Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 1947-ին, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պաշտօնական բացումը կը կատարուի: Կանոնաւոր դասաւանդութիւնները կը սկսին 16 հոկտեմբեր 1947-ին:
Ճայն ու Չղջիկն օր մ’ալ ելան
Ըսին. «Ըլլանք վաճառական»:
Նստան, գլուխ գլխի տուին,
Ընկեր ըլլալ որոշեցին.
Այն թաղը ուր կը մեծնաս ու կ'անցընես մանկութեանդ ամենաքաղցր օրերը՝ շրջապատուած ընտանիքով, հարազատներով, ընկերներով, դրացիներով ու բարեկամներով, տարբեր ազդեցութիւն կը ձգէ վրադ...
Բարձրագահ Աբուլն ու Մթին սարեր
Մէջք մէջքի տուած կանգներ վեհափառ,
Իրենց ուսերուն, Ջաւախքէն ալ վեր
Բռնած կը պահեն մէկ ուրիշ աշխարհ։
Լեզուն հասարակութեան դիմանկարն է: Մեր լեզուն` հայոց լեզուն, այսօր անփոյթ է, հասարակ, փողոցային ժարգոնով լի, գռեհիկ, փնթի, թափթփած: Եւ այս գռեհիկ լեզուի միտումն ամէնուրեք է...
Օր մը ես ալ աշակերտ էի ճիշդ քեզի պէս: Ես ալ դպրոց կը յաճախէի, նոր գիտելիքներ կ'ամբարէի, երազներ կը հիւսէի՝ մինչ կը պատրաստուէի անորոշ ապագան դիմագրաւելու: Միեւնոյն ատեն, օր ըստ օրէ սէրս կը բազմապատկուէր իմ հայերնիքիս, հաւատքիս ու հայկական ինքնութեանս նկատմամբ:
Գիւղացի մը խանութ բացեր,
Ամէն տեսակ բան կը ծախէր,
Օր մ'ալ նայիս՝ մօտիկ գիւղէն
Ցուպը ձեռքին, շունն ետեւէն,
Խեղճ հովիւ մը ներս կը մտնէ.
Որեւէ մտապատկեր կրնայ ըլլալ գումարը մէկէ աւելի զգայութեանց, աւելի ճիշդը՝ որեւէ մտապատկեր կրնայ իր հետ ներքաշել ուրիշ մտապատկերներ. օրինակ՝ յիշելով դէմք մը, յիշէք նաեւ անոր ձայնը, այլեւ հպումին ջերմութիւնը, կրած անուշահոտը եւ այլն:
Թուլիփ Ժոշի կը մասնակցի Miss India 2000 գեղեցկութեան մրցումին: Թէեւ աւարտական փուլ չի հասնիր, սակայն ան ուշադրութիւնը կը գրաւէ ծանուցումի բազմաթիւ ընկերութիւներու
Հայերէնի՝ հնդեւրոպական ուրոյն ճիւղ մը ըլլալը առաջին պաշտպանողը եղաւ գերմանացի լեզուաբան Հայնրիխ Հիւբշմանը, որ ստուար հատոր մը նուիրած է իր այս տեսակէտի պաշտպանութեան:
Ֆիլմարուեստի եւ Գիտութիւններու Ամերիկեան Ակադեմիան (Academy of Motion Picture Arts and Sciences) Թենի Մելիտոնեանը նշանակած է ֆիլմաշխարհի բարձրագոյն մրցանակի՝ «Օսքարի» գլխաւոր տնօրէն (Chief Oscars Officer), որ նորաստեղծ պաշտօն մըն է, կը յայտնէ Ակադեմիայի գործադիր տնօրէնը՝ Պիլ Քրէյմըր «Hollywood Reporter»ին։
«Օսքարներու»-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան զտեալ ցանկերուն (shortlist) մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի հայկական ֆիլմ մը լաւագոյն միջազգային ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Հայկական շարժապատկերի պատմութեան մէջ, առաջին անգամն է, որ հայկական ժապաւէն մը կը հասնի «Օսքար»-ի զտեալ ցանկին:
Կաղանդ Պապային տարիներ է արդէն չեմ հաւատար, բայց ըսել չէ որ մարդիկ ինծի նուէրներ բերելէ պէտք է դադրին. դեռ պզտիկ եմ, եւ նուէրը տակաւին կ'ուրախացնէ զիս՝ ով ալ ըլլայ բերողը: Ես եկամուտի մասնաւոր աղբիւր մը չունիմ եւ մէկու մը նուէր չեմ կրնար առնել այս տարիքիս...
Աշկարայ - Այս բառը տասնամեակներ առաջ, երբ թրքախօսութիւնը շեշտուած էր Պուրճ-Համմուտի մէջ, ունէր շատ ընթացիկ ու սովորական կիրարկութիւն մը, յատակապէս թրքախօս շրջանակներու թէ պարագայաբար թրքերէն խօսողներու միջեւ:
Մայրամուտին գացիք, տղե՛րք՝
Որ վարդագոյն արշալոյսներ մեզ պարգեւէք․․․
Ձեր կեանքերը հրկիզուցան՝
Որ ճամբան մեր լուսաւորեն․․․
1. Ձեր յօդուածը երկու համակարգչային էջէ աւելի թող չըլլայ. այլապէս միշտ պիտի վտանգուի անոր ընթերցումը:
2. Խուսափինք կրաւորական բայերէ՝ ի հաշիւ չէզոք եւ ներգործական բայերու:
3. Ենթական չկրկնենք էական բային հետ:
4. Խուսափինք անորոշ դերբայէն՝ ի նպաստ բայանուններու:
Անցնող 2023-ի ամռան, հետաքրքրական հանդիպումներու եւ հաւաքներու շարքին էր նաեւ Երեւանաբնակ՝ բնիկ Հալէպահայ Թագուհի Կիւլաղայեանի ջերմ յիշատակներով զրոյցս Հալէպի արծաթագործներուն մասին: Մեր յաջորդ հանդիպումին, Թագուհին իր հետ բերած էր ամուսնոյն՝ Յովհաննէսի նրբաճաշակ նախշերով արծաթեայ քանի մը գործերը:
Տաղանդաշատ տիկին Միմի (Յասմիկ) Մելգոնեանի մասին շատեր կարդացած են հաւանաբար օտար լեզուներով: Ցանկութիւնս էր շնորհալի ու տաղանդաշատ հայուհիին մասին գրել հայերէնով, որ այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի Տարբերակ21 կայքէջին միջոցով:
Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զիրենք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին։ Բանաստեղծութիւններ կան, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն։ Ասոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ տրամաբանութեամբ։ Մարգարեանի բանաստեղծութիւնը կը սկսի աղօթքով, որ՝ … ծառերը չմահանան։ «Ծառերը» բառը երեք բաղաձայն կը բովանդակէ։ Առաջինը պայթուցիկ «ծա»ն է, երկրորդը, զօրաւոր թրթիռով «ռա» տառն է, որ կը խարսխէ «ծառերը» բառին պատկերը: Երկրորդ տողը կրկնութիւնն է առաջինին, սակայն բանաստեղծը այս անգամ կ’աղօթէ, որ՝ սէրերը չմահանան։ «Ծառեր» բառին համանման այս բառը, «սէ»
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
վեր բարձրանան եւ ամպանան
ծածկեն գունտն այս ապականած
ու վար ցoղեն դանդաղօրէն եւ համօրէն
իջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,
մաքրեն մաղձը ու նախանձը
մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։
Կու գայիր Սուլող քամիէն, գլգլացող առուէն, մեր տան դիմացի ծառին սօսափող տերեւներէն, կու գայիր էակներէն այդ թռչող, անգամ կու գայիր փողոցի դռներէն ճռճռացող։ Դուն ամէն տեղ էիր եւ ուշադրութիւն կը հայցէիր։
Աւարտած է Նիւ Եորքի համալսարանի Լրագրողներու դպրոցը՝ մասնագիտանալով քաղաքագիտութեան եւ արուեստի ճիւղին մէջ, իսկ յետընթացաւարտ ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի տեսողական (visual) արուեստի դպրոցին մէջ:
Երեւան վերջին այցելութեանս, անակնկալ եւ գեղեցիկ նուէր մը ստացայ: Այդ մէկը Շաքէ Մանկասարեանի իր նոր լոյս ընծայած «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» խորագրով Բ. հատորն էր:
Սիլվա Յովհաննէսեան իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի տարբեր վարժարաններուն մէջ, մանկապարտէզը՝ Վարդանանաց Ճէզուիթ դպրոց, ապա Սահակեան վարժարան, Ժան Տ՛արք մայրապետներու դպրոց եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան:
