Խառնարանին մէջ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ (Պոլիս)

– Շո՛ւտ, շո՛ւտ աճապարենք, հիմա ճամբայ կ’ելլէ հանրաշարժը:

Կը վազենք ու կը յաջողինք նստիլ փոխադրամիջոց, որ մեզի պիտի տանի երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք մղոններ կտրելով:

Դահիճները ետեւէս կը վազեն, արդեօք կրնա՞ն հասնիլ:

Առօրեայէն կը փախիմ, փախելու եմ: Շուրջս կը նայիմ եւ կը տեսնեմ, որ այս դահիճներէն հեռու շատ աւելի ապահով են օտար ափերը:

Շուրջս լեզուներու խառնարան մըն է, հասկնալի կամ անհասկնալի ձայներ կը հնչեն: Զանազան ազգերէ ժողովուրդներ կը տողանցեն:

Փարիզէն ճամբայ կ’ելլէ հանրաշարժը եւ ճամբայ կ’առնէ դէպի Պելժիկ՝ Պրիւքսէլ: Հանրաշարժին պատուհանէն կը նայիմ եւ ես՝ իմ ցոլացումը կը տեսնեմ: Ո՞վ եմ. ես այն մէկը չեմ, որ ունիմ տեսլական մը, որուն շնորհիւ ուղղութիւնս որոշեցի. սակայն ուղղութիւնները կրնան փոխուիլ արտաքին պատճառներով:

Պրիւքսէլէն կ’անցնինք Կանտ եւ յետոյ Պրուժ քաղաքները: Միջնադարեան պտոյտ մը՝ ուր քաղաքներու հրապարակներուն վրայ կախաղաններ պատրաստուած են. կիներ այրած են իբրեւ ջատուկ, մարդիկ զիրար սուրէ անցուցած են եւ տակաւին տեսակ-տեսակ դէպքեր…: Ինծի ալ ջնջել կը պատրաստուին: Հիացմամբ կը դիտենք մեր շուրջը, յայտնելով իրարու, որ շէնքերը պահեր են, շրջակայքը՝ պահպաներ, սակայն հոգ չէ, թէ բազում մարդոց արիւնը թափած են: Այսպէս կ’ըլլան դահիճները, որոնք ուրիշներուն տուած որոշումները կը գործադրեն եւ յետոյ իրենց երեսի ծածկոյթը կը հանեն ու յանկարծ աչքեր կը մեղմանան. անոնք իբրեւ, թէ այն արիւնարբու դահիճները չեն:

Շուրջս՝ ժխորը կը բարձրանայ: Լեզուներ իրար խառնուած են: Դէպի Բաբելոնի աշտարակը կը ճամբորդե՞նք, թէ… ենք արդէն: Իտալերէն, անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, չինարէն, հայերէն՝ ես եւ ընկերս կը խօսինք, եւ նոյնիսկ թրքերէն կը լսուին: Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ’ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ… այլեւս:

Պիտի փափաքէի գիտնալ մէկէ երկուքէ աւելի օտար լեզուներ: Պիտի փափաքէի, որ շուրջիններս գիտնային հայերէնը եւ ես օտարական մը ըլլայի իմ օտար լեզուներով: Քանի մը զբօսաշրջիկներու կը հանդիպիմ քաղաքին մէջ, որոնք արեւելահայերէն կը խօսին: Եթէ բարեւ մը փոխանակէինք իրարու, անոնք պիտի չհասկնային զիս, որոնք ամէն առիթով կ’արտայայտուին, թէ չեն հասկանում արեւմտահայերէնը:

Ո՛չ օտար մըն եմ հոս ոչ ալ՝ քաղաքացի: Ես ի՞նչ եմ, ո՞ւր եմ: Մօնիքը, փորթուկալահայ մըն է, կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն: Սինթիան արժանթինահայ է եւ կը խօսի սպաներէն, Ստեփանը ֆրանսահայ է, կը խօսի ֆրանսերէն, Արէտը Անգլիայէն կու գայ, հայ է, սակայն կը խօսի անգլերէն: Բոլորը հասարակաց լեզու մը ունին եւ այն պահ ասիկա…: Անոնք հայ մայրիկ ու հայրիկէ սերած են եւ կը խօսին հայերէն, սակայն ես օտար մըն եմ եւ հայերէն չեմ խօսիր: Ես՝ հայ մայրիկ ու հայրիկէ սերած եմ, հայ վարժարան յաճախած՝ բնիկ պոլսեցի անհատ մըն եմ ու սա պահուն կը խօսիմ շատ մը օտար լեզուներ բացի հայերէնէն: Պատճա՞ռը: Պատճառը այն է, որ դահիճները մեռցուցին հեւքս, դահիճները արտօնութիւն չտուին, որ ես ըլլամ ինքս: Ես իմ ունեցած հայկական ոգիս փոխանցեմ շուրջիններուս: Դահիճները չեն գիտեր այս զգացումին կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք չունին այս զգացումը, չեն շաղուըուած այն ոգիով եւ ընդհանրապէս հինցած կը նկատեն զայն:

Ոգին ո՛չ կը հիննայ ոչ ալ կը պակսի. այս զգացումը հարազատ է, կ’ըլլայ ի ծնէ: Դահիճները ո՞վ են. անոնց թիւը վերջերս շատ շատցած է մեր շուրջ: Անոնց սեղանին լեզուն հայերէն չէ. ի՞նչ է, թերեւս ֆրանսերէն կամ անգլերէն կամ թրքերէն: Ինչպէս Պոլսոյ մէջ մեծամասնութեան լեզուն թրքերէնն է եւ լեզուին հետ կը տիրէ նաեւ տեղական ազդեցութիւնը:

Երբ երկիր վերադառնամ, առաջին գործս պիտի ըլլայ արձանագրուիլ օտար լեզուի դասընթացքի, որովհետեւ օտարութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք, ի՞նչ հարկ կայ հայերէնին, ի՜նչ հարկ կայ հայու վարժարանին:

Կը հրաժարիմ հայ ըլլալէ, իբրեւ հայերէնի ուսուցչուհի կը հրաժարիմ մայրենի լեզուէ, կը հրաժարիմ ոգիէն, ահա՛ ասոնք են որ կը զգամ Բաբելոնի մէջ, այս վիճակին հասցուցին զիս. պատճա՞ռ… դահիճները կը հետապնդեն. ու հասան կախաղան հանեցին:

Բռնեցէ՛ք, ջնջեցէ՛ք, կտրեցէ՛ք գլուխները:

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ (Պոլիս)

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x