Օսքար Ուայլտի “De Profundis. Բանտային Խոստովանութիւն” ստեղծագործութիւնը որպէս մարդկային հոգիի վերածնունդի պատմութիւն 

"Աւելի լաւ է քնանալ ցօղաթաթախ պաղ խոտերու մէջ` բաց երկինքի տակ, իսկ ձմռան ապաստան փնտռել դէզի տաքուկ խորքերուն մէջ կամ գէշ եղանակին պատսպարուիլ ամբարի ծածքին տակ, քան ապրիլ` սրտին մէջ սէր չունենալով:"

Օսքար Ուայլտ
Օսքար Ուայլտ

Բանտին մէջ գրուած Օսքար Ուայլտի այս ստեղծագործութիւնը նամակ-խոստովանութիւն է, զոր տպագրութեան համար ան յանձնած էր իրեն հաւատարիմ մնացած սակաւաթիւ մտերիմներէն մէկուն` Ռոպերթ Ռոսսին: Ռոսս “De Profundis”-ի առաջին հրատարակութեան նախաբանին մէջ ներկայացուց նոյնինքն Ուայլտի` իրեն ուղղած բացատրութիւններն ու հրահանգները, զորս մեծ գրողը կատարած էր խոստովանութեան հրատարակութեան վերաբերեալ: Ահա ուշագրաւ հատուած մը, որ կ’օգնէ հասկնալու ստեղծագործութեան էութիւնը

«Ես ամենեւին չեմ ցանկար արդարացնել իմ վարքագիծս,- կը գրէ Ուայլտ,- ես պարզապէս կը բացատրեմ: Եւ անորմէ բացի, խոստովանութեան բազմաթիւ հատուածներուն մէջ, ես կը գրեմ հոգեւոր այն վերածնունդին մասին, զոր ես ունեցայ բանտարկութեան տարիներուն ընթացքին եւ, իհարկէ, անոր հետեւանքով բնաւորութեանս եւ կեանքի նկատմամբ ունեցած հայեացքներուս մէջ կատարուած անխուսափելի փոփոխութիւններուն մասին: Ես կը ցանկամ, որ դուն (1) , ինչպէս նաեւ իմ այն ընկերներս, որոնք մնացին իմ կողքիս ու պահպանեցին իրենց բարի վերաբերմունքը ինծի հանդէպ, կարենան լաւ պատկերացնել, թէ հոգեբանական ի՛նչ տրամադրուածութեամբ  եւ ի՛նչ դիմագիծով է, որ ես կը պատրաստուիմ նորէն կայնիլ աշխարհին առջեւ: 

Հասկնալի է, եւ ես լիովին հաշիւ կու տամ ես ինծի, որ երբ ազատ արձակուիմ, առումով մը բանտէն պիտի տեղափոխուիմ այլ բանտ մը: Կ՛ըլլան պահեր, երբ ամբողջ աշխարհը ինծի նոյնքան նեղ կ՛երեւի, որքան իմ բանտախուցս, եւ ես սարսափով կը մտածեմ այն մասին, թէ ի՛նչ կը սպասէ ինծի:  Զիս կը սփոփէ միայն այն միտքը, որ Աստուած տիեզերքը ստեղծելու ատեն մեզմէ իւրաքանչիւրին պարգեւած է իր սեփական աշխարհը, եւ որ նոյնինքն ա՛յդ աշխարհին մէջ, որ գոյութիւն ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին ներսը, մենք պէտք է ապրինք»:

”De Profundis”-ի մէջ զարմանալի անկեղծութեամբ եւ սիրտ խոցող ցաւով փոխանցուած են հոգեկան ապրումները արուեստագէտի մը`  չափազանց բարձր մտաւոր ներաշխարհով ու վսեմագոյն խառնուածքով, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ փխրուն ու խոցելի հոգիի տէր արուեստագէտի մը, որ ընկերութեան կողմէ օսթրաքիզմի (2) ենթարկուեցաւ եւ  բանտարկութեամբ ստորացուեցաւ: «Կ’ուզէի յոյս տածել,- կը գրէ Ռոսս,- որ ընթերցողները այժմ հնարաւորութիւն կ’ունենան ուրիշ հայեացքով նայելու փայլուն գրողին եւ աներեւակայելի ճարտարամիտ մարդուն, որպիսին Օսքար Ուայլտն էր»:

Բանտէն դուրս գալէն յետոյ ան գրեց միայն մէկ գործ` «Ռետինկեան Բանտի Պալլատը», որ դարձաւ անոր գլուխգործոցներէն մէկը:

Ներկայացնենք Օսքար Ուայլտի «De Profundis. Բանտային Խոստովանութիւն”-էն հատուածներ, որոնք ձեր առջեւ կը բանան մարդկային հոգիի վերածնունդի ու դարձի ճանապարհը:

 

Ծանօթ.

  1. Նկատի ունի լորտ Ալֆրետ Տուկլասը, որուն ուղղուած էր նամակ-խոստովանութիւնը։
  2. Օսթրաքիզմ կամ խեցիներու դատարան – Աթէնքի ժողովրդավարական դրութեան յատուկ տարրերէն (Յունարէն «ostrakismos» կը նշանակէ խեցի). կանխարգելիչ օրէնք մը՝ որ յանցանքը պատժելու փոխարէն, նպատակ ունէր կանխելու զայն: Կը գործադրուէր հետեւալ կերպով. նախօրոք ներկաներուն կը բաժնէին խեցիներ, որոնց վրայ կը գրուէր այն անձնաւորութեան անունը, զոր ժողովուրդը կը ցանկար վտարել: Եթէ մարդոց մեծամասնութիւնը խեցիին վրայ գրուած քաղաքացիին անունը ջնջէր, ապա ան տասը տարիով կ՛արտաքսուէր երկրէն։

Օսքար Ուայլտ, “De Profundis. Բանտային Խոստովանութիւն”. Հատուածներ

Աստուածները շռայլօրէն օժտած էին զիս:  Ես ունէի մեծ շնորհ, փառապանծ անուն, հասարակութեան մէջ արժանապատիւ դիրք, փայլուն, սուր միտք: Ես արուեստը կը վերածէի փիլիսոփայութեան եւ փիլիսոփայութիւնը` արուեստի: Ես կը փոխէի մարդոց աշխարհայեացքը եւ ամբողջ աշխարհի գոյները. ինչ ալ որ ըսէի կամ ընէի, ամէն ինչ կը հիացնէր զիրենք: Տրաման` արուեստի մէջ յայտնի ժանրերէն ամենաանդէմը, ես վերածեցի արտայայտման նոյնքան  խոր անձնական միջոցի, ինչպիսին քնարերգական բանաստեղծութիւնն է. ես միաժամանակ ընդլայնեցի տրամայի գործողութիւններուն ոլորտը, հարստացուցի  նոր մեկնաբանութիւններով: Այն ամէնը, ինչով ես կը զբաղէի` ըլլար տրամա, վէպ, բանաստեղծութիւն թէ արձակ բանաստեղծութիւն, սրամիտ կամ ֆանթասթիք երկխօսութիւն, ամէն ինչ կը լուաւորէր մինչ այդ  չիմացուած գեղեցկութեամբ: Ես ճշմարտութեան հաւասարապէս օրինաչափ սեփականութիւնը դարձուցի  ճշմարիտն ու սուտը եւ ցոյց տուի, որ անոնք ոչ այլ ինչ են, եթէ ոչ մեր գիտակցութենէն ծնած պատկերներ: Ես Արուեստին կը վերաբերէի որպէս բարձրագոյն  իրականութիւն, իսկ կեանքին` ինչպէս  երեւակայութեան դրսեւորում: Ես արթնցուցի իմ դարիս երեւակայութիւնը, այնպէս որ անիկա զիս ալ պարուրեց առասպելներով ու հերոսապատումներով: Փիլիսոփայական որեւէ համակարգ ես կրնայի ամփոփել մէկ արտայայտութեան, իսկ ողջ էութիւնը` էփիկրամի մը մէջ:   

            * * * 

Արդէն գրեթէ երկու տարի է, որ զիս բանտ նետած են: Հոգիիս խորքէն վայրի յուսահատութիւն ժայթքեց, ամենակուլ վիշտ մը, որուն առանց խղճահարութեան  կարելի չէր նայիլ, սարսափելի, անզօր կատաղութիւն, դառն տրտունջք եւ վրդովմունք, տրտմութիւն, որ կը հեծկլտայ ամբողջ կոկորդով, վիրաւորանք, որ ձայն չի գտներ, եւ յամրացած մորմոք: Ես անցած եմ տառապանքի բոլոր հնարաւոր  աստիճաններէն: Հիմա ես Ուորտուըրտէն ալ լաւ կը հասկանամ, թէ ան ի՛նչ նկատի ունէր այս տողերուն մէջ «Մութ, սեւ ու անհատնում է Կսկիծը եւ իր բնութեամբ` անսահմանական»: Ու թէեւ կը պատահէր, որ կ՛ուրախանայի այն մտքով, որ իմ տառապանքներուս վերջ պիտի չըլլար, ես չեմ կարծեր, որ անոնք անիմաստ են: Սակայն հոգիիս խորքին մէջ բան մը կար պահուըտած, որ ինծի կ’ըսէր` կեանքին մէջ ոչ մէկ բան անիմաստ է, առաւել եւս` տառապանքը: Եւ այն, որ պահուըտած էր հոգիիս խորքը, հողի մէջ թաղուած գանձի էր նման, որ կը կոչուի Խոնարհութիւն:

Ատիկա վերջին եւ լաւագոյն բանն է, որ մնացած է ինծի` եզրափակիչ բացայայտումը, որուն ես յանգեցայ` նոր ճանապարհի, նոր կեանքի սկիզբը: Խոնարհութիւնը եկաւ ներսէն` ինձմէ. ահա թէ ինչո՛ւ ես գիտեմ, որ անիկա ժամանակին եկաւ: Անիկա չէր կրնար գալ ո՛չ աւելի կանուխ, ո՛չ աւելի ուշ: Եթէ ոեւէ մէկը ինծի պատմէր անոր մասին, ես պիտի ուրանայի զայն: Եթէ զայն ինծի բերէին, ես պիտի հրաժարէի անորմէ: Բայց ես ինքս գտայ զայն եւ կ՛ուզեմ պահպանել: Այդ միակ բանն է, որ իր մէջ կեանքի նշոյլներ` առկայծումներ ունի` նոր կեանքի, իմ Vita Nuova-ի: Խոնարհութիւնը աշխարհի ամենաարտասովոր բանն է: Անորմէ անհնար է ազատիլ, եւ ուրիշի ձեռքէն զայն չես ստանար: Զայն ձեռք բերելու համար պէտք է կեանքին մէջ  ամէն ինչ կորսնցնել` մինչեւ վերջ: Միայն այդ ժամանակ, երբ զրկուած ես ամէն ինչէ, կը զգաս որ ան դարձած է սեփականութիւնդ: Եւ հիմա, երբ ես կը զգամ զայն ներսս, ես միանգամայն յստակ  կը տեսնեմ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ` թէ ես ի՛նչ պէտք է անպայման ընեմ: Պէտք չկայ քեզի ըսելու, որ այսպիսի բառեր գործածելով` ես նկատի չունիմ որեւէ թոյլտուութիւն, հրաման կամ արտաքին ներգործութիւն: Ես անոնց չեմ ենթարկուիր: Ես հիմա ա՛լ աւելի անհատապաշտ եմ դարձած, քան երբեւէ: Ինծի համար արժէքաւոր է միայն այն, ինչ մարդ կը գտնէ իր ներսը մնացեալը նուազագոյն արժէք անգամ չունի: Իմ հոգիս հիմա ինքնաարտայայտման նոր եղանակ կը փնտռէ սա է հիմա միակ հոգս սա է միայն որ կը յուզէ զիս: Եւ առաջին բանը, որ ինծի համար անհրաժեշտ է ընել` քու  նկատմամբ վիրաւորանքի ու դառնութեան զգացումներէն ազատիլն է: 

* * * 

 Եթէ նոյնիսկ հարուստներու տուներուն մէջ ոչինչ ստանամ, աղքատները միշտ ալ ողորմութիւն կու տան: Չէ՞ որ որքան մարդ հարուստ է, այնքան ժլատ է, իսկ որքան աղքատ է, այնքան՝ առատաձեռն: Աւելի լաւ է քնանալ ցօղաթաթախ պաղ խոտերու մէջ` բաց երկինքի տակ, իսկ ձմռան ապաստան փնտռել դէզի տաքուկ խորքերուն մէջ կամ գէշ եղանակին պատսպարուիլ ամբարի ծածքին տակ, քան ապրիլ` սրտին մէջ սէր չունենալով:

    * * * 

Տառապանքը եւ այն, զոր կը սորվեցնէ տառապանքը ահա՛ իմ նոր աշխարհը: Կար ժամանակ, երբ ես կ’ապրէի միայն հաճոյքներու համար: Ես ամէն կերպ կը խուսափէի տառապանքներէն ու դառնութիւններէն, որքան ալ անոնք աննշան ըլլային: Թէ՛ առաջինները, թէ՛ երկրորդները ինծի համար ատելի էին: Ես կ’աշխատէի կարելի եղածին չափ անտեսել զանոնք` անոնց մէջ տեսնելով մեր աշխարհի անկատարութեան դրսեւորումը: Անոնք օտար էին իմ կենսական սկզբունքներուս: Անոնք տեղ չունէին իմ փիլիսոփայութեանս մէջ: Մայրս, որ այնքան լաւ կրցած էր ճանչնալ կեանքը իր բոլոր դրսեւորումներով, յաճախ կը մէջբերէր Կէօթէի տողերը, որոնք տեղ գտած էին (եւ կարծեմ` թարգմանուած էին) Գարլայլի կողմէ շատ տարիներ առաջ մօրս նուիրուած մէկ գիրքին մէջ

«Ով հացի հետ արցունքներն իր չէ կերած,

Ով կեանքին մէջ հազար գիշեր տրտմագին

Անկողնի մէջ լուռ արտասուելով չէ նստած,-

Ան հասու չէ Զօրութեան երկնային․․․»

Եոհան Վոլֆկանկ Կէօթէ

 

* * * 

 Եւ ահա, վերջին ամիսներու անպատմելի ջանքերէն եւ անձիս հետ յուսահատ պայքարէն յետոյ, ես վերջապէս սորվեցայ անսալ այն դասերուն, որոնք պահուըտած են տառապանքի խորքը: 

Հոգեւորականները եւ անոնք, որոնք կը սիրեն վերամբարձ իմաստախօսիլ, չհասկնալով, յաճախ կ’ըսեն, որ Տառապանքը խորհուրդ է: Իրականութեան մէջ անիկա յայտնութիւն է: Դուն քեզի միանգամայն անսպասելի կը յայտնաբերես զայն. բան մը, որուն մասին նախապէս մտածել անգամ չէիր կրնար: Մարդկութեան ամբողջ պատմութիւնը կը սկսիս ընկալել միանգամայն այլ կերպ: Եւ այն, զոր Արուեստի մէջ կը տեսնէիր ներիմացօրէն, անգիտակցաբար, յանկարծ  կը յառնի առջեւդ առաւելագոյն, բիւրեղային յստակութեամբ:

     Եւ հիմա ես կը տեսնեմ, որ Տխրութիւնը, իսկ անիկա, ես կը կարծեմ, ամենավեհ զգացումն է, զոր մարդը կրնայ ապրիլ, Տառապանքին հետ միաժամանակ կրնայ ըլլալ իսկական, մեծ Արուեստի թէ՛  թեմա, թէ՛ չափանիշ:

 

Թարգմանութիւնը՝ Լիլիթ Տէր Գրիգորեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Երեւան հաստատուած Լիլիթ Տէր Գրիգորեան Հայաստանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի հայոց լեզուի եւ տարրական ուսուցման մեթոտաբանութեան ամպիոնի դասախօս է, 1995-էն: Ներկայիս, անոր գիտական աշխատանքներն ու գործունէութիւնը կ՛ընդգրկեն հայոց լեզուի ու լեզուաբանութեան, մայրենի լեզուի տարրական ուսուցման եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հարցերը, զորս կ՛իրականացնէ գիտական յօդուածներու եւ նախադպրոցական, դպրոցական, համալսարանական դասագիրքերու եւ ուղեցոյցներու հրատարակման միջոցով: Հեղինակ եւ համահեղինակ է 37 աշխատութիւններու (այբբենարաններ, մայրենիի եւ կրօնի դասագիրքեր, ընթերցանութեան ձեռնարկներ ու ժողովածուներ, մեթոտական ձեռնարկներ՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն):
Կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ դասականներու գործերէն:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x