Այս կողմնակալութիւնները ձեզ կը ձգեն ապատեղեկատուութեան ծուղակը. ահա թէ ինչո՛ւ

«Ընտրովի ընկալումը» կամ «կողմնակալ մեկնաբանութիւնը» եւ սեւ-ճերմակ մտածողութիւնը կողմնակալութեան երկու երեւոյթներ են, որոնք յաճախ կը ստիպեն մեզ ընդունելու ապատեղեկատուութիւնը առանց քննական վերլուծումի ենթարկելու զայն:

Արցախահայութեան կորուստի եւ տառապանքի մարդաբանութիւնը՝ լեհերէնով

Լեհաստանի մէջ 2023 թուականի վերջաւորութեան լեհերէնով հրատարակուեցաւ «Քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կացութեան դիմաց. Կորուստի եւ  տառապանքի մարդաբանութիւն» խորագրով հատորը:

Արուեստական բանականութիւնը (AI) որքանո՞վ պիտի փոխէ մարդն ու մարդկային արժէքները

AI-ը` Արուեստական Բանականութիւնը (ԱԲ) արդէն իսկ իր հաստատ տեղը գրաւած է ժամանակակից աշխարհին մէջ: Անոր ներկայութիւնն ու կիրարկութիւնը զգալի են բազմաթիւ մարզերու մէջ՝ բժշկութենէն մինչեւ արուեստ եւ գիտութիւն:

Նոր կառոյցներու հրամայականը դասական սփիւռքին մէջ

Այսօր մեծ բաց մը գոյութիւն ունի երիտասարդ սերունդին եւ «ղեկավար շրջանակներուն» միջեւ՝ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ սփիւռքը «անգլուխ» է եւ կորսնցուցած է ինքզինք ղեկավարելու միջոցները ու կը փնտռէ նորը:

«Հեքիաթներ»ը՝ պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ

Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու երկրորդ հատորին մէջ, հեքիաթներու ընտրութեան խնամքը եղած է հնարամիտ, բազմաբովանդակ, այլազանութիւն ներմուծելու, ընթերցող աշակերտին կամ պատանիին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու, խթանելու նպատակով: