Օսքար Ուայլտ, «De Profundis. Բանտային Խոստովանութիւն». Հատուածներ (Գ.)

Օսքար Ուայլտ

Մօտ վեց շաբաթ առաջ բանտային բժիշկը թոյլ տուաւ ինծի կոշտ սեւ կամ մոխրագոյն հացի փոխարէն, որ կը մտնէ կալանաւորներու սովորական սննդակարգին մէջ, սպիտակ հաց տալ: Ատիկա ինծի համար լաւագոյն քաղցրաւենիք է: Քեզի երեւի տարօրինակ կը թուի, որ չոր, թէկուզ սպիտակ հացը ոեւէ մէկուն համար կրնայ քաղցրաւենիք համարուիլ: Բայց կը վստահեցնեմ քեզի` ատիկա ինծի համար այնպիսի խորտիկ է, որ ամէն անգամ կը հաւաքեմ-կ’ուտեմ բոլոր փշրանքները` մինչեւ վերջին փշուրը, որ կրնար մնացած ըլլալ իմ անագէ ափսէիս կամ ինկած ըլլալ այն կոշտ սրբիչին վրայ, որ մենք կ’օգտագործենք սփռոցի փոխարէն` սեղանը չաղտոտելու համար: Ընդ որում` ես կը հաւաքեմ փշուրները ոչ թէ անօթութենէն․ հիմա, փա՜ռք Տիրոջ, ուտելիքը կը բաւականացնէ,- այլ որպէսզի ոչ մէկ բան, որ ինծի որպէս բաժին տրուած է, չկորսուի ի զուր: Հէնց այսպէս պէտք է վերաբերիլ նաեւ սիրոյն:

* * *

Մարդոց մեծ մասը կ’ապրի անոր համար, որ զիրենք սիրեն եւ հիանան իրենցմով: Բայց մենք ատոր համար չէ որ պէտք է ապրինք, այլ ուրիշները սիրելու եւ ուրիշներով հիանալու համար: Իսկ եթէ մեզ կը սիրեն, ապա պէտք է հաշուետու ըլլանք մենք մեզի այն բանին մէջ, որ արժանի չենք այդ սիրոյն: Մեր` մահկանացուներուս մէջ չկայ ոեւէ մէկը, որ արժանի է սիրոյ:

Իսկ Աստուծոյ սէրը մարդուն նկատմամբ այն բանին վկայութիւնն է, որ այդպէս է կանխորոշուած աստուածային նախախնամութեամբ, որպէսզի յաւերժական սէրը տրուի անոր, որ արժանի պիտի չըլլայ անոր յաւիտեանս: Եթէ քեզի կը թուի, որ այս բառերը թելադրանքն են ներսս կուտակուած դառնութեան, ապա կարելի է առնուազն ըսել, որ սիրոյ արժանի են բոլորը` բացառութեամբ անոնց, որոնք իրենց արժանի կը համարեն:

Սէրը հաղորդութիւն է, որ պէտք է ընդունիլ ծնրադրած, եւ “Domine, non sum dignus” / լատիներէն` «ես արժանի չեմ, Տէ՜ր» / բառերը պէտք է ըլլան զայն ընդունողներու շուրթերուն ու սրտերուն վրայ:

* * *

Յիսուս առաջինն էր, որ ըսաւ, որ մարդիկ պէտք է ապրին «ինչպէս դաշտային ծաղիկները»: Ան յաւերժացուց այս բառերը: Ան անուանեց երեխաները օրինակ, որուն պէտք է ձգտին մարդիկ: Ան երեխաները որպէս օրինակ դրաւ մեծահասակներուն․ ես նոյնպէս միշտ համարած եմ, որ այդ է երեխաներուն կարեւոր առաքելութիւնը, եթէ, ի հարկէ, կատարելութիւնը «կրնայ» առաքելութիւն ունենալ: Տանթէն Աստուծոյ ձեռքէն դուրս թռող մարդկային հոգիին մասին կ’ըսէ․ «ծիծաղելով ու լալով, ինչպէս մանուկ»․ Յիսուս եւս գիտէր, որ ամէն մարդու հոգին պէտք է ըլլայ “а guise di fanciulla, che piangendo e ridendo pargoleggia” («տակաւին մտածել չի կրնար, բայց կը խայտայ` մերթ ծիծաղելով, մերթ ալ` կատակելով»): Ան կը զգար, որ կեանքը փոփոխական է, հոսուն, գործուն, եւ որեւէ ձեւի մէջ զայն կաշկանդելը հաւասարազօր է մահուան: Ան գիտէր, որ մարդիկ պէտք չէ չափէն աւելի լուրջ մօտենան նիւթական, ամենօրեայ երեւոյթներուն, իրերուն, որ ոչ գործնական ըլլալը մեծ  բան է, որ կարիք չկայ հոգ տանելու գործերուն մասին: «Եթէ թռչունները կ’ապրին, մարդը ինչո՞ւ պէտք է անհանգստանայ»: Ան ուղղակի հոյակապ է, երբ կ’ըսէ․ «արդ վաղուան մասին մի՛ հոգաք: Հոգին ուտելիքէն առաւել է, մարմինն ալ` հագուստէն»:  Վերջին արտայայտութիւնը կրնար ըսել յոյներէն իւրաքանչիւրը: Անիկա հելլէնիստական ոգիով է համակուած: Բայց միայն Յիսուսը կրնար ըսել երկու արտայայտութիւնները` ատորմով  տալով կեանքի ամբողջական եւ աւարտուն ձեւակերպումը (3):

Անոր բարոյականութիւնը գթասրտութիւն է, ինչն ալ, ըստ էութեան, պէտք է որ կազմէ բարոյականութիւնը:  Եթէ Ան միայն այս խօսքերն ըսած ըլլար` «անոր բազում մեղքերը ներուած կ’ըլլան, որովհետեւ շատ սիրեց», ապա արդէն իսկ կատարած կ’ըլլար իր առաքելութիւնը, յանուն որուն արժէր մեռնիլ: Արդարութեան անոր պատկերացումը նման է բանաստեղծի (ինչպիսին անիկա, ըստ էութեան, եւ պէտք է որ ըլլայ), եւ ոչ թէ Ֆեմիտայի սպասաւորի ընկալման:

* * *

Իմաստութեան բարձրագոյն աստիճանը գիտակցումն է այն բանին, որ մարդու հոգին անիմանալի է, եւ որ բոլոր գաղտնիքներէն մեծագոյնը ինքը մարդն է: Ան կրնայ կշիռքի վրայ կշռել արեւը, հաշուարկել լուսնի ընթացքը եւ քարտէզի վրայ գծել երկինքի բոլոր եօթը շրջանները` աստղը աստղի ետեւէն, սակայն այդքանով հանդերձ ինքն իրեն համար հանելուկ կը մնայ: Ո՞վ կրնայ հաշուարկել սեփական հոգիին ուղեծիրը:

* * *

Իրական արժէք ունի միայն Հոգին: Պատիժը կրնայ կիրառուած ըլլալ այնպէս, որ բժշկէ, ոչ թէ վէրքեր հասցնէ, այնպէս ինչպէս ողորմութիւնը կրնայ տրուիլ այն ձեւով, որ հացը տուողին ձեռքին մէջ քարի վերածուի: Դուն կրնա՛ս հասկնալ, թէ ի՛նչ փոփոխութիւն կատարուած է (ո՛չ կանոնադրութեան մէջ, որովհետեւ կանոնադրութիւնը հաստատուած է երկաթեայ օրէնքներով, այլ ուղիղ հոգիին մէջ, որ կ’օգտագործէ կանոնադրութիւնը` որպէս իր արտաքին դրսեւորումը),- եթէ ես ըսեմ, որ նախորդ տարուայ Մայիս ամսուն այստեղէն դուրս գալու պարագային, ինչպէս որ կ’ուզէի, ես բանտը պիտի լքէի` այնպիսի այրող ատելութիւն տածելով դէպի բանտն ու անոր բոլոր աշխատողները – ատիկա պիտի թունաւորէր իմ ամբողջ կեանքս:  Ես ազատազրկուած մնացի եւս մէկ ամբողջ տարի, սակայն Մարդկայնութիւնն էր, որ կը բնակէր մեր բոլորին կողքին, եւ այսուհետեւ, երբ ալ որ դուրս գալու ըլլամ այստեղէն, ես միշտ պիտի յիշեմ այն բարութիւնը, որ ինծի կը նուիրէին համարեայ բոլոր շրջապատողներս, եւ իմ ազատ արձակման օրս ես շատերուն շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ եւ պիտի խնդրեմ չմոռնալ զիս, ինչպէս որ ես պիտի չմոռանամ զիրենք:

Բանտային համակարգը բացարձակ, աղաղակող անարդար համակարգ է: Ես աշխարհի մէջ ամէն ինչ կու տայի, որ այստեղէն դուրս գալէն յետոյ կարենայի փոխել զայն: Ես մտադիր եմ փորձել  ատիկա ընել (4):  Բայց չկայ աշխարհի մէջ այն աստիճանի անարդարութիւն, որ Մարդկայնութեան հոգին, այսինքն` Սիրոյ հոգին, Յիսուսի հոգին, որ կ’ապրի տաճարներէն դուրս, չկրնայ ուղղել, թէկուզ ոչ ամբողջութեամբ, բայց գոնէ այնքանով, որ անարդարութիւնը տանելի ըլլայ` առանց սիրտը անողոք դարձնելու:

* * *

Եւս մէկ` վերջին մէկ բան կ’ուզեմ ըսել քեզի: Մի՛ վախնար անցեալէն: Եթէ քեզի փորձեն վստահեցնել, որ անցեալն անդառնալի է, մի՛ հաւատար անոնց: Անցեալը, ներկան ու  ապագան ընդամէնը մէկ ակնթարթ են Աստուծոյ աչքին մէջ, իսկ մենք պէտք է ջանանք ապրիլ Անոր պատկերացումներուն համաձայն:

Ժամանակը եւ տարածութիւնը, դէպքերու յաջորդականութիւնը եւ նիւթի տարածականութիւնը Միտքի գոյութեան սոսկ պայմանական սահմաններն են: Երեւակայութիւնը ի զօրու է անցնելու այդ սահմանները եւ մտնելու հոգեւոր էութեան ազատ ոլորտները: Չէ՞ որ նիւթական էութիւնները նոյնպէս այնպիսին են , ինչպիսին մենք կը պատկերացնենք զանոնք: Նիւթական իրը սոսկ այն է, ինչ մենք կ’ուզենք անոր մէջ տեսնել․ «այնտեղ, ուր ուրիշները կը տեսնեն միայն բլուրներուն վրայ ծագող արշալոյսը,- կ’ըսէ Պլեյք,- ես կը տեսնեմ Աստուծոյ` ուրախութեան մէջ ցնծացող որդիները»:

Այն ապագան, որ, կը կարծէի, կը սպասէր ինծի, ես կորսնցուցի, երբ հնազանդեցայ հօրդ դատի տալու քու յորդորներուդ, թէեւ, ճիշդն ըսած, ես զայն կորսնցուցած էի ատկէ շատ աւելի առաջ: Այն, ինչ այժմ կայ իմ առջեւս, իմ անցեալս է: Ես պէտք է վարժուիմ իմ անցեալիս նայիլ ուրիշ աչքերով, եւ կ’ուզէի այնպէս ընել, որ ամբողջ աշխարհը, եւ նոյնիսկ Ինքը Աստուած իմ անցեալիս նայէին ուրիշ աչքերով: Ես չեմ կրնար ընել ատիկա, եթէ քամահրանքով վերաբերիմ իմ անցեալիս, գովերգեմ զայն կամ հրաժարիմ անորմէ: Ես կրնամ հասնիլ երազանքիս միայն այն պարագային, եթէ ընդունիմ զայն որպէս իմ կեանքիս ու էութեանս բարեշրջման անխուսափելի մաս, եւ եթէ հնազանդօրէն խոնարհեմ գլուխս իմ ապրած ողջ տառապանքիս առջեւ:

* * *

Ծաղիկի մէկ կոկոնի մէջ կրնայ թաքնուած ըլլալ գարնան ողջ խելայեղութիւնը, իսկ արտոյտի բոյնին մէջ` աշխարհի վրայ փթթող կեանքի ողջ ցնծութիւնը, որ կ’ազդարարէ անհաշուելի, բիւրաբիւր ալ-վարդագոյն արշալոյսներու գալուստը: Այդպէս նաեւ ինծի համար` մէկ ակնթարթ խոնարհութեան, հեզութեան ու հնազանդութեան մէջ թաքնուած են մնացեալ կեանքիս բոլոր հիասքանչ օրերը:

(վերջ)

(3) «Իր աշակերտներուն ըսաւ«ատոր համար կ’ըսեմ ձեզի ձեր կեանքին համար հոգ մի՛ ընէք, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ոչ ալ ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագուիք: Հոգին ուտելիքէն առաւել է, մարմինն ալ` հագուստէն:

Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որ ոչ կը ցանեն, ո՛չ ալ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, եւ Աստուած կը կերակրէ զանոնք դուք թռչուններէն որքա՛ն առաւել արժէք ունիք» (Ղուկ. 12-22-24):

(4) Ի դէպ բանտէն դուրս գալէն յետոյ Ուայլտ «Ռետինկեան բանտի կալանաւորը» պոէմէն բացի հրատարակեց նաեւ քանի մը յօդուած` առաջարկելով բարելաւել կալանաւորներու պայմանները: 1898-ին Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատը վաւերացուց «Բանտերու մասին օրէնքը», ուր արտացոլուեցան նաեւ Ուայլտի շարք մը առաջարկները:

 

Թարգմանեց՝ Լիլիթ Տէր Գրիգորեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Վարդան Թաշճեան

Երեւան հաստատուած Լիլիթ Տէր Գրիգորեան Հայաստանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի հայոց լեզուի եւ տարրական ուսուցման մեթոտաբանութեան ամպիոնի դասախօս է, 1995-էն: Ներկայիս, անոր գիտական աշխատանքներն ու գործունէութիւնը կ՛ընդգրկեն հայոց լեզուի ու լեզուաբանութեան, մայրենի լեզուի տարրական ուսուցման եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հարցերը, զորս կ՛իրականացնէ գիտական յօդուածներու եւ նախադպրոցական, դպրոցական, համալսարանական դասագիրքերու եւ ուղեցոյցներու հրատարակման միջոցով: Հեղինակ եւ համահեղինակ է 37 աշխատութիւններու (այբբենարաններ, մայրենիի եւ կրօնի դասագիրքեր, ընթերցանութեան ձեռնարկներ ու ժողովածուներ, մեթոտական ձեռնարկներ՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն):
Կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ դասականներու գործերէն:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x