«Հայրս ո՞վ է» Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ

ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ Ռէյ Գունիի «Հայրս ո՞վ է» կատակերգութիւնը (զաւեշտախաղ, ֆարս), բեմադրութեամբ՝ Վաչէ Տօնէրեանի:

Ներկայացումները տեղի կ’ունենան ուրբաթ 10, շաբաթ 11 (կալա), կիրակի 12, եւ ուրբաթ 17, շաբաթ 18, կիրակի 19 մայիս 2024 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:

Ռէյ Գունիի «Հայրս ո՞վ է» (բնագիրը՝ «It Runs in the Family», Ray Cooney) զաւեշտախաղին պատմութիւնը կը պատահի հիւանդանոցի մը մէջ եւ գլխաւորաբար կը դառնայ տոքթ. Տէյվիտ Մորթիմորի շուրջ՝ յարգուած բժիշկ մը, որ կը գտնուի նոր իրագործումներու սեմին եւ այս իմաստով կարեւոր դասախօսութիւն մը պատրաստելու վրայ է, երբ անսպասելիօրէն կը յայտնուի իր հին բարեկամուհիներէն՝ Ճեյն Թէյթը: Ան կը բացայայտէ, թէ տարիներ առաջ իրենց սիրային արկածախնդրութենէն ծնած է աղջնակ մը, որ այժմ կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ եւ կ’ուզէ իր հօրը հանդիպիլ: Մորթիմօր կը փորձէ ամէն գնով արգիլել, որ այս գաղտնիքը հրապարակուի: Խառնաշփոթ վիճակ մը, քաոս կը յառաջանայ, երբ ան կը դիմէ իր պաշտօնակիցին` տոքթ. Հիւպըրթ Պոննիի օգնութեան:

Կը սկսի տողանցել թիւրիմացութիւններու շարան մը այն անձերուն մասին, որոնք ելումուտք կ’ունենան բեմին վրայ: Տոքթ. Մորթիմըրի սուտերը իրարու կը յաջորդեն, մեղսակցութեամբ՝ Տոքթ. Պոննին եւ օրիորդ Թէյթի: Մուտքերով եւ ելքերով հարուստ այս թատերախաղին խելագարներու խումբը, միշտ թիւրիմացութեամբ զուարճալի վայրկեաններ կը ստեղծէ՝ իր տարօրինակ եւ փոփոխամիտ կերպարներով:

Այս թատերախաղը անընդհատ խնդուք պատճառող ներկայացում մըն է, առիթ մը՝ հանդիսատեսը դուրս բերելու իր ճնշող առօրեայէն:

Թէեւ հիմնականօրէն կատակերգութիւն մը, սակայն այս փիեսը կը շօշափէ պատասխանատւութեան եւ անցեալի արարքներու հետեւանքները կրելու պարտաւորութեան թեմաները, ու կ’արծարծէ այն ծայրայեղ միջոցները, որոնց կը դիմեն մարդիկ պահելու եւ պաշտպանելու իրենց հանրային դիմագիծը, երբ մանաւանդ անոր խոցելիութիւնը երեւան գայ:

«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի այս ներկայացումներուն առիթով դիմեցինք բեմադրիչ Վաչէ Տօնէրեանին՝ հարց տալով, թէ ինչո՞ւ այս ընտրութիւնը: «Այս օրերուն չեմ ուզեր աւելի ծանր թեմաներով գործեր հրամցնել հանդիսատեսին: Այս ստեղծագործութիւնը երկար տարիներ ներկայացուած է համաշխարհային բեմերու վրայ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ: Ի վերջոյ, կատակերգութիւնն ալ թատերգութեան ժանր է: Նոյնիսկ ամենէն լուրջ թատերախաղերու պարագային, թատրոնին գլխաւոր նպատակներէն մէկը ժամանցն է հանդիսատեսին մարդկային բարդ վիճակներ հրամցնելու ճամբով՝ յուզում, պոռթկում կամ խնդուք ու ծիծաղ պատճառելով: Ես անգամ մը եւս խնդուքը ընտրեցի», ըսաւ Տօնէրեան՝ աւելցնելով. «Այսօր շատ դժուար աշխատանք է ներկայացում պատրաստելը, բոլորէն մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ, թէ՛ դերակատարներ եւ թէ՛ վարչական ու օժանդակ մարմիններ: Շնորհակալ եմ բոլորին»:

Մենք ալ մեր կարգին յաջողութիւն կը մաղթենք բեմադրիչ Վաչէ Տօնէրեանին ու «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բոլոր անդամներուն:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x