Թամար Ինճէեան – Թաշճեան. «Կամքս եւ մտքիս ուժը յաղթեցին ֆիզիքական տկարութեանս»։

Լրագրող Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան իր «մայր կայ, մա՛յր ալ կայ...» շարքով կ՛անդրադառնայ երկու «տարբեր» մայրերու, որոնք իրենց իւրայատուկ եւ ուսանելի օրինակով շատ բան ունին տալիք մեր ընկերութեան:

«Զարմանահրաշ Հայ Կիներ». արարման մէջ, կարծրատիպերէն դուրս

«Անոնց, որոնք կամքը ունին փոխուելու, ընկերային-հասարակական պատնէշներէն անդին մտածելու, իրենց երազանքներու ճամբով երթալու եւ ապրելու հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մէջ»։  

Յանձնարարելի է կարդալ. Ս. Քիւսպէկեանի «Մեծ մօրս կեանքի ճանապարհը»

Սեդօ Քիւսպէկեանի այս նախաձեռնութիւնը մեր դիմաց կը բանայ անհատական յուշերէն դէպի հաւաքական յիշողութիւն գացող արահետը, որ վստահաբար կը խաչուի այլ մուսա լեռցի-այնճարցիներու նմանօրինակ պատում-ուղիներուն հետ, որոնք առաւել կը հարստացնեն եւ նմանօրինակ քաղցրահամ պատառիկներով կը վեր-ա-գրեն Մուսա Լերան պատմութիւնը...

Պէյրութի հայանուն փողոցները՝ մէկ վաւերագիրքի մէջ

Լոռի Թաշճեանի «Պէյրութի հայանուն փողոցները» աշխատասիրութեամ մէջ ներկայացուած են Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ հայկական անուններ կրող բոլոր փողոցները՝ տեղորոշուած, եւ անուանակոչումներու պայմաններուն ու լիբանանահայ գաղութի պատմութեան հետ անոնց որոշակի զուգահեռներու նկարագրութիւններով:

Ցոլակ Հերկելեան. «Ներշնչման աղբիւրս բնութիւնն է՝ անկեղծ, պարզ եւ գեղեցիկ»

«Թէեւ ես բնապահպան չեմ, բայց երբ մօտէն տեսնես բնութիւնը, թռչունները եւ կենդանիները, մէջդ կը զարգանայ բնութեան սէրը. կը տեսնես եւ կ'ապրիս կենդանիներու պարզութիւնն ու  գեղեցկութիւնը:»