Ծաղկազարդ

Հեղինակ՝ ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ (Պոլիս)

Ձեւաւորումը՝ Վարդան Թաշճեանի. նկարին մէջ՝ Լեռնա Գարագիւթիւք եւ Պոլսոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:

Այսօր՝ Ծաղկազարդ է: Պատուհանէն կը նայիմ ու կը տեսնեմ կարգ մը ծանօթներ, որոնք ներկայանալի հագուած են ու կ’անցնին փողոցէն. անմիջապէս կը գուշակեմ, որ եկեղեցի կ’երթան: Անոնք վստահ՝ ձիթենիի ճիւղերով պիտի վերադառնան:

Այս Ծաղկազարդի տօնին տարբեր զգացումներու մէջ կը թռվռամ, որովհետեւ այցելուներ ունիմ արտասահմանէն, որոնք Ս. Զատիկը պիտի դիմաւորեն Պոլսոյ մէջ: Ազգականներս երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած են Եւրոպա, սակայն իրենց երբեմնի օրերուն ծաղկազարդները, զատիկները կը յիշեն ու կ’ոգեւորուին:

Ստեփան քեռիս՝ մանկութեան օրերուն կանուխէն կ’երթար ժամ, որպէսզի տեղ գրաւէր առջեւի կարգերուն վրայ: Մայրիկը գիշերուընէ կ’արդուկէր տաբատը եւ սպիտակ շապիկը ու կը տեղաւորէր կախիչին վրայ, յաջորդ առաւօտ հագուելու համար: Փողկապը նախապէս կը կապէր հայրիկը, որպէսզի Ստեփան քեռիս ծունկին վրայ ձեւեր տալով փափիոնի չվերածէր լաթի կտորը, որուն արժէքը մարդը գերազանց կը պահէ ուրիշ մարդոցմէ՝ ըստ երեւոյթի:

Ի՜նչ լաւ է. շաբաթ մը վերջ պիտի վայելենք Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը. բոլորիս խանդավառութիւնը պիտի բազմապատկուի ու հաւկթամարտի յաղթանակը ցոյց պիտի տայ տարուան բախտաւորը, ան պիտի թօթուէ բոլորիս ձեռքերը, որպէսզի ստանայ իր նուէրը:

Այսօր ես ալ եկեղեցի պիտի երթամ: Կը հեռանամ պատուհանին առջեւէն եւ կը պատրաստուիմ: Ճամբան զիս կը տանի դէպի հին վարժարանս, ուր ուսում ստացած եմ մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ: Կարմիր աղիւսներով շինուած վարժարանին քովի փոքրիկ եկեղեցին- գիտեմ- խուռներամ բազմութեամբ լեցուն պիտի ըլլայ: Բազմութիւնը չէ, որ զիս պիտի անհանգստացնէ, այլ փոխանցիկ հիւանդութիւններու այս շրջանը մտահոգիչ է. ամէն պահ մանրէներու սպառնալիքով դէմ առ դէմ ենք: Սակայն Յիսուս մանուկը՝ Ս. Աստուածամօր գրկին մէջ, թեւերը բացած կը սպասէ հաւատացեալներուն, որոնք մարով-ձագով, հայր ու որդի, մեծ մայրիկ ու թոռնիկ կ’այցելեն ժամ ներշնչելու համար խունկին ծուխը, վառելու համար մոմեր եւ մասնակից դառնալ կը փափաքին դպրաց դասին շարականներուն:

Բակին մէջ սեղաններ կան, ուր կիներ նստած՝ այցելուներուն ձիթենիի ճիւղեր կը բաժնեն: Կը մտնեմ դռնէն ներս՝ ձայն մը կը հնչէ. «Աճեցէ՛ք»: Գաւիթին մէջ մոմեր վառելէ եւ աղօթքս դէպի առ Աստուած ուղղելէ ետք, կ’առնեմ փունջ մը ձիթենիի ճիւղ ու գոհ կ’ուղղուիմ դէպի տուն: Ճամբան ես ինծի կը մռլտամ. «Արբէ՛ք ի սմանէ ամենեքեան, այս է արիւն իմ»:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x