Քաղաքական առողջ մշակոյթի բացակայութեան՝ դատապարտուած ենք յարատեւ անմիաբանութեան

Քաղաքական մշակոյթը եւ ժողովրդավարական կենսափորձը փաստօրէն առանցքային դեր ունին ազգի մը ներքին միասնականութեան ձեւաւորման մէջ: Հայաստանի պարագային, այս վճռորոշ տարրերուն բացակայութիւնը կամ կենսափորձին պակասը խոր հետեւանքներ կ’ունենայ` խափանելով ընդհանուր հասարակաց արժէքներու զարգացումը, խախտելով վստահութիւնը հաստատութիւններու նկատմամբ եւ յաւերժացնելով պառակտումի երեւոյթը հասարակութեան մէջ: Այս գրութեամբ պիտի փորձենք ցոյց տալ թէ ինչպէ՞ս քաղաքական մշակոյթի եւ ժողովրդավարական փորձառութեան բացակայութիւնը բացասաբար կ’ազդէ հայ ժողովուրդի միասնականութեան վրայ` յանգելով բեւեռացումներու, հասարակութեան մասնատումին եւ ազգային ինքնութեան թուլացման:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Հայաստան ունեցաւ անցումային դժուարին շրջան մը, որուն ընթացքին քաղաքական  մշակոյթի մը զարգացումը չապրեցաւ բնական հոլովոյթ մը: Ինքզինք պարտադրած քաղաքական մշակոյթի մը բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ որ համախոհութիւն չգոյանայ հիմնական սկզբունքներու եւ նպատակներու շուրջ: Տարբեր խմբաւորումներ՝ կուսակցութիւններու կամ այլ համախմբումներու անուան տակ ունին տարբեր տեսակէտներ արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական քաղաքականութեան ու զարգացումին, Արցախի հարցին, ցեղասպանութեան եւ ընդհանարապէս ազգային ինքնութեան շուրջ: Ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները միութեան առաջնորդելու փոխարէն՝ պառակտումներ կը ստեղծեն զանգուածներուն մէջ եւ մինչեւ այսօր կը խափանեն ընդհանուր նպատակներու շուրջ համագործակցելու կարելիութիւնները:

Վստահութեան խախտում

Վերանկախացումէն ետք, Հայաստան դէմ յանդիման գտնուեցաւ զգալի մարտահրաւէրներու ժողովրդավարական կենսունակ եւ առողջ դրութեան մը հաստատման առնչութեամբ, որ կը բնութագրուի թափանցիկ կառավարմամբ, հասարակութեան բոլոր շերտերուն համապարփակ մասնակցութեամբ եւ իշխանութեան խաղաղ անցումներով: Ընտրական խախտումներու եւ փտածութեան դէպքերը ընդհանրապէս խախտեցին ժողովուրդին վստահութիւնը քաղաքական հաստատութիւններու եւ ղեկավարներու նկատմամբ: Ժողովրդավարական իսկական փորձառութեան բացակայութիւնը յուսալքեց քաղաքացիները, որոնք սկսան թերահաւատութեամբ վերաբերիլ քաղաքական հաստատութիւններու եւ ղեկավարներու նկատմամբ` տկարացնելով անոնց վստահութիւնը ընդհանրապէս ժողովրդավարական համակարգին նկատմամբ:

Հաւաքական ինքնութեան զգացումի տկարացում

Քաղաքական մշակոյթը եւ ժողովրդավարական կենսափորձը վճռորոշ նշանակութիւն ունին ընդհանուր ազգային ինքնութեան զարգացման ու ամրապնդման համար: Հայաստանի մէջ այս տարրերուն բացակայութիւնը տկարացուցած է հաւաքական ինքնութեան զգացումը: Քաղաքացիներու որոշ տոկոս մը կարծես կտրուած կը զգայ աւելի լայն հասարակութենէն, անջատուած քաղաքացիական կեանքէն եւ անտարբեր ազգի ապագային կերտման գործին մէջ իր սեփական դերակատարութեան նկատմամբ: Հաւաքական ինքնութեան այս զգացումի թուլացումը յաւելեալ խոչընդոտներ կը ստեղծէ միասնականութեան դիմաց, որովհետեւ ինքնութեան զօրաւոր հաւաքական գիտակցութիւնը կը ծառայէ որպէս միացնող ազդակ` վերացնելով տարբերութիւնները եւ ժողովուրդը մղելով դէպի հասարակաց նպատակներու հետապնդում:

Արդարեւ, Հայաստանի մէջ քաղաքական մշակոյթի եւ ժողովրդավարական կենսափորձի բացակայութիւնը զգալի հետեւանքներ կ’ունենայ ազգային միասնականութեան վրայ: Ընդհանուր արժէքներու բացակայութիւնը, վստահութեան կորուստը, ընկերային մասնատուածութիւնը եւ հաւաքական ինքնութեան զգացումի թուլացումը կը խափանեն համագործակցութեան ոգին: Միասնականութիւն խթանելու համար շատ կարեւոր է զարգացնել քաղաքական առողջ մշակոյթ մը, որ կը խրախուսէ քաղաքացիներու մասնակցութիւնը, կը պաշտպանէ ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կը նպաստէ համապարփակ ու ընդհանրական երկխօսութեան: Այս ձեւով Հայաստան կրնայ յաղթահարել պառակտումները, ամրապնդել ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ ուժերը լարել դէպի ընդհանուր ապագայ, ուր բոլոր քաղաքացիներն կը զգան իրարմով զօրացած եւ իրարու կապուած:

Ինչպէ՞ս կարելի է շրջել իրավիճակը եւ ժողովրդավարական ամուր կենսափորձի ճամբով հասնիլ ազգային միասնականութեան բաղձալի մակարդակի: Մեր կարծիքով դժուար թէ կարենանք նման նպատակ իրագործել առանց քննական մտածողութեան մշակոյթի մը զարգացման մեր իրականութեան մէջ: Թէ ինչպէ՞ս:

Նախ՝ ի՞նչ է քննական մտածողութիւնը: Տարբեր սահմանումներու ամփոփումով կարելի է եզրակացնել, թէ քննական մտածողութիւնը կացութիւններու, տեղեկութեան եւ գաղափարներու համակարգուած եւ առարկայական վերլուծումի, գնահատման եւ համադրումի մտային գործընթաց մըն է: Ան կ’ենթադրէ կասկածի տակ առնել ենթադրութիւնները, բացայայտել տրամաբանական սխալները, հարցադրել ապացոյցները եւ յանգիլ լաւ կշռադատուած եզրակացութիւններու: Քննականօրէն մտածողը գործնապէս կը ձգտի հասկնալու դժուարութիւններն ու անոնց բարդութիւնները, կ’ընդունի տարբեր տեսակէտներու առկայութիւնը եւ կը ցուցաբերէ առողջ դատողութիւն՝ վերահասու որոշումներ կայացնելու եւ հարցերը արդիւնաւէտ կերպով լուծելու համար:

Այժմ փորձենք ցոյց տալ, թէ ինչպէ՞ս քննական մտածողութիւնն ու ժողովրդավարական առողջ կենսափորձը առնչուած են իրարու, եւ հետեւաբար այս երկուքը՝ ազգային միասնականութեան մշակոյթ կերտելու մարտահրաւէրին:

Կ’օգնէ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու

Ինչպէս տեսանք, քննական մտածողութիւնը կ’ընդգրկէ կացութիւններու առարկայական եւ տրամաբանական վերլուծութիւնն ու արժեւորումը: Ժողովրդավարական դրութեան մէջ, քաղաքացիները կոչուած են վերահասու որոշումներ կայացնելու քուէարկութեան եւ հանրային քննարկման մասնակցելու միջոցով: Քննական մտածողութիւնը առիթ կ’ընծայէ անհատներուն գնահատելու աղբիւրներու հաւաստիութիւնը, կշռադատելու տարբեր հեռանկարները եւ լաւ պատճառաբանուած ընտրութիւն կատարելու թեկնածուներու եւ քաղաքական ուղղութիւններու միջեւ:

Կը պաշտպանէ ապատեղեկատուութեան դէմ

Ժողովրդավարական առողջ կենսափորձը հիմնուած կ’ըլլայ վերահասու եւ յանձնառու քաղաքացիներու գիտակցութեան վրայ: Քննական մտածողութիւնը կ’օգնէ զատորոշելու վստահելի տեղեկատուութիւնը ապատեղեկատուութենէն կամ փրոփականտէն: Աշխարհի մը մէջ, ուր ապատեղեկատուութիւնը կրնայ արագ տարածուիլ ընկերային ցանցերու եւ այլ միջոցներով, քննականօրէն մտածելու կարողութիւնը վճռորոշ դեր կրնայ խաղալ ժողովրդավարական գործընթացի առողջ դիմագիծը պահպանելու համար:

Միջոց՝ հանրային առողջ քննարկումներու եւ բանավէճի

Ժողովրդավար հասարակութիւնները կը զարգանան բաց եւ կառուցողական հանրային քննարկումներով եւ բանավէճով: Քննական մտածողութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ անհատներու արդիւնաւէտ կերպով արտայայտելու իրենց գաղափարները, կասկածի տակ առնելու ենթադրութիւնները եւ յարգալիր երկխօսութեան մէջ մտնելու ուրիշներու հետ: Ան կը նպաստէ այնպիսի միջավայրի մը ստեղծումին, ուր կարելի է լսել եւ նկատի առնել տարբեր տեսակէտներ` նպաստելով որոշումներ որդեգրելու աւելի ընդգրկուն եւ համապարփակ գործընթացներու զարգացման:

Հաշուետուողականութիւնը կը դառնայ պայման

Ժողովրդավարական առողջ պայմաններու մէջ քաղաքացիները պէտք է իրենց ընտրած ներկայացուցիչները ենթարկեն հաշուետուութեան: Քննական մտածողութիւնը առիթ կը ստեղծէ առարկայականօրէն ուսումնասիրելու պետութեան եւ կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնները, արարքներն ու կեցուածքները՝ բացայայտելով անհամապատասխանութիւնները, արժեւորելով կատարուածը եւ պահանջելով թափանցիկութիւն ու հաշուետուողականութիւն:

Կը խթանէ յարմարելու ճկունութիւնը

Ժողովրդավարական առողջ համակարգերը անհրաժեշտ կը դարձնեն յարմարելու եւ յառաջդիմութեան հետ քայլ պահելու կարողութիւն մինչ ժամանակի ընթացքին կը զարգանան մարտահրաւէրները: Քննական մտածողութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ քաղաքացիներուն եւ որոշում կայացնող մարմիններուն վերլուծելու փոխուող հանգամանքները, կասկածի տակ առնելու աւանդական մօտեցումները եւ մշակելու բարդ խնդիրներու յարմարող նորարարական լուծումներ:

Եզրափակելով` ազգային միասնականութեան, քաղաքական մշակոյթի եւ քննական մտածողութեան այս եռեակը վճռորոշ դեր կը խաղայ երկրի մը ապահովութեան եւ բարգաւաճման մէջ՝ բանակը ունենալով իբրեւ յենարան ու պաշտպան: Ազգային միասնականութիւնը իրարու կը շաղկապէ քաղաքացիները` զարգացնելով բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու դիմադրական ոգին եւ ուժը: Ազգային միասնականութիւնը կը խթանէ ընդհանուր ինքնութեան եւ նպատակի զգացումը, թափ կու տայ միասին աշխատելու գաղափարին՝ հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն: Քաղաքական առողջ մշակոյթը կը խթանէ ժողովրդավարական արժէքները եւ կ’երաշխաւորէ զանգուածներու գործօն մասնակցութիւնը` զանոնք խմբելով ապագայակերտ ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ: Քննական մտածողութիւնը եւ՛ զանգուածներուն, եւ՛ բանակայիններուն առիթ կ’ընծայէ վերահասու որոշումներ կայացնելու՝ երաշխաւորելով ազատութեան եւ ազգային ապահովութեան պահպանումը: Իբրեւ երկրին պահապանները, նաեւ բանակին հաւատարմութիւնը այս սկզբունքներուն՝ կ’ամրապնդէ զօրաւոր եւ ապահով պետութեան մը հիմքը:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x