Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
Հողին բոյրը թաց՝ նարկիսի մը պէս
Կը համակէ ռունգերըդ ցամաքեալ.
Կապոյտը երկնին նէճեմի մը պէս
Կը փայփայէ աչքերըդ պապակեալ:
Այդ բոյրը հոնաւ՝ սեւաթոյր հողէն
Խանձն է եդեմի բոսոր մրգերուն.
Այդ գոյնը կապոյտ՝ անհուն երկնքէն
Ցոլքն է անիծեալ՝ շառագոյն հովուն:
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ արուեստի առաջին մեծ ուժերէն մէկը վկայելու կարողութիւնն է։ Դարեր շարունակ արուեստագէտները պատկերած են տառապանքը, հալածանքը, պատերազմը, անարդարութիւնը եւ մարդկային դիմադրութիւնը։ Անոնք երբեմն ըրած են այն, ինչ որ այսօր պիտի կոչէինք մարդկային իրաւունքներու փաստագրում:
Քեզ փնտռեցի օրերուս մէջ,
ճամբաներուն իմ կեանքի,
պահերուն մէջ երազանքիս պարտասած․․․
Եւ ճախրեցայ, ճախրեցայ․․․
Թափառեցայ անսահմանի,
անորոշի
խուլ, մթամած եզրերու
քմայքին լուռ յանձնուած․․․
Դու քո սիրոյ բոյրը տուր ինձ,
Որ ծաղկունքով լիանամ,
Ծոցիդ բոյրը անուշ, անբիծ,
Կեանքի սիրով արբենամ։
Որ վայելեմ սէր ու խնդում,
Աստուածային սուրբ պարգեւ․
Սիրահարի սրտի խոստում,
Նուիրական, անդեդեւ։
Արամազդ — Գերագոյն Աստուած, երկնքի ու երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներու հայրը: Կը կոչուէր «Մեծ եւ Արի Արամազդ», որու գլխաւոր սրբավայրը կը գտնուէր Հայաստանի պաշտամունքային կեդրոններէն Անի Կամախի մէջ։
Յիշու՞մ էք այն օրերը,
Երբ հեռախօսը պատից էր կախուած,
Լար ունէր, ինչպէս վզկապ,
Եւ դուք պատասխանում էիք նրա զանգին։
Անլար հեռախօս չկար,
Ոչ մի դեգերում, ոչ մի անլար կապ,
Կրպան դնելու հեռախօս չկար,
Ոչ մի գրպան՝ թաքցնելու համար...
Ամէն առտու
ան կը կանգնի հայելիին դիմաց,
ինչպէս մեղաւոր մը՝
դատաւորին առջեւ՝ լուռ։
Հայելին ոչինչ կ'ըսէ։
Բայց անոր լռութիւնը
երբեմն աւելի ծանր է
քան ամենադաժան բառերը։
Ամէն արարած իր խորանն ունի․․․
Իսկ խորանը այդ
ո՛չ մայր տաճար է,
ո՛չ հուրի մեհեան,
ո՛չ սինիկոկ է,
եւ ոչ ալ մզկիթ,
կամ աղօթարան․․․
Հոն չկայ սկիհ, բագին, խնկաման...
Կամա՜ց-կամա՜ց կը հեռանամ կենսաչուէն՝
Լըքանելով ամեն ինչ որ աշխարհին
Է պատկանած, ու կ՚որոնեմ կուրօրէն
Այդ սուրբ ճամբան, որ կը տանի դէպ՚ երկին:
Հազար տարի անդունդին մէջ ես շրջած
Էի որպէս դիակային մի էակ`
Սպասելով թէ ե՞րբ պիտի իմ մեռած
Մարդոյթը*
Բարձր չի խօսիր
ան կը շշնջայ
այն պահին,
երբ ձեռքդ կը դպչի
մէկ ուրիշի ցաւին
եւ դուն չես փախչիր․․․
Ամէն արարած
իր արեւն ունի
հետը կը ծնի
հետն ալ կը մեռնի․․․
Կը մեռնի ըսի․․․
Ո՜չ, չի՛ մահանար․․․
Ամէն արարած
Աւելի քան երեսուն տարի է, որ կ’ապրիմ Ժընեւ ու կը բնակիմ Սէն-Ժան զբօսայգիին մօտակայքը։ Երկու զաւակներս յաճախած են զբօսայգիին յարակից Seujet դպրոցը։ Բազմիցս անցած եմ այս զբօսայգիէն աշխատանքի երթալու ճանապարհին, յաճախ գտնուած եմ այնտեղ ճեմելու կամ պարզապէս խաղաղ պահ մը անցընելու համար:
Լոյսէ աւազան մը անհուն ու կապոյտ,
Որուն մէջ հոգիս միսմինակ կը լողայ.
Կը բացուին դռներ՝ լայնածիր ու ոսկեայ,
Ետեւը կանգած հըրեշտակ մ՚անծածկոյթ:
Ես պէտք է ջուրէ վերմակն այս անթափանց
Պատռեմ ու քանդեմ, որպէսզի վերանայ
Արգելափակումն այս դաժան, ոգեքանց.
Յուլիս ամսուան տաք եւ պայծառ կիրակիներէն մէկն էր։ Ընտանեօք որոշած էինք մեկնիլ Թաննուրին, հեռու՝ քաղաքի տաքէն ու աղմուկէն եւ ամբողջ օրը անցընել բնութեան խաղաղ գիրկին մէջ։ Մեր ինքնաշարժը կը բարձրանար, Պաթրունի շրջանէն դէպի լեռներն ի վեր, անցնելով ոլորապտոյտ ճամբաներէ...
Ու յանկարծ կը հասկնայ՝
մարդը երբեք այնքան հեռու չի փախչիր ուրիշներէ,
որքան ինքն իրմէ։
Բայց որքան ալ հեռանայ, հոն է հայելին՝
լուռ, սպասող,
ինչպէս դուռ մը՝ որ երբեք չի փակուիր,
ինչպէս խիղճ մը՝ որ չի քնանար,
ինչպէս մոխիրին տակ կայծ մը դեռ կարմրող։
«Modigliani» ֆիլմը՝ ութ տարուան ընթացքին, ակնդրած եմ տասներկու անգամ։ Սկիզբը՝ կ'ուզէի մտնել բեմադրիչի` Mick Davis-ի ստեղծած աշխարհին մէջ, եւ միանալ ֆիլմի կերպարներուն, ընկերանալ, խենդութիւններ ընել անոնց հետ։ Վերջին տարիներուն, ֆիլմի աշխարհին մէջ ամբողջովին կորսուելու փոխարէն՝ քննադատական աչքով կը փորձեմ մօտենալ:
Ես չէի՛ գիտեր, որ բազմակէտի կէտերն առանձինն, բանալիներ են դարպասին փակուած մութ, անթիւ, գաղտնի լուռ խորհուրդներու․․․ Ես չէի՛ գիտեր, որ կէտերն փոքրիկ, անգիտակցութեան ուղիներուն մէջ, խեղճ թափառական շրջիկի մը պէս կը դեգերին լուռ․․․ Չե՛ն երգեր բարձր։
Նստած առջեւը մութին՝ ես կը փնտռեմ ներքնապէս
Բոլոր բաները մեկնած կամ արտաքսուած այս տեղէն.
Ու ես դարձեալ կ'աղօթեմ խոցուած սրտիս խորունկէն,
Ու յորդորանքըս խոնարհ ես կ'առաքեմ դէպի ձեզ:
Այս զգայնութիւնը աննկատաբար կը հոսի «Հայկական ասեղնագործութեան նախաձեռնութեան» ամբողջ ընթացքին։ Արխիւը ժանեակագործութիւնը չի դիտեր իբրեւ լոկ զարդ, այլ իբրեւ տարրերային հաղորդիչ...
Բարե՛ւ, Մե՛ծդ,
Կը դեգերիմ աշունաբոյր խոհական անդաստանիդ մէջ անծայր,
ծալքերուն մէջ թագնուած, ես կ՛որոնեմ թախծախիտ
աշխարհներդ հրաբորբ,
Կեանքի փորձառութիւնը, ինչպէս արուեստը, մեզի կը սորվեցնէ, թէ կատարելութիւնը նպատակ չէ։ Գլուխ գործոցները հազուադէպօրէն անթերի գործադրութեան արդիւնք կ՚ըլլան։ Անոնք կը ծնին արուեստագէտին համարձակութենէն՝ փորձելու, սխալելու, անակնկալը գրկաբաց ընդունելու։
Կարօտանքիս ալքէն կը բխին հուր ու թախիծ,
Կու տան անոնք ինծի յաւէտ սէր ու մահիճ.
Սէրը ցօղ մ՚է մաքուր, որ անհատ կը յորդի
Եւ կ՚ոռոգէ ոգեաց շիրիմները ծարաւ:
Երբ գլուխըս դնեմ սիրոյ կապոյտ բարձին,
Թոյլատրեցէք ինծի յաւերժապէս քնանալ:
Արդեօք դասական հայ գրականութիւնը պէ՞տք է վերածուի իր երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ՝ Թումանեանը՝ արեւմտահայերէնի, Պարոնեանը՝ արեւելահայերէնի, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ մանուկ կարենայ կարդալ ամէն մէկ հայ հեղինակ՝ առանց լեզուական խոչընդոտի հանդիպելու։











