Պայծառ Առաւօտ
Պայծառ առաւօտ,
Միտքի պատուհան,
Յոյզերու քնքշանք,
Ճօճուող ձիթենի…
Բարի լոյս, աշխա՜րհ,
Բարի լոյս, կեա՜նք…
Դուրս կու գամ ես
խեղդող ճաղերէն,
Դուրսն եմ ես ահա,
հոգիս կ՚անտեսէ
փականքը կեանքին,
կեանքին՝ անորոշ,
կեանքին՝ այլայլող…
Դուրսն եմ ես հիմա,
բաց կապոյտին տակ,
շնչող կանաչին
օրօրքով թուլցած։
Չեմ փախչիր քեզմէ,
անհանգի՛ստ կեանք,
ես քուկդ եմ,
դուն իմս ես,
քու լոյսիդ տակ՝ ես եմ,
եւ ստուերս շարժող…
Հիմա, խաղաղ նազանքով
ձիթենին զուարթ
ինչպէ՜ս կը ցրուէ
հոգիս պարուրող
մշուշը մռայլ,
ինչպէ՜ս մեղմօրէն կ՚երգէ ինծի,
կ՚երգէ երգը կեանքին,
կը յուշէ կշռոյթը կեանքին…
մէկ աջ, մէկ ձախ,
մէկ վեր, մէկ վար՝
չափը կեանքին…
Եւ այսպէս՝
արթուն, մոլար,
հանդարտ, հեւքոտ,
ժպտուն, թախծոտ…
ամէն առաւօտ կը սորվիմ
երգը կեանքին…
Խաղաղաբե՜ր ձիթենի,
մի՜շտ օրօրէ զիս։
Ծաղիկ
Ծաղկեցար կրկին,
իմ քնքո՛ւշ ծաղիկ,
արեւայի՛ն ժպիտ,
Ինչո՞ւ չծաղկիս…
Անմեղ մանկութեանս
պայծառ հայելի,
Հողածին զարթօնք,
իմ լուսէ՛ ծաղիկ։
Օրերուս մէջ ծանր,
դուն մեղմիկ շոյանք,
թաւշեայ սփոփանք…
Դիտեմ քեզ երկա՜ր,
չմարիս յանկարծ…
Գրկեմ քեզ երկա՜ր,
կախարդանք իմ վառ,
Երկինքին նայող
աղօթք, աղերսանք,
Տանջուող սրտերու
յոյս ու հաւատամք։
Բարի բնութիւն,
լոյս ու օրհնութիւն,
իմ քնքո՛ւշ ծաղիկ,
ինչո՞ւ չծաղկիս։
Կակաչներ
Գարնան հմայքի
դողով արբեցող
կակաչներս իմ,
Ճեմող խոհերուս
նազանք պարգեւող
անուրջներս իմ։
Հողին բուրմունքով
կը գերէք հոգիս
կակաչներս իմ,
Արեւին տենդով
պինդ կը գրկէք զիս
անուրջներս իմ։
Հայրական ժպիտ
ու սէր անբասիր
կակաչներս իմ,
Չար ստուերներու մէջ
զուարթուն կարմիր
անուրջներս իմ։
Խոնարհ մայրութեան
գորովի շշունջ
կակաչներս իմ,
Զարթնող բնութեան
վառ ծիծաղ ու շունչ
անուրջներս իմ։
Փափուկ սրտերու
խնդութեան աղբիւր
կակաչներս իմ,
Հեռուէն զիս գգուող
քրոջ խօսք ու բոյր
անուրջներս իմ։
Ձեր մէջ կ՚որոնեմ
յոյսը գալիքին
կակաչներս իմ,
Ձեզմով կը գտնեմ
յաւերժի ուղին
անուրջներս իմ։
Մայիսեան
Կը հաւատամ մեր Ղօղանջին,
վեհ Խենթերու արեան կանչին,
Ու փայլփլող աչուկներուն
կապոյտ երգին կը հաւատամ։
Չի ցամաքիր քրտինքն արդար,
ան կը խայտայ կաթիլ-կաթիլ,
Որ ոռոգուին, վերընձիւղին
ոսկեայ յոյսերն հայոց հողին։
Կը հաւատամ Եռագոյնին,
դարեր հնչող լուռ խորհուրդին,
Ու տողանցող սերունդներուն
անխոնջ երթին կը հաւատամ։
Չի վարանիր ոգին Հայկեան,
ան կը թռչի սարէ ի սար,
Որ ամրանայ, յաւերժանայ
հայոց երկիրն բազմաչարչար։
Կը հաւատամ Միտքին, Կամքին,
արդարաձայն հայոց Խիղճին,
Ու Մայիսեան Յաղթանակի
արեգակին կը հաւատամ։
Չի թուլանար պայքարն հայուն,
ան կը շաչէ գունդէ ի գունդ,
Որ չփշրի, չտապալի,
փառքի վէմը հայոց ազգին։



