«Տեսակ մը թատրոն», տեսակ մը յաջողութիւն եւ տեսակ մը կարծիքներ…

5, 6 եւ 7 ապրիլին, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահի բեմին վրայ ներկայացուց փունջ մը կարճ թատերախաղեր՝ թիւով 5, «Տեսակ մը թատրոն» խորագրին տակ, բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:

Առաջին փիեսը Օ. Հենրիի «Մինչ ինքնաշարժը (կամ կառքը) կը սպասէ» (While the Auto Waits) գործն է, զոր բեմական պատշաճեցումի ենթարկած է Ուոլթըր Ուայքս (Walter Wykes):

Թատերախաղին գործողութիւնը տեղի կ’ունենայ 1920-ականներուն հանրային պարտէզի մը մէկ հանգիստ անկիւնը: Փիեսը աղջկայ մը եւ տղամարդու մը պատահական հանդիպումին մասին է: Աղջիկը, որ երեւութապէս հարուստ միջավայրէ է, կը սկսի զրուցել երիտասարդին հետ, որ իր ըսելով, մօտակայ ճաշարանին հաշուապահն է: Մինչ անոնք կը զրուցեն, աղջիկը դժգոհութիւն կ’արտայայտէ հարստութեան եւ առանձնաշրհումներու մասին եւ աւելի պարզ կեանք ու իրական կապեր կը տենչայ: Սակայն, անոնց երեւութապէս զարգացող կապը անսպասելի ընթացք կ’առնէ, երբ կը ժամանէ մատուցողուհին եւ աղջկան հետ իբրեւ «Mary-Jane Parker» խօսելով, կ’ըսէ, թէ ուշացած է իր մատուցելու աշխատանքին մօտակայ ճաշարանին մէջ: Աղջիկը, շփոթած, կը հերքէ, որ չի ճանչնար մատուցողուհին եւ արագ մը կը հեռանայ: Երիտասարը շուարած ու առանձին՝ կը սկսի մտածել այս surreal հանդիպումին մասին, մինչեւ որ իր կառքին վարիչը զինք կը սթափեցնէ՝ յայտնելով թէ պատրաստ է մեկնելու:

«While the Auto Waits»-ը կը քննարկէ դասակարգային եւ ինքնութեան եւ իրաւ ու իրական յարաբերութեան փնտռտուքի հարցերը: Երկու հակադիր կերպարներու՝ (երեւութապէս) հարուստ երիտասարդ կնոջ եւ (երեւութապէս) աշխատաւոր դասակարգին պատկանող երիտասարդին անակնկալ զարգացող կապին միջոցով փիեսը կը խորանայ անոնց փորձառութիւններուն եւ ձգտումներուն բացայայտ տարբերութիւններու ընդգծումին մէջ: Սկիզբը որպէս առանձնաշնորհեալ եւ քաղքենի ընկալուելով` աղջկան եւ տղամարդուն երկխօսութիւնը կը բացայայտէ իսկական ըլլալու եւ իրական կապի անոնց ընդհանուր կարօտը: Երբ կը բացայայտուի աղջկան ինքնութիւնը` իբրեւ մատուցողուհի, փիեսը հարցականի տակ կ’առնէ ընկերային դասակարգումներու մասին համոզումները եւ ցոյց կու տայ, թէ ինքնութիւնը ինչպէս դիւրութեամբ կը փոխուի: Ի վերջոյ, «While the Auto Waits»-ը լուսարձակի տակ կ’առնէ մարդկային էութեան բարդութիւնները եւ շերտաւորուած հասարակութեան մէջ իսկական, հարազատ, ինքնութեան փնտռտուքը:

Դերակատարներն էին Անի Պարիկեան՝ աղջկան դերով, տղամարդը՝ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, մատուցողուհին՝ Հերմինէ Նիւրբեթլեան եւ վարորդը Հենրի՝ Յովսէփ “Եուսուֆ” Գափլանեան:

Երկրորդ ներկայացուած փիեսը Julianne Homokay-ի «Հարսանեկան պատմութիւնը» (The Wedding Story) կը դրսեւորէ երգիծական ընկալում մը աւանդական հեքիաթներու մասին՝ ներկայացնելով ծիծաղաշարժ եւ քիչ մը ալ անարգական մօտեցում մը ամուսնութեան ըմբռնումին եւ անկէ սպասուող ակնկալութիւններուն նկատմամբ:

Փիեսը կը բացուի հեքիաթասացով մը, որ կը կարդայ հեքիաթային քաղուածքներ՝ ներկայացնելով Հարսնցուն եւ Փեսան որպէս կատարեալ զոյգի մը մարմնացումը: Սակայն, երբ պատմութիւնը կը զարգանայ, Հարսն ու Փեսան կը սկսին միջամտել իրենց սեփական տեսակէտներով ` բացայայտելով հեքիաթային պատումին ետին գտնուող թերութիւններն ու բարդութիւնները: Հարսն ու փեսան հարցականի տակ կ’առնեն հեքիաթասացին փոխանցած իրենց յարաբերութիւններուն իտէալական տարբերակը՝ մատնանշելով պատմուածքին անհամապատասխանութիւնները: Անոնք կը բացայայտեն անհաճոյ ճշմարտութիւններ իրենց անցեալին, յարաբերութեան եւ ամուսնութեան մասին:

Մինչ հեքիաթասացը կը պայքարի պատմութիւնը իր հակակշռին տակ պահելու, Հարսնացուն եւ Փեսան կը խանգարեն հեքիաթային պատումը` պնդելով իրենց կեանքը ներկայացնել աւելի իրապաշտ եւ անկեղծ ձեւով: ի վերջոյ, փիեսը կը շրջէ աւանդական հեքիաթներու վերջաբանները՝ առաջադրելով հեգնական եւ ոչ աւանդական եզրակացութիւն մը, որ կը հակասէ հեքիաթէ մը սպասուած ակնկալութիւններուն:

Իր սրամիտ երկխօսութեան միջոցով, «Հարսանեկան պատմութիւնը» կը ծաղրէ հեքիաթի ժանրը` միաժամանակ քննարկելով թեմաներ՝ սիրոյ, ամուսնութեան եւ ընկերային նորմերուն ենթարկուելու ստիպողութեան առթած ճնշումին մասին: Ան կասկածի տակ կ’առնէ «երջանիկ ապրեցան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը» հասկացութիւնը եւ հանդիսատեսը կը հրաւիրէ կասկածի տակ առնելու սիրային վէպերու մէջ իտէալականացուած պատկերները, որոնք կը գտնուին միայն աւանդական հեքիաթներուն մէջ:

Դերակատարներն էին Սարին Պագգալեան՝ Հարս, Հրանդ Գալեմքերեան՝ Փեսան, եւ Վարդան Ազնաւուրեան՝ հեքիաթասացը:

Երրորդ փիեսը Nick Zagone-ի –The DMV One»ն էր, որ արդարացիօրէն նմանցուած էր լիբանանեան «Նեֆաա»ին: Այս թատերախաղը կատակերգութիւն մըն է, որ տեղի կ’ունենայ ինքնաշարժներու արձանագրութեան բաժանմունքին՝ «Նեֆաա»ի գրասենեակին մէջ: Փիեսը կը հետեւի մարդու մը, որ «Նեֆաա» կ’այցելէ իր վարորդական (քշելու) տետրակը նորոգելու: Ան կը հանդիպիի «Նեֆաա» աշխատող պաշտօնեան կնոջ մը, որ իրեն կու տայ շարք մը անսովոր եւ անձնական հարցումներ, որոնք առնչութիւն չունին քշելու տետրակին հետ: Այս հարցուփորձը կ’առաջնորդէ անոնց միջեւ անսպասելի եւ զաւեշտական կապի մը եւ սիւրռէալ աւարտի մը:

Փիեսը կ’ընդգծէ պիւրոքրաթական գործողութիւններու եւ ընկերային ըմբռնումներու անհեթեթութիւնը` միաժամանակ ուսումնասիրելով սիրոյ, յարաբերութիւններու եւ մարդկային կապակցութեան, մտերմութեան թեմաները: Ան կ’օգտագործէ humor եւ չափազանցութիւն՝ առօրեայ կեանքի երեւոյթներուն վրայ ծիծաղելու՝ զուարճալի մեկնաբանութիւն տալով մարդկային վիճակներու: Չափազանցուած եւ զաւեշտական վիճակներու ստեղծումով, Zagone կը շեղէ հանդիսատեսին ակնկալութիւնները եւ կը քննադատէ ժամանակակից առօրեայ կեանքի անհեթեթութիւնները:

Դերակատարներն էին Դալար Արսլանեան՝ պաշտօնեայ կինը, Ժան Պէքէրէճեան՝ «յաճախորդը» եւ Փաթիլ Գուլաճեան՝ «երկրորդ յաճախորդը»:

Չորրորդ փիեսն էր Greg Vovos-ի “Today’s Special” «Այսօրուան յատուկը». կատակերգութիւն մը՝ ուր Սթեն եւ Վելմա ապիկար զրոյց մը կ’ունենան եւ խոստովանութիւններ կը կատարեն ճաշարանի մը մէջ՝ իրենց առաջին հանդիպումին ընթացքին:

Սթան կ’առաջարկէ գինի ապսպրել, բայց Վելմա կը մերժէ: Սթեն երթալով աւելի իրար կ’անցնի՝ խոստովանելով, որ ամուսնացած է, բայց Վելմայ հետ կը տեսակցի կնոջը առաջարկով: Մինչ անոնք կը քննարկեն իրենց յարաբերութեան իրավիճակը, մատուցողը կ’ընդհատէ «օրուան յատուկ»ը ներկայացնելու: Սթեն աւելի ջղային կը դառնայ:

Հակառակ Սթենի ապիկարութեան, Վելմա կ’որոշէ մնալ ընթրիքի: Անոնք կը քննարկեն իրենց հաւանական յարաբերութիւնը: Մինչ խօսակցութիւնը կը շարունակուի, Սթեն իր համակրութիւնը կ’արտայայտէ Վելմային նկատմամբ, որ կը շարունակէ թերահաւատ մնալ:

Զրոյցը երթալով աւելի տարօրինակ կը դառնայ, երբ անոնք կը սկսին քննարկել Վելմային հաւանական յղութիւնը եւ Սթանի անորոշ զգացումները: Ի վերջոյ, անոնք կ’որոշեն միասին մեկնիլ, մինչ այդ մատուցողը նորէն կը յայտնուի՝ ընդգծելով անոնց կացութեան անհեթեթութիւնը:

Երբ անոնք կը հեռանան ճաշարանէն, Սթենի եւ Վելմայի իսկական կապը կը մնայ անորոշ` ձգելով հանդիսատեսը ինք խորհելու անոնց ոչ սովորական առաջին ժամադրութեան մասին: Անոնք կրնան իսկապէս այր ու կին ըլլալ՝ իրենց յարաբերութիւնը վերանորոգելու միտումով առաջին ժամադրութեան վիճակ ստեղծած, կամ խոստումներ կու տան ապագայի հեռանկարով: 

Յամենայն դէպս, Greg Vovos-ի այս կատակերգութեան նպատակը զոյգին յարաբերութեան բնոյթը չէ, որքան առաջին ժամադրութեան մը ընթացքին ստեղծուած ապիկար վիճակները, խաբէութիւնները եւ չնախատեսուած բացայայտումները:

Դերակատարներն էին Հերմինէ Նիւրբեթլեան՝ Վելմայի դերով, Հրանդ Գալեմքերեան՝ Սթանի դերով եւ Յովսէփ “Եուսուֆ” Գափլանեան՝ մատուցողի դերով:

Հինգերորդ եւ վերջին՝ Eric Kaiser-ի «Weed Dreams» կամ «Մոլախոտի երազներ» փիեսը կը պատահի ամբողջատիրական հասարակութեան մը մէջ, ուր առաջնորդին, ղեկավարին, հնազանդիլը առաջնահերթ է եւ չհնազանդիլը՝ մահացու: Հերոսները՝ առաջին կին, երկրորդ կին եւ երրորդ կին, տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ տարբեր կեցուածքներ կ’արտայայտեն իշխանութիւններուն նկատմամբ:

Առաջինը աւելի հին եւ հնազանդ է, որ կը ներկայացնէ համակարգին նկատմամբ կոյր հաւատարմութիւնը: Երկրորդը աւելի երիտասարդ է եւ թերահաւատ` ցոյց տալով այլակարծութեան նշաններ եւ կասկածի տակ կ’առնէ առաջնորդին, ղեկավարին հեղինակութիւնը: Երրորդը ամենէն երիտասարդն ու եռանդունն է՝ խորհրդանշելով անմեղութիւնն ու միամտութիւնը:

Փիեսը կը զարգանայ երեւութապէս լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ (աթոռներ շարուած են), ուր հերոսները կը ձեւացնեն, թէ կը խօսին երեւակայական հանդիսատեսներու հետ` ստեղծելով լարուած մթնոլորտ մը, ուր ընդունուած նորմերէն որեւէ շեղում ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Լարուածութիւնը երթալով կը մեծնայ, եւ կը բացայայտուին հերոսներուն իրական զգացումները առաջնորդին եւ ընդհանրապէս համակարգին նկատմամբ: Առաջին կինը ի վերջոյ ինքզինք կը զոհաբերէ՝ պաշտպանելու երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչը, որ կը խորհրդանշէ փոփոխութիւններու յոյսը եւ ճնշումներէ զերծ նոր սերունդը:

Փիեսը կ’աւարտի թէ՛ մութ եւ կատաղի ելքով` մահուան ճիչերով, որոնք կը խլացնեն, անլսելի կը դարձնեն առաջնորդին ձայնը, թէ՛ ենթարկուածութեան մռայլ cycleով մը, երբ երկրորդ եւ երրորդ կիները կը վերսկսին իրենց ծափերուն՝ խորհրդանշելով ճնշող ռեժիմին յարատեւումը:

Ընդհանուր առմամբ, «The Weed Dreams»ը կը քննարկէ հնազանդութեան, ապստամբութեան եւ իշխանութեան հանդէպ կոյր հաւատարմութեան հետեւանքները գերճնշող (dystopian) միջավայրի մը մէջ:

Դերակատարներն էին մուտքի կարգով՝ Դալար Արսլանեան, Անի Պարիկեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան:

* * *

Այս հինգ փիեսներու համադրումով կ’ունենանք թեմաներու, ոճերու եւ ընկերային վիճակներու հարուստ հաւաքածոյ մը:

  1. Ընկերային դասակարգումի հարց եւ ինքնութեան փնտռտուք. Թէ՛ «While the Auto Waits» եւ թէ՛ «The Wedding Story»-ն կը քննարկեն ընկերային դասակարգումներու, կարծրատիպերու եւ ինքնութեան թեմաները: «While the Auto Waits»-ը լուսարձակի տակ կ’առնէ հարուստ վերնախաւին մասին կարծրատիպերը եւ կ’ընդգծէ ինքնութեան յարափոփոխ էութիւնը. ան ենթակայ է փոփոխութեան կամ յարմարեցումի: Մինչդեռ «Հարսանեկան պատմութիւնը» կը քանդէ հեքիաթներու աւանդական տարրերը ու կը բացայայտէ անոնց սահմանափակումները եւ հակասութիւնները:
  2. Յարաբերութիւններ եւ մարդկային մտերմութիւն. «The DMV One»-ը «Նեֆաան» զաւեշտը կ’օգտագործէ յարաբերութիւններու առնչուած ընկերային նորմերն ու ակնկալութիւնները քննադատելու համար, մինչդեռ «Today’s Special»-ն կը քննարկէ խաբէութեան եւ հաւատարմութեան թեմաները կատակերգական պարունակի մէջ: «Հարսանեկան պատմութիւնը» ամուսնութեան հարցերն ու ընկերային ճնշումները կ’ենթարկէ զաւեշտական քննադատութեան՝ հանդիսատեսը մղելով վերատեսութեան ենթարկելու իր համոզումները romanceի մասին:
  3. Դիւանակալական (bureaucratic) անհեթեթութիւններ եւ քաղաքական ճնշուածութիւն. «The DMV One»-ը եւ «The Weed Dreams»-ը երկուքն ալ կ’անդրադառնան դիւանակալական համակարգերու մէջ՝ ճնշուածութեան եւ անհեթեթութեան (absurd) թեմաներուն: «The DMV One»-ը կը հեգնէ «Նեֆաային» դիւանակալական էութիւնը` ընդգծելով նման հաստատութիւններու մէջ գործ լրացնելու ընթացքին պատահած սթրեսային վիճակներն ու անհեթեթութիւնները: Մինչ «The Weed Dreams»-ը կը ծառայէ իբրեւ միջոց քննադատելու ամբողջատիրութիւնն ու կոյր հնազանդութիւնը՝ նախազգուշացնելով սանձարձակ իշխանութեան եւ այլախոհութիւնը ճնշող վտանգներուն դէմ:
  4. Զոհաբերութիւն եւ ապստամբութիւն. «The Weed Dreams»ը ուշագրաւ է ճնշող համակարգերու դէմ զոհաբերելու եւ ապստամբելու թելադրանքով: Փիեսին հերոսները կը դրսեւորեն թեմաներ հնազանդութեան, անհատական ազատութեան եւ ճնշող համակարգի շրջող (cyclical) բնոյթին մասին՝ հանդիսատեսը մղելով մտածելու դիմադրութեան եւ ազատութեան ձգտելու մասին:

* * *

 

Ինչո՞ւ այս վերլուծումները:

Նախ՝ կը հաւատանք, որ առանց փիեսներու թեմաներուն մէջ խորանալու կարելի չէ քննարկել բեմադրութիւնն ու դերասաններու խաղարկութիւնը: Եւ այս առումով, մեր կարծիքով, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան յաջողած էր մեր վերը նշած մարդկային ապրումներն ու հոգեկան վիճակները փոխանցելու հանդիսատեսին: Ինչ կը վերաբերի խաղարկութեան, կրնանք հաստատել, որ դերակատարները սիրողական թատրոնէ աւելին կրցած էին տալ:

Աւելի՛ն չսպասենք:

Դրական էին նաեւ «Տեսակ մը թատրոն»ի գաղափարը եւ քանի մը կարճ թատերախաղեր մէկտեղելու ընտրութիւնը:

Մեծապէս գնահատելի էր հայերէնի թարգմանութեան որակը՝ իբրեւ լեզու ու բեմական պատշաճեցում: 

Կը մնայ նշել երեւոյթ մը, որ իբրեւ թատերասէր կրնար չհետաքրքրել մեզ, սակայն մեր շրջապատին մէջ բաւական տարածուած ըլլալով, զայն կ’արծարծենք իբրեւ հարցադրում.

Արդօ՞ք փիեսներուն ընտրութիւնը ճիշդ կատարուած էր:

Թատրոնի առաքելութիւնն է զուարճացնել, կրթել, հարցադրումներ ու յոյզեր յառաջացնել եւ քննադատել՝ պատումի եւ խաղարկութեան միջոցով: Թատրոնը նաեւ համամարդկային խորք ունի եւ իբրեւ այդիպիսին, ան կ’անցնի մշակութայինի եւ ազգայինի սահմանները` անդրադառնալով համընդհանուր թեմաներու եւ յոյզերու, որոնք կ’արձագանգեն հանդիսատեսին ներաշխարհին մէջ:

Այս իմաստով, «Տեսակ մը թատրոն»ը, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ բեմադրիչի օգնական ու բեմավար Փաթիլ Գուլաճեան յաջողած էին իրենց առաքելութեան մէջ:

Սակայն, համամարդկայինին կողքին, թատրոնը կրնայ ունենալ նաեւ յստակ ազգային ինքնութիւն՝ ներկայացնելով մշակութային, պատմական եւ ընկերային նիւթեր:

Եւ հոս է, որ շատեր տարակուսանքով կը մօտենան «Տեսակ մը թատրոն»ի յաջողութեան, մասնաւորաբար երբ ան բեմ կը բարձրանար միութենական թատերախումբի մը ձեռամբ:

Բանավաէճի եւ քննարկումի հետաքրքրական նիւթ: Կը սպասե՛նք:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x