Կարդա՞լ, Թէ՞ ՉԿԱՐԴԱԼ

Օսքար Ուայլտ

Հաւատացած եմ, որ գիրքերը պայմանականօրէն կարելի է բաժնել երեք խումբերու.
1.Գիրքեր, զորս պէտք է կարդալ, ինչպէս, օրինակ, Կիկերոնի նամակները, Սվեդոնիուս, Վազարիի «Նկարիչներու կեանքը», «Պենվենուդօ Չելլինիի ինքակենսագրութիւնը», Սըր Ճոն Մանտեւիլ, Մարքօ Փոլօ, Սէն Սիմոնի «Յուշագրութիւններ»ը, Մոմզէն, եւ (տակաւին ունինք աւելի լաւ գործ մը), Կրոութի «Յունաստանի պատմութիւնը»:
2.Գիրքեր, որոնք պէտք է վերընթերցուին, ինչպէս, ըսենք, Պղատոն եւ Քիթս, բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ` մեծերը, ոչ թէ մենեսդրելները, փիլիսոփայութեան բնագաւառին մէջ` տեսանողները, ոչ թէ նեղմիտ ուսեալները…

3.Գիրքեր, զորս ամենեւին պէտք չէ կարդալ, ինչպէս, ըսենք, Թոմսոնի «Եղանակներ»ը, Ռոճերսի «Իտալիա»ն, Փեյլիի «Վկայութիւններ»ը, եկեղեցուոյ բոլոր Հայրերը` բացառութեամբ Սուրբ Օգոստինոսին, Ճոն Սթիուըրտ Միլի գործերը` բացի «Ազատութիւն» փորձագրութենէն, Վոլթերի բոլոր թատերախաղերը առանց որեւէ բացառութեան, Պաթլըրի «Համանմանութիւն»ը, Կրանդի «Արիստոտել»ը, Հիւմի «Անգլիա»ն, Լուիսի «Փիլիսոփայութեան պատմութիւն»ը, բոլոր վիճահառոյց եւ այն բոլոր գիրքերը, որոնք կը փորձեն ինչ-որ բան ապացուցել:

Երրորդ խումբը բացառապէս ամենակարեւորն է: Մարդոց ըսել, թէ ինչ կարդալ, որպէս կանոն, կա՛մ անօգուտ է, կա՛մ վնասակար, քանի որ գրականութեան արժեւորումը խառնուածքի խնդիր է, ոչ թէ սորվեցնելու. Փառնաս հասնելու համար չկայ այբբենարան, եւ այն, ինչ կարելի է սորվիլ, երբեք չ’արժեր սորվիլ: Բայց մարդոց ըսել` ինչ չկարդալ, շատ տարբեր նշանակութիւն ունի, ու ես կը յանդգնիմ առաջարկել ատիկա` որպէս առաքելութիւն, որ կը յանգեցնէ Համալսարաններու Շարունակութեան Ծրագրին: Անշուշտ, ատիկա բան է մըն է, որ վսեմօրէն անհրաժեշտ է մեր այս դարուն մէջ, դար, որ կը կարդայ այնքան շատ, որ ժամանակ չունի հիանալու եւ կը գրէ այնքան շատ, որ ժամանակ չունի խորհելու: Ով որ մերօրեայ ուսումնական ծրագիրի քաոսէն ընտրէ հարիւր ամենավատ գիրքերը եւ հրապարակէ անոնց ցուցակը, աճող սերունդին իսկական ու յարատեւ օգուտ մը կը շնորհէ: Այս տեսակէտերը արտայայտելէն յետոյ, կը կարծեմ, ամենեւին պէտք չէ առաջարկութիւն ընեմ` կապուած հարիւր լաւագոյն գիրքերուն, մինչդեռ, յոյս ունիմ, ինծի թոյլ կու տաք վայելելու հակասական ըլլալու հաճոյքը, որովհետեւ ես բուռն ցանկութիւն ունիմ պահանջել գիրք մը, որ տարօրինակ կերպով «անտեսուած է» այն հրաշալի գիտակներուն կողմէ, ովքեր թղթակցած են ձեր թերթին: Նկատի ունիմ «Յունական անթոլոկիա»ն: Ինծի կը թուի` այս ժողովածուին մէջ ընդգրկուած գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները նոյն տեղը կը զբաղեցնեն, ինչ յունական թատերագրական երկերը, ինչպէս Թանակրայի փոքրիկ նրբագեղ արձանիկները` Ֆիտիական մարմարներուն համեմատ, եւ միանգամայն անհրաժեշտ են` յունաց ոգին լիովին հասկնալու համար:

Ես նաեւ կը զարմանամ, իմանալով, որ Էտկար Ալըն Փոն անուշադրութեան է մատնուած: Չէ՞ որ ռիթմիկ արտայայտչականութեան այս սքանչելի լորտը անշուշտ իր արժանի տեղը ունի: Եթէ անոր տեղ տալու համար անհրաժեշտ ըլլար ինչ-որ մէկը դուրս մղել, ես կը հանէի Սաութիին, իսկ Քեպլը, կը կարծեմ, ըստ արժանուոյն կրնար փոխարինուիլ Պոտլերով:
Անկասկած թէ՛ «Քեհամայի անէծքը»ին, թէ՛ «Քրիստոնէական տարի»ին մէջ որոշակիօրէն կան բանաստեղծական որակներ, սակայն ճաշակի բացարձակ բազմազանութիւնը առանց վտանգներու չէ: Միայն աճուրդախօսն է, որ պէտք է հիանայ արուեստի բոլոր դպրոցներով…

(Փորձագրութիւն, «Փոլ Մոլ Գըզեթ», Փետրուար 8, 1886)

Անգլերէնէն թարգմանեց` Էլֆիք Զօհրապեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Վարդան Թաշճեան

Էլֆիք Զoհրապեան հեքիաթագիր է, Լ. Շանթի անուան մրցանակի դափնեկիր թատերագիր, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, թատրոնի եւ սինեմայի դերասան, Երեւանի թատրոնի և սինեմայի պետական հիմնարկի Վանաձորի մասնաճիւղի տնօրէն: Թարգմանած է անգլիագիր շարք մը հեղինակներու գործեր: 2012-ին անոր թարգմանութեամբ, գիտական յօդուածներով եւ ծանօթագրութիւններով հայերէնով մէկ գիրքով առաջին անգամ լոյս տեսաւ Ու. Սարոյեանի «Բան ունեմ ասելու» թատերախաղերու ժողովածուն, 2013-ին՝ «Հոգեվիճակ 13» պատմուածքներու եւ երգիծապատումներու գիրքը: Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած անոր հեքիաթներու` «Բիւրեղապակէ մարդը» գիրքը 2018-ին համարուեցաւ «ամենապահանջարկ ունեցող հայկական հեքիաթներու գիրքը»: 2019-ին լոյս տեսաւ Է. Զոհրաբեանի «Թեթեւ տարեք» բազմաժանր ու թարմաշունչ թատերախաղերու ժողովածուն: Անոր թատերախաղերը կը բեմադրուին Հայաստանի եւ արտերկրի տարբեր թատրոններուն մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x