5րդ Յարկին Հիւրընկալ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ

Քիչ կը պատահի, որ օտարացնող եւ մաշեցնող սփիւռքեան իրականութեան մէջ, հայ գիրքը, երգը, երաժշտութիւնը, մայր Հայաստանը, անկախ Կիլիկիան, Կոմիտասն ու Սայաթ Նովան, միաձուլուած՝ տեսլապաշտ հայու նուիրումին հետ, կը հանդիպին նոյն վայրին մէջ, վերստին կը ծանօթանան իրարու, կը զրուցեն իրարու հետ եւ կը հրաւիրեն բոլորը՝ երաժշտասէր, ընթերցասէր եւ պրպտող՝ գալու եւ միանալու մշակութային խնճոյքի մը, ուր թուղթն ու տառը կ’երգեն ու կը պարեն նմուշներ հայ մտքի գոհարներէն:

Այս մտածումները պաշարեցին միտքս ու հոգիս, երբ վերջերս առիթը ընծայուեցաւ ինծի այցելութիւն մը տալու Լիբանանահայ եւ ընհանրապէս հայ իրականութեան մէջ եզակի անուն ու հասցէ դարձած հայ երգի եւ երաժշտութեան նուիրուած մասնագիտական ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ:

Վերջին քանի մը ամիսներուն, մասնաւորաբար սփիւռքի այլ գաղութներէն ժամանած բարեկամներ հարց կու տային ինծի, թէ ո՞ւր կը գտնուի ԳՈՀԱՐ մասնագիտական գրադարանը: Պատահեցաւ նաեւ, որ Հալէպէն եկած հիւր մը խնդրէր ինձմէ որ զինք հասցնեմ նախկին երկաթէ կամուրջին կից գտնուող շէնքին 5րդ յարկը: Հասցուցի, բայց ես չբարձրացայ:

Այս պատահարը վրդովեց հոգիս: Ինչպէս կ’ըլլար որ այլ երկիրներէ Լիբանան ժամանած մարդիկ անխուսափելի կը նկատէին իրենց այցելութիւնը ԳՈՀԱՐ, մինչ ես, թէեւ հայ մշակոյթի երկրպագու, տակաւին ծանօթ չէի 5րդ յարկին վրայ գտնուող ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ:

Դժուար չէր իմանալ, որ միջազգաին հռչակի տիրացած ԳՈՀԱՐ Համոյթն ու ԳՈՀԱՐ գրադարանը հարազատ զաւակներն են երաժշտասէր Խաչատուրեան ընտանիքին:

Ժամադրութեամբ մը հասայ Հաճըն թաղամասին մօտ, նախկին երկաթէ կամուրջին կից շէնքին 5րդ յարկը:

Արդիական ու փայլատակող յարկաբաժին մը՝ ընդարձակ սրահով ու քանի մը սենեակով:

Սիրալիր ընդունելութիւն եւ հետաքրքրական զրոյց:

Զրուցակիցներս հաւանաբար զգացին որ թէեւ կը մասնակցիմ խօսակցութեան, բայց վստահաբար նաեւ նկատեցին՝ ներողամտաբար, որ աչքերս ու կեդրոնացումիս մէկ մասը ուղղուած է այլ տեղ, դէպի խոպան պատերը հայ գիրքերով հարստացուցած դարանները:

Պարզապէս գեղեցիկ է այս գանձարանը, կը մտածէի, երբ մտքիս թելը հաճոյքով կտրեց զրուցակիցս՝ բացատրելով. «ԳՈՀԱՐ գրադարանը ներկայիս ունի մօտաւորապէս 2.300 հայկական երգարան եւ անոնք կը գրաւեն մեր շուրջի պատերը»:

Կ’ելլենք ոտքի եւ կը սկսի մեր բացատրական պտոյտը մշակութային այս գանձարանի բաժանմունքներուն մէջ:

Անձնապէս Կոմիտասի երկրպարգու, պահ մը կը կենամ հայ երաժշտութեան մաշտոցին նուիրուած առանձին բաժնին առջեւ: Կը դիտեմ գիրքերը՝ մաղթելով, որ անոնց էջերը գրաւած երգերն ու խազերը մարմին կ’առնեն շուտով եւ հայկազեան խօսք ու մեղեդի դարձած կը թափանցեն այլասերութեան հողմին յանձուած հայ հոգիներէն ներս:

Քիչ անդին կը հանդիպինք հայերէնէ- հայերէն եւ հայերէնէ այլ լեզուներով աւելի քան 500 բառարաններու: Բառարաններու բաժնին կից տեղադրուած են աւելի քան 3.500 LPs, Cassettes, CDs եւ DVDs -ներ:

Պետական ծաւալով աշխատանքի մը սկիզբն ենք արդեօ՞ք, կը մտածեմ՝ միաժամանակ պեղելով կահաւորման գեղեցկութիւնը, որ հայ մշակոյթի մասին ուսումնասիրական տքնաջան աշխատանքը դիւրաւ կրնայ վերածել անյագ հաճոյքի:

Կ’անցնինք քովի սենեակը, ուր կը հանդիպինք հայոց պատմութեան յուշամատեաններու, հայկական մանրանկարչութեան եւ ձեռարուեստի նուիրուած հատորներու եւ Ցեղասպանութեան վերաբերող վկայագրական գիրքերու:

Կարելի չէ կանգ չառնել Կիլիկիոյ պատմագրական գիրքերու բաժնին առջեւ: Ես ալ կիլիկեցի մը, ինչպէս սփիւռքահայերուն մեծամասնութիւնը, կը տարուիմ մեր թագաւորական անցեալով: Կը սկսիմ մտքով մրմռալ երգը՝ «ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ, որ ինձ ետուր արև», մինչ զրուցակիցիս աչքերը կը փայլատակէին կիլիկեցի ըլլալու եւ Կիլիկիան վերստին նուաճելու անխառն հպարտութեամբ:

Եւ վերջապէս կ’անցնինք դաշնամուրով օժտուած գեղեցիկ սենեակ մը՝ զարդարուած ԳՈՀԱՐ Համոյթի ելոյթներէն քաղուած պատկերներով: Ինչո՞ւ այս դաշնամուրը, հարց կու տամ զրուցակիցիս, «ընթերցելէ, ուսումնասիրելէ ետք, նօթերը դաշնամուրով փորձ ընելու համար», կը բացատրէ ան:

ԳՈՀԱՐ գրադարան տուած այցելութիւնս ակամայ հասած էր իր աւարտին: Կը պատրաստուէի մեկնելու, երբ յարգելի զրուցակիցս հրաւիրեց զիս նաեւ այցելելու մասնաւորաբար ԳՈՀԱՐ գրադարանի գիրքերուն համար հիմնուած մէկ յարկ վար գտնուող արդիական գործիքներով օժտուած կազմատունը:

«Կազմատունը ունի մասնագիտացած աշխատակազմ մը, որ արհեստագիտական բարձր մակարդակով կը կազմէ գիրքերը եւ հնամաշ ու փճացած գիրքերուն կը վերադարձնէ անոնց իսկական պատկերն ու ոգին», կը բացատրէ զրուցակիցս:

Շշմած կը նայիմ շուրջս, ուր կազմատուն-արհեստանոց չեմ տեսներ այլեւս: Ինքզինքս կը պատկերացնեմ գունաւոր բոյսերով հարստացած կենսատու ծաղկանոցի մը մէջ, որ յարալէզներուն նման կեանք կու տայ մահուան սեմին հասած ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ:

Ակամայ կը բաժնուիմ հայ մշակոյթի ծառայութեան կեդրոն դարձած՝ ԳՈՀԱՐ գրադարանէն ու կազմատունէն:

Ցտեսութի՛ւն հայ գիրք, հայ երգ, Կոմիտաս ու Սայաթ Նովա: Ցտեսութի՛ւն Կիլիկիա:

Վերստին կը տեսնուինք ՝ ձեզ ու մեզ հիւրընկալող հայ մշակոյթի տան մէջ, նմանօրինակ բոլոր տուներուն մէջ՝ ուր որ ալ գտնուին անոնք:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Hratch kassabian
Hratch kassabian
11 months ago

Ինչ հաճելի անակնկալ է կարդալ որ Գոհարի ժառանգութիւնը կը գոյատեւէ այս ձեւով։ Մաեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան տարիներով ղեկավարած եւ մեծ նուաճումներ ձեռք ձգած էր։ Մեր երաժշտութեան եւ գեղարուեստի ուուցիչն էր Մելքոնեան վարժարանին մէջ։

Silva Iskikian Mahrejian
Silva Iskikian Mahrejian
1 month ago

Անկեղծ ու ճարտար գրիչով ներկայացուած հրաշալի Գրադարանը, որ իր պարունակութեամբ կը հրապուրէ արուեստասէր փաղանգը:

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x