«Առտուան սուրճը ուրիշ է, մինչեւ չխմեմ՝ աչքերս չեմ կրնար բանալ»: Այս արտայատութիւնը յաճախ կը լսենք: Այդ փոքր գաւաթ մը սուրճին ազդեցութիւնը որքա՛ն մեծ է եղեր, որ առանց անոր մեր աչքերը չենք կրնար բանալ: Միթէ այդ գաւաթ մը սո՞ւրճն է, որ մեր դիմաց նոր հորիզոններ կը բանայ ու կը դառնայ խթանող օրուան մեր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Մոգական այս գաւաթ մը սուրճը մեր օրուան առաջին բարեկամը կը դառնայ, սակայն լուռ բարեկամ մը, որ նախ իր հրապուրիչ բուրմունքով կը սթափեցնէ մեզ գիշերուան երկար հանգիստէ մը ետք, ու կարծես պտըտելով մեր զգայարանքներուն մէջ՝ կը յաջողի սթափեցնել մեզ ու եռանդ փոխադրել մեր երակներուն:
Զարմանալի մեր այս բարեկամը իր առաւօտեան գաղտնիքը կը պարտի իր լռութեան՝ լուռ սակայն լաւ մտիկ ընող, եւ այդ է պատճառը որ դուն ինքդ պէտք է պատրաստես զայն ու հիւրասիրես դուն քեզ, որովհետեւ եթէ ուրիշը բերէ՝ իր հետ պիտի բերէ իր խօսակցութիւնները, ու սուրճը պիտի կորսնցնէ կախարդական անձայն երկխօսութիւն ստեղծող իր յատկութիւնը՝ առօրեայ խթանող խորհուրդը:
Վրայ կը հասնի կէսօրը: Ճաշեն ետք պայման է գաւաթ մը սուրճ խմել, եւ հոս կը բացայայտուի անոր մէկ այլ յատկութիւնը՝ մարսողութիւնը (թերեւս միայն համոզում): Հապա եթէ պատահի, թէ փառաւոր ճաշով մը հիւրասիրուեցար բայց սուրճով չաւարտեցաւ այդ հանդիպումը, անաւարտ կամ թերի կը համարուի այդ սիրալիր հանդիպումը ու այն ատեն կը լսենք. «գաւաթ մը սուրճ ալ չխմեցինք»:
Բարեկամներ մէկտեղելու յատկութիւն ալ ունի սուրճը, երբ հին ու նոր ընկերներ, հարազատներ ու նաեւ դրացիներ քով-քովի կու գան գաւաթ մը սուրճ խմելու, ու սուրճը ըմպելէ, ետք հոն ծայր կ’առնեն կարօտալի տրամադրութիւններ, հաճելի խօսակցութիւններ ու յիշատակներ (քաղաքական մեկնաբանութիւններն ու բամբասանքները զանց կ’առնենք առայժմ):
Մանկութեան ու պատանեկութեան օրերէս միշտ ալ կը լսէի մօրս մէկ հռչակաւոր արտայատութիւնը. «դրացուհին գաւաթ մը սուրճի հրաւիրեց զիս, շատ չեմ ուշանար, շուտով կու գամ»: Մենք՝ տնեցիները բոլորս վարժ էինք այս նախադասութեան, իսկ «շուտով կու գամ»ին անմիջական պատասխանը հայրիկս ունէր, երբ ան քմծիծաղով մը կ’ըսէր. «այո՛, շուտով կու գաս»: Մենք լաւ գիտէինք, որ երբ դրացիները մայրիկս գաւաթ մը սուրճի հրաւիրած են, ըսել է հարցը լուրջ է եւ թաղին կամ շէնքին մէջ նորութիւն մը կար: Երբ բաւական չափահաս եղանք, մայրիկս իր խօսքը չաւարտած, մենք կը պատասխանէինք հօրս տեղը ու կը խնդայինք:
Հետաքրքրական էր դրացիներու կամ կիներու այս հաւաքը գաւաթ մը սուրճի շուրջ, որ երեք փուլերէ կը բաղկանար. նախ՝ քանի մը հոգի սպասել, իրարու բարեւել ու որպիսութիւն հարցնել, ապա սուրճի պատրաստութիւնն ու խմելու արարողութիւնը, իսկ հիմնականը՝ «գաւաթի նայիլ»ն է. բախտագուշակութիւններ կամ ապագան կարդալ: Գաւաթին մէջ սուրճի հետքերով գծուած պատկերաւոր տարօրինակ ձեւերը յաճախ կը նմանցուէին անասուններու, առարկաներու, կէտերու, որոնք կը մեկնաբանուէին թիւերով, գիծերով ու ճամբաներով՝ երկար ու կարճ:
Մեր դրացիները անհամբեր կը սպասէին այդ կնոջ, որ գաւաթ կարդալու «հիւնէր» ունէր, որպէս նախագահ դրացիներու այս հաւաքոյթին: Զինք կը նստեցնէին հւրասենեակին մէջտեղ եւ իւրաքանչիւր կին աշակերտի մը պէս կարմրելով կը մօտենար ու իր գաւաթը կ’երկարէր անոր: Անոր բերնէն կախուած՝ կը սպասէին լուրերու տարափին (ընդհանրապէս բարի), ապա մերթ ընդ մերթ չորս կողմ կը նայէին ստուգելու, թէ բոլոր ներկաները ականջալո՞ւր էին պատմութեան: Եթէ մէկը ճամբորդ ունէր, անպայման անոր գաւաթին մէջ երկար ճամբայ մը պիտի ելլէր, իսկ եթէ անգործ էր, դռներ պիտի ելլէին, եթէ ամուրի զաւակներ ունէր՝ մատանի ու սեղան. իւրաքանչիւրը իր փափաքին համեմատ: Բայց երբեմն գաւաթին մէջ սուրճի հաւաքուած գունդերը չարագուշակ կ’ըլլային, այդ պարագային, «մասնագէտ կարդացողը» կը դիմէր դիւանագիտութեան ու կ’ըսէր. «սուրճը լաւ չէ խառնուած»: Յանցաաւորը կ’ըլլար սուրճը: Անոնք լաւ կը ճանչնային զիրար, ի վերջոյ դրացիներ էին, ոչ այսօրուան դրացիները, այլ հարազատ հայ դրացիներ:
Ամենէն հետաքրքրականը այն էր, թէ մէկ ժամ յետոյ, բոլորն ալ մոռցած կ’ըլլային իրենց սուրճի գաւաթին պատմութիւնը:
Վա՜յ այս սուրճը, այս ամենակարող ու ամենագէտ սուրճը: Ես ալ իմ կարգիս, իբրեւ հետաքրքիր պատանի, սուրճի գաւաթները լուալու պահուս մէկիկ-մէկիկ կը զննէի սուրճի գաւաթները ու փորձ կը կատարէի հասկնալու հոն պահուած պատմութիւնը, բայց ապարդիւն…
Գաւաթ կարդալը մասնագիտութիւն է… Նաեւ՝ արուե՞ստ…
Այսօր, երբ կը յիշեմ այս բոլորը, այդ մասնագէտ կիները կը նմանցնեմ արուեստագէտներու, որոնք իրենց լայն երեւակայութեամբ սուրճի հետքերուն մէջ կեանք կը դնէին եւ իմաստ կու տային անոնց: Կը մնար մտիկ ընել կամ ոչ, հաւատալ թէ ոչ:
Իբրեւ արեւելքցի ժողովուրդ, մենք սուրճը մէկ մասը դարձուցած ենք մեր սովորութիւններուն եւ ամենուրէք կը փնտռենք զայն, մանաւանդ՝ հւրասիրուիլը. «եկէ՛ք սրճենք»:
Արեւելքցիի ջերմութեան ու մտերմութեան խորհրդանիշ դարձած է ան:
Պահե՛նք ու չմոչնա՛նք յաճախ յիշեցնել. «հրամմեցէ՛ք սուրճի», «եկո՛ւր սուրճ խմենք»:
