Երազին հետ … երջանիկ եմ
Ձմեռը արդեն կ‘ահազանգէ իր մօտակայ ժամանումը. քամին մէկ-մէկ դուռը կը թակէ, զգուշացնելով գալիք փոթորիկին մասին. երկինքը սկսած է մթնիլ եւ սեւ ամպերը կը ծածկեն արեւին ճառագայթները: Հաշտուած եմ սառնամանիքին շուտափոյթ գալստեան հետ, բայց յանկարծ կը պատահի անսպասելին. ճղճիմ շող մը կը սպրդի խաւարին մէջէն, խիտ ամպերը ճեղքելով, կը լայննայ, կը լուսաւորէ չորս դին. քաղցր ջերմութիւն մը կը տիրէ մրրկոտ ծովուն մէջ կորած կղզիակին վրայ: ժպիտ մը կը դրոշմուի շատոնց մռայլած դէմքիս վրայ: Կը կանգնիմ հետզհետէ տարածուող լոյսին մէջ, լաւագոյնս ըմբոշխնելու համար անոր անուշ տաք համբոյրը:
Գարո՞ւն է կրկին, թէ պատրանք. տեսիլք մը, որմէ չեմ ուզեր զարթնիլ. ամբողջ էութեամբս կ‘աղօթեմ, որ երկնային մէկ հրաշքով ժամանակը կանգ առնէ, գիտակցելով հանդերձ նման հրաշքներու անկարելիութեան. կը մաղթեմ, գոնէ երազը շարունակուի կամ նոյնիսկ՝ իրականութիւն դառնայ:
Արդեօք ի՞նչ անակնկալներ պահած է ճակատագիրս: Կը մտածեմ փորձել գուշակել, բայց անմիջապէս կը հրաժարիմ այդ գաղափարէն:
Երջանիկ եմ լոյսի այս նշոյլով:
Կը կարօտնամ … Կը փնտռեմ անցեալը
Շատ տեղեակ չեմ հայկական մեր հին բարքերուն եւ սովորութիւններուն, բայց մինչ օրս կը յիշեմ մտքիս մէջ տպաւորուած մեծ մօրս պատմած կարգ մը աւանդոյթները, որոնք կը գործադրուէին Կարմուճ գիւղին մէջ (Ուրֆա նահանգի` պատմական Եդեսիայի հայկական բնակավայր), ու թերեւս ուրիշ շատ մը հին հայկական ընտանիքներէն ներս:
Օրինակ՝ նոր հարսը անպայմանօրէն պիտի նստէր գետինը, տան մեծաւորին (մեծ հայր եւ մեծ մայր) ոտքերուն ներքեւ եւ իրաւունք չունէր խօսելու, եթէ մեծաւորը իրեն չարտօնէր ու այսպէս ամբողջ մէկ տարի պէտք էր “ՄՈՒՆՋ” մնար: Նաեւ զրկուած էր ընտանիքի միւս անդամներուն հետ ճաշի նստելու իրաւունքէն, առանց տան մեծաւորին թոյլատրութեան:
Հաճելի կենցաղավարական սովորութիւն մը, զոր կը կիրարկէինք մանկութեանս, մեր տան մէջ, այն էր, որ ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած կը սպասէինք, որ տան բոլոր անդամները ներկայ ըլլան, որմէ ետք մայրս պնակները կը լեցնէր եւ “Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ” աղօթքէն ետք կը սկսէինք ճաշել, առանց առարկութեան. Կ՛ուտէինք այն ինչ, որ դրուած էր պնակին մէջ, ի հակասութիւն ներկայի “նորոյթ” սովորոյթներուն. հիմա ամէն մէկը առանձին կը ճաշէ … եւ նոյնիսկ իւրաքանչիւրին ի՛ր սիրած ճաշը պիտի հրամցուի:
Դեռ ուրիշ աղուոր սովորութիւն մը, որ դժբախտաբար գրեթէ բոլորովին անհետացած է, այն էր, որ ամէն առիթի եւ եղանակի տարբեր ճաշեր եւ անուշեղէններ կը պատրաստուէին:
Այնպէս կը զգամ, թէ անցեալը աւելի գեղեցիկ էր, աւելի մտերմիկ ու հարազատ:
Իր բոլոր դժուարութիւններով եւ հակառակ ներկայի բոլոր յարմարութիւններուն, յաճախ կը կարօտնամ ու կը փնտռեմ անցեալը:
1960-ականներ … ձզի էստեղ հաց չմնա՜ց..
1960 կամ 1961՝ ճիշդ չեմ յիշեր տարին, Միացեալ Արաբական Հանրապետութեան շրջանին, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հետ, սկաուտական տարազով եւ սպիտակ ձեռնոցներով, շեփորս ձեռքիս գացեր էինք մեր մասնակցութիւնը բերելու պետական կառոյցի մը պաշտօնական բացման արարողութեան: Երբ վերջապէս տուն դարձանք, արդէն սկսած էր երկինքը մթնել: Ծնողքս զիս տեսնելով շունչ մը քաշեցին.
-Ու՞ր ես, տղաս, մինչեւ հիմա. աչքերնիս մնաց ճամբուդ:
– Ու՞ր պիտ‘ ըլլամ, մեր ֆանֆարին հետն էի:
Տուն, որ մտայ, տարօրինակ, աննկարագրելի տակնուվրայութիւն մը զիս դիմաւորեց: Աչքս վեր բարձրացուցի՝ ՀՅԴ-ի զինանշանը, 40×50 սմ ծաւալով, իւղաներկ՝ ապակիի վրայ հակառակ կողմէն գծուած ձեռագործս չկար:
-Ու՞ր է զինանշանին նկարը:
-Կտրտեցինք-փշրեցինք:
-Ի՞նչ, ինչո՞ւ:
Աչքս գնաց գրադարանին: Հոն կը պակսէր Սիմոն Վրացեանի “Հայաստանի Հանրապետութիւն”ը, Մեծ Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած մեծածաւալ գիրքը, որ գնած էի ուսուցչական վերջին ամսականովս եւ որուն մէջ պաշտօնակիցս՝ Յ. Ձորեցին, բուն անունով Յարութիւն Նաճարեան, ձօն մը ստորագրած էր ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ (Նաճարեանի փոխարէն) ստորագրութեամբ, եւ իբրեւ թէ ինծի նուիրած զայն, որպէսզի ծնողքս չնեղանան՝ մէկ ամսականս մէկ գիրքի տուած ըլլալուս համար, առաւել՝ լայնածաւալ ալպոմ մը՝ հայ ֆետայիներու նկարներով եւ դեռ ուրիշ շատ մը գիրքեր:
-Այրեցինք, տղաս: Դրացիին տղան առաւօտէն ի վեր մէջտեղ չկայ, “գաղտնի ոստիկանութեան” լուր տուին, մենք ալ անոնց ժամանումէն առաջ այդ գիրքերը այրեցինք եւ զինանշանն ալ կտրտեցինք, որ եթէ մեր տունը մտնեն, մեզի ալ նեղութիւն չտան, գլխու ցաւ չպատճառեն:
-Մե՜ղք, հազա՜ր մե՜ղք:
Կաթիլ-կաթիլ հաւաքուած ջուրը ակնթարթի մը մէջ թափեցին եւ ինչո՞ւ՝ որովհետեւ, ինչպէս յետոյ ի յայտ եկաւ, մեր դռկից դրացիին տղան մէկ օր առաջ “ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան” անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած է եւ վախնալով, որ “գաղտնի ոստիկանութիւնը” զինք կը ձերբակալէ որպէս դաշնակցական, առանց ոեւէ մէկուն լուր տալու Պէյրութ փախած է:
Այդ շրջանին Դաշնակցութիւնը իսկապէս շատ հալածուած էր եւ այս առիթով մեր մօտիկ “համայնավար” ազգականներէն մին, առանց իսկ իմանալու, թէ ի՞նչ է համայնավարութիւնը, լսեցի օր մը կ‘ըսէ հօրս՝
–Ամօղլի, ձզի էստեղ հաց չմնա՜ց…:

Ես հպարտ եմ քեզնով հայրիկ.