ՈՒՍՈՒՑԻ՞Չ ես, թէ՞ ուսուցիչ…

Լենա Պօղոսեան

Երբ հարց տրուի ուսուցիչի մը, թէ ան գլխագի՞ր ուսուցիչ է, առանց խորը թափանցելու, անոր պատասխանը կ’ըլլայ այո՛: Բայց երբ գրաւոր հարցուի, ան վայրկեան մը կանգ կ’առնէ հարցումին առջեւ ու տարակուսանքով կը մտածէ…

Այսօր ո՞վ է արդեօք ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ եւ ո՞վ է ուսուցիչը:

Նոր ուսուցչութեան ասպարէզ նետուած էի, երբ ինքզինքս գտայ այս հարցումին դիմաց: Առաջին կարդալովս աշակերտի մը նման ըսի՝ անպայման տպագրական սխալ մը կայ, յետոյ շուրջս նայելով տեսայ բոլորը լուրջ-լուրջ կը մտածէին ու այն ատեն մտածեցի. «աս անպայման լուրջ բան մը ըլլալու է: Ապա ճիշդ նոր ուսուցիչի մը խանդավառութեամբ ոտքի ելլելով հարցուցի՝ «ի՞նչ է տարբերութիւնը»: Քովս գտնուող պաշտօնակիցներս, աւելի փորձառու, ըսին «նստէ՛, կը գիտնաս շուտով»: Այդ պահուն, քիչ մը ամօթխած տեղս նստայ, երբ շուրջիններս լուռ ակնարկներով զիս կը դիտէին: Արդեօք յանցանք մը գործա՞ծ էի, չհասկցայ:

Այսօր տարիներ անցած են եւ տակաւին կը մտածեմ այդ հարցումին մասին, թէ ո՞վ է ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ, ո՞վ ուսուցիչը:

Մեզմէ շատերուն երբ հարց տան իրենց մանկութեան յիշատակներուն մասին կամ պատահար մը, զոր մինչեւ այսօր կը յիշենք ու տակաւին թարմ է մեր մտքին ու հոգիին մէջ, պատասխանը կ’ըլլայ «կարծես երէկ էր»: Անմիջապէս կը մտաբերենք դրուագ մը, որ կապուած է դպրոցական օրերու, դասընկերոջ մը կամ շատ անգամ ուսուցիչի մը. մանրամասն կը յիշենք դէպքը, հոն արտասանուած խօսքերը ու անոր ձգած տպաւորութիւնն ու արձագանգը, կրկնելով՝ «կարծես երէկ էր»: 

Ուսուցիչները, ուր ալ գտնուին, առաքելութիւն մը ունին կատարելիք: Հայ ուսուցչին դերը, սակայն, կը տարբերի մեր աւանդոյթներն ու մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու պարտաւորութեամբ: Այս դերը մանաւանդ կը շեշտուի, երբ մեր առջեւ նոր մարտահրաւէրները կը ցցուին 21-րդ դարուն, որոնք կը սնուցուին համացանցով, արուեստական բանականութեամբ եւ համաշխարհայնացումով: Ժամանակակից այս սպառնալիքները ճարտարօրէն կը թափանցեն ու կը փորձեն ձեւաւորել մեր նոր սերունդին մտքերն ու աշխարհահայացքը: Երբ մէկ կողմէ հայկական դպրոցներ կը փակուին, իսկ միւս կողմէ մեր զաւակները ոչ հայկական դպրոցներ ուղարկելու միտումը երթալով կը շեշտուի, կարեւոր է իմաստալից ներդրումներ կատարել հայկական դպրոցներու հզօրացման գործին մէջ՝ կարեւորելով մեր գլխագիր ուսուցիչներու արդիւնաւէտ դերակատարութիւնը:

Հայ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ աշակերտներուն կը փոխանցեն մաս մը իրենց անձէն՝ դասաւանդութեան շաղախելով իրենց ինքնութիւնը, համոզումներն ու սկզբունքները, ինքնութիւն մը՝ որ իր կարգին կերտուած է հայկական վարժարաններու մէջ, ձեռամբ նուիրեալ մանկավարժներու եւ դաստիրակող ծնողներու: Գլխաւոր հարցը որ կը ծագի այսօր. որո՞ւ կ’ուզէք յանձնել ձեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը:

Ուսուցիչներուն համար կարեւոր է իւրաքանչիւր աշակերտ ընկալել իբրեւ եզակի անձ մը, զոր իրեն վստահած են ծնողները, եւ աշակերտները պէտք է իրենց ուսուցիչները ընդունին իբրեւ հարազատ անձնաւորութիւններ: Չմոռնանք գնահատել եւ յարգել կրթութեան սրբութիւնը եւ ուսուցիչին դերը գիտելիքներու եւ մարդկային ու ազգային արժէքներու փոխանցման մէջ: Ուսուցիչ եւ ծնողք պէտք միշտ ի մտի ունենան Աստուածաշունչի հետեւեալ խօսքը. «Սուրբ բանը մի՛ տաք շուներուն, ու ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ, եւ դառնալով չբզքտեն ձեզ» (Մատթէոս 7:6):

Ոչ-հայկական սերտարանի մը մէջ դասաւանդելու ատեն, ես հայ աշակերտները կը ճանչնայի իրենց մականուններով: Իմ մականունս գիտնալէ ետք, անոնք մեծ ոգեւորութեամբ ինծի կը յայտնէին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Դասերէն յետոյ, ես յաճախ անոնց կը սորվեցնէի հայերէնով գրել իրենց անունները, նախնական գիտելիք մը, որ ցաւօք զլացուած էր անոնց՝ յաճախելով ոչ-հայկական վարժարաններ:

Հայկական դպրոցներուն մէջ, մենք նաեւ կը սորվեցնենք քննական մտածողութիւն՝ գրական վերլուծումներով, պատմութիւն քննարկելով եւ ուշադիր մտիկ ընելու կարողութիւնները խթանելով: Մանկավարժական ուսումնասիրութիւնները կ’ընդգծեն փաստերու վրայ հիմնուած մօտեցումներու կարեւորութիւնը քննական մտածողութեան հմտութիւններու ուսուցման մէջ: Հայ իրականութեան մէջ, կարեւոր է նաեւ ընդգծել այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիան կը գտնուին հայ ուսուցիչները կրթական արդի մեթոտներուն մէջ, երբ կը փորձեն ազգային ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներու ուսուցումը համատեղել քննական մտածողութեան հետ:

Նոր չէ քննական մտածողութեան կարեւորութեան նշումը հայ իրականութեան մէջ: Լեւոն Շանթի, Հինդիլեանի եւ Արծրունիի նման հայ մանկավարժներ, գրեթէ մէկ դար առաջ, առաջադրած են քննական մտածողութեան մասին յառաջադէմ գաղափարներ: Իսկ Յակոբ Ա. Եագուպեանի «Քննադատական մտածողութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ» թեմայով հետազօտութիւնը կ’ընդգծէ մերօրեայ ուսուցիչներու կարեւոր դերը քննական մտածողութեան զարգացման մէջ:

Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագրի մը ընթացքին, ես որոշ ընդդիմութեան հանդիպեցայ, երբ առաջարկեցի պատմական դէպքերու դասաւանդման ժամանակ քննական մտածողութեան կիրարկել: Հակառակ որոշ պաշտօնակիցներու սկզբնական դժգոհութեան, որոնք կը վախնային, որ այս մեթոդները կը խաթարեն հայրենասիրական զգացումները, ես պնդեցի, որ քննական մտածողութեան միջոցով հայրենասիրութեան հիմնաւորուած խթանումը կը հարստացնէ աշակերտներուն ըմբռնումն ու գնահատումը իրենց ժառանգութեան նկատմամբ:

Կրթական մեթոտաբանութիւններու զարգացման զուգահեռ, կարեւոր է ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումները համատեղել աւանդական գիտելիքներուն հետ:

Մեր դպրոցները կը շարունակեն ծաղկիլ շնորհիւ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ տոկունութեան եւ յանձնառութեան՝ ի խնդիր մեր հաւաքական ապագայի կերտումին:

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x