Ժան Տէր Գէորգեան. «ԲԱՐԵՒ ՀԱԼԷՊ»-ն ու անմոռ յուշեր

Հետաքրքրական է այս գրութեանս պատմութիւնը, որովհետեւ 2023 փետրուարին, Տաուտիէի մասին պատրաստած հաղորդումս ու տեսագրութիւնը, անցեալ ամսուան մէջ, երբ Վազգէն Քէլխաչերեան կ’այցելէ Ժան Տէր Գէորգեանին՝ իր բջիջայինով անոր ցոյց կու տայ յիշեալ տեսագրութիւնը, եւ Ժան Տէր Գէորգեան, որ Տաուտիէ ծնած է, դիտելով Տաուտիէի մասին տեսագրութիւնը՝ գոհունակութեամբ շնորհակալ կ’ըլլայ, որ այս հաղորդումն ու տեսագրութիւնը պատրաստած եմ: Վազգէն Քէլխաչերեան whatsApp-ով զիս տեղեակ պահեց իր հանդիպիպումին եւ տեղի ունեցած խօսակցութեան մասին:  Իրա՛ւ որ ուրախացայ. անմիջապէս հեռաձայնեցի Վազգէնին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու:  Զրոյցին ընթացքին, Վազգէնէն խնդրեցի, որ իր յաջորդ այցելութեան տեղեկութիւններ քաղէ Ժան Տէր Գէորգեանի մասին՝ անոր կենսագրութեան առնչուող հարցումներ ուղարկելով:  Սիրայօժար, Վազգէն ճիգ չխնայեց եւ Ժան Տէր Գէորգեանին այցելութիւններ տալով քաղեց այն ինչ որ կարելի էր նօթագրել՝ նկատի ունենալով Ժան Տէր Գէորգեանի յիշելու դժուարութիւնը՝ մոռացկոտութիւնը:  Բայց տեսէք ինչ պատահեցաւ: Նախ աննկատ, բայց երբ Վագգէն կը բացատրէ Ժանին, որ Շաքէ Մանկասարեանը նպատակ ունի յօդուած մը գրելու իր մասին, այդ միջոցին, Ժան Տէր Գէորգեան կը յիշէ ու կ’ըսէ. «ինծի ծանօթ է այս անուն-մականունը, ո՞ւր կարդացած եմ» կը մտմտայ ու ահա կը պատահի անակնկալը.  գրադարանէն կը բերէ Գէորգ Պետիկեանի գիրքը՝ ԲԱՐԵՒ ՀԱԼԷՊ, հրատարակուած 2007-ին, Համազգայինի Սուրիոյ Վարչութեան հրատարակութեամբ, ուր գրուած է մեկենասներ Շաքէ Մանկասարեան եւ Մարք Կրոկըն…: Ժան հարց կու տայ Վազգէնին, թէ նո՞յն Շաքէն է, որ իմ մասիս պիտի գրէ: Այո՜..

 Ժան Տէր Գէորգեան զաւակն է ծագումով Այնթապցի Նազարէթ Տէր Գէորգեանի եւ Ալիս Նալպանտեանի: Հայրը՝ Նազարէթ իր մօր հետ գաղթած է Այնթապէն Հալէպ, 1920-ին:

1931-ին, Նազարէթ Տէր Գէորգեան կ’ամուսնանայ Ալիս Նալպանտեանի հետ: 1936-ին, բնակութիւն կը հաստատեն Տաուիտիէ արուարձանը, ուր Վարդանեան վարժարանին եւ հոգաբարձութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Նազարէթ Տէր Գէորգեան, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն Ս.Վարդան եկեղեցւոյ խնամակալութեան: Նազարէթ եւ Ալիս կը բախտաւորուին  7 զաւակներով՝  5 մանչ եւ 2 աղջիկ: Ժան չորրորդ զաւակն է: Նազարէթ հմուտ ձուլագործ էր:

Տաուտիէի Թաղականութեան կազմը 1936-ին եւ Վարդանեան Վարժարանի հիմնադիր հոգաբարձութիւնը (1937-1938) տարեշրջանին:  Ձախէն՝ աջ, նստած 1. Գրիգոր Ճէպէճեան, 2. Սարգիս Իսկէնան, 3. Եագուպ Կէօզիւգարայեան, 4 Հաճի Ենովք Աճոյեան: Ոտքի՝ 5. Յակոբ Պէքեարեան, 6. Նազարէթ Տէր Գէորգեան, 7. Յակոբ Գնաճեան

Ժան Տէր Գէորգեան ծնած է 1938-ին, Հալէպ, Տաուտիէ արուարձան: Ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1950-1951 տարեշրջանին՝ գնահատելի յաջողութեամբ: Հակառակ իր ջերմ ցանկութեան, ան հնարաւորութիւն չէ ունեցած ուսումը շարունակելու եւ նետուած է կեանքի ասպարէզ ու դարձած՝ առեւտրական: Ինքնաշարժերու ռատիո-ժապաւէնի նորոգութեան եւ վաճառքի ասպարէզին մէջ հմտանալով, իր սեփական գործատեղին հիմնած է 1960-ին եւ նոյն ասպարէզին մէջ աշխատած մինչեւ 1999:

Ան կանուխէն իր ներդրումը ունեցած է ազգային–հասարակական կեանքին մէջ։ Եղած է Ն.Ս.Մ.Մ.–ի վարչութեան անդամ 1962–1966, Հ.Մ.Մ.–ի վարչութեան ատենապետ՝ 1967–1971 եւ Ֆութպոլի Պետական համադաշնակցութեան անդամ: Ան մաս կազմած է Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ Մարմնին, 1967-1971։

Մարզական կեանք

1960-1970 տարիներուն, Ժան Տէր Գէորգեան ատենապետն էր Հալէպի Հ.Մ.Մ. ակումբին: Տեղին է նշել, որ Ժան եղած է միակ հայ անդամը Հալէպի ֆութպոլի Ֆետերասիոնին 1961-1969 տարիներուն եւ Հալէպի ֆութպոլի հաւաքական խումբերուն: 60-70-ական թուականներուն, ան Լիբանան հրատարակուող «Արարատ» թերթի մարզական բաժնի թղթակիցն էր Հալէպի մէջ: 

Ժան ուրախութեամբ կը վերյիշէ այդ տարիները ու կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի ֆետերասիոնին հետ համատեղ ջանքերով կը հրաւիրեն Արարատ խումբը: Հ.Մ.Ը.Մ-ի օրուան վարչութիւնը ընթրիքի երեկոյ մը կը սարքէ ի պատիւ «Արարատ» խումբին: Ժան կը պատմէ, թէ հրաւիրած են նաեւ Հայաստանի պասքէթպոլի խումբը, որ  հանդիպումներ կ’ունենայ Հալէպի պասքէթպոլի հաւաքականին հետ, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ-ի եւ Հ.Մ.Մ խումբերուն հետ:  :

Առ ի հետաքրքրութիւն «ԱՐԱՐԱՏ» խումբին մասին, հոս նշեմ, որ  պեղումներուս շնորհիւ, «Ազդակ» օրաթերթի 24 դեկտեմբեր 1964-ի թիւէն (էջ 2) քաղած տեղեկութեանս համաձայն, 1964-ին, Հայաստանի Ֆութպոլի ախոյեան «Արարատ» խումբը իր շրջապտոյտը աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ՝ կ’անցնի Դամասկոս, ապա Հալէպի մէջ կ’ունենայ երեք հանդիպում:

Ա. հանդիպում՝ Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Բ. հանդիպում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Գ. հանդիպում՝ Արարատ ընդդէմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի:

Ա. հանդիպում. կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի կ’ունենայ հանդիպումը «Արարատ»-ի եւ Հալէպի Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբերուն միջեւ, իրաւարարութեամբ պրն. Տէշշէնի:  Մրցումը վերջ կը գտնէ 2-1, ի նպաստ Հայաստանի ախոյանին:

Բ. հանդիպում . չորեքշաբթի 16 դեկտեմբերին տեղի կ’ունենայ Արարատ – Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ մրցումը, կ’աւարտի 2-1, դարձեալ ի նպաստ Արարատին:

Գ. հանդիպում . կիրակի, 20 դեկտեմբերին նոյնպէս Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, շուրջ 20.000 հոգիի ներկայութեան տեղի կ’ունենայ «Արարատ» – Հ.Մ.Ը.Մ. հանդիպումը, բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ն.Վ. զօրավար Մամտուհ Էլ Ճապիի: Խաղը վերջ կը գտնէ 2-1, դարձեալ ի նպաստ «Արարատ»ի (Ազդակի Թղթակից, Հալէպ, Ճանօ):

Հալէպ, Թիլել թաղամասի մէջ Հ.Մ.Մ-ի ակումբի բացման առթիւ յուշանկար Հալէպի հին եւ նոր 3 երեք նահանգապետերու ներկայութեամբ: Ձախէն աջ՝ 1) Ղեւոնդ Գաւլաքեան, 2) Յակոբ Սինանեան, 3) եւ 4) (անանուն) 5) Փոխ նահանգապետ (անանուն), 6) (անանուն) 7) Ապտել Սամիհ Հալէպի ֆութպոլի ֆետերասիոնի քարտուղար, 7) օրուան նահանգապետը (անանուն), 8) Ժան Տէր Գէորգեան, 9) Հալէպի նախորդ նահանգապետը, 10) (անանուն) 11) Արա Տէմիրճեան

60-ական թուականներու ֆութպոլի մարզիկներէն կը յիշէ Անդրանիկ Մալեան (Հ.Մ.Ը.Մ. –ի եւ Հալէպի հաւաքականէն), Աւետիս Գաւլաքեան (Վասպուրական եւ Հալէպի հաւաքականէն), Միհրան Կոստանեան ( Հ.Մ.Մ.), Հալէպի հաւաքականէն Ապտել Քատեր Մճուեզ եւ եղբայրը՝ իրաւարար Մուսթաֆա Մճուեզ:

60-ականներուն Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան ակումբը նախ գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ. ակումբի դէմի թաղը, Թիլել փողոց: 70-ականներուն սկիզբը, ակումբը տեղափոխուած է կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանի դէմի շէնքը, Թիլել փողոց: Ներկայիս, Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ն.Ս.Մ.Մ. ակումբը կը գտնուի Ազիզէի շրջանը:

Ժան Տէր Գէորգեան, կը յիշէ նաեւ տաներէց քահանաները՝ Տէր Շահէ քնհյ. Մասոյեան, Տէր Հայկազ քնհյ. Մասոյեան, Տէր Գառնիկ քնհյ. Չափանեան: Նաեւ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդները՝ Գերշ. Տաթեւ Սրբազան Սարգիսեան (1968-1977), Սուրէն Սրբազան Քաթարոյեան (1977-2004):

 

Ժան Տէր Գէորգեան եղած է ընթերցասէր ու կը շարունակէ կարդալ: 1960-ականներուն, Հալէպի, Թիլելի վրայ գտնուող «Հոգետուն»-ի մուտքէն դէպի բակի աջ կողմի աստիճաններով տասնեակ անգամներ բարձրացած է Հ.Մ.Ը.Մ-ի «Քրիստափոր Գրադարան» ու փոխ առնելով կարդացած է գրադարանին գիրքերուն մեծ մասը: Ժան ո՛չ միայն անյագօրէն կարդացած է գիրքեր, այլեւ գիրքեր գնելով ու երբեմն ալ նուէր ստանալով պահած է իր շատ սիրելի գրադարանին մէջ: Եւ ահա՛ վաստակաշատ գրող Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» գիրքը նուէր ստանալու Ժանին պատմութիւնը:

Գէորգ Պետիկեանի սրտակից ընկեր-բարեկամ հանգուցեալ  Տիգրան Թիւֆէնքճեանի կինը Սոնան, որ Ժան Տէր Գէորգեանի ազգականն է, հեղինակ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ», «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է» գիրքերը բերած է Ժանին եւ խոստացած միւս գիրքերն ալ բերել:

Ժան Տէր Գէորգեան բազմաթիւ առիթներով հրաւիրուած է հայրենիք եւ մեծապէս նպաստած սփիւռք-հայրենիք մշակութային կապերու ամրապնդման: Այդ տարիներուն, հանդիպումներ ունեցած է հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապերու նախագահութեան անդամ ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանի հետ (ծնած Վան, 1909 –մահացած Երեւան, 2008՝ 98 տարեկանին):

1970-ին, Հայաստան տարած է RUBY էսթրատային ճազ նուագախումբը, որ 9 ելոյթներով հանդէս եկած է Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ եւ ամէն անգամ ալ լեփ-լեցուն՝ ոգեւորելով Հալէպէն եւ յատկապէս Տաուտիէն ներգաղթած հայերը: Նուագախումբը հանդէս եկած է նաեւ Գիւմրիի մէջ (Լենինական այդ օրերուն): Այդ ելոյթներուն խօսնակը եղած է Ժան Տէր Գէորգեան: RUBY ճազ նուագախումբին ղեկավարն էր յայտնի ջութակահար Սուրէն Գահուէճեան (ծնեալ՝ Հալէպ, 1923 -մահացած՝ Լոս Անճելըս, 2016), անդամներ՝ Ճազմէն եւ երգիչ Մարտօ ու դաշնակահար Սագօ Սրապոնեան: Սուրէն Գահուէճեանի ջութակի դասընթացքին հետեւած է Վազգէն Քէլխաչերեան, 1968-ին:

Ժան Տէր Գէորգեան ամուսնացած է Սոնա Պէրպէրեանին հետ, 1971-ին: Բախտաւորուած են երկու դուստրով՝ Ալինա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժանմունքը: 1995-1996 տարեշրջանին, Ալինա դասաւանդած է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանին մէջ: Ալինա ամուսնացած է Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Ս.Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ խմբավար, երաժիշտ ու երգեհոնահար՝ Բրշ. Կարօ Կիսրկ. Պարտաքճեանի հետ եւ կը պաշտօնավարէ Աթէնքի Սոֆի Յակոբեան վարժարանին մէջ, որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութիւն ուսուցչուհի: Ունին 2 զաւակ, Սուլա՝ քիմիագէտ եւ Ժանօ՝ տնտեսագէտ: Կասիա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի Ճարտարապետական բաժինը եւ համալսարանական 4 տարիներուն արժանացած է Սուրիոյ հանրապետութեան նախկին նախագահի ողբացեալ զաւկին՝ Պէսէլ Ասատի անուան բարձր մրցանակին: Կասիա ամուսնացած է մանկաբարձ, կանանց վիրաբոյժ Մելքոն Գալայճեանի հետ եւ ունին 2 զաւակ՝ ճարտարապետ Կարին եւ ատամնաբոյժ Ճորճ:

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

3 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեան
Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեան
11 days ago

Թանկագին Շաքէ,
Անակնկալ մըն է այս շնորհիւ բծախնդիր եւ մանրակրկիտ հետապնդումներուդ՝ կը ներկայացնէք Տաուտիէյի գաղթէն Նազարէթ Տէր Գէորգեանի ազատած սերունդի արմատներուն եւ իրենց զաւակներուն՝ Ժան Տէր Գէորգեանի ստեղծագործ ժրաջան մշակութային եւ միութենական կեանքը, որ Զարթօնք ստեղծելով ծաղկեցուցին եւ փայլեցուցին անզուգական Հալէպը: Ինչպէս Անդրանիկ Ծառուկեան կ’ըսէ- «Երազային Հալէպ» մը ստեղծեցին։ Վարձքդ սքանչելի եւ անսահման է, Տիրոջ Օրհնութեան արժանի տիպար ՀԱՅՈՒՀԻ։
Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեան 06 05 2024 

Gasia Derkevorkian
Gasia Derkevorkian
11 days ago

Շնորհակսլութիւն Տիկն.Մանկասարեան, որ հօրս միութենական ժրաջան գործունէութիւնը մոռացութենէ փրկեցիք, որ մեծ ուրախութիւն եւ հոգեկան բաւարարութիւն պատճառեց իրեն իր նստակեաց կեանքին մէջ։ Յաջողութիւն ձեր քաջալերելի եւ ազգանուէր գործին մէջ։ Գրիչդ անսպառ։ Կասիա Տէր Գէորգեան 06 Մայիս 2024

Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան
Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան
5 days ago

Վարձքդ կատար սիրելի քոյրս՝ Շաքէ, ահաւասիկ այս գրութեամբդ եւս ծանօթացանք պրն. Տէր Գէորգեանին եւ իր տարած գործունէութեան մասին:

Last edited 5 days ago Հեղինակ Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան
3
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x