Featured - Page 16

Վիճելի հարցեր՝ Փրոֆ. Արա Սանճեանի հետ

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի հիւրն է Միշիկընի Տիրպորն համալսարանի պատմութեան դասախօս եւ նոյն համալսարանի Հայկական հետազօտական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Արա Սանճեանը: Նախքան Տիրպորնի համալսարանին միանալը, Սանճեան որոշ շրջան մը վարած է Հայկազեան համալսարանի հայագիտութեան, պատմութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքը: Թէեւ քիչ մը երկար, բայց կարեւոր նիւթեր բովանդակող մեր զրոյցին ընթացքին նաեւ կը քննարկենք ընդհանուր պատմագիտական տեսութիւններու եւ հայոց պատմութեան դասագիրքերը արդիականացնելու մասին վիճելի հարցեր: Բարի ունկնդրութիւն:

Արա Վասիլեան կը խօսի ՀԲԸՄ-ի Դպրոցներուն եւ INALCO-ի մասին

«Տարբերակ21» հարթակի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի հիւրն է Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի դպրոցներու տնօրէն Արա Վասիլեանը: Արային հետ նախ կը զրուցենք իր ասպարէզին մասին իբրեւ կրթական մշակ, ապա ՀԲԸՄ-ի Դպրոցներու ներկայ կացութեան, տեսլականին ու առաքելութեան մասին: Կը քննարկենք նաեւ արեւմտահայերենի պահպանութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները: Կարեւորութեամբ կ’անդրադառնանք Հայագիտութեան միջազգային մագիստրոսի (IMAS) երկամեայ դասընթացներուն, կազմակերպուած Ֆրանսայի INALCO համալսարանին կողմէ: Խիստ շահեկան զրոյց:

Ընտրե՛լ. «տուփին մէ՞ջ» թէ՞ «տուփէն դուրս»

Դարաշրջանի մը մէջ, որ կը բնութագրուի արհեստագիտական սրընթաց յառաջդիմութեամբ եւ հասարակական-ընկերային յարատեւ ​​փոփոխութիւններով, «տուփէն դուրս» (outside the box) մտածելու կարողութիւնը երբե՛ք այսքան կարեւոր չէ եղած: Մտածելու այս ձեւը, որ կը գլէ ու կ’անցնի աւանդական սահմանները, մղիչ ուժը կը հանդիսանայ գիտական ու քաղաղաքական-ընկերային որեւէ փոփոխութեան ու յառաջդիմութեան: «Տուփէն դուրս» մտածել կը նշանակէ հարցերուն մօտենալ նոր տեսանկիւններէ, մերժել առկայ նորմերը եւ ընդունիլ ոչ-աւանդական լուծումներ: Ան կը պահանջէ ստեղծագործ միտք, լայնամտութիւն եւ ձեռնոցներ վերցնելու պատրաստակամութիւն:

Հայոց պատմութեան մէջ, տուփէն դուրս մտածողներ եղած են, օրինակ, մեր կարծիքով, Մեծն Տիգրանը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Պապ թագաւորը, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփան, Բագրատունեաց թագաւորութեան հիմնադիր Աշոտ Ա Մեծը, Գրիգոր Նարեկացին, Իսրայէլ Օրին, Խաչատուր Աբովեանը, Րաֆֆին, Կոմիտասը, Յովհաննէս Թումանեանը, Արամ Մանուկեանը, Պօղոս Նուպար Փաշան, Լեւոն Շանթը, Վահան Թէքէեանը: Միջազգային պատմութեան մէջ՝ Մահաթմա Կանտիի ոչ-բռնի դիմադրութեան փիլիսոփայութիւնը, Մարթըն Լութըր Քինկի ամերիկեան քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումը: Այնշթայնի յարաբերականութեան տեսութիւնը, Սթիւ Ճոպսի «Apple»ը, Ռայթ եղբայրներու թռչելու յախուռն փափաքը եւ օդանաւի գիւտը, իսկ արուեստական բանականութեան ստեղծումը կը ներկայացնէ կոթողային այլ նուաճում մը, որ ծնունդն է «տուփէն դուրս» արտասովոր մտածողութեան:

Նշեալները օրինակներ են, դեռ կարելի է երկարել շարքը, բայց մեր նպատակը անուններու եւ իրագործումներու շարանը չէ, այլ ճիգ մը ցոյց տալու, թէ «տուփէն դուրս» մտածելու եղանակով ինչե՜ր կարելի է ընել:

Պատմական մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց, հայ ժողովուրդին համար առանձնայատուկ նշանակութիւն պէտք է ունենայ «տուփէն դուրս» մտածելու կարողութիւնը: Այս մտածելաձեւը, որ, ինչպէս ըսինք, կ’ենթադրէ կտրել դասական իմաստութեան սահմանները եւ պեղել հաստատուած ու ընդունուած նորմերէն անդին, կրնայ փոխակերպել հայ ժողովուրդին իրավիճակը թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային-հասարակական եւ թէ՛ գիտական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ:

Հայերս տոկունութեան եւ յարմարելու երկար պատմութիւն ունինք: Վերապրած ենք ցեղասպանութիւններէ, եւ բռնի տեղահանութիւններէ ետք աշխարհի տարածքին ստեղծած ենք համայնքներ, որոնք վերածուած են սփիւռքներու, բայց երբեք այն միացեալ միաւորին, զոր, հակամէտ ենք, երբեմն գլխագիր՝ Սփիւռք կոչելու: Այս սփիւռքներու կազմակերպման ընթացքին, անհատաբար ցուցաբերած ենք նորարար մտածողութեան եւ հաստատակամութեան որոշ կարողութիւն: Սակայն, ժամանակակից հայը, (այս եզրին մասին պէտք է լրջօրէն մտածել) նաեւ Հայաստանի մէջ, երբեք չէ ցուցաբերած «տուփէն դուրս» մտածելու վարքագիծ, առնուազն հաւաքական մակարդակի վրայ, եւ այդ միջոցով լուծելու ընթացիկ մարտահրաւէրները եւ օգտուելու բազում նոր հնարաւորութիւններէն: Չենք վարանիր երբեմն նշելու, որ հայը տակաւին կը մտածէ 1860-ի ազգային սահմանադրութեան եղանակով կամ Րաֆֆիի խաչագողներուն տրամաբանութեամբ. կա՛մ ամիրա ենք, կա՛մ թաղականին կնիկը, կա՛մ Աբիսողոմ Աղա (առաջին կարգ նստիլը եւ նկարուիլը պայման), կա՛մ ալ «ըստ հրաւէրի» յառաջաբաններ գրելու եւ նոյն դասախօսութիւնը տասը անգամ վաճառելու պատրաստ «գիտնականներ»: Չմոռնանք Թումանեանի «Քաջ Նազարը» եւ այսօրուան քաջ նազարները: Փանջունիները եւ քազ նազարները շատոնց մտերիմներ դարձած են….

Հայաստանի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները, մանաւանդ շրջապատուած ոչ-բարեկամ (թշնամի չըսելու համար) երկիրներով, կը պարտադրեն ռազմավարական «տուփէն դուրս» մտածողութիւններ: Դիւանագիտական ​​ստեղծագործ ճիգերը, շրջանային դաշինքները եւ միջազգային բարեկամութիւնները կրնան նպաստել յաղթահարելու այս բարդութիւնները: Պատմութեան դասեր, հարցադրումներ, վերլուծումներ, հաւանականութիւններու ճշդում, հաւաքական քննարկումներ, նորարական աշխարհահայացք, բոլորը անցնել ազգային շահերու եւ անվտանգութեան պրիսմակէն ու որոշումներ կայացնել: Շատ կը լսենք այս օրերուն. «հայ ժողովուրդը պատմութենէն դասեր քաղելու սովորութիւն չունի՛», նաեւ «ապագան երբե՛ք ծրագրել չի գիտեր»:

Հասարակական հարցերը, ինչպէս՝ կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը նոյնպէս կը պահանջեն նորարար մօտեցումներ եւ ոչ-աւանդական լուծումներ: Տակաւին, Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական մարտահրաւէրներու: «Տուփէն դուրս» մտածելը կրնայ առաջնորդել տնտեսական նոր մարզերու զարգացման, ինչպէս արհեստագիտութիւնն եւ զբօսաշրջութիւնը, եւ խթանելու ձեռներէցութիւնը: Օրինակ, աշխարհասփիւռ հայութեան կամ հայկական սփիւռքներու փորձառութեան եւ միջոցներու օգտագործումը կրնայ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել Հայաստանի մէջ: Հոս եւս կարեւոր է «տուփին մէջ ձգել» աւանդական սփիւռքին սահմանումը եւ «Հայաստան-սփիւռք» «գործակցութեան» կամ «չգործակցութեան» հնամաշ ու քանդիչ մտածողութիւնները: Պետութիւն-սփիւռքներ յարաբերութիւնը պէտք է յառաջադէմ նոր տարազով մը արտայայտուի: Երբ ​​կեանքի որակը բարելաւուի Հայաստանի մէջ՝ ապահովութեան, պատկանելիութեան եւ տնտեսական առումներով, այդ մէկը հիմնովին կը նուազեցնէ արտագաղթը Հայաստանէն, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի երկրի կայունութեան, զարգացման եւ գոյատեւման համար:

Հայաստան ունի շրջանին մէջ արհեստագիտական կեդրոն դառնալու ներուժը` մարդկային դրամագլուխի, ստեղծագործական ունակութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նկատմամբ աճող հետաքրքրութեան շնորհիւ: Իր երիտասարդ, ուսեալ բնակչութեամբ, որ պատրաստ է ընդունելու նորարարութիւնները, Հայաստան կը գտնուի տնտեսական նոր հնարաւորութիւններու շեմին: Նորարարական մշակոյթ խթանելով եւ նորաստեղծ ձեռնարկութիւններուն (start-ups) զօրավիգ կանգնելով, Հայաստան կրնայ արհեստագիտական բարձր լուծումներ առաջադրել եւ առաջատար դիրք գրաւել արագ զարգացող արհեստագիտական աշխարհին մէջ: Այս իմաստով, «տուփէն դուրս» մտածող կարեւոր քայլ կը նկատուի 1 յուլիսի 2024-ին Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը՝ Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող Հայաստանի ազգային գերհամակարգչային կեդրոնին: Այս կեդրոնին առաքելութիւնն է խթանել հետազօտութիւնները ճարտարարուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ:

Իսկ «տուփէն դուրս» մտածելու եւ այդ մտածումը իրականութեան վերածելու մեծագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկը հայ իրականութեան մէջ այսօր կը հանդիսանայ «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար արհեստագիտական կրթութեան կեդրոններու հաստատումը Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Կ’ուզե՞նք «տուփէն դուրս» մտածողութիւնը լաւապէս ըմբռնել ու ընդօրինակել՝ դիմենք «Թումո»յի հիմնադիրներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն ու հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն՝ Մարի Լու Փափազեանին: «Թումոն» անվճար արտադպրոցական ծրագիրներ կը տրամադրէ 12-էն 18 տարեկան պատանիներուն ու անոնց արհեստագիտական հմտութիւններ կը սորվեցնէ, գործնական մօտեցումը մը՝ որ ոչ միայն աշակերտները կ’օժտէ անհրաժեշտ գիտելիքներով, այլեւ կը խթանէ քննական ​​մտածողութիւնը, խնդիրներու լուծումը եւ համագործակցութիւնը, որոնք յաջողութեան կարեւոր որակներ կը նկատուին արհեստագիտութեան մէջ:

Օգտագործել հայկական սփիւռքներու փափուկ ուժը

«Փափուկ ուժը» կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան՝ գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն, քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն (տեսնել փրոֆ. Հրաչ Չիլինիկիրեանի յօդուածը հետեւեալ կապով): Մինչդեռ «կարծր ուժը» կ’ընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտգործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Ուժի կիրառութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ «փափուկ ուժը» կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ «կարծր ուժը» լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով (նոյն):

Հայաստան- սփիւռքներու յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ «կարծր ուժը» այնքան ալ գործնական չէ, բայց ինչպէ՞ս օգտագործել սփիւռքներու «փափուկ ուժը»: Այսօր հայերը միջազգային ճանաչում ունին իրենց հարուստ մշակոյթով, գիտական ​​նուաճումներով, ստեղծագործական ունակութիւններով եւ առեւտուրի մէջ յաջողութիւններով: Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Շարլ Ազնաւուր եւ Սերժ Թանքեան միջազգային ծանօթ դէմքեր են երաժշտութեան մարզին մէջ: Տասնեակ հազարաւոր հայերու համատարած ճանաչումը արուեստի եւ մշակոյթի տարբեր մարզերուն մէջ կը վկայէ առկայութիւնը հայկական սփիւռքներու ունեցած «փափուկ մեծ ուժին»:

Գիտութեան մէջ, հայ գիտնականներ կարեւոր յայտնաբերումներ կատարած են ամբողջ աշխարհի տարածքին: Covid-19 համաճարակի ժամանակ Նուպար Աֆեյեանի Moderna-ն մշակելով առաջին պատուաստներէն մէկը՝ վիթխարի նպաստ բերաւ մարդկութեան: Գիտութեան մէջ տակաւին պէտք է նշել անունները Ռայմոնտ Վահան Տամատեանի (MRI սարքի գիւտարարը), Արտեմ Փաթափութեանի (Նոպելեան մրցանակակիր, մոլեքուլային կենսաբան), Վարդան Գրիգորեանի (պատմաբան եւ Պրաուն համալսարանի ու Նիւ Եորքի Քարնեկի ընկերութեան հիմնադրամի նախագահ, «Aurora» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր), տոքթ. Լեւոն Խաչիկեանի (կենսաբժշկական գիտաշխատող), Քրիսթինա Մարանչիի (արուեստաբան, հայ արուեստի եւ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան մէջ նշանակալի ներդրումով), Տարօն Աճեմօղլուի (տնտեսագէտ) եւ Վիքթոր Համբարձումեանի (աստղագէտ): Business-ի մէջ պէտք է յիշատակել նաեւ անունները Ալեք Մանուկեանի եւ Քըրք Գրիգորեանի իբրեւ «տուփէն դուրս» մտածող հայերու ազդեցութեան եւ յաջողութեան օրինակներ: Այս բոլորը միասին կ’ընդգծեն սփիւռքներու լայն կարելիութիւնները փափուկ ուժ կիրարկելու առումով:

Յստակ է այլեւս, այսօր սփիւռքներու փափուկ ուժը աւելի ու աւելի կը կեդրոնանայ անհատներու, քան աւանդական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ձեռքը: 21-րդ դարուն, հայ անհատներ, անկախ իրենց գտնուած վայրէն, կրնան օգտագործել իրենց փափուկ ուժը կամ ցանցային միջոցներով ուղիղ կապեր հաստատել Հայաստանի հետ: Անցեալ տասնամեակներուն, դասական-աւանդական հաստատութիւններու միջնորդական դերը մեծապէս նահանջած է սփիւռքներու համայնքային կեանքին մէջ: Սակայն, հրատապային սկսած է դառնալ այս փափուկ ուժը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը մնայուն ​​եւ համակարգուած կառոյցի մը կամ կառոյցներու մէջ:

Սփիւռքներու փափուկ ուժը ամբողջութեամբ օգտագործելու եւ ամրապնդելու նպատակով, «տուփէն դուրս» մտածելը անգամ մը եւս ինքզինք կը պարտադրէ: Ոչ միայն այդ. դասական մօտեցումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին եւ «տուփէն դուրս» փնտռուին համաշխարհային հայ համայնքի կամ գլխագիր Սփիւռքի մը ստեղծման կարելիութիւնները՝ նորարարական մեթոդներով: Ստեղծագործ եւ ոչ-աւանդական ռազմավարութիւններ որոնելով՝ սփիւռքը հաւանաբար կարենայ ազդեցութեան եւ հայկական պատկանելիութեան ու կապի նոր ուղիներ գտնել:

Սակայն, վստահաբար շատեր ոչ միայն պիտի ուզեն «տուփին մէջ» մնալ, այլեւ պիտի չթողուն որ ուրիշներ նաեւ «տուփէն դուրս» ելլեն ու տարբեր մտածեն: Հայկական աւանդական պահպանողականութիւնը (կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ, միութիւններ) պիտի փորձէ պահել իր «տուփին մէջ»ի մտածողութեան ձեւը եւ խոչընդոտել նորարութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմագրաւել կարենալու համար: Կը տեսնենք արդէն, որ այս պահպանողականութիւնը ինչպէ՛ս նստած է տուփին կափարիչին վրայ եւ յառաջընթացի ամէն ելումուտ փակած: Թէ ի՞նչ «գանձեր» պահուած են հոն, միայն ապագան կրնայ օր մը յայտնաբերել:

Արդ, հայ ժողովուրդին համար «տուփէն դուրս» մտածելը ո՛չ միայն ընտրութիւն է, այլեւ անհրաժեշտութիւն մը մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ յառաջ երթալու համար: Նորարարական մօտեցումներ որդեգրելով քաղաքականութեան, տնտեսութեան, արհեստագիտութեան եւ ընկերային հարցերու մէջ, հայերը կը յաջողին շարունակելու տոկունութեան եւ կացութիւններու յարմարելու իրենց դարաւոր աւանդը: Ստեղծագործ մտածողութեան ճամբով կարելի է որոնել ու գտնել նոր կարելիութիւններ, խթանել ազգային միասնականութիւնը եւ ապահովել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին բարգաւաճ ապագան:

Մասնագէտ հիւանդապահութեան եւ հետազօտող Դոկտ. Հուրի Բիւզանդեան

4 օգոստոսը կը զուգադիպի Պէյրութի նաւահանգիտի պայթումի 4-րդ տարեդարձին: Խունկ եւ աղօթք բոլոր նահատակներու յիշատակին: Երախտագիտութեան եւ յարգանքի խօսք այդ օր եւ յաջորդող օրերուն անսակակարկ նուիրումով ծառայած բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահ-հիւանդապահուհիներուն: Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի հիւրը՝ դոկտ. Հուրի Բիւզանդեան կը խօսի նաեւ անոնց զոհաբերութեան ոգիին մասին:
Դոկտ. Հուրի Բիւզանդեան (PhD, University of Pennsylvania) նշանակալի ներդրում ունի հիւանդապահութեան եւ սրտանօթային հետազօտութիւններու մարզերուն մէջ: Ան դասախօս է AUB-ի Հարիրիի անուան հիւանդապահութեան դպրոցին, նաեւ՝ այցելու դասախօս Շիքակոյի Իլինոյ համալսարանի հիւանդապահական գիտութեան բաժանմունքին մէջ: Հետազօտութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն Հուրիին ակադեմական ասպարէզին մէջ:
Լսե՛նք զինք:

Եկէ՛ք գիրք կարդանք, մանաւանդ Հայերէն

Պատանեկութեանս օրերն էին. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը։ Այդ շրջանին, կարելի չէր որեւէ ծրագիր կամ գործունէութիւն իրագործել, որովհետեւ շատ հաւանական էր, որ անաւարտ պիտի մնար։ Ռմբակոծումը կրնար անակնկալօրէն ինքզինք պարտադրել ամենուրէք։

Գիրք կարդալը հիմնական զբաղումներէս կամ կրնամ ըսել «սփոփանքներէս» մէկն էր. բարեբախտաբար՝ ոչ միայն իմ: Գրեթէ ամէն տուն գրադարան ունէր, որ տան զարդն էր եւ կարեւոր մէկ մասը տան կահաւորման։ Հօրս տան մէջն ալ, նրբանցքին մէկ կողմը, զետեղուած էր գրադարան մը, ուր կարելի էր գտնել հաստափոր ու մանրակազմ գիրքեր։ Գրական, գիտական, փիլիսոփայական եւ այլազան նիւթերով հարուստ գիրքեր։ վարի բաժինը կար երազահան մը եւ տարբեր լեզուներով բառարաններ։ Յարկ մըն ալ վերապահուած էր «Բժիշկ» ամսագիրին, որ այդ շրջանին լոյս կը տեսնէր Լիբանանի մէջ։ Այս գիրքերը իրար հրմշտկելով՝ կարծես կ՛ուզէին իրենց արդար տեղը ապահովել այդ գրադարանին մէջ։ Տան մէջ անկիւն մըն էր, բայց ամբողջ ներաշխարհ մը կը պարփակէր իր մէջ։

Այդ տարիներուն, Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Գոլէճի ուսանողուհի էի։ Գոլէճը կը գտնուէր Ս․ Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։  Զբօսանքի ժամերուն, գաղտնաբար կ՛իջնէինք եկեղեցւոյ ետեւի կողմը գտնուող աստիճաններէն վար, որ Զոքաք էլ Պլաթի կողմը կը նայի եւ կ՛ուղղուէինք դէպի ճամբուն վրայ գտնուող գրադարանը։ Գիրքեր կը գնէիք կամ կը վարձէինք եւ կը փոխանակէինք դասընկեր-դասընկերուհիներու հետ։ Յափշտակութեամբ կը կարդայինք Րաֆֆիի, Համաստեղի, Գրիգոր Զոհրապի եւ գրական այլ ժանրերու պատկանող գիրքեր։ Գիրք կարդալու խանդավառութիւնը վարակիչ էր։ Տարեդարձներու առիթով՝ նուէրները յաճախ գիրքեր կ՛ըլլային։

Այդ օրերուն համացանց գոյութիւն չունէր, կեանքը համրընթաց էր, բայց հաճելի օրեր էին․․․

Այսօր գիրքը իր երբեմնի «հմայքը»  կորսնցուցած ըլլալով՝ մէկդի կը դրուի, ինչպէս տան մէջ անհրաժեշտ չեղող իրերը, ապա կ՛ենթարկուին իրենց վիճակուած ճակատագիրին։

«Ո՞վ գիրք պիտի կարդայ»:

Ընկերային ցանցերը ՝ ճիշդ կամ սխալ տեղեկութիւններով ողողած են աշխարհը։ Կարեւոր է լաւատեղեակ եւ ճիշդ աղբիւրներէ օգտուիլ։ Գետ մը երբ յորդի, աւերածութիւններ կը կատարէ չորս դին։ Ընկերային ցանցերն ալ իրենց ապատեղեկութիւններով կը յորդին եւ մեր կեդրոնացումը կը շեղեն իրականութենէն։

Եկէ՛ք գիրք կարդանք, որպէսզի շինիչ գաղափարներով զիրար ոգեւորենք եւ ներշնչենք։ Ամրապնդենք մեր կեանքը ճիշդ գիտելիքներով։ Գիրք կարդալը արուեստ է։ Գեղանկարիչ մը երբ պատկեր մը կը գծագրէ, արտաքին աշխարհը կը միախառնէ իր ներաշխարհին։ Գիրք կարդալն ալ եւ զայն լաւ ձեւով ըմբոշխնելը արուեստ մըն է, որ մեր ներքին աշխարհը կը միաձուլէ արտաքինին եւ մեզ կը տանի դէպի հեռաւոր հորիզոններ․․․

Գիրք մը մեր ներաշխարհը կերպարանափոխելու ալ  յատկութիւնը ունի։ Կրնայ իբրեւ ուղեցոյց ծառայել։ «Բուժում» մըն է օրուան տաղտուկներէն հեռանալու։ Վերջապէս, գիտելիք ամբարելու գլխաւոր երաշխիքներէն մէկն է գիրք կարդալը։

«Ո՞վ գիրք պիտի կարդայ»:

Ըստ իս, գիրքը տակաւին իր արժանաւոր տեղը կը գրաւէ մարդկայն կեանքին մէջ։

Եկէ՛ք գիրք կարդանք, մանաւանդ հայերէն գիրք։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Կեղծիք՝ համամարդկային կարգախօսերով

Քանի մը օր առաջ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը, զոր շատեր քննադատեցին, եւ որով ուրիշներ հիացան: Հիացան, որովհետեւ շատ գեղեցիկ ու հետաքրքրական, նաեւ զուարճալի էր: Քննադատեցին, որովհետեւ շատերուն դուր չեկաւ սեռափոխներով (transvestites) Լէոնարտօ տա Վինչիի «Խորհրդաւոր ընթրիքին» բեմադրութիւնը: Ու ինչպէս միշտ, ձեւը շուքի մէջ ձգեց բովանդակութիւնը եւ քննադատութիւնն ու հիացմունքը դրսեւորուեցան առաւելապէս մակերեսային հարցերու շուրջ:

Մինչդեռ ողիմպիական խաղերու քննադատութիւնը ոչ թէ պէտք է ծաւալէր քրիստոնէական զգացումները վիրաւորուած ըլլալուն շուրջ, այլ ի՞նչ նպատակով տեղի կ’ունենան անոնք եւ ի՞նչ է անոնց իմաստը: Ընդհանուր առմամբ, ողիմպիական խաղեր ոչ մէկ փոփոխութիւն չեն բերեր, ոչ ալ կրնան: Միամտութիւն է կարծել, որ քանի մը հազար մարզիկներով հաւաքուիլը եւ իրարու հետ մրցիլը որեւէ կապ ունի խաղութեան կամ մարդկայնութեան, ու արդէն կեղծաւորութիւն է յայտարարել, որ սփորը կը միացնէ մարդիկ, որ այս խաղերը խաղաղութեան խորհրդանիշ են եւ այլն: Որովհետեւ այդպէս չէ: Ողիմպիական խաղերը ղրուշ մը արժէք չունին խաղաղութեան կամ մարդկայնութեան առումով: Թերեւս ինչ որ օգուտ տուած են հին յոյներուն այն է, որ խաղերու ժամանակ փոլիսները (քաղաք-պետութիւնները, ինչպէս՝ Աթենքը, Սփարթան, Կորնթոսը եւ Թեպէն) կը սառեցնէին պատերազմը, բայց հիմա նման բան չկայ: Շահու վրայ հիմնուած մեր աշխարհին մէջ ոչ մէկ մասսայական զուարճանք չի կրնար խաղաղութեան առաջնորդել:

Նմանօրինկ կեղծիք մըն ալ օսքարի մրցանակաբաշխութիւնն էր, երբ ուքրանացի բեմադրիչին օսքար տուին, կարծես ոչ ոք գիտէր, թէ ինչ կը կատարուի հոն եւ միայն այդ ֆիլմով իմացան; Շատ ալ լաւ գիտէին ու մասնաւորաբար ուքրանացիներուն օսքար տուին անոնց «լաւ մեռնելուն համար»: Հիմա ալ Ողիմպիական կրկէս է, բայց ո՛չ կազմակերպիչները, ո՛չ մասնակիցները կաթիլ մը համարձակութիւն ունին ըսելու, որ այդ եւս քաղաքական երեւոյթ մըն է, պիզնես է ու մարդիկ զբաղեցնելու միջոց եւ այդ պատճառով ալ անվերջ ու անտեղի կ’ընդգծեն Ողիմպիական խաղերու «բարձր առաքելութիւնը»՝ իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ եւ այլն:

Կազայի մէջ երեխաներու սպանդը դադրա՞ծ է, պատերազմը աւարտա՞ծ է, աշխարհի հարիւրաւոր վայրերու մէծ ընթացող մարդավաճառութիւնը դադրա՞ծ է, տնտեսական ողբերգութիւնները դադրա՞ծ են, զէնքի արտադրութիւնն ու վաճառքը դադրա՞ծ են․․․․ընդհանրապէս ինչ որ լաւ բան մը պատահա՞ծ է: Անշուշտ  ոչ: Ու ոչ ալ լաւ բան պիտի պատահի, որովհետեւ խեղճերուն, թոյլերուն վրայ բոլորը թքած ունին ու միշտ այդպէս եղած է, որովհետեւ մենք, որ երկու ոտքով կը քալենք, տակաւին գիշատիչներ ենք ու ամէն օր կ’անպատուենք բոլոր կրօններն ու գաղափարները, ամէն օր ու ամէն տեղ կը ստորացնենք մարդը, կը նուաստացնենք, կը զրկենք, կը խաբենք, կը կեղծենք, կը ոչնչացնենք: Իսկ քրիստոնեաներու մէկ մասը վրդոված է, որ Լէոնարտոյի նկարը բեմադրուած է սեռափոխներու միջոցով: Այսինքն եթէ այդպէս չպատահէր, բեմադրէին ենթադրենք կրօնական որեւէ այլ նկար, ամէն ինչ լա՞ւ պիտի համարուէր: Կամ նոյնիսկ այդ ալ կարեւոր չէ: Ենթադրենք այդ դրուագը նոյնիսկ գոյութիւն չունենար, եւ թէ ամէն ինչ այնքա՛ն լաւ էր, որ կարգ մը եկեղեցիներ, օրինակ, պիտի օրհնէի՞ն այդ կրկէսը, որովհետեւ ան խաղաղութեան խորհրդանի՞շ է: Ասկէ աւելի մեծ կեղծի՞ք: Աշխարհի տարածքին միլիոնաւորները կը տառապին թերի սնուցման, կրթութեան բացակայութեան, կեանքի վտանգի, հիւանդութիւններու սարսափներու, իսկ քրիստոնեաները ընդամէնը նկարի մը բեմադրութիւնը (դատապարտելի կամ ոչ) վերածած են մեծ պատմութեան, երբ անդին իրական աշխարհի մէջ ամէն բան շատ աւելի վատ է:

Իսկ ի՞նչ կը պատուիրէ Աստուած, զոր ամէն կրօն տարբեր կերպ կ’անուանէ: Չկայ կրօն մը, որ կը խրախուսէ կեղծաւորութիւնը, խաբէութիւնը, այլանդակութիւնը, սպանդը: Չկայ որեւէ քաղաքական կամ հասարակական փիլիսոփայութիւն, որ կը քարոզէ այն ամբողջ այլանդակութիւնը, որ հիմա կը կատարուի ամէն օր եւ ամէնուր:

Ուրեմն ի՞նչ: Հրաժարի՞լ Ողիմպիական խաղերէն: Անշուշտ ոչ, որովհետեւ այդ մէկը ընելու համար մենք առայժմ չունինք ո՛չ գիտակցուած պատճառ, ո՛չ ալ համարձակութիւն: Բանէ մը հրաժարելու պարագային, մենք պէտք է այլ բանով մը փոխարինենք զայն, իսկ մենք տակաւին որեւէ լուրջ բան չունինք: Այսինքն ոչ թէ լուրջ բան, այլ այնպիսի հետաքրքրական եւ մասսայական երեւոյթ մը, որ աւելի լաւ կը զբաղեցնէ մարդիկը, կը կատարէ իր քաղաքական դերը եւ աւելի լաւ գումար կ’ապահովէ, քան Ողիմպիական խաղերը: Դժուար չէ որեւէ համամարդկային լոզունգ յօրինել:

Բացի անկէ, եթէ պայմանաւորուած ողիմպիական խաղերէն հրաժարինք, այդ կը նշանակէ դիմակները հանել եւ մէկ կողմ դնել: Իսկ ի՞նչ կը պատահի այդ ժամանակ: Յայտարարենք, որ թքած ունինք բացարձակ ամէն ինչի վրայ եւ մեզի միայն շահը կ’առաջնորդէ: Այդ մէկը չենք կրնար ընել, որովհետեւ սուտն ու բամբասանքը մարդկային հասարակութիւնը միացնող կարեւոր երեւոյթներէն կը նկատուին: Հետեւեբար, մենք կը շարունակենք մասսայական կրկէսները` ողիմպիական խաղեր, Եւրոներ, աշխարհի խաղեր, Ֆորմուլա-1, Օսքար եւ այդ կարգի բաներ եւ ամէն անգամ կը յայտարարենք, որ այդ բոլորը կը հետապնդեն մարդիկ քով քովի բերելու, միութիւն ստեղծելու, խաղաղութիւն քարոզելու եւ այլ բարձր բաներ…

Եւ ի՞նչ կը ստացուի ընդհանուր առումով: Դիտենք ողիմպիական խաղերը, ցնծանք եւ միաժամանակ սարսափելի լուրեր կարդանք աղէտալի առօրեայ իրադարձութիւններու մասին, բայց միաժամանակ մենք զմեզ համոզենք, որ այդ զուարճանքը միտուած է խաղաղութեան եւ համամարդկայնութեան:

Իսկ եթէ ողիմպիական խաղերու ժամանակ ցուցադրուէր քանի մը հազար երեխաներու սպանդէն որեւէ պատկեր կամ տեսագրութիւն, այդ մէկը աւելի ազդու չէր ըլլա՞ր: Թերեւս ըլլար, բայց այդ պարագային «քէֆը հարամ կ’ըլլար», մինչ այդքան մեծ գումարներ ծախսուած է այդ «շո»ին համար: Այդ բոլոր գումարներուն յատկացումը աւելի կարեւոր բաներու, իրօք կրնար ծառայել համամարդկութեան ու խաղաղութեան: Բայց այդ մէկը երբե՛ք պիտի չպատահի: Միամտութիւն է նման բան մտածելը: Այնպէս, որ չարժէր կեդրոնանալ անկարելիին վրայ:

Իսկ քանի դեռ հարուստները կը զուարճանան, դժբախտները թող շարունակեն մեռնիլ ու տառապիլ: Այդ տառապանքը նոր ու հրաշալի առիթ մըն է, որ նոր ձեռնարկներ կազմակերպուին, նոր լոզունգներ յօրինուին եւ նոր խոստումներ տրուին ծառայելու մարդկութեան, խաղաղութեան ու տակաւին նման շատ բաներու:  Որքան շա՛տ ըլլայ տառապանքը, այնքան աւելի շա՛տ կարելի է պայքարիլ անոր դէմ, այնպէս, որ տառապանքները մարդկային հասարակութեան պէտք են: Անոնցմով կարելի է շատ բան ծածկել: Միւս կողմէ ալ մեծ գումարներ շահելու լաւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ:

Իսկ ի՞նչ կը մտածեն պատերազմող երկիրներուն մէջ: Սովի ու ծարաւի մատնուած երկիրներուն մէջ: Այն երկիրներուն, ուր նոյնիսկ գրել կարդալ չեն գիտեր, ուր մնաց ոլիմպիական խաղերու մասին լսած ըլլան: Պաղեստինցի 5 տարեկան որեւէ աղջնակ հաստատ շատ պիտի զարմանար, երբ լսէր, որ իր ծնողները սպանուելէ ետք, աշխարհի մէջ մարդիկ հաւաքուած են խաղեր խաղելու` յանուն խաղաղութեան: Անիմաստ ու հակասական: Երեխաները ամէն բան կը գիտնան եւ աւելի արագ կը գիտնան: Երեխաները աւելի լաւ կ’անդրադառնան, երբ զիրենք կը խաբեն: Անոր համար ալ սուտն ու կեղծիքը աւելի համոզիչ ու շքեղ են, ինչպէս օրինակ ողիմպիական խաղերը:

Եւ այսպէս, մենք ունինք ընթացիկ շքեղ կեղծիք, մենք ունինք ամէն օր աւելցող տառապանք: Մենք չունինք համամարդկային որեւէ գիտակցութիւն եւ իրօք արդարամտութիւն, որովհետեւ ամէն ինչէ բացի, որքան ալ արդարացումներ ըլլան, որ ողիմպիական խաղերը պիտի կայանան, միշտ ալ աչքերուդ առջեւ են այն դժբախտները, որոնք հնարաւորութիւն չունին օգտուելու անկէ:

Ողիմպիական խաղերը հարուստներու համար են, ոչ թէ բոլոր մարդոց: Ողիմպիական խաղերը ապահով եւ հզօր երկիրներու խաղալիքներն են, ոչ աւելին:

Ու քանի դեռ մարդկութիւնը կը շարունակէ մէկ կողմէ արիւն թափել, միւս կողմէ ցնծալ, քանի դեռ միլիառներ կը ծախսուին կրկէսներու համար, բայց միլիոնաւոր երեխաներ հաց չունին ուտելու, ապա վերստին կը համոզուիս, որ «մարդ արարածը դեռ հեռու է իր կոչման արժանի ըլլալէ եւ չես գիտեր, թէ երբեւիցէ կը հասնի՞ այդ կոչումին, թէ այդ մէկը կը մնայ իմաստուններու եւ դժբախտներու երազանքը»:

Ճանչնանք տուտուկահար Րաֆֆին

Darperag21 հարթակի podcast-ի հիւրն է լիբանանհայ տուտուկահար եւ շուտով միջազգայնացման ճամբան բռնող Րաֆֆի Չիլինկիրաեանը: Րաֆֆին իր տուտակահարի վկայականը ստացաւ վերջերս Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցէն, ու դարձաւ Լիբանանի մէջ տուտուկի վկայական ստացող առաջին արուեստագէտը: Հետաքրքրական է որ տուտուկի սիրահար Րաֆֆիին բուն մասնագիտութիւնը համակարգչային գիտութիւնն է: Լսենք զինք, նաեւ՝ իր տուտուկին ձայնը:

Ալֆա, պեթա, կամմա, էփսիլիոններ ե՞նք, թէ՞ մարդ

Նշանաւոր արձակագիր Օլտըս Հաքսլի 1932-ին հեղինակած է հիանալի գործ մը՝ «Չքնաղ նոր աշխարհ» (Brave New World), որ կը նկատուի եութոբիան (utopia) ժխտող գրականութեան գլուխգործոցներէն մէկը։ Հակառակ երեւութապէս դրական եւ ուրախ միջավայրին, այս գիրքը աւելի մռայլ եւ սարսափելի իրավիճակի մէջ գտնուող աշխարհ մը կը ներկայացնէ, քան նոյնիսկ Ճորճ Օրուէլի «1984»-ը։ Հաքսլիի նկարագրած աշխարհին մէջ անհատականութիւնը ամբողջովին ջնջուած է եւ չկան որեւէ քաղաքական կամ տնտեսական գաղափարախօսութիւններ, չկան պատերազմներ։ Մարդիկ կ’աճեցուին արուեստական վերահսկուած միջավայրեու մէջ՝ նախապէս սահմանուած չափորշիչներով՝ ալֆա, պեթա, կամմա, էփսիլիոններ։ Խիստ դասակարգուած այդ աշխարհին մէջ չկան ընտանիքներ եւ իւրաքանչիւր դաս զբաղած է իրեն  համար սահմանուած աշխատանքներ եւ պարտականութիւններ կատարելով։ Պետութիւնը խստօրէն կը հսկէ եւ մանկուց արդէն իսկ սահմանուած ունակութիւններով ծնած երեխաները կը ստանան մշակուած դաստիարակութիւն եւ չունին տարբերող կամ այլ պահուածք։ Անոնք մնայուն անվնաս թմրացուցիչ կ’առնեն, հանգիստ են եւ ուրախ։ Իտէալական ստրկատիրութիւն մը, ուր բոլորը երջանիկ են եւ ոչինչ գոյութիւն ունի, բացի անկէ, որ կը զետեղեն մարդուն մէջ իր ծննդեան պահէն սկսեալ։

Իր գործը ստեղծելէն շուրջ քսան տարի անց՝ 1950-ականներուն Հաքսլի կը գրէ ուշագրաւ այլ աշխատութիւն մը «Վերադարձ չքնաղ նոր աշխարհ» (Brave New World Revisited, 1958) ուր ան կը ներկայացնէ իր գիրքին վերլուծութիւնը եւ կը խօսի պետական քարոզչութեան, ուղեղի լուացման, վերահսկումի մասին։ Հաքսլի կ’ըսէ, որ իր «Նոր չքնաղ աշխարհ» գիրքին մէջ ներկայացուած ապագայի պատկերացման իրականացումը աւելի մօտ է, քան կարելի է կարծել։ Ազատութիւնը երթալով կը հեռանայ մարդոցմէ՝ արհեստագիտական իւրաքանչիւր զարգացումի զուգահեռ։ Ընդ որում այդ ազատութեան հեռացումը ոչ թէ կը կատարուի բռնի, ինչպէս Օրուէլի «1984»ի պարագային, այլ մարդիկ նոյնիսկ չեն ալ նկատեր, որ իրենք վերածուած են խամաճիկներու։ Այդ նոյն խնդիրներուն մեծ անդրադարձ կատարած են օրինակ Էրիք Ֆրոմը (Erich Fromm) իր «Փախուստ ազատութենէն» (Escape from Freedom) փիլիսոփայական, վերլուծական գիրքին եւ Եվկէնի Զամյաթինը (Yevgeny Zamyatin)՝ «Մենք» հակաեութոպիսթական գիրքին մէջ։ Ֆրոմ կը նշէ, թէ մարդիկ ինչպէս իրենց կամքով կը հրաժարին ազատութենէ եւ անսահմանափակ լիազօրութիւններ կու տան բռնապետերուն, որովհետե այդ ձեւով կը խուսափին անձնական պատասխանատւութենէ եւ կ’ուզեն, որ որեւէ զօրաւոր ձեռք գայ եւ ամէն բան կարգի դնէ։ Եւ նոյնիքն այդ զօրաւոր ձեռքն ալ սովորաբար կը վերածուի բռնատիրութեան, այնպէս, ինչպէս Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, լատինական երկիրներու մէջ եւ այլուր։

Եւ այս բոլորին մէջ իր յստակ ու կայուն տեղը ունի քարոզչութիւնը, որովհետեւ համակարգային որեւէ երեւոյթ նախ եւ առաջ կը փորձէ իր օրինականութիւնը ապահովել եւ յաջողութեան պարագային՝ ամրապնդել այդ յաջողութիւնը։ Եւ այդ քարոզչութիւնը, որ Հաքսլիի մօտ յաջողութեամբ կ’արտայայտուի սոմմա թմրեցուցիչի օգնութեամբ,  Օրուէլի մօտ՝ աննախադէպ դաժան ճնշումներով, մեր իրականութեան մէջ կը դրսեւորուի դրական, բանական քարոզչութեամբ, զոր մենք կը տեսնենք ժամանակակից լիպերալ-ազատական ընկալումներուն մէջ։

Այս պարագային բաւական ուշագրաւ են Թեոտոր Պարպըրի «Քուն եւ հիփնոսիս» («Sleep» and «Hypnosis») եւ Միլն Պրամուելի (Milne Bramwell) «Հիփնոսիսի պատմութիւնը, կիրարկութիւնը եւ տեսութիւնը» աշխատանքները։ Այս աշխատանքներուն մէջ կը նշուին հիփնոսիսի կիրառութեան ազդեցութիւնները խոր եւ մակերեսային քունի պարագային, առանձին խումբերու պարագային ի՞նչ մեթոդներ կը կիրարկուին աւելի տպաւորիչ արդիւնքներու հասնելու համար, ինչպէս նաեւ՝ ի՞նչ արդիւնքներ գրանցուած են։ Հիփնոսիսի եւ անոր արդիւքներուն մասին քննարկումները Հաքսլի նաեւ կը դիտարկէ քննադատելու ունակութեան տեսանկիւնէն։ Հիփնոսիսի միջոցով կարելի է թէ՛ անհատը առանձին, թէ՛ խումբը դարձնել համեմատաբար աւելի քննադատող, կամ՝ տարակարծիք եւ ըմբոստ։ Երկու երեւոյթներու ծայրայեղական դրսեւորումնեը կրնան բացասաբար ազդել անհատին եւ խումբին։ Իսկ եթէ այդ բոլորը կը դիտարկենք հասարակական եւ ազգային-պետական քարոզչութեան մակարդակի վրայ, կրնանք քննարկել, թէ ժողովրդավար եւ ամբողջատիրական համակարգերուն մէջ, ինչպիսի՞ մեթոդներ կը կիրարկուին հասարակութեան միտքեր ներշնչելու եւ համոզելու համար։ Հասարակական հիփնոսիսը ի հարկէ կ’աշխատի ամբողջովին այլ ձեւով, բայց նպատակը նոյնն է՝ ներշնչել այն, որ ձեռնտու է իշխանութիւններուն ու կառավարիչներուն։ Նոյն ձեւով եւ անկէ կախեալ է, թէ տուեալ հասարակութիւնը կառավարման ի՞նչ համակարգ ունի, հասարակական հիփնոսիսը, կամ այլ խօսքով, պաշտօնական քարոզչութիւնը կրնայ որդեգրել այնպիսի մօտեցումներ, որոնք կրնան հասարակութիւնը դարձնել աւելի դիւրին համոզուող եւ կամազուրկ։ Իր կարգին, շուէտացի նշանաւոր հոգեբոյժ Օթո Կէյորկ Վէթէրսթրէնտ (Otto Georg Wetterstrand) իր աշխատութիւններուն մէջ կը նշէ յատկապէս քնացած վիճակի մէջ գտնուող մարդոց  վրայ հիփնոսիսի ազդեցութեան արդիւնաւէտութիւնը, ինչպէս նաեւ, որ հիփնոսիսը շատ աւելի ազդու է մանուկներուն։ 

Այժմու աշխարհին մէջ, այդ «մանուկ» եւ «մակերեսային ու խոր քուն» եզրերը քաղաքական առումով կարելի է նոյնացնել կրթութեան եւ փորձառութեան պակասի հետ։ Ոչ-ուսեալ հասարակութիւնները աւելի շատ ենթակայ են քարոզչութեան։ Նաեւ հասարակութիւն մը աւելի հակուած կ’ըլլայ դիւրին հաւատալու իրեն մատուցուած քարոզներուն, եթէ ան ո՛չ միայն կրթութեան եւ փորձառութեան պակաս ունի, այլեւ՝ կը գտնուի տնտեսական ծանր վիճակի մը մէջ, այսինքն՝ խոր սթրեսի մէջ։ Խոր եւ երկարատեւ սթրեսը կրնայ կոտրել ո՛չ միայն անհատի մը, այլեւ՝ ամբողջ հասարակութեան մը կամքը։ Այդ բոլորը գիտական առումով իր ժամանակին փաստեց ռուս բնախօս ակադեմիկոս Իվան Փավլովը, որ պայմանական ռիֆլեքսներու (conditioned reflexes) տեսութեան մշակումով ցոյց տուաւ, որ ջղային ծանր իրավիճակը կրնայ կոտրել ու հնազանդ դարձնել օրկանիզմը։ Փավլով իր տեսութիւնը փաստեց շուներու վրայ կատարուած փորձերով, բայց իրմէ ետք, համայնավարներն ու ֆաշիսթները գործնականօրէն հաստատեցին այդ՝ անլուր տանջանքներու միջոցով կոտրելով անհատներու եւ խումբերու դիմադրութիւնը՝ զանոնք հոգեպէս հաշմելով ու հնազանդ ֆանաթիքներ դարձնելով, իսկ ոչ-ցանկալիները՝ ոչնչացնելով։

Մեր օրերուն, քարոզի, այլ խօսքով հասարակական հիփնոսիսի գործիքներ կարելի է նկատել մասսայական մետիան, տարբեր յաւելուածները (Apps)՝ թիք-թոք, ինսթակրամ, Ֆեյսպուք եւ այլն, ինչպէս նաեւ մասսայական սպառողական մշակոյթը՝ երգ-երաժշտութիւն, տարբեր թրենտներ, ֆլեշմոպեր եւ այլն։ Անոնցմով ո՛չ միայն կարելի է վերահսկել հասարակական միտքը, զայն առաջնորդել նախընտրած ուղղութեամբ, այլեւ՝ զայն դաստիարակել ընտրովի սկզբունքերով, որոնցմէ ան ոչ մէկ ձեւով կը շեղի։ Այսինքն Հաքսլիի «սոմմա» թմրեցուցիչը եւ արուեստական վերահսկուած միջավայրերը հիմա իրականութիւն կը դառնան նշուած մեթոդներով։

Այս բոլորէն կ’առաջանան բազմաթիւ հարցեր, որոնց շարքին պէտք է առանձնցնել մէկը՝ արդեօ՞ք կարելի է նման մեծ միջոցներ ունենալով՝ հասարակութիւնը ոչ թէ կոտրել, այլ դարձնել աւելի զօրաւոր ու հաստատակամ։ Կը կարծեմ, որ կարելի է։ Բայց արդեօք նման բան կը կատարուի՞։ Արդեօք իշխանութիւնները (սկզբունքային առումով) պատրա՞ստ են յառաջադէմ կառավարման՝ յանուն համընդհանուր զարգացման։ Իշխանութիւնը ինքը թունաւոր դեղահատ մըն է եւ կը գինովցնէ  որեւէ դեղէ աւելի։ Մեկ անգամ իշխանութեան համը առած ռեժիմները չեն ուզեր զիջիլ իրենց դիրքերը եւ իշխանութեան կռիւը կ’առաջնորդէ հասարակութեան ուղղուած քարոզչական նորանոր փորձերու, երբ ամէն ձեւով հսկողութեան տակ կը դրուի հասարակութեան կեանքը, եւ մարդը կը սկսի սիրել, մտածել եւ ապրիլ այնպէս, ինչպէս զինք համոզած են ու կը համոզեն։ Եւ կը համոզե՛ն։

Այս մէկը հարց մըն է, որուն կարելի չէ միանշանակ պատասխանել։ Սովորաբար ամենէն սարսափելի բաները կը կատարուին լաւագոյն ցանկութիւններէ ելլելով։ Ո՛չ Հիթլերը, ո՛չ Սթալինը իշխանութեան չեն ձգտած, որ սպանեն եւ կործանեն, որովհետեւ հաճելի բան է այդ։ անոնք առաջնորդուած են անձնական ձգտումներով եւ, երեւութապէս՝ լուսաւոր գաղափարներով։ Բայց հետեւանքը տեսանելի է։ Նոյն ձեւով, նաեւ այսօր, երբ ամբողջատիրութիւնը կը փորձէ կրկին գլուխ բարձրացնել, իսկ ազատականութիւնը որոշակիօրէն շփոթի մատնուած է, ի՞նչ մեթոդներու կը դիմեն առաջնորդներն ու կառավարիչները՝ իրենց սեփական ծրագիրները աւելի համոզիչ քարոզելու եւ հասարակութիւնը «Նոր, սքանչելի աշխարհ» մը առաջնորդելու եւ նոր ստրկութիւնը աւելի գրաւիչ դարձնելու համար։ Այս թեմաներով քննարկումները շարունակելու ընթացքին պէտք է նշել ռուս-ուքրանական պատերազմը, Կազայի պատերազմն ու ջարդը, Արցախի բռնի հայաթափումը, տասնեակ այլ անիմաստ կոտորածները ու այն գինը, որ կը վճարուի ապահովութեան ու խաղաղութեան համար, նշել այն իմաստը, որ տարբեր երկիրներու մէջ կը հասկնան «ազատութիւն» եւ «իրաւունք» ըսելով եւ նշել անհամար շարասիւները՝ բաղկացած  սպիտակ, սեւ, թխամորթ, դեղին երիտասարդներէ, որոնք զինուորական տարբեր համազգեստներ հագած կը տողանցեն դէպի իրենց հասարակաց գերեզմանը։

Նարէ Քիւրքճեան՝ երիտասարդ եւ տաղանդաշատ արուեստագէտը

տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի հիւրն է երիտասարդ եւ խոստմնալից արուեստագէտ Նարէ Քիւրքճեանը, որ արդէն իսկ ուշագրաւ յաջողութիւններ արձանագրած է կատարողական արուեստի՝ դերակատարութեան եւ բեմադրութեան մէջ: Նարէին վերջին աշխատանքը` «Ախըր Խարթուշէ» Միշել Զալլուայի հետ, բաւական աղմուկ ստեղծեց՝ վկայելով անոր ստեղծագործական հմտութիւնը: Նարէ եւ Զալլուա միասնաբար գրած ու բեմադրած են գործը: Խոստմնալից արուեստագէտ մը, Նարէ դեռ շատ խօսիլ պիտի տայ իր մասին: Լսենք զինք:

Որպէսզի չընտրուի չընտրելիներէն մէկը

Քաղաքական կեանքի մէջ կուսակցականութիւնը սկսած է վերածուիլ կործանարար ուժի` խարխլելով հաստատութենական քաղաքականութեան հիմքերը եւ քայքայելով այն արժէքները, որոնք ժամանակին կ’առաջնորդէին ժողովրդավարական կարգերը: Քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ հաւատարմութիւնը սկսած է գերակշռել առարկայական մտածողութիւնն ու գաղափարախօսութիւնները` ստեղծելով միջավայր մը, ուր սկզբունքները կը նահանջեն կոյր հաւատարմութեան առջեւ:

Ուրիշ բան կարելի չէ ըսել, երբ քանի մը ամիս ետք ամերիկացիք քուէտուփեր պիտի ուղղուին ընտրելու չընտրելիները:

Կուսակցականութիւնը, քաղաքական որոշ կուսակցութեան մը հանդէպ հաւատարմութիւնը, յաճախ այլ նկատառումներու հաշւոյն, միշտ եղած է ժողովրդավարական աշխարհավարութեան մէկ մասը, սակայն, վերջին տասնամեակներուն ան այնքան աշխուժացած է, որ դարձած է սպառնալիք քաղաքական հաստատութիւններու հեզասահ գործունէութեան, պարկեշտութեան եւ արդիւնաւէտութեան: Պատմականօրէն քաղաքական կուսակցութիւնները ձեւաւորուած են գաղափարախօսութիւններու եւ արժէքներու շուրջ, որոնք քաղաքականութիւն մշակելու եւ կառավարելու օրինականութիւն կու տային տուեալ կուսակցութեան: Այսօր այս գաղափարախօսութիւնները նահանջած են թունաւոր հաւատարմութեան մը առջեւ, ուր առաջնակարգը կուսակցական իշխանութեան պահպանումը դարձած է, եւ ոչ թէ ընդհանրական շահերու հետապնդումը:

Ժամանակակից կուսակցականութեան մտահոգիչ կողմերէն մէկը անոր ազդեցութիւնն է առարկայական մտածողութեան վրայ: Երբ կուսակցութեան մը հանդէպ հաւատարմութիւնը կը դառնայ առաջնակարգ, քննականօրէն մտածելու եւ փաստերու վրայ հիմնաւորուած որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը կը նուազի անհամեմատօրէն: Հանրային գործիչներու եւ կուսակցականներու վրայ յաճախ ճնշում կը բանեցուի կուսակցական որոշումներուն ենթարկուելու, նոյնիսկ երբ այդ որոշումները կը հակասեն իրենց սեփական սկզբունքներուն կամ ընդհանրական շահերուն: Այս իրողութիւնը կը ստեղծէ վիճակ մը, ուր կուսակցական դիրքորոշումներ կը գնահատուին ոչ թէ ըստ իրենց ընդհանրականութեան եւ արժէքին, այլ կուսակցական օրակարգի հետ համապատասխանութեան:

Ճիշդ այս մթնոլորտն է, որ այսօր կը տիրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Օրինակ, օրէնսդրական քննարկումները, որոնք սկզբունքով պէտք է կեդրոնանան առաջադրուած քաղաքականութեան մը դրական եւ ժխտական կողմերու քննարկումին վրայ, ընդհանրապէս կը վերածուին կուսակցական բանավէճերու եւ յաճախ կռիւներու` կողմերէն իւրաքանչիւրը մերժելով միւսին նոյնիսկ օգտաշատ առաջարկները: Բնականօրէն, ոչ միայն կը խեղդուին բովանդակալից ու առարկայական քննարկումները, այլեւ կը խոչընդոտուին հրատապ հարցերու արդիւնաւէտ լուծումները:

Հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգներու հիմնադիրներէն եւ առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթըն իր իր երկրորդ նստաշրջանի աւարտին հրապարակած հրաժեշտի խօսքին մէջ զգուշացուցած է կուսակցութիւններէ, ըսելով. «կուսակցական ոգիի ընթացիկ եւ շարունակական շեղումները բաւարար են, որ իմաստուն ժողովուրդ մը իր պարտականութիւնը դարձնէ զայն չքաջալերելը եւ զսպելը» (The common and continual mischiefs of the spirit of party are sufficient to make it the interest and duty of a wise people to discourage and restrain it, George Washington): Խօսքը կը վերաբերի կուսակցական հակամարտութիւններու եւ կուսակցական շահախնդրութեան հետեւանքով յառաջացած յաճախակի տարակարծութիւններու: Ուաշինկթընի համաձայն, քաղաքական կուսակցութիւնները պատճառ կը հանդիսանան հակամարտութիւններու, փտածութեան, եւ կուսակցական շահերը յաճախ կը գերադասեն ընդհանրական շահերու: Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը դիտել կու տայ նաեւ, որ կուսակցականցած խնդիրները այնքան վնասակար են, որ իմաստուն ու խելամիտ հասարակութիւն մը պէտք է դիմէ անհրաժեշտ քայլերու՝ զանոնք կարելի եղածին չափ վանելու համար:

Հաստատութիւնները` ըլլան կառավարական, կրթական, թէ դատական, արդիւնաւէտութեան մեկնակէտով կ’ապաւինին հասարակաց արժէքներու եւ նորմերու, ինչպէս՝ պարկեշտութեան, թափանցիկութեան, հաշուետւութեան եւ ընդհանրական բարօրութեան: Սակայն, նշմարելի է, որ մինչ կուսակցականութիւնը կը զօրանայ, այդ արժէքները երթալով կը խեղաթիւրուին:

Կառավարութեան պարագային, կուսակցական հաւատարմութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ անհատներու նշանակումին՝ մեկնելով անոնց քաղաքական պատկանելիութենէն, եւ ոչ թէ անոնց պատրաստուածութենէն կամ կարողութիւններէն, ինչ որ կը խաթարէ հաստատութիւններու թափանցիկութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը եւ կը քայքայէ ժողովրդային վստահութիւնը: Կուսակցականութիւնը կրնայ լրջօրէն խաթարել քաղաքական հաստատութիւններու անշահախնդրութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը: Երբ կուսակցական հաւատարմութիւնը  կը գերադասուի ժողովրդավարական եւ գաղափարական արժէքներու՝ կը խախտին ժողովրդային ծառայութեան հիմքերը:

Իրերու ներկայ վիճակը կը պահանջէ վերադառնալ արժէքներու վրայ հիմնուած աշխարհավարութեան, ուր ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդին բարօրութեան սկզբունքները կը գերադասուին կուսակցական հաւատարմութեան: Իսկ այս առաջադրանքը իրագործել կարենալու համար անհրաժեշտ է որդեգրումը քայլերու, որոնք կ’ընդգրկեն հանդուրժողականութեան խթանումը` խրախուսելով տարբեր կուսակցութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ թափանցիկութիւնը ընդհանրապէս: Յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի կրթութեան, որ պէտք է ծառայէ խթանելու քննական ​​մտածողութիւնն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններու գիտակցութիւնը:  Ըլլալ զգոյշ որ կուսակցութիւնները ներկայանան ժողովրդային շահերու յանձնառութեամբ եւ ոչ թէ կուսականացած օրակարգով:

Այս արժէքները վերականգնելէ ետք միայն ամերիկացիք նախագահական յառաջկայ ընտրութիւններուն կրնան ուղղուիլ լաւ անձնաւորութիւն մը ընտրելու հեռանկարով: Լաւ անձնաւորութիւն մը՝ որ ազնիւ է, կը հետապնդէ ժողովուրդին շահերը (ոչ կուսակցութեան կամ անձնական շահերը), կը յարգէ ժողովրդավարական սկզբունքները, ու այս պարագային կարեւոր չէ թէ դեմոկրատ է կամ հանրապետական:

Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (գ մաս)

Քանի մեր բերած իրանական փոխառութիւնները ընդհանրապէս  ժողովրդախօսակցական բնոյթ ունին, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՛նչ ձեւ ու տեսք ունեցած են անոնք իրենց փոխառութեան  օրերուն՝ յարաբերաբար փոխատու լեզուներուն՝ պարսկերէնին եւ պահլաւերէնին:

            Մեծաթիւ օրինակներ ցոյց կու տան, որ մեր փոխառութիւնները միշտ նոյնահունչ  չեն եղած փոխատու լեզուի բառերուն հետ. հետաքրքրուողը կրնայ աչք մը նետել անոնց  ընդհանուր ցանկին վրայ:

            Ստորեւ  քանի մը յատկանշական նմուշներ:

            հայերէն                                 պարսկերէն              պահլաւերէն

            ազատ                                    āzād                             āzāt

            բարձ                                      bāliš                            barz

            բամբակ                                 panba                          pambak

            անոյշ                                      nōš                              anōš

            ամբարտակ                          anbārd                         anbārdak                    

            գաւազան                               gāvzana                       gavāzan

            անապատ                              nā-ābād                       anāpāt

            օշարակ                                 afšara                           afšarak

            Գոհանանք այսքանով:

            Առաջին նուագ նկատելի է այն սերտ առնչութիւնը, որ կը գտնուի պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի միջեւ. չմոռնանք՝ վերջինը մէկ բարբառը կամ մէկ տեղական խօսուածքն էր պարսկերէնին՝ պահելով հանդերձ որոշ ինքնուրոյնութիւն մը, որ շատ չի տարբերեր զինք մայր լեզուէն:

            Յաջորդ նկատելի կէտը այն բացայայտ նախասիրութիւնն է, որ հայերէնը ցուցաբերած է պահլաւական տարբերակներուն հանդէպ:

            ***ազատ — ճշգրիտ պատճէնն է պահլաւականին՝ իր վերջի t  հնչիւնով, որ համարժէք է մեսրոպեան տ հնչիւնին, որ կը գտնենք ազատ-ին մէջ:

            ***բարձ — շատ հեռու է պարսկականէն եւ իր կարգին գրեթէ  կը նոյնանայ պահլաւականով. ասոր վերջի z հնչիւնը շատ յաճախ հայերէն տուած է ձ. օրինակ՝  darzak/դերձակ, varz/վարձ  եւ այլն:

            ***բամբակ — պարսկականը երկու կէտով կը տարբերի հայերէնէն, մինչ պահլաւականը կատարելապէս  կը համապատասխանէ  հայկականին:

            ***անոյշ —  մեր տկար գիտութեամբ միշտ ենթադրած ենք, թէ հայերէն անոյշ-ը  նոյն պարսկական nōš-ն է, որուն սկիզբը  հայերէնը աւելցուցած է ա մը:  Եւ ահա  կը նկատենք, որ մերը  հարազատ փոխառութիւն է պահլաւականէն, ուր ան արդէն օժտուած է բառասկիզբի  աով:

            Գիտնանք միայն,  որ իրանական ō -ն, որ երկար օ մըն է, հայերէն կու տայ ոյ երկբարբառը. օրինակ՝  gōn/գոյն, gōš/զգոյշ, kōd/կոյտ. իսկ š   գրադարձական միջազգային այբուբենի շ հնչիւնն է:

            ***ամբարտակ — սա իր կարգին աւելի հարազատ է պահլաւականին, որուն բառասկիզբի an-ը՝ հայերէն տուած է ամ, որովհետեւ հայը բ, պ, փ պայթականներէն առաջ չի կրնար արտասանել ն, եւ  զայն կը վերածէ մ-ի:

            *** գաւազան — հոս ալ նախապատիւը կը մնայ պահլաւական տարբերակը իր վերջին սղած ա ձայնաւորով:

            Գիտնանք, որ ā  իրանական երկար ա ձայնաւորն է, որ հայերէն միշտ տուած է պարզ/կարճ  ա:

            ***անապատ — կառոյցով ածանցաւոր բառ մըն է այս ան ժխտական նախամասնիկով եւ ապատ արմատով,  որ կը նշանակէ շինութիւն, բնակութիւն: անապատ-ը մտածուած է իբրեւ շինութենէ ու բնակութենէ զուրկ տարածք:

            Ինչպէս կը տեսնենք պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի մէջ բառս ունի նոյն յղացքը. ասոնք կը տարբերին միայն  նախածանցի ձեւով ու դիրքով,  որ պարսկերէնի մէջ na է, մինչ պահլաւերէնի մէջ հակառակը՝  an  է. հայերէնը  հետեւած է այս վերջինին եւ ոչ միայն այս բառին մէջ, այլ բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք կը սկսին ան ժխտական նախածանցով, որ կը դրուի   գոյականներու եւ ածականներու  վրայ ՝ անարդար, անբան, անմիտ, անհաճոյ եւ այլն:

            ***օշարակ —  որքան մօտ են իրարու պարսկերէնն ու պահլաւերէնը, հայերէնը ընտրած է սակայն երկրորդը՝ իր k/կ վերջաւորութեամբ:  Միայն թէ պէտք է գիտնալ հետեւեալը. իրանական f   հնչիւնը հայերէն տուած է ւ , եւ առաջին նուագ ունեցած ենք աւշարակ, իսկ աւ > օ հնչիւնափոխութեամբ ստացած ենք օշարակ:

                                                                        *   *   *

            Պատմական

            Ինչպէս կը նկատէք, մինչեւ  հիմա մեր մէջբերած բոլոր հայերէն բառերը,  իրենց պատմական  հազարամեակներու տարազով, անփոփոխ  կիրարկութիւն ունին արդի հայերէնի մէջ եւս՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ. այսպէս էին անոնք անցեալին՝ գրաբարի մէջ, այսպէս են անոնք այսօր՝ աշխարհաբարի մէջ,   կարծես երէկ փոխառուած ըլլային անոնք, քանզի ոչ մէկ մաշում կը ցուցաբերեն:

            Այս բոլորը սակայն երեւութապէս միայն այսպէս է:

            Իրականութիւնը քիչ մը ուրիշ է:

            Մեր բառերը խորքին մէջ ապրած են երկու կեանքով՝ գրաւոր եւ բանաւոր:

            Գրաւորը մեր մատենագրութեան լեզուն էր, որ կիրարկուեցաւ  մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսը, ուր տակաւին գրաբար հրատարակուող մամուլ  եւ գրաբար գրուող գիրքեր ունէինք: Գրաբար գրուող գիրքերն ու մամուլն ալ անվթար պահպանեցին Ե. դարու՝ Սահակի ու Մեսրոպի կիրարկած բառերը ու փոխանցեցին զայն գրաբարի քովն ի  վեր կազմուող աշխարհաբարին. այլ խօսքով աշխարհաբարը հարազատ ակունքէն խմեց իր ջուրը:

            Մինչ գրաւոր խօսքին զուգահեռ անդին կը շարունակէր իր կեանքով ապրիլ  աշխարհիկ՝ գաւառական հայերէն մը, ուր այդ նոյն բառերը հիմնովին աղաւաղուած էին. այս աղաւաղումին ահարկու տարողութիւնը կրնանք չափել թերթատելով Աճառեանի «Արմատական»-ը՝   այնտեղ ստուգելու համար   մեր բերած բառերու գաւառական  տարբերակներուն պարզած ահարկու   պատկերը:

            Այլ խօսքով՝  մեր արդի գրական լեզուն իր պատմական  անաղարտութիւնը կը պարտի գրաբարին, ինչպէս նաեւ մեր լուսաւորիչներու պայծառամիտ հեռատեսութեան, որու շնորհիւ կարելի եղաւ թօթափել  մեր աշխարհիկ աղաւաղեալ լեզուն ապականող բոլոր խորթութիւնները եւ պատուաստել զայն տոհմիկ հայերէնի հազարամեայ գանձարանով` ի տարբերութիւն մեզ շրջապատող արդի լեզուներուն,  որոնցմէ բացարձակապէս ոչ մէկը  իր պորտակապը յաջողած է պահպանել իրեն ծնունդ տուող դասական տարբերակին հետ եւ որոնք ժամանակակից էին գրաբարին:

            Տանք մէկ օրինակ միայն՝ երգել/cantare/chanter,  եւ տեսնենք տարբերութիւնը.

            Գրաբարը կ’ըսէր              երգեմ-երգես-երգէ-երգեմք-երգէք-երգեն:

            Աշխարհաբարը կըսէ՝     երգեմ-երգես-երգէ-երգենք-երգէք-երգեն:

            Իտալերէնը  ամենամօտիկ արդի լեզուն է մայր լատիներէնին, որուն փայփայած ձագուկն էr ինք, իրմէ ետք ալ ֆրանսերէնը.

            Ահա արդիւնքը՝

            Լատիներէնը կ’ըսէ՝          canto-cantās-cantat-cantāmus-cantātes-cantant.     

            Իտալերէնը կ’ըսէ՝            canto-canti-canta-cantiamo-cantate-cantano.

            Ֆրանսերէնը կ’ըսէ՝          chante-chantes-chante-chantons-chantez-chantent

            Հայերէնի մենաշնորհն է այս:

            Հայ ժողովուրդըը իր 5.000-ամեայ պատմութեան մեծագոյն յաղթանակը տարաւ հէնց  19-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ կորուստէ փրկելով եւ կերտելով գրական անաղարտ  աշխարհաբար մը, որ  այնքան հարազատ ու հաւատարիմ  է զինք սնուցող մօր՝ գրաբարին:

            Այսօր, սակայն, վտանգուած  է այդ յաղթանակը՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս:

            Ի Հայաստան՝ աւելի քան  ի սփիւռս, եւ ի սփիւռս՝ աւելի քան ի Հայաստան:

                                                                           *   *   *

            Յետագրութիւն

            Այս օրերս շատ այժմէական է Պարսկաստանի նորընտիր նախագահի անուան  տառադարձութիւնը.  պարսիկները իրենք այս անունը կը գրենپزشکيان   եւ կ’արտասանեն Փեզեշքեան, այսպէս ալ կը գրեն օտարները՝ Pezeškian :

            Սա պարսկերէն պատմական բիզիշկ-ն է, որ օրին հայերս արտասանած ու տառադարձած ենք բժիշկ ՝ զեղչելով առաջին ձայնաւորը, որ մեր սովորութիւնն էր. բաղդատել ՝

                        պարսկերէն                          հայերէն

                        դիրամ                            դրամ

                       հունար                           հնար

                       նիշան                             նշան

            Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ՝ հիմա չենք կրնար Բժիշկեան գրել. պարտինք յարգել իրենց  արդի  արտասանութիւնը եւ բոլորս   միանուագ  գրել  Փեզեշքեան :

[email protected]                                                                       Արմենակ Եղիայեան

Դոկտ. Լիւսի Դաւիթեան՝ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին

«խօսինք ու լսենք» podcast-ի խօսակիցն է դոկտ. Լիւսի Դաւիթեանը, որուն հետ կը քննարկենք ընդհանրապէս ինքնութեան եւ անոր սպառնացող ընկերային մարտահրաւէրներու խիստ կարեւոր նիւթը, զոր ան արծարծած է իր դոկտորական ուսումնասիրութեան մէջ՝ «Your memories have no power here: A cross-cultural examination of autobiographical recall in a context of social identity threat», պաշտպանուած՝ Հոլանտայի Թիլպուրկ համալսարանին մէջ: Այլ խօսքով՝ ինչպէս անձնական փորձառութիւնները յիշելը կրնայ մեզ դարձնել աւելի տոկուն մեր ինքնութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Բամբասանքը եւ Սոկրաթի «երեք մաղերը»

Դարաշրջանի մը մէջ, երբ տեղեկութիւնները որեւէ ժամանակէ աւելի արագ կը տարածուին, Սոկրաթի անժամանցելի իմաստութիւնը մեզ կը յուշէ տեղեկութիւն փոխանցելու բարոյականութեան եւ քննական միտք ունենալու կարեւորութիւնը: Շարժառիթը այս մուտքին սիրելի բարեկամի մը իր դիմատետրի էջով վերջերս կատարած Սոկրաթի «երեք մաղերու» անեքթոտին մէջբերումն էր՝ տեղեկութեան մը ճշմարիտ, բարի եւ օգտակար ըլլալու հարցադրումներով:

Նախ անեքթոտը.
«Մարդ մը կը հարցնէ Սոքրաթին.
– Կ’ուզե՞ս գիտնալ, թէ ի՞նչ կը խօսին ընկերոջդ մասիդ:
– Սպասէ՛ – կը կը կանխէ Սոկրաթ, – նախ երեք մաղէ անցուր այն բոլորը, զոր կ’ուզես ինծի պատմել:
– Երեք մա՞ղ:
– Այո՛: Միշտ, երբ կ’ուզես որեւէ բան փոխանցել, պէտք է զայն անցնես երեք մաղէ: Նախ՝ ճշմարտութեան մաղէն: Օրինակ, դուն վստա՞հ ես, որ այն, ինչ որ ինծի պիտի պատմես՝ ճշմարիտ է:
– Ո՛չ, վստահ չեմ:
– Կը նշանակէ որ դուն չես գիտեր` ճշմարի՞տ է ան, թէ՞ սուտ: Այժմ դիմենք երկրորդ՝ բարութեան մաղին: Դուն կ’ուզես իմ ընկերոջս մասին լա՞ւ բան մը ըսել:
– Ոչ, լրիւ հակառակը:
– Ուրեմն, – կը շարունակէ Սոկրաթ, – դուն կ’ուզես անոր մասին ինչ-որ գէշ բան մը ըսել, եւ վստահ ալ չես` ճի՞շդ է ան, թէ՞ սխալ: Այժմ գործի լծենք երրորդ մաղը` օգտակարութեան մաղը: Արդեօք այդքան կարեւո՞ր է ան, որ կ’ուզես ինծի պատմել, որ տեղեակ ըլլամ:
– Ո՛չ, կ’ըլլայ մարդուն պատասխանը:
– Եւ այսպէս, – կ’եզրակացնէ Սոկրաթ, – ինչ որ կ’ուզէիր ինծի պատմել` ո՛չ ճշմարիտ է, ո՛չ բարի եւ ո՛չ ալ օգտակար: Այդ պարագային, ինչո՞ւ պատմել…»

Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր ընկերային ցանցերը եւ ակնթարթի մը մէջ տարածուող լուրերը յաճախ շփոթ կը ստեղծեն ճշմարտութեան, տարաձայնութիւններու եւ բամբասանքի ու չարախօսութեան միջեւ, Սոկրաթի «մաղերը» աւելի քան բարացուցական են: Ֆրանչիսկոս Պապն ալ կ’արձագանգէ այս տրամադրութեան, երբ կ’ըսէ. «բամբասանքը վատ բան է: Սկիզբը ան կրնայ հաճելի եւ զուարճալի թուիլ, բայց ի վերջոյ ան մեր սիրտերը կը լեցնէ դառնութեամբ ու կը թունաւորէ մեզ»:

Բամբասանքին հետեւանքները ծանօթ են բոլորին: Ան կրնայ վարկաբեկել եւ վատահամբաւութիւն տարածել, յարաբերութիւններ փճացնել եւ թունաւոր միջավայր մը ստեղծել: Զարմանալիօրէն մարդիկ հաճոյք կ’առնեն բամբասանքէն, բայց անկէ բխող ուրախութիւնը անցողիկ է, մինչ հետեւանքները կրնան ըլալ երկարատեւ ու վնասակար:

Քննական մտածողութեան դերը

Քննական մտածողութիւնը ստացուած տեղեկութիւն մը վերլուծելու եւ արժեւորելու ու անոր հանդէպ զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու մտային գործնթաց մըն է: Այս ձեւով ոչ միայն գործածած կ’ըլլանք ճշմարտութեան, բարութեան եւ օգտակարութեան սոքրաթեան մաղերը, այլեւ մանրազնին քննութեան ենթարկած փոխանցուած լուրին կամ տեղեկութեան ետին կանգնող աղբիւրներու արժանահաւատութիւնն ու դրդապատճառները:

Ուստի, երբ մեզի կը ներկայացուի տեղեկութիւն մը, հարց տանք.
Արդեօ՞ք ան ճիշդ է: Ստուգա՞ծ ենք տեղեկութեան եւ անոր աղբիւրին հաւաստիութիւնը: Զայն հաստատող ապացոյցներ կա՞ն:
• Բարի՞ է անոր նպատակը: Արդեօ՞ք այս տեղեկութեան տարածումը կը նպաստէ՞ ենթակային բարւոքութեան: Արդեօք նկատի առա՞ծ ենք մեր խօսքերուն ազդեցութիւնը ուրիշներու վրայ:
Օգտակա՞ր է: Արդեօք այս տեղեկութեան իմացութիւնը եւ տարածումը կառուցողական նպատակի մը կը ծառայէ՞:

Մեր առօրեային մէջ «երեք մաղերու» որդեգրումը եւ քննական մտածողութեան համատեղ կիրարկումը կը նպաստեն աւելի պատասախանատու եւ կարեկցող հաւաքականութեան մը ստեղծումին: Նախքան որեւէ մէկուն մասին տեղեկութիւն տարածելը, մենք պէտք է պահ մը կանգ առնենք գնահատելու զայն մաղերով ու առարկայական տուեալներով: Այս ձեւով մենք կրնանք զարգացնել յարգանքի եւ ազնուութեան մշակոյթ մը` ստեղծելով այնպիսի հաւաքականութիւն մը, ուր մարդիկ աւելի ապահով կը զգան եւ պաշտպանուած անհիմն եւ անբարեացակամ խօսքերու վնասէն: Իրարու հետ շփուելու այս լայնախոհ մօտեցումը ո՛չ միայն կը նուազեցնէ բամբասանքներու տարածումը, այլեւ կը նպաստէ խոհուն երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան:

Սոկրաթի իմաստութիւնը, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, կը մնայ հզօր գործիք մը մարդկային առողջ յարաբերութիւններու դասաւորման մէջ: Զտելով մեր խօսքերը ճշմարտութեան, բարութեան եւ օգտակարութեան մաղերով եւ կիրարկելով քննական մտածողութիւն` մենք կրնանք պայքարիլ բամբասանքի ճամբով անհանդուրժողութեան մթնոլորտի տարածման դէմ եւ զարգացնել աւելի դրական ու կարեկցող հաւաքականութիւն մը:

Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (բ մաս)

Մեր նախորդ յօդուածով տեսանք, որ հայերէնը պարսկերէնէն փոխ առած է 1400 բառ: Այս փոխառութիւնները բանաւոր ճամբով կատարուած ըլլալնուն պատճառով՝ առհասարակ առօրեայ խօսակցական բառեր են, որոնք իրենց կեն-սունակութենէն գրեթէ ոչինչ կորսնցուցած են մինչեւ այսօր՝ չհաշուած մէկ  աննշան տոկոսը, որ պատմական բնոյթ ունի  ու կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը:

            Պարսկական փոխառութեանց այս կշիռը ըմբռնելու համար  ըսենք հետեւեալը.  հայերէնը փոխ առած է ասորական 210 բառ, որոնց կէսը  բոլորովին կենսունակ է, մինչ միւս կէսը կորսնցուցած է իր կենսունակութիւնը. պատճառն այն է, որ այդ փոխառութիւնները եղած են հաւասարապէս բանաւոր ճամբով եւ գրաւոր ճամբով: Այս վերջինները ասորերէնէ թարգմանութիւններու առթիւ առնուած ըլլալնուն՝ բոլորովին գրքունակ են եւ կը պատկանին հոգեւոր բառապաշարի  շերտին: Հայերէնը կատարած է յունարէնէ փոխառութիւններ եւս՝ մօտաւորապէս 900 միաւոր, որոնց բոլորն ալ ունին գրքունակ նկարագիր, քանի բոլորն ալ փոխ առնուած են թարգմանութեանց  ճամբով, մինչ իրենք՝ յոյն եւ հայ  ժողովուրդները կենդանի շփում չեն ունեցած բնաւ, հետեւաբար փոխառութիւններն ալ առօրեայ խօսակցականէ բոլորովին հեռու եղած են:

            Ծանօթ.— Այս երեք փոխառութեանց ամբողջական ցանկերը  կը գտնենք Հր. Աճառեանի «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ի մէջ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրի գործածութեան արժեւորումով  գրական հայերէնի մէջ:

                Այս փոխառութեանց համեմատութիւնն ու տոկոսը այնպիսին են, որ եթէ այսօր փորձենք հայերէնէն դուրս ձգել բոլոր յունական փոխառութիւնները անխտիր, մեր լեզուն գրեթէ ոչինչ պիտի կորսնցնէր իր կենսունակութենէն. այդ կորուստը պիտի նմանէր ծովէն գաւաթ մը ջուրի նուազումին: Եթէ դուրս ձգէինք ասորական փոխառութիւններու ամողջութիւնը,  ապա հայերէնը պիտ կրէր յատուկ ցնցում մը,  սակայն պիտի շարունակէր իբրեւ հաղորդակցական լեզու  ծառայել մեր կարիքներուն: Բայց եթէ փորձէինք դուրս ձգել իրանական փոխառութիւննները, մանաւանդ ասոնցմով կազմուած բարդ ու ածանցաւոր բառերը եւս, ապա հայերէնը փուլ պիտի գար ու բոլորովին դադրէր հաղորդակցական միջոց ըլլալէ:

            Իրանական բառերու այս մեծ յաճախականութիւնն ալ աչքի առաջ ունենալով՝ բաղդատական լեզուաբանութեան առաջին հիմնադիրները, որոնցմէ   անուանի   է  մասնաւորաբար  Franz Bopp[1]՝ 19-րդ   դարու սկիզբը,   խուսափեցան

 հայերէնը Հնդեւրոպական  լեզուաընտանիքի  մէկ անկախ անդամը նկատելէ եւ զայն դասեցին պարսկերէնի բարբառներուն կարգին, որոնցմէ մէկն ալ պարթեւերէնն էր՝ Արշակունիներու լեզուն, որ Պարսկաստանի մէջ կիրարկուեցաւ 226—642. ան կը կոչուի նաեւ միջին պարսկերէն  եւ  կամ պահլաւերէն:

            Հայ-պարսկական  շփումները,— այնու փոխառութիւնները եւս,— սերտ եղած են մասնաւորաբար միջին պարսկերէնի կամ պահլաւերէնի կիրարկութեան տարիներուն ու դարերուն: Այս սերտութիւնը առաջնորդած է մինչեւ արիւնակցութեան, քանի Արշակունիները իշխեցին նաեւ Հայաստանի մէջ 52—428՝ հայերու մէջ ալ ձուլուելու եւ  լրիւ հայանալու պայմանով: Մեր պատմութեան ամենափայլուն դէմքերը՝ աշխարհիկ եւ հոգեւոր,   ունեցած են արշակունի ծագում, յիշենք աշխարհականներէն՝ Տրդատ Գ.-ը, Արշակ Բ.-ը, Վռամշապուհը  եւ ուրիշներ, հոգեւորականներէն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ներսէս Մեծը, Սահակ Պարթեւը եւ ուրիշներ:

                                                                       *   *   *

            Շարունակելով մնալ փոխառութիւններու ծիրէն ներս,  առաջին մեծ հարցումը ինքնաբերաբար կ’ըլլայ այն, որ մինչեւ յիշեալ բառերու փոխառումը պարսիկներէն՝ Հայաստանի բնակիչները ի՞նչ բառերով կը հաղորդակցէին. օրինակ՝ ի՞նչ կ’ըսէին պարսկական   ախոռ, բրինձ, կոյր, կօշիկ, ճակատ  եւ նման հազարաւոր բառերուն փոխարէն.   բան մը կ’ըսէին անշուշտ,  չէր կրնար ըլլալ ժողովուրդ մը, որ չունենար իր սեփական ժողովրդախօսակցական  բառապաշարը:

            Այս այսպէս ըլլալով՝  հապա ի՞նչը մղեց մեր այդ հեռաւոր նախնիները հրաժարելու իրենց սեփական ու հարազատ բառերէն,— որոնց ինքնութիւնը բոլորովին անծանօթ է արդի գիտութեան,— եւ որդեգրել  անոնց պարկերէն համարժէքները, որոնց  մէկ  ցանկը տուինք նախորդիւ:

            Թոյլատրելի՞ է  մտածել հետեւեալ կերպ, թէ   հայ հասարակ ժողովուրդը  շարունակեց գործածել իր բնիկ բառամթերքը, իսկ իշխող պարթեւ տարրը,— նկատի ունենանք  յատկապէս Արշակունիներու տիրապետութեան դարերը,— կառչած մնաց իր սեփական բառերուն, որոնք վերապրեցան հետագային՝ արշակունիներու աստիճանական  հայացումին զուգահեռ՝ այդպէս ալ ծնունդ տալով հայերէնի նոր որակի մը, որ իր կարգին պիտի դառնար թարգմանիչներու  գրաւոր լեզուն:

            Նկատենք, որ մենք գրեթէ ոչինչ գիտենք Մեսրոպէն մինչեւ Շնորհալի Հայաստանի ռամիկին կիրարկած հայերէնին մասին, որ մօտաւորապէս 12-րդ դարուն միայն պիտի արժանանար գրաւոր արտայայտութեան՝ ռամկօրէն, այսինքն՝ ժողովրդական  անունով: Մինչ գրաբար անուանումը պիտի վերապահուէր  մեր մատենագիրներու կիրարկած հայերէնին, որ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ պահլաւերէնով պատուաստուած եւ արշակունիներով նուիրագործուած  լեզուն էր. չմոռնանք, մեր մատենագրութեան  հիմնադիրը Սահակ Պարթեւն էր, այլ խօսքով՝ արշակունի մը, որուն՝  Աստուաշունչի թարգմանութեան առթիւ կիրարկած լեզուն ալ դարձաւ  հայ  մատենագրութեան լեզուն ու այդպէս ալ մնաց  երկար դարեր, ընդհուպ մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը:

                                                                 *   *   *

            Իսկ ի՞նչ ընթացք ունեցաւ ինքը՝ փոխատու լեզուն, իրաներէնը կամ պարսկերէնը. ասոր պատասխանը կրնայ տալ իրանագէտ մը միայն, քանի ինքս ոչինչ գիտեմ այդ մասին:  Այսուհանդերձ  բերմ ինծի ծանօթ երկու օրինակ:

            ***Գոհար

            Այս բառը օրին  նոյնութեամբ կը գտնուէր պարսկերէնի եւ պահլաւերէնի մէջ, երբ հայերէնը զայն փոխ առաւ: Բոլորն ալ զայն կ’արտասանէին gohar: Հայերէնը այսօր՝ երկու հազար տարի ետք,  կը պահպանէ այդ արտասանութիւնը, մինչ պարսկերէնի մէջ այսօր ան դարձած է ջաւահիր “ճաւահիր”:

            Եթէ Սայաթ-Նովա հետամուտ ըլլար լեզուական անաղարտութեան, ապա պիտի չգրէր՝

                        –Դուն պատուական ջաւահիր իս…

            Այլ պիտի գրէր՝

                        –Դուն պատուական գոհար իս…

            ***Պաշտպան

            Աճառեան կը մտածէ, որ մեր այս բառը պահլաւական paštpan-ն է, որ կատարելապէս կը համապատասխանէ հայերէնին. ասոնք երկու կաթիլ ջուրի պէս նոյնն են: Այսօր հայը իր բոլոր խաւերով կը շարունակէ պաշտպան ըսել, իսկ արդի պարսկերէնի մէջ ան դարձած է puštipan, այսինքն՝ փուշտիպան:

            Մնացեալը կը ձգեմ  ընթերցողին հայեցողութեան եւ…երեւակայութեան:

            [email protected]                                                               Արմենակ Եղիայեան

[1] Գերմանացի լեզուաբան (1791—1867), պատմահամեմատական լեզվաբանության հիմնադիր։1816թ.  ան կը  հրատարակէ «Հնդեւրոպական լեզուներու հոլովման դրութիւնը» աշխատութւնը, ուր անոր  ուսումնասիրած հնդեւրոպական լեզուներու շարքին  ոչ մէկ ակնարկութիւն կ’ըլլար հայերէնին:  Այդ աշխատութեան  բ. հրատարակութեան մէջ ան հայերէնը կը դասէ իրաներէնի զենտական  բարբառի կողքին. այս բարբառով գրուած է իրանական սուրբ գիրքը՝ Զենտ-Աւեստան:

Երիտասարդ տաղանդներ Նանօրը եւ Համբիկը կը խօսին իրենց փորձառութեան մասին

Տարբերակ21 հարթակի podcast-ը կը հիւրընկալէ լիբանանահայ երկու երիտասարդ դաշնակահար տաղանդներ Համբիկ Մարտիրոսեանն ու Նանօր Առնելեանը, որոնք վերջերս, նախձեռնութեամբ՝ Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցին, տուին դաշնամուրի համերգ մը, որ ակնածանքով ու հպարտութեամբ պարուրեց հանդիսատեսը: Համբիկն ու Նանօրը նաեւ յաջորդաբար գրաւած էին «Մարկօ Պապիկեան» դաշնակի մրցոյթին առաջին եւ երրորդ տեղերը: Լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ տաղանդներու շտեմարան մը. Տարբերակ21 շուտով կը հիւրընկալէ երիտասարդ այլ տաղանդներ՝ արուեստի բոլոր մարզերուն մէջ:

Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները

Պատմական

            Հայ-իրանական յարաբերութիւնները պատմական շատ խոր անցեալ ունին:  Այս յարաբերութեանց ակնարկող առաջին շօշափելի վկայութիւնը  կը գտնենք յոյն զօրավար-պատմիչ Քսենոփոնի «Նահանջ բիւրուն»-ի մէջ.  ըստ որուն՝ Հայաստան 6–րդ դարուն   անկախութիւնը կորսնցուցած՝  պարսկական  իշխանութեան սատրապութիւններէն[1] մէկն էր՝ 13-րդը:  Պարսից Դարեհ Ա. արքան իր     

← Բեհիսթունի արձանագրութեան մէջ  կը վկայէ հետեւեալը, թէ «Քա. 521–520 թթ. իր բանակը ծանր պայքար է մղած հայ ապս-տամբներու դէմ և յաջողած ճնշել հայերը»: Այս նոյն արձանագրութ-եան մէջ կը գտնուի մինչեւ այսօր  Հայաստանի հնագոյն  անուանում-ներէն մէկը՝ Արմինի:

            Եւ այնուհետեւ այս երկու ժողովուրդներուն պատմութիւնը պիտի շաղկա-պուած մնար հազար ու մէկ թելերով, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ մեր օրերը:

            Յարաբերութեանց նման որակ մը չէր կրնար լեզուականօրէն  անտարբեր մնալ. անոր առաջին  հետեւանքը պիտի ըլլար բառային փոխառութիւնները:

            Այս տեսակէտէ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Արշակունիներու  հարստութիւնը:

            Արշակունի առաջին թագաւորը եղաւ Տրդատ Ա., որ Քե. 52-ին հայոց գահին բազմեցաւ ջանքերովը իր աւագ եղբօր՝ Վաղարշին, որ իր կարգին նստած էր Պարսկական գահին վրայ:

 

Տրդատի արձանը Վերսայի մէջ

Եւ այնուհետեւ Արշակունիները Հայոց գահը պահեցին մինչեւ 428 թուականը, երբ արդէն վաղուց կորսնցուցած էին իրենց լեզուն եւ բոլորովին  հայացած. յիշենք արշակունի արքաներէն՝ Տիրանը,  Խոսրովը, Արշակ Բ.-ը, Պապը,  Վռամշապուհը եւ ուրիշներ: Աշխարհիկ իշխանութեան վրայ աւելցաւ հոգեւորը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն (301) մինչեւ Սահակ Պարթեւ  կաթողիկոսը (440)   Հայ եկեղեցւոյ գահը  նստան  բացառապէս արշակունի  կաթողիկոսներ,  որոնց բոլորն ալ հայացան:

            Այս հայացած պարթեւներու հսկայ զանգուածը   իր  արիւնակցական  եւ լեզուական խոր ազդեցութիւնը  պիտի ձգէր հայութեան եւ հայերէն բնիկ լեզուին, մասնաւորաբար բառերուն վրայ:

            Ըստ Աճառեանի՝   ասոնք թիւով  1400 են, եւ կը յատկանշուին անով, որ  բանաւոր փոխառութիւններ ըլլալով՝   գրեթէ բոլորն ալ ժողովրդախօսակցական   բնոյթի  էապէս կենսունակ     բառեր են, որոնք կը կազմեն մեր ամէնօրեայ խօսքի առանձքը:  

            Ճանչնանք անոնց մէկ մասը՝ գաղափար մը կազմելու համար անոնց՝ մեր լեզուին վրայ  ունեցած տարողութեան  մասին:   

                                                                         *   *   *

  1. Բնութեաներեւոյթներ՝ արուսեակ, երաշտ, խաւար, մահիկ, պախրցի, (քա-    մի), վտակ։
  2. Կենդանիներու տեսակներ՝ ասպ, բազէ, կաչաղակ, կապիկ, կուզ, մողէս, յովազ, սարեակ, սիրամարգ, վագր, վիշապ, փիղ և այլն։ 
  3. Բոյսերու տեսակներ՝անանուխ, արմաւ, բրինձ, գազար, թութ, կաղամբ, կանեփ, կապար, յասմիկ, մանուշակ, նարգիս, շոմին,  պղպեղ, սոխ, վարդ, վարունգ և այլն։

4.Հանքային նիւթեր, մետաղներ՝ ապակի, արճիճ, գոհար, զմրուխտ, ժանգ, խունկ, նաւթ, վէմ և այլն։ 

  1. Մարմնի մասեր՝անդամ, բազուկ, գէս, դաստակ, դէմք, դիմակ, երակ, երանք (զիստ), կուլակ, կուշտ, ճակատ, վարս։ 
  2. Հիւանդութիւններ, բժշկագիտական բառեր՝ախտ, բժիշկ, բոյժ, բորոտ, դաշտան, դարման, ժահր, կոյր, մահ։ 

7․Մարդկային յարաբերութիւններ, տեսակներ՝ ազգ, ամբոխ, ասպետ, ասպնջական, գրոհ, դայեակ, երիտասարդ, իշխան, հարազատ, հարեւան, նժդեհ, պայազատ, պապ, պառաւ, ռամիկ, սեպուհ, տաճիկ, տոհմ, օտար։

8.Գիտութիւն, արուեստ, կրթութիւն՝ աշակերտ, գուսան, դաստի-արակ, դպիր, դափ, զանգակ, խրատ, հանճար, մատեան, նկար, նուագ, պատկեր, հրահանգ, վարդապետ, վարժել, քանդակել։ 

  1. Կրօն, հաւատալիք՝ ապաշխարել, բախտ, բագին, գու-շակ, դրախտ, դեւ, դժոխք, զոհ, կախարդ, հմայիլ, հրաշք, հրեշտակ, մարգարէ, նզովք, նուէր, պաշտել, պարիկ, ջադու(ջատուկ), վանք, տաճար, օրհնել։
  2. Գիւղատնտեսութիւն՝ասպանդակ, բադ, գաւազան, գոմէշ, երասան, խարազան, ճամբարակ, ճանկ, ճարակել, մաճ, մատակ, մարգ, նոխազ, պահեզ, պատուաստ, պարտէզ, փեթակ։
  3. Արհեստներ և յարակից ոլորտներ՝ախոռ,ամբար, ամբարտակ, ապա-րանք, աւազան, բանտ, գանձ, գմբեթ, գրաւ, դահլիճ, դարպաս, դերձակ, երաշխ(աւորել), զնդան, թանկ, համարել, պահապան, պատշգամ, պատուար, պարիսպ, պարտք, սրահ, վաճառել, վաշխ(առու), վարձ, վճարել, վնաս, տաշել, տուգանք, տոյժ, փերեզակ։ 
  4. Հագուստեղէն, զարդեղէն՝անդրավարտիք, ապարանջան, աստառ, բազպան, բամբակ, գրպան, դիպակ, զանկապան, թագ, կօշիկ, հանդերձ, մոյկ, մուճակ, մուշտակ, շապիկ, պաստառ, պատմուճան, պարեգօտ, պսակ, սանդալ, վերմակ։ 
  5. Ուտելիք, ըմպելիք՝ապուխտ, խորտիկ, կարագ, հրուշակ, ճաշ, ճարպ, նշխար, շաքար, պանիր, օշարակ։
  6. Առօրեայ-կենցաղային՝  բաժակ, բարձ, բղուկ, գահ, դաստառակ, դարան, դոյլ, զամբիւղ, թակոյկ, լական, կարաւան, կուժ, հաւանգ (սանդ), ճանապարհ, ճրագ, մակոյկ, մոմ, շիշ, պայուսակ, պատրոյգ, սկաւառակ, սպաս(ք), սրուակ, վանդակ, տախտակ, տակառ, տաշտ, քսակ։ 
  7. Ժամանակ, թիւ, չափ, կշիռ եւ դրամ՝ բիւր, դրամ, ժամ, ժամանակ, հազար,  նախ, նահանջ, նաւասարդ, փող։ 
  8. 16. Երկիր, տեղ, վայր՝ աշխարհ, անապատ, ապահարզան, ապստամբ, աս-պատակ, ասպետ, արշաւ, աւար, աւան, բարապան, դահիճ, դաշտ, դարան, դատ, դատաստան, դատաւոր, դեսպան, դրօշ, զէնք, զինուոր, զօրք, զրահ, թշնամի, իշ-խան, հաշտութիւն, հպատակ, հրամանատար, հրապարակ, ճամբար, մարզ, մարզել, մարզպան, մուրհակ, նախարար, նախճիր, նահանջ, նահապետ, նամակ, ոստան, ոստիկան, պահակ, պայքար, պատերազմ, պատճեն, պատուիրակ, պարեկ, պետ, սահման, սաղաւարտ, վկայ, վճիռ, օրէնք: 

17.Գոյներ՝ գոյն, երանգ, կապոյտ, կարմիր, ճերմակ,սեւ,սպիտակ:

  1. Վերացական հասկացություններ՝ ախորժ, ակամայ, անգամ, կամայ, ազդ, ամբարիշտ, ամբարտաւան, անապակ, անուշ, աշկարայ, աշխատել, ապաստան, ապիրատ, ապսպրել, առատ, առոյգ, արագ, արժան, արձակ, աւարտ, աւեր, բազում, բազմել, բաժանել, բաշխել, բարակ, բաւ, բնակիլ, բովանդակ, բոյր, գովել, գումարել, դաժան, դէմ, դիտել, դժգոյն, դժխեմ, դժկամակ, դժնդակ, դժնեայ, դժուար, դսրովել, դրուատ(ել), դրժել, դրուժան, երամ, երկ, զանազան, զօր(ութիւն), զուր, զգոյշ, թշնամանք, թշուառ, թոշակ, ժահ, ժահր, ժիր, խամ, խոստանալ, խոստովանիլ, խորտակել, կամք, կարի, կերպ, կոյտ, հակիրճ, հաճել, համ, համակ, համայն, հան-գամանք, հանդարտ, հանդէս, հաւասար, հզօր, հնար, հրամայել, հրաման, հրաւէր, ճախր, ճար, ճարակ, ճարպիկ, ճեմել, միշտ, մուրազ, յանդիման, յարգ (արգ), յաւերժ, յաւէտ, յիշատակ, յիշել, յոյժ, յուզել, նազել, նամ, նաւակատիք, նիշ, նիրհել, նկուն, նման, նշան, նշանակ, նշմարել, նպաստ, շատ, շնորհ, շտապ, չուան, պահել, պայման, պաշտպան, պատասխան, պատգամ, պատիր, պատիւ պատշաճ, պատ-ուէր, պատուիրան, պատսպարել, պատրաստ, պատուհաս, պարարտ, պարզ, պէս, պէտք, ջատագով, ջոկ, ջուխտ, սով, սպանել, ստուար, սրսկել, սուգ, վանել, վանկ, վատ, վատթար, վավերական, վեհ, վիճակ, վիշտ, վճիտ, վստահ, վտարել, վրէպ, տակ, տակաւին, տանջել, տարազ, տօթ, ուխտ, ուժ, ուշ, փարթամ, փառք, փտիլ, քանդել, քարշիլ, օրինակ։

                                                           *   *   *

                     Կառուցուած է 77-ին  Քե.,  Տրդատ Ա.-ի օրով:

Գառնիի հեթանոսական տաճարը

[email protected]                                                                  Արմենակ Եղիայեան

 

[1] Պարսկական  կայսութեան վարչատարածքային միաւոր:

«Ճատրակը կարեւոր՝ պատանիներուն, մանուկներուն եւ ծնողներուն համար»

darperag21-ի «խօսինք ու լսենք» podcast-ի հիւրն է Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Տիգրան Զէյթճեանը, որ միաժամանակ անդամ է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի կեդրոնական վարչութեան՝ ատանձնելով ճատրակի աշխատանքներուն պատասխանատւութիւնը: Տիգրանին հետ կը քննարկենք ճատրակի կարեւորութիւնը երիտասարդութեան, պատանիներուն ու մանուկներուն համար: Անոր հետ կը խօսինք նաեւ Լիբանանի ճատարակի ֆետերասիոնի աշխատանքներուն ու հայկական ակումբներուն մասին:

Յարգանքի տուրք մը թէ՛ նահատակներուն եւ թէ՛ վերապրածներուն. «Հաճըն» հատորը

Վերջերս ստացանք «Հաճըն» խորագրեալ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) պատկերագիրքը, հրատարակութեամբ՝ Կիլիկիոյ Հայերու Պատմութեան Թանգարանին եւ տպագրութեամբ՝ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատան: Բծախնդրօրէն պատրաստուած գիրք մը, որ նուիրուած է հայկական Հաճըն քաղաքի հերոսական աւանդին եւ մշակութային ժառանգութեան: Այս հատորի պատրաստութեան ծրագրին հեղինակն է Կիլիկիոյ Հայերու Պատմութեան Թանգարանի տնօրէն Հայաստան Սիմոնեան, իսկ գլխաւոր խմբագիրն ու խմբագիրը՝ Արքեմնիկ Նիկողոսեան ու Նելլի Հայրապետեան:

Գիրքը բաժնուած է տարբեր գլուխներու:

Պատմութեան դասախօս դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի յառաջաբանը վեր կ’առնէ 1920-ի Հաճընի հերոսական ինքնապաշտպանութեան 100-ամեակը (2020) եւ կ’ընդգծէ անոր պատմական աւանդին պահպանման կարեւորութիւնը` իբրեւ արիութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշ ներկայ ու ապագայ սերունդներուն համար:

Նախաբանով մը Կիլիկիոյ Հայերու Պատմութեան Թանգարանի տնօրէն Հայաստան Սիմոնեան կը ներկայացնէ այս հատորին հրատարակութեան շարժառիթները: Ան կը դրուատէ 1920-ի Հաճընի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, երբ ժողովուրդը ութ ամիս քաջաբար դիմադրեց քեմալական ուժերուն` նախքան յանձնուիլը: Փրկուածները տարածուեցան աշխարհով մէկ: 1958-ին Հայաստանի մէջ հիմնեցին Նոր Հաճընը: Նոր Հաճընի գրաւչութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ 1920-ի հերոսամարտին նուիրուած եւ ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի նախագծած յուշակոթողը (կառուցուած՝ 1973-ին)՝ Կիլիկիոյ հայերուն յատկացուած պատմութեան ինքնատիպ թանգարանով մը (կառուցուած 1978-ին):

Ակնարկելով այս գեղատիպ ու պատկերազարդ հատորի պատրաստութեան, Սիմոնեան կը նշէ, թէ յուշակոթողի 50-ամեակին եւ թանգարանի 45-ամեակին առիթով, Կիլիկիոյ հայերու պատմութեան թանգարանը կը հրատարակէ Հաճըն քաղաքին, հերոսամարտին, յուշակոթողին, թանգարանին, հայրենաբնակ եւ սփիւռքի նշանաւոր հաճընցիներու մասին այս պատկերագիրքը: «Գրքում զետեղուեցին հաճընցի վերապրող ընտանիքների ժառանգների կենսագրութիւններն ու գործունէութիւնը: Ապրելով օտար երկրներում, անցնելով դժուարին ուղի` նրանք կայացան տուեալ երկրի ու հայ համայնքի պետական, հասարակական-քաղաքական, կրթամշակութային, բժշկութեան, գիտութեան արուեստի, պիզնեսի եւ այլ ոլորտներում` դառնալով հանրայայտ գործիչներ: Գիրքը հնարաւորութիւն է տալիս մէկտեղելու եւ ճանաչելու հաճընցիներին, ընդգծելու նրանց ապրելու եւ յարատեւելու կամքը, իրենց արմատների, ինքնութեան մասին յիշողութիւնները որպէս սուրբ պատգամ փոխանցելով յաջորդ սերունդներին», կ’ընդգծէ Սիմոնեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այս հատորի հրատարակութեան համար հաճընցի ընտանիքներուն ցուցաբերած օժանդակութեան:

Հաճըն հայաքաղաք

Այս բաժինը (էջ 8 – 16) վառ կերպով կը նկարագրէ Հաճընը իբրեւ ծաղկուն հայաբնակ քաղաք մը, հայկական Կիլիկիոյ գեղատեսիլ Տաւրոսեան լեռներուն վրայ: Մանրամասնօրէն կը տրուի քաղաքին աշխարհագրական դասաւորումը, ճարտարապետական ​​կոթողները եւ համայնքային աշխոյժ կեանքը, որ կ’ընդգրկէր կրթական ու մշակութային կենսունակ հաստատութիւններ: Այս բաժնին ընթերցումը կը յառաջացնէ կարօտի զգացում մը կորսուած հայրենիքին հանդէպ, զոր կը փայփայեն անոր ժառանգորդները աշխարհի տարածքին:

Հաճընի 1920 թուականի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը

Յաջորդը գլուխը (էջ 16 – 28) յատկացուած է 1920 թուականի սարսափելի իրադարձութիւններուն, երբ հաճընցիները քաջաբար պաշտպանեցին իրենց քաղաքը յարձակող ստուար ուժերուն դէմ: Թէեւ վերջաւորութեան պարտադրաբար անձնատուր եղան, սակայն հերոսական այս դիմադրութիւնը անջնջելի հետք թողուց հայոց պատմութեան մէջ՝ ոգեշնչելով յաջորդական սերունդներ:

Հակառակ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին քաղաքին ենթարկուած աւերածութիւններուն եւ յաջորդած դժուարութիւններուն, Հաճընի հայ բնակչութիւնը` Պետրոս եպիսկոպոս Սարաճեանի եւ զօրավար Անդրանիկ զինակիցներէն Սարգիս Ճէպեճեանի նման գործիչներու գլխաւորութեամբ, կազմակերպեց զգայացունց ինքնպաշտպանութիւն մը: Կարապետ Օղլուգեանի, Մեսրոպ Շըխըրտեմեանի, Մկրտիչ Մանասեանի, Վահան Ալթունեանի եւ Արամ Թերզեանի (Կայծակ) նման հրամանատարներու ղեկավարութեամբ, 600 հոգիով անոնք ամրացուցին դիրքերը, դիմադրեցին անողոք յարձակումներուն եւ 15 օր շարուանակ ետ մղեցին զաւթիչներու մեծածաւալ գրոհները: Հակառակ անոնց քաջութեան, Հաճըն ինկաւ 15 Հոկտեմբեր 1920-ին, որով վերջ գտաւ ութամսեայ հերոսամարտը:

Հաճընի 1920 թուականի հերոսամարտին նուիրուած յուշակոթողը (էջ 28 – 40)

1920-ի Հաճնոյ հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը լոկ պատմական իրողութիւն մը չէ, այլ դիւցազնական պոռթկում մը բնաջնջման յամեցող սպառնալիքներուն դէմ: Իսկ 1973-ին, Նոր Հաճընի մէջ հերոսամարտին նուիրուած յուշակոթողին կառուցումը յարգանքի տուրք մըն է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կռուած ու նահատակուած էին վասն հայրենիքի. ան արտայայտութիւնն է անոնց աննկուն կամքի յաւերժացման:

Յուշակոթողը մտայղացումն է 20-րդ դարու հայ մեծ ճատարապետերէն Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի (1968): Կառուցումը աւարտած է 1973-ին, որ հետագային համալրուած է թանգարանով:

Կիլիկիոյ հայերու պատմութեան թանգարան (էջ 40 – 52)

1978-ին հիմնուած այս թանգարանը կը հանդիսանայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ յիշատակութեան փարոս մը:  Թանգարանի հաւաքածոն բաղկացած է հնատիպ գիրքերէ, եզակի դրամներներէ, արժէքաւոր փաստաթուղթերէ, յուշագրութիւններէ, լուսանկարներէ, պատմական Հաճընի կենցաղային եւ ազգագրական իրերէ: Թանգարանի առարկաներուն մեծ մասը նուիրած են հաճընցիներու շառաւիղները: Թանգարանի ներքնամասին մէջ ամփոփուած են Հաճընի հերոսամարտի նահատակներու մասունքներ:

Թանգարանը կը յուշէ Հաճընի գոյատեւման եւ սփիւռքի մէջ հաճընցիներու վերապրելու տոկունութեան պատմութիւնը:

Վերապրածներու սերունդ (էջ 52 – 242)

Յաջորդող էջերը յատկացուած են տեղեկութիւններու վերապրած ընտանիքներու մասին: Յօդուածներուն մէկ մասը գրած է ընտանիքներու անդամներէն մէկը եւ կան շարք մը յօդուածներ՝ գրուած Նազարէթ Ճէրէճեանի կողմէ: Ընդգրկուած ընտանիքներն ու անձնաւորութիւնները ներկայիս կ’ապրին Արժանթինի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Միացեալ Թագաւորութիւններու, Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Ուրուկուէյի, ֆրանսայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Արսլանեան ընտանիք, Կեչիճեան ընտանիք, Պալասանեան ընտանիք, Պելլորեան ընտանիք, Պաղչեճեան-Պաղչելեան ընտանիք, Քեշիշեան ընտանիք, Գաբրիելեան-Թոքաթլեան ընտանիք, Ռըզեան ընտանիք, Սաչեան ընտանիք, Փաթապութեան ընտանիք, ներառեալ՝ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր, մոլեքուլային կենսաբան, նեարդաբան Արտեմ Փաթապութեանը, Օրուճեան Արմէն՝ FAST-ի գործադիր տնօրէն, Պաղպուտարեան ընտանիք, Մելիքեան-խաչերեան ընտանիք, Հաննեսեան ընտանիք, հասարակական գործիչ Ստեփան Գըրգեաշարեան, Արասի Պալապանեան` թատրոնի եւ պատկերասփիւռի անուանի դերասանուհի (Պրազիլ), Ուզունեան-Տոլապճեան ընտանիք, Սաչեան ընտանիք, Ճերեճեան ընտանիք, պատմաբան, քաղաքական եւ հասարակական գործիչ Եղիա Ճերեճեան , Նազարէթ Ճերեճեան ընտանիք, Թաթուլեան ընտանիք, Գույումճեան ընտանիք, Ալթունեան ընտանիք, Խաչատուրեան ընտանիք (ԳՈՀԱՐ համոյթի եւ գրադարնի հիմնադիրներ), Փօլ Եագուպեան, Վարուժան Թենպէլեան, Տաքեսեան ընտանիք, Մալեան ընտանիք, ականաւոր դաշնակահար եւ քոմբոզիթոր Սերուժ Գրաճեան, Շխրտմեան ընտանիքը, Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Միսաք Պաղպուտարեան, ուրուկուէյցի քաղաքական-պետական գործիչ Խօսէ Լուիս Սաչեան, Սաչեան-Գրքաշարեան ընտանիք, Չալեան ընտանիք, ներառեալ հասարակական-քաղաքական գիրծիչ Ժերար Չալեան, Տարօն եպիսկոպոս Ճերեճեան, Հերունի (Սաչեան) ընտանիք, Գրգեաշարեան ընտանիք, Գրպէգեան ընտանիք, Էօլմեսեքեան ընտանիք, Ճարատանեան ընտանիք, Ճրտգեան ընտանիք, Խրիմեան ընտանիք:

«Հաճըն». այս պատկերագիրքը սոսկ պատմական յիշատակագրութիւն մը չէ, այլ կը հանդիսանայ ժողովուրդի մը յարատեւելու կամքին դրսեւորումը, որ մերժեց յանձնուիլ պատմութեան անողոք ճակատագրին: Բծախնդիր ուսումնասիրութեամբ, անձնական վկայութիւններով եւ արխիւային ու ժամանակակից լուսանկարներով պատրաստուած այս գիրքը կը ներկայացնէ Հաճըն քաղաքի անցեալի վառ դիմանկարը` միաժամանակ ընդգծելով անոր շարունակուող ներգործութունը ներկայ սերունդներու հոգիներուն մէջ: Ան կը հանդիսանայ ի խորոց սրտի յարգանքի տուրք մը թէ՛ նահատակներուն եւ թէ՛ վերապրածներուն, որոնց պատմութիւնները կը շարունակեն ոգեշնչել եւ համախմբել աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Տակաւին, այս գիրքը կրնայ ծառայել իբրեւ անգնահատելի աղբիւր մը բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են պատմական իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ ժողովուրդի մը ինքնութեան ու անհատականութեան վրայ:

Թքած ունինք մեր վրայ ալ, դիմացինին վրայ ալ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խիստ բազմացած են ոճիրները՝ ներգրաւելով երիտասարդներ, ու աւելի դաժան դարձած: Ընդ որում ոճիրներ հիմա աւելի շատ կը պատահին ոչ թէ ընկերային, երբ օրինակ գողեր դիտաւորեալ կը սպանեն ականատես մը, այլ՝ վրիժառութեան պատճառներով: Զիրար կը սպանեն ծուռ խօսքի մը, ծուռ նայուածքի մը, բարձր ձայնի, կատարուած նկատողութեան եւ նման անհեթեթ այլ պատճառներով: Գուցէ անհաւատալի թուի, բայց Հայաստանի մէջ մարդիկ պատրաստ են զիրար սպանելու ոչ մէկ պատճառի համար: Օրինակ, միայն այն դէպքը, որ պատահեցաւ 13 յունիսին, վերահաստատեց, որ Հանրապետութեան բնակիչներուն մէջ սաստիկ թշնամանք (aggression) կայ եւ չնչին առիթով մը, ան դուրս կը յորդի: Այլ տեղ մը սպանուած է 26-ամեայ երիտասարդ մը, որ պարզապէս նկատողութիւն կատարած էր անչափահասի մը ինքնաշարժը արագ քշելուն համար, որմէ ետք երիտասարդը գնդակահարած էին: Երիտասարդը Քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն մասնակից էր:

Իրաւաբանները յաճախ կը նշեն, որ անմեղութեան վարկած գոյութիւն ունի, շատ լաւ, ես անձամբ չեմ կրնար ըսել, թէ ո՞վ սպանած եւ ինչո՞ւ, բայց չէ՞ որ երիտասարդը սպանուած է: Ուրեմն մէկը ըրեր է այդ: Ընդ որում յատկապէս Երեւանի են բազմացած են այդ ողբերգութիւնները: Երեւանի փողոցներուն մէջ, ամէն չնչին առիթով, երիտասարդները դանակ կը հանեն իրարու դէմ, ամէն սուր խօսք մահուան պատճառ կրնայ դառնալ: Չ’անցնիր ամիս մը, երբ քանի մը ծանր դէպք չպատահի: Երիտասարդները կը սպանեն զիրար: Ու այս մէկը հասկնալի ու բացատրելի չէ որեւէ ձեւով:

Ի՞նչ կը կատարուի մեր հետ: Ի՞նչ սատանայ մտած է մեր մէջ, որ մենք ձեռք կը բարձրացնենք թանկագոյնին՝ կեանքի վրայ: Ի՞նչ դասստիարակութիւն կը ստանան մարդիկ, որ թքած ունին դիմացինին կեանքին վրայ եւ չեն խորշիր իրենց ձեռքերը արիւնոտելէ: Ու նոյնիսկ 2020-2023 թուականներու ողբերգութիւնները մի՞թէ բաւական չէին, որ ամէն հայ ընտանիքի մէջ ամէն հայր փառք տար Աստուծոյ, որ իր զաւակը ողջ է ու գնահատէր թէ՛ զայն, թէ՛ միւսները, որ դեռ ողջ են ու աւելի մեծ խնամքով լեցուին իրարու հանդէպ: Այդ ի՞նչ մտքերով կ’ապրին մարդիկ, որ թթու խօսքի մը համար պատրաստ են զիրար մորթելու: Ընդ որում այս տողերուն մէջ կաթիլ մ’իսկ չափազանցութիւն չկայ, դժբախտաբար: Ընդ որում անգլիացները հրաշալիօրէն կը բանաձեւեն, թէ «ճիգ մի թափէք ձեր երեխաները դաստիարակելու: Միեւնոյնն է, անոնք ձեզի պիտի նմանին: Դուք ձեզ դաստիարակեցէք»:

Այսօր, երբ ընդհանրապէս կը խօսքինք հայրենիք փրկելու, թուրքին դէմ պայքարելու եւ նման այլ թեմաներու մասին, զայրոյթ կը պատճառէ այն անմիտ չարակամութիւնը, որ ունինք իրարու հանդէպ: Մենք նոյնիսկ իրարու հետ խօսիլ չենք գիտեր: Ամէն երեք վէճի երկուքը կ’աւարտի կրակոցներով կամ դանակահարութեամբ, իւրաքանչիւր հինգին մէկը` մահով: Եւ դեռ մենք ուշքի չենք գար ու չենք կրնար հասկնալ, որ այսքան թշնամական զգացում մեզ կը կործանէ ներսէն: Մենք ինչ որ յիմար ու սահմանափակ պատկերացումներ ունինք պատիւի ու արժանապատւութեան մասին: Այլապէս անհասկանալի է, թէ ինչո՞ւ այսքան ծանր կը տանինք մեր հասցէին ըսուած որեւէ բառ: Մեր երիտասարդները կ’ապրին փիլիսոփայ Հոպսի (Thomas Hobbes) «մարդը գայլ է մարդու համար» սկզբունքով: Բայց ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս պատահած է, որ մենք այսքան անզուսպ ենք դարձած ու թքած ունինք մեր վրայ ալ, դիմացինին վրայ ալ:

Հարկ է նշել, որ հիմա Հայաստանի մէջ աւելիով կենսունակ է 90-ականներուն ծաղկած քրէական պատկերացումները: Խորհրդային Միութենէն մենք շատ վնասներ ստացած են, բայց խորհրդային ժառանգութեան ծանրագոյն բաժինը խորհրդային կայսրութեան մէջ տակաւին 40-50-ականներէն արմատաւորուած «աւազակային կեանքն ու գողերն են»: Այսինքն անոնք, որոնք կը հակադրուին օրէնքին եւ օրինականութեան, կ’ապրին իրենց չգրուած օրէնքներով ու աւելի վոհմակային բարոյականութիւն ունին, քան մարդկայնութիւն: 90-ականներուն այդ քրէական մտածելակերպը դարձած էր համընդհանուր: Կը թուէր թէ 2015-էն ետք դանդաղ նահանջ կ’ապրէր, բայց հիմա ան բաւական տարածուած է ու մահաբեր, որովհետեւ այդ քրէական կարծրատիպերը հայ երիտասարդը կը վերածեն արիւնախում երեւոյթի մը:

Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ ուսանողը այնպէս կը ծեծեն, որ կը մահանայ, կամ 19 տարեկանը կը սպանէ 17 տարեկանը: Ընդ որում, հաշուի առէք, որ պատճառը ընդհանրապէս ոչ դրամն է, ոչ սիրած աղջիկը, ոչ ալ վերջին ժամանակներուն սրուած քաղաքական քաշքշուկները, այլ՝ խենթութեան հասնող պատուասիրութիւնը: Ընդ որում անոնց մտքերուն մէջ հայրենիքի գաղափարը բաւական քիչ տեղ կը գրաւէ եւ անոնք աւելի զբաղած են  ճշմարտութեան ու արդարութեան մասին նեղմիտ փիլիսոփայութեամբ: Այս ամենեւին ալ զուարճալի չէ: Կողքէն դիտողը թերեւս ծիծաղի, թէ այդ ի՞նչ հետաքրքրական հասարակութիւն մըն է, որուն համար արդարութեան ու ճշմարտութեան գաղափարը այնքան թանկ է, որ արիւնով կը պաշտպանեն, բայց իրավիճակը իսկապէս սարսափեցնող է: Որովհետեւ մարդիկ եւ յատկապէս երիտասարդներն ու անչափահասները, որ տաքարիւն են փորձառութեան պակասի ու տարիքի բերումով, անզիջող են ու դաժան: Անոնց շատերը վախ եւ ամօթ չունին: Վախի բացակայութիւնը զանոնք կը դարձնէ վտանգը արհամարհող, ամօթի բացակայութիւնը` ոչինչէ խորշող: Եւ ի՞նչ պիտի ընեն այն երիտասարդները, որոնք համարձակ են ու ոչինչէ կը վախնան:

Բայց մեր մօտ տեսակ մը անհասկնալի լռութիւն կը տիրէ այս առումով: Մենք պէտք չէ բաւարարուինք «երիտասարդութիւնը անդաստիարակ է» յիմար արտայայտութեամբ, կամ ալ ծայրայեղ պարագայի, Իվան Թուրկենեւի «Հայրեր եւ որդիներ»էն (Ivan Turgenev, “Fathers and Sons”, 1862) մէջբերում կատարենք (թէեւ այնքան նահանջային ժամանակներ կ’ապրինք, որ մեծամասնութիւնը ո՛չ գրողին ծանօթ է, ո՛չ ալ գործին) սերունդներու միչեւ գաղափարական տարակարծութեան ու ոչնչապաշտութեան (nihilism) մասին ու լռենք:

Այն ինչ որ կը կատարուի փողոցները, գիշերային ակումբներու մէջ, շէնքներու բակերը աննկատելի ջարդ մըն է, որ մենք կը գործադրենք մեզի հանդէպ: Եւ այս մէկը այսօրուան մեր մեծագոյն հարցերէն մէկն է: Այդ անհանդուրժողականութիւնը, որու արտայայտութեան ձեւերէն մէկն ալ ակրեսիւ երիտասարդութիւնն է: Քիչ չեն դէպքերը, երբ համացանցով իրարու հայհոյելէ ետք, կ’երթան իրարու հետ հաշիւներ մաքրելու, կամ փողոցը մէկը միւսին չզիջելու փաստը աւելի ուշ եւ մութ ժամերուն կը վերածէ իսկական ծեծի ու ջարդի: Բայց մի՞թէ հարկ կայ հատ-հատ նշելու բոլոր դէպքերը: Բաւական շնական (cynic) եւ տխուր արտայայտութիւն մը գոյութիւն ունի․ «մէկ մահը ողբերգութիւն է, հազարաւորները` վիճակագրութիւն»: Հիմա ի՞նչ, նստինք ու ցուցա՞կ թարմացնենք իւրաքանչիւր նոր առիթի:

Հասկնալի է, որ տասնամեակներով վախի մթնոլորտի մէջ ապրած, յետոյ կտրուկ ազատութիւն ստացած ժողովուրդ մը կրնայ այլասերիլ: Հասկնալի է, որ պատերազմի մէջ ծանր պարտութիւնը կրնայ ներքին չսպառած ակրեսիան (aggression) ուղղել իրարու դէմ, բայց այս մէկը վարկածային (hypothetic) վտանգ մը չէ, այլ՝ իրականութիւն: Մարդիկ լոկ այնպէս կը սպանեն զիրար: Ոչ մէկ պատճառի համար: Յետո՞յ: Մենք ինչպէ՞ս պիտի կանխենք այս ներքին սպանդը: Ես չեմ ուզեր այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ Երեւանի մէջ առաւօտէն մինչեւ երիկուն խուլիկաններ զիրար կ’ոչնչացնեն ու փողոցը քալելը վտանգաւոր է: Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ: Երեւանն եւ Հայաստանը կը շարունակեն աշխարհի ամենէն ապահով վայրերէն մէկը մնալ, բայց անոր զուգահեռ մենք ունինք ձեւով մը այլանդակած ու սեւցած դաստիարակութիւն մը պատիւի մասին, որ սուղ կ’արժէ մեզի:

Ու հոս պէտք է հասարակութեան ամէն անդամ լարէ իր ուժերը: Բոլոր անոնք, որոնք թերեւս նուազագոյն հեղինակութիւն ունին, պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն տան երիտասարդներու խանգարուած հոգեբանութեան՝ զանոնք կրթելով: Սորվեցնելով, որ կեանքը սուրբ է եւ կարելի չէ զայն վտանգել սոսկ այնպէս ու կարելի չէ զայն խլել լոկ այնպէս: Բայց հետեւելով մեր պատկերսփիւռային սերիալներուն ու ֆիլմերուն, որոնք լեցուած են դաժանութեամբ ու լրբութեամբ, ընկեային ցանցերը, որոնք լի են նախնական, մակերեսային մտայնութեամբ, անընդհատ eroticism-ով եւ անզուսպ ատելութեամբ, որ տեղ մը տրամաբանական կը սկսի դառնալ, թէ այդ կեղտին մէջ մեծցող պատանին բնական տեսնէ թթու բառի մը համար կոկորդ կտրելը: Բաց աստի, հասարակութեան գրեթէ բոլոր շերտերուն մէջ կայ այդ այալասերած պատուասիրութիւնը, որ անձամբ ինքը աշխարհի կեդրոնն է եւ իր հասցէին ըսուած որեւէ բառ եւ արարք, հարուած է ճշմարտութեան եւ ինք պատրաստ է պաշտպանելու այդ ցնդաբանութիւնը, թէկուզ եւ մեռնելու կամ սպանելու գնով:

Անհատականացման այս դարաշրջանին, երբ ամէն կողմէ կը ճչան, թէ այս մարդակեդրոն աշխարհ մըն է, կը մոռնան, որ երիտասարդը կը դաստիարակեն ոչ թէ պատուախնդիր, այլ` եսապաշտ, ոչ թէ` արժանապատիւ, այլ` անձնասէր: Ոչ մէկ երիտասարդ վատ կը ծնի, այլ զայն վատ կը դարձնէ չափահասներու փտած միջավայրը: Բայց մենք այս մէկը երբե՛ք չենք ընդունիր ու չենք հասկնար, կը շարունակենք աւելի նեխած պատկերացումներ տալ երիտասարդներուն, որովհետեւ ատակ չենք լաւ օրինակ ծառայելու: Ու հետաքրքրական է, թէ ի՞նչ կը զգան այն ծնողները, որոնց զաւակները կը յայտնուին կա՛մ բանտի, կա՛մ գերեզմանի մէջ` զոհ երթալով պատիւի մասին ծուռ պատկերացումներու:

Աւստրիացի քոմբոզիթոր Կիւսթաֆ Մահլեր (Gustav Mahler) ըսած է․«աւանդոյթը սերունդէ սերունդ կենդանի կրակ փոխանցելն է, ոչ թէ մոխիրի պաշտամունքը»:

«Մեր երիտասարդները եւ անոնց դժուարութիւնները»

Մեր այսօրուան podcast-ի հիւրն է Պատուելի Տաթեւ Պասմաճեանը: 14 տարիէ ի վեր, պատուելին նուիրուած է երիտասարդութեան եւ անոր հոգեւոր ու հոգեկան դաստիարակութեան՝ հայ աւետարանական եկեղեցիներու Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութեան Երիտասարդաց եւ պատանեաց առաքելութիւն ճամբով: Նախ մօտէն պիտի ծանօթանանք պատուելիին ու ապա պիտի խօսինք այս օրերուն մեր երիտասարդներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զանոնք մեղմելու իր պատկերացումներուն մասին:

Կենդանական աշխարհէն. հեքիաթ երկու ագարակներու մասին

 Շատեր կը յիշեն Ճորճ Օրուէլի «Animal Farm» գործը, որ իբրեւ ընթերցանութեան եւ վերլուծումի դասագիրք կը գործածուէր մեր դպրոցներուն մէջ: Գոնէ այդպէս էր, երբ 10-րդ դասարանի աշակերտ էի «Սուրէն Խանամիրեան» գոլէճին մէջ: Այս գործը շատեր հայերէնի թարգմանութիւնը կը վերնագրեն «Կենդանական ագարակ», բայց իմ նախընտրութիւնս կ’երթայ «Անասուններու ագարակ»-ին:

Օրին շատ տպաւորուած եմ անկէ ու յաճախ դիմած եմ անոր ու զայն պահած գրադարանիս մէջ: Կը պատահի, որ երբ դասընկերներով հանդիպինք՝ կատակելով ու ծիծաղելով կը յիշենք «խոզերու իշխանութիւնը»: Նափոլէոն խոզը չենք մոռցած, բայց միւսներուն անունները դժուար թէ մեր միտքը գայ:

Վերջերս նորէն աչքիս զարկաւ գիրքը եւ յիշողութիւնս վերաթարմացնելու մղումով՝ սկսայ կարդալ…

Ճորճ Օրուելի «Անասուններու ագարակը» քաղաքական այլաբանութիւն մըն է, որ տեղի կ’ունենայ ագարակի մը մէջ, ուր անասունները կ’ապստամբին իրենց մարդկային տիրոջ՝ պարոն Ճոնզի դէմ՝ հաւասարներու հասարակութիւն մը ստեղծելու նպատակով: Խոզերու գլխաւորութեամբ, որոնք այս հասարակութեան մէջ կը ներկայացնեն կենդանիներու ամենէն խելացիները, անոնք կը ստեղծեն նոր կառավարութիւն մը, հիմնուած՝ անասնութեան սկզբունքներու վրայ, ուր բոլոր կենդանիները ենթադրաբար հաւասար են:

Ժամանակի ընթացքին, խոզերը, մասնաւորաբար Նափոլէոնն (Napoleon) ու Ըսնոպոլը (Snowball), պայքար կը սկսին իշխանութեան տիրանալու համար: Նափոլէոն ի վերջոյ կը տիրանայ իշխանութեան եւ օր ըստ օրէ կը դառնայ աւելի բռնակալ՝ դիմելով քարոզչութեան, աւելի ճիշդ փրոփականտայի, հակակշիռ պահելու համար: Խոզերը կը սկսին նոյն սխալներն ու մեղքերը գործել, ինչպէս մարդը՝ Ճոնզը, զոր տապալեցին, եւ ագարակն ու անոր գաղափարախօսութիւնը կը թաղուին փտածութեան տիղմին մէջ: Գիրքին վերջաւորութեան երեւան կու գայ, որ խոզերը շատ ալ չեն տարբերիր մարդոցմէ, իսկ գաղափարախօսութիւնները կը շահագործուին անձնական իշխանութեան ու փտածութիւն նուիրագործելու համար:

Այս մտածումներով՝ օրուելեան անասնացած աշարհին մէջ թաղուած, երեւակայութիւնս սկսաւ սաւառնիլ ու յանկարծ էջք կատարեց «Համերաշխութիւն» ագարակին մէջ, ուր խումբ մը կենդանիներ կ’ապրէին Մագիլ անունով իմաստուն բազէի մը ղեկավարութեամբ: Մագիլ երկար տարիներ պահած էր անդորրութիւնը եւ երաշխաւորած ագարակին բարգաւաճումը:

Սակայն գոմին մէկ մութ անկիւնը նստած, Շիկակարմիր անունով խորամանկ աղուէսը դաւադրութիւն կը սարքէր: Շիկակարմիրը նենգամիտ էր եւ յաւակնոտ, օժտուած՝ դժգոհութիւն յառաջացնելու տաղանդով: Առիթը պատեհ նկատելով՝ ան կը սկսի շշնջալ կենդանիներուն մէջ. — Նայեցէք Մագիլին, — կ’ըսէ Շիկակարմիրը հաւերուն ու ոչխարներուն, — ինք կը պնդէ, որ արդար է, սակայն անոր բոյնը պատուած է լաւագոյն փետուրներով, մինչ մենք գոյատեւելու պայքար կը մղենք:

Շիկակարմիրին դժգոհութիւնները անկեղծ չէին: Առանց մնացեալ կենդանիներու գիտակցութեան՝ ան կապ հաստատած ու ազդուած էր խումբ մը իրմէ աւելի խորամանկ աքիսներէ, որոնք կ’ապրէին մօտակայ ագարակի մը մէջ՝ «Մախանքի արտավայր» անունով: Աքիսները աչք ունէին «Համերաշխութիւն» ագարակին վրայ, կը նախանձէին անոր բարգաւաճումին եւ չարամտօրէն կ’ուզէին ապակայունացնել զայն` ներսէն բաժանումներ հրահրելով:

Շիկակարմիրի ազդեցութեամբ՝ կենդանիները կը սկսին կասկածի տակ առնել Մագիլի ղեկավարութիւնը: Անոնք կը սկսին հակասութիւններ տեսնել Մագիլի յայտարարութիւններուն եւ իրենց ապրած իրականութեան միջեւ, որոնք չափազանցուած կը ներկայացուէին Շիկակարմիրին վարպետորդի մեկնաբանութիւններով: Հաւերը կը սկսին կռկռալ հացահատիկի անհաւասար բաշխումին, իսկ ոչխարները՝ մայել գայլերէ պաշտպանուելու գիշերային պահակութեան բացակայութեան դէմ:

Առիթը օգտագործելով ու չափազանցելով այս դժգոհութիւնները Մագիլի դէմ՝ Շիկակարմիր կը բացագանչէ.
—Տեսէ՛ք ինչպէ՛ս կ’ապրի ան, կը պնդէ, թէ ինք հոգատար է, բայց ան հանգիստ կը քնանայ, մինչ վտանգը դարանակալ կը սպասէ:

Սկիզբը այս յայտարարութիւնները կը ծառայեն որպէս իրազեկման կոչ՝ մղելով կենդանիները աւելի լաւ վերաբերում եւ թափանցիկութիւն պահանջելու: Սակայն, Շիկակարմիրին իսկական մտադրութիւնները հեռու էին բարեկարգչական ըլլալէ:

Ժամանակը կը սահի եւ Շիկակարմիրին արդարութեան եւ առատութեան խոստումները կը սկսին ի դերեւ ելլել: Երբ անոր մերձաւոր շրջանակէն մէկը կը բռնուի գաղտնաբար ցորեն կուտակելու յանցանքի մէջ, հաւերը կը զայրանան. «Դուք ոչինչով կը տարբերիք Մագիլէն»,— բարկացոտ կը ճչան անոնք, «դուք ալ աւազակութիւն կ’ընէք»: Շիկակարմիրը անմիջապէս կը հերքէ մեղադրանքները. «Այս բոլորը սուտեր են, որոնք կը տարածեն Մագիլի հաւատարիմները»,— կը հաջէ ան, բայց վնասը հասած էր արդէն: Կենդանիները կը սկսին անդրադառնալ, որ աղուէսները այն փրկիչները չէին, ինչպէս կը փորձէին ներկայանալ: Այս կեղծիքին բացայայտումը կը խախտէ անոնց վստահութիւնը ընդհանրապէս համակարգին նկատմամբ:

Վստահութեան խախտումով՝ կենդանիները կը բաժնուին խմբաւորումներու: Ոմանք դեռ կը հաւատային Շիկակարմիրի առաջադրանքներուն, իսկ միւսները հաւատարիմ կը մնային Մագիլին: «Համախոհութեան» ագարակը կը դառնայ մնայուն տագնապներու եւ վէճերու թատերաբեմ: Ագարակը կը նահանջէ բոլոր ճակատներու վրայ: Կենդանիներուն հանդիպումները, որոնք ժամանակին հարցեր լուծելու եւ ապագայի ծրագիրներ մշակելու առիթներ կը հանդիսանային, կը վերածուին մեղադրանքներու եւ ամբաստանութիւններու կրկէսի մը: Արդիւնաբերութիւնը կտրուկ անկում կ’արձանագրէ, որովհետեւ հաւերը կը հրաժարին հաւկիթ ածելէ, կովերը կը կտրեն իրենց կաթը, իսկ ոչխարները կը հրաժարին խուզուելէ՝ ի նշան բողոքի:

«Համախոհութիւն» ագարակի կը սկսի գահավիժիլ անդունդն ի վար, հետեւանքները տեսանելի են ամէն կողմ: Հեռու ու մօտիկ ագարակները կը սկսին խուսափիլ նման անկայուն հաւաքականութեան մը հետ գործ ունենալէ: Ագարակին բնակիչները կը մատնուին սովի: Իմաստուն սկիւռները, որոնք ծանօթ են պարէնաւորուելու եւ ապագան ծրագրելու իրենց հմտութեամբ, կը սկսին պաշար կուտակելու՝ մտահոգ ագարակին ապագայով. «Մեզի կայունութիւն պէտք է», — կը շշնջային անոնք:

Այս իրարանցումին մէջ Արագավազ անունով տարեց կրիայ մը, որ մեծ յարգանք կը վայելէր իր իմաստութեան համար, ժողովի կը հրաւիրէ բոլորը: Ան կը խօսի դանդաղ, բայց մեծ հեղինակութեամբ. «Մենք թոյլ տուինք, որ մեր ագարակը քանդուի անվստահութեան եւ պառակտումի պատճառով: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մինչ ղեկավարները կու գան ու կ’երթան, մեր ագարակը կը մնայ: Մենք պէտք է աշխատինք միասին, ոչ թէ իրարու դէմ»:

Արագավազին խօսքերը անարձագանգ չեն մնար: Կենդանիները կը հասկնան, որ «Համերաշխութիւն» ագարակի գոյատեւման եւ բարգաւաճման համար իրենք պէտք է վերակառուցեն վստահութեան կամուրջները եւ կեդրոնանան հասարակաց նպատակներու, եւ ոչ թէ կարճատեւ ձեռքբերումներու եւ փոխադարձ ոչնչացման վրայ:

Մագիլ բազէն, գիտակցելով միասնականութեան կարեւորութեան, գործակցութեան ձեռք կ’երկարէ բոլոր կենդանիներուն՝ հրաւիրելով զանոնք անվախ արտայատելու իրենց մտահոգութիւնները եւ մաս կազմելու որոշումներու կայացման գործընթացին: Շիկակարմիր աղուէսը՝ քողազերծուած ու վարկաբեկուած, գլխիկոր կը սողոսկի ագարակին մէկ մութ անկիւնը. իշխանութեան հասնելու իր երազները փշրուած էին:

Կրիային իմաստուն թելադրանքներով, ձեռք ձեռքի տուած, կենդանիները կը սկսին վերականգնել իրենց ագարակը: Դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, «Համերաշխութիւն» ագարակը կը վերագտնէ իր նախկին բարօրութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Եւ այսպէս, «Համերաշխութիւն» ագարակի կենդանիները կը հասկնան, որ իսկական կայունութեան եւ զարգացման կարելի է հասնել միայն միասնականութեան, անկեղծութեան եւ փոխադարձ յարգանքի միջոցով: Անոնք կ’որոշեն մնալ զգօն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կ’ուզեն պառակտել զիրենք` միշտ յիշելով աղուէսներու նենգամտութիւնը եւ ընդհանուրին բարօրութեան համար միասին աշխատելու կարեւորութիւնը:

Այս գրութիւնը հեքիաթ է: Հեքիաթը չեն մեկնաբաներ: Հեքիաթի հերոսները իրական անձեր չեն: Հեղինակը պատասխանատու չէ որեւէ մեկնաբանութեան կամ իրական անձերու հետ զուգահեռներ գտնելու որեւէ փորձի:

Լիբանանահայ երգի 40 տարիները՝ Սեդոյին հետ

Տարբերակ21-ի podcast-ին հիւրն է տաղանդաւոր եւ փորձառու երաժիշտ, ձայնագրութեան սթիւտիոյի սեփականատէր Սեդո Պաղտասարեանը: Երաժշտական գիտելիքու եւ Լիբանանահայ երգիչներու վերջին 40 տարիներու պատմութեան գանձարան մըն է Սեդոն: Սեդոյին հետ կը զրուցենք Լիբանանի մէջ հայ երգի զարգացման ու նահանջի տարբեր փուլերուն մասին: Կը նշենք արուեստագէտներ, որոնք կենսունակ պահած են այս արուեստը: Կը քննարկենք նաեւ ներկայ իրավիճակը: Ի՞նչ ակնկալութիւններ պէտք է ունենալ:

Ընկերային ցանցերու ազդեցիկներու վերելքը քաղաքականութեան մէջ. նոր դարաշրջանի մը սկի՞զբ

Ընկերային ցանցերու միջոցով ազդեցիկ դարձած (influencer) 24-ամեայ Ֆիտիաս Փանայոթու կրնայ սկիզբ մը յատկանշել ու անոր յաջողութիւնը Կիպրոսի եւրոպական վերջին ընտրութիւններուն, կրնայ կրկնուիլ այլ երկիրներու մէջ: Ընկերային ցանցերու ազդեցիկներուն ներգրաւուածութեան աճը քաղաքականութեան մէջ ենթադրել կու տայ, թէ քաղաքական խօսոյթը աւելի սկսած է հիմնուիլ անձի ու անոր անհատականութեան, քան քաղաքական ուղեգիծի վրայ: Թէեւ այս երեւոյթը կրնայ ներքաշել աւելի երիտասարդ ընտրողներ, որոնք հիասթափած են աւանդական քաղաքական ոճէն եւ անոր ներկայացուցիչներէն, սակայն ան միաժամանակ մտահոգութիւն կը պատճառէ քաղաքական խօսոյթի խորքին եւ էութեան մասին. անձը կը սկսի դառնալ աւելի կարեւոր քան ուղեգիծը:

Լիբանանի եւ լիբանանահայերուն համար, որոնք ականատես եղած են ու տակաւին կ’ապրին քաղաքական բարդ իրավիճակներ, այս հոլովոյթը դուռ կը բանայ նոր կարելիութիւններու, բայց նաեւ՝ մարտահրաւէրներու: Ան երիտասարդ ու անտարբեր նկատուող նորահաս սերունդները նոր ձեւերով ներգրաւելու կարելիութիւններ կը ստեղծէ, բայց նաեւ մտահոգութիւն կը պատճառէ քաղաքական խօսոյթի որակին պահպանման առնչութեամբ: Կարեւոր է, որ քաղաքական քննարկումները մնան առարկայական եւ կեդրոնացած իրական խնդիրներու վրայ, եւ ոչ թէ քողարկուին անհատի մը գրաւչութեան մակերեսային տուեալներով: Այսուհանդերձ, աւանդականին ձախողութիւնները, կեղծիքը եւ երիտասարդներ ներգրաւելու դժուարութիւնները նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը կ’ազդարարեն, ուր գաղափարախօսութիւններ եւ քաղաքական խօսոյթը աւելի նուազ կը կշռեն, քան գրաւչութեան ու ազդեցիկութեան խօսոյթը՝ ընկերային ցանցերու ճամբով:

Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք «Երիտասարդ ազդեցիկը, որ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ Կիպրոսի ԵՄ-ի ընտրութիւններուն» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսած է «Cyprus Mail» օրաթերթին մէջ:

Երիտասարդ ազդեցիկը, որ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ ԵՄ-ի Կիպրոսի ընտրութիւններուն

Ֆիտիաս Փանայոթու՝ 24-ամեայ, հաստատապէս ապաքաղաքականացած YouTuber-ը եւ TikToker-ը, որ օժտուած է ինքնածանուցման բնական տաղանդով, ամբողջութեամբ տիրապետեց կիրակի օր կայացած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն: Անոր անկախ թեկնածութիւնը՝ բառացիօրէն ոչինչ առաջարկելով ընտրողներուն, ապահովեց ձայներու երրորդ առաւելագոյն մեծամասնութիւնը՝ գերազանցելով «Էլամ»ը (Elam), «Տիքո»ն (Diko), «Էտեք»ը (Edek), «Տիփա»ն (Dipa), «Վոլթ»ը (Volt), Կանաչները եւ քանի մը փոքր այլ խումբեր: Անոր ապահոված ձայներու 19,4 տոկոսը, փաստօրէն, ընդամէնը երկու կէտով միայն աւելի նուազ էր, քան «Աքել»ինը (Akel)՝ խիստ կազմակերպուած եւ շատ լայն ժողովրդականութիւն վայելող կուսակցութիւն մը:

Աննախընթաց է, որ անկախ թեկնածու մը ձայներու այսքան մեծ համեամատութիւն ապահովէ: Աւելի զարմանալի էր այն, որ ան յաջողած էր առանց դահեկան մը ծախսելու: Մենք անոր դէմքով ծանուցումի վահանակներ (billboards) չտեսանք, ձայնասփիւռով, կայքէջերով կամ թերթերու մէջ յայտարարութիւններ չկային, բայց YouTube-ի միջոցով անոր հեռաձայնային խօսակցութիւններու տեսագրութիւններուն հոսքը, ընտրապայքարի քարոզարշաւի նախօրեակին, բազմաթիւ հետեւորդներ ստեղծեց քաղաքականութեամբ չհետաքրքրուած երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ, որոնք կը հաւատային որ ան հաճելի անձնաւորութիւն մըն է, ծիծաղ կ’առթէ եւ «իրենցմէ է»:

Մեկնաբանները ժամանակ չկորսնցուցին եզրակացնելու, որ անոր յաջողութիւնը կուսակցութիւններու եւ քաղաքական համակարգին նկատմամբ մարդոց հակակրանքն էր: Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կը գնահատուի հազիւ 50,5 տոկոսով, քիչ մը անելի քան նախորդ եւրոպական ընտրութիւնները, թէեւ այդ ալ կարելի է վերագրել տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միաժամանակ ընտրութեան: Եւ տակաւին յստակ չէ, թէ Ֆիտիաս որքա՛ն աջակցութիւն ապահոված է դժգոհ կուսակցական ընտրողներէն: Նախնական տուեալներու համաձայն, կարելի է ենթադրել, որ ան քուէներ ապահոված է այն երիտասարդներէն, որոնց, ինչպէս կ’ըսուի, ինք համոզած է արձանագրուելու:

Հարցը աւելի ընդհանրական բնոյթ ունի, քան մարդոց համարում չունենալը կուսակցութիւններու նկատմամբ: Աւելի մտահոգիչը, ու իսկապէս պէտք է մտահոգէ բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են հասարակական հարցերով, երիտասարդ սերունդին ապաքաղաքական տրամադրութիւնն է: Երիտասարդներուն մեծ մասը, որոնք աշխարհը կը տեսնեն TikTok-ի, YouTube-ի, Instagram-ի եւ Facebook-ի միջոցով, հետաքրքրուած չեն քաղաքականութեամբ եւ անոնք քուէարկած են մէկու մը, որ իրենց պէս կը մտածէ, որ չունի քաղաքական որեւէ տեսակէտ կամ գաղափար որեւէ բանի մասին եւ հպարտ է իր այդպէս ըլլալով: Այս մէկը նպաստեց որ Ֆիտիաս մասնակցի Եւրոպական ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքը իսկական ազդեցութիւն չունի մարդոց առօրեային վրայ:

Որքանո՞վ Ֆիտիասի երեւոյթը կը տարբերի քաղաքական գործիչներու այժմու ընթացքէն, որոնք ասպարէզ կառուցած են ընկերային ցանցերու ճամբով՝ խուսափելով որեւէ հիմնական բան ըսելէ եւ խնդրահարոյց հարցերու շուրջ դիրքորոշում ճշդելէ: Մենք ապաքաղաքական դարաշրջանի մէջ կը գտնուինք, ուր տափակութիւնն ու արտաքինը կրնան առաջ քշել քաղաքական գործիչ մը, դարաշրջան մը՝ ուր խորքի բացակայութիւնը առաւելութիւն կը նկատուի: Այս մօտեցումը Ֆիտիասը առաջնորդեց իր տրամաբանական յանգումին` նոյնիսկ առանց ձեւացնելու, որ ինք կրնայ մտածել ու գործել քաղաքականապէս: Իսկ կիրակի օրը, քուէարկողներուն մէկ հինգերորդը թեր քուէարկեց ապաքաղաքական թեկնածուին:

Պատառիկ մը լեհահայ կեանքէն՝ Թանիա Սայեղի կարպետագործութիւնը

Թանիային հետ տարբեր առիթներով ունեցած խօսակցութիւններս միշտ ալ համեմուած կ’ըլլան Հալէպի իրականութեան կապուած անցեալի պահերով ու անոնցմէ քաղուած խայտաբղէտ պատկերներով՝ դպրոցի հանդէսներէն մինչեւ Հալէպի բերդը, տօնական թխուածքներէն՝ քերէպիճ, քիւնէֆէ, մինչեւ սուրիացի արաբ ձմեռուկ ծախողը: Թանիա յաճախ կ’անդրադառնայ Լեհաստանի իր առօրեային, իր զաւակներուն հայեցի կրթութեան, հայկական ճաշերու, խմորեղէններու, բախլավա-քիւնեֆէ ու համեղ ճաշերու պատրաստութեան՝ հաստատելով հայկականը պահելու իր պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը:

Թանիա յաՃախած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բէթէլ Վարժարանը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, այնուհետեւ աւարտած  է Հալէպի համալսարանի անգլիական գրականութեան բաժանմունքը: 1998-2001 տարիներուն, ան զբաղած է ուսուցչութեամբ Հալէպի Ազգային Հայկազեան Վարժարանին (աղջկանց բաժին), իսկ 2003-2012՝ Կիւլպէնկեան Ազգային վարժարանին մէջ՝ դասաւանդելով անգլերէն 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ  կարգի աշակերտներուն:

Թանիա կարօտով կը յիշէ իր աշակերտական տարիներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, մասնաւորաբար Հայ Աւետարանական Բէթէլ Վարժարանի տնօրէնուհի Ազնիւ Քիրիշեան-Եագուպեանը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Անդրանիկ Խաչատուրեանը (այժմ ողբացեալ):

2010 թուականը Սուրիահայութեան, ի մասնաւորի Հալէպահայութեան համար եղաւ սկիզբ մը դժնդակ օրերու, եւ մեր հայրենակիցները պարտադրաբար օտար ափեր հաստատուելու ակամայ որոշումներ կայացուցին: 2012-ին, Թանիա հապիպ-Սայեղ՝ ամուսնոյն Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ զաւակներուն հետ տեղափոխուեցաւ Լեհաստան:

Լեհաստանի մէջ Թանիա իր առօրեան կը հարստացնէ կարպետագործութիւն սորվելով եւ ինքնաշխատութեամբ մեծ հմտութիւն ձեռք կը բերէ՝ իր սրտին մէջ փայփայելով հայ մշակոյթը տարածելու խոր համոզում մը:

Այսպիսով, արդէն հմտացած, Թանիա հրաւէր կը ստանայ ղեկավարելու 9 կարպետագործութեան աշխատանոցներ, որոնցմէ  8-ն իր ապրած քաղաքին՝ Վրոցլավի լեհական տարբեր մշակութային կեդրոններու մէջ՝ լեհ եւ հայ մասնակիցներով եւ աշխատանոց մըն ալ անցնող 9 դեկտեմբեր 2023-ին, Լուճ քաղաքի  «Նաիրի» հայկական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ (Ormiańskie Centrum Edukacyjno-Kulturowe Nairi)՝ հայուհիներու մասնակցութեամբ: Յաջորդ օրը, 10 դեկտեմբեր 2023-ին, Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով տեղի կ’ունենայ տօնավաճառ ու բարեգործական համերգ մը, ուր հայ եւ լեհական տօնական երգերով ելոյթ կ’ունենան Թանիայի որդիները՝ Ճորճն եւ Արամը, «GoArm» խումբի անունով: Այս տօնավաճառին եւ համերգին ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանն ու լեհահայ հոգեւոր հովիւ Տէր Մինաս Աբեղայ Հախվերդեանը։

Ողջունելի ու խրախուսիչ նախաձեռնութիւնը ՀՄԸՄ Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան

25-26 Մայիս 2024-ին, երկու օր, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Թանիա Սայեղ կը ղեկավարէ կարպետագործութեան աշխատանոց մը: Աւարտին, աշխատանոցի 20 մասնակիցները  ձեռք կը բերեն տեսական գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ: Դասընթացքին նպատակը կարպետ գործելու գաղտնիքներու ուսուցումն ու կարպետագործութեան տարածումն էր. խրախուսիչ նախաձեռնութիւն մը ՀՄԸՄ Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:

Թանիային ոգեւորութիւնը կը կրկնապատկուի ի տես մասնակիցներուն, որոնք իր երբեմնի Հալէպի ազգային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներն էին, արդէն ամուսնացած ու բարձրագոյն վկայականներու տիրացած ու եկած էին կարպետագործութիւն սորվելու:

Թանիա ջերմ տպաւորութիւնով կը նկարագրէ աշխատանոցի աշակերտուհիներէն մին, որ փոքրիկը իր գրկին հետեւած էր կարպետագործութեան դասընթացքին:

Աշխատանոցի մասնակիցները կը վայելեն գեղարուեստական ելոյթը Ճորճ եւ Արամ Սայեղներու աշուղական երգերու մեկնաբանութիւնը, Վիեննա, Աւստրիա:

Այս աշխատանոցներու կողքին, Թանիաի կարպետագործութեան գործերը ներկայացուած են լեհական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու:

Թանիա նոր թափով կը պատրաստուի գալիք օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն ծրագրուած նոր աշխատանոցներու:

Թանիա Սայեղի Հալէպի Ազգային Վարժարանի աշակերտները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են կարպետագործութեան աշխատանոցին, Վիեննա, Աւստրիա: Ձախէն աջ՝ Սագօ Շատոյեան, Շաղիկ Շատոյեան, Թանիա Սայեղ, Ալիք Շատոյեան, Սագօ Ապաճեան:

Կարպետագործութիւնը իր յատուկ տեղը ունի հայ ժողովուրդի աւանդական արհեստներու շարքին:  Բնականաբար, հայ համայնքներուն մէջ կարպետագործութեան աւանդոյթը փոխանցելու գլխաւոր միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ նման աշխատանոցներու կազմակերպումը հայաբնակ գաղութներու մէջ, ինչպէս՝ Շուէտ, Գերմանիա, Իտալիա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Սպանիա, Հունգարիա եւ Պուլկարիա:

Մշակոյթը կը պահպանուի զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ, այո՛…