Օսքար Ուայլտ, “De Profundis. Բանտային Խոստովանութիւն”. Հատուածներ (Բ.)

Սիրտերը ստեղծուած են կոտրուելու համար

Օսքար Ուայլտ

Եւ հիմա ես կը տեսնեմ, որ Տխրութիւնը, իսկ անիկա, ես կը կարծեմ, ամենավեհ զգացումն է, զոր մարդը կրնայ ապրիլ, Տառապանքին հետ միաժամանակ կրնայ ըլլալ իսկական, մեծ Արուեստի թէ՛  թեմա, թէ՛ չափանիշ:

* * *

Կը յիշեմ` ինչպէ՛ս անգամ մը այդ մասին զրոյց ունեցայ կեանքին մէջ ինծի հանդիպած  ամենաչքնաղ կիներէն մէկուն հետ, կին մը, – որուն կարեկցանքը եւ, ինչպէս բանտ յայտնուելէն առաջ, այնպէս ալ անորմէ յետոյ իմ նկատմամբ ունեցած անսահման բարութիւնը ես նոյնիսկ նկարագրել չեմ կրնար,- կին մը, որ առաւել, քան այս աշխարհին մէջ ոեւէ մէկը, օգնեց` տանելու զիս պատուհասած բոլոր դժբախտութիւնները, թէեւ ինք չէր ալ կասկածեր այդ մասին,- օգնեց թէկուզ միայն անով, որ կ’ապրի երկրագունդին վրայ եւ որ այնպիսին է, ինչպիսին որ է:

Իտէալական կին, որուն ընկերակցութեամբ կ’ուզես դառնալ աւելի լաւը, աւելի մաքուր, եւ որ միայն իր ներկայութեամբ արդէն կ’օգնէ մարդուն հասնելու ատոր: Ազնուագոյն հոգի, որուն կողքին աւելի դիւրին է շնչելը, եւ հոգեւոր ամենավեհ ձգտումները կը թուին բնական, ինչպէս արեւին լոյսը կամ ծովուն խաղաղութիւնը: Սքանչելի  կին, որուն ընկալմամբ Գեղեցկութիւնն ու Տխրութիւնը կը քայեն ձեռք ձեռքի` իրարմէ անբաժան:

Ահա, երբ մենք անոր հետ կը զրուցէինք, ես խօսեցայ այն ոգիով, որ լոնտոնեան որեւէ մէկ նրբանցքի բնակիչներուն չափազանց շատ տառապանք բաժին կ’ինայ, որ անոնք հաւատան, որ Աստուած իրօք կը սիրէ մարդը, եւ որ որեւէ, նոյնիսկ ամենափոքր վիշտը, որ կ’ապրի, օրինակ, այգիի խուլ մէկ անկիւնը ինչ-որ աննշան զանցանքի պատճառով դառն արցունք թափող երեխան, – կասկածի տակ կը դնէ տիեզերքի բանականութիւնն  ու գեղեցկութիւնը:

Ես, իհարկէ, խորապէս կը սխալէի, եւ ան ինծի այդ մասին ըսաւ, բայց ես չհաւատացի անոր: Իմ հայեացքներս, հետաքրքրութիւններս եւ համոզմունքներս թոյլ չտուին ինծի տեսնել, թէ որքա՛ն սխալ եմ ես: Մինչդեռ հիմա ինծի կը թուի, որ Սէրը, եւ միայն Սէրն է, ինչ տեսակի ալ որ այն ըլլայ, միակ բացատրութիւնը եւ արդարացումը այն ծով տառապանքներուն, որոնցմով լեցուն  է աշխարհը: Ուրիշ բացատրութիւն ես չեմ տեսներ: Աւելին, ես համոզուած եմ, որ ուրիշ բացատրութիւն չի ալ կրնար ըլլալ:

Եթէ, ինչպէս ես արդէն ըսի այս նամակին մէջ, ամբողջ աշխարհներ են իսկապէս կառուցուեր տառապանքներէն, ապա ես դարձեալ համոզուած եմ, որ զանոնք կառուցեր են Սիրոյ ձեռքերը, քանզի որեւէ այլ ձեւով մարդու Հոգին, որուն համար է որ ստեղծուեր են այդ աշխարհները, չէր կրնար հասնիլ իր կատարելութեան: Հաճոյքները գեղեցիկ մարմնին բաժինն են, տառապանքները` գեղեցիկ հոգիին: Թէեւ, իհարկէ, ես հասկնամ, որ երբ կը յայտարարեմ այդ ամէնուն մէջ իմ համոզուածութեանս մասին, իմ մէջս, ամենայն հաւանականութեամբ, կը խօսի հպարտութիւնը:

* * *

Եթէ որոշես ընտրել ամենակարեւոր պատուիրանը, զորս կը կարդաս լուսաբացին եւ մայրամուտին, ուրախութեան ու վիշտի ժամանակ, ահա այդ պատուիրանը․ «այն ամէնը, ինչ կը կատարուի ուրիշին հետ, կը կատարուի անձամբ քու հետդ»: Գրէ՛ այդ բառերը տանդ պատին, որպէսզի արեւը ոսկեզօծէ զանոնք իսկ լուսինը` արծաթազօծէ, եւ եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ, թէ անոնք ի՛նչ կը նշանակեն, կրնաս պատասխանել, որ անոնց մէջ են ամփոփուած «Յիսուսի սիրտը եւ Շեյքսբիրի բանականութունը»:

* * *

Եթէ բանտին մէջ օրը կ’անցնի առանց արցունքներու, ատիկա չի նշանակեր, թէ մարդուն սրտին թեթեւութիւն է․ ատիկա կը նշանակէ, որ անոր սիրտը չարացած է:

…. Ամենասարսափելին այն չէ, որ բանտային կեանքը սիրտ կը կոտրէ․ սիրտերը ստեղծուած են կոտրուելու համար, այլ այն, որ մարդուն սիրտը դարձեր է քար:

* * *

Վերջին շրջանին մանրամասնօրէն կ’ուսումնասիրեմ Յիսուսի կեանքին մասին պատմող չորս  արձակ պոեմները: Սուրբ Ծնունդին ինծի յաջողուեցաւ ձեռք բերել յունարէն Նոր Կտակարան եւ հիմա ամէն առաւօտ` վերջացնելով բանտախուցիս ու անագէ սպասքիս մաքրութիւնը, ես քիչ-քիչ կը կարդամ Աւետարաններէն որեւէ մէկը` պատահականութեան սկզբունքով ընտրելով բանաստեղծութիւններու տասնեակ մը:

Չի կրնար օրն այս կերպ սկսելէն աւելի լաւ որեւէ ձեւ ըլլալ:  … Մենք մշտապէս տեղին կամ անտեղի կը մէջբերենք աստուածաշնչային ինչ-որ հատուածներ, եւ ատիկա սպանած է աւետարանական գրութիւններու թարմութեամբ, միամիտ պարզութեամբ ու ռոմանթիք հմայքով հիանալու կարողութիւնը:

Անոնք բարձրաձայն շատ յաճախ ու վատ կ’արտասանուին, ինչը կը սպանէ բանաստեղծութեան հոգին: Բայց երբ կ’անդրադառնաս յունարէն բնագիրին, կը թուի, որ ազատուած ես մութ, հեղձուցիչ տարածքէն եւ յայտնուած ես անուշաբոյր շուշաններով լեցուն պարտէզի մէջ:

* * *

Յիսուս միշտ մէկ բան կը փնտռէ` մարդկային Հոգին: Զայն կ’անուանէ «Աստծոյ արքայութիւն» եւ  կը գտնէ իւրաքանչիւր մարդու մէջ: Զայն կը համեմատէ ի բնէ պզտլիկ սերմի, բուռ մը թթխմորի, մարգարիտի հետ: Քանզի հոգիդ կը գտնես միայն այն բանէն յետոյ, երբ կը հրաժարիս բոլոր օտար մոլութիւններէն, այն ամէնէն, ինչ վաստակած ես մշակոյթով` այն ամէնէն, ինչ ձեռք բերած ես` վատ կամ լաւ: Իմ խռովայոյզ խառնուածքիս ողջ ուժով եւ այն ամբողջ յամառութեամբ, որուն ընդունակ էր կամքս, ես կը դիմադրէի ճակատագիրի հարուածներուն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ աշխարհի մէջ Սիրելէն բացի ուրիշ ոչինչ մնաց ինծի: Ես դարձայ կալանաւոր եւ չքաւոր: Ես կորսնցուցի իմ բարի անունս, հասարակութեան մէջ ունեցած դիրքս, երջանկութիւնս, ազատութիւնս, հարստութիւնս: Բայց անգին գանձ մը դեռ մնացած էր ինծի` իմ հարազատ որդիս` իմ առաջնեկս: Ու յանկած օրէնքը խլեց զայն ինծմէ: Ատիկա այնպիսի ջախջախիչ հարուած էր, որ ես չէի գիտեր` ինչպէ՛ս ապրիլ ատկէ յետոյ․ այն ժամանակ ես փլեցայ ծունկերուս վրայ,  խոնարհեցի գլուխս եւ արտասուալիր ըսի․ «Մանուկի մարմինը նոյնն է, ինչ Աստուծոյ մարմինը․ ես արժանի չեմ ո՛չ մէկուն, ո՛չ միւսին»: Ինծի կը թուի, որ այդ պահը փրկեց զիս: Ես հասկցայ, որ ինծի մէկ բան կը մնայ միայն` համակերպիլ: Եւ այդ պահէն, որքան ալ որ ատիկա տարօրինակ թուի քեզի, ես աւելի երջանիկ դարձայ: Չէ՞ որ հասկցայ սեփական հոգիս, դպայ անոր բարձրագոյն էութեան: Մեծաւ մասամբ կը վարուէի անոր ոխերիմ թշնամիի պէս, բայց տեսայ, որ ան զիս իբրեւ ընկեր դիմաւորեց: Երբ կը դպչիս սեփական հոգիիդ, կը դառնաս երեխայի նման պարզ` այնպիսին, ինչպիսին պատուիրած է ըլլալ Քրիստոսը:

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Վարդան Թաշճեան

Երեւան հաստատուած Լիլիթ Տէր Գրիգորեան Հայաստանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի հայոց լեզուի եւ տարրական ուսուցման մեթոտաբանութեան ամպիոնի դասախօս է, 1995-էն: Ներկայիս, անոր գիտական աշխատանքներն ու գործունէութիւնը կ՛ընդգրկեն հայոց լեզուի ու լեզուաբանութեան, մայրենի լեզուի տարրական ուսուցման եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հարցերը, զորս կ՛իրականացնէ գիտական յօդուածներու եւ նախադպրոցական, դպրոցական, համալսարանական դասագիրքերու եւ ուղեցոյցներու հրատարակման միջոցով: Հեղինակ եւ համահեղինակ է 37 աշխատութիւններու (այբբենարաններ, մայրենիի եւ կրօնի դասագիրքեր, ընթերցանութեան ձեռնարկներ ու ժողովածուներ, մեթոտական ձեռնարկներ՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն):
Կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ դասականներու գործերէն:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x