Արցախի պաշարումը ցեղասպանութիւն էր, կ’ըսէ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով, այս օրերուն Լիբանան կը գտնուի Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ (2003 – 2012) Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, որ ուրբաթ, 19 ապրիլի երեկոյան, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ ընդհանրապէս Միջազգային քրէական դատարանի աշխատանքներուն, Արցախ հարցին, Հայաստանի նկատմամբ Ալիեւի ներկայացուցած ցեղասպանական մնայուն վտանգին մասին, մասնաւորաբար կեդրոնանալով, թէ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան հռչակագրի որդեգրումէն (9 դեկտեմբեր 1948) աւելի քան 75 տարի ետք, ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը ձախողած է արձագանգելու անոր հրամայականներուն:

Այս առիթով, կը վերահրատարակենք Արցախի պաշարման մասին Օքամպոյի՝ օգոստոս 2023-ին հրապարակած զեկոյց-տեղեկագրին մեր անդրադարձը՝ 4 հոկտեմբեր 2023-ին:

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, 7 օգոստոս 2023-ին հրապարակած է զեկոյց-տեղեկագիր մը, ուր միջազգային օրէնքի փաստերով կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) (կը պահենք տեղեկագրին մէջ նշուած անունումը) շրջափակումը «ցեղասպանութիւն» է: Այսինքն՝ գրեթէ մէկ ամիս առաջ կատարուած դաւադրական յարձակումէն եւ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութենէն, Ալիեւ եւ Ազրպէյճան արդէն կը գտնուէին ցեղասպանական արարքի մէջ, ենթակայ՝ դատի եւ վճիռի:

Այս զեկոյց-տեղեկագիրը կը խորանայ պատմական կնճռոտ հարցերու, իրաւական քայլերու, միջազգային կառոյցներու արտայայտած մտահոգութիւններուն եւ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի փակման ու Արցախի շրջափակման պայմաններուն՝ ի վերջոյ յանգելու այն հարցադրում-հաստատումին, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ցեղասպանական արա՞րք մը չէ արդեօք:

Տեղեկագիր-փաստաթուղթը հիմնուելով պատմական տուեալներու, իրաւական հիմքերու եւ միջազգային նախընթացներու վրայ` կը յանգի համոզիչ ու փաստարուած եզրակացութեան մը, թէ առարկայական ու ենթակայական բոլոր տուեալները առկայ են Արցախի շրջափակումը որակելու ցեղասպանութիւն: Տեղեկագիրը  յղումներ կը կատարէ նաեւ միջազգային օրէնսգիտութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եզրակացութիւններուն՝ Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան բացած դատին, որուն վճիչռը կը պահանջէր Լաչինի (Բերձոր) անցքին անյապաղ վերաբացումը:

Ի լրումն ցեղասպանութեան առարկայական եւ ենթակայական տարրերու վերլուծութեան, տեղեկագիրը կ’ուսումնասիրէ Ալիեւի մտադրութիւնները` ուշադրութիւն հրաւիրելով անոր արարքներուն, յայտարարութիւններու եւ միջազգային իրաւական կանոններու խախտումներուն՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ ցեղասպանական մտադրութիւն դրսեւորող վարքագիծ մը:

Այս տեղեկագիրը կ’անդրադառնայ նաեւ շրջափակման մասնակից հաւանական մեղսակիցներուն եւ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ նախագահ Ալիեւը դատական հետապնդումի ենթարկելու կարելիութեան, անշուշտ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդը նման որոշում ընդունի:

Ինչպէս նշեցինք, այս տեղեկագիրը հրապարակուած է շուրջ ամիս մը առաջ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութենէն:

Արդարեւ, տեղեկագիրը կ’ընդգծէ կանխարգիլման հրատապութիւնը` կոչ ընելով ազդեցիկ երկրիներուն եւ հայկական սփիւռքին արագ գործելու եւ դադարեցնելու աւերումը Արցախի եւ տառապանքները անոր բնակիչներուն: Ան կ’ընդգծէ նաեւ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին վերաբացման եւ մինչեւ 2025-ի մայիսը, այսինքն՝ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան աւարտը,  տարածքային պահանջներու լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հետագայ բռնութիւնները եւ մարդկային կորուստները կանխելու նպատակով: Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ բնականաբար չէր կրնար պատկերացնել, թէ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը պիտի աւարտէր շուտով (անծանօթ-ծանօթ պատճառներով) եւ բռնութիւններ ու մարդկային կորուստներ պիտի արձանագրուէին…

Արցախը պիտի բռնագրաւուէր եւ արցախցիները պիտի տարագրուէին…

Այժմ լուսարձակի տակ կ’առնենք տեղեկագրին այն կէտերը, որոնք Ալիեւը կ’ամբաստանեն ու կը դատապարտեն իբրեւ ցեղապան:

Ալիեւի մտադրութիւններուն վերլուծումը իբրեւ ցեղասպանական արարքի նախաքայլ՝ ըստ տեղեկագրին

  • Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, որ նախագահ Ալիեւի գիտակցուած, կամաւոր եւ թշնամական որոշումները, որոնք կ’անտեսէին Միջազգային քրական դատարանի որոշումները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերէր Լաչինի անցքի անմիջական վեարբացումին, կ’ենթադրէ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հայերը ոչնչացնելու անոր մտադրութիւնը:
  • Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւ ի սկզբանէ ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի ինքնավարութիւնը, սակայն հետագային փոխած է այդ դիրքորոշումը` ցոյց տալով տարածաշրջանին մէջ հայերը ոչնչացնելու իր միտումները:
  • Ան առիթ տուած քաղաքայիններու խափանելու Լաչինի (Բերձոր) միջանցքը, ապա Հայաստանի հետ սահմանային անցարգել ստեղծած եւ, ի վերջոյ, փակած միջանցքը` ծանօթ ըլլալով հանդերձ հետեւանքներուն, զորս Միջազգային քրէական դատարանը նախազգուշացուցած էր:

 Նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւնը 1 օգոստոս 2023-ին

  • Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ հարցազրոյցի մը մէջ նախագահ Ալիեւի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան կը խոստովանէր, որ շրջափակումը մաս կը կազմէ իր պաշտօնական քաղաքականութեան՝ իբրեւ հիմնաւորում նշելով ապրանքներու ենթադրեալ մաքսանենգութեան պարագաներ:
  • Նախագահ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը, ըստ տեղեկագրին, կը բացայայտէ անոր ցեղասպանական հաստատ մտադրութիւնը, եւ ան բացայայտօրէն կը մերժէ Միջազգային քրական դատարանի միջանցքը վերաբանալու պարտաւորեցնող որոշումը:
  • Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւի շարժառիթները պէտք է տարբերել անոր մտադրութենէն, մինչ իր արարքները կը դրսւորեն ցեղասպանական յստակ մտադրութիւն մը:

Մեկնելով այս տուեալներէն, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դասախազը իր տեղեկագրին մէջ կ’առաջադրէ նախագահ Ալիեւը դատի կանչել ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ, որովհետեւ ան կը գտնուի պետական համակարգի մը գլուխը, որ կը հակաշռէ քաղաքական, զինուորական եւ դիւանագիտական բոլոր որոշումները: Շրջափակումին մանակցած այլ անձեր նոյնպէս կրնան դատի կանչուիլ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ամբաստանութեամբ:

Տեղեկագիրը կարելի ներբեռնել այս կապով:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x