Ամուսնոյս զաւակը

ՃԱԼԱԼ ԱԼ ԱՀՄԱՏ. Թարգմանութիւնը՝ Նունէ Յովհաննիսեանի

Լաւ, ի՞նչ ըեմ: Ամուսինս չ’ուզեր ընդունիլ զաւակս: Պզտիկ մը, որ իրը չէ, նախկին ամուսինէս է: Նախկին ամուսինս ինծի ապահարզան տուած է ու զաւկիս խնամքին չ’ուզեր ալ խառնուիլ: Ուրիշը ի՞նչ կ’ընէր փոխարէնս: Ես ալ պիտի ապրիմ, չէ՞: Եթէ այս մէկն ալ ինձմէ երես դարձնէ, ի՞նչ պիտի ընեմ: Զաւկէս ազատելու ի՞նչ հնար գտնեմ: Ուրիշ ի՞նչ կրնայ անցնիլ ինծի պէս կնոջ մը մտքէն, որուն աչքն ու ականջը փակ են, որեւէ ճար ու ճամբայ ալ չի գիտեր: Թերեւս մանկական խնամքի կեդրո՞ն մը տանիմ կամ մէկու՞ն տամ: Բայց որու՞ն: Ո՞վ կ’ընդունի իմ զաւակս: Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ: Իսկ եթէ ըսեն` սպասէ, կամ անպատուեն` հազար անուն փակցնելով ինծի ու զաւկիս: Չեմ ուզեր այդպէս ըլլայ:

Ճիշդ նոյն օրը երեկոյեան, երբ գործերս աւարտելէն յետոյ մերիններուն տունը գացի, ամէն ինչ պատմեցի ազգականներուս ու դրացիներուս: Մէկը, չեմ յիշեր` ով, ըսաւ. «ուրեմն զաւակդ մանկական խնամքի կեդրոն մը տար կամ յանձնէ մանկատուն եւ … »: Չէի լսեր` ինչ կը խօսին: Մէյ մըն ալ ականջիս հասաւ մօրս ձայնը. «կը կարծես` կ’ընդունի՞ն: Հը~մ»: Թէեւ նման բան մը իմ մտքէս ալ անցած էր, բայց դրացիիս կնոջ խօսքերէն սիրտս ճմլուեցաւ: Մտածեցի` բայց փորձա՞ծ եմ ու չե՞ն ընդունած, յետոյ մօրս ըսի. «երանի~ կրնայի այս գործը գլուխ բերել»: Սակայն ես ծանօթներ չունէի, վստահ չէի, որ զիս կը լսեն: Եթէ չընդունէին, այլեւս ուշ պիտի ըլլար որեւէ բան ձեռնարկելը: Կարծես աշխարհի տարտն ու ցաւը ինծի տուած էին: Փոքրիկիս արտաբերած թոթով խօսքերը միտքս եկան: Ալ չկրցայ ես զիս զսպել ու բոլորին առջեւ սկսայ հեկեկալ: Ծայրայեղ գէշ վիճակի մէջ էի: Դրացիներէս մէկը մրմնջեց. «դեռ կու լայ ալ, չ’ամչնար… »: Մայրս օգնութեան հասաւ: Սիրտ տուաւ, յուսադրեց: Երեւի ճիշդ կ’ըսէր. նախ դեռ երիտասարդ եմ, ինչու՞ պզտիկի մը համար այսքան պիտի տառապիմ, մանաւանդ որ ամուսինս զայն չ’ընդունիր: Յետոյ ալ, եթէ ամուսինիս հետ հաշտ ըլլամ, դեռ երեք-չորս պզտիկ կրնամ ունենալ: Ճիշդ է, սա առաջնեկս է, պէտք չէ որ անոր հետ այդպէս վարուիմ, բայց հիմա բանը բանէն անցած է, այլեւս մտածելը անիմաստ է: Աւելի լաւ է` ելլեմ, երթամ, ընելիքս ընեմ: Ամուսինս իզուր չ’ըսեր. «չեմ ուզեր որ տան մէջ ուտող բերան մըն ալ աւելնայ»: Երկար-բարակ որ կը մտածեմ, կը հասկնամ զինք: Ես ալ, չէ՞, անոր պզտիկները հարազատի պէս չեմ սիրեր: Ես ալ զանոնք բեռ կը համարեմ: Ինծի համար ալ անո՛նք են աւելի ուտող բերան: Ինքն ալ մարդ է, իրաւունք ունի իր տան մէջ իմ զաւկիս ներկայութեան դէմ ըլլալու: Չէ՛, իմ զաւկիս չէ, որձ իշու քուռակի մը, ինչպէս ինք կ’ըսէ: Առաջին երկու օրը խօսակցութեան նիւթը անընդհատ պզտիկն էր: Երկրորդ օրը երեկոյեան երկար խօսեցանք: Չէ, ոչ թէ զրուցեցինք, այլ ինքն էր որ անդադար կը խօսէր: Ես կը լսէի: Միայն վերջը հարցուցի. «լա՛ւ, ի՞նչ կ՛ուզես ընեմ»: Չպատասխանեց: Քիչ մը մտածելէն յետոյ ըսաւ. «ես չեմ գիտեր, ինչ կ’ուզես` ըրէ: Ես չեմ ուզեր այդ ետ ինկածը կամ որձ էշ մը իմ սեղանիս գլուխը տեսնել»: Ընտրութիւն ընելու հնարաւորութիւն չունէի:  Այդ գիշեր մօտս չեկաւ: Երրորդ գիշերն ալ հետս չէր խօսեր: Գիտէի` դիտմամբ կ’ընէր, որ զաւկիս հարցերը շուտ լուծեմ: Առաւօտեան, գործի երթալէն առաջ ըսաւ. «կէսօրին երբ վերադառնամ, այդ լակոտը տունը չտեսնեմ»: Յանձնարարութիւնը ստանալէն յետոյ մէկ անգամէն խաղաղեցայ, չհասկնալով` ինչու: Ինձմէ ոչինչ կախուած էր: Չատրաս հագուեցայ, բռնեցի զաւկիս ձեռքը եւ ամուսնոյս հեռանալէն յետոյ, տունէն դուրս ելայ:

Զաւակս համարեայ երեք տարեկան էր: Շատ լաւ կը քալէր: Գէշը այն էր, որ երեք դժուար տարիները արդէն անցեր էին: Դիւրացած էր զայն խնամելը: Գիշերները ալ արթուն մնալ պէտք չէր: Բայց որեւէ բան ընել չէի կրնար: Մինչեւ կայարան հետիոտն գացի: Անոր ալ կօշիկր հագցուցած էի: Ամենալաւ զգեստները ընտրած էի: Պզտլիկ, երկնագոյն բաճկոնակ էր ու տաբատ, նախկին ամուսինս գնած էր: Սկիզբը մտածեցի` ինչո՞ւ նոր շորեր հագցնեմ, բայց սիրտս չդիմացաւ: Ի՞նչ պիտի ընէի, եթէ պահէի: Ամուսնոյս ձեռքը քարի տակ չէր, եթէ նոր պզտիկ ունենայի, կ’առնէր: Հագցուցի, մազերը սանտրեցի: Շատ անուշիկ էր: Մէկ ձեռքով անոր դաստակը բռնած էի, միւսով` չատրայիս փէշերը: Դանդաղ կը քալէի, այլեւս պէտք չէր կշտամբել զինք` ստիպելով արագ քալել: Վերջին անգամ էր, որ ձեռքը բռնած էի: Մէկ-երկու-երէք անգամ շաքար ուզեց: Ըսի. «հիմա օթօպիւս պիտի նստինք, երբ իջնենք, քեզի համար կակա կ’առնեմ»: Կը յիշեմ, ամէն օրուայ պէս անդադար հարցումներ կու տար:

Ձիու մը ոտքը խրուած էր ջրափոսի մը մէջ, մարդիկ շուրջը հաւաքուած էին: Յամառեցաւ` գրկեմ, որպէսզի տեսնէ` ինչ կը պատահի: Գրկեցի: Տեսաւ` ձիուն վիրաւոր ոտքէն արիւն կը հոսէր: Երբ իջեցուցի գիրկէս, ըսաւ. «մալի՛կ, ոտքը ախ ելած էր»: Պատասխանեցի. «հա՛, բալի՛կս, իր մամային չէ լսած, ատոր համար ալ ոտքը ախ եղեր է»: Քալեցինք մինչեւ կայարան: Կէս ժամ սպասեցինք` մինչեւ համապատասխան օթօպիւսին գալը: Պզտիկը անհանգիստ էր: Ես ալ յոգնած էի: Անոր հարցումները հունէն կը հանէին զիս: Քանի մը անգամ ըսաւ. «մալի՛կ, հապա ի՞նչ պիտի ընենք: Օթօ չի գար: Կակա պիտի չալնե՞ս»: «Հիմա օթօպիւսը կու գայ, երբ իջնենք, քեզի կակա կ’առնեմ», -պատասխանեցի նորէն: Վերջապէս թիւ երեք օթօպիւսը եկաւ: Նստանք, մինչեւ Շահի հրապարակ հասնիլը, զաւակս կը շարունակէր խօսիլ ու հարցումներ հարցնել: Ըսաւ. «մալի՛կ, տե՞ղ կ’երթանք»: Չեմ գիտեր` ինչու, պատասխանեցի` կ’երթանք կոր պապային քով: Նայեցաւ երեսիս, յետոյ հարցուց. «ո՞ր պապային»: Ալ համբերութիւն չունէի: Խիստ թոնով ըսի. «ճա՛նս, ինչքա~ն կը խօսիս, եթէ այդպէս շարունակես, շաքար չեմ առներ, հա~»: Հիմա սիրտս կը մղկտայ: Ինչո՞ւ  վերջին պահուն կտրեցի փոքրիկիս սիրտը: Տունէն դուրս ելլելէն առաջ, ես ինծի խոստացած էի չբարկանալ, չզարնել երեխային, չկշտամբել: Սիրտս ինչպէս կը մղկտայ: Ինչո՞ւ լռեցուցի զինք: Ան սուս կտրեց: Վարորդին օգնականը ծամածռութիւններ կ’ընէր, կը խօսէր հետը: Զաւակս սկսաւ ծիծաղիլ, աշխուժացաւ: Բայց ես ուշադրութիւն չէի դարձներ ոչ այդ տղային, ոչ ալ փոքրիկիս, որ անընդհատ երեսիս էր նայէր: Շահի հրապարակին վրայ  օթօպիւսը արգելակեց, իջանք: Զաւակս դեռ կը ծիծաղէր: Հրապարակին վրայ խառնաշփոթ էր. շատ մարդիկ ու ինքնաշարժներ կային: Ես կը վախնայի որեւէ բան ձեռնարկելէ: Քիչ մը քալեցինք: Մօտ կէս ժամ: Ինքնաշարժները նուազեցան: Մօտեցանք հրապարակին: Տասը շահիանոց հանեցի գրպանէս, տուի պզտիկին: Ան զարմացած ինծի նայեցաւ: Չէր գիտեր` ինչ է դրամը: Հրապարակին միւս կողմը մանրավաճառ մը կար, դդումի կուտ կը ծախէր: Մատով ցոյց տուի, ըսի.

-Գնա՛, շաքար գնէ: Գիտե՛մ` կրնա՛ս, գնա՛:

Փոքրիկը նայեցաւ դրամին, նայեցաւ ինծի, ըսաւ.

-Մալի՛կ, դուն ալ եկուլ:

Պատասխանեցի.

-Չէ՛, ես այստեղէն քեզի կը հետեւիմ: Գնա՛, տեսնեմ կրնա՞ս երթալ:

Ան նորէն դրամին նայեցաւ: Կ’երկմտէր: Չէր գիտեր` ինչպէս կը գնեն որեւէ բան: Ակնապիշ` աչքերուս կը նայէր: Զարմանալի, տարօրինակ հայեացք էր: Սիրտս ճմլուեցաւ: Վատ զգացի: Շատ վատ: Քիչ մնացած էր` միտքս փոխէի: Նոյնիսկ յետոյ, երբ ձգեցի զինք ու փախայ, կամ երբ լացի  դրացիներուս առջեւ, այդքան խոր ցաւ չզգացի, ինչպէս այդ պահուն: Ալ չէի դիմանար: Տարօրինակ հայեացք էր: Զաւակս շուարած էր, կարծես ինչ-որ բան կ’ուզէր հարցնել: Աչքերուն մէջ նայիլ չէի կրնար: Ակամայ ըսի.

-Գնա՛, դրամը տուր անոր, ըսէ` ինծի դդումի կուտ տուէք:

Ան նայեցաւ մանրավաճառին կողմը, եւ ամէն անգամուան պէս, երբ լալու համար պատճառ կը փնտռէր, ըսաւ.

-Մալի՛կ, ես կուտ չեմ ուզեր, թամիչ կ’ուզեմ:

Ինքնատիրապետումս կը կորսնցէի կոր: Եթէ փոքրիկը քիչ մըն ալ ձգձգեր կամ արտասուեր, հաստատ միտքս պիտի փոխէի: Բայց ան չլացաւ: Բարկացայ: Պոռացի.

-Չամիչ ալ ունի, գնա՛, ինչ կ’ուզես գնէ: Գնա՛, շո՛ւտ ըրէ:

Եւ մայթեզրին քովէն հոսող առուին վրայէն անցուցի զինք, ձեռքս մէջքին դնելով թեթեւ հրեցի. «Դէ՛, գնա՛, ուշ է»: Փողոցը պարապ էր: Կառքեր կամ օթօպիւսներ չէին երեւեր: Զաւակս երկու-երեք քայլ երթալէն յետոյ շրջեցաւ, ըսաւ. «մալի՛կ, թամի՞չ ալ կայ»: «Հա՛, կայ, ճա՛նս, ըսէ տասը շահիի չամիչ տուէք»: Գնաց: Հասած էր փողոցին մէջտեղը, երբ անսպասելիօրէն ինքնաշարժ մը յայտնուեցաւ` ազդանշան տալով: Սարսուռ անցաւ մարմինէս, եւ առանց մտածելու` ես զիս նետեցի փողոց, գիրկս առի պզտիկը, վազեցի դէպի մայթ ու մտայ մարդոց մէջ: Քրտինքը կը հոսէր վրայէս: Կը հեւայի: Զաւակս հարցուց. «մալի՛կ, ի՞նչ եղաւ»: «Ոչ մէկ բան, ճա՛նս: Մեքենան արագ կը սլանար, իսկ դուն դանդաղ կը քալէիր, քիչ մանացած էր` տակը պիտի ինայիր»: Քիթը քաշեց, կ’ուզէր լալ: Յետոյ ըսաւ. «լա՛ւ, մալի՛կ, իջեցուր գիրկէդ, այս անգամ ալագ կը քալեմ»: Եթէ այդ խօսքերը չըսէր, պիտի չյիշէի` ինչու եկած եմ այդտեղ: Սթափեցայ` դեռ արցունքները աչքերէս չմաքրած: Յիշեցի ամուսինս, որ պիտի բարկանար վրաս: Համբուրեցի զաւակս: Վերջին համբոյրն էր: Իջեցուցի գիրկէս, ականջին շշնջացի. «արա՛գ գնա, ինքնաշարժ  կու գայ»: Այս անգամ աւելի արագ կը քալէր` փոքրիկ քայլերը արագ-արագ փոխելով, եւ ես շունչս պահած էի՝ Աստուած չընէ, կրնար ոտքերը իրար անցնիլ: Երբ անցաւ փողոցը, շրջուեցաւ ու ինծի նայեցաւ: Ես, ափիս մէջ հաւաքած չատրայիս փէշերը, կը պատրաստուէի հեռանալ: Երբ շրջուեցաւ, տեղս քարացայ: Չէի ուզեր` հասկնար, որ կը լքեմ զինք: Բայց քարանալուս պատճառը միայն այդ չէր: Գողի նման էի, որ գողօնը ափին մէջ պահած էր: Անշարժացած էի այն անգամուան պէս, երբ ամուսնոյս գրպանները կը տնտղէի, նախկին ամուսնոյս, եւ ճիշդ այդ պահուն ան ներս մտաւ: Քրտինքի մէջ կորսուած էի: Կախեցի գլուխս, հազար տեսակ ցաւ կը պտտէր գլխուս մէջ: Քիչ մնացած էր, զաւակս կը մօտենար վաճառողին: Գործս աւարտած էի: Զաւակս ողջ-առողջ փողոցին միւս մայթը հասած էր: Այդ պահէն սկսած` ինծի թուեցաւ` երբեւէ պզտիկ չեմ ունեցած: Վերջին անգամ է որ կը տեսնէի զինք ու կը թուէր` ամուսնոյս զաւկին կը հետեւիմ: Հաճոյք կը ստանայի անոր նայելով, բայց այնպէս, ինչպէս հաճոյք կը ստանաս ուրիշին պզտիկին նայելով: Խցկուեցայ ամբոխին մէջ: Յետոյ սարսափը համակեց զիս: Քիչ մնացած էր՝ կանգ առնէի հմայուածի պէս: Իսկ եթէ մէկը գաղտնի հետեւա՞ծ ըլլար ինծի: Այդ միտքէն մազերս թել-թել կայնեցան, քայլերս աւելի արագցուցի: Երկու փողոց վար ես զիս նետեցի նեղ, երկրորդական փողոցներն ու նրբանցքները եւ փախայ: Յանկարծ թաքսի ինքնաշարժ մը արգելակեց ուղիղ թիկունքիս: Մտածեցի` հիմա զիս կը բռնեն: Ուղն ու ծուծով կը դողայի: Վստահ՝ ոստիկան մը խաչմերուկէն հետեւած էր ինծի` նստելով առաջին պատահած թաքսին: Չեմ գիտեր ինչպէս` ետ նայեցայ: Թաքսիին ուղեւորները վճարեցին վարձը եւ կը պատրաստուէին հեռանալ: Խոր շունչ քաշեցի: Ակամայ, առանց նայելու` ուր եմ, առանց հասկնալու` ինչ կ’ընեմ, ես զիս նետեցի թաքսիին մէջ եւ դուռը շրխկոցով գոցեցի: Վարորդը հռհռաց, եւ մեքենան շարժեցաւ տեղէն: Չատրայիս փէշը մնացած էր դռան տակ: Երբ թաքսին հեռացաւ այդ փողոցէն, վերագտայ վստահութիւնս, դուռը հանգիստ բացի, քաշեցի չատրայիս փէշը եւ դուռը կրկին փակեցի: Յենեցայ նստարանին, խոր շունչ քաշեցի: Երեկոյեան այդպէս ալ չկրցայ թաքսիին գումարը փրցնել ամուսինէս:

Պարսկերէնէ թարգմանեց Նունէ Յովհաննիսեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Հեղինակին մասին. ՃԱԼԱԼ ԱԼ ԱՀՄԱՏ

Բազմաթիւ պատմուածքներու, փորձագրութիւններու, հրապարակախօսական յօդուածներու եւ թարգմանութիւններու հեղինակ Ճալալ Ալ Ահմատ ծնած է 1923-ին, Թեհրանի մէջ, հոգեւորականի ընտանիքի մէջ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքին մէջ: Յայտնի արձակագիր ըլլալէն բացի,  Ճալալ Ալ Ահմատ նաեւ իր ժամանակի ամենայայտնի քաղաքական գործիչներէն մէկն էր:

Ան մահացաւ 1969-ին` ետին ձգելով գրական հարուստ ժառանգութիւն մը:

Նունէ Յովհաննիսեան (ծն. 1979, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան ֆաքուլթեթի իրանագիտութեան բաժինը:
Հեղինակ է քանի մը տասնեակ թարգմանութիւններու, որոնք հրատարակուած են «Նարցիս», «Նորք», «Արտասահմանեան գրականութիւն», «Միհր» ամսագիրներուն, «Արդի իրանական թատերագրութիւն», «Ժամանակակից իրանական թատերագրութիւն» թատերախաղերու ժողովածուներուն եւ շարք մը կայքերու մէջ (granish.org, hetq.am, cultural.am, arvest.am):

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x