Նայուածքիդ մէջ՝ որքա՜ն գոյներ,
Վառ բնութեան անվերջ երգեր.
Որքա՜ն երազ, սէր ու մորմոք,
Հեւքոտ կեանքի յոյսեր աղօտ։

Վրձինիդ տակ՝ խունկ ու աղօթք,
Ջաջուռ գիւղի այրող կարօտ.
Որքա՜ն յոյզեր, պարող լեռներ,
Հայոց հողի լոյս-ստուերներ։

Աչքերէդ ծորող որքա՜ն վէրքեր,
Ճակատագրիդ ուղղուած նետեր.
Որքա՜ն հատու խօսքեր անխօս,
Հոգիդ պարզող գիծեր ցասկոտ։

Հեռուն բռնող նայուածքիդ մէջ՝
Որքա՜ն չերգուած բոսոր տենչեր։

Թոթովանքներս շունչ առած են Մուսա-լերան բարբառով, եւ առաջին քայլերս ընթացք առած՝ մեծ հօրս հեքիաթներուն եւ առասպելներուն արահետներով։
Հօրս ամէնօրեայ հեւքին մէջ զգացած եմ ապրող ու ծաղկող հողին թրթիռը, իսկ մօրս մեղմ հայեացքին մէջ՝ ամէն բանէ առաջ մա՛րդ ըլլալու ազնուութիւնը։
Ծննդավայրս` Այնճարը կնքած է զիս հայու հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ։
Հայաստանն է երազներուս հարազատ օրրանը
Հայագիտութեան մէջ տեսայ կեանքիս պարապը լեցնելու յորդառատ աղբիւրը։
Ուսուցչութիւնը եղաւ ինքնադատութեան ամենամեծ փորձաքարս, իսկ մայրութիւնը ինծի կը շնորհէ ինքնաճանաչման ամենանուրբ գաղտնիքները։
Բնութիւնն է մտորումներուս օրօրանը՝ ձեւի ու գոյնի, լոյսի ու ստուերի, երգի ու խաղի, բուրմունքի ու յուզմունքի յարաշարժ խորհուրդներով։
Բոլոր ձեռքբերումներովս կը մնամ հայ մշակոյթի եւ մանաւանդ Հայոց Լեզուի մեծ դպրոցին աշակերտը։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x