Հայ հասարակութեան հոգեկան առողջութեան հրամայականը

Հասարակութիւնը կամ հաւաքականութիւնը կը կազմուի անհատներու համախմբումով: Անհատին հոգեկան առողջութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ հոգեպէս վատառողջ մարդը չի կրնար առողջ միջավայր մը ստեղծել: Ճահիճին մէջ վարդեր չեն աճիր:

Քրէական գիտութեան մէջ գոյութիւն ունի այն հարցը, թէ արդեօք հասարակութիւնը ի՞նք անհատը կը վերածէ յանցագործի, թէ անհատը ինք հասարակութիւնը յանցագործ կը դարձնէ: Շատ հաւանաբար՝ երկուքը: «Անհատ-հասարակութիւն» յարաբերութիւնները կը գտնուին փոխադարձ ճնշումի փուլին մէջ: Սովորաբար անհատները կը ստեղծեն հասարակութիւնը, որ կը սկսի ճնշել անհատին վրայ եւ այդ անհատը կը փորձէ ստեղծել նոր հասարակութիւն մը, թէեւ շատ աւելի փոքր ծաւալով: Նման դէպքերու առատութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ամբողջական մէկ հասարակութեան փոխարէն յառաջանան զիրար հակազդող աւելի փոքր խումբեր եւ այդ խումբերուն միջեւ մրցակցութիւնը զարգանալով հետագային վերածուի պայքարի եւ թշնամութեան: Նման կացութեան մէջ գտնուող, մասնատուած հասարակութիւն մը չի կրնար որեւէ դրական կամ զարգացնող չափանիշներ մշակել ու կիրարկել:

Հասարակութեան մը համար ամէնէն վտանգաւորը ոչ թէ տնտեսական կամ զինուորական հարցերն են (անոնք հետեւանքներ են), այլ ընդհանրապէս հարցերուն նայելու միակողմանիութիւնը: Միակողմանի որեւէ վերաբերում կամ ուղղութիւն ի վերջոյ կը յանգի մասնատումի: Երբ տագնպահար հասարակութիւն մը համաչափ եւ  հաւասարազօր զարգացման ուղի մը ընտրելու փոխարէն, սկզիզբէն իսկ կամ համընդհանուր պայքարէն յետոյ կ’ընտրէ միակողմանի ուղղութիւն մը՝ ուշադրութիւնը կը սեւեռէ միայն այն իրողութեան վրայ, որ անոր մէջ կը յառաջանայ ճնշող փոքրամասնութիւն մը, որ հետագային իր կարգին պայքարի մէջ կը մտնէ ամբողջ հասարակութեան հետ:

Այդ մէկը հիմնականօրէն կ’արտայայտուի քաղաքական առումով, որովհետեւ, իբրեւ այդպիսին, սովորաբար քաղաքական շրջանակներու հանդէպ թեր կամ դէմ արտայայտուելով է, որ փորձ կը կատարուի ընդհանուր հարցերու նկատմամբ կեցուածք ցոյց տալու: Յատկապէս երբ հասարակութեան եւ պետութեան դիմաց որեւէ սուր հարց դրուած է, ապա հասարակութիւնը սովորաբար կ’ընտրէ աւելի աշխոյժ հակազդող խումբ մը կամ անհատ մը, որմէ ալ կը սպասէ բոլոր հարցերուն լուծման շուտափոյթ բանալին: Ինչպէս յաճախ կը պատահի, այդ փոքր խումբին յայտարարած գաղափարախօսութիւնը սովորաբար թերի կ’ըլլայ եւ յատկապէս կրթութեան, գիտութեան եւ տնտեսութեան հարցերը ոչ միայն խորքով հիմնաւորուած չեն անոնց ծրագիրներուն մէջ, այլեւ յաճախ մէկ կողմ կը դրուին, որովհետեւ ընտրուած խումբը հիմնականօրէն զբաղած է աւելի նեղ ոլորտով մը՝ առաւելապէս քաղաքական-զինուորական ուղղութեամբ: Այդ պարագային, մեծ դեր կը վերապահուի բանակին, ոստիկանութեան, դիւանակալութեան, իսկ մնացած հարցերը՝ տնտեսութիւնը, կրթութիւնը, գիտութիւնը եւ այլն կը սպասարկուին նուազագոյն չափով` այնքան, որքան կրնան  զբաղիլ կողմնակի հարցերով եւ այնքան որքան պէտք է անձամբ իրենց:

Միակողմանիութիւնը, երբ կը սկսի յաղթանակել, կը սկսի ճնշել, իսկ ճնշումը միշտ դիմադրութիւն կը յառաջացնէ: Այդ պարագային երեք տարբերակ կայ` կա՛մ դիմադրութիւնը կը կոտրեն եւ կը դառնան աւելի ամբողջատիրական, կա՛մ դիմադրութիւնը կը յաղթանակէ եւ կը ձեւաւորուի ճնշող նոր հատուած մը, կամ ալ դիմադրութիւնը չի կոտրուիր, բայց չի ալ յաղթեր, եւ հասարակութիւնը աւելի եւս կը պառակտուի ինքն իր մէջ. կը յառաջանայ խմբային պայքար մը: Այդ իսկ պատճառով ալ, համեմատաբար առողջ հասարակութիւնները ունին տրամաբանող եւ կայուն ընդդիմութիւն մը՝ ոչ թէ որպէս թշնամի, այլ որպէս այլընտրանքային տարբերակ մը եւ փորձաքար մը:

Որեւէ վեհ եւ ազնիւ գաղափարախօսութիւն նախ եւ առաջ տեսական է եւ սխալ կիրարկուելու պարագային, կը ստեղծէ շարք մը հիմնահսրցեր, որոնք կ’առաջնորդեն նոր ճգնաժամի:

Օրինակ` Ֆրանսայի մէջ, լուսաւորչական գաղափարները, ազատութեան եւ հաւասարութեան, եղբայրութեան գաղափարախօսութիւնը ի վերջոյ յանգեցան քաղաքացիական արիւնահեղ պատերազմի եւ Ռոպեսփերի (Robespierre) խելագար ահաբեկչական քաղաքականութեան, անվերջ պատերազմներու ու ներքաղաքական ճգնաժամի մը: Աշխատաւորական դասակարգի ազատագրութեան եւ ընկերվարութեան որոնումները ի վերջոյ յանգեցան սթալինիզմի, իսկ ազգային-պետական գաղափարախօսութիւնը Գերմանիոյ մէջ ազգային զարթօնքի փոխարէն աճեցուց հիթլերականութիւնը: Նոյնպէս, ազգային քաղաքականութիւնը ազգային վերելքի փոխարէն Իտալիոյ մէջ գահին վրայ նստեցուց Մուսոլինին, միասնականութեան համար պայքարը Սպանիոյ մէջ յանգեցաւ ծայրայեղ բռնատիրութեան, իսկ ընկերային ազատութեան ու հաւասարութեան ազատագրական շարժումը Չինաստանի մէջ՝ սպանդի, Մաոյի գլխաւորութեամբ: Բայց արդեօ՞ք հարկ կայ շարունակելու: Միակողմանիութիւնը միայն մէկ տեղ կը տանի՝ ճգնաժամի:

Անկախ այն իրողութենէն, թէ քաղաքական, ազգային կամ պետական, թէ ընկերվարական կամ դրամատիրական է ուղղութիւնը, անոնք բոլորը պարտուող են, եթէ այդ բոլորը զուրկ են գաղափարական հիմնաւորումէ եւ գործնականացման ճանապարհէ, եւ որ նոյնքան կարեւոր է՝ չունին համահունչ ընդդիմութիւն:

Այդ եղանակով կարելի չէ հասարակութիւն մը որեւէ առողջ մակարդակի հասցնել, այլ հնարաւոր է միայն աւելի բորբոքել, գրգռել եւ կանգնեցնել նոր հարցի մը առջեւ:

Հայաստանի մէջ տիրող է այս ընթացքը, ուր ընդհանուր խնդիրներու լուծումը կը պարտադրուի քաղաքական փոքր խումբի մը կամ մէկ հոգիի կողմէ: Ընդհանուր առմամբ, քաղաքական բոլոր խումբերը ունին նոյն, իրերանման ծրագիրներ եւ լոզունգներ ու կը նմանին նաեւ, որ չունին մասնագիտական գործնական ունակութիւններ: Հայաստանի մէջ, ներկայիս տիրող է  քաղաքական գերդրամատիրութիւնը (super capitalism), որ 1991-էն սկսեալ շարունակաբար կը տապալէ իր առջեւ ներկայացած բոլոր հարցերը, որովհետեւ կ’ընթանայ վերը նշուած միակողմանիութեան ճամբով: Գերդրամատէր քաղաքական խումբերը ոչ թէ գաղափարով հիմնաւորուած յստակ յաջորդականութեամբ ծրագիր կը ներկայացնեն, այլ տեսական մակարդակի միանման երեւոյթներ: Եւ այդ միակողմանի ու միանման, սայթաքուն ճանապարհով կ’ընթանան բոլոր մարզերը: Այդ մարզերուն շարունակական աւերումը կը յանգի հասարակութեան վատառողջ մթնոլորտի հաստատման, խորացման: Կարելի չէ երաշխաւորել որեւէ մարզի առողջացումը, եթէ հասարակութիւնը ինքը չհասկանայ այդ մէը: Միաժամանակ, կարելի չէ միայն մէկ մարզ զարգացնել, միւսները` ոչ, որովհետեւ ամէն ինչ շղթայակապ է եւ անկարելի է ունենալ հզօր արդիւնաբերութիւն ու կրթական վատ  համակարգ մը, կամ ուժեղ տնտեսութիւն եւ աղքատ բանակ մը:

Հասարակութիւնը նախ եւ առաջ պէտք է միանգամայն պարզ ու սթափ պատկերացումներ ունենայ իր փափաքներուն հարցով: Իսկ նման բան կրնայ ընել միայն հոգեպէս առողջ հասարակութիւն մը:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x