նուպարը, որոնց զաւակներուն ուսուցչուհին եղած էի: Յաջորդ միացողները եղան Համեստը, Արտան, Մարալ Ջուխատարեանը եւ Ժագլինը, որոնք դարձեալ իմ ՖՊ-ի ընկերուհիներս են։

Դանիա կը շարունակէ. «Կ’արժէ՞ գրել այս մասին, ի՞նչ կ’ըսես Շաքէ», – «Այո՛, այո»:

Եւ առաջարկը ընդառաջելու հետեւողական աշխատանքը չուշացաւ, որ երբեմնի աշակերտ-աշակերտուհիներ գրեն իրենց 43 տարիներու համառօտ պատմութիւնը: Մեծ աշխատանք էր 25 անձի պատմութեան հաւաքումը, ես պիտի ըսէի՝ նուիրական աշխատանք. իւրաքանչիւրին հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնել, ել նամակներով կատարուած գրառումները փոխանակել, համադրել, բաց թողուած եւ որոշ տեղեկութիւններու ստուգումը կատարել, ապա մշակել բովանդակութիւնը ու զայն պատրասել հրապարակման՝ Տարբերակ21 հարթակին միջոցով:

Այսօր, կարելի եղած է 25 հոգի վերամիաւորել. ցաւօք անոնց դասընկերուհիներէն մէկը մահացած: Անոնցմէ  7-ն կ՛ապրի Հալէպ, 5-ը հաստատուած է Հայաստան, ոմանք հեռաւոր ափեր՝ Աւստրալիա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, ոմանք ալ Եւրոպա:  Այսպէս.-

 Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանի 1981-ի 24 շրջանաւարտները կը գրեն.-

 Գերմանիա

Բեթէլի յարկին մէջ ծիլ առած արմատներս հասակ առնելով՝ շրջանաւարտ դարձան 1981-ին եւ ծնունդ տուին Սասունցի խիզախ, ինքնավստահ երիտասարդ Երուանդ Արթինին: Այո՛ այն կերտուած Երուանդն եմ այսօր, որ 43 տարիներ շարունակ ամէն փոթորիկի դիմաց արմատը հաստատուն եւ կառչած կը մնայ իր անցեալին, ու ճիւղաւորուելով այսօր հասած ու հաստատուած է Գերմանիոյ Հայտըլպըրկ քաղաքը, ապրիլ 2014-էն ի վեր: 30 տարի է արդէն կազմած եմ իմ ընտանիքս եւ հայր եմ երեք զաւակներու: Հալէպի մէջ յաջող գործատէր ըլլալէ ետք, այժմ կ՛աշխատիմ ինքնաշարժ նորոգելով (mechanist): Երէկուան պէս կը յիշեմ այդ խանդավառ օրերը, մանաւա՛նդ հայերէնի ուսուցիչ պարոն Վարդան Սվաճեանին բարակ եւ սուր 40-50 սմ. երկարութեամբ գաւազանը, որ հովին մէջ երբ շարժէր, անոր ձայնէն արդէն կը սոսկայինք, ալ ուր մնաց, երբ հարուածը ձեռքերուս պիտի իջնէր.«ձեռքդ բա՛ց» նախադասութիւնը մահուան դատավճիռ էր կարծես: Գաւազանը ձեռքիս չիջած, ցաւը սրտիս մէջ կը զգայի եւ ձեռքերս ինքնին թողալու կը սկսէին: Մղձաւանջ դարձած այդ գաւազանէն օր մը որոշեցի ազատիլ եւ ազատել զիս ու ընկերներս: Հետապնդեցի պարոնին պահած տեղը եւ յաջորդ օր դպրոց կանուխ երթալով՝ արագ մը ուսուցչարանի պահարանէն առի եւ կոտրեցի ու թափեցի: Քանի մը օր հարց ու փորձէ ետք, դժբախտաբար պրն. Վարդանը նոյն գաւազանէն բերաւ եւ այդպէս յաղթանակս կրկին պարտութեան վերածուեցաւ, սակայն ո՜վ գիտէր, որ 30 տարիներ ետք նոյնինքն խիստ պրն. Վարդանը մօտիկ ընկեր պիտի դառնար ինծի եւ անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենայի զինք վայելելու բոլորովին այլ կերպով:

«Կեանքի տաղտուկներուն խառնուելով, ոչ մէկուն հետ կապ պահած եմ… որքա՛ն կը ցաւիմ տարիներ ետք միայն իմանալուս, թէ մեր դասընկերուհին՝ Դանիա Հապիպ – Սայէղը, Հալէպի Կիւլպէնկեան դպրոցին մէջ իմ զաւակներուս անգլերէնի ուսուցչուհին եղած է եւ նոյնիսկ կնոջս ծանօթ, բայց երբե՛ք ես ու ան չենք գիտցած եւ չենք ալ հանդիպած իրարու, եւ հիմա այս գեղեցիկ ծրագրին շնորհիւ եւ նկարներուն ընդմէջէն բացայայտուեցաւ մեր հին ընկերութիւնը: Այս առիթով, շնորհակալ եմ սիրելի Բեթէլին, որ ձե՛զ սիրելիներ, իմ կեանքիս ամենակարեւոր մասնիկներէն բաժին մը դարձուցած է եւ կրկին անգամ մանկական յուշերը վերապրելու առիթը տուած է բոլորիս:

 Աւստրալիա

 Յակոբ Սուսանի: Ծնած եմ Հալէպ: Բեթէլ աւարտելէս ետք յաճախած եմ Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Ամուսնացած եմ եւ բախտաւորուած 2 մանչ զաւակներով: Սուրիոյ պատերազմի օրերուն տեղափոխուած ենք Լիբանան: Այժմ, հաստատուած եմ Աւստրալիա եւ կ՛աշխատիմ, որպէս traffic controller: Կինս եւ մեծ տղաս նոյնպէս կ՛աշխատին: Փոքր տղաս Սպանիա պիտի մեկնի` ֆութպոլի խումբի միանալու: Իմ անմոռանալի յուշերէս դէպք մը պատմեմ, զոր բնաւ չեմ մոռնար…Նոր Տարուան շրջանն էր եւ ես 3-րդ դասարան էի եւ կ՛ուզէի զէնք մը ունենալ, բայց հայրս ի վիճակի չէր գնելու զայն: Ուրեմն, ուսուցչուհիս՝ օրիորդ Մարիէթը, երբ լացս տեսաւ, ինքը գնեց զէնքը: Ես արմատներով սասունցի եմ: Շատ շատ ուրախ եմ, որ 43 տարի ետք կը վերամիանամ 1981 թուականի շրջանաւարտ դասընկեր-դասընկերուհիներուս:

 Լեհաստան

 Դանիա Հապիպ-Սայեղ: Ծնած եմ Հալէպ, 1969-ին։ 2012-էն ի վեր ընտանիքիս հետ կ՛ապրիմ Լեհաստան: Երկու մանչերու մայր եմ։ Հօրենական արմատներս Տիգրանակերտէն են։ Աւարտած եմ Հայ աւետարանական Բեթել վարժարանը 1981-ին, ապա ՔԵԱ Ճեմարանը՝ 1987-ին։ Բարձրագոյն կրթութիւնս աւարտած եմ Հալէպի Համալսարանի անգլերէն լեզուի գրականութեան բաժանմունքէն։ Մօտ 15 տարի, իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի պաշտօնավարած եմ Հալէպի Ազգ․ Հայկազեան վարժարան աղջկանց բաժին, ապա Ազգ․ Կիւլպէնկեան նախակրթարաններուն մէջ, իսկ լեհաստանի մէջ ալ ուսուցչական ասպարէզը շարունակած եմ մօտ հինգ տարի, իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի։ Ներկայիս իմ առօրեաս, ընտանիքիս կողքին, կը լեցնեմ հայկական փոքր կարպետներու-գորգերու դասընթացքներ տալով եւ ցուցահանդէսներով։ Բեթել դպրոցէն կը յիշեմ նարնջագոյն յատկանշական գոյնով volkswagen օդոքարի առաւօտեան մեր տունէն դէպի դպրոց ամէնօրեայ հաճելի պտոյտը: Մեր դպրոցի օդոքարին բարի վարորդն էր Սարգիս Աթաշեանը։ Շատ տպաւորուած եմ, որ այդ հաճելի պտոյտէն ետք, ամէնօրեայ գոհաբանական առաւօտեան աղօթքի կը մասնակցէինք, ապա կ՛անցնէինք մեր դասերուն։ Ինչպէս չյիշեմ մեր հայերէնի ուսուցիչը՝ շատ բարի բայց խստապահանջ պրն․ Վարդան Սվաճեանը։ Մեծ ուրախութեամբ ալ նշեմ, որ Բեթել դպրոցի իմ 7 դասընկեր-դասընկերուհիներուս՝ Նուպարին, Սեդային, Երուանդին, Մարիային, Յակոբին, Թալինին եւ Արշոյին զաւակներուն ուսուչուհին եղած եմ։

Մեծ է երջանկութիւնս, երբ երկար չորս տասնամեակներէ ետք դարձեալ կրցանք միանալ մեր դասընկերներուն, ու մանկանալով՝ վերյիշելու մեր անցած անմեղ եւ անվերադարձ դպրոցական օրերը։

 Հոլանտա

 Նուպար Ազոյեան: Ծնած եմ Հալէպ, 1967-ին: Աւարտած եմ Բեթել դպրոցը, 1981-ին: Արմատներս սասունցի են: Նախակրթարանէս ետք աշխատած եմ քանի մը գործ՝ ոսկերիչ, ադամանդագործ, ապա վարսայարդարութիւն, զոր սորված եմ Պէյրութի մէջ Փոլ Այվազեանի քով, 1990-ին: Ներկայիս վարսայարդար եմ: Ամուսնացած եմ 1997-ին, եւ կնոջս՝ Սօսիին հետ ունինք մանչ մը՝ Անդօ, 24 տարեկան: Մարտ 2013-ին, ընտանեօք հաստատուած եմ Հոլանտայի Tschüss քաղաքը: Դպրոցական օրերէն կը յիշեմ, որ մեր Բեթէլ դպրոցը պատշգամ մը ունէր, որուն երկաթէ դռան ապակին կոտրուած էր: Տնօրէնութիւնը այդ ապակին փոխել տուաւ եւ, ինչպէս ծանօթ է, ապակին կը հաստատուէր խմորով, որ ժամանակ մը վերջ կը քարանար: Մենք չարուկ տղաք էինք` ես, Մովսէս Սարգիսեանն ու Ռիմօն Ղազին, ոստի պզտիկ մատիտ մը մխրճեցինք այդ խմորին մէջ՝ այն մանկական մտածումով, որ պայթուցիկ տինամիթ է եւ հինգ երկվայկեանէն պիտի պայթի…մինչեւ այսօր կը յիշեմ այդ մանկական չարութիւնս եւ կուշտ ու կուռ կը խնդամ:

(շարունակելի)

Վարշաւայի մէջ «Ազերպայճանի բազմամշակութային ինքնութեան» ցուցահանդէսը եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ այրերու ապիկարութիւնը

Տարբերակ21 հարթակի խմբագրութիւնը հետագայ գրութիւնը ստացաւ փրոֆ. Արա Սայեղէն՝ հրատարակութեան խնդրանքով:

          «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազերպայճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին [1] բացումը կատարուեցաւ 24 Մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք՝ Վարշաւայի կեդրոնը, զբօսաշրջիկներով լեցուն պատմական ամենապանծալի Քրաքովսքիէ բժէտմիէշչէ Krakowskie Przedmieście թաղամասին մէջ գտնուող (L’église des Visitandines – St. Joseph of the Visitationists) եկեղեցւոյ մայր մուտքին դիմաց, որ աչքագրաւ վայր մըն է քարոզչական ծրագիրներ եւ ցուցադրական արշաւներ իրագործելու, հանրային տեսանելիութիւնը հրապուրելու ու հասարակութեան ուշադրութիւնը ներգրաւելու:

Պատկերակալներու վրայ ներկայացուած լուսանկարները՝ անոնց վրայ գտնուող լուսաբանական տեղեկութիւններն ու պատմական մանրամասնութիւնները յաջորդող երկու շաբաթներու ընթացքին՝ մինչեւ 7 Յունիս բացօթեայ երկինքի տակ հետաքրքրուող անցորդներուն, եկեղեցւոյ այցելուներուն եւ մանաւանդ զբօսաշրջիկներուն առիթ ընծայեցին ծանօթանալու այդ երկրի քրիստոնէական մշակոյթի ժառանգութեան:

Խաբուսիկ վերնագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը ներկայացուած էր  պատմական անվաւերականութեամբ եւ ահռելի անպարկեշտութեամբ՝ անվստահութեան եւ կասկածի տրամադրութիւններ առաջացնելով արցախեան պատմամշակոյթի եւ հայու կրօնամշակութային ինքնութեան նկատմամբ։ Այս ցուցահանդէսը կանխամտածուած  յարմարագոյն քարոզչական ծրագիրն է մոլորեցնելու (manipulation) ու հաւատացնելու Լեհաստանի հասարակութիւնը, որ  ընդհանրապէս անտեղեակ է վերոնշեալ ցուցահանդէսի վերնագրի պատմական բովանդակութենէն։

Ակնառու էր լուսանկարներու տեղեկութիւններուն ընդմէջէն ներկայացուած քրիստոնէական այդ ժառանգութիւնը՝ եկեղեցիները եւ կրօնական վայրերը իբր թէ կը պատկանին՝ ալպանացիներու, աղուանական արմատներով, ուտիական քրիստոնէական մշակոյթին։ Իսկ կազմակերպիչներու միտումով՝ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ այդ երկրի քրիստոնէական պատմական հնագոյն հոգեւոր կապերու հարազատ արտացոլումը: Մէկ խօսքով պատմական խեղաթիւրում է՝ յօրինուած կեղծիքի ու խաբէութեան, խեղկատակութեան նախերգանք մը։

Գիտական ապացոյցերէ եւ հիմքերէ հեռու այս ցուցահանդէսը, հիասթափեցնող  պատմակեղծարարութիւնը լայնածիր անարգական բաց մը կը թողէր: Ոտնահարուած էր իսկական իրաւատիրոջ եւ տեղացի հայ բնակչութեան  անվիճելի դարաւոր ներկայութիւնը, անտեսուած էին հայ հոգեւոր ինքնութեան խորհրդանիշերը, հոգեբարոյական արժէքները եւ մանաւանդ՝ հայ քրիստոնէական հոգեւոր եւ մշակութաբանութեան, ստեղծագործութիւններու դարախորհուրդ ժառանգը։ Այս ծրագիրը Ազերպայճանի կողմէ որդեգրուած օրէցօր ընդլայնուող «աղուանականացման» քաղաքականութեան փոքրածաւալ մէկ մանրանկարն է Լեհաստանի մէջ։ Նպատակ ունէր հերքելու, ուրանալու եւ աղաւաղելու հայու հոգեւոր պատկանելիութեան պատմական իրողութիւնը, միջազգայնացնելու պատմական կեղծիքները, ուր արուեստագէտ ու մշակութակերտ հայ ժողովուրդը այդ հողի դարերու իրաւատէրն ու սեփականատէրն է։

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչներն են՝ Վարշաւայի մէջ Ազերպայճանի հակահայ ծրագիրներու հմուտ դեսպանուհին՝ Նարկիզ Գուրպանովան, որ վարժութիւնը ունեցած էր նոյնպէս հակազդելու, խոչնդոտելու ու յատկապէս արգիլելու նախընթաց այլ հայանպաստ ծրագիրներ [2][3], եւ Պաքուի բազմամշակութային միջազգային կեդրոնի գործադիր տնօրէն՝ Ռավան Հասանովը եւ «Հայտար Ալիէւ»ի հիմնադրամը։ Ցուցահանդէսի բացման՝ վերոյիշեալներու կողքին ներկայ եղած է ազերիական պատուիրակութիւնը, այսպէս կոչուած՝ ալպանա-ուտիական քրիստոնէական համայնքի նախագահ՝ Ռոպերթ Մոպիլին, Քրիստոնէական կրօնական համայնքի նախագահ Ռասիմ Խալիլովը եւ այլք։

Պատմական աղաւաղումի կողքին հակահայ քարոզչական ժխոր մը ստեղծելու միտումը զգալի էր կրօնական (ան)հանդուրժողութիւններով ունակ այդ երկիրը. «Ազերպայճանի մէջ մենք հպարտ ենք այն փաստով, որ ազգային բոլոր փոքրամասնութիւններու  ներկայացուցիչները կ’ապրին խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ, ինչպէս ստուար  մէկ ընտանիք մը», ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին ընդգծած է Լեհաստանի մէջ Ազերպայճանի դեսպանուհին [1]։

Բնականաբար լեհական եւ հայկական մամուլը անդրադարձաւ Վարշաւայի մէջ  կազմակերպուած հակահայ այս ցուցահանդէսին։ Լեհական լրասփիւռներէն մէկը «Agencja Informacyjna» [4] հրապարակած էր մշակութաբան, «Բնօրրան» պատմամշակութային կազմակերպութեան փորձագէտ, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս, monumentwatch.org կայքի աշխատակից Արմինէ Տիգրանեանի յօդուածը, ուր Ա․ Տիգրանեան խստօրէն դատապարտած էր այս ցուցահանդէսին նպատակը, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացումն է, միջազգային բազմալեզու հարթակներու վրայ ապատեղեկատւութեան տարածումը, եւ մանաւանդ Ազերպայճանի կողմէ հայկական ժառանգութեան հակահայ քաղաքականութեան բացայայտումը։ Ա․ Տիգրանեան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած էր, որ գործնական քայլերու ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ։ Մամուլի գործակալութիւններու, լրատուական հարթակներու վրայ լոյս տեսան լեհերէնով զանազան վերնագիրներ ինչպէս՝ «Ազերպայճանը կը վերաշարադրէ պատմութիւնը, հայկական եկեղեցիները վտանգուած են» [5] եւ այլն։

ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։

Ազերպայճանի իշխանութիւններու հայկական պատմական փաստերը շահարկելու, հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը, բռնաիւրացումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը, ծրագրուած չարաշահումներու ուղեծիրը վաղեմի է բոլորիս, ծանօթ է նաեւ, Լեհաստանն ալ հակահայ քարոզչութեան հերթական արգաւանդ շուկայ մը դարձնելու նախագիծերն ու նուաստ  միտումները։ Կարելի է այդ մէկը կռահել ցուցահանդէսի բացման հրաւիրեալներէն, ի միջի այլոց՝ կաթոլիկ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան այրերու եւ Լեհաստանի խորհրդարանի ազերամէտ երեսփոխան՝ Բաւէլ Քովալի ներկայութենէն։

Հրատապ կարիքը կը զգանք լուսարձակի տակ առնելու անհամատեղելի, անբացատրելի ու յատկապէս հանելուկային, մրոտ օղակ մը՝ Լեհաստանի կաթոլիկ հոգեւորականներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներգրաւումը այդ հակահայ շահարկման մէջ։

  • Անմեկնելի է լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ վերնախաւի, իշխանաւորներու օժանդակութիւնը, համագործակցութիւնը եւ եկեղեցւոյ տարածքը տրամադրելու պատրաստակամութիւնը: Ինչպէ՞ս ընկալել Լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Վարշաւայի առաջնորդին՝ ծիրանաւոր Քաժիմիէժ Նիչի օգնական Միխալ եպս․ Յանոխայի ներկայութիւնը։
  • Տեղին է յիշել, մօտ ութ տարի առաջ Միխալ եպս․ Յանոխան խումբ մը լեհ հոգեւորականներու հետ այցելած է Արցախ՝ սրբավայրերու մէջ պատարագներու մասնակցած է [6]։ Ցուցահանդէսի համագործակցութենէն կարելի է կռահել թէ այդ հոգեւորականները զաւեշտային սեւ ցանկի վրայ չեն, ներում ստացած ըլլալու են այդ երկրի իշխնութենէն, հայկական Արցախ իրենց «ապօրինի այցելութեան յանցանք»-ին համար «անբաղձալի անձերու» ցուցակին մէջ ընդգրկուած չըլլալով։
  • Անըմբռնելի է հոգեւորական՝ Փրոֆ․ հայր Վալտեմար Չիսլոյի մասնակցութիւնը։ Քանիցս Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Յորդանան եւ այլուր այցելած այս լեհ հոգեւորականը, որ «Կարիքաւոր եկեղեցւոյ օգնութիւն» ծրագրի ղեկավարն է՝ քաջածանօթ է Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու տագնապներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Նոյն այս հոգեւորականը Վարշաւայի մէջ «կարտինալ Ստեֆան Վիշինսքիի անուան Աստուածաբանական կաթոլիկ համալսարան»-ի կրօնական ազատութիւններու հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէնն է։ Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին Չիսլօ իր խօսքին մէջ ըսած է՝ «Ազերպայճանը կը փորձէ տարբեր կրօններու միչեւ երկխօսութեան օրինակ դառնալ։ Մենք կը խօսէինք Լիբանանի մասին՝ այդ գեղեցիկ երկրի մասին, ուր քրիստոնեաներն ու մահմետականները իրարու հետ ներդաշնակ կ՛ապրին, այսօր Ազերպայճանը մեզի ցոյց կու տայ այդ ներդաշնակութեան հանգամանալից օրինակը» [1]։

Վարշաւայի մէջ «Կարտինալ Ստեֆան Վիշինսքիի անուան Աստուածաբանական կաթոլիկ համալսարան»-ին մէջ իրենց կրօնական ուսումը կը ստանան Հայաստանէն ժամանած չորս հիանալի հայ երիտասարդներ, որոնք ապագային հայրենիքի մէջ պիտի նուիրուին հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Այդ նոյն Աստուածաբանական կաթոլիկ համալսարանի մէջ դասախօս է նաեւ Փրոֆ․ հայր Յուզեֆ Նաումօվիչը, որ միեւնոյն ժամանակ լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հոգեւոր հայրն է։

  • Մասնաւորաբար աննախատեսելի եւ տխուր է տեսնել խաբուսիկ վերնագրով այս ցուցահանդէսի մասնակիցներուն մէջ «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի անդամ  Հայր Ալեքսանտր Սենիուքի անունը։ Իսկ նշեալ հիմնադրամի խորհուրդի նախագահն է նոյնինքն Լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Վարշաւայի առաջնորդ՝ կարտինալ Քաժիմիէժ Նիչը։ Հայր Ալեքսանտր Սենիուքի կազմակերպչական օժանդակութեան համար Ազերպայճանի դեսպանուհին իր շնորհակալական խօսքին մէջ վկայած ու դրուատած է այդ հոգեւորականը։
  • Անհասկնալի է հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգատարութեան կոչուած բարձրաստիճան հոգեւորականներու վարմունքը, որ կարողացած են նման կեղծաւոր միտումով ցուցահանդէսի մը կազմակերպիչներուն հետ համագործակցելով պատմական կեղծիքի սատարողներն ու այդ կեղծիքներու տարածման մասնակիցները դառնալ։

Եթէ այդ հոգեւորականները անտեղեակ են պատմական ճշգրիտ իրողութիւններէն, արդէն այդ մէկը, բարեկրթութեան բացակայութիւն է՝ անվայելչութեան սահման: Իսկ եթէ անոնք կը փափաքին նման կեղծ ու անհեթեթ կրօնական երկխօսութեան մը համագործակցողները դառնալ, կամ ըստ իրենց՝ հաւասառակշռուած էքումենիզմի մէջ դերակատարներ ըլլալ, նախ այդ մէկը պէտք է իրատեսութեան, կշռադատող եւ իրաւացի հիմքերով ու խոհեմութեամբ հիմնաւորուած ըլլայ։

  • Կաթոլիկ հոգեւորականներու այս անվայելուչ արարքը, ոչ միայն խորապէս վիրաւորած է իրաւատէր՝ արցախահայութիւնը, համայն հայութիւնը, այլեւ արհամարհած է լեհահայ համայնքի բազմադարեայ ներկայութիւնը Լեհաստանի մէջ։

ԼԵՀԱՀԱՅ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցին պատմականօրէն իբրեւ հայ կաթոլիկութեան առաջին անկախ կառոյց, հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ թեմի ինքնանկախ կարգավիճակ ունեցած է, այլ խօսքով հայ կաթոլիկ պատրիարքութեան թեմերու մաս չէ կազմած։ Սակայն լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ իրողութիւնը կը շրջուի երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք։ Մանաւանդ Լվովի մէջ լեհահայ կաթոլիկ վերջին թեմակալ առաջնորդին, երկարատեւ գահակալութեամբ յատկանշուող (1901-1938), բարեհամբաւ Յուզեֆ Արք․ Թէոտորովիչի (1864-1938) մահէն ետք, երբ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմանները փոփոխութեան կ’ենթարկուին, փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները։ Ուստի ինչպէս բոլոր լեհերը, նոյնպէս տեղւոյն լեհահայերն ալ կը լքեն Լվովն ու յարակից շրջաններու լեհահայ կաթոլիկ թեմի բազմաթիւ եկեղեցիները, կալուածները ու կը հաստատուին ներկայ Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն եւ մարզերուն մէջ։

Նկատի առնելով որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Լեհաստանի նոր սահմաններու տարածքին վրայ հաստատուած հայ կաթոլիկ եկեղեցին, իբրեւ արեւելեան ծիսակատարութեան պատկանող հաւատացեալներու կառոյց, զրկուած էր սեփական առաջնորդութենէն, ինչպէս էր պարագան բոլոր արեւելեան ծիսակարգերու պատկանող հաւատացեալներուն։ Հռոմի աթոռը, առաջնորդութիւն չունեցող բոլոր ծիսակարգերուն, ինչպէս՝ լեհահայ կաթոլիկ ծիսակարգին պատկանող հաւատացեալներուն հոգատարութիւնը կը վստահի Լեհաստանի տեղական Հռոմէապատկան եկեղեցւոյ առաջնորդութեան խնամքին եւ վարչական խնամատիրութեան։ Ուստի լեհահայ կաթոլիկ ծիսակարգն ալ անմիջականօրէն կ՛ենթարկուի տեղւոյն լեհ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան։

Պատմական հերթականութեամբ լեհահայ կաթոլիկ ծիսակարգի խնամատարութիւնը վստահուած էր լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, ծիրանաւորներ՝ Աուկուսթ Հլօնտ (August Hlond), Սթեֆան Վիշինսքի (Stefan Wiszyński – 1957-1981), Յուզեֆ Կլեմբ (Józef Glemp – 1981-2007) եւ 2007 Յունիս 9 էն սկսեալ Վարշաւայի կաթոլիկ առաջնորդ ծիրանաւոր՝ Քաժիմիէժ Նիչ (Kazimierz Nycz) ։

«Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ը ստեղծուած է Լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ կարտինալ Յուզեֆ Կլեմբի հրամանագրով 2006 Ապրիլ 7 թուականին։ Կարտինալ Յ․ Կլեմբ եզակի այն հոգեւորականներէն էր, որ կարողացաւ պահպանել եւ համախմբել լեհահայութեան պատկանող ձեռագրերն ու լեհահայութեան պատմական թանկարժէք նիւթեղէն մշակոյթը վաճառաշահութեամբ հետամուտ հոգեւորականներէն․ ի վերջոյ սփիւռքի մշակութային հայկական ժառանգութեան պահպանութիւնը լուրջ մղձաւանջ մըն է։ Այլ խօսքով Յ․ Կլեմբ օգտաբեր ներդրում ունեցաւ այդ ժառանգութիւնը մշտապէս փրկելու, ուշադրութեան եւ հոգատարութեան հովանիի տակ պահելու մէջ, «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի միջոցով։

ԱՌՆՉԱԿԻՑ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐ

Արդեօ՞ք պարտք է յիշեցնել կաթոլիկ այդ հոգեւորականներուն, որ Լեհաստանի ընդունուած պաշտօնական ինը փոքրամասնութիւններուն մէջ քրիստոնեայ լեհահայութիւնը հնագոյններէն է։ Իսկ եթէ այդ հոգեւորականները պատահմամբ, ձեւական կամ խորհրդանշական հանգամանքով նշանակուած են «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի անդամ, ուրեմն այդ մէկը շատ խղճալի է. մերժելի նման վարմունք մը խաւիարային գարշահոտութիւն կը յուշէ։  Ազերպայճանի  «կրօնական հանդուրժողականութեան» մասին խօսելէն առաջ, պարտք է սոյն  քրիստոնեայ հոգեւորականներուն յիշեցնել, թէ այդ երկրի բռնակալ վարչակարգը քրիստոնեայ հայ ժողովուրդի հանդէպ ինչպիսի վայրագութիւններ իրագործած է։  Մանաւանդ այդ երկրի խաղաղ քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ ջարդեր ու զանգուածային բռնատեղահանումներ գործադրած է։

Շատ մօտիկ անցեալէն կարելի է յիշել՝ Խոճալիի բռնարարքներն ու սպանութիւնները, որ տեղի ունեցան տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ 22 Փետրուար 1992 թուին Արցախի Իվանեան (Խոճալի) գիւղին մէջ։ «Խոճալիի ջարդը» կը նկատուի 20-րդ դարու ամենէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկը: Նմանապէս պէտք է յիշեցնել նաեւ 1997-էն մինչեւ 2006 Նախիջեւանի տարածքին ականահարուած, ջարդուած եւ քարակոյտերու վերածուած ու ապա մաքրագործուած 89 հայկական եկեղեցիները, 5840 խաչքարերը եւ աւելի քան 22 հազար հայ քրիստոնէական գերեզմանաքար-խաչքարերը, որոնց վերջին խմբաքանակը 2006-ին, մաքրագործուեցաւ հին Ջուղայի միջնադարեան գերեզմանատան մէջ [7], եւ տակաւին քրիստոնեայ Արցախահայերու ցեղային զտումները, սպանդային եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին իրականացած բռնագաղթը։ Ինչպէս կարելի է մոռնալ 27 Սեպտեմբեր 2020 թուականի Ազերպայճանի կողմէ սկսած պատերազմի եւ գոյաբանական սպառնալիքներու պատճառով այդ տարածքէն դէպի Հայաստան բռնի տեղահանուած, Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնեայ հայ բնակիչներու ցաւոտ սոսկումները, անսպիացած խոցը ։

Կարելի՞ է չյիշել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կոչերը՝  յարգելու Արցախի հայ քրիստոնէական սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը։  2020 թուի պատերազմէն ետք, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ օրէ օր կը կործանին հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կառոյցները, որոնց շարքին` եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ, իսկ հայկական արձանագրութիւնները կը ջնջուին հայկական եկեղեցիներու պատերէն եւ տապանաքարերէն, իսկ որոշ այլ պարագաներուն ալ՝ այդ եկեղեցիները մզկիթներու վերածուած են։ «Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 Յունիս 2024 թուին հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման 7-րդ զեկոյցը: Զեկոյցը ցոյց կու տար, որ Արցախի մէջ Ազերպայճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերուածութիւններուն թիւը 2023-ի աշունէն ի վեր աւելցած է 75 տոկոսով, (CHW)-ի մշտադիտարկման սկիզբէն ի վեր, արբանեակային պատկերները կը բացայայտեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը:

          Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած վիճայարոյց վերնագրով եւ բովանդակութեամբ զաւեշտական ցուցահանդէսի առնչութեամբ բողոքներ տեղի ունեցան, մամուլի մէջ զոր օրինակ՝ գրաւոր բողոք ներկայացուեցաւ հետեւեալներու կողմէ ստորագրուած՝ Լեհաստանի Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովիւ Փրոֆ․ հայր Յուզեֆ Նաումօվիչի, Յակելոնեան համալսարանի վաստակաւոր հայագէտ Փրոֆ․ Անտժէյ Փիսովիչի, լեհահայ պատմութեան քաջածանօթ Փրոֆ․ Անտժէյ Ժիէմպայի եւ նոյն համալսարանէն՝ «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի նախագահ Փրոֆ․ Քժիշտօֆ Սթօբքայի:

Գործնական արձագանգը չուշացաւ Վարշաւայի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութենէն։ Վարշաւայի Տնտեսագիտութեան համալսարանի մէջ սոյն տարուայ Յունիս  26-ին տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած «Արցախ՝ վտանգուած ժառանգութիւն» լուսանկարներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն համադրողն ու հիմնական հեղինակն է Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն, դեսպան՝ Վահէ Գաբրիէլեանը:

Այս ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Վարշաւայի Տնտեսագիտութեան համալսարանի ռեկտոր Բիոթր Վախովիաքը, Լեհաստանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանը եւ դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանը:

Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը մէկ ամսուայ տեւողութեամբ հանրութեան ցուցադրեց արցախահայերու կողմէ դարերու ընթացքին պատմական իրենց հայրենիքի մէջ ստեղծուած, պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութիւնը ներկայացնող վանքերը, եկեղեցիները, ամրոցները, թանգարաններն ու կամուրջները, այդ կառոյցները ներկայիս կը գտնուին ոչնչացման աղէտի եւ կամ վերափոխման ծանրակշիռ վտանգի տակ։

ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Լայնատարած թուային գերարդիական հաղորդամիջոցները անընդմէջ կը փոխակերպեն դասական հասարակութեան, ընկերութիւններու, դասակարգերու կենցաղը, մտածելակերպը եւ գործելակերպը։ Քրիստոնէութիւնը անմասն չէ այդ մշտափոփոխութենէն, աւելի ճիշդ՝ եկեղեցական արդարամիտ ղեկավարութիւնները ներկայիս ծանրա­գոյն մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած են, սահմռկեցուցիչ իրողութիւններ կը  դիմագրաւեն։ Եկեղեցւոյ երդիքին տակ ծուարած պատեհապաշտ  որոշ հոգեւորականներու կողմէ չարաշահումները, անպարկեշտ կենցաղի վարմունքները, եկեղեցականի սրբակենցաղ վարքագիծէն շեղումները, հոգեւորականի դիմակի տակ իրագործուած յանցագործութիւնները, սեռային անբարոյականութիւնները, մանկապղծութիւնները եւ տարատեսակ ապիկար ու պղծահամբաւ արարքները, բարոյախօսական արժէքներու անկումը, անմարդկային բնազդի կոպիտ եւ աններելի դրսեւորումներ են։ Որոշ հոգեւորականներու մերժողական ընթացքին դիմաց քրիստոնէութեան նկատմամբ ընդվզեցուցիչ եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ ժխտական, կեցուածք գոյացած է։

Լեհաստանի մէջ հաւատացեալներու ջախջախիչ մեծամասնութիւն ունեցող Կաթոլիկ եկեղեցին ալ զերծ չէ այդ բուռն տագնապներէն, որոնք աւելի բարձրաձայն ու աղմկոտ կը դառնան, հոգեւորականներու հիւանդագին եւ անճարակ ընթացքէն, որոնց խայտաբղէտ վարքը որքան պարսաւելի է, նոյնքան ծանրակշիռ ու սայթաքեցնող է այդ կեղտոտ վարմունքի պարագաներու թուաքանակն ալ։ Իսկ եթէ այդ մարտահրաւէրներուն վրայ աւելնան նման պատմական անիմացութեամբ, դիւրախաբ ընկալումներով, անպարկեշտ արտայայտութիւններով ու շահամոլ մասնակցութեամբ կաթոլիկ հոգեւորականներու նոր անուններ, ազերամէտ նոր ծրագրեր, այդ ժամանակ քրիստոնէադաւան երկխօսութիւնը դատարկ լոզունգի կը վերածուի, անարդար էքումենիզմի պիտակի տակ ձախաւեր չարաշահութիւն կը դառնայ։

Ազերպայճան նախագծուած անպարկեշտ ու աշխուժ ճիգերով, նենգամիտ ու հեռատես ծրագիրներով կարողացած է խաւարել, “ուղեղներու լուացում”-ի ենթարկել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի իշխանաւորներու միտքերը, անոնց ողջ կազմերէն ներս թափանցել եւ ներսէն կրծել, չարաշահիլ Արցախի եւ հայու կրօնամշակութային ինքնութիւնը։ Յաջողած է բոլոր պատեհ առիթներով, մշակութային թէ գեղարուեստական ու կրօնական հակահայ յայտագրերով, ցուցադրական ու քարոզչական արշաւներով աղաւաղել հայ կրօնապատմական ժառանգութեան իսկական էութիւնը։

Գերհրամայական է, որ հայ զգաստ եւ կարող հոգեւոր պետերը իրենց միջկրօնական հանդիպումներուն, հաղորդակցութիւններուն, երկխօսութիւններուն անյապաղ բարձրաձայնեն հարցը եւ դատապարտեն կաթոլիկ հոգեւորականներու վատառողջ նման արարքները, համակարգուած աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ հակադարձեն ազերական կեղծ հրապարակումներուն, մոլորեցնող պնդումներուն, յանձնառութեամբ պաշտպանեն հայապատկան հոգեւոր նիւթեղէն դարաւոր ժառանգութիւնը, աշխատանքային յայտագրերու վրայ մնայուն հրատապ օրակարգ ունենան արցախահայութեան քրիստոնէական կրօնամշակութային խեղաթիւրումներու արդարախոհութեան առաջնակարգութիւնը, մանաւանդ հայ հոգեւոր ինքնութեան՝ սրբազան վայրերու, մշակութային բազմադարեայ պատմութեան, հոգեւոր ժառանգութեան արդարացի պաշտպանութիւնը, կանխելու համար Նախիջեւանի մէջ կատարուած նիւթեղէն ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը։

Հայաթափուած Արցախի մէջ, ինչպէս արեւմտահայաստանի, Նախիջեւանի եւ այլուր, հայկական ներկայութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ ժառանգութիւնները, հայկական ճարտարապետութեան դարավաստակ վանքերու, եկեղեցիներու գմբէթներն ու անոնց վրայ հաստատուած ժառանգաբուխ հաւատքի խաչերը՝ սեփականատէր հայ ժողովուրդի ներկայութեամբ եւ տոկունութեամբ դիմագրաւած, խիզախած եւ ականատես վկաները եղած են յաղթանակներու՝ պանծալի դափնիներով պսակուած եւ հաւատքի ղօղանջներով հիւսած են հայ հոգեմտաւոր ինքնութեան մատեանները։

Սակայն այսօր անոնք հեռու են իրենց մշտնջենաժառանգ ու սեփականատէր հայութենէն՝ կ՛ենթարկուին բարբարոսական կողոպուտի, վանդալութիւններու, հիմնայատակ ու առյաւետ կործանումներու, ենթակայ են բնաջնջումի, կը կարօտին մեր անյապաղ ու ծրագրուած օժանդակութեան եւ միջամտութեան։ Իսկ տակաւին որոշ եկեղեցիներու գմբէթները պարտադրաբար կը խոնարհին բռնագրաւողի բիրտ կապանքներուն, բազմադարեայ խաչերը կը զիջին նուաճող խառնածին ասպատակողներու վայրագութիւններուն ու անոնց մահիկաձեւ, խաւարաժառանգ հաւատքի խորհրդանիշերուն, մանաւանդ երբ անարժան ասպատակողներ կանխագծուած կը փորձեն, չարամտօրէն վերաշարադրել իրենց անպարկեշտ սեփական պատմութիւնը։

Փրոֆ Արա Սայեղ

[1] https://centrumwolnosci.uksw.edu.pl/2024/05/28/wystawa-dziedzictwo-chrzescijanskie-w-wielokulturowej-tozsamosci-azerbejdzanu-na-krakowskim-przedmiesciu/

[2] https://www.aztagdaily.com/archives/546067  

[3] https://hairenikweekly.com/?p=20636   

[4] https://agencja-informacyjna.com/dziedzictwo-zawlaszczone-azerbejdzan/  

[5] https://portal-informacyjny.com/azerbejdzan-przepisuje-historie-ormianskie-koscioly-zagrozone/

[6]https://www.aravot.am/2024/06/04/1424086/?fbclid=IwZXh0bgNhZW0CMTEAAR17Ok2OP_tCDlI9kfyh07ICdp9x2oAW7kZ36mbjfBvNBFNqSLuu9KhGt00_aem_AeZomzIDJeBCK9_FdEePCuBTMTQYMCCf4IpU9PQHe0kHj3mW5Be-_zu7i7DzOfWshK1uIqiAeD-IFaZKWdM0zS2S

[7] https://www.rferl.org/a/armenia-azerbaijan-julfa-cemetery-destruction-unesco-cultural-heritage/30986581.html   

Դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեան. Լիբանանահայութիւնը, «քաղաքացիական հասարակութիւնը» եւ «մտաւորական ազատ դաշտը»

Տարբերակ21 հարթակի շաբաթական podcast-ի զրուցակիցն է Պէյրութի ամերիկեան համալսարնի պատմութեան բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանը: Վարագը վերջերս լիբանանահայ մամուլին մէջ հրապարակած էր «Ի՞նչ Նոր Բանաձեւ Լիբանանահայ Հաւաքական Ինքնութեան» խորագրով յօդուած մը, որ կ’անդրադառնայ լիբանանահայ համայնքի բարդ եւ զարգացող ինքնութեան: 20-րդ դարու ընթացքին այս ինքնութիւնը ձեւաւորուած է առանցքային գործօններով, ինչպէս՝ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, լեզուն, կրօնը, ազգայնական գաղափարախօսութիւնները, նաեւ պատմական կարեւոր իրադարձութիւններով, ինչպէս՝ Հայաստանի անկախութիւնը եւ Արցախի յաղթանակն ու հետագայ զարգացումները: Ինքնութեան այս զարգացումը պատահած է կուսակցական եւ կրօնական հաստատութիւններու շրջագիծի մը մէջ, որ ժամանակի ընթացքին դարձած է տէրը այդ ինքնութեան եւ ստեղծած հաւաքական կեանքի իշխանական համակարգ մը:

Սակայն, Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական յամեցող տագնապներու պայմաններուն մէջ, լիբանանահայ ինքնութեան այս աւանդական ըմբռնումը երթալով կ’առնուի հարցականի տակ: Վարագը սեղանի վրայ կը դնէ «քաղաքացիական հասարակութեան» մը ձեւաւորման օրակարգը, որ մեր զրոյցին ընթացքին պիտի փորձենք քննարկել ու պարզաբանել: Այս քննարկումը կարեւոր է, որովհետեւ լիբանանահայ համայնքը այսօր կը դիմագրաւէ արեւմտականացման, այսինքն՝ դէպի արեւմտեան երկիրներ գաղթի, ժողովրդագրական փոփոխութիւններու՝ թիւի նօսրացում, եւ մշակութային աշխուժութեան անկում: Ուրեմն կարեւոր կը դառնայ նոր ինքնութեան եւ հաւաքական գոյակցութեան նոր համակարգի մը ստեղծումը կամ անոր փնտռտուքը:
Այս ճիգը կը պահանջէ նաեւ աւանդական իշխանական համակարգէն դուրս պայմաններու ստեղծումը, ինչպէս իր յօդուածին մէջ կ’ընդգծէ Վարագը. «Մտաւորական ինքնավար դաշտի ի սպառ բացակայութիւնը մեծագոյն խոչընդոտն է ներկայ լճացումը յաղթահարելու»:
Այս զրոյցով կը փորձենք ստեղծել այդ մտաւորական ինքնավար դաշտը եւ եւ կը քննարկենք ինքնութեան նոր բանաձեւի մը կարելիութիւնները:

Վ. Թ.

Սեպտեմբեր 1 է, բայց ճահիճին մէջ վարդեր չեն բուսնիր

1 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ, ինչպէս այլուր, կը սկսի ուսումնական տարին: Տարին կը բացուի բարեմաղթութիւններով եւ աւանդական դարձած արտայայտութիւններով, որ կրթութիւնը շա՛տ կարեւոր է, որ կրթութիւնը ապագա՛յ է, ազատութի՛ւն է եւ այլն: Իրականութեան մէջ, նայելով հանրապետութեան մէջ կրթութեան մակարդակին, կարելի է համարձակօրէն ըսել, որ խօսքով թերեւս կրթութիւնը կարեւոր է, բայց գործով՝ ո՛չ: Կրթութիւնը այնքան անկարեւոր դարձած է, որ անոր իրական հետեւանքները մենք կը տեսնենք հէնց այսօր:

Վերջին ցուցանիշներով, Հայաստանի համալսարններուն (բուհ) մէջ թափուր մնացած են աւելի քան 6300 տեղեր, որոնց 271-ը՝ պետութիւնը կը հոգայ: Քանի մը օր առաջ ալ լուրեր տարածուեցան, որ բողոքարկումներու եւ կրկնակի ստուգումներու շնորհիւ, քանի մը հարիւր տեղ լեցուած է: Բայց այդքանով վիճակը առանաձնապէս չի բարելաւուիր, որովհետեւ հազարաւոր պարապ մնացած տեղեր կան տակաւին: Այս երեւոյթը իր կարգին կը յանգի բազմաթիւ ամբիոններու կրճատման ու գրեթէ փակման: Նման վտանգի առջեւ կը գտնուին Հայաստանի երկրագործական համալսարանի որոշ բաժանմունքները: Կարծես ճակատագրի հեգնանքով, Հայաստանի մէջ յատկապէս վատ վիճակի մէջ կը գտնուի մարզ մը, որով ալ սկսած է քաղաքակրթութիւնը: Իր հողագործ անցեալով հպարտացող, նոյնիսկ պրոնզէ դարուն երկրագործական յեղափոխութիւն իրականացուցած ժողովուրդին համալսարաններուն մէջ ամենէն աղէտալի վճակը հէնց նոյն երկրագործական ոլորտն է:

Այս բոլորը կը նշանակեն, որ բազմաթիւ համալսարաններու մէջ ո՛չ միայն կը պակսին ուսանողներ եւ ֆինանսաւորում, այլեւ կը պակսին ապագայ գիտնականներ, այժմու դասախօսներն ու գիտնականները փոխարինողներ: Այս մէկը ոչ թէ մէկ տարուայ տխուր ցուցանիշ մըն է, այլ տասնամկաներ շարունակուող վիճակագրութիւն մը: Հայաստանի մէջ կրթութիւնը ոչ մէկ ձեւով չի յաջողիր դրական երեւցող շարժում եւ աշխուժութիւն արձանագրել: Այս տակաւին դիմողներուն թիւին մասին է: Նոյն տխուր վիճակը կը պարզէ համալսարաններու ուսման որակը: Դժուար է ըսել, թէ՛ կրթական ծրագիրները լաւ չեն, ուսանողները չեն ուզեր սորվիլ, թէ՛ դասախօսները վատ կը դասաւանդեն: Բայց յստակ է մէկ բան: Կրթութեան որակը երթալով կը նուազի: Հարիւրաւոր ուսանողներ երբե՛ք չեն կարողանար քննութիւնները  առաջին անգամէն յաջողիլ եւ իրենց յոյսը կը դնեն երկրորդ ու երրորդ առիթներու վրայ: Աւարտական աշխատանքներու հսկայ մէկ մասը ուսանողները պատուէրով կը գնեն անհատներէ եւ կազմակերպութիւններէ, որոնք դրամով աւարտականներ եւ գիտական աշխատանքներ կը վաճառեն: Ընդ որում նմանօրինակ հաստատութիւններու ծանուցումներուն կը հանդիպինք ամէնուրեք: Այս ոչ մէկ ձեւով կը տեղադրուի որակեալ կրթութիւն կոչուածին մէջ: Ի վերջոյ, ուսումը միայն մասնագիտացում չի նշանակեր, այլ անձին կատարելագործումը, հմտացումը՝ կրթութիւնը ընդհանուր առմամբ: Համալսարաններէն ուսանողները պէտք է դուրս գան բազմակողմանիօրէն զարգացած, պատրաստ քննականօրէն մտածելու, կշռադատելու, ստեղծելու: Անոնք պէտք է կարողանան մտաւորականութիւն ձեւաւորել: Բայց բոլորովին այդպէս չէ: Համալսարաններու մէջ միակ վայրը, ուր միշտ լեցուն մարդ կայ`քաֆեթերիան է:

Նոյն տխուր վիճակը կը պարզուի բազմաթիւ գիւղական դպրոցներուն մէջ: Կան գիւղեր նոյնիսկ 50 աշակերտ ալ չունին: Բազմաթիւ գիւղեր, ուր երկու-երեք հարիւր հոգի կ’ապրի, չունին ո՛չ բաւարար չափով ուսուցչական անձնակազմ, ո՛չ ալ աշակերտ: Հետեւանքը՝ դպրոցներ կը փակուին կամ կը միացուին իրարու: Առանց դպրոցի մնացած գիւղերը աւելի մեծ թափով կը դատարկուին: Հայաստանի բնակչութիւնը պարզապէս սկսած է հոսիլ դէպի Երեւան եւ հոնկէ՝ աշխարհի տարբեր վայրեր: Դպրոցներ, յատկապէս ծայրամասային գիւղերու մէջ, կը պատահի, որ ընդունին միայն մէկ աշակերտ, կամ ամբողջ գիւղը ունի հինգ-վեց աշակերտ: Միթէ այս ձեւով կարելի՞ է գիւղ պահել: Իսկ գիւղը Հայաստանի ողնաշարն է: Դատարկ գիւղը եւ թշնամիին յանձնուած գիւղը նոյն բանն է: Հողը չի սիրեր անտէր մնալ, անպայման նոր տէր կը գտնէ:

Կրթական այս նահանջին վրայ կը գումարուի երիտասարդութեան խիստ հետաքրքրքասիրութիւնը տարբեր ախտերու նկատմամբ՝ խաղամոլութիւն, թմրանիւթեր, աննպատակ ժամանց: Ուսումը այլեւս մոտա չէ: Մարդասիրական եւ ճշգրիտ գիտութեանց բազմաթիւ ճիւղեր ընկերային ոչ մէկ երաշխիք կը խոստանան: Ուսանողներէն շատերը կը նախընտրեն «եօլլա տանել» համալսարանը, այդ միջոցին աշխատիլ որեւէ ոչ մասնագիտական տեղ մը, յատկապէս գրաւի (betting, bookmaker) տարբեր գրասենեակներու մէջ, իսկ աւարտելէ ետք զբաղիլ բոլորովին այլ բանով:

Վկայականը սկսած է կորսնցնել իր արժէքը, բուհը՝ իր լրջութիւնը, մասնագիտութիւնը՝ գրաւչութիւնը: Հայաստանի մէջ ուսումը ընդհանրապէս սպասարկած է քանի մը մասնագիտութեան: Աւանդաբար անոնք եղած են տնտեսագիտութիւնը, իրաւաբանութիւնը, ներկայիս անոնց վրայ կը գումարուի ծրագրաւորումը (programming) իր ճիւղաւորումներով:

Այս ձեւով տնտեսութիւն չի կառուցուիր, կիրթ հասարակութիւն չես ունենար, որպէս պետութիւն`մրցունակ չես դառնար ո՛չ քու կրթութեանդ որակով, ո՛չ ալ քու կարողականութեամբ: Այդ ներուժը ցիրուցան կ’ըլլայ օրուան հաց փնտռող երիտասարդներու մէջ:

Որո՞ւ պէտք է անգրագէտ հասարակութիւնը: Որո՞ւն կը ծառայեն Հայաստանի մէջ գործող տասնեակ համալսարանները. ամէն տարի քանի մը հազար աւարտական վկայականներ, եթէ անոնք ոչ մէկ ուժ ունին: Հայաստանէն դուրս շատ քիչ երկիրներ ու շատ քիչ մասնագիտութիւններ կան, որոնք կ’ընդունին այդ վկայականին ուժը` անկախ Bologna համակարգին մաս կազմելէն: Հայաստան առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ իր վկայականաւոր հասարակութեամբ, բայց հազարաւոր տեղերով ետ կը մնայ այդ վկայականին որակին եւ ուժին առումով: Վկայականը այսօր ո՛չ թէ կրթական ցենզի հաւաստագիր է, այլ ընկերային կարգավիճակ մը: Անգիր կանոնով մը երիտասարդը անպայման պէտք է համալսարան աւարտէ, այլապէս հասարակութեան լիարժէք մասը չի նկատուիր: Եւ այդ ընթացիկ սուտը, որ կապած է մեր հասարակութեան ձեռքերը, խեղդող այլ շղթայ մըն է, որ արգելք կը հանդիսանայ առաջ երթալու եւ ետ կը քաշէ:

Կրթական որակի եւ մասնագէտներու պակասին զուգահեռ՝ սունկի պէս կ’աճին սիրողական հոգեբաններ, պլոկըրներ, խորհրդատուներ, ինչ որ ազդեցիկներ (influencers), որոնք առաւօտէն երեկոյ զբաղած են խորհուրդներ տալով, իսկ մէկ մասն ալ իր կիսամերկ մարմինը ցոյց տալով կամ տխմար հիւմըրներ ընելով՝ որոշակի համբաւ ձեռք կը բերէ եւ դրամ կը շահի ազատ ծանուցողի (freelance) իր կարգավիճով: Ով որ ծառայութիւն կ’ուզէ վաճառել, կը ծանուցէ անոնց միջոցով: Ալ ինչո՞ւ վեց տարի սորվիլ, տանջուիլ ու ոչ մէկ երաշխիք ունենալ, որ կը կարողանաս աշխատանք գտնել եւ արժանապատիւ ապագայ կառուցել, երբ կարելի է աժան պլոկինկով քանի մը անգամ աւելի շատ գումար վաստկիլ, քան գիտնականը կամ դասախօսը:

Կրթութիւնը ազատութիւն է հոն, ուր կը գնահատեն ազատութեան գինը, ապագայ է հոն, ուր կ’ուզեն ապրիլ, հնարաւորութիւն է անոնց համար, որոնք պատրաստ են մարտահրաւէրներու, իսկ մեր մօտ կրթական համակարգը լճացած ճահիճ մըն է՝ ուսումնական ընդօրինակութեամբ եւ աչքակապութեամբ:

Իսկ ճահիճին մէջ վարդեր չեն բուսնիր:

Լսե՛նք ու զօրավիգ կանգնի՛նք Լիլիթին, Թամարին ու «Հնարդիին»

Արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին է՝ այո՛:
Կ’ըսուի, թէ նորահաս սերունդը կը հեռանայ արեւմտահայերէնէն՝ արդեօ՞ք:
Ահաւասիկ պատմութիւնը քանի մը երիտասարդուհիներու, որոնք պատասխանատւութիւնն ու յանձնառութիւն ստանձնած են իրենց միջոցներով վերակենդանացնելու արեւմտահայերէնը՝ սկսելով Լիբանանէն:
Իրենց նախաձեռնութիւը կոչած են «Հնարդի» = Հին + արդի = կամրջումը հինին ու արդիին՝ վերամիացումը մեր մշակութային աւանդներուն եւ արդի պայմաններու մէջ ինքնութեան գիտակցութեան:
Առա՛նց պարտադրանքի՝ ինքնագիտակցութեա՛մբ:
Անոնք այսօր կը կոչուին Լիլիթ ու Թամար: Ներկայիս կրնան մատի վրայ համրուիլ՝ չորս, վաղը՝ տանըչորս, յետոյ՝ բանակ մը անպայմա՛ն. հաւա՛տք եւ յանձնառութի՛ւն, մնացեալը՝ քիչ մը ժամանակ ու նախաձեռնութեան ոգի:
Լսե՛նք «Հնարդի» մշակութային հարթակի հիմնադիրներէն` Լիլիթին եւ Թամարին:
Լսե՛նք ու զօրավիգ կանգնինք:

Մինչ մեր թշնամիները հարցեր կը լուծեն, մենք տեսութիւններ կը քարոզենք….

2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ի Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք, հայ հասարակութեան մտքին մէջ սկսան զարգանալ հարցեր, թէ այդ քոչուոր ատրպէյճանցիները ինչպէ՞ս կրցան յաղթել նստակեաց հայերուն: Հարցին ձեւաւորումը կատարուեցաւ խիստ պարզունակ ձեւով, եւ սկսան քննարկուիլ ոչ թէ այն պատճառները, որոնք առաջնորդեցին հայ-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ու տնտեսական հաւասարակշռութեան խախտումին, այլ այն, թէ քոչուորական ծագում ունեցողը սկզբունքով պիտի չկարենար յաղթել նստակեաց երկրագործին: Այս մէկը անհեթեթ մօտեցում մըն է, որ աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած էր 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ եւ կը շարունակուի նաեւ հիմա: Մինչդեռ հարցը, զոր պէտք էր տալ, ոչ թէ քոչուորի յաղթանակին կամ նստակեացի պարտութեան մասին պէտք էր ըլլար, այլ ունենար խիստ սթափ եւ հաշուարկային բնոյթ:

Քոչուոր-նստակեաց համեմատութիւններու առանցքային մոլորութիւններէն մէկն այն է, որ մենք մինչեւ հիմա հակուած ենք կարծելու, թէ հայերը չեն պարտուիր, որովհետեւ մենք հոս ապրած ենք դարերով եւ կայանալով որպէս ժողովուրդ, կայացուցած ենք մեր պետականութիւնները, իսկ ատրպէյճանցիները պիտի պարտուէին, որովհետեւ անոնք իրենց պետութիւնը նուէր ստացած էին, որովհետեւ որպէս ժողովուրդ չեն կայացած եւ այդ կարգի այլ «որովհետեւներ»: Զարմանալի է, բայց այդ քննարկումներուն յաճախ կը մասնակցին նաեւ գիտական շրջանակի դէմքեր, որոնք լրջօրէն կ’առաջադրեն մշակութային հարցեր եւ կը փորձեն փիլիսոփայութիւնն ու մշակոյթը հակադրել զինուորական եւ տնտեսական ուժին:

Բացի այն իրողութենէն, որ այդ քննարկումները ոչ մէկ արդիւնք չեն տար եւ միայն կը շոյեն սեփական Ես-ը, անոնք նաեւ իրականութիւնը չտեսնելու միջոց կը հանդիսանան: Ատրպէյճանցիները արհամարհական քոչուոր անուանելէ առաջ, մենք պէտք է ընդունինք շատ պարզ, բայց դժուարամարս երեւոյթ մը. ազգերն ու պետութիւնները միշտ չէ, որ կը կայանան հայկական-դասական ձեւով: Այսինքն պարտադիր չէ, որ որեւէ ցեղային միութիւն երկար դարեր ապրի իրեն արիւնակից այլ ցեղային միութիւններու հետ, միաւորուի, դառնայ մէկ ժողովուրդ եւ յետոյ միայն կայացնէ իր համազգային պետութիւնը, այսինքն իր փոքրիկ ցեղապետութիւններն ու քլանները համախմբուին վարչական մէկ իշխանութեան ներքեւ: Մենք ընդհանրապէս որդեգրած ենք ինքնութեան կայացման այդ սկզբունքը եւ կը հաւատանք, որ ժողովուրդը, ազգն է, որ պետութիւն կը ստեղծէ: Բայց մենք ոչ մէկ ձեւով չենք ուզեր ընդունիլ, որ կրանյ պատահիլ (ընդ որում շատ յաճախ) հակառակը, որ նախ ստեղծուի պետութիւնը, իսկ յետոյ՝ նոր ժողովուրդը:

Եթէ այս տողերը զարմանք կը յառաջացնեն, այդ մէկը նշան է միայն այն իրողութեան, թէ մենք որքան անգէտ ենք համաշխարհային իրողութիւններու հանդէպ եւ որքան տգէտ՝ ինքնութեան մասին խօսելու ժամանակ: Եւ հոս միայն Ատրպէյճանը չէ, ուր պետութիւնը ինք կը կայացնէ ազգը: Աշխարհի տարածքին տասնեակ նման պետութիւններ կան, որոնք իրենք կը գոյացնեն ժողովուրդը: Բազմաթիւ են օրինակները, երբ ոչ թէ ժողովուրդը կամ ազգը կը դառնայ պետութեան ստեղծման վճրորոշ ազդակը, այլ հակառակը՝ պետութիւնը կը դառնայ տուեալ ժողովուրդի ինքնութեան կարեւոր մէկ մասը: Վերցնենք օրինակ Ամերիկեան ցամաքամասը: Քանի՞ ազգային պետութիւն ծանօթ են մեզի եւ անոնցմէ քանի՞ն կայացած է հայկական-դասական ձեւով: Գրեթէ ոչ մէկը: Ամերիկեան ցամաքամասի պետութիւնները հրաշալի օրինակ կը ծառայեն այն իրողութեան, որ պետութիւնը եւս կրնայ ազգ գոյացնել: Պրազիլ, Արժանթին, Փարակուէյ, Ուրուկուէյ, Վենեզուելլա եւ այլն: Որո՞նք կ’ապրին այդ երկիրներուն մէջ: Փարակուէյցինե՞ր, վենեզուելլացինե՞ր: Ո՛չ: Այնտեղ կ’ապրին Լատին Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդներու եւ նուաճող սպանացիներու, փորթուգալացիներու եւ եւրոպական այլ ժողովուրդներու միախառնումէն յառաջացած սերունդեր, որոնք ունին սպանական, հոլանտական, փորթուգալական եւ այլ ծագումներ: Եւ Ուրուկուէյը կամ Փարակուէյը չունին հազարամեակներով հոն կայացած մէկ ու միասնական ժողովուրդ մը, ինչպէս օրինակ հայերը Հայաստանի մէջ: Բայց մեր միտքէն չ’անցնիր արհամարհական խօսիլ Գոլոմպիոյ կամ Միացեալ նահանգներու մասին, զանոնք անուանել եկուորներ, հայհոյել եւ ըսել, որ անոնք ինքնութենէ զուրկ շուներ են եւ ազգ չեն, որովհետեւ չեն անցած այն ճամբով, որմէ անցած ենք մենք: Ներկայիս ամերիկեան ցամաքամասի երկիրները բաւական յաջող ազգային քաղաքականութիւն կը վարեն եւ այդ պետութիւնները տարբեր կշռոյթով, բայց հաստատօրէն կը գոյացնեն ազգային ինքնութիւններ, որոնք արդէն աւելի կամ պակաս չափով ունին ազգային բաւարար ինքնքգիտակցութիւն: Կամ օրինակ շատերու երազանքի երկիրը նակտուող Միացեալ Նահագները: Ան դասական օրինակ մըն է, թէ պետութիւնը կրնայ ազգ կայացնել: Միացեալ նահագները, որուն ժողովուրդը կը ներկայացնէ աշխարհի տասնեակ ազգերու եւ ժողովուրդներու խառնուրդ մը, արդէն իսկ ունի «ամերիկացի» ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ ամերիկացին պակաս հպարտ չէ իր ամերիկացի ըլլալուն համար այնպէս, ինչպէս հայը հպարտ է, որ ինք հայ է: Մանաւանդ, եթէ նկատի առնենք, որ ամերիկեան պետութեան ազգային քաղաքականութիւնը այնքան զօրաւոր է, որ անգլիացիներու անգլերէնը դարձած է ամերիկեան ինքնութեան նշաձողերէն մէկը, անոնց super–հերոս (Marvel, DC եւ այլն) կերպարները, ֆիլմերը, քոմիքսները ոչ պակաս ազդեցութիւն ունին ամերիկացիներու ինքնութեան ձեւաւորման վրայ, որքան եւ հայկական Վահագնը կամ Սասունցի Դաւիթը, իսկ երբեմն ալ` անոնք աւելի ցանկալի են նոյնիքն հայերու համար քան սեփականը:

Բացի ասկէ, աշխարհի մէջ քիչ չեն օրինակները, երբ ո՛չ միայն տարածքը կամ պետութիւնը ինքնութիւն կու տայ ժողովուրդին կամ անոր մէկ հատուածին, այլեւ շրջանային իրավիճակները, կրօնը եւ այլն: Օրինակ սերպերու մէկ հատուածը՝ իսլամականացումի եւ աշխարհաքաղաքական շրջանային իրավիճակի ազդեցութեան տակ, վաղուց արդէն ինքզինք կ’անուանէ իսլամ, թէեւ ազգային առումով, անոնք սերպ են:

Նոյնը կարելի է ըսել ատրպէյճանցիներու պարագային: Կովկասեան թաթարներու եւ տարասեակ թրքական քոչուոր ցեղերու եւ տարածաշրջանի բնիկներու մէկ մասին հետ միաձուլուած եւ «ատրպատական» ու «ալպանիա», «աղուանք» տեղանունները իրենց համար էթնիք անուններ դարձուցած ատրպէյճանցիները արդէն ունին ազգային ինքնագիտակցութիւն մը, որուն պահապանը Ատրպէյճան պետութիւնն է: Ու այս պահուն պատմական արդարութեան նայողները շատ քիչ են, եւ նայողներն ալ՝ թերահաւատ: Այո՛, ատրպէյճանցիները չեն կրնար իրենց ինքնութեան հարստութեամբ եւ հզօրութեամբ համեմատուիլ հայերու հետ, բայց միթէ այդ իրողութիւնը խանգարե՞ց, որ անոնք յաղթեն մեզի վերջին տարիներուն:

Ինչո՞ւ այս քննարկումը: Շատ պարզ այն պատճառով, որ մենք ետ մնացած ենք աշխարհէն, ետ մնացած ենք կարեւոր իրադարձութիւններէն, մեր մտածողութիւնը քարացած է,  ինքնութեան մասին մեր պատկերացումները` աղաւաղուած: Մենք կարողութիւնը չունինք ճանչնալու մենք զմեզ եւ չենք կրնար հասկնալ, թէ ո՞վ կանգնած է մեր դիմացը: Մենք կ’ապրինք արդէն սպառած պատկերացումներով եւ քննարկումներով, մինչդեռ մեր թշնամիները յաջողութեամբ կը լուծեն այն խնդիրները, զորս մենք նոյսնիսկ չենք ալ նկատեր:

Մեզի ոչ միայն նոր խօսոյթ եւ գաղափար հարկաւոր է, այլեւ թարմացած ու սթափ աշխարհայեացք, որովհետեւ միայն այդ կերպով կը յաջողինք հասկնալու, թէ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ մեր շուրջը: Որպէսզի ոչ թէ ուշացած արձագանգներ տանք արդէն կատարուած փաստերուն, այլ կարենանք ազդել իրադարձութիւններու վրայ, այլապէս մենք միայն կրնանք արձագանգել՝ ուշացած ու թոյլ:

Իսկ արձագանգը կեանքի ու ապագայի նշան չէ: Աւերակներն ալ կրնան արձագանգել:

Էլիֆ Շաֆաք. Որպէս գրող Թուրքիոյ մէջ կրնաս յարձակման ենթարկուիլ, դատուիլ եւ բանտարկուիլ

Իր 3 օգոստոս 2024-ի թիւով, անգլիական «The Guardian» թերթը հրապարակած է հարցազրոյց մը թուրք գրագիտուհի Էլիֆ Շաֆաքի հետ: Հարցազրոյցը վարած է Քլէր Արմիսթէտ: «Էլիֆ Շաֆաք. Որպէս գրող Թուրքիոյ մէջ կրնաս յարձակման ենթարկուիլ, դատուիլ եւ բանտարկուիլ» խորագրեալ հարցազրոյցին մէջ, գրագիտուհին կ’անդրադառնայ իր կեանքի հոլովոյթին եւ գրող ըլլալու բարդութիւններուն՝ երկրի մը մէջ, ուր բառերը կրնան վտանգաւոր նկատուիլ: Խորագիրը բարացուցական այս առումով:

Զրոյցը կեդրոնացած է Շաֆաքի վերջին՝ «Երկինքի մէջ գետեր կան» վէպին շուրջ եւ կ’ընդգծէ գրագիտուհիին խոր հաւատքը ստեղծագործութեան ներուժին հանդէպ` արծարծելու արդի ժամանակներու բեւեռացումներն ու տագնապները: Անձրեւի կաթիլի խորհրդանշական ճամբորդութեան միջոցով՝ հին Նինուէէն մինչեւ եզիտիներու ներկայ ցեղասպանութիւնը, Շաֆաք վարպետօրէն կը միահիւսէ անցեալն ու ներկան` ընդգծելով պայքարի յարատեւութիւը ժամանկի թաւալումին հետ՝ ըլլա՛յ կենսոլորտային, ըլլա՛յ մարդկային ճակատներու վրայ:

Շաֆաք, որ հեռացած է Թուրքիայէն եւ այժմ կ’ապրի Լոնտոն, աշխարհահռչակ գրող է եւ ծանօթ իր բեղմնաւոր ստեղծագործութիւններով, որոնք կ’ընդգրկեն թէ՛ գեղարուեստական-վիպական եւ թէ՛ ոչ-վիպական գործեր, ինչպէս՝ յուշագրութիւններ եւ յօդուածներ: Ֆրանսա ծնած եւ Թուրքիոյ մէջ հասակ առած գրագիտուհին խորապէս ազդուած է իր բազմամշակութային դաստիարակութենէն եւ իբրեւ կին՝ թրքական ընկերութեան սեռային խտրականութեան վրայ հիմնուած պահպանողական աւանդոյթներէն եւ հաւասարութեան մասին խօսելու դէմ դրուած արգելքներէն: Արեւելեան եւ արեւմտեան գրական աւանդութիւնները միաձուլելու եզակի ունակութեամբ օժտուած, Շաֆաքի վէպերը բարդ են եւ խառն` յաճախ միաձուլելով բազմաթիւ կերպարներ եւ այնպիսի թեմաներ, որոնք կ’ընդգրկեն ինքնութեան, յիշողութեան եւ աւանդականին ու արդիականութեան միջեւ բախումի մասին հարցեր: Գրելով թէ՛ թրքերէն եւ թէ՛ անգլերէն` ան միջազգային համբաւի տիրացած է իր գրական ստեղծագործական խորքով ու ոճով եւ թապու նկատուած թեմաներու անվախ անդրադարձով, ներառեալ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սեռային խտրականութիւնը եւ փոքրամասնութիւնների պաշտպանութիւնը:

Շաֆաքի ամենէն վիճայարոյց եւ նշանակալից գործերէն մէկը` «Իսթանպուլի բիճը» (The Bastard of Istanbul) (2006) կը խորանայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զգայուն եւ Թուրքիոյ մէջ թապու նկատուած, արգիլուած թեմային մէջ: Վէպը կը միահիւսէ թուրք ընտանիքի մը եւ ամերիկահայ ընտանիքի մը կեանքը՝ ուսումնասիրելով յիշողութեան, ժխտումի եւ ինքնութեան մասին թեմաներ՝ պատմական տառապանքի ծիրէն ներս: Այս գործին պատճառով, Շաֆաք Թուրքիոյ մէջ ենթարկուեցաւ քրէական հետապնդումի՝ թրքական քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածին տրամադրութեան համաձայն, որ ցեղասպանութեան նման նիւթերու արծարծումը կը նկատէ «թրքութիւնը անարգող» արարք, թէեւ ան վերջաւորութեան անպարտ հռչակուեցաւ: Այս դէպքը միջազգային ուշադրութիւնը հրաւիրեց Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան առնչուած հարցերուն վրայ եւ աշխարհ Շաֆաքը որդգրեց իբրեւ խիզախ եւ ուշագրաւ ձայն մը ժամանակակից գրականութեան մէջ :

Հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, Շաֆաքի գրականութիւնը տոգորուած է յոյսով: Ան գեղարուեստական ​​գրականութիւնը կ’ընդունի իբրեւ ժողովրդավարական տարածք մը, ուր կնճռոտ հարցերը կարելի է ուսումնասիրել կարեկցութեամբ եւ նրբերանգներով: Աշխարհի մը մէջ, ուր մարդկային խօսոյթը ընդհանրապէս բեւեռացած է, Շաֆաք ջատագով է դանդաղ եւ խոհուն վերլուծումի, զորս կը խրախուսէ գեղարուեստական ​​գրականութիւնը: Անոր հաւատքը պատումներու փոխակերպող ուժին նկատմամբ՝ ինքզինք ուրիշին տեղը դնելու, թէկուզ ընդամէնը քանի մը ժամով, կը դրսեւորէ բեւեռացած այս աշխարհին մէջ իրարհասկացողութեան եւ կարեկցանքի խթանման ու տարածման իր յանձնառութիւնը:

Այս մօտեցումը ուշագրաւ է անոր վէպերուն մէջ, ինչպէս՝ «Իսթանպուլի բիճը», որ կը խօսի պատմական տառապանքի եւ մշակութային հակամարտութիւններու մասին, «10 վայրկեան 38 երկվայրկեան այս տարօրինակ աշխարհին մէջ» (10 Minutes 38 Seconds in This Strange World), որ կը խօսի անիրաւուած անհատներու կեանքին մասին, եւ «Սիրոյ քառասուն կանոնները» (The Forty Rules of Love), որ կ’ուսումնասիրէ սիրոյ, հաւատքի եւ անձնական աճի հատումները մեր կեանքին մէջ: Այս պատմութիւններուն ճամբով, Շաֆաք իր ընթերցողները կը հրաւիրէ նայելու մակերեսէն անդին՝ հարցադրելու, հասկնալու եւ, ի վերջոյ, կապուելու ուրիշներու մարդկայնութեան:

Արդարեւ, «Էլիֆ Շաֆաք. Որպէս գրող Թուրքիոյ մէջ կրնաս յարձակման ենթարկուիլ, դատուիլ եւ բանտարկուիլ» խորագրուած հարցազրոյցին մէջ, Շաֆաք արագ գործի լծուելու պատգամ մը կը փոխանցէ: Ան կ’անդրադառնայ եզիտիներու շարունակուող հալածանքներուն եւ Թուրքիոյ մէջ ամբարտակներու կառուցման հետեւանքով յառաջացած կենսոլորտային աղէտներուն՝ այս խնդիրներուն առաջքը առնելու միջազգային համագործակցութեան կոչ ուղղելով: Անոր կոչը հրաւէր է մեղմելու  ուրիշներու տառապանքները, ու չանտեսելու զանոնք:

Շաֆաքի հետ հարցազրոյցը լոյս կը սփռէ քաղաքականապէս խոցելի միջավայրի մէջ գրող ըլլալու դժուարութիւններուն վրայ՝ ընդգծելով հաստատուած կարգերը մերժողներու եւ փոփոխութեան մարտահրաւէր նետողներու առջեւ ծառացած վտանգները: