Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
Կ'ելլենք ոտքի եւ կը սկսի մեր բացատրական պտոյտը մշակութային այս գանձարանի բաժանմունքներուն մէջ:
Սեդօ Քիւսպէկեանի այս նախաձեռնութիւնը մեր դիմաց կը բանայ անհատական յուշերէն դէպի հաւաքական յիշողութիւն գացող արահետը, որ վստահաբար կը խաչուի այլ մուսա լեռցի-այնճարցիներու նմանօրինակ պատում-ուղիներուն հետ, որոնք առաւել կը հարստացնեն եւ նմանօրինակ քաղցրահամ պատառիկներով կը վեր-ա-գրեն Մուսա Լերան պատմութիւնը...
...կ'առնեմ փունջ մը ձիթենիի ճիւղ ու գոհ կ'ուղղուիմ դէպի տուն: Ճամբան ես ինծի կը մռլտամ. «Արբէ՛ք ի սմանէ ամենեքեան, այս է արիւն իմ»:
Արեւելահայերէն ալ կը շարունակեն այսօր մնալ մեր երգերը՝ ըստ մեծի մասի:
Սաթիկ Ծաղիկեան-Գամպուրեան ամբողջ անցեալ մը վերականգնած է ու վերակենդանացուցած այս 204 էջերով:
Սփիւռքեան մերօրեայ բանաստեղծներու փաղանգին մէջ Խաչիկ Տէտէեան առանձնորոշ դերակատարումով մը որոշապէս կը տարբերի գիտցածս գրողներէն...
Բանաստեղծ գրականագէտ, գրաբարագէտ եւ թարգմանիչ Լուսինէ Աւետիսեանի (Երեւան, Հայաստան) այս քերթուածը, գրուած արեւմտահայերէնով, կ՛արտայայտէ հեղինակին ապրումներն ու մտորումները հայ-ատրպէճանական պատերազմի աւարտին մասին նոյեմբերեան յայտարարութեան օրերուն․․․
«Վերջերս պատահմամբ ձեռքս անցաւ իր պատմուածքներու մէկ հատորը՝ «Կինը», գրուած 1906-ին, ուրեմն երբ տակաւին 23 տարեկան էր: Այս շատ միջակ, չըսելու համար անարժէք հատորը, սակայն, ուշադրութիւնս գրաւեց ինքնահնար բառերու բաւական ճոխ շարքով մը...»:
Կը հրապարակենք երկրորդ շարք մը սփիւռքահայ երէց սերունդի գրող Գրիշ Դաւթեանի բանաստեղծութիւններէն։ Դաւթեան հեղինակ է 15 հատոր բանաստեղծութիւն, որոնցմէ երկուքը՝ անգլերէն:
Կը հրապարակենք սփիւռքահայ երէց սերունդի գրող Գրիշ Դաւթեանի բանաստեղծութիւններու առաջին շարքը։ Դաւթեան հեղինակ է 15 հատոր բանաստեղծութիւն, որոնցմէ երկուքը՝ անգլերէն:
Կը հրապարակենք գրական-յուշագրական բնոյթի երեք կարճ գրութիւններ՝ Սիմոն Տէրտէրեանի հեղինակութեամբ: Տէրտէրեան երկրաբանական գիտութիւններու տոքթոր է, ուսանողական եւ մասնագիտական գործունէութեան տարիներուն մասնակցած է հայ միութենական եւ համայնքային աշխատանքներու: 1973-2003 վարած է պատասխանատու պաշտօն՝ Եփրատի ամբարտակի կառավարման պետական հաստատութեան մէջ:
- Կնոջիցդ մի բաժանուիր, - ասաց պետհամալսարանի ուսանողուհի, Դանիէլ Վարուժանի մասին աւարտաճառ գրող սփիւռքահայ ուսանողուհին, - ո՛չ էլ երկնքից աստղ բեր: Եթէ իսկապէս ինձ սիրում ես, Բրգնիկ տար:
Երազիս կրկին այցի եկաւ Նէ` դէմքով այլ մէկի, ներքուստ, սակայն, էակ` սրտին մօտ… Հարազատ տիպար. առօրէութեամբ իր, իսկ հոգու փայլը չխամրած չնչին իսկ` նո՛յնը կը մնայ:
Համբուրեցի զաւակս: Վերջին համբոյրն էր: Իջեցուցի գիրկէս, ականջին շշնջացի. «արա՛գ գնա...»:
Մարդոց մեծ մասը կ’ապրի անոր համար, որ զիրենք սիրեն եւ հիանան իրենցմով: Բայց մենք ատոր համար չէ որ պէտք է ապրինք, այլ ուրիշները սիրելու եւ ուրիշներով հիանալու համար:
-Բայց ես Լայզան չեմ, ըսի վրդոված, Լայզան կինս է եւ այդ հարցարանը անոր անունովն է... սխալ է..., հաճիս իմս ստուգէ...:
«Ով որ մերօրեայ ուսումնական ծրագիրի քաոսէն ընտրէ հարիւր ամենավատ գիրքերը եւ հրապարակէ անոնց ցուցակը, աճող սերունդին իսկական ու յարատեւ օգուտ մը կը շնորհէ:»
Եթէ որոշես ընտրել ամենակարեւոր պատուիրանը, զորս կը կարդաս լուսաբացին եւ մայրամուտին, ուրախութեան ու վիշտի ժամանակ, ահա այդ պատուիրանը․ «այն ամէնը, ինչ կը կատարուի ուրիշին հետ, կը կատարուի անձամբ քու հետդ»:
Վրձինիդ տակ՝ խունկ ու աղօթք,
Ջաջուռ գիւղի այրող կարօտ.
Որքա՜ն յոյզեր, պարող լեռներ,
Հայոց հողի լոյս-ստուերներ։
…Պէտք է սիրել ան-պատճառ,
Սէրը չունի մի պատճառ,
Որ մտածես խելագար՝
Ինչո՞ւ սիրել անդադար։
Սիրե՜լ, սիրե՜լ պարզապէս՝
Մէկ պատճառով յայտնապէս,
Որ սիրելը այս կեանքում
Չունի պատճառ սիրելու,
Այլ լոկ սիրել անպատճառ
Եւ չորոնել այլ պատճառ…
"Աւելի լաւ է քնանալ ցօղաթաթախ պաղ խոտերու մէջ` բաց երկինքի տակ, իսկ ձմռան ապաստան փնտռել դէզի տաքուկ խորքերուն մէջ կամ գէշ եղանակին պատսպարուիլ ամբարի ծածքին տակ, քան ապրիլ` սրտին մէջ սէր չունենալով:"
"Գարնան հմայքի
դողով արբեցող
կակաչներս իմ,
Ճեմող խոհերուս
նազանք պարգեւող
անուրջներս իմ։"
