ՌՈՒՍՏԱՄ ՌԱԶԱ. Նափոլէոնի հայ թիկնապահը

Բուն անունով՝ Ռոստոմ Յովնանի Խաչատուրեան:

Ծնած է Թիֆլիս, 1782-ին, շուշեցի հայ վաճառականի ընտանիքի մէջ:

Ռոստոմ 11 տարեկան էր, երբ հայրը, գործը ընդարձակելու նպատակով,  երկու մեծ որդիներուն հետ  կը մեկնի Թիֆլիս՝ Ղարաբաղի մէջ  ձգելով կինը, երկու աղջիկներն ու Ռոստոմը: Գործերը յաջող ընթացք ունենալնուն՝ տարի մը ետք ան քովը կը կանչէ ընտանիքին մնացեալ անդամները: Ճամբան թաթարներ կ’առեւանգեն Ռոստոմը, որ այնուհետեւ ձեռքէ-ձեռք կը վաճառուի եօթը անգամ՝ ի վերջոյ յայտնուելու  համար Պոլսոյ ապարանքներէն մէկուն մէջ:

       1797-ին  նոր տէրը   կը նուիրէ զայն  եգիպտոսի կառավարիչին՝ իբրեւ անոր մամլուքը[1] (مملوك): Այս վերջինի մահով՝ զայն ձեռք կ’անցընէ ինչ-որ շեյխ էլ-Պաքրի մը, որ իր կարգին 1799-ին զայն, գեղեցիկ ձիու մը հետ,  կը նուիրէ Եգիպտոսը տարի մը առաջ նուաճած  Նափոլէոն Պոնափարթին:

       Այն օրէն ետք եւ ամբողջ 16 տարի Ռոստոմ  շուքի մը պէս պիտի հետեւի իր նոր տիրոջը ու անձնուիրաբար  պիտի  ծառայէ անոր՝ մինչեւ այս վերջինին  Էլպա կղզի  աքսորը՝ 1814-ին:

                                                                   *   *   *

Նափոլէոն արտասովոր համակրանք  եւ վստահութիւն  կը տածէ Ռոստոմի հանդէպ, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր հաւատարիմ  արբանեակը  կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն մէջ:

Փարիզ վերադարձին՝ իր հետ կը բերէ զայն եւ կը նշանակէ իր առաջին թիկնապահը ի շարս այլոց: Կը թոյլատրէ, որ հանդիսաւոր առիթներու ան կրէ իր եգիպտական տարազը (տեսնել նկարը), ինչպէս նաեւ անոր կը յատկացնէ իր յարկաբաժնին  նրբանցքին մէջ  մահճակալ մը, ուրկէ Ռոստոմ անխափան կրնար հսկել տիրոջ ապահովութեան վրայ: Նուազագոյն վտանգի մը շշուկներուն ի լուր՝ ան չէր վարաներ մահճակալը փոխադրելու Նափոլէոնի ննջասենեակի սեմին, որպէսզի դաւադիրները նախ եւ առաջ զի՛նք դիմակայէին՝ տիրոջը հասնելէ առաջ: 

Նափոլէոն այս բոլորին տեղեակ էր, կը նկատէր այս բոլորը եւ  ըստ այնմ ալ կը գնահատէր զայն թէ՛ իր յատուկ վերաբերումով,  թէ՛այլազան նուէրներով:        

Ան գիտէր, որ պատերազմի ամենաթէժ պահերուն իր կողքին ունէր Ռոստոմը, որ արթուն կը հսկէր իր ապահովութեան վրայ, ինչպէս եւ կերուխումի պահերուն, ուր մէկ առ մէկ կը քննէր Նափոլէոնի իւրաքանչիւր պնակը, գաւաթը, ուտելիքն ու խմիչքը՝ առաջինը  ի՛նք համտեսելով ու ապա դնելով զանոնք տիրոջ տրամադրութեան տակ:

Ռոստոմ մասնակցեցաւ Նափոլէոնի բոլոր պատերազմներուն անխտիր՝ միշտ յիշելով իր ծագումն ու ազգութիւնը եւ յաջողեցաւ օգտագործել իր վարկը մէյ մը Իտալիոյ  մէջ, երբ Նափոլէոն փակել կու տար բոլոր իտալական վանքերը, սակայն կը խնայէր Մխիթարեաններու  Սուրբ Ղազարին՝ յատուկ հրամանագիրով մը   «գիտական ակադմիա» հռչակելով զայն, որուն ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար: Ան իր ազգային պարտականութիւնը կատարեց նաեւ Մոսկուայի արշաւանքի  առթիւ. երբ  Նափոլէոն  այստեղ հրամայեց այրել ամբողջ քաղաքը, ապա  Ռոստոմի միջնորդութեամբ խնայուեցաւ Հայոց թաղամասին, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. Նափոլէոն  պահակներ կարգեց անոր, որպէսզի կանխուի ամէն վտանգ:

                                                     *   *   *

Մոսկուայի անյաջող արշաւանքէն ետք, երբ Եւրոպական միացեալ բանակները արշաւեցին Ֆրանսա՝ պատժելու համար Նափոլէոնը, ան թակարդուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Fontainebleau ապարանքին մէջ, ուր եւ որոշեց անձնասպան ըլլալ. առ այս՝  հարկ եղած զէնքը խնդրեց  Ռոստոմէն, որ, ոչ միայն չհայթայթեց զայն, այլեւ փախուստ տուաւ  դէպի Փարիզ, ու ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Տուրտան գաւառակը:

Տասնվեց տարուան մէջ առաջին անգամ  ըլլալով Ռոստոմ կը լքէր իր տէրը այն մտավախութեամբ, որ յաղթական տէրութիւնները կրնային զինք տիրասպանութեամբ ամբաստանել:

Նափոլէոն  ձերբակալուեցաւ ու 1814-ին աքսորուեցաւ իտալական Էլպա կղզին, ուրկէ 300 օր ետք փախուստին ու վերադարձին Փարիզ՝ ան այլեւս չուզեց  տեսնել Ռոստոմը:

Չուշացաւ նափոլէոնի վերջնական աքսորը, Վաթերլոյի պարտութենէն ետք 1815-ին՝  դէպի Սուրբ Հեղինէ կղզին, ուր Ռոստոմ նմանապէս չընկերացաւ անոր, այլ հարց թէ նման  արտօնութիւն մը կրնա՞ր ունենալ:

                                                        *   *    *

Շուրջ տասը տարուան նստակեաց կեանքէ մը ետք Ռոստոմ, հաւանաբար 1826-ին,   այցելեց Թեհրան, ասկէ Թիֆլիս, ուր  ան ընդունուեցաւ  Կովկասի ռուս կառավարիչ Երմոլովի կողմէ: Իբրեւ ջոկատի հրամանատար մասնակցեցաւ ռուս-պարսկական պատերազմին եւ Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք՝ 1828-ին,  հաստտաուեցաւ հայրենի Շուշի քաղաքին մէջ, ուր մնաց երկու տարի: Որմէ ետք վերադեարձաւ Փարիզ՝  ընտանիքին  քով:

Ռոստոմ վերջին անգամ հանդիպեցաւ  Նափոլէոնին 1840-ին, երբ անոր աճիւնները Ֆրանսա բերուեցան ու տեղի ունեցաւ  պատշաճ յուղարկաւորութիւնը: Ան գլխահակ մասնակցեցաւ  թափօրին՝ քալելով առաջին շարքէն:

Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստտաուեցաւ Տուրտան, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն 1845-ին:

Մահէն կարճ ժամանակ առաջ ան գրեց իր յուշերը՝ «Նափոլէոն Ա.-ի մամլուք Ռուստամի յուշերը», որոնք հրատարակուեցան 1866-ին եւ այնուհետեւ   թարգմանուեցան բազմաթիւ լեզուներու, ինչպէս անգլերէնի, իտալերէնի, ռուսերէնի, վրացերէնի ու հայերէնի:

Ռոստոմի պատկերը գծած են բազմազթիւ նկարիչներ, եւ բազմաթիւ գրագէտներ ակնարկած են անոր գործունէութեան, ինչպէս Պալզաք, Ստենդալ, Տոլստոյ, Դոստոեւսկի եւ ուրիշներ:

Անոր շիրիմը կանգուն կը մնայ Տուրտանի մէջ՝ արժանանալով պատշաճ գուրգուրանքի ու յիշատակութ-եան: Իսկ տան մուտքին  զետեղած են ցուցանակ մը:

Անձնական կեանքը

Նափոլէոն,  անձնապէս շահագրգռուած ըլլլաով Ռոստոմի   բարօրութեամբ,  խրախուսած էր զայն,  որ  ամուսնանայ իր կնոջը՝ Joséphine Beauharnais-ի մէկ մերձաւորին հետ, որ կը կոչուէր Douville. այդպէս ալ ըրաւ: Ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ 1806-ին.  բոլոր ծախսերը ստանձնեց Նափոլէոն ինքը: 

Ռոստոմ ունեցաւ մանչ մը եւ աղջիկ մը: Մանչը հետագային դարձաւ ֆրանսայի լիազօր ներկայացուցիչը Թունուզի մէջ: Ունեցած է Edmond Rosdam անունը կրող թոռ մըն ալ, որուն ճակատագիրը անյայտ է. ոմանք, ինչպէս Wikipedia-ն, այս Ռոստամը կը շփոթեն ֆրանսացի համբաւաւոր թատերագիր Edmond Rostand-ով՝ Cyrano de Bergerac-ի հեղինակով, ինչ-որ մեծ թիւրիմացութիւն է եւ  ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ:

Ան պետական որեւէ հատուցումի չարժանացաւ նոր իշխանութեան կողմէ, փոխարէնը  օրուան թագաւորը՝  Louis Philippe, անոր կնոջը  վստահեցաւ քաղաքի թղթատարական ծառայութեան տնօրէնութիւնը, որ իրենց պարգեւեց տնտեսական համեստ ինքնաբաւութիւն մը:

Յաւելուած

Հետեւեալը կը կցեմ՝ առնելով Փարիզի «Նոր  Յառաջ»-ի 12/10/2013-ի թիւէն.

«Նափոլէոնի մամլուք թիկնապահի՝ Ռուստամ Ռազայի յիշատակը այս տարի եւս նշուեցաւ Փարիզեան շրջանի մօտակայ քաղաքներէն Տուրտանի գերեզմանատան մէջ, ուր կը գտնուի անոր  շիրիմը:

2007-էն ի վեր Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան կողմէ կազմա-կերպուող արարողութեան այս տարի ներկայ էին շուրջ 100 հոգի: Հոն էին ֆրան-սահայ նախկին ռազմիկներ՝ իրենց դրօշներով, որոնց մէջ «Մանուշեան»-ի խումբէն՝ 96-ամեայ Արսէն Չաքարեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նորա-նշանակ զինուորական կցորդ Գարեգին Մարգարեան, ինչպէս նաեւ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով «Նափոլէոնեան յիշատակ»-ի ֆրանսական միութեան անունով՝ Ժաք Մասէ:

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 3, ժամը 11-ին, Ռուստամի շիրիմին առջեւ սկսաւ արարողութիւնը:  Ճառեր          արտասանեցին Տուրտանի քաղաքա-պետ Օլիվիէ Լըկուա, որ յայտարարեց, թէ գալ տարի գերեզմանատան մուտքին պիտի զետեղուի Ռուստամի յուշարձանը, Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան, որ շեշտեց Ռուստամ Ռազայի անգնահատելի կարեւորութիւնը Ֆրանսահայութեան եւ ի մասնաւորի՝ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան համար, որ զինք կ’ընդունի իբրեւ այն  առաջին հայ ռազմիկը, որ պատերազմած է Ֆրանսայի դրօշի ներքոյ 1799-էն ի վեր։  Ան յիշեցուց Ռուստամ հերոսի այժմէականութիւնը, որ, ծառայելէ ետք Նափոլէնի, վերադարձած է Թիֆլիս, միանալով զօրավար ռուսական բանակին՝ պատերազմած է Ղարաբաղի անկախութեան համար:

Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շաւիլի եկեղեցւոյ հովիւ Գուրգէն վ. Աղապապեանի կողմէ :

Այս տարի քաղաքապետը առաջին անգամ ըլլալով ներկաները հրաւիրեց քաղաքապետարան՝ բաժակ բարձրացնելու Ռուստամի յիշատակին, որմէ ետք ցերեկոյթը շարունակուեցաւ տեղւոյն գողտրիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ՝ առիթ ընծայելով Ռուստամ Ռազայի անձին եւ հայ–ֆրանսական կապերուն անոր ներդրումին անդրադառնալու: Հոն խօսք առաւ նաեւ Լուսինեաններու գերդաստա-նի ներկայացուցիչ մը: Ընթերցուեցան Ռուստամի նուիրուած հրատարակութիւննե-րէ խորհրդանշական էջեր՝ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով»:

Այդ նո՛յն օրուան անդրադարձած է նաեւ «Արմէնպրես»-ը.

«Ֆրանսիայի Դուրդան քաղաքում հոկտեմբերի 3-ին կայացել է Նապոլէոն Բոնապարտի թիկնապահ, հայազգի մամլուք Ռուստամ Ռազայի յիշատակին նուիրուած միջոցառում: Ինչպես հաղորդում է  «Արմենպրես»-ը` ֆրանսահայ նախկին ռազմիկների եւ դիմադրողականների միութեան նախաձեռնությամբ յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութեանը մասնակցել են Դուրդանի քաղաքապետ Օլիվիէ Լըգուան, տեղական կառավարման մարմինների ներկայացուցիչներ, ֆրանսիացի եւ ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներ, հայ հոգեւոր սպասաւորներ եւ այլ հրաւիրեալներ: Միջոցառմանը ներկայ են եղել նաեւ Ֆրանսիայում ՀՀ դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդ Գարեգին Մարգարեանը եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ: Ներկաները ծաղկեպսակներ են զետեղել Դուրդանի գերեզմանատանը գտնուող Ռուստամ Ռազայի շիրմաքարին, այնուհետեւ հնչել են Ֆրանսիայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգերը»:

                [email protected]                                                                Արմենակ Եղիայեան

[1] Բառացի կը նշանակէ  սեփականութիւն: Զինուորական դաս Հին Եգիպտոսի մէջ, որ կը բաղկանար քրիստոնեաներէ   խլուած ու իբրեւ իսլամ  կրթուած ու մարզուած զինուոներէ եւ անոնց սերունդ-ներէն: Համազօրն է թրքական «ենիչերի»-ներուն:

Լիբանան ծնած, հայ գաղթական ծնողներու զաւակ, մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ Արմենակ Եղիայեան 60-ականներէն սկսեալ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է սփիւտքահայ եւ յատկապէս լիբանանահայ կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Ազգային ուսումնական խորհուրդին, «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ Կիլիկիոյ Աթոռին յառաջացուցած «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին: Այս վերջինին պատուէրով պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով (անտիպ): Հեղինակն է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութեան եւ հայկական նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքին, որ երկու տասնամեակ անընդմէջ կիրարկուեցաւ աւելի քան 10 երկիրներու հայկական համայնքներու վարժարաններուն մէջ: Արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն:
Վերջին տարիները կ’աշխատի «Ուղեցոյց»-ին վրայ, որ կը համատեղէ արեւմտահայերէնի ճամբով՝ այդ լեզուի արդի օգտագործողին առջեւ կուտակուած հարցերը:
Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է եւ կը շարունակէ աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x